Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա բազումողորմ է

Եհովա բազումողորմ է

Եհովա բազումողորմ է

«Տէրը . . . բազումողորմ է»։—ՍԱՂՄՈՍ 145։8

1. Աստուծոյ սէրը որքա՞ն հեռահաս է։

«ԱՍՏՈՒԱԾ սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Այս սրտապնդիչ խօսքը կը փաստէ թէ Եհովայի իշխանութեան կերպը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Նոյնիսկ իրեն չհնազանդող մարդիկ, իր սիրալիրօրէն հայթայթած արեւէն ու անձրեւէն կ’օգտուին։ (Մատթէոս 5։44, 45) Մարդկային աշխարհին հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն շնորհիւ, նոյնիսկ իր թշնամիները կրնան զղջալ, իրեն դառնալ եւ յաւիտենական կեանք ունենալ։ (Յովհաննու 3։16) Սակայն շուտով Եհովա պիտի բնաջնջէ անսրբագրելի ամբարիշտները, որպէսզի զինք սիրող մարդիկ կարենան արդար նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտենական կեանք վայելել։—Սաղմոս 37։9-11, 29. Բ. Պետրոս 3։13

2. Իր հետ նուիրեալ յարաբերութեան մէջ եղողներուն հանդէպ Եհովա սիրոյ ո՞ր մասնայատուկ երեսակը ցոյց կու տայ։

2 Եհովա իր ճշմարիտ երկրպագուներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տայ թանկարժէք ու մնայուն կերպով մը։ Այս սիրոյն ակնարկուած է Եբրայերէն բառով մը, որ թարգմանուած է «ողորմութիւն», կամ՝ հաւատարիմ սէր։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը խորապէս գնահատեց Աստուծոյ ողորմածութիւնը։ Իր անձնական փորձառութեան պատճառով եւ ուրիշներու հետ Աստուծոյ գործառնութեանց վրայ խոկալով, Դաւիթ վստահօրէն կրնար տաղերգել. «Տէրը . . . բազումողորմ է»։—Սաղմոս 145։8

Աստուծոյ Հաւատարիմները Բնորոշել

3, 4. (ա) Սաղմոս 145–ը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի Եհովայի հաւատարիմները բնորոշելու։ (բ) Եհովայի հաւատարիմները ի՞նչպէս ‘կ’օրհնեն’ զինք։

3 Եհովա Աստուծոյ նկատմամբ, Սամուէլ մարգարէի մայրը՝ Աննա ըսաւ. «Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ»։ (Ա. Թագաւորաց 2։9) Ո՞վ են այս «սուրբեր»ը կամ հաւատարիմները։ Դաւիթ Թագաւոր պատասխանը կը հայթայթէ։ Եհովայի սքանչելի յատկութիւնները գովաբանելէ ետք, ան կ’ըսէ. «Քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն»։ (Սաղմոս 145։10) Թերեւս հարց տաք թէ մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուած օրհնել։ Անոնք ասիկա կ’ընեն գլխաւորաբար զինք փառաբանելով կամ իր մասին լաւ խօսելով։

4 Եհովայի հաւատարիմները բացայայտ են, քանի որ իրենց բերանը կը գործածեն իր մասին լաւ խօսելու համար։ Ընկերային հաւաքոյթներու եւ քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին, անոնց խօսակցութիւններուն հասարակաց բնաբանը ի՞նչ է։ Եհովայի Թագաւորութի՛ւնը։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները Դաւիթի զգացումները կը բաժնեն, որ տաղերգեց. «Քու [Եհովա] թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն»։—Սաղմոս 145։11

5. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա կը նկատէ երբ իր հաւատարիմները իր մասին լաւ խօսին։

