Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Այս աշխարհի տեսարանը կ’անցնի»

«Այս աշխարհի տեսարանը կ’անցնի»

«Այս աշխարհի տեսարանը կ’անցնի»

«Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7։29

1, 2. Ձեր կեանքի ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններու ականատես եղած էք։

ՁԵՐ կեանքի ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններու ականատես եղած էք։ Կրնա՞ք քանի մը հատը թուել։ Օրինակ, կայ բժշկութեան մարզին մէջ եղած յառաջդիմութիւնը։ Այդ մարզին մէջ կատարուած հետազօտութիւններուն շնորհիւ, կարգ մը երկիրներու մէջ կեանքի ակնկալութիւնը բարձրացաւ. Ի. դարու սկիզբը անիկա 50 տարեկանէն նուազ էր, բայց ներկայիս 70–էն վեր է։ Մտածեցէք նաեւ թէ որքա՜ն օգտուած ենք ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բջիջային հեռախօսի եւ հեռապատճենի պատշաճ գործածութենէն։ Պէտք չէ անտեսել նաեւ կրթական, փոխադրական եւ մարդկային իրաւունքներու մարզերու մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնները, որոնք բարելաւած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքը։

2 Անշուշտ բոլոր փոփոխութիւնները դէպի լաւը եղած չեն։ Անկարելի է անտեսել ոճիրի համեմատութեան վերելքի, բարոյական արժէքներու անկման, թմրամոլութեան բարձրացման, ամուսնալուծման վերելքի, սղաճման եւ ահաբեկչական սպառնալիքի աւելնալուն կործանարար ազդեցութիւնները։ Ամենայնդէպս, հաւանաբար համաձայն գտնուիք երկար ժամանակ առաջ Պօղոս առաքեալի ըսածին հետ. «Այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։—Ա. Կորնթացիս 7։31

3. Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ գրեց. «Այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։

3 Երբ Պօղոս այս խօսքը ըսաւ, ան աշխարհը բեմի մը հետ կը համեմատէր։ Այդ բեմին վրայ դերակատարներ,– քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային անուանի մարդիկ,– կը յայտնուին, իրենց պատկան դերերը կը խաղան, ապա բեմը կը ձգեն ուրիշներու։ Դարերէ ի վեր ասիկա շարունակուած է։ Անցեալին, հարստութիւն մը տասնեակ տարիներ, նոյնիսկ դարեր կ’իշխէր. փոփոխութիւնը դանդաղ էր։ Պարագան նոյնը չէ այսօր. պատմութեան ընթացքը կրնայ փոխուիլ մէկ րոպէի մէջ, երբ կարկառուն առաջնորդ մը սպաննուի։ Այո, այս խառնաշփոթ ժամանակներուն, չենք գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ։

4. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պէտք է ունենան աշխարհի իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ (բ) Ապացոյցի ի՞նչ երկու եզրեր պիտի քննենք։

4 Եթէ աշխարհը բեմն է եւ անոր առաջնորդները դերակատարներն են, ուրեմն Քրիստոնեաները հանդիսատեսներն են։ * Բայց իրենք ‘աշխարհէն չըլլալով’, չափէ դուրս չեն հետաքրքրուիր ներկայացումով, կամ նոյնիսկ դերակատարներու ինքնութեամբ։ (Յովհաննու 17։16) Հապա անձկագին կը սպասեն այն նշաններուն, որոնք կը նշեն թէ թատերախաղը իր յանգումին,– աղիտալի վախճանի մը,– կը հասնի, քանի որ գիտեն թէ այս դրութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, որպէսզի Եհովա երկար ժամանակէ սպասուած արդար նոր աշխարհը բերէ։ * Ուստի ապացոյցի երկու եզրեր քննենք, որոնք ցոյց կու տան թէ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ նոր աշխարհը մօտ է։ Այդ եզրերն են՝ (1) Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը եւ (2) աշխարհի վիճակներուն վատթարացումը։—Մատթէոս 24։21. Բ. Պետրոս 3։13

