Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա կը հայթայթէ մեր առօրեայ կարիքները

Եհովա կը հայթայթէ մեր առօրեայ կարիքները

Եհովա կը հայթայթէ մեր առօրեայ կարիքները

«Մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ . . . ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք»։—ՂՈՒԿԱՍ 12։29, 30, Անթիլիաս

1. Եհովա անասնական ստեղծագործութեան կարիքները ի՞նչպէս կը հայթայթէ։

ԲՆԱՒ դիտա՞ծ էք ճնճղուկ մը կամ ուրիշ թռչուն մը, որ կը կտցահարէ՝ ըստ երեւոյթին՝ կեղտ մը։ Հաւանաբար հարց տուած ըլլալու էք թէ գետինը կտցահարելով ան ի՛նչ ուտելիք կրնայ գտնել։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ կրնանք դաս մը սորվիլ թռչուններուն հոգ տանելու Եհովայի կերպէն։ Ան նշեց. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք»։ (Մատթէոս 6։26) Եհովա հոյակապ կերպերով ուտելիք կը հայթայթէ իր բոլոր արարածներուն։—Սաղմոս 104։14, 21. 147։9

2, 3. Հոգեւոր ի՞նչ դասեր կը սորվինք այն իրողութենէն որ Յիսուս մեզի սորվեցուց մեր ամէնօրեայ հացին համար աղօթել։

2 Արդ, ինչո՞ւ Յիսուս իր տիպար աղօթքին մէջ պարփակեց սա խնդրանքը. «Մեր ամէնօրեայ հացը՝ մեզի տո՛ւր այսօր»։ (Մատթէոս 6։11, ԱՎ) Այս պարզ խնդրանքէն հոգեւոր խոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Առաջին՝ անիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովա Մեծ Մատակարարն է։ (Սաղմոս 145։15, 16) Մարդիկ կրնան ցանել ու մշակել, բայց միայն Աստուած կրնայ աճեցնել, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական գետնի վրայ։ (Ա. Կորնթացիս 3։7) Ինչ որ կ’ուտենք ու կը խմենք, Աստուծոյ պարգեւն է։ (Գործք 14։17) Երբ իրմէ կը խնդրենք որ մեր առօրեայ կարիքները տայ, ասիկա իրեն ցոյց կու տայ որ այդ հայթայթումները կը գնահատենք։ Անշուշտ այս խնդրանքը մեր վրայէն չի վերցներ աշխատելու պատասխանատուութիւնը, երբ ասիկա ընելու կարողութիւնը ունինք։—Եփեսացիս 4։28. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10

3 Երկրորդ՝ «մեր ամէնօրեայ հացը» խնդրելը ցոյց կու տայ որ ապագայով չափազանցօրէն պէտք չէ մտահոգուինք։ Յիսուս շարունակեց ըսել. «Մի՛ մտահոգուիք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք’, կամ՝ ‘Ի՞նչ պիտի խմենք’, կամ՝ ‘Ի՞նչ պիտի հագնինք’ (քանի որ հեթանոսնե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները). որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ թէ այդ բոլոր բաները պէտք են ձեզի։ Բայց նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի։ Ուստի մի՛ մտահոգուիք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը պիտի հոգայ իրեն համար. բաւական է օրուան իր անձկութիւնը»։ (Մատթէոս 6։31-34, ԱՎ) «Ամէնօրեայ հաց»ին համար եղած աղօթքը մեզի օրինակ կը ծառայէ որ պարզ կեանք մը վարենք՝ ‘աստուածպաշտութեամբ ու գոհունակութեամբ’։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-8

Առօրեայ Հոգեւոր Սնունդ

4. Յիսուսի եւ Իսրայելացիներուն կեանքին մէջ ի՞նչ միջադէպեր կը շեշտեն հոգեւոր սնունդ ստանալու կարեւորութիւնը։

