Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրար զօրացուցէք

Իրար զօրացուցէք

Իրար զօրացուցէք

«Ասոնք ինծի զօրացուցիչ սատար եղան»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 4։11, ՆԱ

1, 2. Հակառակ վտանգներուն, Պօղոսի բարեկամները ինչո՞ւ իրեն այցելեցին բանտին մէջ։

ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ կրնայ ըլլալ բանտին մէջ հիւծող անհատի մը բարեկամը ըլլալ, նոյնիսկ երբ ձեր բարեկամը անիրաւօրէն բանտարկուած ըլլայ։ Բանտի պաշտօնեաները կրնան կասկածանքով նայիլ ձեզի, ձեր իւրաքանչիւր շարժումը դիտելով, վստահ ըլլալու համար որ յանցագործութիւն մը չէք գործեր։ Հետեւաբար ձեր բարեկամին հետ մտերմութիւն պահելը ու բանտին մէջ իրեն այցելելը քաջութիւն կը պահանջէ։

2 Ճիշդ այս է որ ըրին Պօղոս առաքեալի կարգ մը բարեկամները շուրջ 1,900 տարի առաջ։ Անոնք չվարանեցան Պօղոսի այցելելու բանտին մէջ, իրեն պէտք եղած մխիթարութիւնը ու քաջալերութիւնը տալու եւ զինք հոգեւորապէս զօրացնելու համար։ Որո՞նք էին այս հաւատարիմ բարեկամները։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրենց քաջութենէն, հաւատարմութենէն ու բարեկամութենէն։—Առակաց 17։17

«Զօրացուցիչ Սատար»

3, 4. (ա) Պօղոսի հինգ բարեկամները որո՞նք են, եւ ի՞նչ եղան իրեն համար։ (բ) Ի՞նչ է «զօրացուցիչ սատար»ը։

3 Ետ երթանք շուրջ Հ.Դ. 60 տարին։ Պօղոս առաքեալ բանտն է Հռովմի մէջ, ամբաստանուած իբր խռովարար։ (Գործք 24։5. 25։11, 12) Պօղոս հինգ Քրիստոնեաներ կը յիշէ, որոնք իրեն նեցուկ կանգնեցան՝ Տիւքիկոս, Ասիայի նահանգէն իր անձնական պատուիրակը եւ «ծառայակիցը Տէրոջմով». Ոնեսիմոս, «հաւատարիմ ու սիրելի եղբայր» մը Կողոսայէն. Արիստարքոս, Մակեդոնացի մը Թեսաղոնիկէէն եւ նախապէս Պօղոսի «գերութեան ընկեր»ը. Մարկոս, Պօղոսի միսիոնար ընկերոջ՝ Բառնաբասի եղբօրորդին եւ Աւետարան գրողը. եւ Յուստոս, Պօղոսի գործակիցներէն մէկը «Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։ Պօղոս այս հինգին մասին կ’ըսէ. «Ասոնք ինծի զօրացուցիչ սատար եղան»։—Կողոսացիս 4։7-11, ՆԱ

4 Պօղոս ազդու արտայայտութիւն մը ունեցաւ իր հաւատարիմ բարեկամներուն իրեն մատուցած օգնութեան շուրջ։ Ան գործածեց «զօրացուցիչ սատար» թարգմանուած Յունարէն բառ մը (բա·րէ·կո·րիա), որ Աստուածաշունչին մէջ միայն այս համարին մէջ կը գտնուի։ Այս բառը տարբեր իմաստներ ունի եւ մասնաւորաբար բժշկական մարզին մէջ գործածուած է։ * Բառը կարելի է թարգմանել ‘սփոփանք, թեթեւացում, մխիթարութիւն կամ ամոքում’։ Պօղոս այս կերպով զօրանալու կարիք ունէր, եւ հինգ տղամարդիկը ասիկա է որ հայթայթեցին իրեն։