Վե՛րջապէս Լուծուած Խորհուրդ մը

5. Ի՞նչ են «ազգերուն սահմանուած ժամանակները», եւ անոնք ինչո՞ւ կը հետաքրքրեն մեզ։

5 Ժամանակագրութիւնը՝ ժամանակի ու դէպքերու իրարու հետ ունեցած յարակցութեան ուսումնասիրութիւնն է։ Յիսուս խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ աշխարհի առաջնորդները թատերաբեմին կեդրոնը պիտի ըլլային, առանց ընդմիջուելու Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ։ Յիսուս այդ շրջանը կոչեց «ազգերուն [«սահմանուած», ՆԱ] ժամանակները»։ (Ղուկաս 21։24) Այդ «սահմանուած ժամանակներ»ուն վերջաւորութեան, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը զօրութեան գլուխը պիտի անցնէր, Յիսուսը ըլլալով անոր իրաւացի Կառավարիչը։ Նախ Յիսուս պիտի իշխէր ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը’։ (Սաղմոս 110։2) Ապա, Դանիէլ 2։44–ի համաձայն, Թագաւորութիւնը «պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ» բոլոր մարդկային կառավարութիւնները, եւ ինք յաւիտեան պիտի մնայ։

6. «Ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ը ե՞րբ սկսան, ո՞րքան տեւեցին, եւ ե՞րբ վերջացան։

6 «Ազգերուն սահմանուած ժամանակները» ե՞րբ պիտի վերջանային եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը սկսէր։ Պատասխանը, որ «մինչեւ վերջին ժամանակը . . . կնքուած» էր, Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան հետ կապուած է։ (Դանիէլ 12։9) Մինչ այդ «վերջին ժամանակը» կը մօտենար, Եհովա քայլեր առաւ պատասխանը յայտնելու ափ մը Աստուածաշունչի խոնարհ աշակերտներու։ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, անոնք ըմբռնեցին որ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» սկսան Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումով, եւ այդ ժամանակները 2,520 տարի էին։ Ասկէ անոնք հետեւցուցին որ 1914–ը «ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ուն վերջը նշեց։ Անոնք նաեւ անդրադարձան որ 1914–ը իրերու այս դրութեան վախճանին սկիզբն էր։ Որպէս Աստուածաշունչի աշակերտ, կրնա՞ք Սուրբ Գիրքը գործածելով 1914 տարին հաշուել։ *

7. Ո՞ր համարները մեզի կ’օգնեն որ Դանիէլ գիրքին մէջ յիշուած եօթը ժամանակներուն սկիզբը, երկարութիւնը եւ վախճանը գիտնանք։

7 Բացատրութիւն մը թաքցուած է Դանիէլ գիրքին մէջ։ Որովհետեւ Եհովա Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը գործածեց որ Երուսաղէմը կործանէ «սահմանուած ժամանակներ»ուն սկիզբը՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Ան այդ կառավարիչին միջոցով յայտնեց թէ ազգերը պիտի շարունակէին իշխել եօթը այլաբանական ժամանակներ, առանց ընդմիջուելու Աստուծոյ կողմէ։ (Եզեկիէլ 21։26, 27. Դանիէլ 4։16, 23-25) Այս եօթը ժամանակները որքա՞ն երկար են։ Ըստ Յայտնութիւն 11։2, 3 եւ 12։6, 14–ի, երեքուկէս ժամանակները 1,260 օր են։ Ուստի եօթը ժամանակները անոր կրկինը պէտք է ըլլան, կամ 2,520 օր։ Միայն ա՞յսքան։ Ո՛չ, Եհովա Դանիէլի ժամանակակից եղող Եզեկիէլ մարգարէին տուաւ այս խորհրդանիշը մեկնելու կանոնը. «Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի»։ (Եզեկիէլ 4։6) Ուրեմն, եօթը ժամանակները իրապէս 2,520 տարի են։ Հ.Դ.Ա. 607–ը մեկնակէտը ըլլալով, իսկ 2,520 տարին անոր երկարութիւնը, կրնանք եզրակացնել որ սահմանուած ժամանակները վերջ պիտի գտնէին 1914–ին։

«Վերջին Ժամանակը» Հաստատուած

8. Ի՞նչ իրողութիւններ կրնաք մատնանշել, ցոյց տալու համար թէ աշխարհի վիճակները վատթարացած են 1914–էն ի վեր։

8 1914–էն ի վեր աշխարհի իրադարձութիւնները կը հաստատեն թէ Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան վրայ հիմնուած վերոյիշեալ հասկացողութիւնը ճիշդ է։ Յիսուս ինք ըսաւ որ «իրերու դրութեան վախճանը» պիտի նշուէր պատերազմներով, սովերով, եւ համաճարակներով։ (Մատթէոս 24։3-8, ՆԱ. Յայտնութիւն 6։2-8) Վիճակները ճիշդ այդպէս եղած են 1914–էն ի վեր։ Պօղոս առաքեալ այս պատկերը ընդլայնեց, ըսելով որ իրարու հանդէպ մարդոց վերաբերմունքը յատկանշական փոփոխութիւն մը պիտի կրէր։ Այս փոփոխութեան մասին իր նկարագրութիւնը, որուն բոլորս ականատես եղած ենք, ճշգրիտ էր։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

9. 1914–էն ի վեր աշխարհի վիճակներուն մասին, դիտարկուներ ի՞նչ ըսած են։

9 Արդեօք «այս աշխարհի կերպարանքը» կամ տեսարանը իրապէս այսքան փոխուա՞ծ է 1914–էն ի վեր։ Ուսուցչապետ Ռապըրթ Վոլ, The Generation of 1914 [1914–ի Սերունդը] իր գիրքին մէջ դիտել կու տայ. «Անոնք որ պատերազմէն վերապրեցան, չէին կրնար ձերբազատուիլ այն կարծիքէն թէ Օգոստոս 1914–ին աշխարհ մը վերջացաւ եւ ուրիշ մը սկսաւ»։ Ասիկա հաստատելով, Տոքթ. Եորկէ Ա. Քոսթա ի Սիլվա, Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան՝ մտային առողջապահութեան տնօրէնը, գրեց. «Մենք կ’ապրինք արտակարգօրէն արագ փոփոխութիւններու ժամանակի մը մէջ, որ անձկութիւն եւ ճնշուածութիւն կը պատճառէ այնպիսի տարողութեամբ որ մարդկային պատմութեան մէջ նախապէս բնաւ չէ տեսնուած»։ Անձամբ այս փորձառութիւնը ունեցա՞ծ էք։

10. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը լուսաբանէ 1914–էն ի վեր աշխարհի վիճակներուն վատթարացման պատճառին մասին։

10 Աշխարհի վիճակներուն վատթարացման ետին գտնուող չարագործը ո՞վ է։ Յայտնութիւն 12։7-9–ն կը քօղազերծէ յանցապարտը. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [Յիսուս Քրիստոս] ու իր հրեշտակները վիշապին [Բանսարկու Սատանային] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, . . . որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Ուստի Բանսարկու Սատանան է խռովարարը, եւ 1914–ին երկինքէն դուրս նետուելուն արդիւնքը եղած է «վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։10, 12

Վերջին Արարը Ի՛նչպէս Պիտի Խաղցուի

11. (ա) Սատանան ի՞նչ կերպեր կը գործածէ «բոլոր աշխարհ» մոլորեցնելու համար։ (բ) Սատանայի ո՞ր մասնայատուկ ջանքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց Պօղոս առաքեալ։