4 Ամէնօրեայ հացին համար մեր աղօթքը մեզի պէտք է յիշեցնէ նաեւ առօրեայ հոգեւոր սնունդի մեր կարիքը։ Երկար ժամանակ ծոմ պահելէ ետք, շատ անօթեցած ըլլալով հանդերձ, Յիսուս մերժեց քարերը հացի վերածելու Սատանայի փորձութիւնը, ըսելով. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ (Մատթէոս 4։4) Հոս Յիսուս կը մէջբերէր Մովսէս մարգարէին խօսքերը որ Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի»։ (Բ. Օրինաց 8։3) Եհովայի մանանայ հայթայթելու կերպը, Իսրայելացիներուն ո՛չ միայն ֆիզիքական ուտելիք ապահովեց, այլ նաեւ հոգեւոր դասեր տուաւ։ Անոնք ‘օրէ օր պէտք էր հաւաքէին ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը’։ Եթէ օրուան համար պէտք եղածէն աւելին ժողվէին, աւելցածը կը հոտէր ու կ’որդնոտէր։ (Ելից 16։4, 20) Բայց ասիկա չէր պատահեր վեցերորդ օրը, երբ Շաբաթ օրուան համար՝ օրուան կարիքին կրկինը կը ժողվէին։ (Ելից 16։5, 23, 24) Ուստի, մանանան անոնց միտքին մէջ դրոշմեց թէ հնազանդ պէտք էր ըլլային եւ թէ իրենց կեանքը ո՛չ միայն հացէն կախեալ էր, այլ նաեւ՝ «Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսք»էն։

5. Եհովա առօրեայ հոգեւոր սնունդը ի՞նչպէս կը հայթայթէ մեզի։

5 Մենք ալ պէտք է ամէն օր կերակրուինք, իր Որդիին միջոցով Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդով։ Ասիկա իրագործելու համար Յիսուս նշանակած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը, որպէսզի հաւատքի ընտանիներուն ‘ատենին կերակուր’ տայ։ (Մատթէոս 24։45) Այդ հաւատարիմ ծառայ դասակարգը ո՛չ միայն առատ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններով, այլ նաեւ՝ մեզ կը քաջալերէ որ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք։ (Յեսուայ 1։8. Սաղմոս 1։1-3) Յիսուսի նման մենք ալ կրնանք հոգեւորապէս զօրանալ, ամէն օր ջանալով Եհովայի կամքին մասին սորվիլ եւ զայն կատարել։—Յովհաննու 4։34

Մեղքերու Թողութիւն

6. Մեր ո՞ր պարտքերուն համար թողութիւն պէտք է խնդրենք, եւ ի՞նչ պայմանաւ Եհովա կը սրբէ զանոնք։

6 Տիպար աղօթքին յաջորդ խնդրանքն է. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։ (Մատթէոս 6։12) Հոս Յիսուս դրամական պարտքի մասին չէր խօսեր։ Ան ի մտի ունէր մեր մեղքերուն թողութիւնը։ Տիպար աղօթքը Ղուկասի արձանագրութեան մէջ հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ այս խնդրանքը. «Մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են»։ (Ղուկաս 11։4) Ուստի, երբ մեղանչենք, որպէս թէ Եհովայի պարտք ունեցած կ’ըլլանք։ Բայց մեր սիրալիր Աստուածը պատրաստ է ‘ջնջելու’ կամ սրբելու այդ պարտքը, եթէ անկեղծօրէն զղջանք, ‘դարձի գանք’ եւ թողութիւն խնդրենք, Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով։—Գործք 3։19. 10։43. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6

7. Ինչո՞ւ ամէն օր մեր մեղքերուն թողութեան համար պէտք է աղօթենք։

7 Կը մեղանչենք նաեւ, երբ Եհովայի արդար չափանիշներուն նշանակէտէն կը վրիպինք։ Ժառանգական մեղքին պատճառով, բոլորս կը մեղանչենք խօսքով, արարքով եւ միտքով, կամ կը թերանանք ընելու ինչ որ պէտք է ընենք։ (Ժողովողի 7։20. Հռովմայեցիս 3։23. Յակոբու 3։2. 4։17) Հետեւաբար, օրուան ընթացքին մեղանչած ըլլալու գիտակից ըլլանք կամ ոչ, մեր առօրեայ աղօթքներուն մէջ պէտք է պարփակենք մեր մեղքերու թողութեան խնդրանք մը։—Սաղմոս 19։12. 40։12

8. Մեղքերու թողութեան համար մեր աղօթքը ի՞նչ ընելու պիտի մղէ մեզ, եւ ի՞նչ օգտակար հետեւանքով։