Պօղոս Ինչո՛ւ «Զօրացուցիչ Սատար»ի Կարիք Ունէր

5. Առաքեալ մը ըլլալով հանդերձ, Պօղոս ի՞նչ բանի կարիք ունէր, եւ բոլորս ատեն–ատեն ի՞նչ բանի կարիք կ’ունենանք։

5 Թերեւս ոմանք զարմանան որ Պօղոս, առաքեալ մը ըլլալով, զօրանալու կարիք ունէր։ Ճիշդ է որ Պօղոս զօրաւոր հաւատք ունէր եւ կրած էր ֆիզիքական շատ վնասներ, ‘չափէն աւելի ծեծեր’, ‘յաճախ մահուան վտանգներ’ եւ այլ ցաւեր։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27) Այսուհանդերձ ան մարդ էր եւ բոլոր մարդիկ երբեմն մխիթարուելու եւ ուրիշներու կողմէ իրենց հաւատքը զօրանալու կարիք կ’ունենան։ Յիսուս ալ նոյնը զգաց։ Իր վերջին գիշերը հրեշտակ մը երեւցաւ անոր Գեթսեմանիի մէջ ու «զօրացուց զանիկա»։—Ղուկաս 22։43

6, 7. (ա) Հռովմի մէջ, որո՞նք յուսախաբ ըրին Պօղոսը, իսկ որո՞նք քաջալերեցին զինք։ (բ) Պօղոսի Քրիստոնեայ եղբայրները ի՞նչպիսի ծառայութիւն մատուցանեցին իրեն, «զօրացուցիչ սատար» ըլլալով իրեն։

6 Այո, Պօղոս զօրանալու կարիք ունեցաւ։ Երբ Հռովմ հասաւ իբր բանտարկեալ, իր ազգէն եղողներէն լաւ ընդունելութիւն չգտաւ։ Այդ Հրեաներուն մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան պատգամը չընդունեց։ Հրեաներուն գլխաւորները Պօղոսի այցելելէ ետք իր արգելափակուած տեղը, Գործք Առաքելոց գիրքը կ’ըսէ. «Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։ Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին»։ (Գործք 28։17, 24, 25) Եհովայի շնորհքին հանդէպ անոնց գնահատութեան պակասը որքա՜ն ցաւ պատճառած ըլլալու էր Պօղոսի։ Այս նիւթին շուրջ իր խոր զգացումները բացայայտ էին քանի մը տարի առաջ Հռովմի ժողովքին իր գրած նամակին մէջ. «Մեծ տրտմութիւն ունիմ, եւ սիրտիս մէջ՝ յարատեւ ցաւ։ Քանի որ կ’ըղձայի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ, իմ եղբայրներուս [Հրեաներուն]՝ մարմինի կողմէն ազգականներուս համար»։ (Հռովմայեցիս 9։2, 3, ԱՎ) Այսուհանդերձ ան Հռովմի մէջ հաւատարիմ ու իրական բարեկամներ գտաւ, որոնց քաջութիւնն ու խանդաղատանքը սփոփեց իր սիրտը։ Անոնք իր հարազատ հոգեւոր եղբայրներն էին։

7 Այս հինգ եղբայրները ի՞նչպէս զօրացուցիչ սատար եղան։ Անոնք թոյլ չտուին որ Պօղոսի կապանքները պատճառ ըլլան որ իրմէ հեռանան։ Անոնք սիրայօժար ու սիրալիր կերպով ծառայութիւններ մատուցանեցին Պօղոսի, ընելով այն գործերը որ չէր կրնար ընել՝ արգելափակուած ըլլալուն պատճառով։ Օրինակ, անոնք իբր պատուիրակ ծառայեցին, Պօղոսի նամակներն ու բերանացի հրահանգները տանելով տարբեր ժողովքներու։ Անոնք Պօղոսի քաջալերական տեղեկագրութիւններ բերին Հռովմի ու այլ վայրերու եղբայրներուն մասին։ Անոնք հաւանաբար անհրաժեշտ առարկաներ բերին, ինչպէս՝ ձմեռնային հագուելիք, մագաղաթներ եւ գրենական։ (Եփեսացիս 6։21, 22. Բ. Տիմոթէոս 4։11-13) Այս բոլոր օգնութիւնները զօրացուցին ու քաջալերեցին բանտարկեալ առաքեալը, այնպէս որ ինքն ալ իր կարգին «զօրացուցիչ սատար» եղաւ ուրիշներուն, մանաւանդ՝ ժողովքներուն։—Հռովմայեցիս 1։11, 12

