Անարատ մնացէք ձեր սիրտը պահպանելով
Անարատ մնացէք ձեր սիրտը պահպանելով
«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։—ԱՌԱԿԱՑ 4։23
1-3. (ա) Մարդիկ ի՞նչպէս յաճախ ցոյց կու տան որ իրենց անարատութիւնը չեն արժեւորեր. բացատրեցէք։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է անարատութեան արժէքը քննել։
ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ հնամենի կը թուէր։ Թերեւս տան կահաւորման չէր յարմարեր։ Ամենայնդէպս անիկա սեփականատիրոջ շատ պիտանի չէր։ Ի վերջոյ, նկարը իրավաճառի մը քով ծախու դրուեցաւ 29 տոլարի (Մ.Ն.) փոխարէն։ Սակայն մի քանի տարի ետք, երեւան ելաւ որ անոր արժէքը գրեթէ մէկ միլիոն տոլար էր։ Այո, անիկա հազուագիւտ գլուխ–գործոց մըն էր։ Երեւակայեցէք նախկին սեփականատիրոջ զգացումը, որ թերագնահատած էր այս գանձը։
2 Նոյնանման բան մը յաճախ կը պատահի անհատի մը անարատութեան կամ բարոյական մաքրութեան։ Ներկայիս շատեր արժէք չեն տար իրենց անարատութեան։ Ոմանք զայն կը նկատեն հնամենի տեսակէտ մը, որ արդի ապրելակերպին չի յարմարիր։ Ուստի անկէ կը հրաժարին չնչին հատուցման փոխարէն։ Ոմանք իրենց անարատութիւնը կը ծախեն մի քանի վայրկեան սեռային հաճոյքի համար։ Ուրիշներ զայն կը զոհեն յուսալով իրենց տարեկիցներուն կամ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը աչքին աւելի լաւ երեւիլ։—Առակաց 13։20
3 Շատեր շա՜տ ուշ կ’անդրադառնան թէ իրենց անարատութիւնը որքան արժէքաւոր էր։ Անոնց կորուստը յաճախ աղիտալի է։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, անբարոյութեան հետեւանքը կրնայ թոյնի նման ըլլալ, «օշինդրի պէս դառն»։ (Առակաց 5։3, 4) Ներկայ բարոյական փտած մթնոլորտին ի տես, ի՞նչպէս կրնաք ձեր անարատութեան վրայ գուրգուրալ եւ զայն պահպանել։ Մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք յարակից երեք քայլերու վրայ։
Ձեր Սիրտը Պահպանեցէք
4. Ի՞նչ է այլաբանական սիրտը, եւ ինչո՞ւ պէտք է զայն պահպանենք։
4 Անարատ մնալու բանալին՝ սիրտը պահպանելն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։ (Առակաց 4։23) Հոս ակնարկուած «սիրտդ» ի՞նչ է։ Անիկա ոչ թէ բառացի, այլ՝ այլաբանական սիրտն է։ Անիկա կը ներկայացնէ ձեր ներքին անձնաւորութիւնը. ձեր խորհուրդները, զգացումներն ու մղումները։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ (Բ. Օրինաց 6։5) Յիսուս զայն կոչեց մեծագոյն պատուէրը։ (Մարկոս 12։29, 30) Պարզ է ուրեմն, որ մեր սիրտը շատ մեծ արժէք ունի։ Կ’արժէ՛ զայն պահպանել։
5. Սիրտը ի՞նչպէս կրնայ միեւնոյն ժամանակ արժէքաւոր ու վտանգաւոր ըլլալ։
