Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»

«Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»

«Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»

«Իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. ‘Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր’»։—ՂՈՒԿԱՍ 11։1

1. Յիսուսի աշակերտներէն մէկը ինչո՞ւ խնդրեց Յիսուսէ որ իրենց աղօթել սորվեցնէ։

ԱՌԻԹՈՎ մը, Հ.Դ. 32–ին, Յիսուսի աշակերտ մը զինք դիտեց երբ Ան կ’աղօթէր։ Ան չէր լսեր թէ Յիսուս ի՛նչ կ’ըսէր իր Հօրը, քանի որ անիկա լռելեայն աղօթք մըն էր։ Այսուհանդերձ, երբ Յիսուս վերջացուց իր աղօթքը, աշակերտը իրեն ըսաւ. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր»։ (Ղուկաս 11։1) Ի՞նչ բան մղեց այս խնդրանքը ընելու։ Աղօթքը հրէական կեանքին ու պաշտամունքին կանոնաւոր մէկ մասն էր։ Եբրայերէն Գրութիւնները բազմաթիւ աղօթքներ կը պարունակեն Սաղմոսաց գիրքին եւ այլ գիրքերուն մէջ։ Ուստի այս աշակերտը չէր ուզեր սորվիլ բան մը, որուն մասին բոլորովին անտեղեակ էր եւ կամ բնաւ չէր ըրած։ Անկասկած անոր ծանօթ էին Հրէականութեան կրօնական առաջնորդներուն մատուցած ձեւական աղօթքները։ Բայց ահաւասիկ դիտեց Յիսուսը մինչ ան կ’աղօթէր, եւ հաւանաբար զգաց որ հսկայ տարբերութիւն մը կար ռաբբիներու սրբաձեւական աղօթքներուն եւ Յիսուսի աղօթած կերպին միջեւ։—Մատթէոս 6։5-8

2. (ա) Ի՞նչ բան կը նշէ որ Յիսուսի նպատակը չէր որ մենք բառ առ բառ կրկնէինք տիպար աղօթքը։ (բ) Ինչո՞ւ հետաքրքրուած ենք ի՛նչպէս աղօթել գիտնալով։

2 Ասկէ մօտաւորապէս 18 ամիս առաջ, իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն տիպար աղօթք մը տուած էր, որուն վրայ կրնային հիմնել իրենց աղօթքները։ (Մատթէոս 6։9-13) Կրնայ ըլլալ որ այս մասնայատուկ աշակերտը ներկայ չէր այդ ժամանակ, ուստի Յիսուս սիրազեղ կերպով կրկնեց այդ տիպար աղօթքին կարեւոր կէտերը։ Ուշադրութեան արժանի է որ ան բառ առ բառ չկրկնեց զայն, նշելով որ ինք ծիսական աղօթք մը չէր տար որ թութակաբար կրկնէին։ (Ղուկաս 11։1-4) Անունը չյիշուած այդ աշակերտին նման, մենք ալ կ’ուզենք աղօթել սորվիլ, որպէսզի մեր աղօթքները մեզ աւելի մօտեցնեն Եհովայի։ Ուստի Մատթէոս առաքեալի կողմէ արձանագրուած տիպար աղօթքին ամբողջութիւնը քննենք։ Անիկա կը բաղկանայ եօթը խնդրանքներէ, երեքը Աստուծոյ նպատակներուն հետ կապ ունին, իսկ չորսը՝ մեր նիւթական ու հոգեւոր կարիքներուն հետ։ Այս յօդուածին մէջ առաջին երեք խնդրանքները նկատի պիտի առնենք։

Սիրալիր Հայր մը

3, 4. Երբ Եհովան կը կոչենք ‘մեր Հայրը’, ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

3 Սկիզբէն իսկ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ մեր աղօթքները մտերիմ բայց յարգալից յարաբերութիւն մը պէտք է յայտնաբերեն Եհովայի հետ։ Լերան կողքին իր շուրջ հաւաքուած իր աշակերտներուն օգտին մասին գլխաւորաբար մտածելով, Յիսուս անոնց ըսաւ որ Եհովայի ուղղելով իրենց աղօթքը, ըսեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես»։ (Մատթէոս 6։9) Ուսումնականի մը համաձայն, «Հայր» բառին համար Յիսուսի գործածած արտայայտութիւնը,– ռամիկ Եբրայերէնով թէ Արամերէնով ըսած ըլլար,– նման է մանուկի մը գործածած արտայայտութեան կամ ‘բառին’։ Եհովան ‘մեր Հայրը’ կոչելը, ջերմ ու վստահելի յարաբերութիւն մը կը նշէ։