Ի՛նչպէս Կրնանք «Զօրացուցիչ Սատար» Ըլլալ

8. Ի՞նչ դաս կը սորվինք Պօղոսէ, որ «զօրացուցիչ սատար»ի կարիք ունենալը խոնարհաբար ընդունեց։

8 Պօղոսի եւ իր հինգ գործակիցներուն պատմութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Յատկապէս սա դասը. Ձախորդութեան հանդիպողներուն օգնութեան հասնիլը քաջութիւն եւ անձնազոհութիւն կը պահանջէ։ Ասկէ զատ, խոնարհութիւն կը պահանջէ գիտակցիլը թէ անձնական նեղութիւններու ընթացքին օգնութեան կարիք կրնանք ունենալ։ Պօղոս ոչ միայն անդրադարձաւ որ օգնութեան կարիք ունէր, այլ այդ օգնութիւնը ազնուաբար ընդունեց ու գովեց զայն մատուցանողները։ Ան տկարութեան նշան կամ նուաստացում չնկատեց ուրիշներէն օգնութիւն ստանալը. նոյնը մենք պէտք է ընենք։ Եթէ խորհինք որ բնա՛ւ զօրացուցիչ սատարի կարիք չունինք, կը նշանակէ որ մենք գերմարդկային ենք։ Մի՛ մոռնաք Յիսուսի օրինակը. նոյնիսկ կատարեալ մարդը երբեմն կրնայ օգնութիւն խնդրել։—Եբրայեցիս 5։7

9, 10. Ի՞նչ օգուտ ձեռք կը ձգուի երբ անհատ մը ընդունի որ օգնութեան կարիք ունի, իսկ ասիկա ընտանիքին ու ժողովքին մէջ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ուրիշներուն վրայ։

9 Լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին, երբ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողները ընդունին իրենց սահմանափակումները եւ ուրիշներու օգնութենէն կախեալ ըլլալը։ (Յակոբու 3։2) Այս գիտակցութիւնը հեղինակութիւն ունեցողներուն ու այդ հեղինակութեան ենթակայ եղողներուն միջեւ կապերը կը զօրացնէ, ջերմ ու ազատ հաղորդակցութիւն յառաջացնելով։ Օգնութիւն ստանալու յօժար եղողներուն խոնարհութիւնը, նոյն կացութեան մէջ գտնուող ուրիշներուն իբր գործնական դաս կրնայ ծառայել, ցոյց տալով որ առաջնորդութիւն առնողները մարդ են ու՝ դիւրամերձ։—Ժողովողի 7։20

10 Օրինակ, երախաները աւելի հեշտութեամբ իրենց ծնողներուն մատուցած օգնութիւնը կ’ընդունին, երբ գիտնան թէ իրենց ծնողներն ալ նման խնդիրներ ու փորձութիւններ ունեցած են իրենց երախայութեան։ (Կողոսացիս 3։21) Այս կերպով հաղորդակցութեան գիծերը բաց կրնան մնալ ծնողի ու զաւկի միջեւ։ Սուրբ գրային լուծումները աւելի ազդու կերպով կը տրուին եւ աւելի սիրով կ’ընդունուին։ (Եփեսացիս 6։4) Ժողովքի անդամներն ալ աւելի պատրաստ պիտի ըլլան երէցներէն օգնութիւն ընդունելու, երբ գիտակցին որ երէցներն ալ ունին խնդիրներ, վախեր ու վարանք։ (Հռովմայեցիս 12։3. Ա. Պետրոս 5։3) Ասիկա ալ լաւ հաղորդակցութեան դուռ կը բանայ ու կ’առաջնորդէ սուրբ գրային խրատներ փոխանակելու եւ հաւատք զօրացնելու։ Մի՛ մոռնաք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը որեւէ ժամանակէ աւելի զօրանալու կարիք ունին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

11. Ինչո՞ւ ներկայիս շատեր «զօրացուցիչ սատար»ի կարիք ունին։

11 Ո՛ւր որ ալ ապրինք, ո՛վ որ ալ ըլլանք կամ ի՛նչ տարիք ալ ունենանք, բոլորս երբեմն կեանքի ճնշումներուն հետ դէմ յանդիման պիտի գանք։ Ասիկա ներկայ աշխարհին անբաժան մէկ մասն է։ (Յայտնութիւն 12։12) Ֆիզիքական կամ զգացական խանգարիչ վիճակները մեր հաւատքին որակը փորձի կ’ենթարկեն։ Դժուար կացութիւններ կրնան ի յայտ գալ դպրոցին, գործին, ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ։ Պատճառը կրնայ լուրջ հիւանդութիւն մը կամ նախկին ջղացնցում մը ըլլալ։ Եթէ կողակից մը, երէց մը կամ բարեկամ մը իմաստալից խօսքերով ու օգտալից արարքներով ազնուօրէն քաջալերութիւն տայ, որքա՜ն ամոքիչ կ’ըլլայ։ Անիկա բորբոքած մորթի վրայ դրուած դեղի պէս է։ Ուստի, եթէ տեսնէք որ ձեր եղբայրներէն մէկը այսպիսի վիճակի մէջ է, զօրացուցիչ սատար եղէք անոր։ Իսկ եթէ մասնայատուկ խնդիր մը կ’ընկճէ ձեզ, հոգեւորապէս որակելի անհատներէն օգնութիւն խնդրեցէք։—Յակոբու 5։14, 15

Ժողովքը Ի՛նչպէս Կրնայ Օգնել

12. Ժողովքին մէջ ամէն մէկը ի՞նչ կրնայ ընել իր եղբայրները զօրացնելու համար։

12 Ժողովքին բոլոր անդամները, մէջը ըլլալով պատանիները, կրնան բան մը ընել ուրիշները զօրացնելու համար։ Նախ, ժողովներու ու դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր կանոնաւոր ըլլալը մեծապէս կը զօրացնէ ուրիշներուն հաւատքը։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Սրբազան ծառայութեան մէջ յարատեւելով Եհովայի հանդէպ ձեր հաւատարմութիւնը կ’ապացուցանէք եւ ցոյց կու տաք որ կը շարունակէք հոգեւորապէս արթուն մնալ, հակառակ ձեր խնդիրներուն։ (Եփեսացիս 6։18) Այդ յարատեւութիւնը կրնայ զօրացնել ուրիշները։—Յակոբու 2։18

13. Ոմանք ինչո՞ւ անգործունեայ կ’ըլլան, եւ անոնց օգնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։

13 Երբեմն կեանքի ճնշումները կամ այլ դժուարութիւններ կրնան պատճառ ըլլալ որ ոմանք դանդաղին կամ անգործունեայ դառնան դաշտի ծառայութեան մէջ։ (Մարկոս 4։18, 19) Թերեւս անգործունեաները չտեսնենք ժողովներուն։ Բայց անոնք հաւանաբար իրենց սիրտին մէջ տակաւին սէր ունին Աստուծոյ հանդէպ։ Անոնց հաւատքը զօրացնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։ Երէցները կրնան սիրալիր օգնութիւն մատուցանել՝ անոնց այցելելով։ (Գործք 20։35) Ժողովքին միւս անդամներէն ալ կարելի է խնդրել որ օգնեն։ Այս սիրալիր այցելութիւնները կրնան ճիշդ դեղը ըլլալ, հաւատքի մէջ տկար եղողները վերակենդանացնելու համար։

