Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու պաշտօնդ կատարէ՛»

«Քու պաշտօնդ կատարէ՛»

«Քու պաշտօնդ կատարէ՛»

«Լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։5, ԱՎ

1, 2. Թէեւ բոլոր Քրիստոնեաները աւետարանիչներ են, սակայն Աստուածաշունչը երէցներէն ի՞նչ կը պահանջէ։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ծանուցանո՞ղ մըն էք։ Եթէ այո, այս հոյակապ առանձնաշնորհումին համար Եհովա Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեցէք։ Ժողովքին մէջ երէ՞ց մըն էք։ Ասիկա Եհովայի կողմէ յաւելեալ առանձնաշնորհում մըն է։ Բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք թէ ո՛չ աշխարհիկ ուսումը, ո՛չ ալ պերճախօսութեամբ խօսելու կարողութիւնը մեզ ծառայութեան կամ ժողովքին մէջ տեսուչ ըլլալու համար որակելի կը դարձնեն։ Եհովա մեզ «բաւականապէս որակելի» կ’ընէ ծառայութեան համար, եւ քանի որ մեզմէ ոմանք սուրբ գրային մասնայատուկ պահանջներու գոհացում կու տան, առանձնաշնորհում ունին ծառայելու իբր տեսուչներ։—Բ. Կորնթացիս 3։5, 6, ՆԱ. Ա. Տիմոթէոս 3։1-7

2 Բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաները աւետարանիչի գործ կ’ընեն, բայց գլխաւորաբար տեսուչները՝ կամ երէցները՝ ծառայութեան մէջ լաւ օրինակ պէտք է հանդիսանան։ Աստուած, Քրիստոս եւ հաւատակից Վկաները կը նկատեն այն երէցները որ ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17. Եփեսացիս 5։23. Եբրայեցիս 6։10-12) Ամէն պարագայի ներքեւ, երէցի մը ուսուցումը հոգեւորապէս ողջամիտ պէտք է ըլլայ, քանի որ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոս տեսուչին ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին։ Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3-5

3. Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի սուտ ուսուցումներ ժողովքին հոգեւորականութեան չսպառնան։

3 Վստահ ըլլալու համար որ սուտ ուսուցումներ ժողովքին հոգեւորականութեան չեն սպառնար, տեսուչը Պօղոսի խրատին պէտք է անսայ. «Արթո՛ւն եղիր ամէն բանի մէջ, . . . լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։5, ԱՎ) Այո, երէցը իր ծառայութիւնը լիովին, լիուլի կամ լրիւ պէտք է կատարէ։ Իր ծառայութիւնը լիապէս կատարող երէցը, իր բոլոր պատասխանատուութիւններուն պատշաճ ուշադրութիւն կ’ընծայէ, բան մը չանտեսելով կամ կիսկատար չընելով։ Այսպիսի տղամարդ մը նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ հաւատարիմ է։—Ղուկաս 12։48. 16։10

4. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել ծառայութիւնը լման կատարելու։

4 Մեր ծառայութիւնը լման կատարելը միշտ յաւելեալ ժամանակ չի պահանջեր, այլ՝ լաւ–գործածուած ժամանակ։ Հաւասարակշռուած ու կանոնաւոր ըլլալով, բոլոր Քրիստոնեաները կրնան որոշ բաներ իրագործել ծառայութեան մէջ։ Դաշտի ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնելու համար, երէցը լաւ կազմակերպուած պէտք է ըլլայ, որպէսզի հաւասարակշռուած յայտագիր մը ունենայ ու գիտնայ ի՛նչ բան ուրիշին յանձնել եւ ի՛նչպէս։ (Եբրայեցիս 13։17) Բնական է որ յարգուած երէց մը իր բաժինը կատարէ, ինչպէս Նէեմիա անձամբ մասնակցեցաւ Երուսաղէմի պարիսպներու վերաշինութեան։ (Նէեմեայ 5։16) Իսկ Եհովայի բոլոր ծառաները կանոնաւորաբար պէտք է մասնակցին Թագաւորութեան քարոզչութեան։—Ա. Կորնթացիս 9։16-18

5. Ծառայութեան հանդէպ ի՞նչպէս պէտք է զգանք։

5 Երկինքը հաստատուած Թագաւորութիւնը ծանուցանելու ի՜նչ ուրախ յանձնարարութիւն մը ունինք։ Վախճանը գալէն առաջ բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ քարոզելու մեր առանձնաշնորհումը վստահաբար կ’արժեւորենք։ (Մատթէոս 24։14) Անկատար ըլլալով հանդերձ, կրնանք Պօղոսի խօսքերով սրտապնդուիլ. «Մենք ունինք այս [ծառայութեան] գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ԱՎ) Այո, կրնանք ընդունելի ծառայութիւն մատուցանել, բայց միայն աստուածատուր զօրութեամբ եւ իմաստութեամբ։—Ա. Կորնթացիս 1։26-31

