Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի մեծութիւնը անքննելի է

Եհովայի մեծութիւնը անքննելի է

Եհովայի մեծութիւնը անքննելի է

«Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը ու անոր մեծութիւնը անքննելի է»։—ՍԱՂՄՈՍ 145։3

1, 2. Դաւիթ ի՞նչպիսի անհատ մըն էր, եւ իր անձը ի՞նչպէս նկատեց Աստուծոյ հետ կապակցաբար։

ՍԱՂՄՈՍ 145–ը յօրինողը պատմութեան մէջ հանրածանօթ դէմքերէն մէկն է։ Երբ տղեկ էր, ան զինուած հսկայ մը սպաննեց։ Եւ երբ ռազմիկ–թագաւոր էր, սաղմոսերգուն բազմաթիւ թշնամիներ նուաճեց։ Անոր անունը Դաւիթ էր, եւ ան վաղեմի Իսրայէլի երկրորդ թագաւորն էր։ Դաւիթի համբաւը շարունակուեցաւ իր մահէն ետք, այնպէս որ նոյնիսկ այսօր միլիոնաւորներ իր մասին որոշ գաղափար ունին։

2 Հակառակ իր իրագործումներուն, Դաւիթ իր անձին մասին խոնարհ տեսակէտ մը ունէր։ Եհովայի ակնարկելով, ան տաղերգեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։ (Սաղմոս 8։3, 4) Փոխանակ իր անձը մեծ նկատելու, Դաւիթ Եհովայի վերագրեց իր ազատագրումը իր բոլոր թշնամիներէն, եւ Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց»։ (Բ. Թագաւորաց 22։1, 2, 36) Եհովա մեղաւորներուն ողորմելով քաղցրութիւն կամ խոնարհութիւն կը ցուցաբերէ, իսկ Դաւիթ Աստուծոյ անարժան ողորմութիւնը գնահատեց։

‘Թագաւոր Աստուածը Պիտի Բարձրացնեմ’

3. (ա) Դաւիթ Իսրայէլի թագաւորութեան նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէր։ (բ) Դաւիթ ի՞նչ տարողութեամբ փափաքեցաւ Եհովան փառաբանել։

3 Թէեւ Դաւիթ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած թագաւոր էր, սակայն ան Եհովան նկատեց Իսրայէլի իսկական Թագաւորը։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես»։ (Ա. Մնացորդաց 29։11) Եւ Դաւիթ որքա՜ն արժեւորեց Աստուծոյ դիրքը որպէս Կառավարիչ։ «Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ թագաւոր ես», տաղերգեց ան, «ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։ Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ»։ (Սաղմոս 145։1, 2) Դաւիթ կը փափաքէր Եհովա Աստուած փառաբանել օրն ի բուն եւ յաւիտեան։

4. Սաղմոս 145–ը ի՞նչ սուտ ամբաստանութիւններ կը քօղազերծէ։

4 Սաղմոս 145–ը զօրաւոր պատասխան մըն է Սատանայի այն դաւանութեան, թէ Աստուած անձնասէր կառավարիչ մըն է, որ իր արարածներուն ազատութիւն չի տար։ (Ծննդոց 3։1-5) Այս սաղմոսը նաեւ կը քօղազերծէ Սատանայի այն սուտը, թէ մարդիկ Աստուծոյ կը հնազանդին միմիայն անձնասիրական պատճառներով, եւ ո՛չ թէ քանի որ Աստուած կը սիրեն։ (Յոբայ 1։9-11. 2։4, 5) Դաւիթի նման, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ներկայիս Սատանայի սուտ ամբաստանութիւններուն պատասխան կը հայթայթեն։ Անոնք Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքի իրենց յոյսը կ’արժեւորեն, քանի որ կը փափաքին Եհովան փառաբանել յաւիտեան։ Արդէն իսկ միլիոնաւորներ սկսած են ասիկա ընել, Յիսուսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ընծայելով եւ հնազանդօրէն ու սէրէ մղուած Եհովայի ծառայելով, որպէս իր նուիրուած ու մկրտուած երկրպագուները։—Հռովմայեցիս 5։8, 9. Ա. Յովհաննու 5։3