5 Եհովա կը նկատէ՞ երբ իր հաւատարիմները զինք օրհնեն։ Այո՛, ան անոնց ըսածներուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ։ Այժմու ճշմարիտ պաշտամունքին վերաբերեալ մարգարէութեան մը մէջ, Մաղաքիա գրեց. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ (Մաղաքեայ 3։16) Եհովա շատ կը հաճի երբ իր հաւատարիմները իր մասին լաւ խօսին, եւ ան կը յիշէ զանոնք։

6. Ո՞ր գործունէութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ հաւատարիմները բնորոշենք։

6 Եհովայի հաւատարիմ ծառաները բացայայտ են նաեւ քանի որ քաջ են եւ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուները չեղողներու հետ խօսելու մէջ նախաքայլը կ’առնեն։ Արդարեւ Աստուծոյ հաւատարիմները «անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն [կը] գիտցնեն»։ (Սաղմոս 145։12) Կը ջանա՞ք Եհովայի թագաւորութեան մասին օտարներու խօսելու պատեհութիւնները լիովին օգտագործել։ Մարդկային կառավարութիւններուն հակառակը, որոնք շուտով պիտի անհետանան, անոր թագաւորութիւնը յաւիտեան է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17) Խիստ կարեւոր է որ մարդիկ գիտնան Եհովայի յաւիտենական թագաւորութեան մասին եւ անոր կողքին դիրք բռնեն։ «Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է», տաղերգեց Դաւիթ, «ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ»։—Սաղմոս 145։13

7, 8. 1914–ին ի՞նչ տեղի ունեցաւ, եւ ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ Աստուած այժմ կ’իշխէ իր Որդիին Թագաւորութեան միջոցով։

7 1914–էն ի վեր, Եհովայի թագաւորութեան մասին խօսելու յաւելեալ պատճառ մը կայ։ Այդ տարին, Աստուած երկնային Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատեց ու թագադրեց Յիսուս Քրիստոսը՝ Դաւիթի Որդին։ Այսպիսով Եհովա Դաւիթի թագաւորութիւնը յաւիտեան հաստատելու Իր խոստումը կատարեց։—Բ. Թագաւորաց 7։12, 13. Ղուկաս 1։32, 33

8 Յիսուսի ներկայութեան նշանին կատարումը կ’ապացուցանէ թէ Եհովա այժմ կ’իշխէ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Թագաւորութեան միջոցով։ Այդ նշանին ամենէն աչքառու երեսակն է Յիսուսի նախագուշակած գործը Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմներուն համար, երբ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։3-14) Որովհետեւ Աստուծոյ հաւատարիմները նախանձախնդրօրէն կը կատարեն այդ մարգարէութիւնը, աւելի քան վեց միլիոն տղամարդիկ, կիներ ու երախաներ այժմ կը մասնակցին այս մեծ ու անկրկնելի գործին։ Շուտով Եհովայի Թագաւորութեան բոլոր հակառակորդները մէջտեղէն պիտի վերցուին։—Յայտնութիւն 11։15, 18

Եհովայի Գերիշխանութենէն Օգտուիլ

9, 10. Եհովայի ու մարդկային կառավարիչներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։

9 Եթէ նուիրուած Քրիստոնեաներ ենք, Գերիշխան Տէր Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ մեզի։ (Սաղմոս 71։5. 116։12) Օրինակ, քանի որ Աստուծմէ կը վախնանք ու արդարութիւն կը գործենք, իր հաճութիւնը կը վայելենք ու հոգեւորապէս իրեն մօտիկ ենք։ (Գործք 10։34, 35. Յակոբու 4։8) Միւս կողմէ, մարդկային կառավարիչները յաճախ կը տեսնուին կարկառուն մարդոց հետ, ինչպէս՝ զինուորական ղեկավարներ, հարուստ առեւտրականներ, կամ մարզանքի ու ժամանցի աստղեր։ Sowetan Ափրիկեան լրագրին համաձայն, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, իր երկրին մէջ աղքատութենէ տառապող շրջաններուն մասին հետեւեալը ըսաւ. «Կը հասկնամ թէ ինչո՛ւ մեզմէ շատեր չեն ուզեր այդ շրջանները երթալ։ Պարզապէս քանի որ կ’ուզենք մոռնալ թէ այսպիսի շրջաններ գոյութիւն ունին։ Խղճի խայթ կ’ունենանք եւ կ’ամչնանք մեր քշած սուղ [ինքնաշարժներուն] համար»։