4 «Հայր մեր» ըսելով նաեւ կը գիտակցին որ մենք մաս կը կազմենք տղամարդոցմէ ու կիներէ բաղկացած մեծ ընտանիքի մը, որ Եհովան կ’ընդունի որպէս Կենսատու։ (Եսայեայ 64։8. Գործք 17։24, 28) Հոգիով օծուած Քրիստոնեաները որդեգրուած են իբր «Աստուծոյ որդիներ» եւ կրնան ‘կանչել Աբբա Հայր’։ (Հռովմայեցիս 8։14, 15) Անոնք միլիոնաւոր հաւատարիմ ընկերակիցներ ունեցած են, որոնք իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած են ու զայն խորհրդանշած են ջուրի մկրտութեամբ։ Այս բոլոր «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ կրնան Եհովայի մօտենալ Յիսուսի անունով ու Զինք կոչել ‘մեր Հայրը’։ (Յովհաննու 10։16. 14։6) Կրնանք կանոնաւորաբար դիմել մեր երկնաւոր Հօրը, աղօթքով զինք գովաբանելու, մեզի հանդէպ իր ցոյց տուած ամէն բարութեան եւ մեր բեռները իրեն տալու համար, վստահ ըլլալով որ ինք պիտի խնամէ մեզ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Ա. Պետրոս 5։6, 7

Եհովայի Անունը Սիրել

5. Տիպար աղօթքին առաջին խնդրանքը ի՞նչ է, եւ ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ է։

5 Խնդրանքը կը սկսի կարեւորագոյն բանով՝ «քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ (Մատթէոս 6։9) Այո, Եհովայի անունին սրբացումը մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ, քանի որ կը սիրենք զինք եւ կ’ատենք իր անունին վրայ կուտակուած ամբողջ նախատինքը։ Սատանայի ըմբոստութիւնը եւ մարդկային առաջին զոյգին Եհովա Աստուծոյ անհնազանդելու մղելու իր դրդումը, զրպարտեցին Իր անունը, Իր տիեզերական գերիշխանութիւնը գործադրելու իր կերպը հարցի տակ դնելով։ (Ծննդոց 3։1-6) Բացի այդ, Եհովայի անունը դարերու ընթացքին նախատուած է, զինք ներկայացնել դաւանողներուն ամօթալի արարքներուն եւ ուսուցումներուն պատճառով։

6. Եթէ Եհովայի անունին սրբացման համար աղօթենք, ի՞նչ պիտի չընենք։

6 Եհովայի անունին սրբացման մասին մեր աղօթքը ցոյց կու տայ թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՛նչ է մեր դիրքը. տիեզերքը կառավարելու Եհովայի իրաւունքին ամբողջովին կողմնակից ենք։ Եհովա կ’ուզէ որ տիեզերքը բնակուած ըլլայ մտացի արարածներով, որոնք սիրայօժարօրէն եւ ուրախութեամբ կ’ենթարկուին իր արդար գերիշխանութեան, քանի որ կը սիրեն զինք եւ ի՛նչ որ այդ անունը կը ներկայացնէ։ (Ա. Մնացորդաց 29։10-13. Սաղմոս 8։1. 148։13) Եհովայի անունին հանդէպ մեր սէրը մեզ ետ պիտի պահէ ընելէ որեւէ բան որ կրնայ նախատինք բերել այդ սուրբ անունին վրայ։ (Եզեկիէլ 36։20, 21. Հռովմայեցիս 2։21-24) Քանի որ տիեզերքի եւ անոր բնակիչներուն խաղաղութիւնը Եհովայի անունին սրբացումէն եւ իր գերիշխանութեան սիրալիր կերպով ենթարկուելէն կախեալ է, «քու անունդ սուրբ ըլլայ» մեր աղօթքը կ’արտայայտէ մեր վստահութիւնը թէ Եհովայի նպատակը պիտի կատարուի ի փառս իրեն։—Եզեկիէլ 38։23