5, 6. Եհովան օրհնելու եւ փառաբանելու ի՞նչ պատեհութիւններ կան։

5 Պահ մը խորհեցէք որպէս իր ծառաները Եհովան օրհնելու եւ փառաբանելու մեր բազմաթիւ պատեհութիւններուն մասին։ Կրնանք աղօթքով ասիկա ընել, երբ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ կարդանք բան մը որ խորապէս մեր սիրտին կը դպչի։ Կրնանք շնորհակալութիւն եւ երախտապարտութիւն յայտնել, երբ իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ գործառնութեան կերպը մեզ տպաւորէ կամ իր սքանչելի ստեղծագործութեան որոշ մէկ երեսակը մեզ ոգեւորէ։ Նաեւ Եհովա Աստուած կ’օրհնենք, երբ հաւատակիցներու հետ իր նպատակներուն մասին կը խօսինք, քրիստոնէական ժողովներուն կամ անձնական զրոյցներու ընթացքին։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերուն համար կատարուած բոլոր «բարի գործերը», Եհովայի փառք կը բերեն։—Մատթէոս 5։16

6 Վերջերս կատարուած այսպիսի բարի գործերու մէջ կան՝ Եհովայի ժողովուրդին կողմէ կառուցուած պաշտամունքի բազմաթիւ վայրեր, աղքատութենէ տառապող երկիրներու մէջ։ Այս շինարարութեան մեծ մասը այլ երկիրներու մէջ գտնուող հաւատակիցներու դրամական օժանդակութեամբ կատարուած է։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ օգնութիւն հայթայթած են, յօժարակամ մեկնելով այս շրջանները, Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան մասնակցելու համար։ Իսկ ամենակարեւոր բարի գործը՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով Եհովան փառաբանելն է։ (Մատթէոս 24։14) Ինչպէս Սաղմոս 145–ի հետագայ համարները ցոյց կու տան, Դաւիթ Աստուծոյ իշխանութիւնը գնահատեց եւ Անոր թագաւորութեան մեծութիւնը ընդունեց։ (Սաղմոս 145։11, 12) Դուք ալ Աստուծոյ իշխելու սիրազեղ կերպին հանդէպ նոյնանման գնահատութիւն ունի՞ք։ Եւ իր Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն կանոնաւորաբար կը խօսի՞ք։

Աստուծոյ Մեծութեան Օրինակներ

7. Եհովան փառաբանելու գլխաւոր պատճառ մը տուէք։

7 Սաղմոս 145։3–ը Եհովան փառաբանելու գլխաւոր պատճառ մը կու տայ։ Դաւիթ կը տաղերգէ. «Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը ու անոր մեծութիւնը անքննելի է»։ Եհովայի մեծութիւնը անսահման է։ Կարելի չէ որ մարդիկ զայն լիովին քննեն, ըմբռնեն կամ չափեն։ Բայց այժմ Եհովայի անքննելի մեծութեան մասին օրինակներ նկատի առնելով, վստահաբար պիտի օգտուինք։

8. Տիեզերքը Եհովայի մեծութեան ու զօրութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

8 Փորձեցէք մտաբերել առիթ մը, երբ քաղաքի փայլուն լոյսերէն հեռացաք եւ գիշերուան անամպ երկինքը դիտեցիք։ Երկինքի մթութեան մէջ փայլող բազմաթիւ աստղերը դիտելով չզմայլեցա՞ք։ Չմղուեցա՞ք Եհովան փառաբանելու այս բոլոր երկնային մարմինները ստեղծելու մէջ իր ցուցաբերած մեծութեան համար։ Սակայն ձեր տեսածը չնչին մէկ մասն է բազմաթիւ աստղերէ բաղկացած այն հոյախումբին, որուն մէջ կը գտնուի երկրագունդը։ Ասկէ զատ, կ’ենթադրուի թէ աւելի քան հարիւր միլիառ հոյախումբեր կան, որոնցմէ միայն երեք հոյախումբեր կրնանք տեսնել առանց աստղադիտակի։ Արդարեւ անհուն տիեզերքը կազմող անհամար աստղերն ու հոյախումբերը, Եհովայի ստեղծագործական զօրութեան եւ անքննելի մեծութեան կը վկայեն։—Եսայեայ 40։26

