Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեմիայի նման քա՛ջ եղէք

Երեմիայի նման քա՛ջ եղէք

Երեմիայի նման քա՛ջ եղէք

«Տէրո՛ջ սպասէ. ուժովցի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. դա՛րձեալ Տէրոջ սպասէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 27։14, ԱՎ

1. Եհովայի Վկաները ի՞նչ ճոխ օրհնութիւն կը վայելեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ հոգեւոր դրախտի մէջ կ’ապրին։ (Եսայեայ 11։6-9) Այս տագնապալից աշխարհին մէջ անոնք բացառիկ հոգեւոր շրջապատի մէջ կ’ապրին հաւատակից Քրիստոնեաներու հետ, որոնք Եհովա Աստուծոյ եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ են։ (Սաղմոս 29։11. Եսայեայ 54։13) Իսկ անոնց հոգեւոր դրախտը հետզհետէ կը մեծնայ։ Բոլոր անոնք որ ‘սրտանց Աստուծոյ կամքը կ’ընեն’, անոր ընդարձակման կը նպաստեն։ (Եփեսացիս 6։6) Ի՞նչպէս։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրելով եւ ուրիշներուն սորվեցնելով որ նոյնը ընեն, ու այսպիսով զանոնք հրաւիրելով որ այդ դրախտին ճոխ օրհնութիւններուն մասնակից ըլլան։—Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննու 15։8

2, 3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ բաներու պէտք է տոկան։

2 Սակայն հոգեւոր դրախտին մէջ մեր ապրիլը չի նշանակեր որ փորձութիւններ պիտի չունենանք։ Տակաւին անկատար ենք ու կը տառապինք հիւանդութեան, ծերութեան եւ վերջապէս մահուան ցաւերով։ Ասկէ զատ, «վերջին օրեր»ուն մասին տրուած մարգարէութիւններուն կատարման ականատես կ’ըլլանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Պատերազմները, ոճիրը, հիւանդութիւնը, սովը եւ այլ ծանր խնդիրներ կը վշտացնեն բոլոր մարդկութիւնը, իսկ Եհովայի Վկաները ասոնցմէ խնայուած չեն։—Մարկոս 13։3-10. Ղուկաս 21։10, 11

3 Այս բոլորին կողքին, քաջատեղեակ ենք որ մեր հոգեւոր դրախտին ջերմ շրջապատէն դուրս, հակառակութեան ցուրտ հովերը կը փչեն։ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։ (Յովհաննու 15։18-21) Հարցերը տարբեր չեն ներկայիս։ Շատեր տակաւին չեն հասկնար կամ գնահատեր մեր պաշտամունքի կերպը։ Ոմանք կը քննադատեն, կը ծաղրեն, կամ նոյնիսկ կ’ատեն մեզ՝ ինչպէս Յիսուս ըսաւ։ (Մատթէոս 10։22) Յաճախ հաղորդամիջոցներու կողմէ ապատեղեկատուութեան եւ չարամիտ պրոպականդի թիրախ դարձած ենք։ (Սաղմոս 109։1-3) Այո, բոլորս դժուար պարագաներ կը դիմագրաւենք, եւ մեզմէ ոմանք կրնան վհատիլ։ Ի՞նչպէս կրնանք տոկալ։

4. Ո՞վ մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։

4 Եհովա պիտի օգնէ մեզի։ Ներշնչման ներքեւ սաղմոսերգուն գրեց. «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։19. Ա. Կորնթացիս 10։13) Մեզմէ շատեր կրնան հաստատել թէ երբ լիովին վստահինք Եհովայի, ան մեզի կու տայ հարկ եղած զօրութիւնը՝ որեւէ դժուարութեան տոկալու։ Իրեն հանդէպ մեր սէրը ու մեր դիմաց դրուած ուրախութիւնը մեզի կ’օգնեն պայքարելու վհատութեան ու վախի դէմ։ (Եբրայեցիս 12։2) Այս կերպով դժուարութեանց դիմաց կը շարունակենք հաստատ մնալ։

Աստուծոյ Խօսքը Զօրացուց Երեմիան

5, 6. (ա) Ճշմարիտ երկրպագուներու ի՞նչ օրինակներ ունինք, որոնք կրցան տոկալ։ (բ) Երեմիա ի՞նչպէս հակազդեց, երբ մարգարէ ըլլալու կանչուեցաւ։