10 Անշուշտ կարգ մը մարդկային կառավարիչներ իրենց հպատակներուն բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուած են։ Սակայն նոյնիսկ ամենէն ընտիր կառավարիչները իրենց հպատակները սերտօրէն չեն ճանչնար։ Արդարեւ կրնանք հարց տալ. Կա՞յ արդեօք կառավարիչ մը որ իր բոլոր հպատակներով ա՛յնքան հետաքրքրուած է, որ շուտով իւրաքանչիւրին օգնութեան կը փութայ նեղութեան ժամանակներուն։ Այո՛, կայ։ Դաւիթ գրեց. «Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։—Սաղմոս 145։14

11. Աստուծոյ հաւատարիմները ի՞նչպիսի դժուարութիւններու կը հանդիպին, եւ ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է անոնց։

11 Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմները բազմաթիւ փորձութիւններու եւ աղէտներու կը հանդիպին, իրենց անկատարութիւններուն պատճառով եւ քանի որ «չարին»՝ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհի մը մէջ կ’ապրին։ (Ա. Յովհաննու 5։19. Սաղմոս 34։19) Քրիստոնեաները հալածանք կը կրեն։ Ոմանք կը տառապին երկարատեւ հիւանդութեան կամ սիրելիի մը կորուստին պատճառով։ Երբեմն, Եհովայի հաւատարիմներուն գործած սխալները կրնան պատճառ ըլլալ որ անոնք վհատութեան ներքեւ ‘վար ծռին’ կամ կքին։ Սակայն ինչ դժուարութեան ալ հանդիպին, Եհովա միշտ պատրաստ է անոնցմէ իւրաքանչիւրը մխիթարելու եւ հոգեւորապէս զօրացնելու։ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս իր հաւատարիմ հպատակներուն հանդէպ նոյն սիրազեղ հետաքրքրութիւնը ունի։—Սաղմոս 72։12-14

Ժամանակին Տրուած Գոհացուցիչ Կերակուր

12, 13. Եհովա «ամէն կենդանի»ի կարիքները ի՞նչ տարողութեամբ կը գոհացնէ։

12 Իր մեծ ողորմածութեան շնորհիւ, Եհովա իր ծառաներուն բոլոր կարիքները կը հայթայթէ։ Ասիկա կը պարփակէ զիրենք գոհացնել սննդարար կերակուրով։ Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Ամենուն աչքերը քեզի [Եհովա] կը սպասեն ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։ Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ (Սաղմոս 145։15, 16) Նոյնիսկ աղէտի ժամանակներուն, Եհովա կրնայ հարցերը այնպէս մը ուղղել որ իր հաւատարիմները «ամէն օրուան հացը» ունենան։—Ղուկաս 11։3. 12։29, 30

13 Դաւիթ նշեց թէ «ամէն կենդանի»ի փափաքը կը գոհացուի։ Ասիկա կը պարփակէ անասունները։ Երկրագունդի ցամաքին առատ բուսականութեան ու ծովու բոյսերուն շնորհիւ, ծովային արարածները, թռչուններն ու ցամաքային անասունները շնչելիք թթուածին եւ ուտելի կերակուր ունին։ (Սաղմոս 104։14) Այո, Եհովա անոնց բոլոր կարիքները կը գոհացնէ։

