Մխիթարութիւն՝ տառապեալներուն
Մխիթարութիւն՝ տառապեալներուն
ԱՆՑԵԱԼԻՆ, երբ հաւատարիմ այրեր ու կիներ վշտահար ըլլային, առաջնորդութեան համար սրտանց Աստուծոյ կ’աղօթէին։ Բայց միեւնոյն ատեն, իրենց տառապանքը մեղմացնելու համար անոնք նախաքայլեր կ’առնէին, ինչպէս՝ իրենց հարստահարիչներէն ազատելու համար հնարամտութիւն գործածելով։ Օրինակ, Եհովայի ապաւինիլը եւ իր կողմէ թափուած ջանքը կարելի դարձուցին որ Դաւիթ հակառակութեան տոկայ։ Ի՞նչ է մեր պարագան այսօր։
Երբ տառապիք, հաւանաբար ձեր խնդիրը լուծելու համար քայլեր կ’առնէք։ Օրինակ, երբ ձեր գործը կորսնցնէք, ջանք չէ՞ք թափեր յարմար գործ մը գտնելու համար, որպէսզի ձեր ու ձեր ընտանիքին պէտքերը հոգաք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Կամ եթէ ֆիզիքական հիւանդութենէ մը կը տառապիք, բժշկական օգնութիւն չէ՞ք փնտռեր։ Հետաքրքրական է որ Յիսուս, որ ամէն տեսակ հիւանդութիւններ բուժելու զօրութիւն ստացած էր Աստուծմէ, ընդունեց թէ ‘հիւանդները բժիշկի պէտք ունին’։ (Մատթէոս 9։12) Այսուհանդերձ, ձեր նեղութիւնները թերեւս չանհետանան, եւ ստիպուած ըլլաք շարունակել որոշ չափով անոնց տոկալ։
Ինչո՞ւ հարցը աղօթքով Եհովա Աստուծոյ չներկայացնէք։ Օրինակ, երբ գործ մը կը փնտռենք, աղօթքով Աստուծոյ ապաւինիլը մեզի պիտի օգնէ որ չընդունինք գործ մը որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ է։ Նաեւ պիտի խուսափինք ‘հաւատքէն մոլորելէ’ ագահութեան կամ դրամասիրութեան պատճառով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Արդարեւ երբ գործի, ընտանիքի կամ առողջութեան մասին կարեւոր որոշումներ կը կայացնենք, կրնանք Դաւիթի յորդորին անսալ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։—Սաղմոս 55։22
Սրտագին աղօթքը մեզի կ’օգնէ նաեւ որ մտային հաւասարակշռութիւն պահենք, որպէսզի մեր տառապանքը չընկճէ մեզ։ Անկեղծ Քրիստոնեայ մը ըլլալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։ Ջերմեռանդ աղօթքը ի՞նչ կերպով կրնայ մխիթարել մեզ։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Աստուծոյ խաղաղութիւնը «ամէն մտքէ վեր է»։ Հետեւաբար, կրնայ մեզ հաստատել երբ նեղացուցիչ զգացումներով ծանրաբեռնուած ըլլանք։ Անիկա ‘մեր սրտերը ու մտքերը պիտի պահպանէ’, մեզի օգնելով որ հապճեպով ու անխոհեմութեամբ չվարուինք, ինչ որ միայն կը ծանրացնէ մեր տառապանքը։
Աղօթքը կրնայ կացութեան մը փոխուելուն նպաստել։ Երբ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր, հեզօրէն խնդրեց հաւատակից Քրիստոնեաներէն որ իրեն համար աղօթեն։ Պօղոս ինչո՞ւ ասիկա խնդրեց։ «Մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք», գրեց անոնց, «որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ»։ (Եբրայեցիս 13։19) Ուրիշ խօսքով, Պօղոս գիտէր որ երբ Եհովա լսէր իր հաւատակիցներուն յարատեւ աղօթքները, ասիկա կրնար տարբերութիւն մը ընել թէ ե՛րբ բանտէն պիտի արձակուէր։—Փիլիմոն 22
Աղօթքը մեր տառապանքին հետեւանքը կը փոխէ՞։ Ան կրնայ փոխել։ Բայց պէտք է գիտակցինք թէ Եհովա Աստուած թերեւս մեր աղօթքին չպատասխանէ մեր նախընտրած կերպով։ Պօղոս մի քանի անգամ աղօթեց իր «մարմնի խայթոց»ին համար, որ թերեւս ֆիզիքական խնդիր մըն էր։ Փոխանակ այդ տառապանքը վերցնելու, Աստուած Պօղոսի ըսաւ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։—Բ. Կորնթացիս 12։7-9
Ուստի կրնայ ըլլալ որ մեր տառապանքը անմիջապէս չանյայտանայ։ Սակայն առիթը պիտի ունենանք ապացուցանելու որ մեր երկնաւոր Հօրը կ’ապաւինինք։ (Յակոբու 1։2-4) Վստահ եղէք որ եթէ նոյնիսկ Եհովա Աստուած մեր տառապանքը չվերցնէ, ‘ազատութեան միջոց մը կրնայ տալ, որպէս զի կարենանք համբերել’։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Նկատողութեան արժանի է որ Եհովա կոչուած է «ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Աստուած մեզի պէտք եղածը կրնայ տալ որ տոկանք, եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունինք։
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ Եհովա «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Առանց տառապանքի աշխարհ մը անհաւատալի՞ կը թուի։ Կրնայ ըլլալ, եթէ միշտ անբարենպաստ պայմաններու մէջ ապրած էք։ Այսուհանդերձ, վախէ ու չարիքէ ազատագրումը Աստուծոյ խոստումն է, եւ իր նպատակը անտարակոյս պիտի յաջողի։—Եսայեայ 55։10, 11
[Նկարներ՝ էջ 31]
Յուսահատութիւն՝ ապա սփոփում