5 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ուրախութիւն գտած են, հակառակ դժուար պարագաներու։ Ոմանք ապրեցան դատաստանի շրջաններուն, երբ Եհովա իր բարկութիւնը թափեց անհաւատարիմներուն վրայ։ Այդ հաւատարիմ երկրպագուներուն մաս կը կազմէին Երեմիա ու իր ժամանակակիցներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ առաջին դարու Քրիստոնեաները։ Այս պատմական օրինակները արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ մեզ քաջալերելու համար, իսկ զանոնք ուսումնասիրելով շատ բան կրնանք սորվիլ։ (Հռովմայեցիս 15։4) Որպէս օրինակ, նկատի առնենք Երեմիան։

6 Երիտասարդ տարիքին, Երեմիա կանչուեցաւ որ Յուդայի մէջ ծառայէ իբր մարգարէ։ Ասիկա հեշտ նշանակում մը չէր։ Շատեր կեղծ աստուածներ կը պաշտէին։ Երբ Երեմիա իր ծառայութիւնը սկսաւ, այն ժամանակուան թագաւորը՝ Յովսիա հաւատարիմ էր, բայց անոր յաջորդող բոլոր թագաւորները անհաւատարիմ էին. իսկ ժողովուրդին սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը ունեցողներէն շատեր,– մարգարէներ ու քահանաներ,– ճշմարտութեան կողմնակից չէին։ (Երեմեայ 1։1, 2. 6։13. 23։11) Արդ, Երեմիա ի՞նչ զգաց, երբ Եհովա զինք կանչեց որ մարգարէ ըլլայ։ Ան վախցաւ։ (Երեմեայ 1։8, 17) Երեմիա մտաբերեց իր առաջին հակազդեցութիւնը. «Այն ատեն ես ըսի. ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ’»։—Երեմեայ 1։6

7. Երեմիա ի՞նչ ընդառաջում գտաւ իր թաղամասին մէջ, եւ ի՞նչպէս հակազդեց։

7 Երեմիայի թաղամասը արդիւնաբեր չէր, եւ ան յաճախ դառն հակառակութեան հանդիպեցաւ։ Անգամ մը Փասուր քահանան զարկաւ իրեն ու զինք կոճղի մէջ դրաւ։ Երեմիա գրեց թէ այդ ատեն իր անձին ի՛նչ ըսաւ. «Զինք պիտի չյիշեմ, կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»։ Թերեւս պատահած է որ նոյնպէս զգացած էք. ուզած էք ձեռնթափ ըլլալ։ Նկատեցէք թէ ի՛նչ բան օգնեց Երեմիայի որ յարատեւէ։ Ան ըսաւ. ‘Սրտիս մէջ կրակ մը վառեցաւ, իմ ոսկորներուս մէջ բորբոքեցաւ. ես յոգնեցայ զանիկա [Աստուծոյ խօսքը կամ՝ պատգամը] կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ’։ (Երեմեայ 20։9) Աստուծոյ խօսքերը նոյն ազդեցութիւնը ունի՞ն ձեր վրայ։

Երեմիայի Ընկերները

8, 9. (ա) Ուրիա մարգարէն ի՞նչ տկարութիւն ցոյց տուաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Բարուք ինչո՞ւ վհատեցաւ, եւ ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։

8 Երեմիա առանձին չէր իր մարգարէական գործին մէջ։ Ան ընկերներ ունէր եւ անոնցմով քաջալերուած էր։ Սակայն երբեմն իր ընկերները իմաստուն կերպով չվարուեցան։ Օրինակ, Ուրիա անունով ուրիշ մարգարէ մը Երուսաղէմի ու Յուդայի դէմ ազդարարութիւններ կու տար «Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս»։ Բայց երբ Յովակիմ թագաւորը հրամայեց որ Ուրիան մեռցուի, մարգարէն վախնալով Եգիպտոս փախաւ։ Ասիկա զինք չփրկեց։ Թագաւորին մարդիկը զինք հետապնդեցին, բռնեցին ու ետ Երուսաղէմ բերին, ուր սպաննուեցաւ։ Ասիկա Երեմիան որքա՜ն ցնցած ըլլալու էր։—Երեմեայ 26։20-23

