Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գազանը եւ անոր դրոշմը բնորոշել

Գազանը եւ անոր դրոշմը բնորոշել

Գազանը եւ անոր դրոշմը բնորոշել

ԱՌԵՂԾՈՒԱԾ մը լուծել կը սիրէ՞ք։ Անշուշտ բանալիներու պէտք կ’ունենաք, որ զայն լուծէք։ Իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ, Աստուած հարկ եղած բանալիները կու տայ 666 թիւին առնչութեամբ, որ Յայտնութիւն 13–րդ գլուխի գազանին անունը կամ դրոշմն է։

Այս յօդուածին մէջ տրամաբանութեան չորս գլխաւոր եզրեր՝ հիմնական բանալիներ՝ պիտի տեսնենք, որոնք գազանին դրոշմին նշանակութիւնը պիտի յայտնեն։ Նկատի պիտի առնենք թէ (1) Աստուածաշունչի անունները երբեմն ի՛նչպէս ընտրուած են, (2) ի՛նչ է գազանին ինքնութիւնը, (3) ի՛նչ կը նշանակէ երբ կ’ըսուի որ 666–ը «մարդու մը թիւն է», եւ (4) 6 թիւին նշանակութիւնը եւ թէ ինչո՛ւ որպէս երրեակ թիւ տրուած է՝ 666 (600+60+6)։—Յայտնութիւն 13։18

Աստուածաշունչի Անունները՝ Պարզ Պիտակէ մը Աւելի

Աստուածաշունչի անունները յաճախ իւրայատուկ իմաստ ունին, մանաւանդ երբ Աստուած կ’անուանէ զանոնք։ Օրինակ, քանի որ Աբրամ ազգերու հայր պիտի ըլլար, Աստուած անոր անունը Աբրահամի փոխեց, որ կը նշանակէ «հայր բազմութեան»։ (Ծննդոց 17։5) Աստուած Յովսէփի ու Մարիամի ըսաւ որ ծնելիք երախան Յիսուս կոչեն, որ կը նշանակէ «Եհովան փրկութիւն է»։ (Մատթէոս 1։21. Ղուկաս 1։31) Այդ իմաստալից անունին համապատասխան ըլլալով, Յիսուսի ծառայութեան եւ զոհաբերական մահուան միջոցով, Եհովա կարելի դարձուց մեր փրկութիւնը։—Յովհաննու 3։16

Հետեւաբար, աստուածատուր 666 անունը պէտք է խորհրդանշէ ինչ որ Աստուած կը նկատէ գազանին իւրայատուկ յատկանիշներ։ Բնական է որ այդ յատկանիշները հասկնալու համար, գազանին ինքնութիւնը պէտք է հաստատենք եւ անոր գործունէութիւններուն մասին տեղեկանանք։

Գազանը Բնորոշել

Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը շատ լոյս կը սփռէ այլաբանական գազաններուն իմաստին վրայ։ 7–րդ գլուխին մէջ վառ կերպով նկարագրուած են «չորս մեծ գազաններ». առիւծ, արջ, ինձ եւ մեծ երկաթէ ակռաներ ունեցող սոսկալի գազան մը։ (Դանիէլ 7։2-7) Դանիէլ մեզի կը բացատրէ որ այս գազանները կը ներկայացնեն «թագաւորներ», կամ քաղաքական թագաւորութիւններ, որոնք յաջորդաբար կ’իշխեն հսկայ կայսրութիւններու վրայ։—Դանիէլ 7։17, 23

Յայտնութիւն 13։1, 2–ի գազանին մասին, The Interpreter’s Dictionary of the Bible կը նշէ թէ անիկա «իր մէջ կը միացնէ Դանիէլի տեսիլքին չորս գազաններուն բոլոր յատկանիշները . . . Հետեւաբար [Յայտնութիւն գիրքին] այս առաջին գազանը կը ներկայացնէ Աստուծոյ հակառակ եղող բոլոր քաղաքական իշխանութեան համախմբուած ուժերը աշխարհի մէջ»։ Այս կէտին թիկունք կը կանգնի Յայտնութիւն 13։7–ն, որ գազանին մասին կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ»։ *

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ գազաններ կը գործածէ մարդկային իշխանութիւնը խորհրդանշելու համար։ Առնուազն երկու պատճառով։ Առաջին, քանի որ դարերու ընթացքին կառավարութիւնները վայրագօրէն արիւն թափած են։ Ուիլ եւ Արիէլ Տիւրանթ պատմաբանները նշեցին. «Պատերազմը պատմութեան անբաժան մէկ երեսակը եղած է, եւ չէ նուազած՝ քաղաքակրթութիւնը կամ ժողովրդավարութիւնը հաստատուելով»։ Որքա՜ն ճշմարիտ է որ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Երկրորդ պատճառը այն է թէ ‘վիշապը [Սատանան] գազանին տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն’։ (Յայտնութիւն 12։9. 13։2) Ուստի մարդկային իշխանութիւնը Սատանային գիւտն է, եւ անոր գազանային, հրէշային տրամադրութիւնը կ’արտացոլացնէ։—Յովհաննու 8։44. Եփեսացիս 6։12