8 Թողութեան աղօթքին պէտք է կանխեն պարկեշտ անձնաքննութիւն, զղջում եւ խոստովանութիւն, Քրիստոսի թափուած արեան փրկարար զօրութեան հանդէպ հաւատք ունենալով։ (Ա. Յովհաննու 1։7-9) Մեր աղօթքին անկեղծութիւնը ապացուցանելու համար, թողութեան խնդրանքին պէտք է ընկերակցին «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր»։ (Գործք 26։20) Այն ատեն կրնանք հաւատալ որ Եհովա մեր մեղքերը ներելու պատրաստ է։ (Սաղմոս 86։5. 103։8-14) Հետեւանքը կ’ըլլայ անհամեմատելի միտքի խաղաղութիւն մը՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», որ իր կարգին մեր «սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Սակայն Յիսուսի տիպար աղօթքը կը սորվեցնէ թէ տակաւին ի՛նչ պէտք է ընենք մեղքերու թողութիւն ստանալու համար։

Ներուելու Համար՝ Պէտք Է Ներենք

9, 10. (ա) Յիսուս ի՞նչ աւելցուց տիպար աղօթքին վրայ, եւ ասիկա ի՞նչ կ’ընդգրկէ։ (բ) Յիսուս յաւելեալ ի՞նչ առակով ցոյց տուաւ որ պէտք է ներենք։

9 Հետաքրքրական է որ «մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն» խնդրանքը տիպար աղօթքին միակ մասն է, որուն մասին Յիսուս մեկնաբանեց։ Աղօթքը եզրափակելէ ետք, ան աւելցուց. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ (Մատթէոս 6։14, 15) Ուստի Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ որ Եհովայի կողմէ ներուիլը կախեալ է ուրիշներու ներելու մեր կամեցողութենէն։—Մարկոս 11։25

10 Այլ առիթով, Յիսուս առակ մը տուաւ, բացատրելու համար թէ նախ մենք պէտք է ներենք, եթէ կ’ակնկալենք որ Եհովա մեզի ներէ։ Ան խօսեցաւ թագաւորի մը մասին, որ ծառայի մը ունեցած մեծ պարտքը առատաձեռնօրէն ներեց։ Հետագային թագաւորը խստօրէն պատժեց այս նոյն մարդը, երբ ան մերժեց ծառայակիցի մը անհամեմատելի պզտիկ պարտքը ջնջել։ Յիսուս իր առակը եզրափակեց, ըսելով. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։ (Մատթէոս 18։23-35) Պարփակուած դասը յստակ է. այն մեղքին պարտքը որ Եհովա մեզի ներած է, անբաղդատելիօրէն շատ աւելի մեծ է որեւէ յանցանքէ, որ անհատ մը կրնայ գործել մեզի դէմ։ Մանաւանդ որ Եհովա ամէն օր կը ներէ մեզի։ Ուստի կրնանք ներել մեզի հանդէպ ուրիշներուն պարբերաբար գործած յանցանքները։

11. Պօղոս առաքեալի ո՞ր խրատին պէտք է անսանք, եթէ կ’ակնկալենք որ Եհովա մեզի ներէ, եւ ի՞նչ գեղեցիկ արդիւնք քաղելով։

11 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։32) Փոխադարձ ներումը խաղաղութիւն կը յառաջացնէ Քրիստոնեաներուն միջեւ։ Պօղոս նաեւ յորդորեց. «Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։12-14) Այս ամէնը պարփակուած է այն աղօթքին մէջ, որ Յիսուս մեզի սորվեցուց. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։

Փորձութեան Ներքեւ Պաշտպանութիւն

12, 13. (ա) Տիպար աղօթքին վերջընթեր խնդրանքին իմաստը ի՞նչ չի կրնար ըլլալ։ (բ) Ո՞վ է մեծագոյն Փորձիչը, իսկ մեզ փորձութեան չտանելու աղօթքին իմաստը ի՞նչ է։