5 Սակայն Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ թէ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է»։ (Երեմեայ 17։9) Սիրտը ի՞նչպէս կրնայ խաբեբայ ըլլալ, մեզի վտանգ մը հանդիսանալով։ Առէք ինքնաշարժը, զոր օրինակ, որ արժէքաւոր գործիք մըն է ու նոյնիսկ կեանք կը փրկէ ստիպողական պարագային։ Բայց եթէ շարժավարը անհոգ գտնուի ու յարատեւաբար չղեկավարէ զայն, այդ նոյն ինքնաշարժը դիւրաւ կրնայ մահաբեր զէնք մը դառնալ։ Նմանապէս, եթէ ձեր սիրտը չպահպանէք, ձեր ներքին ցանկութիւններն ու մղումները ձեզի պիտի տիրապետեն, աղիտալի հետեւանքներ հնձելով։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի»։ (Առակաց 28։26) Այո, կրնաք իմաստութեամբ քալել ու աղէտէ խուսափիլ, եթէ Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիք, ինչպէս որ ճամբորդելէ առաջ ճամբու քարտէս մը կը գործածէք։—Սաղմոս 119։105
6, 7. (ա) Ի՞նչ է սրբութիւնը, եւ անիկա ինչո՞ւ կարեւոր է Եհովայի ծառաներուն համար։ (բ) Ի՞նչպէս գիտենք թէ անկատար մարդիկ կրնան Եհովայի սրբութիւնը արտացոլացնել։
6 Մեր սիրտը ինքնաբերաբար անարատութեան հակում չունի։ Մե՛նք պէտք է առաջնորդենք զայն այդ ուղղութեամբ։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկը՝ անարատութեան իրական արժէքին մասին խորհրդածելն է։ Այս յատկութիւնը սերտ կապակցութիւն ունի սրբութեան հետ, որ կը նշէ մաքրութիւն, անբծութիւն եւ մեղաւորութենէ անջատում։ Սրբութիւնը ընտիր յատկութիւն մըն է, որ ուղղակի Եհովա Աստուծոյ բնոյթին մաս կը կազմէ։ Աստուածաշունչի մէջ հարիւրաւոր համարներ այդ յատկութիւնը Եհովայի հետ կը կապեն։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «սրբութիւնը Եհովայի կը պատկանի»։ (Ելից 28։36, ՆԱ) Սակայն այդ վեհ յատկութիւնը ի՞նչ կապ ունի մեզի պէս անկատար մարդոց հետ։
7 Իր Խօսքին մէջ Եհովա կ’ըսէ մեզի. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։ (Ա. Պետրոս 1։16) Այո, կրնանք Եհովայի սրբութիւնը ընդօրինակել. կրնանք իր առջեւ մաքուր ըլլալ, անարատ մնալով։ Ուստի, անմաքուր եւ պիղծ արարքներէ ետ կենալով, վեհ ու խայտալի առանձնաշնորհումի մը կը ձգտինք, որ է՝ Բարձրեալ Աստուծոյ գեղեցիկ մէկ յատկութիւնը արտացոլացնել։ (Եփեսացիս 5։1) Պէտք չէ ենթադրենք թէ անիկա մեր հասողութենէն վեր է, քանի որ Եհովա իմաստուն եւ բանաւոր Տէր մըն է, որ բնաւ մեր կարողութենէն աւելին չի պահանջեր մեզմէ։ (Սաղմոս 103։13, 14. Յակոբու 3։17) Ճիշդ է որ հոգեւորապէս ու բարոյապէս անարատ մնալը ջանքի կը կարօտի։ Բայց Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ «Քրիստոսի հանդէպ եղած անկեղծ եւ մաքուր նուիրում»ին մասին։ (Բ. Կորնթացիս 11։3, Երուսաղէմ, ստորանիշ) Քրիստոսի ու իր Հօրը պարտական չե՞նք բարոյապէս անարատ մնալու համար ամէն ջանք թափելու։ Անոնք մեզի հանդէպ անսահման սէր ցոյց տուած են։ (Յովհաննու 3։16. 15։13) Ուստի մեր առանձնաշնորհումն է երախտագիտութիւն արտայայտել՝ մաքուր ու բարոյալից կեանք մը վարելով։ Մեր անարատութեան մասին այսպէս մտածելով, կը մղուինք զայն արժեւորելու եւ մեր սիրտը պահպանելու։
8. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք այլաբանական սիրտը սնուցանել։ (բ) Մեր խօսակցութիւնը ի՞նչ կրնայ յայտնել մեր մասին։
8 Մենք մեզ կերակրելու կերպով ալ կրնանք մեր սիրտը պահպանել։ Մեր միտքն ու սիրտը կանոնաւորաբար պէտք է սնուցանենք հոգեւոր լաւ սնունդով, մեր ուշադրութիւնը սեւեռելով Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին վրայ։ (Կողոսացիս 3։2) Նոյնիսկ մեր խօսակցութիւնը պէտք է յայտնաբերէ ասիկա։ Եթէ յաճախ մարմնաւոր ու անբարոյ նիւթերու մասին կը խօսինք, ասիկա մեր սիրտի վիճակին մասին բան մը կը յայտնէ։ (Ղուկաս 6։45) Թող որ ճանչցուինք որպէս հոգեւոր ու շինիչ նիւթեր խօսող մը։ (Եփեսացիս 5։3) Մեր սիրտը պահպանելու համար պէտք է խուսափինք կարգ մը լուրջ վտանգներէ։ Անոնցմէ երկուքը նկատի առնենք։
Պոռնկութենէն Փախէք
9-11. (ա) Ինչո՞ւ հաւանական է որ Ա. Կորնթացիս 6։18–ի խրատը անտեսողները լուրջ անբարոյութեան միջամուխ ըլլան. օրինակով մը բացատրեցէք։ (բ) Եթէ պոռնկութենէն կը փախչինք, ի՞նչ բանէ կը խուսափինք։ (գ) Հաւատարիմ Յոբ ի՞նչպէս ուշագրաւ օրինակ մըն է մեզի։
9 Եհովա ներշնչեց Պօղոս առաքեալը որ որոշ խրատ մը գրէ, որ օգնած է շատերու որ իրենց սիրտը պահպանեն ու մաքրաբարոյ մնան։ Պօղոս ըսաւ. «Պոռնկութենէն փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Նկատեցէք թէ ան պարզապէս չըսաւ. «Պոռնկութենէն խուսափեցէք», քանի որ Քրիստոնեաները անկէ աւելին պէտք է ընեն։ Անոնք պէտք է փախչին անբարոյ արարքներէ, ճիշդ ինչպէս որ պիտի փախչէին կեանքի սպառնացող վտանգէ մը։ Եթէ այդ խրատը անտեսենք, լուրջ անբարոյութեան միջամուխ ըլլալու եւ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելու հաւանականութիւնը կ’աւելցնենք։
10 Օրինակով մը բացատրենք. Մայր մը իր տղեկը կը լոգցնէ ու կը հագուեցնէ, կարեւոր առիթի մը համար առ ի պատրաստութիւն։ Ան մօրմէն արտօնութիւն կը խնդրէ որ ընտանիքին հետ մեկնելէ առաջ դուրսը խաղայ։ Մայրը կը համաձայնի՝ մէկ պայմանաւ։ Ան կ’ըսէ. «Դուրսի ջրակոյտին մի՛ մօտենար։ Եթէ կեղտոտիս, պիտի պատժուիս»։ Սակայն քանի մը վայրկեան ետք, ան կը տեսնէ որ տղեկը ոտքի մատներուն վրայ կեցած՝ ջրակոյտին ծայրը կ’երերայ։ Ան տակաւին չէ աղտոտած. այսուհանդերձ, ջրակոյտին չմօտենալու իր մօր ազդարարութիւնը կ’անտեսէ, եւ բացայայտ է որ շուտով խնդիր պիտի ծագի։ (Առակաց 22։15) Բազմաթիւ պատանիներ եւ նաեւ չափահասներ՝ որոնք աւելի զգոյշ պէտք է ըլլան, նոյնանման սխալ մը կը գործեն։ Ի՞նչպէս։
11 Այս օրերուն, երբ շատեր «անարգ կրքերու» անձնատուր եղած են, անօրէն սեռային յարաբերութիւններու մասին տեղեկութիւններ ծախելու գործ մը զարգացած է։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27) Պոռնկագրութեան պատուհասը համատարած է պարբերաթերթերու, գիրքերու, պատկերիզներու մէջ եւ Համացանցին վրայ։ Անոնք որ այսպիսի պատկերներ կը դրոշմեն իրենց միտքին մէջ, վստահաբար պոռնկութենէն չեն փախիր։ Անոնք անոր հետ կը խաղան, անոր շուրջ կ’երերան, Աստուածաշունչի ազդարարութիւնը կ’անտեսեն։ Փոխանակ սիրտը պահպանելու, անոնք զայն կը թունաւորեն վառ պատկերներով, որոնք յիշողութենէն անհետանալու համար տարիներ կ’առնեն։ (Առակաց 6։27) Հաւատարիմ Յոբէն սորվինք, որ իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ, զանոնք չսեւեռելու բանի մը վրայ որ զինք սխալի կրնար առաջնորդել։ (Յոբայ 31։1) Ահաւասիկ օրինակ մը, որուն կրնանք հետեւիլ։
12. Քրիստոնեայ զոյգեր ի՞նչպէս կրնան դարպասումի շրջանին ‘պոռնկութենէ փախչիլ’։
12 Մասնաւորաբար դարպասումի շրջանին ‘պոռնկութենէն փախչիլը’ կենսական է։ Այդ շրջանը ուրախ ժամանակ մը պէտք է ըլլայ, յոյսով ու ակնկալութեամբ լեցուն, բայց Յակոբու 5։14, 15) Սակայն բազմաթիւ Քրիստոնեայ զոյգեր դարպասումի շրջանին իմաստութեամբ կը վարուին ու այս վտանգներէն կը խուսափին։ (Առակաց 22։3) Անոնք իրենց սիրոյ արտայայտութիւնները կը սահմանափակեն։ Անոնք իրենց հետ ուղեկից մը կ’ունենան, եւ մեկուսի տեղեր իրարու հետ առանձին ըլլալէ կը խուսափին։
կարգ մը երիտասարդ զոյգեր անբարոյութեան հետ խաղալով, զայն կը կործանեն։ Այս կերպով անոնք զիրար կը զրկեն յաջող ամուսնութեան լաւագոյն հիմէն. յարաբերութիւն մը որ հիմնուած է անձնուրաց սիրոյ, ինքնազսպումի ու Եհովա Աստուծոյ հնազանդութեան վրայ։ Քրիստոնեայ զոյգ մը իրենց դարպասումի շրջանին անբարոյ վարքի անձնատուր եղան։ Ամուսնանալէ ետք, կինը խոստովանեցաւ թէ իր խիղճը զինք կը տանջէր, նոյնիսկ ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնը քանդելով։ Ան ըսաւ. «Շատ անգամ Եհովայէ ներողութիւն խնդրած եմ, բայց հակառակ անոր որ եօթը տարի անցած է, խիղճս կը շարունակէ զիս դատապարտել»։ Կենսական է որ այսպիսի մեղքեր գործողները Քրիստոնեայ երէցներէն օգնութիւն խնդրեն։ (13. Քրիստոնեան ինչո՞ւ պէտք չէ դարպասէ մէկը որ Եհովայի չի ծառայեր։
13 Այն Քրիստոնեաները որ կը դարպասեն Եհովայի չծառայող անհատներ, շատ հաւանական է որ մեծ խնդիրներ դիմագրաւեն։ Օրինակ, ի՞նչպէս պիտի կարենայիք միանալ մէկու մը, որ Եհովա Աստուած չի սիրեր։ Կենսական է որ Քրիստոնեաները միայն Եհովան սիրող ու անարատութեան Իր չափանիշները յարգող անհատներու հետ նոյն լուծին տակ գան։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ»։—Բ. Կորնթացիս 6։14
14, 15. (ա) Ոմանք «պոռնկութիւն» բառին իմաստին մասին ի՞նչ սխալ տեսակէտ ունին։ (բ) «Պոռնկութիւն»ը ի՞նչ արարքներ կը պարփակէ, եւ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան ‘պոռնկութենէն փախչիլ’։
14 Գիտութիւնն ալ էական է։ Չենք կրնար պատշաճօրէն փախչիլ պոռնկութենէն, եթէ իսկապէս չենք գիտեր անոր ի՛նչ ըլլալը։ Ներկայ աշխարհին մէջ ոմանք «պոռնկութիւն» բառը սխալ կը մեկնաբանեն։ Անոնք կը խորհին որ կրնան իրենց սեռային կիրքերը յագեցնել ամուսնութենէ դուրս, այնքան ատեն որ սեռային յարաբերութենէն ետ կը կենան։ Պատանիներու մէջ անփափաքելի յղութիւններու թիւը նուազեցնել ջանացող առողջապահական յարգարժան հիմնարկներէն ոմանք իսկ, կը քաջալերեն պատանիները որ յղութեան չառաջնորդող սեռային խոտոր վարքի անձնատուր ըլլան։ Դժբախտաբար այս խրատները կը մոլորեցնեն։ Ամուսնութեան կարգադրութենէն դուրս յղութենէ խուսափիլը անարատ մնալ չի նշանակեր, եւ «պոռնկութիւն» բառին իսկական սահմանումը այդքան սահմանափակ չէ։
15 «Պոռնկութիւն» թարգմանուած Յունարէն բոռ·նէա բառը բաւական ընդարձակ իմաստ մը ունի։ Անիկա կապ ունի չամուսնացած անհատներու միջեւ կատարուած սեռային յարաբերութիւններու հետ եւ կը կեդրոնանայ սեռային անդամներու սխալ գործածութեան վրայ։ Բոռ·նէա կը պարփակէ կարգ մը արարքներ, ինչպէս՝ բերանային սեռ, սրբանային սեռ, եւ դիմացինը գիջութեան ենթարկել. արարքներ որ սովորաբար կը կատարուին պոռնկատուներու մէջ։ Այն անհատները որ կը խորհին թէ այսպիսի արարքներ «պոռնկութիւն» չեն, իրենք զիրենք կը խաբեն եւ Սատանայի մէկ որոգայթին Բ. Տիմոթէոս 2։26) Ասկէ զատ, անարատ մնալը պոռնկութիւն նկատուող որեւէ արարքէ պարզապէս ետ կենալէն աւելին կը նշանակէ։ ‘Պոռնկութենէ փախչելու’ համար պէտք է խուսափինք ամէն տեսակի սեռային անմաքրութենէ ու մեղկ վարքէ, որ բոռ·նէա–յի լուրջ մեղքին կրնան առաջնորդել։ (Եփեսացիս 4։19) Այդ կերպով անարատ կը մնանք։
մէջ ինկած են։ (Սիրաբանութեան Վտանգներէն Խուսափեցէք
16. Ո՞ր պարագային ռոմանթիկ վարմունքը պատշաճ է, ինչպէս ցոյց կու տայ սուրբ գրային ո՞ր օրինակը։
16 Եթէ կ’ուզենք անարատ մնալ, սիրաբանութիւնը ուրիշ վտանգ մըն է, որմէ պէտք է զգուշանանք։ Ոմանք կրնան պնդել թէ սիրաբանութիւնը անմեղ, անվնաս զուարճութիւն մըն է երկու սեռերու պատկանող անհատներու միջեւ։ Ճիշդ է որ ռոմանթիկ վարմունքին համար ժամանակ ու վայր կայ։ Երբ ‘Իսահակ Ռեբեկային հետ խաղցաւ’, բացայայտ էր դիտողներուն որ անոնք պարզապէս եղբայր ու քոյր չէին։ (Ծննդոց 26։7-9) Սակայն անոնք ամուսին ու կին էին։ Անոնց իրարու հանդէպ ունեցած խանդաղատանքի արտայայտութիւնները պատշաճ էին։ Բայց սիրաբանութիւնը տարբեր հարց է։
17. Ի՞նչ է սիրաբանութիւնը, եւ ի՞նչպէս կարելի է այս հարցը հակակշռի տակ առնել։
17 Սիրաբանութիւնը կարելի է սա կերպով սահմանել. Ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ, երբ ամուսնանալու իրական դիտաւորութիւն չկայ։ Մարդը բարդ արարած մըն է, ուստի անկասկած սիրաբանելու անհամար կերպեր կան, եւ անոնցմէ ոմանք շատ խորամանկ են։ (Առակաց 30։18, 19) Հետեւաբար, լուծում չէ վարքի խիստ կանոններ դնել։ Անոնցմէ շատ աւելի վեհ բան մը կը պահանջուի. պարկեշտ անձնաքննութիւն եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներու խղճամիտ կիրարկում։
18. Ի՞նչ բան կը մղէ որ ոմանք սիրաբանութիւն ընեն, եւ ասիկա ինչո՞ւ վնասակար է։
18 Մեր զգացումները անկեղծօրէն քննելով, մեզմէ շատեր հաւանաբար պիտի ընդունին թէ երբ հակառակ սեռի պատկանող մէկը մեզի հանդէպ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ունենայ, ասիկա հաճելի կը գտնենք։ Այդ մէկը բնական է։ Բայց այսպիսի հետաքրքրութիւն մը յառաջացնելու համար սիրաբանութիւն կ’ընե՞նք. միայն քիչ մը մենք մեզ տեսնելու կամ դիմացինին մէջ այսպիսի հակազդեցութիւն մը արթնցնելու համար։ Եթէ այս է պարագան, մտածա՞ծ ենք թէ որքա՜ն ցաւ կրնանք պատճառել։ Օրինակ, Առակաց 13։12–ը կ’ըսէ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ»։ Կանխամտածութեամբ սիրաբանիլը ցոյց կու տայ թէ հաւանաբար չենք գիտեր թէ անհատը ո՛ր աստիճան կ’ազդուի։ Ան թերեւս ակնկալէ դարպասում եւ նոյնիսկ ամուսնութիւն։ Յառաջ եկած յուսախաբութիւնը կրնայ ջախջախիչ ըլլալ։ (Առակաց 18։14) Դիտումնաւոր կերպով ուրիշին զգացումներուն հետ խաղալը անգթութիւն է։
19. Սիրաբանութիւնը ի՞նչպէս կրնայ վտանգի ենթարկել քրիստոնէական ամուսնութիւնները։
19 Յատկապէս կարեւոր է որ ամուսնացած անհատը սիրաբանութենէն զգուշանայ։ Սխալ է ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ ամուսնացած անհատի մը հանդէպ, իսկ ամուսնացած անհատին պարագային՝ մէկու մը հանդէպ որ իր կողակիցը չէ։ Դժբախտաբար կարգ մը Քրիստոնեաներ սխալ կերպով խորհած են թէ իրենց կողակիցը չեղող մէկու մը հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ մշակելը ընդունելի է։ Ոմանք այսպիսի «ընկեր»ի մը կը յայտնեն իրենց ներքին մտահոգութիւնները, նոյնիսկ անձնական մտածումները, որ իրենց կողակիցին հետ չեն բաժներ։ Որպէս հետեւանք, ռոմանթիկ զգացումները յառաջ բերած են զգացական կախուածութիւն, որ կրնայ ամուսնութիւնը տկարացնել եւ նոյնիսկ՝ քանդել։ Ամուսնացած Քրիստոնեաները լաւ կ’ընեն յիշելով շնութեան մասին Յիսուսի տուած իմաստուն զգուշացումը. անիկա սիրտին մէջ կը սկսի։ (Մատթէոս 5։28) Ուստի սիրտը պահպանենք եւ զգուշանանք այն կացութիւններէն, որոնք կրնան այսպիսի քանդիչ հետեւանքներու առաջնորդել։
20. Վճռենք մեր անարատութիւնը ի՞նչպէս նկատել։
20 Ճիշդ է որ դիւրին չէ անարատ մնալ ներկայ անբարոյ աշխարհին մէջ։ Բայց մի՛ մոռնաք որ շա՜տ աւելի դիւրին է ձեր անարատութիւնը պահելը, քան՝ զայն կորսնցնելէ ետք անգամ մը եւս ձեռք ձգելը։ Անշուշտ Եհովա «առատապէս կը ներէ» եւ իսկապէս զղջացողներուն մեղքերը կը սրբէ։ (Եսայեայ 55։7) Սակայն Եհովա անբարոյութիւն գործողները չի պաշտպաներ իրենց արարքներուն հետեւանքներէն։ Հետեւանքները կրնան տարիներ տեւել, նոյնիսկ՝ ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ (Բ. Թագաւորաց 12։9-12) Ամէն գնով անարատ մնացէք՝ ձեր սիրտը պահպանելով։ Եհովա Աստուծոյ առջեւ ձեր մաքուր, անարատ կեցուածքը թանկագին գանձ մը նկատեցէք, եւ բնա՛ւ մի կորսնցնէք զայն։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք
• Անարատութիւնը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
• Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պահպանել։
• Պոռնկութենէ փախչիլը ի՞նչ կը պարփակէ։
• Սիրաբանութենէն ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Ինքնաշարժը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եթէ պատշաճ կերպով չղեկավարուի
[Նկարներ՝ էջ 10]
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ազդարարութիւնները անտեսենք
[Նկար՝ էջ 11]
Անարատ դարպասումը հաճելի է ու Աստուած կը պատուէ