9, 10. (ա) Եհովայի մեծութեան ո՞ր երեսակները ցուցաբերուած են Յիսուս Քրիստոսի կապակցաբար։ (բ) Յիսուսի յարութիւնը մեր հաւատքին ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։

9 Նկատի առէք Եհովայի մեծութեան այլ երեսակները, որոնք կապ ունին Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Աստուծոյ մեծութիւնը ցոյց տրուեցաւ իր Որդիին ստեղծագործութեան եւ անհամար դարեր իբր Իր «ճարտարապետ»ը գործածելուն մէջ։ (Առակաց 8։22-31) Եհովայի սիրոյն մեծութիւնը յայտնուեցաւ, երբ մարդկութեան համար իր միածին Որդին որպէս փրկանքի զոհ տուաւ։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Իսկ մարդկային ըմբռնողութենէն շա՜տ վեր է այն փառաւոր ու անմահ հոգեղէն մարմինը, որով Եհովա յարուցեալ Յիսուսը օժտեց։—Ա. Պետրոս 3։18

10 Յիսուսի յարութիւնը Եհովայի անքննելի մեծութեան շատ մը տպաւորիչ երեսակները պարփակեց։ Անտարակոյս Աստուած անտեսանելի ու տեսանելի բաները ստեղծելու գործին վերաբերեալ Յիսուսի յիշողութիւնը վերահաստատեց։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Ասոր մէջ պարփակուած են հոգեղէն միւս արարածները, տիեզերքը, երկրագունդը եւ անոր վրայ գտնուող ֆիզիքական կեանքի բոլոր տեսակները։ Եհովա իր Որդիին յիշողութեան վերադարձուց ո՛չ միայն անոր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին երկնային ու երկրային կեանքի ամբողջ պատմութիւնը, այլ նաեւ՝ անոր ունեցած փորձառութիւնը որպէս կատարեալ մարդ։ Այո, Եհովայի անքննելի մեծութիւնը բացայայտ է Յիսուսի յարութեան մէջ։ Ասկէ զատ, այդ հոյակապ արարքը երաշխիք մըն է թէ ուրիշներու յարութիւնը կարելի է։ Անիկա պէտք է զօրացնէ մեր հաւատքը թէ Աստուած կրնայ դարձեալ կեանք տալ իր կատարեալ յիշողութեան մէջ գտնուող միլիոնաւոր մեռելներուն։—Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 17։31

Հրաշալի Գործեր ու Զօրութիւններ

11. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովայի ո՞ր մեծ գործը սկսաւ։

11 Յիսուսի յարութենէն ի վեր, Եհովա բազմաթիւ այլ մեծ ու զօրաւոր գործեր կատարած է։ (Սաղմոս 40։5) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովա նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը մէջտեղ բերաւ, որ սուրբ հոգիով օծուած՝ Քրիստոսի աշակերտներէն կը կազմուէր։ (Գաղատացիս 6։16) Հզօր կերպով այս հոգեւոր նոր ազգը այն ատեն ճանչցուած բոլոր աշխարհին մէջ տարածուեցաւ։ Հակառակ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք Քրիստոնեայ Աշխարհի զարգացման նպաստող հաւատուրացութեան, Եհովա շարունակեց սքանչելի գործեր գործել, Իր նպատակին կատարումը երաշխաւորելու համար։

12. Աստուածաշունչը երկրի բոլոր գլխաւոր լեզուներով մատչելի ըլլալը, ի՞նչ բանի կը վկայէ։

12 Օրինակ, ամբողջ Աստուածաշունչը պահպանուեցաւ եւ ի վերջոյ թարգմանուեցաւ բոլոր գլխաւոր լեզուներով։ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կատարուեցաւ յաճախ դժուար պարագաներու ներքեւ եւ Սատանայի գործակալներուն ըրած մահուան սպառնալիքին տակ։ Վստահօրէն կ’ըսենք թէ Աստուածաշունչը աւելի քան 2,000 լեզուներով թարգմանուիլը կարելի պիտի չըլլար, եթէ ասիկա անքննելիօրէն մեծ Աստուծոյն՝ Եհովայի կամքը չըլլար։

