Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին

Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին

Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին

«Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։15, Անթիլիաս

1. Ի՞նչ փոփոխութիւններ դժուարութիւն կը յարուցանեն մեր հոգեւոր բարօրութեան։

ՄԵԶ շրջապատող աշխարհը յարափոփոխ է։ Կը տեսնենք գիտական ու արուեստագիտական տպաւորիչ յառաջդիմութիւն մը, միեւնոյն ատեն՝ բարոյական արժէքներու հսկայական անկում մը։ Ինչպէս նկատի առինք նախորդ յօդուածին մէջ, Քրիստոնեաները Աստուծոյ հակառակող աշխարհի հոգիին պէտք է դէմ դնեն։ Բայց մինչ աշխարհ կը փոխուի, մենք ալ կը փոխուինք շատ մը կերպերով։ Մանկութենէն չափահասութեան կ’անցնինք։ Թերեւս հարստութիւն, առողջութիւն եւ սիրելիներ շահինք կամ կորսնցնենք։ Այսպիսի շատ մը փոփոխութիւններ մեզմէ կախեալ չեն, եւ կրնան նոր ու հսկայական դժուարութիւններ յարուցանել մեր հոգեւոր բարօրութեան։

2. Դաւիթի կեանքը ի՞նչպէս փոփոխութիւն կրեց։

2 Քիչեր իրենց կեանքին մէջ ա՛յնքան արմատական փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին, որքան Յեսսէի որդին՝ Դաւիթ ենթարկուեցաւ։ Դաւիթ որպէս հովիւ տղեկ իր աննշան վիճակէն անմիջապէս համբաւի տիրացաւ իբր ազգային հերոս։ Հետագային ան փախստական եղաւ, հետապնդուելով նախանձ թագաւորի մը կողմէ։ Անկէ ետք Դաւիթ՝ թագաւոր ու յաղթող եղաւ։ Ան լուրջ մեղքի մը ցաւալի հետեւանքները կրեց։ Իր ընտանիքին մէջ ողբերգութիւն ու բաժանում տեսաւ։ Ան հարստացաւ, ծերացաւ եւ յառաջացած տարիքի տկարութիւնները ապրեցաւ։ Սակայն հակառակ իր կեանքին մէջ եղած բազմաթիւ փոփոխութիւններուն, Դաւիթ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան վստահեցաւ ու ապաւինեցաւ Եհովայի ու Իր հոգիին։ Ան ջանաց «Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ», եւ Աստուած օրհնեց զինք։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15, Անթիլիաս) Թէեւ մեր պարագաները Դաւիթի պարագաներէն տարբեր են, բայց իր կեանքին մէջ հարցերը ձեռք առնելու իր կերպէն կրնանք սորվիլ։ Իր օրինակը կրնայ մեզի օգնել հասկնալու թէ ի՛նչպէս կրնանք շարունակ Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը ունենալ, մինչ կեանքի փոփոխութիւններ կը դիմագրաւենք։

Դաւիթի Խոնարհութիւնը՝ Գեղեցիկ Օրինակ մը

3, 4. Դաւիթ ի՞նչպէս աննշան հովիւ տղեկ մը ըլլալէն ազգային համբաւի տիրացաւ։

3 Որպէս տղեկ, Դաւիթ աչքի զարնող մէկը չէր, նոյնիսկ իր ընտանիքին մէջ։ Երբ Սամուէլ մարգարէն Բեթլեհէմ եկաւ, Դաւիթի հայրը իր ութ տղոցմէն միայն եօթն ներկայացուց իրեն։ Կրտսեր որդին՝ Դաւիթը թողուած էր որ ոչխարներուն հոգ տանի։ Սակայն Եհովա Դաւիթը ընտրած էր Իսրայէլի ապագայ թագաւորը ըլլալու։ Դաւիթը դաշտէն կանչեցին։ Անկէ ետք, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ»։ (Ա. Թագաւորաց 16։12, 13) Դաւիթ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան այդ հոգիին ապաւինեցաւ։