Աստուծոյ Փառքը Արտացոլացնենք

6. Բնական Իսրայէլի եւ հոգեւոր Իսրայէլի միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն զարգացաւ։

6 Օծեալ Քրիստոնեաներուն ակնարկելով, Պօղոս կ’ըսէ թէ Աստուած «մեզ յարմարցուց [«բաւականապէս որակելի դարձուց», ՆԱ] նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու»։ Առաքեալը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով հոգեւոր Իսրայէլի հետ եղած նոր ուխտը կը հակադրէ Մովսէսի միջոցով բնական Իսրայէլի հետ եղած հին Օրէնքի ուխտին հետ։ Պօղոս կ’աւելցնէ թէ երբ Մովսէս Սինա լեռնէն վար իջաւ, Տասը Պատուիրանները բովանդակող տախտակները կրած, իր դէմքին պայծառութեան պատճառով Իսրայելացիները չկրցան ակնապիշ նայիլ անոր երեսին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, շա՜տ աւելի լուրջ բան մը տեղի ունեցաւ, քանի որ «անոնց մտքերը կուրցան» եւ անոնց սիրտին վրայ ծածկոց մը գոյացաւ։ Բայց սրտանց Եհովայի դառնալով, ծածկոցը կը վերցուէր։ Ապա ակնարկելով նոր ուխտին մէջ եղողներուն տրուած ծառայութեան, Պօղոս կ’ըսէ. ‘Մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը հայելիի մը պէս կ’արտացոլացնենք’։ (Բ. Կորնթացիս 3։6-8, 14-18. Ելից 34։29-35) Յիսուսի այժմու «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ Եհովայի փառքը արտացոլացնելու առանձնաշնորհումը ունին։—Յովհաննու 10։16

7. Մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել։

7 Մեղաւոր մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել, երբ ոեւէ մարդ չի կրնար անոր երեսը տեսնել ու ապրիլ։ (Ելից 33։20) Եհովայի անձնական փառքէն զատ, կայ նաեւ Թագաւորութեան միջոցաւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովելու իր փառաւոր նպատակը։ Թագաւորութեան վերաբերեալ ճշմարտութիւնները մաս կը կազմեն «Աստուծոյ մեծամեծ բաներուն», որ սկսան ծանուցանուիլ անոնց կողմէ, որոնց վրայ սուրբ հոգին թափուեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ (Գործք 2։11) Հոգիին առաջնորդութեամբ անոնք կրնային իրենց վստահուած ծառայութիւնը լման կատարել։—Գործք 1։8

8. Ծառայութեան նկատմամբ Պօղոս ի՞նչ վճռած էր ընել։

8 Պօղոս վճռած էր թոյլ չտալ որեւէ բանի որ զինք ետ պահէ իր ծառայութիւնը լման կատարելէ։ Ան գրեց. «Քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար. հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։1, 2, ԱՎ) Պօղոսի նշած ‘այս սպասարկութեամբ’, ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի եւ հոգեւոր լոյսը ամէնուրեք կը տարածուի։

9, 10. Ի՞նչպէս կարելի է Եհովայի փառքը արտացոլացնել։

9 Ֆիզիքական ու հոգեւոր լոյսի Աղբիւրին նկատմամբ, Պօղոս կը գրէ. «Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։6. Ծննդոց 1։2-5) Քանի որ Աստուծոյ ծառաները ըլլալու անգին առանձնաշնորհումը ունինք, մենք մեզ մաքուր պահենք, որպէսզի կարենանք հայելիի պէս Եհովայի փառքը արտացոլացնել։

10 Հոգեւոր խաւարի մէջ եղող անհատները չեն կրնար տեսնել Եհովայի փառքը կամ անոր արտացոլացումը Յիսուս Քրիստոսի՝ Մեծագոյն Մովսէսի կողմէ։ Բայց որպէս Եհովայի ծառաներ, Սուրբ Գրութիւններէն փառաւոր լոյսը կը ստանանք ու կ’արտացոլացնենք։ Հոգեւոր խաւարի մէջ եղողները կործանումէն խուսափելու համար, Աստուծմէ եկած լոյսին կարիք ունին։ Հետեւաբար մեծ ուրախութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը հնազանդինք աստուածային պատուէրին որ թոյլ տանք որ լոյսը փայլի խաւարին մէջէն, Եհովայի փառքին համար։

Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք՝ Երբ Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւններ կը Վարէք

11. Մեր լոյսը փայլեցնելու նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, եւ մեր ծառայութեան մէջ ասիկա ընելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

11 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։14-16) Մեր ընտիր վարքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ Աստուծոյ փառք տան։ (Ա. Պետրոս 2։12) Իսկ մեր աւետարանչութեան զանազան երեսակները, մեր լոյսը փայլեցնելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կը ներկայացնեն։ Մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է՝ Աստուծոյ Խօսքէն հոգեւոր լոյս արտացոլացնել, տան սուրբ գրային ազդու ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Ասիկա մեր ծառայութիւնը լման կատարելու շատ կարեւոր կերպ մըն է։ Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան մեզի օգնել որ ճշմարտութիւնը փնտռողներուն սիրտին դպչող Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարենք։

12. Աղօթքը ի՞նչպէս կապ ունի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելուն հետ։

12 Այս ուղղութեամբ Եհովայի աղօթելը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մեր խոր փափաքը կ’ապացուցանէ։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ կը գիտակցինք որ կարեւոր է ուրիշներու օգնել որ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ (Եզեկիէլ 33։7-9) Վստահաբար Եհովա պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն եւ ծառայութեան մէջ մեր խղճամիտ ջանքերը պիտի օրհնէ։ (Ա. Յովհաննու 5։14, 15) Բայց չենք աղօթեր միայն որ գտնենք մէկը, որուն հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարենք։ Ուսումնասիրութիւն մը հաստատելէ ետք, Աստուածաշունչի աշակերտին մասնայատուկ կարիքներուն մասին աղօթելն ու խոկալը, մեզի պիտի օգնէ որ իւրաքանչիւր նիստ ազդու կերպով վարենք։—Հռովմայեցիս 12։12

13. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել տան սուրբ գրային ազդու ուսումնասիրութիւններ վարելու։

13 Տան սուրբ գրային ազդու ուսումնասիրութիւններ վարելու համար, իւրաքանչիւր նիստին համար լա՛ւ պէտք է պատրաստուինք։ Եթէ որոշ չափով անատակ կը զգանք, կրնանք օգտուիլ նկատելով թէ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը ի՛նչպէս դասերը կը վարէ։ Ատեն–ատեն կրնանք ընկերակցիլ այն Թագաւորութեան հրատարակիչներուն, որոնք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։ Անշուշտ Յիսուս Քրիստոսի վերաբերմունքը եւ ուսուցանելու մեթոտները յատկապէս մեր նկատառութեան արժանի են։

14. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտին սիրտին հասնիլ։

14 Յիսուս իր երկնաւոր Հօր կամքը ընելով եւ Աստուծոյ մասին ուրիշներուն խօսելով ուրախութիւն գտաւ։ (Սաղմոս 40։8) Ան հեզ էր եւ յաջողեցաւ իրեն մտիկ ընողներուն սիրտին հասնիլ։ (Մատթէոս 11։28-30) Ուստի ջանանք մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն սիրտին հասնիլ։ Ասիկա ընելու համար, իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն պէտք է պատրաստենք, ի մտի ունենալով աշակերտին մասնայատուկ պարագաները։ Օրինակ, եթէ ան կը պատկանի մշակոյթի մը որ Աստուածաշունչին ծանօթ չէ, թերեւս զինք պէտք է համոզենք որ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է։ Այս պարագային, բացորոշ է թէ բազմաթիւ համարներ պիտի կարդանք ու զանոնք բացատրենք։

Աշակերտներուն Օգնեցէք Օրինակները Հասկնալու

15, 16. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք օգնել աշակերտի մը, որ չի հասկնար Աստուածաշունչին մէջ գործածուած մէկ օրինակը։ (բ) Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր գրականութիւններէն մէկը կը գործածէ օրինակ մը, որ Աստուածաշունչի աշակերտի մը համար դժուար է ըմբռնել։

15 Աստուածաշունչի աշակերտ մը կրնայ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գործածուած որոշ մէկ օրինակին ծանօթ չըլլալ։ Օրինակ, թերեւս ան չհասկնայ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել ուզեց, երբ խօսեցաւ ճրագը աշտանակին վրայ դրուելուն մասին։ (Մարկոս 4։21, 22) Յիսուս կ’ակնարկէր վաղեմի պատրոյգով–ձէթով լապտերին։ Այս լապտերը ճրագակալին վրայ կը դրուէր, որպէսզի կարենար տան որոշ մէկ մասը լուսաւորել։ Յիսուսի օրինակը յստակ դարձնելու համար, թերեւս հարկ ըլլայ «Ճրագ» եւ «Աշտանակ» նիւթերը պրպտել Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքին մէջ։ * Բայց որքա՜ն վարձահատոյց է հայթայթել հասկնալի բացատրութիւն մը Աստուածաշունչի աշակերտին։

