Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

ԱՌԱՋԻՆ մարդուն՝ Ադամի ստեղծագործութենէն մինչեւ Յակոբի որդիին՝ Յովսէփի մահը, Ծննդոց գիրքը մարդկային պատմութեան 2,369 տարիներ կը ծածկէ։ Առաջին 10 գլուխները, ինչպէս նաեւ 11–րդ գլուխին առաջին 9 համարները, որոնք կը ծածկեն ստեղծագործութենէն մինչեւ Բաբելոնի աշտարակը, քննարկուեցան այս պարբերաթերթին նախորդ թիւին մէջ։ * Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Ծննդոց գիրքին մնացեալ գլուխներէն աչքառու կէտեր, որոնք Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յովսէփի հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն հետ կապ ունին։

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

(Ծննդոց 11։10–23։20)

Ջրհեղեղէն շուրջ 350 տարի ետք, Նոյի որդիին՝ Սէմի շառաւիղէն կը ծնի անհատ մը, որ կը փաստէ Աստուծոյ աչքին շատ մասնայատուկ ըլլալ։ Անոր անունը Աբրամ է, իսկ հետագային՝ Աբրահամի կը փոխուի։ Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելով, Աբրամ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքը կը ձգէ եւ որպէս վրանաբնակ կը շրջի այն երկին մէջ, որ Եհովա կը խոստանայ տալ իրեն ու իր սերունդին։ Իր հաւատքին ու հնազանդութեան շնորհիւ, Աբրահամ «Աստուծոյ բարեկամ» կը կոչուի։—Յակոբու 2։23

Եհովա Սոդոմի ու անոր մօտակայ քաղաքներուն ամբարիշտ բնակիչներուն դէմ քայլեր կ’առնէ, իսկ Ղովտն ու իր աղջիկները ողջ կը պահուին։ Աստուծոյ մէկ խոստումը կը կատարուի, երբ Աբրահամի որդին՝ Իսահակը կը ծնի։ Տարիներ ետք, Աբրահամի հաւատքը կը փորձուի, երբ Եհովա կը պատուիրէ որ իր որդին իբր զոհ մատուցանէ։ Աբրահամ պատրաստ է հնազանդելու, բայց հրեշտակ մը զինք կը կասեցնէ։ Կասկած չկայ թէ Աբրահամ հաւատքի տէր մարդ մըն է, եւ իրեն երաշխիք կը տրուի թէ իր սերունդով բոլոր ազգերը իրենք զիրենք պիտի օրհնեն։ Իր սիրելի կնոջ՝ Սառայի մահը, Աբրահամի շատ վիշտ կը պատճառէ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

12։1-3—Աբրահամական ուխտը ե՞րբ ի զօրու եղաւ, եւ ո՞րքան ժամանակ։ Աբրամի հետ Եհովայի ըրած ուխտը թէ՝ «երկրի բոլոր ազգերը [Աբրամով] պիտի օրհնուին», ըստ երեւոյթին ի զօրու դարձաւ երբ Աբրամ Եփրատ գետը կտրեց, դէպի Քանան ուղղուելու համար։ Ասիկա Հ.Դ.Ա. 1943–ի Նիսան 14–ին ըլլալու էր. Իսրայէլ Եգիպտոսի լուծէն ազատագրուելէն 430 տարի առաջ։ (Ելից 12։2, 6, 7, 40, 41) Աբրահամական ուխտը «յաւիտենական ուխտ մըն» է։ Անիկա ի զօրու կը մնայ մինչեւ որ երկրի ընտանիքները օրհնուին եւ Աստուծոյ բոլոր թշնամիներուն կործանումը իրագործուի։—Ծննդոց 17։7. Ա. Կորնթացիս 15։23-26

15։13—Աբրամի սերունդին նախագուշակուած 400 տարուան չարչարանքը ե՞րբ կատարուեցաւ։ Չարչարանքի այս ժամանակաշրջանը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 1913–ին, երբ Աբրահամի որդին՝ Իսահակ, շուրջ 5 տարեկանին կաթէն կտրուեցաւ, եւ իր 19 տարեկան կէս–եղբայրը՝ Իսմայէլ զինք ‘ծաղր ըրաւ’։ (Ծննդոց 21։8-14. Գաղատացիս 4։29) Անիկա վերջ գտաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, եգիպտական լուծէն Իսրայելացիներուն ազատագրումով։