14, 15. Ներկայիս ի՞նչպէս հոգեւոր կերակուր կը հայթայթուի։

14 Անասուններուն հակառակը, մարդիկ հոգեւոր կարիք մը ունին։ (Մատթէոս 5։3) Եհովա իր հաւատարիմներուն հոգեւոր կարիքները որքա՜ն հոյակապօրէն կը գոհացնէ։ Իր մահուընէ առաջ, Յիսուս խոստացաւ որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» Իր հետեւորդներուն ‘ատենին հոգեւոր կերակուր’ պիտի տար։ (Մատթէոս 24։45) 144,000 օծեալներուն մնացորդը ներկայիս այդ ծառայ դասակարգը կը կազմէ։ Անոնց միջոցով, արդարեւ Եհովա առատ հոգեւոր կերակուր հայթայթած է։

15 Օրինակ, ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին մեծ մասը, իր լեզուով պատրաստուած Աստուածաշունչի նոր ու ճշգրիտ թարգմանութենէ մը կ’օգտուի։ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը ի՜նչ օրհնութիւն մը եղած է։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող միլիոնաւոր գրականութիւններ կը շարունակեն հրատարակուիլ աւելի քան 300 լեզուներով։ Այս բոլոր հոգեւոր կերակուրը համայն աշխարհի մէջ ճշմարիտ երկրպագուներուն համար օրհնութիւն մը եղած է։ Ասոր վարկը որո՞ւ կ’երթայ։ Եհովա Աստուծոյ։ Իր մեծ ողորմածութեամբ, ան կարելի դարձուցած է որ ծառայ դասակարգը ‘ժամանակին կերակուր’ հայթայթէ։ Այսպիսի կարգադրութիւններու միջոցով, ներկայ հոգեւոր դրախտին մէջ «ամէն կենդանիի փափաքը» կը գոհացուի։ Իսկ Եհովայի ծառաները որքա՜ն ուրախ են որ շուտով երկիրը բառացի դրախտի մը փոխուիլը տեսնելու յոյսը ունին։—Ղուկաս 23։42, 43

16, 17. (ա) Ատենին հասնող հոգեւոր կերակուրին մասին ի՞նչ օրինակներ կան։ (բ) Սատանայի յարուցած գլխաւոր հարցին նկատմամբ, Սաղմոս 145–ը ի՞նչպէս կ’արտայայտէ Աստուծոյ հաւատարիմներուն զգացումները։

16 Ատենին ստացուած հոգեւոր կերակուրի յատկանշական մէկ օրինակը նկատի առէք։ 1939–ի ընթացքին, Եւրոպայի մէջ Բ. Աշխարհամարտը սկսաւ։ Այդ տարին, Դիտարան–ի 1 Նոյեմբեր թիւին մէջ լոյս տեսաւ «Չէզոքութիւն» խորագրով յօդուած մը։ Ներկայացուած յստակ տեղեկութիւններուն շնորհիւ, աշխարհի չորս կողմը Եհովայի Վկաները բոլորովին չէզոք դիրք մը բռնեցին պատերազմող ազգերուն գործերուն նկատմամբ։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ վեց–տարուան պատերազմին, երկու կողմերու կառավարութիւններուն բարկութիւնը անոնց դէմ բորբոքի։ Սակայն, արգիլուելով եւ հալածուելով հանդերձ, Աստուծոյ հաւատարիմները շարունակեցին Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ 1939–էն մինչեւ 1946, անոնք 157 առ հարիւր սքանչելի յաւելում մը վայելեցին։ Ասկէ զատ, այդ պատերազմի ընթացքին անոնց ուղղամտութեան ուշագրաւ արձանագրութիւնը կը շարունակէ մարդոց օգնել որ ճշմարիտ պաշտամունքը բնորոշեն։—Եսայեայ 2։2-4

