Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարափոփոխ աշխարհի հոգիին դէմ դրէք

Յարափոփոխ աշխարհի հոգիին դէմ դրէք

Յարափոփոխ աշխարհի հոգիին դէմ դրէք

«Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է»։—Ա. Կորնթացիս 2։12

1. Եւա ի՞նչ կերպերով խաբուեցաւ։

«ՕՁԸ զիս խաբեց»։ (Ծննդոց 3։13) Այս բառերով առաջին կինը՝ Եւա փորձեց բացատրել թէ ինչո՛ւ Եհովա Աստուծոյ դէմ ըմբոստացած էր։ Թէեւ անոր ըսածը ճիշդ էր, բայց չէր արդարացներ իր յանցագործութիւնը։ Հետագային Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «[Եւա] խաբուեցաւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14) Ան խաբուեցաւ՝ հաւատալով որ անհնազանդ արարք մը,– արգիլուած պտուղէն ուտելը,– օգտակար պիտի ըլլար իրեն, Աստուծոյ նման դարձնելով զինք։ Ան նաեւ խաբուեցաւ զինք մոլորեցնողին ինքնութեան շուրջ։ Ան չգիտցաւ որ օձը պարզապէս Բանսարկու Սատանային պատգամախօսն էր։—Ծննդոց 3։1-6

2. (ա) Ներկայիս Սատանան ի՞նչպէս կը մոլորեցնէ մարդիկը։ (բ) Ի՞նչ է «աշխարհի հոգին», եւ այժմ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Ադամ ու Եւայի ժամանակէն ի վեր Սատանան շարունակած է մարդիկը խաբել։ Իրականութեան մէջ, ան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Անոր ռազմավարութիւնը չէ փոխուած։ Թէեւ այլեւս բառացի օձ մը չի գործածեր, բայց կը շարունակէ իր ինքնութիւնը թաքցնել։ Ժամանցը, հաղորդամիջոցները եւ այլ կերպեր գործածելով, Սատանան կը մոլորեցնէ մարդիկը որ հաւատան թէ Աստուծոյ սիրազեղ առաջնորդութեան ո՛չ պէտք ունին, ո՛չ ալ կ’օգտուին անկէ։ Բանսարկուի խաբէութեան արշաւը ամէնուրեք մարդոց մէջ ըմբոստութեան հոգի մը յառաջացուցած է Աստուածաշունչի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն դէմ։ Աստուածաշունչը ասիկա կը կոչէ «աշխարհի հոգին»։ (Ա. Կորնթացիս 2։12) Այս հոգին զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ Աստուած չճանչցողներուն հաւատալիքներուն, վերաբերմունքին ու վարքին վրայ։ Այդ հոգին ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր ապականիչ ազդեցութեան դէմ դնել։ Տեսնե՛նք։

Բարոյական Արժէքները Անկում կը Կրեն

3. Ներկայիս «աշխարհի հոգին» ինչո՞ւ աւելի բացայայտ է։

3 Ներկայիս «աշխարհի հոգին» հետզհետէ աւելի բացայայտ դարձած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Հաւանաբար նկատած էք բարոյական արժէքներու անկումը։ Սուրբ Գրութիւնները ատոր պատճառը ցոյց կու տան։ 1914–ին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, երկինքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ։ Սատանան եւ իր դեւերը պարտուեցան ու երկրագունդի շրջակայքը նետուեցան։ Զայրացած ըլլալով, Սատանան խաբէութեան իր արշաւը զօրացուցած է աշխարհի չորս կողմը։ (Յայտնութիւն 12։1-9, 12, 17) Ան ամէն կերպով կը ջանայ ‘որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնէ’։ (Մատթէոս 24։24) Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, մենք անոր գլխաւոր թիրախն ենք։ Ան կը ջանայ մեր հոգեւորականութիւնը քանդել, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը կորսնցնենք։

4. Եհովայի ծառաները ի՞նչպէս կը նկատեն Աստուածաշունչը, իսկ աշխարհը ի՞նչպէս կը նկատէ զայն։