Բայց ասիկա չի նշանակեր որ մարդկային ամէն կառավարիչ ուղղակիօրէն Սատանայի գործիքն է։ Արդարեւ մարդկային կառավարութիւնները կերպով մը «Աստուծոյ սպասաւորն» են, մարդկային ընկերութեան կայունութեան նպաստելով, այլապէս քաոսային վիճակ պիտի տիրէր։ Իսկ կարգ մը առաջնորդներ մարդկային հիմնական իրաւունքներ պաշտպանած են, մէջը ըլլալով ճշմարիտ պաշտամունքին հետեւելու իրաւունքը, բան մը որ Սատանան չ’ուզեր։ (Հռովմայեցիս 13։3, 4. Եզրասայ 7։11-27. Գործք 13։7) Բայց Բանսարկուին բանեցուցած ազդեցութեան պատճառով, ո՛չ մէկ մարդ կամ մարդկային հաստատութիւն կրցած է մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերել մարդոց։ *Յովհաննու 12։31

«Մարդու մը Թիւ»ը

666–ի նշանակութեան երրորդ բանալին կը կայանայ անոր «մարդու մը թիւ»ը ըլլալուն մէջ։ Այս արտայայտութիւնը կարելի չէ որ մարդու մը ակնարկէ, քանի որ ո՛չ թէ մարդը, այլ Սատանան է որ իշխանութիւն ունին գազանին վրայ։ (Ղուկաս 4։5, 6. Ա. Յովհաննու 5։19. Յայտնութիւն 13։2, 18) Գազանին «մարդու մը թիւ»ը կամ դրոշմը ունենալը կը թելադրէ որ անիկա մարդկային բնոյթ ունի, ու ո՛չ թէ հոգեղէն կամ դիւային, եւ հետեւաբար մարդկային որոշ յատկանիշներ կը յայտնաբերէ։ Ի՞նչ են անոնք։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ՝ ըսելով. «Ամէնքը [մարդիկ] մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ուստի գազանին «մարդու մը թիւ»ը ունենալը ցոյց կու տայ թէ կառավարութիւնները ինկած մարդկային վիճակը կ’արտացոլացնեն, որ մեղքով ու անկատարութեամբ յատկանշուած է։

Պատմութիւնը կը հաստատէ ասիկա։ «Որեւէ քաղաքակրթութիւն որ գոյութիւն ունեցած է, ի վերջոյ փուլ եկած է», ըսաւ Մ.Ն. արտաքին գործոց նախկին նախարարը Հէնրի Քիսինճըր։ «Պատմութիւնը արձանագրութիւն մըն է թափուած ջանքերու, որ ձախողած են, տենչերու՝ որ չեն իրականացած . . . Ուստի պատմաբանը պէտք է ընդունի թէ ողբերգութիւնը անխուսափելի է»։ Քիսինճըրի պարկեշտ գնահատանքը կ’երկրորդէ Աստուածաշունչի այս հիմնական ճշմարտութիւնը. «Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23

Հիմա որ գազանին ինքնութիւնը հաստատեցինք եւ հասկցանք թէ Աստուած ի՛նչպէս կը նկատէ զայն, ի վիճակի ենք առեղծուածին վերջին մասը քննելու. վեց թիւը եւ թէ ինչո՛ւ որպէս երրեակ թիւ տրուած է՝ 666 (600+60+6)։

Վեց Թիւը Ինչո՞ւ Երեք Անգամ Կրկնուած Է

Սուրբ Գրութիւններուն մէջ կարգ մը թուանշաններ այլաբանական իմաստ ունին։ Եօթը թիւը, զոր օրինակ, յաճախ գործածուած է խորհրդանշելու համար ինչ որ ամբողջական կամ կատարեալ է Աստուծոյ աչքին։ Օրինակ, Աստուծոյ արարչական շաբաթը եօթը ‘օրեր’ կամ երկար ժամանակաշրջաններ կը բովանդակէ, որուն ընթացքին Աստուած ամբողջապէս կ’իրագործէ երկրագունդին նկատմամբ իր արարչական նպատակը։ (Ծննդոց 1։3–2։3) Աստուծոյ «խօսքեր»ը «եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են», ուստի կատարելապէս զտուած։ (Սաղմոս 12։6. Առակաց 30։5, 6) Բորոտ Նէեմանին ըսուեցաւ որ եօթը անգամ լուացուի Յորդանան գետին մէջ, որմէ ետք ան ամբողջովին բուժուեցաւ։—Դ. Թագաւորաց 5։10, 14