17 Եհովայի հայթայթած հոգեւոր կերակուրը ո՛չ միայն ժամանակայարմար է, այլ նաեւ՝ շատ գոհացուցիչ։ Մինչ ազգերը Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ամբողջովին կռիւներու միջամուխ եղած էին, Եհովայի ժողովուրդին օգնութիւն տրուեցաւ որ իրենց անձնական փրկութենէն շատ աւելի կարեւոր բանի մը վրայ կեդրոնանան։ Եհովա անոնց օգնեց հասկնալու թէ ամբողջ տիեզերքը պարփակող գլխաւոր հարցը առնչուած է Իր արդարացի գերիշխանութեան հետ։ Իրապէս գոհացում կը պատճառէ գիտնալ թէ իւրաքանչիւր Եհովայի Վկայ իր հաւատարմութեամբ փոքր բաժին մը բերաւ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու ու Բանսարկուին ստախօս ըլլալը փաստելու մէջ։ (Առակաց 27։11) Եհովան ու իր իշխելու կերպը զրպարտող Սատանային հակառակը, Եհովայի հաւատարիմները հանրապէս կը շարունակեն ծանուցանել. «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ»։—Սաղմոս 145։17

18. Վերջերս, ժամանակայարմար ու շատ գոհացուցիչ ի՞նչ հոգեւոր կերակուր ստացանք։

18 Ժամանակայարմար ու գոհացուցիչ հոգեւոր կերակուրի այլ օրինակ մըն է՝ Եհովայի Մօտեցէք գիրքը, որ լոյս տեսաւ համայն աշխարհի մէջ 2002/2003–ին գումարուած «Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ» բնաբանով հարիւրաւոր Նահանգային Համաժողովներուն։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ պատրաստուած եւ Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած այս գիրքը կը կեդրոնանայ Եհովա Աստուծոյ սքանչելի յատկութիւններուն վրայ, ի ներառեալ Սաղմոս 145–ի մէջ յիշուած յատկութիւնները։ Այս հոյակապ գիրքը վստահաբար կարեւոր դեր մը պիտի խաղայ որ Աստուծոյ հաւատարիմները ա՛լ աւելի մօտենան իրեն։

Եհովայի Ա՛լ Աւելի Մօտենանք

19. Ճակատագրական ո՞ր ժամանակը կը մօտենայ, եւ անոր հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել։

19 Եհովայի գերիշխանութեան հարցին լուծման հետ առնչուած ճակատագրական հանգրուան մը կը մօտենայ։ Ինչպէս Եզեկիէլ 38–րդ գլուխին մէջ նախագուշակուած է, Սատանան մօտ ատենէն պիտի ամբողջացնէ իր դերը որպէս ‘Մագոգի երկրին Գոգը’։ Ասիկա Եհովայի ժողովուրդին վրայ աշխարհածաւալ յարձակում մը պիտի նշանակէ։ Անիկա Աստուծոյ հաւատարիմներուն ուղղամտութիւնը բեկանելու Սատանայի վճռական փորձը պիտի ըլլայ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի երկրպագուները ջերմեռանդօրէն զինք կանչելու կարիքը պիտի ունենան, նոյնիսկ օգնութեան աղաղակներ բարձրացնելով։ Աստուծոյ հանդէպ անոնց յարգալից վախը եւ սէրը ի դերեւ պիտի ելլե՞ն։ Ամե՛նեւին, քանի որ Սաղմոս 145–ը կ’ըսէ. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։ Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ»։—Սաղմոս 145։18-20

20. Սաղմոս 145։18-20–ի խօսքերը մօտ ապագային ի՞նչպէս ճշմարիտ պիտի ելլեն։

20 Ի՜նչ խայտալի պիտի ըլլայ Եհովայի մօտիկ ըլլալը ու անոր փրկարար զօրութիւնը վայելել, երբ ան բոլոր ամբարիշտները բնաջնջէ։ Այդ ճակատագրական պահուն, որ մօտալուտ է, Եհովա պիտի լսէ միայն անոնց որ «ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն»։ Վստահաբար ան մտիկ պիտի չընէ կեղծաւորներուն։ Աստուծոյ Խօսքը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ միշտ ապարդիւն է որ ամբարիշտը վերջին վայրկեանին Աստուծոյ անունը գործածէ։—Առակաց 1։28, 29. Միքիայ 3։4. Ղուկաս 13։24, 25