4 Սատանան կը փորձէ վարկաբեկել Աստուածաշունչը, այն թանկագին գիրքը որ մեզի կը սորվեցնէ մեր սիրալիր Ստեղծիչին մասին։ Եհովայի ծառաները Աստուածաշունչը կը սիրեն ու կ’արժեւորեն։ Գիտենք թէ անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է, եւ ո՛չ թէ մարդոց խօսքը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Սակայն Սատանայի աշխարհը կ’ուզէ որ այդպէս չխորհինք։ Օրինակ, Աստուածաշունչը քննադատող գիրքի մը նախաբանը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ‘սուրբ’ բան մը չունի, ո՛չ ալ ‘Աստուծոյ խօսքն’ է։ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած սուրբերը չեն որ զայն գրեցին, այլ՝ հեղինակութիւն փնտռող քահանաներ»։ Այսպիսի դաւանութիւններու հաւատացողները հեշտօրէն զոհ կը դառնան այն սխալ գաղափարին, թէ կրնան Աստուած պաշտել իրենց հաճելի թուող որեւէ կերպով, եւ կամ՝ բնաւ չպաշտել զինք։—Առակաց 14։12

5. (ա) Հեղինակ մը ի՞նչ ըսաւ Աստուածաշունչին հետ կապ ունեցող կրօնքներուն մասին։ (բ) Հակադրեցէք աշխարհային կարգ մը գաղափարներ Աստուածաշունչին ըսածին հետ։ (Պարփակել՝ էջ 19–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։)

5 Աստուածաշունչին վրայ կատարուած ուղղակի թէ անուղղակի յարձակումները եւ անոր թիկունք կանգնիլ դաւանողներուն կրօնական կեղծաւորութիւնը, պատճառ եղած են որ հետզհետէ մարդիկ չսիրեն կրօնքը, մէջը ըլլալով Աստուածաշունչին հետ կապ ունեցող կրօնքը։ Լրատուամիջոցներու եւ ուսումնականներու կողմէ կրօնքը յարձակումի ենթարկուած է։ Հեղինակ մը կը նշէ. «Ժողովրդական մշակոյթը բացասական տեսակէտ ունի Հրէականութեան ու Քրիստոնէութեան հանդէպ։ Լաւագոյն պարագային՝ անոնք նկատուած են տարօրինակ. իսկ վատագոյն պարագային՝ հին հեռանկարներ, որ մտաւորական հասունութեան արգելք կը հանդիսանան եւ գիտական յառաջդիմութիւնը կը կասեցնեն։ Վերջին տարիներուն արհամարհանքը վերածուած է ծաղրանքի ու բացայայտ թշնամութեան»։ Այս թշնամութիւնը յաճախ ծագում կ’առնէ անոնցմէ, որ կ’ուրանան Աստուծոյ գոյութիւնը եւ ‘սնոտի խորհուրդներու մէջ’ ինկած են։—Հռովմայեցիս 1։20-22

6. Աշխարհը ի՞նչպէս կը նկատէ Աստուծոյ դատապարտած սեռային սովորութիւնները։

6 Հետեւաբար զարմանալի չէ որ մարդիկ վարքի նկատմամբ Աստուծոյ սկզբունքներէն հետզհետէ աւելի կը հեռանան։ Օրինակ, Աստուածաշունչը միասեռական յարաբերութիւնները կը նկարագրէ որպէս «խայտառակութիւն»։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27) Անիկա կը նշէ նաեւ թէ պոռնկութիւն ու շնութիւն գործողները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։9) Այսուհանդերձ բազմաթիւ երկիրներու մէջ այս սեռային սովորութիւնները ո՛չ միայն ընդունելի են, այլ՝ գովաբանուած են գիրքերու, պարբերաթերթերու, երգերու, շարժապատկերներու եւ հեռատեսիլի մէջ։ Անոնք որ այս սովորութիւններուն դէմ կը խօսին, կը նկատուին նեղմիտ, քննադատող եւ լուսաւորուած մտածումին հետ քայլ չպահող անհատներ։ Փոխանակ Աստուծոյ չափանիշները նկատելու սիրազեղ հետաքրքրութեան արտայայտութիւններ, աշխարհը զանոնք կը նկատէ անհատական ազատութեան ու իրագործման խոչընդոտներ։—Առակաց 17։15. Յուդա 4

7. Ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի։

7 Իմաստութիւն է աչքէ անցընել մեր վերաբերմունքն ու արժէքները, մինչ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ երթալով աւելի կը հակառակի Աստուծոյ։ Պարբերաբար, ջերմեռանդ աղօթքով ու պարկեշտօրէն պէտք է քննենք մենք մեզ, վստահ ըլլալու համար թէ աստիճանաբար չենք հեռանար Եհովայի մտածումէն ու չափանիշներէն։ Օրինակ, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Հաճոյք կ’առնե՞մ նիւթէ մը, որ կը մերժէի քանի մը տարի առաջ։ Աստուծոյ դատապարտած սովորութիւններուն հանդէպ աւելի հանդուրժող դարձա՞ծ եմ։ Հոգեւոր հարցերը նուա՞զ լուրջի կ’առնեմ, քան ինչ որ կ’ընէի անցեալին։ Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ թէ Թագաւորութեան շահերը կեանքիս մէջ առաջին տեղը կը դնեմ’։ (Մատթէոս 6։33) Այս մտածումը պիտի օգնէ որ աշխարհի հոգիին դէմ դնենք։

‘Չհեռանանք’

8. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ Եհովայէ հեռանալ։

8 Պօղոս առաքեալ հաւատակից Քրիստոնեաներուն գրեց. «Պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլանք . . . ըսուածներուն, որպէսզի չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք»։ (Եբրայեցիս 2։1, Անթիլիաս) Հոսանքէն քշուած նաւը իր որոշեալ վայրը չի հասնիր։ Եթէ նաւապետը հովին ու հոսանքին ուշադիր չըլլայ, իր նաւը դիւրաւ կրնայ շեղիլ ապահով նաւահանգիստէն ու քշուիլ դէպի ժայռոտ ծովափ մը։ Նմանապէս, եթէ Աստուծոյ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւններուն նկատմամբ անուշադիր ըլլանք, դիւրաւ կրնանք Եհովայէ հեռանալ ու հոգեւոր նաւակոծութեան հանդիպիլ։ Այս կորուստը կրելու համար, պայման չէ որ ճշմարտութիւնը ամբողջովին մերժենք։ Իրականութեան մէջ, քիչեր են որ յանկարծակիօրէն ու կանխամտածութեամբ Եհովան կը մերժեն։ Շատ յաճախ անոնք աստիճանաբար բանի մը միջամուխ կ’ըլլան, որ իրենց ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքէն կը հեռացնէ։ Գրեթէ աննկատելիօրէն անոնք կը քշուին դէպի մեղք գործելու։ Քնացած նաւապետի մը նման, այսպիսի անհատներ կ’արթննան, երբ արդէն շա՜տ ուշ է։

9. Եհովա ի՞նչ կերպերով օրհնեց Սողոմոնը։

9 Նկատի առէք Սողոմոնի ընթացքը։ Եհովա իրեն վստահեցաւ Իսրայէլի թագաւորութիւնը։ Աստուած թոյլ տուաւ որ Սողոմոն տաճարը շինէ եւ անոր ուղղութիւն տուաւ որ Աստուածաշունչի կարգ մը մասերը գրէ։ Եհովա երկու առիթով իրեն հետ խօսեցաւ, եւ իրեն շնորհեց հարստութիւն, համբաւ եւ խաղաղ իշխանութիւն։ Ամէն բանէ առաջ, Եհովա Սողոմոնը օժտեց մեծ իմաստութեամբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ՝ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ։ Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր»։ (Գ. Թագաւորաց 4։21, 29, 30. 11։9) Վստահաբար անհատ մը կրնար խորհիլ որ եթէ մէկը կար որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնար, ան ալ Սողոմոնն էր։ Սակայն Սողոմոն հաւատուրացութեան մէջ ինկաւ։ Ասիկա ի՞նչպէս պատահեցաւ։