13. 1914–էն ի վեր, Եհովայի մեծութիւնը ի՞նչպէս յայտնուած է իր Թագաւորութեան նպատակներուն հետ կապակցաբար։

13 Եհովայի մեծութիւնը յայտնուած է իր Թագաւորութեան նպատակներուն հետ կապակցաբար։ Օրինակ, 1914–ին, ան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը որպէս երկնային Թագաւոր գահակալեց։ Անկէ քիչ ետք, Յիսուս Սատանայի ու իր դեւերուն դէմ գործի լծուեցաւ։ Անոնք երկինքէն վտարուեցան ու երկրի շրջակայքը արգելափակուեցան, ուր կը սպասեն որ անդունդ ձգուին։ (Յայտնութիւն 12։9-12. 20։1-3) Անկէ ի վեր, Յիսուսի օծեալ հետեւորդները յաւելեալ հալածանք քաշած են։ Սակայն, Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութեան այս ժամանակամիջոցին, Եհովա անոնց նեցուկ կանգնած է։—Մատթէոս 24։3. Յայտնութիւն 12։17

14. 1919–ին, Եհովա ի՞նչ սքանչելի գործ մը կատարեց, եւ ասիկա ի՞նչ բան իրագործեց։

14 1919–ին, Եհովա իր մեծութիւնը դրսեւորող այլ սքանչելի գործ մը կատարեց։ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները, որոնք հոգեւորապէս անգործունեայ վիճակի մէջ բերուած էին, վերակենդանացան։ (Յայտնութիւն 11։3-11) Այդ տարուընէ ի վեր, օծեալները հաստատուած երկնային Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզած են։ Ուրիշ օծեալներ ալ հաւաքուած են, 144,000–ին թիւը ամբողջացնելու համար։ (Յայտնութիւն 14։1-3) Իսկ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն միջոցով, Եհովա «նոր երկրի մը»՝ մարդկային արդար ընկերութեան մը՝ հիմը դրաւ։ (Յայտնութիւն 21։1) Բայց «նոր երկիր»ին ի՞նչ պիտի պատահի, բոլոր հաւատարիմ օծեալները երկինք երթալէ ետք։

15. Օծեալ Քրիստոնեաները ո՞ր գործին մէջ առաջնորդութիւն առած են, եւ ի՞նչ է արդիւնքը։

15 1935–ին, այս պարբերաթերթին 1 Օգոստոս եւ 15 Օգոստոս թիւերը բանալի յօդուածներ պարունակեցին, որոնք Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին մէջ յիշուած «մեծ բազմութեան» մասին կը խօսէին։ Օծեալ Քրիստոնեաները նախանձախնդրօրէն սկսան փնտռել եւ հաւաքել այս հաւատակից երկրպագուները բոլոր ազգերէն, ցեղերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն։ Այս «մեծ բազմութիւն»ը մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի, Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով որպէս «նոր երկիր»ին մնայուն անդամներ։ (Յայտնութիւն 7։9-14) Օծեալ Քրիստոնեաներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին շնորհիւ, աւելի քան վեց միլիոն անհատներ երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը կը տածեն ներկայիս։ Սատանայի ու իր ապականած աշխարհին հակառակութեան դիմաց այսպիսի յաւելումի մը վարկը որո՞ւ պէտք է երթայ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Միայն Եհովա կրնայ այս բոլորը իրագործել, իր սուրբ հոգին գործածելով։—Եսայեայ 60։22. Զաքարեայ 4։6

Եհովայի Փառքին Մեծութիւնը եւ Վայելչութիւնը

16. Մարդիկ ինչո՞ւ չեն կրնար ‘Եհովայի փառքին մեծութեանը վայելչութիւնը’ բառացիօրէն տեսնել։