12 Յիսուսի տիպար աղօթքին վերջընթեր խնդրանքն է. «Մեզ փորձութեան մի տանիր»։ (Մատթէոս 6։13) Յիսուսի այս խօսքը կը նշանակէ՞ թէ Եհովայէ պէտք է խնդրենք որ մեզ չփորձէ։ Ասիկա կարելի չէ, քանի որ Յակոբոս աշակերտ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբու 1։13) Ասկէ զատ, սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Սաղմոս 130։3) Եհովա իր ուշադրութիւնը մեր իւրաքանչիւր մեղքին վրայ չի կեդրոնացներ, իսկ վստահաբար ան չի փորձեր մեզ սխալի մէջ ձգել։ Ուստի, տիպար աղօթքին այս մասին իմաստը ի՞նչ է։

13 Ան որ կը փորձէ մեզ սխալի մէջ ձգել, նենգամիտ արարքներով պատճառ ըլլալ որ իյնանք եւ նոյնիսկ մեզ լափել՝ Բանսարկու Սատանան է։ (Եփեսացիս 6։11) Ան մեծագոյն Փորձիչն է։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։5) Երբ կ’աղօթենք որ փորձութեան չտարուինք, Եհովայէ կը խնդրենք որ թոյլ չտայ որ իյնանք, երբ փորձութեան ներքեւ ըլլանք։ Իրմէ կը խնդրենք որ մեզի օգնէ, որպէսզի «Սատանան մեզ չկեղեքէ» ու փորձութեան տեղի չտանք։ (Բ. Կորնթացիս 2։11, ԱՎ) Մեր աղօթքն է որ մնանք «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ», հոգեւոր պաշտպանութիւն ստանալով, որ շնորհուած է անոնց որ կ’ընդունին Եհովայի գերիշխանութիւնը իրենց բոլոր ձեռնարկած բաներուն մէջ։—Սաղմոս 91։1-3

14. Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս մեզ կը վստահեցնէ որ Եհովա մեզ պիտի չլքէ, երբ փորձութեան ներքեւ իրեն դիմենք։

14 Եթէ այս է մեր անկեղծ փափաքը որ կը յայտնաբերենք մեր աղօթքներուն ու արարքներուն մէջ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա բնաւ պիտի չլքէ մեզ։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ. «Ձեզի պատահած չէ փորձութիւն մը՝ որ մարդկային չըլլայ. բայց Աստուած հաւատարիմ է, եւ պիտի չթոյլատրէ որ փորձուիք ձեր կարողութենէն աւելի, հապա փորձութեան հետ ելք մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարենաք կրել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13, ԱՎ

«Չարէն Մեզ Ազատէ»

15. Ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է Չարէն ազատուելու համար աղօթել։

15 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ամենէն արժանահաւատ ձեռագիրներուն համաձայն, Յիսուսի տիպար աղօթքը կը վերջանայ հետեւեալ բառերով. «Չարէն մեզ ազատէ»։ * (Մատթէոս 6։13) Այս վերջին ժամանակին մէջ Բանսարկուէն պաշտպանուիլը ամենէն անհրաժեշտ բանն է։ Սատանան ու իր դեւերը պատերազմ կը մղեն օծեալ մնացորդին դէմ, ‘որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’, եւ անոնց ընկերակցող «մեծ բազմութեան» դէմ։ (Յայտնութիւն 7։9. 12։9, 17) Պետրոս առաքեալ խրատեց Քրիստոնեաները. «Զգա՛ստ եղէք, արթո՛ւն կեցէք. որովհետեւ ձեր ոսոխը՝ Չարախօսը՝ կը շրջի մռնչող առիւծի պէս, փնտռելով թէ ո՛վ կլլէ։ Դիմադրեցէ՛ք անոր՝ ամուր հաւատքով»։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9, ԱՎ) Սատանայի ցանկութիւնն է մեր վկայութեան գործը կասեցնել, ուստի կը փորձէ մեզ վախցնել իր երկրային գործակալներուն միջոցով, անոնք ըլլան կրօնական, առեւտրական, թէ քաղաքական։ Բայց եթէ հաստատ մնանք, Եհովա մեզ պիտի ազատէ։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։—Յակոբու 4։7