11 Գիտակցելով թէ իր վախճանը կը մօտենայ, 1914–էն ի վեր Սատանան «բոլոր աշխարհ»ը մոլորեցնելու իր ջանքերը կրկնապատկած է։ Ըստ իր սովորութեան, վարպետ խաբողը՝ Սատանան, վարագոյրին ետեւէն կ’աշխատի, բեմին վրայ դնելով աշխարհի առաջնորդներն ու նորարարները որպէս դերակատարներ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13. Ա. Յովհաննու 5։19) Իր նպատակակէտերէն մէկն է մարդկութիւնը խաբել, անոնց խորհիլ տալով թէ իր կառավարելու կերպը կրնայ իրական խաղաղութիւն բերել։ Ընդհանուր առմամբ իր պրոպականդը յաջողած է, քանի որ մարդիկ լաւատես կը մնան, հակառակ այն անհամար ապացոյցներուն թէ վիճակները հետզհետէ աւելի կը վատթարանան։ Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց որ իրերու այս դրութիւնը կործանուելէն ճիշդ առաջ, սատանայական պրոպականդի ուշագրաւ դրսեւորում մը պիտի ըլլայ։ Ան գրեց. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3. Յայտնութիւն 16։13

12. Մեր օրերուն խաղաղութիւն բերելու համար ի՞նչ ջանքեր թափուած են։

12 Վերջին տարիներուն, քաղաքագէտներ յաճախ կրկնած են «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» նախադասութիւնը, մարդկային տարբեր ծրագիրներ բնութագրելու համար։ Նոյնիսկ 1986–ը Խաղաղութեան Միջազգային Տարի անուանեցին, թէեւ այդ տարին այդ անուանակոչման արժանի չեղաւ։ Արդեօք աշխարհի առաջնորդներուն կողմէ թափուած այս ջանքերը, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի ամբողջական կատարո՞ւմն են, թէ ոչ Պօղոս մասնայատուկ դէպքի մը կ’ակնարկէր, որ ա՛յնպիսի համեմատութիւն մը պիտի ունենար որ համայն աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւէր։

13. Երբ Պօղոս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կոչին մասին նախագուշակեց, անոր յաջորդող կործանումը ի՞նչ բանի հետ համեմատեց, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

13 Որովհետեւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները յաճախ լիովին կը հասկցուին միմիայն անոնց կատարումէն ետք, կամ երբ կատարման ընթացքի մէջ են, ուստի պէտք է սպասենք ասիկա գիտնալու համար։ Սակայն, շատ հետաքրքրական է որ Պօղոս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կոչին անմիջապէս յաջորդող կործանումը կը համեմատէ յղի կնոջ երկունքի ցաւերուն հետ։ Շուրջ ինը ամիսներ, ապագացու մայր մը հետզհետէ աւելի կը զգայ իր մէջ մեծցող մանուկին ներկայութիւնը։ Ան կրնայ իր մանկիկին սիրտին զարկերը լսել, կամ արգանդին մէջ անոր շարժումը զգալ։ Մանկիկը նոյնիսկ կրնայ կից տալ իրեն։ Նշանները յաճախ հետզհետէ աւելի կը յայտնաբերուին, մինչեւ որ օր մը սուր երկունքի ցաւեր զգայ, նշելով որ յուսացուած դէպքին՝ մանուկին ծնունդին՝ ժամանակը հասած է։ Նմանապէս, երբ մարգարէացուած «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կոչը տեղի ունենայ, անիկա պիտի առաջնորդէ յանկարծական, ցաւով լեցուն, բայց չափազանց երանելի դէպքի մը. ամբարշտութեան բնաջնջումը եւ նոր համաշխարհային դրութեան մը հաստատումը։

14. Ապագայ դէպքերուն ընդհանուր յաջորդականութիւնը ի՞նչ է, եւ ի՛նչ արդիւնքի առաջնորդելով։