16 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց բնոյթը, Եհովայի «հրաշալի գործեր»ը եւ «զօրութիւններ»ը երբեք պիտի չմոռցուին։ Դաւիթ գրեց. «Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։ Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։ Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ»։ (Սաղմոս 145։4-6) Սակայն Դաւիթ Եհովայի փառքին մեծութեան մասին ո՞րքան կրնար գիտնալ, քանի որ «Աստուած Հոգի է» ու հետեւաբար՝ մարդկային աչքերուն անտեսանելի։—Յովհաննու 1։18. 4։24

17, 18. Դաւիթ ի՞նչպէս կրնար ‘Եհովայի փառքին մեծութեան վայելչութեան’ հանդէպ իր գնահատութիւնը խորացնել։

17 Թէեւ Դաւիթ չէր կրնար Աստուած տեսնել, սակայն կային կերպեր, որոնցմով կրնար Եհովայի վայելչութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը աւելցնել։ Օրինակ, ան կրնար Աստուծոյ քաջագործութիւններուն մասին սուրբ գրային արձանագրութիւնը կարդալ, ինչպէս՝ աշխարհածաւալ ջրհեղեղով ամբարիշտ աշխարհի մը կործանումը։ Շատ հաւանաբար Դաւիթ գիտէր թէ Եգիպտոսի չաստուածները ի՛նչպէս նուաստացան, երբ Աստուած Իսրայելացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրեց։ Այսպիսի դէպքեր Եհովայի վայելչութեան ու մեծութեան կը վկայեն։

18 Անտարակոյս Աստուծոյ վայելչութեան հանդէպ Դաւիթի գնահատութիւնը խորացաւ ո՛չ միայն Սուրբ Գրութիւնները կարդալով, այլ նաեւ՝ անոնց վրայ խոկալով։ Օրինակ, ան թերեւս խորհրդածած էր պատահած բաներուն մասին, երբ Եհովա Իսրայէլի տուաւ Օրէնքը։ Որոտումներ, կայծակներ, թանձր ամպ մը եւ խիստ սաստիկ փողի ձայն մը կային։ Սինա Լեռը շարժեցաւ եւ մխաց։ Լերան ստորոտը հաւաքուած Իսրայելացիները, կրակին ու ամպին մէջէն նոյնիսկ «տասը խօսքերը» լսեցին, երբ Եհովա հրեշտակային ներկայացուցիչի մը միջոցով անոնց հետ խօսեցաւ։ (Բ. Օրինաց 4։32-36. 5։22-24. 10։4. Ելից 19։16-20. Գործք 7։38, 53) Եհովայի մեծութեան ի՜նչ ահարկու յայտնաբերումներ։ Աստուծոյ Խօսքը սիրող անհատներ, որոնք այս դրուագներուն վրայ կը խոկան, վստահաբար ‘Եհովայի փառքին մեծութեան վայելչութիւնով’ կը տպաւորուին։ Անշուշտ ներկայիս ամբողջ Աստուածաշունչը ունինք, որ կը բովանդակէ զանազան փառաւոր տեսիլքներ, որոնք Եհովայի մեծութիւնը յայտնելով մեզ կը տպաւորեն։—Եզեկիէլ 1։26-28. Դանիէլ 7։9, 10. Յայտնութիւն, գլուխ 4

19. Ի՞նչ բաներ Եհովայի վայելչութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնեն։

19 Դաւիթ նաեւ կրնար Աստուծոյ վայելչութեամբ տպաւորուիլ, Աստուծոյ կողմէ Իսրայելացիներուն տրուած օրէնքները ուսումնասիրելով։ (Բ. Օրինաց 17։18-20. Սաղմոս 19։7-11) Եհովայի օրէնքներուն հնազանդիլը Իսրայէլը ազգը մեծարեց եւ զայն միւս բոլոր ազգերէն անջատեց։ (Բ. Օրինաց 4։6-8) Ինչպէս որ էր Դաւիթի պարագան, Սուրբ Գրութիւնները կանոնաւորաբար կարդալը, անոնց վրայ խոր կերպով խոկալը եւ զանոնք ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը, Եհովայի վայելչութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնեն։