Թագաւորութիւնը՝ Որուն Մասին կ’Աղօթենք

7, 8. (ա) Ի՞նչ է Թագաւորութիւնը, որուն մասին Յիսուս սորվեցուց որ աղօթենք։ (բ) Դանիէլ եւ Յայտնութիւն գիրքերէն ի՞նչ կը սորվինք այս Թագաւորութեան մասին։

7 Տիպար աղօթքին երկրորդ խնդրանքն է. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ (Մատթէոս 6։10) Այս խնդրանքը սերտօրէն առնչուած է նախորդին։ Իր անունը սրբացնելու Եհովայի միջոցն է Մեսիական Թագաւորութիւնը, իր երկնային կառավարութիւնը, որուն նշանակուած Թագաւորն է իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս։ (Սաղմոս 2։1-9) Դանիէլի մարգարէութիւնը Մեսիական Թագաւորութիւնը կը նկարագրէ իբր «քար մը», որ «լեռ»նէ մը կտրուած էր։ (Դանիէլ 2։34, 35, 44, 45) Լեռը կը ներկայացնէ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը, ուրեմն Թագաւորութեան քարը Եհովայի տիեզերական իշխանութեան նոր մէկ արտայայտութիւնն է։ Մարգարէութեան մէջ, քարը իր կարգին ‘մեծ լեռ մը կ’ըլլայ ու բոլոր երկիրը կը լեցնէ’, նշելով որ Մեսիական Թագաւորութիւնը աստուածային գերիշխանութիւնը պիտի ներկայացնէ, երկրի վրայ տիրելով։

8 Այս Թագաւորութեան կառավարութեան մէջ Քրիստոսի պիտի ընկերակցին ‘մարդոց մէջէն գնուած’ 144,000 ուրիշներ, իրեն հետ իբր թագաւորներ ու քահանաներ իշխելու համար։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1-4. 20։6) Դանիէլ զանոնք կը կոչէ «Բարձրեալին սուրբերը», որոնք իրենց Գլուխին՝ Քրիստոսի հետ կը ստանան ‘թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը . . . Անոնց թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոնց պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’։ (Դանիէլ 7։13, 14, 18, 27) Այսպիսի երկնային կառավարութեան մը համար էր որ Քրիստոս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն։

Ինչո՞ւ Տակաւին Աղօթել որ Թագաւորութիւնը Գայ

9. Ինչո՞ւ տեղին է աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։

9 Իր տիպար աղօթքին մէջ, Քրիստոս մեզի սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթենք։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը կը նշէ որ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ հաստատուեցաւ 1914–ին։ * Ուստի, տակաւին տեղի՞ն է այդ Թագաւորութեան ‘գալուն’ համար աղօթել։ Անշո՛ւշտ։ Որովհետեւ Դանիէլի մարգարէութեան մէջ Մեսիական Թագաւորութիւնը, որ քարով մը խորհրդանշուած էր, հսկայ արձանով խորհրդանշուած մարդկային քաղաքական կառավարութիւններուն հետ բախում պիտի ունենայ։ Այդ քարը տակաւին պիտի գայ ու արձանը հարուածէ, զայն փոշիացնելով։ Դանիէլի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44

10. Ինչո՞ւ կարօտով կը սպասենք Աստուծոյ Թագաւորութեան։

10 Կարօտով կը սպասենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հարուածէ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութիւնը, քանի որ ասիկա պիտի նշանակէ Եհովայի սուրբ անունին սրբացումը եւ աստուածային գերիշխանութեան բոլոր հակառակորդներուն մէջտեղէն վերցուիլը։ Ուստի սրտանց կ’աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ», եւ Յովհաննէս առաքեալի հետ կ’ըսենք. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ (Յայտնութիւն 22։20) Այո, թող որ Յիսուս գայ որ Եհովայի անունը սրբացնէ եւ Իր գերիշխանութիւնը ջատագովէ, որպէսզի սաղմոսերգուին խօսքերը կատարուին. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։—Սաղմոս 83։18

«Քու Կամքդ Ըլլայ»

11, 12. (ա) Ի՞նչ բան խնդրած կ’ըլլանք, երբ աղօթենք որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (բ) Երբ աղօթենք որ Եհովայի կամքը ըլլայ, ուրիշ ի՞նչ ըսել կ’ուզենք։