14 Մօտալուտ կործանումը ահաւոր պիտի ըլլայ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն համար որպէս հանդիսատեսներ։ Նախ՝ երկրի թագաւորները (Սատանայի կազմակերպութեան քաղաքական մասը) Մեծն Բաբելոնի (կրօնական մասի) կողմնակիցներուն դէմ պիտի ելլեն ու կործանեն զանոնք։ (Յայտնութիւն 17։1, 15-18) Արդ, դէպքերու ապշեցուցիչ դարձակէտով, Սատանայի թագաւորութիւնը ինքն իր դէմ պիտի բաժնուի, մէկ մասը միւսին վրայ յարձակելով, ու Սատանան զայն արգիլելու զօրութիւն պիտի չունենայ։ (Մատթէոս 12։25, 26) Եհովա երկրի թագաւորներուն սիրտին մէջ պիտի դնէ «որ իր կամքը կատարեն», այսինքն, երկիրը մաքրեն Իր կրօնական հակառակորդներէն։ Սուտ կրօնքը կործանուելէն ետք, Յիսուս Քրիստոս իր երկնային բանակները պիտի առաջնորդէ ջախջախիչ պարտութեան մատնելու Սատանայի կազմակերպութեան մնացեալ մասը. առեւտրական ու քաղաքական տարրերը։ Ի վերջոյ, Սատանան ալ պիտի կաշկանդուի։ Ասով վարագոյրը պիտի իջնէ եւ երկարատեւ թատերախաղը իր աւարտին պիտի հասնի։—Յայտնութիւն 16։14-16. 19։11-21. 20։1-3

15, 16. «Ժամանակը կարճցած է» խօսքին վերյիշեցումը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

15 Այս բոլորը ե՞րբ պիտի կատարուին։ Օրը կամ ժամը չենք գիտեր։ (Մատթէոս 24։36) Սակայն գիտենք որ «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Ուստի, կենսական է մնացած ժամանակը իմաստութեամբ գործածել։ Ի՞նչպէս։ Ըստ Պօղոս առաքեալի բացատրութեան, պէտք է ‘ժամանակը ծախու առնենք’. անհրաժեշտ չեղող բաներուն ժամանակը յատկացնել աւելի կարեւոր բաներու, իւրաքանչիւր օր արժեւորելով։ Ինչո՞ւ։ «Վասն զի օրերս չար են»։ Իսկ ‘իմանալով թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’ մեզի համար, մնացած քիչ ու թանկագին ժամանակը պիտի չվատնենք։—Եփեսացիս 5։15-17. Ա. Պետրոս 4։1-4

16 Գիտնալով որ իրերու համաշխարհային դրութեան վերջ մը կը սպասէ, անհատապէս ի՞նչպէս պէտք է ազդուինք։ Պետրոս առաքեալ մեզի օգնելով այս ուղղութեամբ գրեց. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ (Բ. Պետրոս 3։11) Արդարեւ այսպիսի անհատներ պէտք է ըլլանք։ Պետրոսի իմաստուն խրատին համաձայն, պէտք է (1) ուշադիր կերպով հսկենք մեր վարմունքին վրայ, վստահ ըլլալու համար որ անիկա սուրբ է, եւ (2) հոգ տանինք որ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդիր արարքները միշտ արտացոլացնեն խոր սէր իրեն հանդէպ։

17. Սատանայի ո՞ր թակարդներէն հաւատարիմ Քրիստոնեաները միշտ պէտք է զգուշանան։

17 Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ ետ պիտի պահէ այս աշխարհի կապուելէն, անոր հրապոյրներուն պատճառով։ Գիտնալով թէ ի՛նչ կը սպասէ իրերու ներկայ դրութեան, մեզի համար վտանգաւոր է աշխարհիկ, հաճոյապաշտ ապրելակերպի պերճանքէն ու հրապոյրէն տարուիլ։ Թէեւ աշխարհի մէջ կ’ապրինք ու կ’աշխատինք, պէտք է ուշադիր ըլլանք աշխարհը լիովին չգործածելու իմաստուն խրատին։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Իրականութեան մէջ, ամէն բան պէտք է ընենք աշխարհի պրոպականդէն չմոլորուելու համար։ Այս աշխարհը իր խնդիրները պիտի չկարենայ լուծել։ Անիկա պիտի չկարենայ անվերջ գոյատեւել։ Ինչո՞ւ այսքան վստահ ենք։ Որովհետեւ Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