9 Երեմիայի ուրիշ մէկ բարեկամն էր իր քարտուղարը՝ Բարուք։ Ան լաւ կերպով նեցուկ եղաւ իրեն, բայց առիթով մը ան ալ իր հոգեւոր հայեցակէտը կորսնցուց։ Ան սկսաւ գանգատիլ, ըսելով. «Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»։ Վհատած ըլլալով, Բարուք սկսաւ հոգեւոր բաներու հանդէպ իր գնահատութիւնը կորսնցնել։ Բայց Եհովա ազնուօրէն խրատեց զինք ու ան սրբագրուեցաւ։ Իրեն երաշխիք տրուեցաւ որ Երուսաղէմի կործանումէն պիտի վերապրէր։ (Երեմեայ 45։1-5) Երեմիա որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էր, երբ Բարուք վերագտաւ իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը։

Եհովա Նեցուկ Կանգնեցաւ Իր Մարգարէին

10. Եհովա օգնութեան ի՞նչ խոստումներ տուաւ Երեմիայի։

10 Կարեւորագոյն բանը այն է, որ Եհովա չլքեց Երեմիան։ Ան հասկցաւ մարգարէին զգացումը եւ տուաւ հարկ եղած զօրութիւնը։ Օրինակ, Երեմիայի ծառայութեան սկիզբը, երբ իր որակումներուն մասին կասկած յայտնեց, Եհովա անոր ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ Ապա, երբ նշանակումին մասին տեղեկութիւն տուաւ մարգարէին, Եհովա ըսաւ. «Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասն զի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։ (Երեմեայ 1։8, 19) Որքա՜ն կազդուրիչ էր։ Իսկ Եհովա իր խօսքին տէրը եղաւ։

11. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովա յարգեց Երեմիան պահելու իր խոստումը։

11 Ուստի կոճղի մէջ դրուելէ ու հանրապէս ծաղրանքի ենթարկուելէ ետք, Երեմիա վստահութեամբ ըսաւ. «Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս. անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն. անոնք խիստ պիտի ամչնան»։ (Երեմեայ 20։11) Տարիներ ետք, երբ Երեմիան սպաննելու փորձեր եղան, Եհովա շարունակեց իրեն հետ ըլլալ, եւ Բարուքի նման ան վերապրեցաւ Երուսաղէմի կործանումէն որպէս ազատ մարդ, մինչդեռ զինք հալածողները եւ իր ազդարարութիւնները անտեսողները ոչնչացան կամ Բաբելոն գերի քշուեցան։

12. Վհատելու պատճառներ ունենալով հանդերձ, ի՞նչ բան մեր միտքէն չհանենք։

12 Երեմիայի նման, ներկայիս Եհովայի Վկաներէն շատեր տառապանքներու կը տոկան։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, անոնցմէ ոմանք մեր անկատարութեան պատճառով են, ուրիշներ՝ աշխարհի անկարգութեան, իսկ տակաւին ուրիշներ, մեր գործին հակառակողներուն կողմէ կու գան։ Այս տառապանքները կրնան վհատեցուցիչ ըլլալ։ Երեմիայի նման, թերեւս այնպիսի աստիճանի հասնինք որ հարց տանք թէ արդեօք կրնա՞նք շարունակել։ Արդարեւ ատեն–ատեն կրնանք վհատիլ։ Վհատութիւնը Եհովայի հանդէպ մեր սիրոյ խորութիւնը փորձի կ’ենթարկէ։ Ուստի վճռենք թոյլ չտալ որ վհատութիւնը մեզ հեռացնէ Եհովայի ծառայութենէն, ինչպէս Ուրիա ըրաւ։ Երեմիան ընդօրինակենք ու վստահ ըլլանք որ Եհովա նեցուկ պիտի կանգնի մեզի։