14, 15. Ուրիշները զօրացնելու մասին Պօղոս ի՞նչ խրատ կու տայ։ Ժողովքի մը օրինակը տուէք, որ առաքեալին խրատը կիրարկեց։

14 Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ ‘վատասիրտները մխիթարենք, տկարներուն ձեռնտու ըլլանք’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Թերեւս այդ «վատասիրտներ»ը կը զգան որ իրենց ոյժը կը հատնի եւ չեն կրնար իրենց դիմագրաւած խոչընդոտները յաղթահարել, առանց ուրիշներու օգնութեան։ Այդ օգնութիւն հայթայթողը կրնա՞ք ըլլալ։ «Տկարներուն ձեռնտու եղէք» արտայայտութիւնը նաեւ թարգմանուած է՝ տկարներուն ‘պաշտպան ըլլալ’ կամ ‘կառչիլ’։ Եհովա իր բոլոր ոչխարները կ’արժեւորէ ու կը սիրէ։ Ան զանոնք անարժէք չի սեպեր, ո՛չ ալ կ’ուզէ որ անոնցմէ մէկը մոլորի։ Կրնա՞ք ձեր ժողովքին օգնել հոգեւորապէս տկար եղողներուն ‘կառչելու’, մինչեւ որ աւելի զօրաւոր ըլլան։—Եբրայեցիս 2։1

15 Երէց մը այցելեց վեց տարիէ անգործունեայ եղող զոյգի մը։ Երէցը կը գրէ. «Ամբողջ ժողովքին ցուցաբերած ազնիւ ու սիրալիր հետաքրքրութիւնը ա՛յնքան մեծ տպաւորութիւն ձգեց, որ փափաքեցան հօտին վերադառնալ»։ Անգործունեայ եղած քոյրը ի՞նչպէս նկատեց ժողովքի անդամներուն այցելութիւնները։ Ան հիմա կ’ըսէ. «Մեր դարձեալ գործունեայ ըլլալուն նպաստեց այն բանը, որ ո՛չ այցելող եղբայրները, ո՛չ ալ անոնց ընկերակցող քոյրերը մեզի հանդէպ դատապարտական կամ քննադատական կեցուածք ցոյց տուին։ Ընդհակառակը, անոնք հասկացողութիւն ցոյց տուին եւ սուրբ գրային քաջալերութիւն հայթայթեցին»։

16. Ո՞վ միշտ պատրաստ է օգնելու անոնց որ զօրանալու կարիք ունին։

16 Այո, անկեղծ Քրիստոնեան կ’ուրախանայ ուրիշներուն զօրացուցիչ սատար ըլլալով։ Եւ երբ մե՛ր կեանքի պարագաները փոփոխութեան ենթարկուին, մեր եղբայրները կրնան մեզ զօրացնել։ Սակայն իրատեսօրէն կրնանք ըսել թէ կարելի է որ նեղութեան ժամանակ մարդկային ո՛չ մէկ օգնութիւն մատչելի ըլլայ։ Այսուհանդերձ կայ զօրութեան Աղբիւր մը որ միշտ մատչելի է, մէկը որ միշտ պատրաստ է օգնելու. Եհովա Աստուած։—Սաղմոս 27։10

Եհովա՝ Զօրութեան Վերջնագոյն Աղբիւրը

17, 18. Եհովա ի՞նչ կերպերով զօրացուց իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։

17 Երբ ցիցին վրայ գամուած էր, Յիսուս աղաղակեց. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ (Ղուկաս 23։46) Ապա մեռաւ։ Քանի մը ժամ առաջ, ան ձերբակալուեցաւ ու իր ամենամտերիմ բարեկամները զինք լքեցին ու վախնալով փախան։ (Մատթէոս 26։56) Յիսուս առանձին մնաց, զօրութեան միակ Աղբիւրը ունենալով իր երկնաւոր Հայրը։ Բայց Եհովայի վրայ դրած իր վստահութիւնը ի զուր չէր։ Իր Հօրը հանդէպ Յիսուսի հաւատարմութիւնը վարձատրուեցաւ, երբ Եհովա ուղղակի նեցուկ կանգնեցաւ իրեն։—Սաղմոս 18։25. Եբրայեցիս 7։26