10. Սողոմոն ո՞ր ցուցմունքին չհնազանդեցաւ, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

10 Սողոմոն լիովին գիտէր ու ըմբռնած էր Աստուծոյ Օրէնքը։ Անկասկած ան մասնայատուկ կերպով հետաքրքրուած էր Իսրայէլի մէջ թագաւոր եղողներուն տրուած հրահանգներով։ Այդ հրահանգներէն մէկն էր. «[Թագաւորը] իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի»։ (Բ. Օրինաց 17։14, 17) Հակառակ այդ յստակ ցուցմունքին, Սողոմոն եօթը հարիւր կին ու երեք հարիւր հարճ առաւ։ Այդ կիներէն շատեր օտար աստուածներ կը պաշտէին։ Չենք գիտեր թէ Սողոմոն ինչո՛ւ այսքան շատ կիներ առաւ, ո՛չ ալ գիտենք թէ ի՛նչպէս ինքզինք արդարացուց այս ուղղութեամբ։ Միայն գիտենք որ ան Աստուծոյ յստակ ցուցմունքին չհնազանդեցաւ։ Հետեւանքը ճիշդ Եհովայի ըսածին պէս եղաւ։ Կը կարդանք. «[Սողոմոնի] կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին»։ (Գ. Թագաւորաց 11։3, 4) Վստահաբար անոր աստուածային իմաստութիւնը աստիճանաբար անհետացաւ։ Ան հոսանքէն քշուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, իր հեթանոս կիները հաճեցնելու Սողոմոնի ցանկութիւնը փոխարինեց Աստուծոյ հնազանդելու եւ Զինք հաճեցնելու իր ցանկութիւնը։ Որքա՜ն ցաւալի է, քանի որ Սողոմոն ինք նախապէս գրած էր. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։—Առակաց 27։11

Աշխարհի Հոգին Զօրաւոր Է

11. Ինչ որ մեր միտքին մէջ կ’ամբարենք, ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր մտածումին։

11 Սողոմոնի օրինակը կը սորվեցնէ մեզի որ վտանգաւոր է խորհիլ թէ քանի որ ճշմարտութիւնը գիտենք, աշխարհային ազդեցութիւնները մեր մտածումին չեն ազդեր։ Ճիշդ ինչպէս որ ֆիզիքական կերակուրը կ’ազդէ մեր մարմնին, մտային կերակուրն ալ կ’ազդէ մեր միտքին։ Մեր միտքը ինչ բանով որ կերակրենք, անիկա կը ձեւաւորէ մեր մտածումը եւ կեցուածքը։ Ասոր գիտակցելով, հիմնարկներ ամէն տարի միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսեն իրենց արտադրութիւնները ծանուցանելու համար։ Յաջող գովազդները խելացի խօսքեր եւ պատկերներ կը գործածեն, գնորդներուն տենչին ու ցանկութեան կոչ ընելով։ Ծանուցանողները գիտեն նաեւ թէ գովազդ մը մէկ կամ երկու անգամ տեսնելը բաւարար չէ անհատները համոզելու, որ անմիջապէս ապրանքը գնեն։ Սակայն ժամանակի ընթացքին գովազդը յաճախ տեսնելը պատճառ կ’ըլլայ որ գնորդները ապրանքը պիտանի սեպեն։ Գովազդը գործի կը ծառայէ. այլապէս ո՛չ մէկը անոր համար պիտի ներդրէր։ Անիկա զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ հանրութեան մտածումին ու կեցուածքին վրայ։

12. (ա) Սատանան ի՞նչպէս կ’ազդէ մարդոց մտածումին։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեաները կրնան ազդուիլ։

12 Ծանուցանողի մը նման, Սատանան իր գաղափարները կը յառաջացնէ՝ զանոնք գրաւիչ կերպով ներկայացնելով, գիտնալով որ ժամանակի ընթացքին մարդիկ կրնան իր մտածելակերպով հրապուրուիլ։ Ժամանցի ու այլ միջոցներով Սատանան կը խաբէ մարդիկը, անոնց հաւատալ տալով որ բարին չար է, իսկ չարը՝ բարի։ (Եսայեայ 5։20) Նոյնիսկ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ Սատանայի ապատեղեկատուութեան արշաւին զոհ գացած են։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Հոգին յատկապէս կ’ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու։ Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան»։—Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2, ԱՎ. Երեմեայ 6։15