Ի՛նչպէս Պայքարիլ Վհատութեան Դէմ

13. Ի՞նչպէս կրնանք Երեմիայի ու Դաւիթի օրինակներուն հետեւիլ։

13 Երեմիա յարատեւաբար հաղորդակցութեան մէջ էր Եհովա Աստուծոյ հետ. անոր կը յայտնէր իր խոր զգացումները ու անկէ զօրութիւն կը խնդրէր։ Ահա՛ւասիկ հետեւելիք գեղեցիկ օրինակ մը։ Նոյն ոյժի Աղբիւրին դիմող վաղեմի Դաւիթ գրեց. «Ո՛վ Տէր, ունկնդրէ՛ իմ խօսքերս, նկատէ՛ խորհրդածութիւնս. ուշադի՛ր եղիր աղաղակիս ձայնին, ո՛վ իմ Թագաւորս եւ Աստուածս, որովհետեւ քեզի՛ կ’աղօթեմ»։ (Սաղմոս 5։1, 2, ԱՎ) Դաւիթի կեանքի ներշնչուած արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովա յաճախ պատասխանեց անոր օգնութեան աղօթքներուն։ (Սաղմոս 18։1, 2. 21։1-5) Նոյն կերպով, երբ ճնշումները ծանր ըլլան կամ մեր խնդիրները անյաղթահարելի թուին, աղօթքով Եհովայի դիմելը եւ մեր սիրտը իրեն բանալը շատ կը հանգստացնէ մեզ։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։16-18) Եհովա չի մերժեր մեզ լսել, այլ մեզ կը վստահեցնէ որ ‘կը հոգայ մեզ’։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Սակայն տրամաբանական պիտի չըլլար Եհովայի աղօթել, ապա զինք չլսել, այդպէս չէ՞։

14. Եհովայի խօսքերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Երեմիայի վրայ։

14 Եհովա ի՞նչպէս կը խօսի մեզի։ Դարձեալ Երեմիայի դառնանք։ Երեմիա մարգարէ ըլլալով, Եհովա ուղղակի իրեն հետ կը հաղորդակցէր։ Երեմիա Աստուծոյ խօսքերուն իր սիրտին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը կը նկարագրէ. «Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած»։ (Երեմեայ 15։16) Այո, Աստուծոյ անունը իր վրայ կոչուած ըլլալը հաճելի էր Երեմիայի, եւ Իր խօսքերը թանկագին էին մարգարէին։ Ուստի, Պօղոս առաքեալի նման, Երեմիա մեծ ցանկութիւն ունէր իրեն վստահուած պատգամը ծանուցանելու։—Հռովմայեցիս 1։15, 16

15. Եհովայի խօսքերը ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտին մէջ ցանել, եւ ի՞նչ բաներ նկատի առնելը պիտի օգնէ վճռելու որ լուռ չմնանք։

15 Ներկայիս Եհովա ոեւէ մէկուն հետ ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ չի գար։ Սակայն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ ունինք Աստուծոյ խօսքերը։ Ուստի եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը լուրջի առնենք եւ մեր սորվածներուն մասին խոր կերպով մտածենք, Աստուծոյ խօսքերը մեր սիրտին ալ «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն» պիտի ըլլան։ Իսկ երբ այս խօսքերը ուրիշներուն հետ կը բաժնենք, կ’ուրախանանք որ Եհովայի անունը մեր վրայ կոչուած է։ Բնա՛ւ չմոռնանք այն իրողութիւնը թէ աշխարհի մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ ժողովուրդ կը ծանուցանէ Եհովայի անունը։ Միմիայն իր Վկաներն են որ կը յայտարարեն Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը ու հեզերուն կը սորվեցնեն որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ի՜նչ երանելի ենք։ Եհովա սիրալիր կերպով ասիկա մեզի վստահած է, ուստի ի՞նչպէս կրնանք լուռ կենալ։

Մեր Ընկերակցութեան Հսկե՛նք

16, 17. Ընկերակցութիւններու հանդէպ ի՞նչ էր Երեմիայի տեսակէտը, եւ ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել զինք։

16 Երեմիա ուրիշ բանի մը մասին ալ կը խօսի, որ իրեն օգնեց քաջ ըլլալու։ Ան ըսաւ. «Ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ չնստեցայ ու չզուարճացայ. քու ձեռքդ իմ վրաս ըլլալուն համար առանձին նստեցայ, վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցած էիր»։ (Երեմեայ 15։17) Երեմիա նախընտրեց առանձին մնալ, քան թէ փճանալ չար ընկերներու կողմէ։ Մենք ալ ներկայիս հարցը այս կերպով կը դիտենք։ Բնա՛ւ չենք մոռնար Պօղոս առաքեալի ազդարարութիւնը թէ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն», նոյնիսկ՝ տարիներէ ի վեր մեր ունեցած աղէկ բարքը։—Ա. Կորնթացիս 15։33