Աստուծոյ Բարոյական Յատկութիւնները Իր Մեծութիւնը կ’Ընդգծեն

20, 21. (ա) Սաղմոս 145։7-9–ն Եհովայի մեծութիւնը կը պանծացնէ ո՞ր յատկութիւններուն հետ կապակցաբար։ (բ) Հոս յիշուած Աստուծոյ յատկութիւնները զինք սիրող բոլոր անհատներուն ի՞նչպէս կ’ազդեն։

20 Ինչպէս նկատեցինք, Սաղմոս 145–ի առաջին վեց համարները վաւերական պատճառներ կու տան Եհովան փառաբանելու՝ իր անքննելի մեծութեան հետ առնչուած բաներուն համար։ 7-9–րդ համարները Աստուծոյ մեծութիւնը կը պանծացնեն, իր բարոյական յատկութիւններուն ակնարկութիւն ընելով։ Դաւիթ կը տաղերգէ. «Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։ Ողորմած ու գթած է Տէրը, երկայնամիտ ու բազումողորմ է։ Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են»։

21 Հոս Դաւիթ նախ ուշագրաւ կը դարձնէ Եհովայի բարութիւնն ու արդարութիւնը. յատկութիւններ՝ զորս Բանսարկու Սատանան հարցի տակ դրաւ։ Այս յատկութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն ունին Աստուած սիրողներուն եւ իր իշխանութեան հպատակողներուն վրայ։ Եհովայի բարութիւնը եւ իշխելու արդար կերպը իր երկրպագուներուն ա՛յնքան ուրախութիւն կը պատճառեն, որ չեն կրնար դադրիլ զինք փառաբանելէ։ Ասկէ զատ, Եհովայի բարութիւնը «ամենուն» հանդէպ կը ցուցաբերուի։ Բարեբախտաբար, ասիկա ուրիշ շատերու պիտի օգնէ որ զղջան եւ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուները դառնան, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։—Գործք 14։14-16

22. Եհովա իր ծառաներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։

22 Դաւիթ նաեւ արժեւորեց այն յատկութիւնները, որ Աստուած անձամբ աչքառու դարձուց, երբ Մովսէսի «առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. ‘Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով’»։ (Ելից 34։6) Ուստի Դաւիթ կրնար ըսել. «Ողորմած ու գթած է Տէրը, երկայնամիտ ու բազումողորմ է»։ Թէեւ Եհովա անքննելիօրէն մեծ է, բայց իր մարդկային ծառաները կը մեծարէ, անոնց հետ քաղցրութեամբ վարուելով։ Ան ողորմութեամբ լեցուն է, պատրաստ՝ զղջացող մեղաւորներուն ներելու Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Եհովա նաեւ երկայնամիտ է, քանի որ իր ծառաներուն պատեհութիւն կու տայ յաղթահարելու այն տկարութիւնները, որ կրնան արգելք հանդիսանալ որ անոնք իր արդար նոր աշխարհը մտնեն։—Բ. Պետրոս 3։9, 13, 14

23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր թանկարժէք յատկութիւնը նկատի պիտի առնենք։

23 Դաւիթ կը գովաբանէ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Իրականութեան մէջ, Սաղմոս 145–ի մնացեալ մասը ցոյց կու տայ թէ Եհովա այս յատկութիւնը ի՛նչպէս կը ցուցաբերէ եւ իր հաւատարիմ ծառաները ի՛նչպէս կ’ընդառաջեն իր ողորմութեան։ Այս նիւթը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• «Ամէն օր» Եհովան փառաբանելու ի՞նչ պատեհութիւններ կան։

• Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Եհովայի մեծութիւնը անքննելի է։

• Եհովայի փառաւոր վայելչութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը ի՞նչպէս կրնանք խորացնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 4]

Տիեզերքի հոյախումբերը Եհովայի մեծութեան կը վկայեն

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of Anglo-Australian Observatory, photograph by David Malin

[Նկար՝ էջ 6]

Եհովայի մեծութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերուած է Յիսուս Քրիստոսի հետ կապակցաբար

[Նկար՝ էջ 7]

Երբ Իսրայելացիները Սինա Լերան ստորոտը Օրէնքը ստացան, Եհովայի փառաւոր վայելչութեան ապացոյցը տեսան