18 Յիսուսի երկրային ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան, Եհովա իր Որդիին տուաւ ինչ որ ան պէտք ունէր իր ուղղամտութիւնը պահելու համար մինչեւ վերջին շունչը։ Օրինակ, մկրտուելէն անմիջապէս ետք, որ իր ծառայութեան սկիզբը նշեց, Յիսուս լսեց իր Հօրը ձայնը որ կ’արտայայտէր իր հաճութիւնը եւ իրեն հանդէպ իր ունեցած սէրը։ Երբ Յիսուս օգնութեան կարիք ունեցաւ, Եհովա հրեշտակներ ղրկեց զինք զօրացնելու համար։ Երբ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջաւորութեան իր մեծագոյն փորձութիւնը դիմագրաւեց, Եհովա բարեհաճութեամբ լսեց իր աղաչանքներն ու պաղատանքները։ Վստահաբար այս բոլորը զօրացուցիչ սատար եղան Յիսուսի։—Մարկոս 1։11, 13. Ղուկաս 22։43

19, 20. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի զօրացնէ մեզ, երբ կարիք ունենանք։

19 Եհովա կ’ուզէ մեզի համար ալ զօրութեան գլխաւոր Աղբիւրը ըլլալ։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) Սաստիկ զօրութեան իսկական Աղբիւրը կրնայ մեզի զօրացուցիչ սատար ըլլալ նեղութեան ժամանակ։ (Եսայեայ 40։26) Պատերազմը, աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը, մահը կամ մեր անկատարութիւնները կրնան մեզ հսկայ ճնշումի տակ դնել։ Երբ կեանքի փորձութիւնները «զօրեղ թշնամի»ի մը նման ջախջախիչ ըլլան, Եհովա կրնայ մեր զօրութիւնն ու կարողութիւնը ըլլալ։ (Սաղմոս 18։17. Ելից 15։2) Ան հզօր օգնական մը ունի մեզի համար. իր սուրբ հոգին։ Իր հոգիին միջոցով, Եհովա կրնայ ‘յոգնածին ոյժ տալ’, որպէսզի կարենայ ‘արծիւներու պէս թեւերով վեր ելլել’։—Եսայեայ 40։29, 31

20 Աստուծոյ հոգին տիեզերքի ամենահզօր ոյժն է։ Պօղոս նշեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ Այո, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կրնայ մեզի տալ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը», որպէսզի տոկանք բոլոր ցաւալի խնդիրներուն, մինչեւ որ «ամէն բաները նոր» ընէ իր խոստացած Դրախտին մէջ, որ շատ մօտ է։—Փիլիպպեցիս 4։13. Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ. Յայտնութիւն 21։4, 5

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Ու. Է. Վայնի՝ Vine’s Complete Expository Dictionary of Old and New Testament Words (Հին եւ Նոր Կտակարաններու Բառերուն Բացատրական Բառարան) կ’ըսէ. «[Բա·րէ·կո·րիա] բառին բայի ձեւը կ’ակնարկէ բորբոքում մեղմացնող դեղերուն»։

Կը յիշէ՞ք

• Հռովմի եղբայրները ի՞նչպէս «զօրացուցիչ սատար» եղան Պօղոսի։

• Ի՞նչ կերպերով ժողովքին մէջ կրնանք «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ։

• Ի՞նչպէս Եհովա մեր զօրութեան վերջնագոյն Աղբիւրն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 27]

Եղբայրները Պօղոսի «զօրացուցիչ սատար» եղան, զինք քաջալերելով, իրեն հաւատարմօրէն նեցուկ կանգնելով ու ծառայութիւններ մատուցանելով

[Նկար՝ էջ 29]

Երէցները հօտը զօրացնելու մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն