Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւորականութիւնը եւ ձեր բարօրութիւնը

Հոգեւորականութիւնը եւ ձեր բարօրութիւնը

Հոգեւորականութիւնը եւ ձեր բարօրութիւնը

ՇԱՏ հաւանաբար, ձեր կեանքին մեծ մասը անցուցած էք ձեր ֆիզիքական առողջութեան հոգ տանելով։ Ամէն օր, թերեւս մօտ ութը ժամ կ’անցընէք քնանալով, քանի մը ժամ եփելով եւ ուտելով, իսկ ութը ժամ կամ աւելի՝ աշխատելով, ձեր բնակարանին եւ ուտելիքին ծախսերը հոգալու համար։ Երբ հիւանդանաք, թերեւս ձեր ժամանակն ու դրամը վատնէք բժիշկի մը երթալու կամ աւանդական դարման մը պատրաստելու համար։ Կը լուացուիք, կը լոգնաք եւ նոյնիսկ կանոնաւորաբար մարզանք կ’ընէք, այս բոլորը՝ լաւ առողջութիւն ձեռք ձգելու նպատակով։

Սակայն, լաւ առողջութիւն մը պահպանելը մեր ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանելէն շա՜տ աւելին կը պարփակէ։ Ձեր բարօրութեան մեծապէս նպաստող ուրիշ բան մըն ալ կայ։ Բժշկական պրպտումները ցոյց տուած են թէ ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը սերտօրէն առնչուած է ձեր հոգեւոր առողջութեան. այսինքն՝ ձեր հոգեւորականութիւնը կ’ազդէ ձեր ֆիզիքական առողջութեան։

Ուղղակի Կապ մը

«Այս նիւթին շուրջ ուղղակիօրէն տեղեկագրող հետազօտական յօդուածները գտած են թէ լաւ հոգեւորականութեան եւ լաւ առողջութեան միջեւ կապ մը կայ», կ’ըսէ Աւստրալիոյ Մելպուրնի Համալսարանէն Փրոֆէսէօր Հէտլի Կ. Փիչ։ Այս յայտնաբերումներուն մասին խօսելով, The Medical Journal of Australia (MJA) կ’ըսէ. «Կրօնասէր ըլլալը նաեւ կապ ունի . . . արեան աւելի ցած ճնշումի, աւելի ցած քօլէսթէրոլի . . . եւ նոյնիսկ վերնաղիի քաղցկեղի նուազ վտանգին հետ»։

Նմանապէս, Քալիֆորնիայի Համալսարանին կողմէ, Պէրգլի (Ա.Մ.Ն.), 2002–ին 6,545 հոգիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը երեւան հանեց, որ «այն անհատները որոնք շաբաթը անգամ մը պաշտամունքի մը ներկայ գտնուած են, ուշագրաւօրէն մահուան նուազ վտանգ ունեցած են, բաղդատած անոնց որոնք նուազ յաճախ՝ կամ բնաւ գտնուած չեն»։ Տուկ Օման, այս ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակը եւ ՔՀ Պէրգլիի Հանրային Առողջապահութեան Դպրոցի դասախօս մը, ըսաւ. «Մենք այս տարբերութիւնը գտանք, նոյնիսկ կարգ մը ազդակներ նկատի առնելէ ետք, ինչպէս՝ ընկերային կապերը եւ առողջապահական սովորութիւնները, ծխելն ու մարզանքը ներառեալ»։

Կեանքի մէջ հոգեւոր մտահորիզոն ունեցողներուն վայելած այլ օգուտները բնորոշելով, MJA կ’ըսէ. «Աւստրալիական ուսումնասիրութիւնները երեւան հանած են կրօնասէր անհատներուն մէջ ամուսնական աւելի մեծ կայունութիւն, ոգելից ըմպելիի եւ թմրադեղի նուազ գործածութիւն, անձնասպանութեան նուազ համեմատութիւն ու անոր հանդէպ բացասական կեցուածք, նուազ անձկութիւն եւ ընկճուածութիւն, եւ աւելի մեծ անձնուրացութիւն»։ Ասկէ զատ, BMJ (նախապէս ճանչցուած որպէս The British Medical Journal) կը տեղեկագրէ. «Կրօնական աւելի զօրաւոր հաւատալիքներ ունեցող մարդիկ, մօտիկ մէկու մը մահէն ետք իրենց վիշտին հետ աւելի արագ եւ ամբողջութեամբ գլուխ կ’ելլեն, քան անոնք որ հոգեւոր հաւատալիքներ չունին»։

Իրական հոգեւորականութիւնը ի՛նչ ըլլալուն մասին կարծիքները կը տարբերին։ Պէտք է ընդունիլ որ ձեր հոգեւոր վիճակը ազդեցութիւն ունի ձեր ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ։ Այս իրողութիւնը համաձայն է շուրջ 2,000 տարի առաջ Յիսուս Քրիստոսի ըսած մէկ խօսքին հետ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 5։3) Որովհետեւ ձեր առողջութիւնը եւ ուրախութիւնը ձեր հոգեւոր վիճակէն կախեալ են, տեղին է քննել Աստուծոյ Խօսքը, հոգեւոր առաջնորդութեան միակ վստահելի աղբիւրը, որ կը յայտնէ թէ հոգեւոր անհատ մը ըլլալը ի՛նչ կը պարփակէ։