16. Փորձութեան ներքեւ եղող իր ծառաներուն օգնելու համար Եհովա ի՞նչ միջոց ունի։

16 Եհովա թոյլ տուաւ որ իր Որդին փորձուի։ Բայց Յիսուս որպէս պաշտպանութիւն Աստուծոյ Խօսքը գործածելով Բանսարկուին հակառակելէ ետք, Եհովա հրեշտակներ ղրկեց զինք զօրացնելու համար։ (Մատթէոս 4։1-11) Նոյն կերպով, Եհովա իր հրեշտակները կը գործածէ մեզի օգնելու համար, եթէ հաւատքով աղօթենք եւ իրեն ապաւինինք։ (Սաղմոս 34։7. 91։9-11) Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել»։—Բ. Պետրոս 2։9

Ամբողջական Ազատագրումը Մօտ Է

17. Մեզի տիպար աղօթքը տալով, Յիսուս խնդրանքները ի՞նչպէս ճիշդ շարքաւորումով դրաւ։

17 Տիպար աղօթքին մէջ, Յիսուս խնդրանքները ճիշդ շարքաւորումով դրաւ։ Մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ Եհովայի մեծ ու սուրբ անունին սրբացումը։ Որովհետեւ ասիկա պիտի իրագործուի Մեսիական Թագաւորութեան միջոցով, կ’աղօթենք որ Թագաւորութիւնը գայ կործանելու համար մարդկային բոլոր անկատար թագաւորութիւնները, կամ կառավարութիւնները, եւ հոգ տանելու որ Աստուծոյ կամքը լիովին կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը Եհովայի անունին սրբացումէն եւ համայն տիեզերքի մէջ իր արդար գերիշխանութեան ճանաչումէն կախեալ է։ Այս բոլոր կարեւոր բաներուն համար աղօթելէ ետք, կրնանք աղօթել մեր առօրեայ կարիքներուն, մեր մեղքերուն թողութեան, եւ փորձութիւններէ ու Չարին՝ Բանսարկու Սատանային՝ հնարքներէն ազատուելու համար։

18, 19. Յիսուսի տիպար աղօթքը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ աչալուրջ ըլլանք եւ մեր յոյսը «մինչեւ վախճանը հաստատ» բռնենք։

18 Չարէն եւ իր իրերու ապականած դրութենէն մեր ամբողջական ազատագրումը կը մօտենայ։ Սատանան քաջատեղեակ է որ երկրի ու մանաւանդ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ իր ‘շատ բարկութիւնը’ թափելու համար միայն «քիչ ժամանակ» ունի։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) ‘Աշխարհի վերջին’ բաղադրեալ նշանին մէջ, Յիսուս ոգեցունց իրադարձութիւններ նախագուշակեց, եւ անոնցմէ ոմանք տակաւին պիտի կատարուին։ (Մատթէոս 24։3, 29-31) Երբ անոնց կատարումը սկսի, ազատագրման մեր յոյսը աւելի պիտի պայծառանայ։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։25-28

19 Յիսուսի իր աշակերտներուն տուած ամփոփ տիպար աղօթքը մեզի լաւ ցուցմունք կու տայ թէ ի՛նչ կրնանք պարփակել մեր աղօթքին մէջ, տեսնելով վախճանին մօտենալը։ Վստա՛հ ըլլանք որ Եհովա պիտի շարունակէ մեր հոգեւոր ու նիւթական առօրեայ կարիքները հայթայթել մինչեւ վերջ։ Աղօթելու համար արթուն կենալով պիտի կարենանք «մինչեւ վախճանը հաստատ բռնել մեր սկիզբի վստահութիւնը»։—Եբրայեցիս 3։14, ԱՎ. Ա. Պետրոս 4։7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Կարգ մը հին Աստուածաշունչեր, ինչպէս King James Version, Տէրունական Աղօթքը կը լրացնեն օրհներգութեամբ մը. «Որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն»։ The Jerome Biblical Commentary կ’ըսէ. «Այս օրհներգութիւնը . . . ամենավստահելի [ձեռագիրներուն] մէջ չի գտնուիր»։

Վերաքաղի համար

• «Մեր ամէնօրեայ հացը» խնդրելը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Բացատրեցէք սա խնդրանքը. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն»։

• Ի՞նչ կը նշանակէ երբ Եհովայէ կը խնդրենք որ մեզ փորձութեան չտանի։

• Ինչո՞ւ կարիքը ունինք աղօթելու. «Չարէն մեզ ազատէ»։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ուրիշներուն պէտք է ներենք որպէսզի ներուինք

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 19]

Lydekker