16։2—Պատշա՞ճ էր Սարայի կարգադրութիւնը որ իր Հագար աղախինը Աբրամի կին ըլլար։ Սարայի առաջարկը այդ ժամանակուան սովորութեան համաձայն էր, թէ ամուլ կինը ստիպուած էր իր ամուսինին հարճ մը ճարել, ժառանգորդ յառաջ բերելու համար։ Բազմակնութիւնը գործադրուեցաւ առաջին անգամ Կայէնի սերունդին կողմէ։ Ժամանակի ընթացքին անիկա սովորութիւն մը դարձաւ եւ Եհովայի կարգ մը երկրպագուներ զանիկա որդեգրեցին։ (Ծննդոց 4։17-19. 16։1-3. 29։21-28) Սակայն Եհովա միակնութեան իր սկզբնական չափանիշը երբեք չլքեց։ (Ծննդոց 2։21, 22) Նոյ եւ իր որդիները, որոնց կրկնուեցաւ ‘աճեցէք ու երկիրը լեցուցէք’ պատուէրը, բացայայտօրէն իւրաքանչիւրը մէկ կին ունէր։ (Ծննդոց 7։7. 9։1. Բ. Պետրոս 2։5) Իսկ Յիսուս Քրիստոս միակնութեան այս չափանիշը վերահաստատեց։—Մատթէոս 19։4-8. Ա. Տիմոթէոս 3։2, 12

19։8—Ղովտ սխալ չէ՞ր գործեր, առաջարկելով իր աղջիկները տալ Սոդոմացիներուն։ Արեւելեան կանոնագրութեան համաձայն, հիւրընկալին պատասխանատուութիւնն էր իր տան մէջ գտնուող հիւրերը պաշտպանել, նոյնիսկ մինչեւ իր կեանքը զոհելու աստիճան, եթէ հարկ ըլլար։ Ղովտ պատրաստ էր ասիկա ընելու։ Ան քաջաբար դուրս ելաւ, իր ետեւէն դուռը գոցեց եւ ամբոխը դիմակալեց առանձին։ Երբ առաջարկեց իր աղջիկները տալ, հաւանաբար Ղովտ անդրադարձած էր որ իր հիւրերը Աստուծոյ պատգամաբերներն էին, եւ թերեւս տրամաբանած էր թէ Աստուած կրնար իր աղջիկները պաշտպանել, ինչպէս որ իր հօրեղբօր կինը՝ Սառան պաշտպանած էր Եգիպտոսի մէջ։ (Ծննդոց 12։17-20) Արդարեւ, հարցը այնպէս մը զարգացաւ որ Ղովտ ու իր աղջիկները ապահով մնացին։

19։30-38—Եհովա աչք խփե՞ց Ղովտի գինովութեան եւ իր երկու աղջիկներէն զաւակներ ունենալուն վրայ։ Եհովա ո՛չ ազգապղծութեան, ո՛չ ալ գինովութեան կը հանդուրժէ։ (Ղեւտացւոց 18։6, 7, 29. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Ղովտ Սոդոմի բնակիչներուն «անօրէն վարք»ին համար իրապէս ցաւ կը զգար։ (Բ. Պետրոս 2։6-8) Այն իրողութիւնը թէ Ղովտի աղջիկները զինք գինովցուցին, ինքնին կը թելադրէ թէ անոնք գիտէին որ Ղովտ զգաստ վիճակի մէջ պիտի չհամաձայնէր իրենց հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։ Բայց պանդուխտներ ըլլալով, Ղովտի աղջիկները խորհեցան որ ասիկա Ղովտի շառաւիղը չկտրուելու միակ կերպն է։ Այս դրուագը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի ցոյց տալու համար թէ Մովաբացիները (Մովաբէ սերած) եւ Ամմոնացիները (Բենամմիէ սերած) ի՛նչ կապակցութիւն ունին Աբրահամի սերունդին՝ Իսրայելացիներուն հետ։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

13։8, 9. Անհամաձայնութիւններ ձեռք առնելու մէջ Աբրահամ ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը կը հանդիսանայ։ Երբեք խաղաղ յարաբերութիւններ պէտք չէ զոհենք, դրամական շահերու, նախընտրութիւններու կամ հպարտութեան սիրոյն։

15։5, 6. Երբ Աբրահամ կը ծերանար եւ տակաւին որդի մը չունէր, ան այս հարցին շուրջ իր Աստուծոյն հետ խօսեցաւ։ Իր կարգին, Եհովա զինք հաւաստիացուց։ Արդի՞ւնքը։ Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը»։ Եթէ աղօթքով մեր սիրտերը Եհովայի բանանք, Աստուածաշունչին միջոցով իր տուած երաշխիքները ընդունինք եւ իրեն հնազանդինք, մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։

15։16. Եհովա Ամօրհացիներուն (կամ Քանանացիներուն) վրայ իր դատաստանին գործադրութիւնը չորս սերունդ ուշացուց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ համբերող Աստուած մըն է։ Ան սպասեց մինչեւ որ բարելաւման ամէն յոյս անհետանայ։ Եհովայի նման, համբերող պէտք է ըլլանք։

18։23-33. Եհովա մարդիկը անխտրաբար չի կործաներ։ Ան արդարները կը պաշտպանէ։

19։16. Ղովտ ‘տնտնաց’, եւ հրեշտակները ստիպուեցան զինք ու իր ընտանիքը Սոդոմէ դուրս հանել։ Մինչ ամբարիշտ աշխարհի վախճանին կը սպասենք, խոհեմութիւն է որ մեր ստիպողականութեան զգացումը չկորսնցնենք։

19։26. Աշխարհի մէջ մեր ետին ձգած բաներով ուշացրիւ ըլլալը կամ կարօտով անոնց նայիլը, որքա՜ն անմտութիւն է։

ՅԱԿՈԲ 12 ՈՐԴԻՆԵՐ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ

(Ծննդոց 24։1–36։43)

Աբրահամ կարգադրութիւն կ’ընէ որ Իսահակ ամուսնանայ Ռեբեկայի հետ, կին մը որ Եհովայի հանդէպ հաւատք ունի։ Ան երկուորեակի՝ Եսաւի ու Յակոբի՝ ծնունդ կու տայ։ Եսաւ իր անդրանկութեան իրաւունքը կ’արհամարհէ եւ զայն Յակոբի կը ծախէ, որ հետագային իր հօր օրհնութիւնը կը ստանայ։ Յակոբ Միջագետք (Փատան–Արամ) կը փախչի, ուր Լիայի ու Ռաքէլի հետ կ’ամուսնանայ եւ շուրջ 20 տարի անոնց հօր հօտերը կ’արածէ, ապա իր ընտանիքին հետ կը մեկնի։ Լիայէն, Ռաքէլէն եւ անոնց երկու աղախիններէն, Յակոբ կ’ունենայ 12 որդի, ինչպէս նաեւ դուստրեր։ Յակոբ հրեշտակի մը հետ կը մենամարտի եւ կ’օրհնուի, իսկ իր անունը փոփոխութեան կ’ենթարկուի ու կ’ըլլայ՝ Իսրայէլ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

28։12, 13—Ի՞նչ էր Յակոբի «սանդուխ»ի երազին իմաստը։ Այս «սանդուխը», որ թերեւս քարերէ կազմուած աստիճանի երեւոյթ ունէր, ցոյց տուաւ որ երկրի ու երկինքի միջեւ հաղորդակցութիւն կայ։ Անոր վրայ Աստուծոյ հրեշտակներուն ելլելն ու իջնելը ցոյց տուաւ որ անոնք կարեւոր կերպով մը ծառայութիւն կ’ընեն Եհովայի եւ իր հաճութիւնը ունեցող մարդոց միջեւ։—Յովհաննու 1։51