13. Ի՞նչ բաներ չար ընկերակցութիւն են, եւ մեր ընկերակցութիւնները ի՞նչպէս կ’ազդեն մեզի։

13 Բոլորս ալ աշխարհի հոգիէն կրնանք ազդուիլ։ Սատանայի դրութեան քամիներն ու հոսանքները զօրաւոր են։ Աստուածաշունչը իմաստուն կերպով մեզ կը յորդորէ. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Չար ընկերակցութիւնները կրնան պարփակել որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը,– նոյնիսկ ժողովքին մէջ,– որ աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնէ։ Եթէ խորհինք որ չար ընկերակցութիւնները մեզի վնաս չեն հասցներ, պէտք չէ՞ եզրակացնենք որ լաւ ընկերակցութիւնները չեն կրնար մեզի օգնել։ Ի՜նչ սխալ պիտի ըլլար ասիկա։ Աստուածաշունչը կէտը կը յստակացնէ՝ ըսելով. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ»։—Առակաց 13։20

14. Ի՞նչ կերպերով կրնանք աշխարհի հոգիին դէմ դնել։

14 Աշխարհի հոգիին դէմ դնելու համար, պէտք է ընկերակցինք իմաստուն անհատներու հետ. անոնք որ Եհովայի կը ծառայեն։ Մեր միտքը պէտք է լեցնենք այնպիսի բաներով, որ մեր հաւատքը կը կերտեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 4։8, ԱՎ) Բարոյական ազատ գործակալներ ըլլալով, կրնանք ընտրել այն բաները՝ որոնց մասին կ’ուզենք մտածել։ Թող որ միշտ ընտրենք մտածել այն բաներուն մասին, որ մեզ աւելի պիտի մօտեցնեն Եհովայի։

Աստուծոյ Հոգին Աւելի Զօրաւոր Է

15. Վաղեմի Կորնթոսի մէջ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս տարբեր էին միւս բնակիչներէն։

15 Աշխարհի հոգիէն մոլորուած անհատներուն հակառակը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուծոյ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուին։ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին էր որ գրեց. «Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի»։ (Ա. Կորնթացիս 2։12) Վաղեմի Կորնթոսը աշխարհի հոգիով շրջապատուած էր։ Անոր բնակիչներուն մեծամասնութիւնը ա՛յնքան լկտի էր, որ «Կորնթացիներուն նման ըլլալ» արտայայտութիւնը սկսաւ նշանակել՝ «անբարոյ ըլլալ»։ Սատանան մարդոց միտքը կուրցուցած էր. հետեւաբար անոնք ճշմարիտ Աստուծոյ մասին գրեթէ բան մը չէին գիտեր։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Այսուհանդերձ, իր սուրբ հոգիին միջոցով, Եհովա բացաւ կարգ մը Կորնթացիներուն աչքերը, օգնելով որ ճշմարտութիւնը գիտնան։ Անոր հոգին զիրենք մղեց ու առաջնորդեց, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ ընելով իր հաճութեան ու օրհնութեան արժանանան։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Թէեւ Աշխարհի հոգին զօրաւոր էր, սակայն Եհովայի հոգին աւելի զօրաւոր էր։

16. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հոգին ստանալ ու պահել։

16 Նոյնը ճշմարիտ է այսօր։ Եհովայի սուրբ հոգին տիեզերքի ամենազօրաւոր ոյժն է, եւ ան առատօրէն զայն կու տայ բոլոր անոնց, որ հաւատքով կը խնդրեն զայն։ (Ղուկաս 11։13) Սակայն Աստուծոյ հոգին ունենալու համար, աշխարհի հոգիին դէմ դնելէն աւելին պէտք է ընենք։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար պէտք է ուսումնասիրենք եւ կիրարկենք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեր հոգին՝ մեր տրամադրութիւնը՝ իր մտածումին հետ ներդաշնակ ըլլայ։ Եթէ ասիկա ընենք, Եհովա մեզ պիտի ամրապնդէ որ մեր հոգեւորականութիւնը քանդելու Սատանային գործածած որեւէ ռազմավարութեան դէմ դնենք։

