Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Ինչո՞ւ Ա. Կորնթացիս 10։8–ն կ’ըսէ թէ պոռնկութիւն գործող Իսրայելացիները, որոնք մէկ օրուան մէջ սպաննուեցան, 23,000 հոգի էին, մինչդեռ Թուոց 25։9–ն կ’ըսէ թէ 24,000 հոգի էին։
Այս երկու համարներուն մէջ տրուած տարբեր թիւերուն առնչութեամբ մի քանի ազդակներ խնդրոյ առարկայ են։ Ամենէն պարզ բացատրութիւնը այն է թէ բուն թիւը 23,000–էն 24,000–ի միջեւ է, եւ այդ թիւը կլորցուած է։
Նկատի առէք այլ հաւանականութիւն մը։ Պօղոս առաքեալ Սատիմի մէջ Իսրայելացիներուն փորձառութիւնը իբր ազդարարութիւն թուեց վաղեմի Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն, քաղաք մը որ իր անառակութեամբ հռչակաւոր էր։ Ան գրեց. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան»։ Պոռնկութեան պատճառով Եհովայի կողմէ սպաննուածներուն ակնարկելով, Պօղոս անոնց թիւը կու տայ՝ 23,000։—Ա. Կորնթացիս 10։8
Բայց Թուոց 25–րդ գլուխը կ’ըսէ. «Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ»։ Ապա Եհովա պատուէր տուաւ Մովսէսի որ «ժողովուրդին բոլոր իշխանները» սպաննէ։ Իր կարգին, Մովսէս դատաւորներուն ըսաւ որ այդ պատուէրը կատարեն։ Վերջապէս, երբ Փենէհէս անմիջապէս սպաննեց Իսրայելացի մը որ բանակավայրին մէջ Մադիանացի կին մը բերած էր, ‘հարուածը դադրեցաւ’։ Պատմութիւնը վերջ կը գտնէ սա տեղեկութեամբ. «Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին»։—Թուոց 25։1-9
Թուոցի մէջ յիշուած թիւը բացայայտօրէն կը բովանդակէր դատաւորներուն կողմէ սպաննուած ‘ժողովուրդին իշխանները’ եւ ուղղակիօրէն Եհովայի կողմէ սպաննուածները։ Հաւանաբար դատաւորները հազար իշխան սպաննեցին, թիւը հասցնելով 24,000–ի։ Այդ իշխաններուն կամ պարագլուխներուն ըրածը ի՛նչ որ ալ ըլլար՝ պոռնկութիւն, տօնախմբութեան մասնակցիլ, թէ մասնակցողներուն հաւանութիւն տալ, անոնք պատժուեցան ‘Բելփեգովրի յարելու’ յանցանքով։
‘Յարիլ’ բառին մասին Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ թէ անիկա կրնայ նշանակել՝ «անհատի մը սերտօրէն կապուիլ»։ Իսրայելացիները Եհովայի նուիրուած ժողովուրդ մըն էին, բայց երբ ‘Բելփեգովրի յարեցան’, Աստուծոյ հետ իրենց նուիրեալ յարաբերութիւնը խզեցին։ Շուրջ 700 տարի ետք, Ովսէէ մարգարէին միջոցով Եհովա Իսրայելացիներուն մասին ըսաւ. «Անոնք Բելփեգովր մտան ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան»։ (Ովսեայ 9։10) Այս բանը ընողները աստուածային դատապարտութեան արժանի էին։ Ուստի Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յիշեցուց. «Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց»։—Բ. Օրինաց 4։3