17 Չար ընկերակցութիւնները կրնան պատճառ ըլլալ որ աշխարհի հոգին ապականէ մեր մտածումը։ (Ա. Կորնթացիս 2։12. Եփեսացիս 2։2. Յակոբու 4։4) Ուստի մեր ըմբռնողութիւնը մարզենք բնորոշելու համար վնասակար ընկերակցութիւնները ու ամբողջովին մերժենք զանոնք։ (Եբրայեցիս 5։14) Եթէ Պօղոս այսօր ողջ ըլլար, ի՞նչ կը կարծէք որ պիտի ըսէր Քրիստոնեայի մը, որ անբարոյ կամ վայրագ շարժապատկերներ կամ վայրագ մարզանք կը դիտէ։ Ի՞նչ խրատ պիտի տար եղբօր մը, որ Համացանցի վրայ բոլորովին անծանօթ եղողներու հետ բարեկամութիւն կը փնտռէ։ Ի՞նչ պիտի խորհէր Քրիստոնեայի մը մասին, որ ժամերով տեսերիզի խաղեր կը խաղայ կամ հեռատեսիլ կը դիտէ, բայց անձնական ուսումնասիրութեան լաւ վարժութիւններ չունի։—Բ. Կորնթացիս 6։14բ. Եփեսացիս 5։3-5, 15, 16

Հոգեւոր Դրախտին Մէջ Մնացէք

18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու։

18 Մեր հոգեւոր դրախտը մեծապէս կ’արժեւորենք։ Ներկայ աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ բան անոր կը նմանի։ Նոյնիսկ անհաւատները կը խօսին իրարու հանդէպ Քրիստոնեաներու ունեցած սիրոյն, նկատառութեան ու քաղցրութեան մասին։ (Եփեսացիս 4։31, 32) Այսուհանդերձ որեւէ ժամանակէ աւելի վհատութեան դէմ պայքարելու կարիք ունինք։ Լաւ ընկերակցութիւնը, աղօթքը եւ ուսումնասիրութեան լաւ վարժութիւնները կրնան մեզի օգնել հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու։ Անոնք պիտի զօրացնեն մեզ որ Եհովայի լիովին վստահելով որեւէ փորձութիւն դիմագրաւենք։—Բ. Կորնթացիս 4։7, 8

19, 20. (ա) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ տոկանք։ (բ) Յաջորդ յօդուածը որո՞նց ուղղուած է, իսկ որո՞նց համար ալ հետաքրքրական է։

19 Բնա՛ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ մեր սուրբ գրային պատգամը ատողները մեզ վհատեցնեն ու մեզ ստիպեն որ մեր հաւատքին մէջ զիջում ընենք։ Երեմիան հալածող թշնամիներուն նման, մեզի դէմ կռուողները Աստուծոյ դէմ կը կռուին։ Անոնք պիտի չյաղթեն։ Մեր հակառակորդներէն շատ աւելի զօրաւոր եղող Եհովան, մեզի կ’ըսէ. «Տէրո՛ջ սպասէ. ուժովցի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. դա՛րձեալ Տէրոջ սպասէ»։ (Սաղմոս 27։14, ԱՎ) Եհովայի հանդէպ յոյսը խորապէս արմատացած ըլլալով մեր սիրտերուն մէջ, վճռենք չձանձրանալ բարիք գործելէն։ Երեմիայի ու Բարուքի պէս վստահ ըլլանք որ պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։—Գաղատացիս 6։9

20 Շատ մը Քրիստոնեաներ անդադար կը պայքարին վհատութեան դէմ։ Սակայն պատանիները մասնայատուկ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Բայց անոնք մեծ պատեհութիւններ ալ ունին։ Յաջորդ յօդուածը ուղղուած է մեր մէջ գտնուող պատանիներուն։ Անիկա հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ ծնողներուն ու ժողովքի բոլոր նուիրուած չափահասներուն, որոնք խօսքով, օրինակով եւ ուղղակիօրէն նեցուկ կանգնելով ի վիճակի են ժողովքի պատանիներուն օգնելու։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել վհատեցուցիչ պարագաներ դիմագրաւել, եւ օգնութեան համար որո՞ւ պէտք է նայինք։

• Երեմիա դժուար նշանակում ունենալով հանդերձ, ի՞նչպէս վհատութեան յաղթեց։

• Ի՞նչ բան մեր սիրտին «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն» կրնայ տալ, նոյնիսկ դժուարութեանց մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Երեմիա խորհեցաւ թէ ինք շատ երիտասարդ ու անփորձ էր մարգարէ մը ըլլալու համար

[Նկար՝ էջ 18]

Նոյնիսկ երբ հալածուած էր, Երեմիա գիտցաւ որ Եհովա իրեն հետ էր «զօրաւոր ախոյեանի պէս»