17. Ղովտի փորձառութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մխիթարել մեզ։

17 Թէեւ Քրիստոնեաները աշխարհի մաս չեն կազմեր, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ (Յովհաննու 17։11, 16) Մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ ամբողջովին խուսափիլ աշխարհի հոգիէն, քանի որ կ’աշխատինք կամ կ’ապրինք անհատներու հետ, որոնք Աստուծոյ կամ իր ուղիներուն հանդէպ սէր չունին։ Ղովտի նման կը զգա՞նք, որ «կը տանջուէր» Սոդոմի բնակիչներուն անօրէն վարքին պատճառով, որոնց մէջ կը բնակէր։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Եթէ այո, կրնանք մխիթարուիլ։ Եհովա պահպանեց ու ազատեց Ղովտը, եւ նոյնը կրնայ ընել մեզի։ Մեր սիրալիր Հայրը կը տեսնէ եւ գիտէ մեր պարագաները, եւ մեզի պէտք եղած օգնութիւնը ու զօրութիւնը կրնայ տալ, որպէսզի մեր հոգեւորականութիւնը պահպանենք։ (Սաղմոս 33։18, 19) Եթէ իրեն ապաւինինք, իրեն վստահինք ու իրեն դիմենք, մեզի պիտի օգնէ որ աշխարհի հոգիին դէմ դնենք, մեր կացութիւնը ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ։—Եսայեայ 41։10

18. Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը ինչո՞ւ պէտք է արժեւորենք։

18 Աստուծմէ օտարացած ու Սատանայէ խաբուած աշխարհի մը մէջ, որպէս Եհովայի ժողովուրդ մենք օրհնուած ենք ճշմարտութիւնը ճանչնալով։ Ուստի այնպիսի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կը վայելենք, որ աշխարհը չունի։ (Եսայեայ 57։20, 21. Գաղատացիս 5։22) Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հոյակապ յոյսը կ’արժեւորենք, ուր այս մահամերձ աշխարհի հոգին գոյութիւն պիտի չունենայ։ Ուստի Աստուծոյ հետ մեր թանկագին յարաբերութիւնը մեծապէս գնահատենք եւ հոգեւոր գետնի վրայ հոսանքէն քշուելու որեւէ հակում սրբագրելու նկատմամբ արթուն ըլլանք։ Թող որ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի մօտենանք, եւ ինք պիտի օգնէ մեզի որ աշխարհի հոգիին դէմ դնենք։—Յակոբու 4։7, 8

Կրնա՞ք բացատրել

• Սատանան ի՞նչ կերպերով մարդիկը խաբած ու մոլորեցուցած է։

• Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայէ հեռանալէ խուսափիլ։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ աշխարհի հոգին զօրաւոր է։

• Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հոգին ստանալ ու պահել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 19]

ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԴԷՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Ճշմարտութիւնը յարաբերական է. մարդիկ կրնան իրենց ճշմարտութիւնը յօրինել։

‘Աստուծոյ խօսքը ճշմարտութիւն է’։—Յովհաննու 17։17

Շիտակը սխալէն զանազանելու համար, ձեր զգացումներուն վստահեցէք։

«Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է»։—Երեմեայ 17։9

Ձեր ուզածը ըրէք։

«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23

Հարստութիւնը ուրախութեան բանալին է։

«Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է»։—Ա. Տիմոթէոս 6։10

[Նկար՝ էջ 20]

Սողոմոն ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացաւ ու կեղծ աստուածներու դիմեց

[Նկար՝ էջ 22]

Ծանուցանողի մը նման, Սատանան աշխարհի հոգին կը յառաջացնէ։ Անոր դէմ կը դնէ՞ք