4 Այս հովիւ տղեկը շուտով ազգային համբաւի պիտի տիրանար։ Ան կանչուեցաւ որ թագաւորին սպասարկէր ու անոր համար նուագէր։ Ան սպաննեց ռազմիկ Գողիաթը, այն կատաղի հսկան, որուն դէմ ելլելու կը վախնային նոյնիսկ Իսրայէլի ամենէն մարզուած զինուորները։ Պատերազմող մարդոց առաջնորդը նշանակուելով, Դաւիթ յաջողութեամբ կռուեցաւ Փղշտացիներուն դէմ։ Ժողովուրդը սիրեց զինք։ Անոնք զինք գովաբանող երգեր յօրինեցին։ Սաւուղ թագաւորին մէկ խրատատուն նախապէս պատանի Դաւիթը նկարագրած էր ո՛չ միայն որպէս ‘քնար զարնել գիտցող’ մէկը, այլ նաեւ որպէս «զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մը»։—Ա. Թագաւորաց 16։18. 17։23, 24, 45-51. 18։5-7

5. Ի՞նչ բան կրնար Դաւիթը յոխորտ դարձնել, բայց ի՞նչպէս գիտենք թէ պարագան այդ չէր։

5 Դաւիթ ամէն ցանկալի յատկութիւն ունէր. համբաւ, գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն, պերճախօսութիւն, երաժշտական հմտութիւններ, զինուորական փորձառութիւն եւ Աստուծոյ հաճութիւնը։ Ասոնցմէ որեւէ մէկը կրնար զինք յոխորտ դարձնել, բայց այդ չէր պարագան։ Երբ Սաւուղ թագաւոր իր աղջիկը Դաւիթի կնութեան տալ առաջարկեց, իսկական խոնարհութեամբ Դաւիթ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։ (Ա. Թագաւորաց 18։18) Այս համարը մեկնաբանելով, ուսումնական մը գրեց. «Դաւիթ ըսել կ’ուզէր որ ո՛չ անհատական գետնի վրայ, ո՛չ ընկերային մակարդակի պատճառով, ո՛չ ալ իր զարմին շնորհիւ կրնար թագաւորին փեսան ըլլալու պատիւին արժանի ըլլալու ամենափոքր հաւանականութիւնը ունենալ»։

6. Ինչո՞ւ խոնարհութիւն պէտք է մշակենք։

6 Դաւիթի խոնարհութիւնը հիմնուած էր իր գիտակցութեան վրայ թէ Եհովա անկատար մարդոցմէ ամէն կերպով գերազանցօրէն գերակայ է։ Ան սքանչացաւ որ Աստուած նոյնիսկ կը նշմարէ մարդը։ (Սաղմոս 144։3) Դաւիթ նաեւ գիտցաւ որ իր ունեցած որեւէ մեծութիւն Եհովայի ցուցաբերած խոնարհութեան պատճառով էր, ինքզինք ցածցնելով որ զինք պահպանէր ու իրեն հոգ տանէր։ (Սաղմոս 18։35) Ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը մեզի համար։ Մեր տաղանդները, իրագործումները եւ առանձնաշնորհումները բնաւ պէտք չէ մեզ ինքնահաւան դարձնեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ի՞նչ ունիս՝ որ չես ստացած. ու եթէ ստացար, ինչո՞ւ կը պարծենաս՝ իբր թէ ստացած չըլլաս»։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանալու եւ Իր հաճութիւնը վայելելու համար, խոնարհութիւն պէտք է մշակենք ու պահպանենք։—Յակոբու 4։6

«Վրէժխնդրութիւն Մի՛ Ընէք Ձեր Անձերուն Համար»