16 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւն մը կրնայ օրինակ մը գործածել, որ որոշ աշակերտի մը համար դժուար է ըմբռնել։ Զայն բացատրելու համար ժամանակ յատկացուցէք, կամ նոյն կէտը բացատրող ուրիշ օրինակ մը գործածեցէք։ Թերեւս գրականութիւն մը կը շեշտէ թէ յարմար ընկերակից ունենալը եւ համակարգուած ջանքերը կարեւոր են ամուսնութեան մէջ։ Ասիկա լուսաբանելու համար, թերեւս փահլէվանի մը օրինակը տրուած է, որ օդին մէջ կը ճօճի, ապա իր բռնած ձողը կը ձգէ, վստահելով որ միւս փահլէվանը զինք բռնէ։ Այս օրինակին տեղ կարելի է հետեւեալը գործածել. Նաւու մը բեռները պարպելու ժամանակ, գործաւորները իրարու հետ կը համագործակցին, սնտուկները ձեռքէ ձեռք փոխանցելով։

17. Օրինակներու նկատմամբ Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք։

17 Տարբեր օրինակ մը գործածելը նախապատրաստութիւն կը պահանջէ։ Բայց ասիկա Աստուածաշունչի աշակերտին հանդէպ մեր անձնական հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ։ Յիսուս պարզ օրինակներ գործածեց դժուար նիւթեր յստակացնելու համար։ Իր Լերան Քարոզը կը պարունակէ այսպիսի օրինակներ, եւ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ իր ուսուցումը ունկնդիրներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն ունէր։ (Մատթէոս 5։1–7։29) Յիսուս համբերութեամբ կը բացատրէր, քանի որ ուրիշներով խորապէս հետաքրքրուած էր։—Մատթէոս 16։5-12

18. Մեր գրականութիւններուն մէջ նշուած համարներուն նկատմամբ ի՞նչ յանձնարարութիւն կը տրուի։

18 Ուրիշներու հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը մեզ պիտի մղէ ‘Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանելու’։ (Գործք 17։2, ՆԱ, 3) Ասիկա կը պահանջէ որ աղօթքով ուսումնասիրենք եւ իմաստութեամբ գործածենք ‘հաւատարիմ տնտեսին’ կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները։ (Ղուկաս 12։42-44) Օրինակ, Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, բազմաթիւ համարներ կը մէջբերէ։ * Որովհետեւ գիրքին չափը սահմանափակ է, ոմանք պարզապէս նշուած են։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, կարեւոր է այս նշուած համարներէն առնուազն քանի մը հատը կարդալ ու բացատրել։ Ի վերջոյ, մեր ուսուցումը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է, եւ անիկա մեծ զօրութիւն ունի։ (Եբրայեցիս 4։12) Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ամբողջ տեւողութեան, յաճախ Աստուածաշունչին ակնարկեցէք, պարբերութիւններուն բովանդակած համարները գործածելով։ Աշակերտին օգնեցէք որ տեսնէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ որոշ նիւթի մը կամ ընթացքի մը մասին։ Ջանացէք անոր ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս պիտի օգտուի Աստուծոյ հնազանդելով։—Եսայեայ 48։17, 18

Միտք Գրգռող Հարցումներ Հարցուցէք

19, 20. (ա) Երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք, ինչո՞ւ տեսակէտ պարզող հարցումներ պէտք է գործածենք։ (բ) Եթէ որոշ նիւթ մը յաւելեալ քննարկութիւն պահանջէ, ի՞նչ կրնանք ընել։

19 Յիսուս հմտօրէն հարցումներ գործածելով մարդոց օգնեց որ պատճառաբանեն։ (Մատթէոս 17։23-26) Եթէ տեսակէտ պարզող հարցումներ հարցնենք, որոնք Աստուածաշունչի աշակերտը նեղ կացութեան չեն մատներ, անոր պատասխանները կրնան յայտնել թէ որոշ նիւթի մը շուրջ ի՛նչ կը խորհի։ Թերեւս նկատենք թէ ան տակաւին սուրբ գրային չեղող տեսակէտներ ունի։ Օրինակ, թերեւս ան Երրորդութեան կը հաւատայ։ Գիտութիւն գիրքին 3–րդ գլուխը կը նշէ թէ «Երրորդութիւն» բառը Աստուածաշունչին մէջ գոյութիւն չունի։ Գիրքը կը մէջբերէ եւ կը նշէ համարներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա եւ Յիսուս տարբեր անձեր են, եւ թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժն է եւ ո՛չ թէ անձ մը։ Աստուածաշունչի այս համարները կարդալն ու քննարկելը կրնայ բաւարար ըլլալ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել եթէ յաւելեալ տեղեկութեան կարիք կայ։ Յաջորդ ուսումնասիրութեան նիստէն ետք, կրնանք ժամանակ յատկացնել այս նիւթը քննարկելու համար, գործածելով Եհովայի Վկաներու ուրիշ մէկ գրականութիւնը, ինչպէս՝ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան գրքոյկը։ Այնուհետեւ ուսումնասիրութիւնը կը վերսկսինք, գործածելով Գիտութիւն գիրքը։

20 Ենթադրենք որ տեսակէտ պարզող հարցումի մը աշակերտին տուած պատասխանը մեզ անակնկալի կը բերէ կամ նոյնիսկ յուսախաբ կ’ընէ։ Եթէ ծխախոտի գործածութիւնը, կամ այլ զգայուն նիւթ մը, պարփակուած է, կրնանք թելադրել ուսումնասիրութիւնը շարունակել եւ հետագային այս նիւթը նկատի առնել։ Երբ իմանանք թէ աշակերտը դեռ ծխախոտ կը գործածէ, կը մղուինք հրատարակուած տեղեկութիւններ պրպտելու, որոնք կրնան օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Մինչ կը ջանանք աշակերտին սիրտին հասնիլ, կրնանք աղօթել որ Եհովա անոր օգնէ հոգեւորապէս աճելու։

21. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ մեր ուսուցանելու մեթոտները յարմարցնենք Աստուածաշունչի աշակերտին մասնայատուկ կարիքներուն։

21 Լաւ պատրաստութեամբ ու Եհովայի օգնութեամբ, անտարակոյս պիտի կարենանք մեր ուսուցանելու մեթոտները յարմարցնել Աստուածաշունչի աշակերտին մասնայատուկ կարիքներուն։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս կարենանք անոր օգնել որ Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր մշակէ, իսկ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ՝ յարգանք ու գնահատութիւն։ Եւ որքա՜ն գոհունակութիւն կը պատճառէ, երբ Աստուածաշունչի աշակերտներ ընդունին թէ ‘իրաւցնէ Աստուած մեր մէջ է’։ (Ա. Կորնթացիս 14։24, 25) Հետեւաբար թող որ Աստուածաշունչի ազդու ուսումնասիրութիւններ վարենք եւ մեր կարելին ընենք ուրիշներուն օգնելու որ Յիսուսի աշակերտներ ըլլան։

Ծառայութեան Գանձը Արժեւորեցէք

22, 23. Մեր ծառայութիւնը լման կատարելու համար, ի՞նչ բանի կարիք կայ։

22 Մեր ծառայութիւնը լման կատարելու համար, աստուածատուր զօրութեան պէտք է ապաւինինք։ Ծառայութեան ակնարկելով, Պօղոս օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ»։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ԱՎ

23 Օծեալներէն ըլլանք կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, մենք դիւրաբեկ՝ հողէ անօթներու կը նմանինք։ (Յովհաննու 10։16) Այսուհանդերձ Եհովա կրնայ մեզի հարկ եղած զօրութիւնը տալ մեր նշանակումները կատարելու համար, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած ճնշումները։ (Յովհաննու 16։13. Փիլիպպեցիս 4։13) Արդ, անվերապահօրէն Եհովայի վստահինք, ծառայութեան մեր գանձը արժեւորենք եւ մեր ծառայութիւնը լման կատարենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 18 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Երէցները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի իրենց ծառայութիւնը լման կատարեն։

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններուն ազդուութիւնը բարելաւել։

• Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը չհասկնայ օրինակ մը կամ որոշ նիւթի մը շուրջ յաւելեալ տեղեկութեան կարիք ունենայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Քրիստոնեայ երէցները ժողովքին մէջ կ’ուսուցանեն եւ ծառայութեան մէջ հաւատակիցները կը մարզեն

[Նկար՝ էջ 16]

Տան սուրբ գրային ազդու ուսումնասիրութիւններ վարելը, մեր լոյսը փայլեցնելու կերպ մըն է