11 Ապա, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Տիեզերքը գոյացաւ Եհովայի կամքով։ Երկնային հզօր արարածներ կ’աղաղակեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ (Յայտնութիւն 4։10) Եհովա նպատակ մը ունի ‘երկնքի մէջ ու երկրի վրայ եղած բաներուն’ նկատմամբ։ (Եփեսացիս 1։8-10) Աղօթելով որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ, իրականութեան մէջ, Եհովայէ կը խնդրենք որ իր նպատակը իրագործէ։ Բացի այդ, ցոյց կու տանք որ մեծ ցանկութիւն ունինք տեսնելու աստուածային կամքին կատարուիլը համայն տիեզերքի մէջ։

12 Այս աղօթքով մեր կեանքը Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակելու մեր կամեցողութիւնն ալ ցոյց կու տանք։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննու 4։34) Նուիրուած Քրիստոնեաներ ըլլալով, Յիսուսի նման մենք ալ հաճոյք կ’առնենք Աստուծոյ կամքը կատարելէն։ Եհովայի ու իր Որդիին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ որ ‘ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրինք’։ (Ա. Պետրոս 4։1, 2. Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Կը ջանանք խուսափիլ այն բաներէն, որոնք գիտենք թէ Եհովայի կամքին հակառակ են։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-5) Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան համար ժամանակ տրամադրելով ‘կ’իմանանք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’, որ կը պարփակէ ‘թագաւորութեան այս բարի լուրի’ քարոզչութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն։—Եփեսացիս 5։15-17. Մատթէոս 24։14, ՆԱ

Եհովայի Կամքը Երկինքի Մէջ

13. Սատանայի ըմբոստութիւնը ծագելէ առաջ, Աստուծոյ կամքը ի՞նչպէս կը կատարուէր։

13 Եհովայի կամքը երկինքի մէջ կ’իրագործուէր, Սատանայ դարձող իր հոգեղէն որդիներէն մէկուն ըմբոստութենէն շատ առաջ։ Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը Աստուծոյ անդրանիկ Որդին կը նկարագրէ իբր անձնաւորուած իմաստութիւն։ Անիկա ցոյց կու տայ որ անհամար ժամանակներ, Աստուծոյ միածին Որդին ‘միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանար’, իր Հօրը կամքը կատարելուն մէջ ուրախութիւն գտնելով։ Ի վերջոյ, ան Եհովայի «ճարտարապետ»ը եղաւ, ‘երկինքի ու երկրի վրայ, երեւցող ու չերեւցող’ բոլոր բաները ստեղծելու մէջ։ (Առակաց 8։22-31. Կողոսացիս 1։15-17) Եհովա Յիսուսը գործածեց որպէս իր Բանը, կամ Բանբերը։—Յովհաննու 1։1-3

14. Սաղմոս 103–էն ի՞նչ կը սորվինք, երկինքի մէջ հրեշտակները ի՛նչպէս Աստուծոյ կամքը կատարելուն մասին։

14 Սաղմոսերգուն ցոյց կու տայ որ Եհովայի գերիշխանութիւնը ամէն բանէ վեր է եւ թէ հրեշտակային բանակը իր հրահանգներուն ու պատուէրներուն մտիկ կ’ընէ։ Կը կարդանք. «Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր, անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ»։—Սաղմոս 103։19-22

15. Յիսուսի գահակալուիլը ի՞նչպէս ազդեց երկինքի մէջ Աստուծոյ կամքին կատարուելուն։

15 Իր ըմբոստութենէն ետք, Սատանան տակաւին երկնային ատեանը կրնար մտնել, ինչպէս կը նշուի Յոբայ գիրքին մէջ։ (Յոբայ 1։6-12. 2։1-7) Բայց Յայտնութիւն գիրքը մարգարէացաւ որ ժամանակ մը պիտի գար, երբ Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն դուրս պիտի նետուէին։ 1914–ին Յիսուս Քրիստոս գահակալուելէն քիչ ետք, այդ ժամանակը ակներեւաբար եկաւ։ Անկէ ի վեր, այդ ապստամբները տեղ չունին երկինքի մէջ։ Անոնք երկրին շրջակայքը արգելափակուած են։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Այլեւս վիճաբանութեան ձայներ չեն լսուիր երկինքի մէջ, այլ միայն «Գառնուկ»ը՝ Քրիստոս Յիսուս կ’ողջունուի եւ Եհովայի հպատակութեան փառաբանութիւններ կը բարձրանան։ (Յայտնութիւն 4։9, 10) Արդարեւ, Եհովայի կամքը կատարուած է երկինքի մէջ։

Եհովայի Կամքը Երկրի Վրայ

16. Տիպար աղօթքը ի՞նչպէս կը հերքէ մարդկային յոյսին մասին Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումը։

16 Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները երկիրը դուրս ձգած են Աստուծոյ նպատակներէն, դաւանելով որ բոլոր բարի մարդիկ երկինք պիտի երթան։ Բայց Յիսուս սորվեցուց որ աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Արդեօք մեր երեւակայութեան թռիչքին անձնատուր ըլլալով կրնա՞նք ըսել որ այսօր բռնութեամբ, անիրաւութեամբ, հիւանդութեամբ եւ մահուամբ հարուածուած երկրի վրայ Եհովայի կամքը կը կատարուի։ Անկարելի է։ Ուստի սրտանց պէտք է աղօթենք որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ, Պետրոս առաքեալի արձանագրած խոստումին համապատասխան. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի [Մեսիական կառավարութիւնը՝ Քրիստոսի գլխաւորութեամբ] ու նոր երկրի մը [մարդկային արդար ընկերութիւն մը] կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13

17. Ի՞նչ է Եհովայի նպատակը երկրի համար։

17 Երկրի ստեղծագործութեան մէջ Եհովա նպատակ մը ունէր։ Ան ներշնչեց Եսայի մարգարէն որ գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց։ ‘Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ’»։ (Եսայեայ 45։18) Աստուած մարդկային առաջին զոյգը դրախտային պարտէզի մը մէջ դրաւ ու անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ (Ծննդոց 1։27, 28. 2։15) Շատ յստակօրէն Ստեղծիչին նպատակն է որ երկիրը բնակուի արդար մարդոց կատարեալ ցեղով, որոնք ուրախութեամբ կ’ենթարկուին Եհովայի գերիշխանութեան եւ Քրիստոսի խոստացած Դրախտին մէջ յաւիտեան կ’ապրին։—Սաղմոս 37։11, 29. Ղուկաս 23։43

18, 19. (ա) Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ լիովին իրագործուելէ առաջ, ի՞նչ պէտք է կատարուի։ (բ) Յիսուսի տիպար աղօթքին ո՞ր երեսակները պիտի քննենք յաջորդ յօդուածով։

18 Երկրի նկատմամբ Եհովայի կամքը կարելի չէ որ լիովին իրագործուի, այնքան ատեն որ երկիրը բնակուած է իր գերիշխանութեան ասպարէզ կարդացող տղամարդոցմով ու կիներով։ Քրիստոսի հովանաւորութեան ներքեւ եղող հոգեւոր հզօր ուժեր գործածելով, Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ Սատանայի իրերու ամբողջ ամբարիշտ դրութիւնը, իր սուտ կրօնքով, փտած քաղաքականութեամբ, ագահ ու անպարկեշտ առեւտուրով, եւ կործանարար զինուորականութեամբ, յաւիտեան պիտի ոչնչացուի։ (Յայտնութիւն 11։18. 18։21. 19։1, 2, 11-18) Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովուի եւ իր անունը պիտի սրբացուի։ Այս բոլորին համար կ’աղօթենք, երբ կ’ըսենք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10

19 Սակայն այս տիպար աղօթքին մէջ Յիսուս ցոյց տուաւ որ կրնանք մեր անձնական հարցերուն մասին ալ աղօթել։ Աղօթքի մասին իր տուած հրահանգներուն այս երեսակները պիտի քննենք յաջորդ յօդուածով։

[Ստորանիշ]

Վերաքաղի համար

• Ինչո՞ւ պատշաճ է որ Եհովայի դիմենք որպէս ‘մեր Հայրը’։

• Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Եհովայի անունին սրբացման համար աղօթենք։

• Ինչո՞ւ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։

• Երբ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ ինչպէս՝ երկինքի մէջ, ի՞նչ պարփակուած է ասոր մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Յիսուսի աղօթքները մեծապէս կը տարբերէին Փարիսեցիներու սրբաձեւական աղօթքներէն

[Նկար՝ էջ 16]

Քրիստոնեաները կ’աղօթեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, իր անունը սրբացուի եւ իր կամքը կատարուի