7. Սաւուղ թագաւորը սպաննելու ի՞նչ առիթ ներկայացաւ Դաւիթի։

7 Մինչ Դաւիթի համբաւը իր սիրտին մէջ հպարտութիւն չյառաջացուց, անիկա սպաննելու տանող նախանձ մը արթնցուց Սաւուղ թագաւորին մէջ, որմէ Աստուծոյ հոգին հեռացած էր։ Դաւիթ սխալ մը գործած չըլլալով հանդերձ, իր կեանքը ազատելու համար փախաւ ու անապատին մէջ ապրեցաւ։ Երբ անգթօրէն Դաւիթը կը հալածէր, Սաւուղ թագաւոր առիթով մը քարայր մը մտաւ, չգիտնալով որ Դաւիթ ու իր մարդիկը հոն պահուըտած էին։ Դաւիթի մարդիկը զինք յորդորեցին որ երեւութապէս Աստուծոյ կողմէ տրուած առիթը օգտագործէ ու Սաւուղը սպաննէ։ Կրնանք երեւակայել որ անոնք մթութեան մէջ Դաւիթի ականջին կը փսփսան. «Ահա՛ օրը որուն մասին Տէրը քեզի ըսաւ. ‘Ահա՛ քու թշնամիդ ձեռքդ պիտի մատնեմ, որ քեզի հաճելի եղածը ընես անոր’»։—Ա. Թագաւորաց 24։3-7, ԱՎ

8. Դաւիթ ինչո՞ւ վրէժ առնելէ ետ կեցաւ։

8 Դաւիթ մերժեց Սաւուղի վնաս հասցնել։ Հաւատք ու համբերութիւն ցոյց տալով, ան գոհացաւ հարցը Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգել։ Թագաւորը քարայրէն ելլելէն ետք, Դաւիթ անոր ետեւէն պոռալով՝ ըսաւ. «Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ»։ (Ա. Թագաւորաց 24։13) Թէեւ գիտցաւ որ Սաւուղ սխալի մէջ էր, Դաւիթ վրէժ չլուծեց, ո՛չ ալ անարգանքով խօսեցաւ անոր հետ կամ անոր մասին։ Ուրիշ առիթներով ալ Դաւիթ հարցերը իր ձեռքը առնելէն ետ կեցաւ։ Ան Եհովայի ապաւինեցաւ որ հարցերը շտկէ։—Ա. Թագաւորաց 25։32-34. 26։10, 11

9. Երբ հալածանքի կամ հակառակութեան հանդիպինք, ինչո՞ւ պէտք չէ վրէժ լուծենք։

9 Դաւիթի նման դուք ալ դժուար կացութեան մէջ կրնաք գտնուիլ։ Թերեւս հալածուած կամ հակառակութեան հանդիպած էք ձեր դասընկերներուն, գործակիցներուն, ընտանիքի անդամներուն կամ ուրիշներու կողմէ, որոնք ձեր հաւատքը չեն բաժներ։ Վրէժ մի՛ լուծէք։ Եհովայի սպասեցէք, իր սուրբ հոգին խնդրելով որ ձեզի օգնէ։ Կրնայ ըլլալ որ այդ անհաւատները ձեր լաւ վարմունքէն ազդուին ու հաւատացեալ ըլլան։ (Ա. Պետրոս 3։1) Ամէն պարագայի, վստահ եղէք որ Եհովա կը տեսնէ ձեր վիճակը եւ յարմար ժամանակին բան մը պիտի ընէ անոր համար։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Հռովմայեցիս 12։19

«Խրատի Մտիկ Ըրէք»

