Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկութեան խնդիրներուն արմատը կրօ՞նքն է

Մարդկութեան խնդիրներուն արմատը կրօ՞նքն է

Մարդկութեան խնդիրներուն արմատը կրօ՞նքն է

«ԵՐԲ կրօնքը պայքար չի քաջալերեր, որպէս թմրեցուցիչ կը գործէ, մարդոց խղճմտանքը բթացնելով եւ մարդկային ուղեղը պատրանքներով լեցնելով, որոնք կ’օգնեն անհաճոյ իրողութիւններէն խոյս տալու։ . . . Անիկա պատճառ կ’ըլլայ որ մարդ արարածը նեղմիտ, նախապաշարուած, ատելութեամբ ու վախով լեցուած ըլլայ»։ Ասիկա գրող նախկին Մեթոտական միսիոնարը նաեւ ըսաւ. «Այս ամբաստանութիւնները ճիշդ են։ Կայ վատ ու լաւ կրօնք»։—Start Your Own Religion (Ձեր Անձնական Կրօնքը Սկսեցէք)

‘Վստահաբար ասիկա անարդար քննադատութիւն մըն է’, կրնան ըսել ոմանք։ Սակայն ո՞վ կրնայ հերքել պատմական իրողութիւնները։ Կրօնքը, որ սահմանուած է որպէս «Աստուծոյ կամ գերբնական եղողին ծառայութիւն եւ պաշտամունք», ընդհանուր առմամբ ահռելի արձանագրութիւն մը ունի։ Անիկա պէտք է մեզ լուսաւորէ ու ներշնչէ։ Բայց յաճախ անիկա պայքար, անհանդուրժողութիւն ու ատելութիւն կը յառաջացնէ։ Ինչո՞ւ։

Մոլորեցնող «Լուսաւոր Հրեշտակ»

Ըստ Աստուածաշունչին, պատասխանը պարզ է։ «Լուսաւոր հրեշտակ»ի դիրք առնելով, Բանսարկու Սատանան միլիոնաւորներ մոլորեցուցած է, որպէսզի իր ուսուցումներուն հետեւին, փոխանակ՝ Աստուծոյ։ (Բ. Կորնթացիս 11։14) Յովհաննէս առաքեալ ցոյց տուաւ որ Սատանային ազդեցութիւնը ա՛յնքան լայնատարած է, որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Յովհաննէս գիտէր որ Սատանան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։—Յայտնութիւն. 12։9

Ասոր հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Սատանան կրօնական դրութիւններ յառաջ բերած է, որ մակերեսէն սուրբ կը թուին։ Անոնք «բարեպաշտութեան դրսերեւոյթը» ունին, բայց անոնց իսկական վիճակը իրենց արտադրած չար պտուղներով յայտնաբերուած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։5, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով [ԱՎ]. Մատթէոս 7։15-20) Փոխանակ օգնելու որ մարդկութեան խնդիրները լուծուին, կրօնքը ի՛նք խնդրին մէկ մասը եղած է։

Արագօրէն այս գաղափարը մի՛ մերժէք որպէս անհամոզիչ կամ անտրամաբանական։ Մի՛ մոռնաք որ բուն խաբէութիւնը այն է թէ խաբուողը անկէ տեղեակ չէ։ Պօղոս առաքեալ ասոր մասին օրինակ մը տուաւ, երբ գրեց. «Այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։20) Այդ մարդիկը ապշահար եղած ըլլալու էին թէ իրենք դեւերը կը պաշտէին։ Անոնք կը խորհէին որ որոշ բարի աստուած մը կամ աստուածներ կը պաշտէին։ Բայց իրականութեան մէջ անոնք խաբուած էին «երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն» կողմէ, որոնք Սատանային նեցուկ կը կանգնին մարդկութիւնը մոլորեցնելու մէջ։—Եփեսացիս 6։12

Նկատի առնենք թէ Սատանան ի՛նչպէս կրցած է խաբել ու մոլորեցնել բազմաթիւ դաւանեալ Քրիստոնեաներ, որոնք անտեսած են այդ չար ազդեցութեան մասին Յովհաննէսի ազդարարութիւնը։—Ա. Կորնթացիս 10։12