30։14, 15—Ռաքէլ ինչո՞ւ մանրագորներու համար հրաժարեցաւ իր ամուսինին հետ պառկելու պատեհութենէն։ Վաղեմի ժամանակներուն, մանրագորի պտուղը բժշկութեան մէջ կը գործածուէր որպէս թմրեցուցիչ եւ ջղաձգութիւնը մեղմացնելու կամ արգիլելու համար։ Պտուղին կը վերագրուէր նաեւ սեռային փափաքը գրգռելու եւ մարդկային արգասաբերութիւնը աւելցնելու կամ յղութեան նպաստելու կարողութիւնը։ (Երգ Երգոց 7։13) Աստուածաշունչը Ռաքէլի շարժառիթը չի յայտներ, բայց ան թերեւս խորհեցաւ թէ մանրագորները պիտի օգնէին որ յղանար, եւ այսպիսով ամուլ ըլլալու նախատինքին վերջ պիտի դրուէր։ Սակայն տարինե՜ր ետք, Եհովա «անոր արգանդը բացաւ»։—Ծննդոց 30։22-24

Դասեր՝ Մեզի Համար.

25։23. Եհովա կարողութիւն ունի չծնած մանուկին ծինային կառոյցը կարդալու, իր կանխագիտութիւնը գործածելու եւ իր նպատակներուն համար առաջուընէ անհատ մը ընտրելու։ Սակայն ան անհատներուն վերջնական ճակատագիրը չի սահմաներ։—Ովսեայ 12։3. Հռովմայեցիս 9։10-13

25։32, 33. 32։24-29. Անդրանկութեան իրաւունքը ձեռք ձգելու Յակոբի հետաքրքրութիւնը եւ օրհնութիւն ստանալու համար հրեշտակի մը հետ ամբողջ գիշերը ըմբշամարտիլը, ցոյց կու տան թէ ան սրբազան բաները իրապէս կ’արժեւորէր։ Եհովա մեզի վստահած է կարգ մը սրբազան բաներ, ինչպէս՝ իր եւ իր կազմակերպութեան հետ մեր յարաբերութիւնը, փրկանքը, Աստուածաշունչը եւ Թագաւորութեան մեր յոյսը։ Թող Յակոբի նման ըլլանք, ասոնց հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալով։

34։1, 30. Յակոբը ‘փորձանքի մէջ ձգող’ խնդիրը ծագեցաւ, քանի որ Դինա Եհովան չսիրող անհատներու հետ բարեկամութիւն մշակեց։ Մեր ընկերները խոհեմութեամբ պէտք է ընտրենք։

ԵՀՈՎԱ ՅՈՎՍԷՓԸ Կ’ՕՐՀՆԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

(Ծննդոց 37։1–50։26)

Նախանձը կը մղէ Յակոբի որդիները որ իրենց եղբայրը՝ Յովսէփը ծախեն իբր ստրուկ։ Եգիպտոսի մէջ, Յովսէփ կը բանտարկուի, քանի որ Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն հաւատարմօրէն ու քաջաբար կը կառչի։ Ժամանակ մը ետք, ան բանտէն դուրս կը հանուի որպէսզի Փարաւոնի երազները մեկնէ, որոնք կը նախագուշակեն եօթը տարի առատութիւն, ապա եօթը տարի սով։ Յովսէփ Եգիպտոսի ուտելիքի խնամակալը կը նշանակուի։ Անոր եղբայրները սովին պատճառով Եգիպտոս կու գան ուտելիք գնելու։ Ընտանիքը կը վերամիանայ եւ Գեսեմի բարեբեր երկրին մէջ կը հաստատուի։ Իր մահուան անկողինին վրայ Յակոբ կ’օրհնէ իր որդիները եւ մարգարէութիւն մը կ’ըսէ, որ յառաջիկայ դարերուն համար մեծ օրհնութիւններու ստոյգ յոյս կու տայ։ Յակոբ Քանանի մէջ կը թաղուի։ Երբ Յովսէփ 110 տարեկանին կը մեռնի, անոր մարմինը կը զմռսուի, որպէսզի հետագային Խոստացեալ Երկիր փոխադրուի։—Ելից 13։19