10. Դաւիթ ի՞նչպէս մեղքի մէջ ինկաւ, եւ ի՞նչպէս փորձեց զայն ծածկել։

10 Տարիներ անցան։ Դաւիթ սիրելի ու շատ աչքառու թագաւոր մը եղաւ։ Ուշագրաւ հաւատարմութեան իր ընթացքը եւ Եհովան փառաբանող իր գրած գեղեցիկ սաղմոսները, դիւրաւ կրնային այն տպաւորութիւնը ձգել թէ այս մարդը բնաւ լուրջ մեղք մը պիտի չգործէ։ Այսուհանդերձ ան ծանր մեղքի մէջ ինկաւ։ Օր մը թագաւորը տանիքէն տեսաւ գեղեցիկ կին մը, որ կը լուացուէր։ Անոր մասին հարցուփորձ ըրաւ։ Տեղեկանալով որ կինը Բերսաբէն էր եւ թէ անոր ամուսինը՝ Ուրիան պատերազմի գացած էր, Դաւիթ կինը իր քով բերել տուաւ ու անոր հետ պառկեցաւ։ Հետագային իմացաւ որ կինը յղի էր։ Եթէ հարցը երեւան ելլէր, ի՜նչ մեծ խայտառակութիւն պիտի պատճառէր։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, շնացողը մահապատիժի կ’ենթարկուէր։ Թագաւորը հաւանաբար մտածեց որ կարելի է մեղքը ծածկել։ Ուստի ան պատգամ ղրկեց բանակին, պատուիրելով որ Ուրիան Երուսաղէմ վերադառնայ։ Դաւիթ կը յուսար որ Ուրիան գիշերը Բերսաբէի հետ պիտի անցընէր, բայց այդպէս չեղաւ։ Ճարահատ ըլլալով, Դաւիթ Ուրիան ետ ղրկեց պատերազմի, անոր հետ նամակ մը յղելով զօրապետ Յովաբին։ Նամակը կը պատուիրէր որ Ուրիան պատերազմի մէջ այնպիսի դիրքի վրայ դրուէր որ մահը անխուսափելի ըլլար։ Յովաբ հնազանդեցաւ, եւ Ուրիան սպաննուեցաւ։ Բերսաբէ սուգի սովորական ժամանակը պահելէ ետք, Դաւիթ զինք որպէս կին առաւ։—Բ. Թագաւորաց 11։1-27

11. Նաթան ի՞նչ պարագայ ներկայացուց Դաւիթի, եւ ան ի՞նչպէս հակազդեց։

11 Ըստ երեւոյթին ծրագիրը յաջողած էր, թէեւ Դաւիթ գիտցած ըլլալու էր որ Եհովայի համար հարցը յայտնի էր։ (Եբրայեցիս 4։13) Ամիսներ անցան ու երախան ծնաւ։ Ապա, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ Նաթան մարգարէն Դաւիթի քով գնաց։ Մարգարէն թագաւորին պարզեց պարագայ մը, որուն մէջ շատ ոչխարներ ունեցող հարուստ մարդ մը մորթեց թշուառ մարդու մը ունեցած սիրելի միակ ոչխարը։ Պատմութիւնը Դաւիթի արդարութեան զգացումին դպաւ, առանց յայտնելու թէ ետին իմաստ մը ունէր։ Դաւիթ հապճեպով դատապարտեց հարուստ մարդը ու զայրացած ըսաւ Նաթանին. «Այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է»։—Բ. Թագաւորաց 12։1-6

12. Դաւիթ Եհովայի կողմէ ի՞նչ դատավճիռ ստացաւ։

12 «Այդ մարդը դո՛ւն ես», պատասխանեց մարգարէն։ Դաւիթ ինքզինք դատապարտած էր։ Անկասկած Դաւիթի բարկութիւնը շուտով խոր ամօթի ու վիշտի տեղ տուաւ։ Զարհուրած ան լսեց Նաթանի ըսած Եհովայի անխուսափելի դատավճիռը։ Մխիթարական խօսքեր չըսուեցան։ Դաւիթ արհամարհած էր Եհովայի խօսքը, ընելով ինչ որ չար էր։ Ան թշնամիին սուրով Ուրիան չսպաննե՞ց։ Սուրը պակաս պիտի չըլլար Դաւիթի տունէն։ Ան Ուրիայի կինը գաղտնօրէն չառա՞ւ։ Նոյն չարիքը պիտի գար իր գլուխին, ո՛չ թէ գաղտնաբար, այլ՝ հանրապէս։—Բ. Թագաւորաց 12։7-12