21. Եհովայի հաւատարիմները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Իր անունը գործածելով կ’ուրախանան։

21 Որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է որ Եհովայէ վախցողները «ճշմարտութեամբ զինք կանչեն»։ Իր հաւատարիմները կ’ուրախանան իր անունը գործածելով իրենց աղօթքներուն եւ ժողովներու ընթացքին իրենց տուած մեկնաբանութիւններուն մէջ։ Անոնք Աստուծոյ անունը կը գործածեն իրենց խօսակցութիւններուն մէջ։ Եւ խիզախօրէն Եհովայի անունը կը ծանուցանեն իրենց հանրային ծառայութեան մէջ։—Հռովմայեցիս 10։10, 13-15

22. Ինչո՞ւ կենսական է որ շարունակենք աշխարհային կեցուածքներուն ու ցանկութիւններուն դէմ դնել։

22 Եհովա Աստուծոյ հետ մեր սերտ յարաբերութենէն յարատեւ օգտուելու համար, կենսական է նաեւ որ շարունակենք դէմ դնել հոգեւորապէս վնասակար բաներուն, ինչպէս՝ նիւթապաշտութիւն, վատառողջ ժամանց, չներող ըլլալ, կամ կարօտեալներուն հանդէպ անտարբեր ըլլալ։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17. 3։15-17) Եթէ այսպիսի հետապնդումներ եւ նկարագրի գծեր չսրբագրուին, կրնան առաջնորդել լուրջ մեղքեր գործելու եւ ի վերջոյ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնելու։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2. 3։6) Խոհեմութիւն է ի մտի ունենալ թէ Եհովա պիտի շարունակէ մեզի հետ ողորմած ըլլալ, միայն եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք։—Բ. Թագաւորաց 22։26

23. Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմներուն ի՞նչ հոյակապ ապագայ կը սպասէ։

23 Ուստի շարունակենք մեր խորհուրդները կեդրոնացնել Եհովայի բոլոր հաւատարիմներուն սպասող հոյակապ ապագային վրայ։ Ասիկա ընելով, «ամէն օր» եւ «յաւիտեանս յաւիտենից» Եհովան բարձրացնելու, օրհնելու ու գովելու հոյակապ հեռանկարը պիտի ունենանք։ (Սաղմոս 145։1, 2) Հետեւաբար թող որ ‘անձերնիս Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահենք, յաւիտենական կեանքի համար’։ (Յուդա 20, 21) Մինչ կը շարունակենք մեր երկնաւոր Հօր սքանչելի յատկութիւններէն օգտուիլ, ի ներառեալ զինք սիրողներուն հանդէպ իր ցուցաբերած մեծ ողորմածութենէն, թող որ միշտ բաժնենք Դաւիթի զգացումները, որ արտայայտեց Սաղմոս 145–ի վերջին խօսքերով. «Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից»։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

Սաղմոս 145–ը ի՞նչպէս կ’օգնէ Աստուծոյ հաւատարիմները բնորոշելու։

• Եհովա ի՞նչպէս ‘ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնէ’։

• Ինչո՞ւ Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու կարիքը ունինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Աստուծոյ հաւատարիմները իր զօրաւոր գործերուն մասին խօսելէ հաճոյք կ’առնեն

[Նկար՝ էջ 11]

Եհովայի ծառաները խիզախօրէն կ’օգնեն օտարներուն որ իր թագաւորութեան փառքին մասին սորվին

[Նկարներ՝ էջ 12]

Եհովա «ամէն կենդանի»ի կերակուր կը հայթայթէ

[Նկարին աղբիւրը]

Animals։ Parque de la Naturaleza de Cabárceno

[Նկար՝ էջ 13]

Եհովա զօրութիւն եւ առաջնորդութիւն կու տայ իր հաւատարիմներուն, որոնք աղօթքով իր օգնութիւնը կը հայցեն