Յիսուս Աստուծոյ Ուսուցումը Սորվեցուց

Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։ (Յովհաննու 7։16) Այո, ան Ամենակալ Աստուծոյ ուսուցումը սորվեցուց։ Ուստի Յիսուսի ուսուցումները զօրաւոր, կազդուրիչ ազդեցութիւն մը ունէին իր ունկնդիրներուն վրայ։ Անոնք ‘մարդոց խղճմտանքը չբթացուցին, ո՛չ ալ մարդկային ուղեղը պատրանքներով լեցուցին, որոնք կ’օգնեն անհաճոյ իրողութիւններէն խոյս տալու’։ Ընդհակառակը, Յիսուսի ուսուցումները մարդիկը կ’ազատագրէին կրօնական սխալներէ եւ մարդկային փիլիսոփայութիւններէ, որոնք պտուղն են աշխարհի մը, որուն «իմացականութիւնը խաւարած է» Բանսարկուին խաբէութեամբ։—Եփեսացիս 4։18. Մատթէոս 15։14. Յովհաննու 8։31, 32

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը ճանչցուէին ո՛չ թէ պարզապէս բարեպաշտութիւն դաւանելով, այլ Աստուծոյ սուրբ հոգիին արդիւնքը եղող գեղեցիկ յատկութիւնները արտացոլացնող հաւատքով։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Յակոբու 1։22. 2։26) Այս յատկութիւններէն ամենէն աչքառուն,– եւ անկեղծ Քրիստոնեաները բնորոշողը,– սիրոյ վեհ յատկութիւնն է։—Յովհաննու 13։34, 35

Սակայն սա հիմնական կէտին ուշադրութիւն դարձուցէք. Ո՛չ Յիսուս, ո՛չ ալ իր առաքեալները ակնկալեցին որ քրիստոնէական ժողովքը պիտի շարունակուէր իր հաստատուած կերպով։ Անոնք գիտէին թէ հաւատուրացութիւնը երեւան պիտի գար, եւ թէ որոշ ժամանակ ճշմարիտ կրօնքը շուքի մէջ պիտի մնար։

Ճշմարիտ Կրօնքը Որոշ Ժամանակ Ծածկուած

Ցորենի ու որոմի առակով, Յիսուս նախագուշակեց որ ճշմարիտ կրօնքը որոշ ժամանակ շուքի մէջ պիտի ձգուէր։ Անձամբ կարդացէք այս տեղեկութիւնը Մատթէոս 13։24-30, 36-43–ի մէջ։ Յիսուս արտի մը մէջ ցորեն՝ «բարի սերմ» ցանեց, որ կը պատկերացնէր իր հաւատարիմ աշակերտները, որոնք պիտի կազմէին առաջին քրիստոնէական ժողովքը։ Ան զգուշացուց որ «թշնամին»՝ Բանսարկու Սատանան՝ ժամանակ մը ետք ցորենի արտին մէջ «որոմ» պիտի ցանէր. մարդիկ՝ որոնք կը դաւանին Յիսուս Քրիստոսի հետեւիլ, սակայն իրականութեան մէջ կը մերժեն իր ուսուցումները։

Յիսուսի առաքեալներուն մահուընէ անմիջապէս ետք, անհատներ ի յայտ եկան, որոնք փաստացիօրէն «որոմ» էին. անոնք մարդկային խեղաթիւրուած ուսուցումներուն նախապատուութիւն տուին, քան՝ «Տէրոջը խօսք»ին։ (Երեմեայ 8։8, 9. Գործք 20։29, 30) Որպէս հետեւանք, աղաւաղուած ու կեղծ Քրիստոնէութիւն մը երեւան եկաւ աշխարհի թատերաբեմին վրայ։ Անիկա կը ղեկավարուէր ապականած կղեր դասակարգով մը, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ «անօրէնը», որ «անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնով» յատկորոշուած էր։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-11) Յիսուս նախագուշակեց որ այս վիճակը պիտի փոխուէր ‘աշխարհի վախճանին’։ Ցորենանման Քրիստոնեաները միութեան մէջ պիտի ժողվուէին, իսկ «որոմ»ը ի վերջոյ պիտի կործանուէր։

Այս կեղծ Քրիստոնէութիւնն է պատասխանատուն «դարերու ամբողջական բարբարոսութեան» ու հոգեւոր խաւարին, որ պատեց Քրիստոնեայ Աշխարհը՝ յաջորդող դարերուն։ Ասիկա ու անկէ ի վեր կրօնքի անունով կատարուած բոլոր այլ անշնորհք ու վայրագ արարքները նախատեսելով, Պետրոս առաքեալ տեղին ըլլալով նախագուշակեց թէ «անոնց պատճառով ճշմարտութեան ճամբան պիտի հայհոյուի»։—Բ. Պետրոս 2։1, 2, ԱՎ

«Կատաղութեան ու Ատելութեան Աստուածաբանութիւն մը»

Միայն Քրիստոնեայ Աշխարհը չէ որ կրօնքը վատահամբաւած է։ Օրինակ, խորհեցէք ‘ռազմաշունչ բարեպաշտութեան’ ծայրայեղական տարբերակներուն մասին, որ նախկին միանձնուհի Քարէն Արմսթրոնկ կ’ըսէ թէ ծագում առած են «աւանդական բոլոր գլխաւոր կրօնքներէն»։ Ըստ Արմսթրոնկի, որեւէ կրօնքի հիմնական մէկ փորձը այն է, թէ անիկա «գործնական կարեկցութեան» պէտք է առաջնորդէ։ Ի՞նչ եղած է ծայրայեղական կրօնքներուն արձանագրութիւնը այս ուղղութեամբ։ Ան կը գրէ. «Ծայրայեղական հաւատքը՝ ըլլայ հրէական, քրիստոնէական թէ իսլամական, այս հիմնական փորձին մէջ կը ձախողի, երբ կատաղութեան ու ատելութեան աստուածաբանութիւն մը կը դառնայ»։ (Աստուծոյ Համար Պատերազմ—Ծայրայեղականութիւն՝ Հրէականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան Մէջ) Բայց միայն «ծայրայեղական» կոչուած կրօնքնե՞րն են որ ձախողած են այս փորձին մէջ եւ «կատաղութեան ու ատելութեան աստուածաբանութիւն մը» դարձած են։ Պատմութեան կարծիքը տարբեր է։

Սատանան սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւն մը կերտած է, որ կատաղութեամբ, ատելութեամբ եւ գրեթէ անվերջ արիւնահեղութեամբ յատկորոշուած է։ Աստուածաշունչը այս կայսրութիւնը կը կոչէ «Մեծ Բաբելոն՝ . . . երկրի պղծութիւններուն մայրը», եւ անիկա պատկերացուած է իբր պոռնիկ մը որ գազանանման քաղաքական դրութեան մը վրայ հեծած է։ Ուշադրութեան արժանի է որ ան համարատու է ‘երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արեան’ համար։—Յայտնութիւն 17։4-6. 18։24

Բոլորն Ալ Խաբուած Չեն

Պատմութիւնը կ’ապացուցանէ որ բոլորն ալ խաբուած չեն։ Մելվին Պրէկ կը նշէ որ նոյնիսկ ամենէն խաւար ժամանակներուն, «բազմաթիւ գովելի անհատներ բարիք ըրին, երբ իրենց շուրջը գտնուողները մեծաւ մասամբ չար էին»։ Անկեղծ Քրիստոնեաները շարունակեցին Աստուած պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։21-24) Անոնք հեռու մնացին համաշխարհային կրօնական դրութենէ մը որ պոռնկութիւն կ’ընէր՝ «ռազմական ոյժին աջակցելով»։ Անոնք մերժեցին միջամուխ ըլլալ Եկեղեցիին ու Պետութեան միջեւ գտնուած յարաբերութեան, որ պատմութիւնը կը յայտնէ որպէս «Սատանայի կողմէ կատարուած դաշինք, քան՝ Նազովրեցի Յիսուսի կողմէ»։—Two Thousand Years—The Second Millennium։ From Medieval Christendom to Global Christianity (Երկու Հազար Տարի—Երկրորդ Հազարամեակ. Միջնադարեան Քրիստոնեայ Աշխարհէն Մինչեւ Համաշխարհային Քրիստոնէութիւնը)

Աւելի վերջերս, Եհովայի Վկաները աչքի զարկած են դէպի լաւը իրենց ունեցած ազդեցութեան համար։ Սուտ կրօնքէ վարակուելէ զերծ մնալու համար, անոնք իրենց հաւատալիքներն ու արարքները հիմնած են միմիայն Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Իսկ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, անոնք հետեւած են ‘աշխարհէ չըլլալու’ Յիսուսի պատուէրին։ (Յովհաննու 15։17-19. 17։14-16) Օրինակ, Նացի Գերմանիայի մէջ անոնք մերժեցին զիջումներ ընել քրիստոնէական սկզբունքներուն մէջ, հետեւաբար ընդունելի տարրեր չէին ըստ Նացի գաղափարախօսութեան։ Ասոր համար Հիթլեր զանոնք ատեց։ Դպրոցական դասագիրք մը կ’ըսէ. «Եհովայի Վկաները . . . հետեւեցան որեւէ դատի համար զէնք չբարձրացնելու Աստուածաշունչի ուսուցումին։ Ուստի անոնք մերժեցին բանակին մէջ ծառայել, կամ Նացիներու հետ որեւէ կապ ունենալ։ Իբր փոխվրէժ, Էս. Էս.–ը Եհովայի Վկաներու ամբողջ ընտանիքներ բանտարկեց»։ (Germany—1918-45) Արդարեւ Գերմանիայի մէջ հարիւրաւոր Եհովայի Վկաներ մահացան Նացիներու հալածանքին պատճառով։

Անշուշտ այլ կրօնքներու պատկանող քաջ անհատներ ալ իրենց հաւատալիքներուն համար տառապեցան։ Բայց Եհովայի Վկաները ասիկա ըրին որպէս միասնական կրօնական մարմին։ Գրեթէ բոլորը զօրաւոր կերպով կառչեցան սուրբ գրային հիմնական սկզբունքին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29. Մարկոս 12։17

Խնդրին Արմատը

Արդ, մասա՛մբ ճշմարիտ է թէ մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն արմատը կրօնքն է։ Սուտ կրօնքը ամբողջ պատճառն է։ Սակայն Աստուած մտադրած է շուտով ամբողջ սուտ կրօնքը չքացնել։ (Յայտնութիւն 17։16, 17. 18։21) Արդարութիւնն ու իրաւունքը սիրողներուն ան հետեւեալ պատուէրը կու տայ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն [այսինքն՝ Մեծն Բաբելոնէն, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն], իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք. վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց»։ (Յայտնութիւն 18։4, 5) Այո, Աստուած մեծապէս նախատուած է այն կրօնքին կողմէ որ ‘պայքար կը քաջալերէ, մարդոց խղճմտանքը կը բթացնէ, մարդկային ուղեղը պատրանքներով կը լեցնէ, որոնք կ’օգնեն անհաճոյ իրողութիւններէն խոյս տալու, եւ պատճառ կ’ըլլայ որ մարդիկ նեղմիտ, նախապաշարուած, ատելութեամբ ու վախով լեցուած ըլլան’։

Մինչ այդ, Աստուած ճշմարտութիւն սիրողները մաքուր կրօնքին մէջ կը հաւաքէ։ Անիկա այն կրօնքն է որ սիրալիր, արդար ու կարեկից Ստեղծիչի մը սկզբունքներուն եւ ուսուցումներուն կը կառչի։ (Միքիայ 4։1, 2. Սոփոնեայ 3։8, 9. Մատթէոս 13։30) Դո՛ւք ալ կրնաք անոր մաս կազմել։ Եթէ մաքուր կրօնքը բնորոշելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ կ’ուզէք, ազատ զգացէք այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրել, կամ ոեւէ Եհովայի Վկայի մը հարցնել։

[Նկար՝ էջ 7]

Ամէն ենթահողէ եղող անհատներ ուրախութիւն գտած են մաքուր կրօնքին մէջ