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

43։32—Եբրայեցիներու հետ ճաշ ուտելը ինչո՞ւ Եգիպտացիներուն համար գարշելի էր։ Հաւանաբար ասոր պատճառն էր՝ կրօնական կանխադատութիւնը կամ ցեղային հպարտութիւնը։ Եգիպտացիները հովիւներէն ալ կը գարշէին։ (Ծննդոց 46։34) Ինչո՞ւ։ Թերեւս հովիւները եգիպտական դասակարգային դրութեան մէջ գրեթէ ամենաստորին տեղը կը գրաւէին։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մշակելի հողերը սահմանափակ ըլլալուն պատճառով, Եգիպտացիները հօտերուն արօտավայր փնտռողները կ’արհամարհէին։

44։5—Յովսէփ հմայութեան համար իրապէս գաւաթ մը կը գործածէ՞ր։ Բացայայտ է որ արծաթէ գաւաթը եւ ինչ որ ըսուեցաւ անոր մասին, ծրագրուած խաղի մը մէկ մասն էր։ Յովսէփ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագու մըն էր։ Ան հմայելու համար իրապէս գաւաթը չէր գործածեր, ճիշդ ինչպէս որ Բենիամին իրապէս զայն գողցած չէր։

49։10—«Իշխանութիւնը» եւ «օրէնսդիրը» ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն։ Յակոբ այս արտայայտութիւններով ցոյց տուաւ թէ Յուդայի ցեղը յատկանշական հեղինակութիւն եւ զօրութիւն պիտի վայելէր, մինչեւ որ Սելովը գար։ Յուդայի սերունդէն եկող Սելովը Յիսուս Քրիստոսն է, որուն Եհովա շնորհած է երկնային իշխանութիւն։ Քրիստոս արքայական հեղինակութիւն եւ հրամայելու զօրութիւն ունի։—Սաղմոս 2։8, 9. Եսայեայ 55։4. Դանիէլ 7։13, 14

Դասեր՝ Մեզի Համար.

38։26. Յուդա սխալ վերաբերմունք ունեցաւ իր որբեւայրի հարսին՝ Թամարի հանդէպ։ Սակայն, երբ ըսուեցաւ թէ անոր յղութեան պատասխանատուն ինքն էր, Յուդա խոնարհաբար ընդունեց իր սխալը։ Մենք ալ մեր յանցանքները ընդունելու մէջ արագ պէտք է ըլլանք։

39։9. Յովսէփի տուած պատասխանը Պետափրէսի կնոջ, ցոյց կու տայ թէ բարոյական հարցերու մէջ իր մտածելակերպը Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակ էր, եւ թէ իր խղճմտանքը աստուածային սկզբունքներով առաջնորդուած էր։ Մենք ալ պէտք չէ՞ ջանանք այդպէս ըլլալ, մինչ ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան մէջ կ’աճինք։

41։14-16, 39, 40. Եհովա կրնայ իրմէ վախցողներուն ի նպաստ պարագաները փոփոխութեան ենթարկել։ Երբ ձախորդութիւններ հարուածեն, խոհեմութիւն է որ Եհովայի վստահինք ու իրեն հաւատարիմ մնանք։

Անոնք Հաստատ Հաւատք Ունէին

Արդարեւ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ Յովսէփ, հաւատքի տէր ու աստուածավախ մարդիկ էին։ Ծննդոց գիրքին մէջ գտնուող անոնց կենսագրութիւնները իրապէս հաւատք կը զօրացնեն եւ թանկարժէք դասեր կը սորվեցնեն մեզի։

Կրնաք այս արձանագրութենէն օգտուիլ, մինչ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին համար Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը կը կատարէք։ Վերոյիշեալ տեղեկութիւնները նկատի առնելը պիտի նպաստէ որ արձանագրութիւնը կենսալից ըլլայ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 1 Տես՝ «Եհովայի խօսքը կենդանի է. Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս» յօդուածը, Դիտարան 1 Յունուար 2004 թիւին մէջ։

[Նկար՝ էջ 24]

Եհովա Յովսէփը կ’օրհնէ

[Նկար՝ էջ 24]

Աբրահամ հաւատքի տէր մարդ մըն էր

[Նկար՝ էջ 24]

Արդար Ղովտն ու իր աղջիկները ողջ պահուեցան