Վեցը՝ եօթէն մէկ նուազ է։ Տեղին չէ՞ որ անիկա Աստուծոյ աչքին անկատար կամ թերի բան մը խորհրդանշէ։ Այո՛ արդարեւ։ (Ա. Մնացորդաց 20։6, 7) Ասկէ զատ, վեց թիւը երեք անգամ կրկնուած՝ 666, զօրաւոր կերպով կը շեշտէ այդ անկատարութիւնը։ Այս տեսակէտը շիտակ ըլլալուն թիկունք կը կանգնի այն իրողութիւնը թէ 666–ը «մարդու մը թիւ»ն է, ինչպէս տեսանք։ Արդ, գազանին արձանագրութիւնը, անոր «մարդու մը թիւ»ը եւ 666 թիւը կը մատնանշեն յստակ եզրակացութիւն մը. Եհովայի աչքին ամբողջական թերութիւն եւ ձախողութիւն։

Գազանին թերութիւններուն նկարագրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ ըսուած էր վաղեմի Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին մասին։ Դանիէլի միջոցով Եհովա այդ կառավարիչին ըսաւ. «Կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար»։ Այդ նոյն գիշերը Բաղտասար սպաննուեցաւ եւ հզօր Բաբելոնի Կայսրութիւնը տապալեցաւ։ (Դանիէլ 5։27, 30) Նմանապէս, քաղաքական գազանին եւ անոր դրոշմը ունեցողներուն վրայ Աստուծոյ դատաստանը կը նշանակէ գազանին ու անոր թիկունք կանգնողներուն վախճանը։ Սակայն այս պարագային, Աստուած ո՛չ միայն քաղաքական մէկ դրութիւն արմատախիլ պիտի ընէ, այլ մարդկային իշխանութեան ամէն հետք։ (Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 19։19, 20) Ուստի որքա՜ն կարեւոր է որ խուսափինք գազանին մահաբեր դրոշմը ստանալէ։

Դրոշմը Բնորոշել

666 թիւին մասին խօսելէ ետք, Յայտնութիւն գիրքը կը յիշէ Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի 144,000 հետեւորդները, որոնց ճակատին վրայ գրուած էր անոր անունը եւ անոր Հօր անունը՝ Եհովա։ Այս անունները կը բնորոշեն զանոնք կրողները որպէս Եհովայի ու իր Որդիին պատկանողներ, որոնց մասին անոնք հպարտօրէն կը վկայեն։ Նմանապէս, գազանին դրոշմը ունեցողները կը ծանուցանեն որ գազանին կը ծառայեն։ Ուստի, դրոշմը՝ ըլլայ աջ ձեռքին թէ ճակատին վրայ, այլաբանօրէն խօսելով, խորհրդանիշ մըն է որ զայն կրողը կը բնորոշէ որպէս մէկը որ պաշտամունքի աստիճան նեցուկ կը կանգնի աշխարհի գազանանման քաղաքական դրութիւններուն։ Դրոշմը ունեցողները «Կայսրին» կու տան ինչ որ իրաւացիօրէն Աստուծոյ կը պատկանի։ (Ղուկաս 20։25. Յայտնութիւն 13։4, 8. 14։1) Ի՞նչպէս։ Պաշտամունքային պատիւ տալով քաղաքական պետութեան, անոր խորհրդանիշերուն եւ անոր զինուորական ուժին, որուն կը նային յոյսի ու փրկութեան համար։ Ճշմարիտ Աստուծոյ անոնց մատուցած որեւէ պաշտամունք, պարզապէս շրթներու ծառայութիւն է։

Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ (Սաղմոս 146։3, 4) Այդ իմաստուն խրատին անսացողները յուսախաբ չեն ըլլար, երբ կառավարութիւններ չպահեն իրենց խոստումները, կամ երբ հրաշաձօն առաջնորդներ իրենց դիրքը կորսնցնեն։—Առակաց 1։33

Ասիկա չի նշանակեր որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց ձեռքերը կը ծալլեն եւ բան մը չեն ըներ մարդկութեան դժուարին կացութեան համար։ Ընդհակառակը, անոնք աշխուժօրէն կը ծանուցանեն միակ կառավարութիւնը, որ մարդկութեան խնդիրները պիտի լուծէ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որուն ներկայացուցիչներն են։—Մատթէոս 24։14