13. Դաւիթ Եհովայի խրատին ի՞նչպէս հակազդեց։

13 Բարեբախտաբար, Դաւիթ չուրացաւ իր յանցապարտութիւնը։ Ան չզայրացաւ Նաթան մարգարէին դէմ։ Ան իր ըրածին համար ուրիշը չմեղադրեց, ո՛չ ալ փորձեց ինքզինք արդարացնել։ Իր մեղքերուն հետ դէմ յանդիման գալով, Դաւիթ իր վրայ առաւ պատասխանատուութիւնը՝ ըսելով. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ (Բ. Թագաւորաց 12։13) 51–րդ Սաղմոսը ցոյց կու տայ իր յանցանքին տառապանքը եւ իր զղջումին խորութիւնը։ Ան Եհովայի պաղատեցաւ. «Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր ու քու սուրբ հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ»։ Ան գիտակցեցաւ որ Եհովա ողորմած ըլլալով պիտի չանարգէր մեղքին պատճառով «կոտրած ու խոնարհ սիրտը»։ (Սաղմոս 51։11, 17) Դաւիթ շարունակեց Աստուծոյ հոգիին ապաւինիլ։ Թէեւ Եհովա չպահպանեց Դաւիթը իր մեղքին դառն հետեւանքներէն, բայց անոր ներեց։

14. Եհովայի խրատին ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

14 Բոլորս ալ անկատար ենք ու կը մեղանչենք։ (Հռովմայեցիս 3։23) Երբեմն լուրջ մեղքի մէջ կ’իյնանք, Դաւիթի նման։ Ճիշդ ինչպէս որ սիրալիր հայր մը կը խրատէ իր զաւակները, նոյնպէս Եհովա կը սրբագրէ իրեն ծառայողները։ Թէեւ խրատը օգտակար է, բայց զայն ընդունիլը հեշտ չէ։ Իրականութեան մէջ, երբեմն անիկա ‘կը տրտմեցնէ’։ (Եբրայեցիս 12։6, 11) Բայց ‘խրատը մտիկ ընելով’, կրնանք հաշտուիլ Եհովայի հետ։ (Առակաց 8։33) Եհովայի հոգիին օրհնութիւնը շարունակ վայելելու համար, սրբագրութիւն պէտք է ընդունինք ու ջանանք Աստուած հաճեցնել։

Անստոյգ Հարստութեան Մի՛ Յուսաք

15. (ա) Ոմանք իրենց հարստութիւնը ի՞նչ կերպերով կը գործածեն։ (բ) Դաւիթ փափաքեցաւ իր հարստութիւնը ի՞նչպէս գործածել։

15 Ըստ երեւոյթին, Դաւիթ ո՛չ կարկառուն ծագում ունէր, ո՛չ ալ հարուստ ընտանիքէ էր։ Սակայն իր իշխանութեան ընթացքին, ան հսկայական հարստութիւն ձեռք ձգեց։ Ինչպէս գիտէք, շատեր կը մթերեն իրենց հարստութիւնը, ագահօրէն կը ջանան աւելցնել զայն կամ անձնասիրաբար կը ծախսեն զայն։ Ուրիշներ իրենց դրամը կը գործածեն փառաւորուելու համար։ (Մատթէոս 6։2) Դաւիթ իր հարստութիւնը տարբեր կերպով գործածեց։ Ան կը տենչար Եհովան պատուել։ Դաւիթ Նաթանի յայտնեց Եհովայի համար տաճար մը շինելու իր ցանկութիւնը, որպէսզի ուխտին տապանակը անոր մէջ դրուէր, որ այն ատեն Երուսաղէմ կը գտնուէր՝ «վրանի մէջ»։ Եհովա Դաւիթի դիտաւորութիւններուն հաւնեցաւ, բայց Նաթանի միջոցով անոր ըսաւ որ իր որդին՝ Սողոմոն պիտի շինէր տաճարը։—Բ. Թագաւորաց 7։1, 2, 12, 13

16. Դաւիթ ի՞նչ պատրաստութիւն տեսաւ տաճարի շինարարութեան համար։

16 Դաւիթ շինարարական այս հսկայ ծրագրին համար նիւթեր պատրաստեց։ Ան Սողոմոնի ըսաւ. «Տէրոջը տանը համար՝ հարիւր հազար տաղանդ ոսկի ու միլիոն տաղանդ արծաթ պատրաստեցի. իսկ պղինձն ու երկաթը այնքան շատ են, որ կշռել կարելի չէ փայտեր ու քարեր ալ պատրաստեցի։ Անոնց վրայ դուն ալ աւելցուր»։ Իր անձնական հարստութենէն, Դաւիթ 3,000 տաղանդ ոսկի ու 7,000 տաղանդ արծաթ նուիրեց։ * (Ա. Մնացորդաց 22։14. 29։3, 4) Դաւիթի առատաձեռն նուիրատուութիւնը ցուցամոլութիւն չէր, այլ՝ անով կը յայտնէր իր հաւատքն ու նուիրումը Եհովա Աստուծոյ հանդէպ։ Իր հարստութեան Աղբիւրը ընդունելով, ան Եհովայի ըսաւ. «Ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք»։ (Ա. Մնացորդաց 29։14) Դաւիթի առատաձեռն սիրտը զինք մղեց որ իր ձեռքէն եկածը ընէ մաքուր պաշտամունքը յառաջացնելու համար։

17. Ա. Տիմոթէոս 6։17-19–ի խրատը ի՞նչպէս կը կիրարկուի թէ՛ հարուստներուն եւ թէ աղքատներուն։

17 Նմանապէս մեր ինչքը գործածենք բարիք ընելու համար։ Փոխանակ նիւթապաշտական ապրելակերպ հետապնդելու, նախընտրելի է Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռել, որ է իրական իմաստութեան եւ ուրախութեան ուղին։ Պօղոս գրեց. «Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու. բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Մեր տնտեսական վիճակը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուծոյ հոգիին ապաւինինք եւ այնպիսի կենցաղ մը հետապնդենք, որ մեզ ‘Աստուծոյ աչքին հարուստ’ պիտի դարձնէ։ (Ղուկաս 12։21) Ո՛չ մէկ բան այնքան արժէքաւոր է, որքան մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր հաճութեան արժանանալը։

Աստուծոյ Աչքին Ընտիր Եղէք

18. Դաւիթ ի՞նչ կերպով լաւ օրինակ հանդիսացաւ Քրիստոնեաներուն։

18 Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Դաւիթ ջանաց Եհովայի հաճութեան արժանանալ։ Ան իր երգեցողութեան մէջ աղաղակեց. «Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, որովհետեւ իմ անձս քեզի՛ կ’ապաւինի»։ (Սաղմոս 57։1, ԱՎ) Եհովայի վրայ իր դրած վստահութիւնը ապարդիւն չէր։ Դաւիթ ծերացաւ՝ «իր օրերէն կշտացած»։ (Ա. Մնացորդաց 23։1, ԱՎ) Թէեւ Դաւիթ լուրջ սխալներ գործեց, բայց ան յիշուած է որպէս ուշագրաւ հաւատք ցուցաբերող Աստուծոյ բազմաթիւ վկաներէն մէկը։—Եբրայեցիս 11։32

19. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ։

19 Երբ ձեր կեանքի պարագաները փոխուին, յիշեցէք որ ինչպէս Եհովա կազդուրեց, զօրացուց ու խրատեց Դաւիթը, կրնայ նոյնը ընել ձեզի։ Պօղոս առաքեալ Դաւիթի նման, կեանքի մէջ շատ մը փոփոխութիւններ դիմագրաւեց, բայց ան ալ հաւատարիմ մնաց, Աստուծոյ հոգիին ապաւինելով։ Ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։12, 13) Եթէ Եհովայի ապաւինինք, մեզի պիտի օգնէ որ յաջողինք։ Ան կ’ուզէ որ յաջողինք։ Եթէ իրեն ականջ տանք ու իրեն մօտենանք, մեզի ոյժ պիտի տայ որ իր կամքը կատարենք։ Իսկ եթէ շարունակենք Աստուծոյ հոգիին ապաւինիլ, պիտի կարենանք «Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ» հիմա եւ յաւիտեան։—Բ. Տիմոթէոս 2։15, Անթիլիաս

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Դաւիթի նուիրատուութիւնը ներկայ հաշիւներով, աւելի քան 1,200,000,000 տոլար է։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Ի՞նչպէս կրնանք հպարտութենէ զգուշանալ։

• Ինչո՞ւ պէտք չէ վրէժ լուծենք։

• Խրատը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

• Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէտք է վստահինք եւ ոչ թէ հարստութեան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 24]

Դաւիթ Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցաւ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը փնտռեց։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք

[Նկար՝ էջ 26]

«Ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք»