Կրօնքը՝ լա՞ւ թէ վատ ոյժ մը
Կրօնքը՝ լա՞ւ թէ վատ ոյժ մը
«ԵՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ պարտական եմ, եւ կը խորհիմ որ նոյնն է պարագան աշխարհին՝ որուն մէջ ապրած ենք անցեալ 2,000 տարիներուն ընթացքին»։—Նախաբան, Two Thousand Years—The First Millennium։ The Birth of Christianity to the Crusades (Երկու Հազար Տարի—Առաջին Հազարամեակ. Քրիստոնէութեան Ծնունդէն Մինչեւ Խաչակրութիւնները)
«Քրիստոնէութեան» նկատմամբ այս հաստատումը կու գայ Անգլիացի հեղինակ ու հաղորդավար՝ Մելվին Պրէկէն։ Իր խօսքերը երկրի միլիոնաւոր բնակիչներուն զգացումը կ’արձագանգեն, որոնք նման հսկայական պարտք ու հաւատարմութեան զգացում ունին կրօնքի մը հանդէպ։ Անոնք համոզուած են որ կրօնքը իրենց կեանքին մէջ դէպի լաւը մղող զօրաւոր ոյժ մըն է։ Օրինակ՝ հեղինակ մը կ’ըսէ թէ Իսլամութիւնը «մեծ քաղաքակրթութիւն մը ներշնչած է, . . . որ համայն աշխարհը հարստացուած է»։
Կրօնքին Դերը՝ Լա՞ւ թէ Վատ
Պրէկին յաջորդ խօսքերը, սակայն, լուրջ հարց մը կը յարուցանեն ընդհանուր առմամբ կրօնքին դէպի լաւը մղող ոյժ մը ըլլալուն նկատմամբ։ Ան կ’աւելցնէ. «Քրիստոնէութիւնն ալ պարտական է ինծի բացատրութիւն մը տալ»։ Ան ի՞նչ բանի մասին բացատրութիւն կ’ուզէ։ «Մոլեռանդութեան, ամբարշտութեան, անմարդկայնութեան եւ իր ‘պատմութեան’ մեծ մասը յատկորոշող յօժարակամ տգիտութեան մասին», կ’ըսէ ան։
Շատեր համաձայն են թէ մոլեռանդութիւնը, ամբարշտութիւնը, անմարդկայնութիւնը եւ յօժարակամ տգիտութիւնը գրեթէ բոլոր կրօնքները յատկորոշած են պատմութեան ընթացքին։ Անոնց տեսակէտը այն է թէ կրօնքը առաքինութեան ու սրբութեան դրսերեւոյթին ներքեւ որպէս մարդկութեան բարերարը կը ներկայանայ, սակայն իրականութեան մէջ կեղծաւորութեամբ ու ստութիւններով լեցուն է։ (Մատթէոս 23։27, 28) A Rationalist Encyclopædia կ’ըսէ. «Մեր գրականութեան մէջ ո՛չ մէկ խօսք այնքան կրկնուած է, որքան թէ քաղաքակրթութեան կապակցաբար կրօնքը ունի մասնայատուկ արժէք, բայց իրականութեան մէջ պատմական իրողութիւնները կը հերքեն զայն»։
Առէք որեւէ լրագիր եւ պիտի գտնէք բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ, որոնք սէր, խաղաղութիւն եւ կարեկցութիւն կը քարոզեն, բայց միւս կողմէ ատելութիւն կը հրահրեն եւ Աստուծոյ անունը կը կանչեն՝ իրենց վայրագ պայքարները օրինականացնելու համար։ Զարմանալի չէ որ շատեր կը խորհին թէ կրօնքը յաճախ կործանարար ոյժ մըն է կեանքին մէջ։
Առանց Կրօնքի Աշխարհը Աւելի Լաւ կ’Ըլլա՞յ
Անգլիացի իմաստասէր Պէրթրանտ Ռասըլի նման ոմանք եզրակացուցած են թէ լաւ կ’ըլլար եթէ ժամանակի ընթացքին «կրօնական ամէն տեսակ հաւատալիք չքանար»։ Ըստ իրենց,
կրօնքին վերացումը մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն միակ մնայուն լուծումն է։ Սակայն անոնք թերեւս կ’ուզեն մոռնալ թէ կրօնքը մերժողները նոյնքան ատելութիւն ու անհանդրժողութիւն կրնան յառաջացնել որքան զայն ողջունողները։ Կրօնական նիւթեր գրող Քարէն Արմսթրոնկ մեզի կը յիշեցնէ. «Առնուազն Հօլօքօսթը ցոյց տուաւ թէ աշխարհիկ գաղափարախօսութիւնը կրնայ նոյնքան մահաբեր ըլլալ, որքան որեւէ կրօնական խաչակրութիւն»։—The Battle for God—Fundamentalism in Judaism, Christianity and Islam (Աստուծոյ Համար Պատերազմ—Ծայրայեղականութիւն՝ Հրէականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան Մէջ)Արդ, կրօնքը իրապէս դէպի լա՞ւը մղող ոյժ մըն է, թէ ոչ անիկա մարդկութեան խնդիրներուն արմատն է։ Այդ խնդիրներուն լուծումը արդեօք բոլոր կրօնքներէն ձերբազատուի՞լն է։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս մասին։ Պատասխանը կրնայ ձեզ զարմացնել։