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ Մարդկութեան Միակ Յոյսը

Երբ երկրագունդի վրայ էր, Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր քարոզչութեան գլխաւոր բնաբանը դարձուց։ (Ղուկաս 4։44) Իր տիպար աղօթքին մէջ, որ յաճախ կոչուած է Տէրունական Աղօթք, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն, որ այդ Թագաւորութիւնը գայ եւ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է որ ամբողջ երկրագունդին վրայ պիտի իշխէ երկինքէն եւ ոչ թէ երկրային մայրաքաղաքէ մը։ Ատոր համար Յիսուս զայն կոչեց «երկնքի թագաւորութիւնը»։—Մատթէոս 11։12

Այդ Թագաւորութեան թագաւորը ըլլալու համար ո՞վ աւելի յարմար է քան Յիսուս Քրիստոս, որ իր ապագայ հպատակներուն համար մեռաւ։ (Եսայեայ 9։6, 7. Յովհաննու 3։16) Այս կատարեալ Կառավարիչը, որ այժմ հոգեղէն հզօր անձ մըն է, շուտով գազանը, անոր թագաւորներն ու բանակները պիտի նետէ «ծծումբով վառուած կրակին լիճը», որ ամբողջական կործանում կը խորհրդանշէ։ Բայց այսքանով վերջ չի գտներ։ Յիսուս Սատանան ալ մէջտեղէն պիտի վերցնէ, բան մը որ ոեւէ մարդ բնաւ չի կրնար ընել։—Յայտնութիւն 11։15. 19։16, 19-21. 20։2, 10

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խաղաղութիւն պիտի բերէ իր բոլոր հնազանդ հպատակներուն։ (Սաղմոս 37։11, 29. 46։8, 9) Նոյնիսկ վիշտ, ցաւ ու մահ այլեւս պիտի չըլլան։ Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար մը անոնց համար, որ գազանին դրոշմը ստանալէ կը խուսափին։—Յայտնութիւն 21։3, 4

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 9 Այս համարներուն խորազնին քննարկութեան համար, տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքին 28–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Ընդունելով հանդերձ որ մարդկային իշխանութիւնը յաճախ գազանային է, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը հպատակին ‘իրենց վրայ եղած [կառավարական] իշխանութիւններուն’, ինչպէս Աստուածաշունչը կը պատուիրէ։ (Հռովմայեցիս 13։1) Սակայն, երբ այս իշխանութիւնները Աստուծոյ օրէնքին հակառակ եղող բան մը պահանջեն իրենցմէ, անոնք ‘առաւել Աստուծոյ կը հնազանդին, քան թէ՝ մարդոց’։—Գործք 5։29

[Շրջանակ՝ էջ 5]

666–ին նշանակութիւնը գիտնալու բանալիներ

1. Սուրբ գրային անունները յաճախ տեղեկութիւն կու տան զանոնք կրողներուն նկարագրին կամ կեանքին մասին, ինչպէս՝ Աբրահամ, Յիսուս եւ շատ մը ուրիշներ։ Նոյնպէս գազանին թիւը իբր անուն կը ներկայացնէ անոր յատկանիշները։

2. Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքին մէջ տարբեր գազաններ կը ներկայացնեն մարդկային իրարայաջորդ թագաւորութիւններ կամ կայսրութիւններ։ Յայտնութիւն 13։1, 2–ի բաղադրեալ գազանը կը խորհրդանշէ համաշխարհային քաղաքական դրութիւնը, որուն Սատանան զօրութիւն կու տայ ու զայն կը ղեկավարէ։

3. Գազանին «մարդու մը թիւ»ը ունենալը կը նշէ որ անիկա մարդկային բնոյթ ունի եւ ո՛չ թէ դիւային։ Ուստի անիկա մարդկային թերութիւնները կ’արտացոլացնէ, որոնք մեղքին ու անկատարութեան հետեւանքն են։

4. Աստուծոյ աչքին, վեց թիւը, սուրբ գրային ամբողջութիւն կամ կատարելութիւն նշող եօթը թիւէն նուազ ըլլալով, կը մատնանշէ անկատարութիւն։ 666 դրոշմը այդ թերութիւնը կը շեշտէ՝ թիւը երեք անգամ կրկնելով։

[Նկարներ՝ էջ 6]

Մարդկային իշխանութիւնը ձախողութիւն մը եղած է, որ խորհրդանշուած է 666 թիւով

[Նկարին աղբիւրը]

Starving child։ UNITED NATIONS/Photo by F. GRIFFING

[Նկարներ՝ էջ 7]

Յիսուս Քրիստոս կատարեալ իշխանութիւն պիտի բերէ երկրագունդին