Լաւագոյնը Տակաւին Մեր Դիմաց Է

18, 19. Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ակնկալէք, եւ ինչո՞ւ պիտի զգաք որ կ’արժէր սպասել։

18 Եհովա շուտով վարագոյրը պիտի իջեցնէ Սատանայի եւ իր կողմնակիցներուն վրայ։ Անկէ ետք, Աստուծոյ օրհնութեամբ, այս դրութեան վախճանէն հաւատարիմ վերապրողները պիտի սկսին աշխատիլ փոխուող ‘տեսարանին’ վրայ, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։ Այլեւս պատերազմը պիտի չպղտորէ այդ տեսարանը. Աստուած «պատերազմները [պիտի] դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։ (Սաղմոս 46։9) Ուտելիքի պակասի փոխարէն, «ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը»։ (Սաղմոս 72։16, ԱՎ) Այլեւս պիտի չըլլան բանտեր, ոստիկանատուներ, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ, թմրեցուցիչի վաճառքի լորտեր, ամուսնալուծման դատարաններ, սնանկացման գործընթացներ ու ահաբեկչութիւն։—Սաղմոս 37։29. Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։3-5

19 Յիշատակի դամբանները պիտի պարպուին եւ միլիառաւոր յարուցեալներ,– յաւելեալ դերակատարներ,– պիտի յայտնուին։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, երբ մէկ սերունդը միւսին միանայ եւ երբ երկար ժամանակէ իրարմէ բաժնուածներ իրար ջերմօրէն ու սրտանց ողջագուրեն։ Վե՜րջապէս, բոլոր ապրողները Եհովան պիտի պաշտեն։ (Յայտնութիւն 5։13) Երբ փոփոխութիւնները վերջանան, վարագոյրը պիտի բարձրանայ աշխարհածաւալ դրախտի մը վրայ։ Երբ տեսարանը դիտէք, ի՞նչ պիտի զգաք։ Անկասկած պիտի բացագանչէք. ‘Երկա՜ր սպասեցի ասոր համար, բայց իրապէս կ’արժէր սպասել’։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Տարբեր բովանդակութեան մը մէջ, Պօղոս օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին խօսեցաւ որպէս թէ անոնք «տեսարան» մը ըլլային «աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց»։—Ա. Կորնթացիս 4։9

^ պարբ. 4 Օրինակի համար, Դանիէլ 11։40, 44, 45–ի մէջ յիշուած «հիւսիսի թագաւոր»ին ինքնութեան նկատմամբ, տես՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը, էջ 280-281, հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 6 Աստուածաշունչը ինքնին ցոյց կու տայ թէ Հ.Դ.Ա. 537–ին աքսորուած Հրեաներուն վերադարձէն 70 տարի առաջ Երուսաղէմը անկում կրեց։ (Երեմեայ 25։11, 12. Դանիէլ 9։1-3) «Ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ուն մասին մանրամասն քննարկութեան մը համար, տես՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը, էջ 94-97։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Պօղոս առաքեալի «այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի» խօսքը ի՞նչպէս շիտակ ելած է մեր օրերուն։

• Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը ի՞նչպէս կը մատնանշէ «ազգերուն սահմանուած ժամանակներ»ուն վախճանը։

• Աշխարհի վիճակներուն փոփոխութիւնը ի՞նչպէս կը հաստատէ թէ 1914–ը «վերջին ժամանակ»ին սկիզբը կը նշէ։

• «Ժամանակը կարճցած» ըլլալու իրողութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Վե՜րջապէս խորհուրդը լուծուած է