Չէզոքութիւնը արգե՞լք է քրիստոնէական սիրոյ
Չէզոքութիւնը արգե՞լք է քրիստոնէական սիրոյ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ըլլալը Աստուածաշունչ կարդալէն, աղօթելէն եւ Կիրակի օրերը հոգեւոր երգեր երգելէն աւելին կը բովանդակէ։ Անիկա կը պարփակէ Աստուծոյ ու մարդոց համար բաներ ընել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ա. Յովհաննու 3։18) Յիսուս անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր ուրիշներով, եւ Քրիստոնեաները կ’ուզեն զինք ընդօրինակել։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց որ ամէն ատեն ‘աւելնան Տէրոջը գործին մէջ’։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Բայց ի՞նչ է Տէրոջը գործը։ Արդեօք անոր մաս կը կազմէ՞ ջանալ կառավարութեան քաղաքականութիւնը փոխել ի նպաստ աղքատներուն ու հարստահարուածներուն։ Յիսուս ասիկա ըրա՞ւ։
Թէեւ Յիսուսի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ քաղաքական հարցերու միջամուխ ըլլայ կամ կողմ բռնէ, բայց ան մերժեց ասիկա ընել։ Ան չընդունեց աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ հեղինակութիւն ունենալու Սատանայի առաջարկը, մերժեց տուրք վճարելու մէջ հակաճառել ու ետ քաշուեցաւ, երբ ուզեցին զինք թագաւոր ընել։ (Մատթէոս 4։8-10. 22։17-21. Յովհաննու 6։15) Բայց իր չէզոք կեցուածքը արգելք չեղաւ որ ուրիշներուն ի նպաստ գործէ։
Յիսուս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ուրիշներուն մնայուն օգուտ բերելիք բաներուն վրայ։ Թէեւ հինգ հազարը կերակրելը եւ հիւանդները բուժելը ժամանակաւոր ամոքում բերաւ կարգ մը անհատներու, բայց իր ուսուցումը յաւիտենական օրհնութիւններ մատչելի դարձուց բոլոր մարդկութեան։ Յիսուս հանրածանօթ էր ո՛չ թէ իբր նպաստի արշաւներ կազմակերպող մը, այլ պարզապէս որպէս «Վարդապետը»։ (Մատթէոս 26։18. Մարկոս 5։35. Յովհաննու 11։28) Ան ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։—Յովհաննու 18։37
Քաղաքականութենէն Լաւ Բան մը Քարոզել
Յիսուսի քարոզած ճշմարտութիւնը քաղաքական տեսութիւն մը չէր։ Անոր առանցքը կը կազմէր Թագաւորութիւնը, որուն թագաւորը ինք պիտի ըլլար։ (Ղուկաս 4։44) Այս Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որ բոլոր մարդկային վարչութիւններուն տեղը պիտի առնէ եւ մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ մարդկութեան։ (Եսայեայ 9։6, 7. 11։9. Դանիէլ 2։44) Ուստի անիկա մարդկութեան միակ իսկական յոյսն է։ Շատ աւելի սիրալիր չէ՞ ծանուցանել այս ստոյգ յոյսը ապագայի համար, քան մարդիկ քաջալերել որ ապահով ապագայի համար մարդոց վստահին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։ Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է»։ (Սաղմոս 146։3-5) Ուստի փոխանակ իր աշակերտները ղրկելու որ կառավարութիւնները աւելի լաւ կազմակերպելու կերպեր քարոզեն, Յիսուս անոնց սորվեցուց որ «թագաւորութեան բարի լուրը» քարոզեն։—Մատթէոս 10։6, 7. 24։14, ՆԱ
Արդ, Քրիստոնեայ քարոզիչները յանձնարարութիւն ստացած են այս «Տէրոջը գործ»ը կատարելու։ Որովհետեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներէն պահանջուած է իրար սիրել, Թագաւորութիւնը պիտի յաջողի աղքատութիւնը չքացնել, մարդկութեան նիւթական միջոցները հաւասարակշռուած կերպով բաշխելով։ (Սաղմոս 72։8, 12, 13) Ասիկա բարի լուր մըն է եւ վստահաբար՝ քարոզելու արժանի։
Ներկայիս Եհովայի Վկաները 235 երկիրներու մէջ կազմակերպուած են «Տէրոջը գործ»ը կատարելու համար։ Յիսուսի պատուէրին համաձայն, անոնք բոլոր կառավարութիւններուն հանդէպ յարգալից են։ (Մատթէոս 22։21) Բայց իր հետեւորդներուն ըսած սա խօսքին ալ ուշադրութիւն կ’ընծայեն. «Աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի»։—Յովհաննու 15։19
Քաղաքականութիւն քարոզողներէն ոմանք, Աստուածաշունչը ուշադիր կերպով ուսումնասիրելէ ետք փոխուած են։ Իտալացի քաղաքագէտ մը, որ եկեղեցիին կողմէ կազմակերպուած Կաթողիկէ Շարժումին մէկ անդամն էր, ըսաւ. «Ես քաղաքականութեան մէջ մտայ, խորհելով որ անհատ մը ընկերութեան քաղաքական ու ընկերային զարգացման պէտք է նպաստէ»։ Ան որպէս քաղաքապետ իր հրաժարականը տուաւ ու Եհովայի Վկայ մը եղաւ, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզէ։ Ան բացատրեց թէ ինչո՛ւ քաղաքականութեան մէջ անկեղծ մարդոց ջանքերը կը ձախողին, ըսելով. «Աշխարհը ներկայ վիճակին մէջ է, ո՛չ թէ անոր համար որ պարկեշտ անհատներ չեն փորձած բարելաւել ընկերային վիճակները, այլ քանի որ սակաւաթիւ անձերու անկեղծ ջանքերը, շատերուն ամբարշտութեան կողմէ նուաճուած են»։
Մարդկութեան միակ իսկական յոյսը քարոզելու համար քաղաքականութենէն հեռու մնալը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ետ չի պահեր ուրիշներու գործնական օգնութիւն տալէ։ Անոնք որ
օգնութիւն կը ստանան Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալու, կը ջանան իրենց վնասաբեր վերաբերմունքը փոխել, հեղինակութիւնները յարգել, իրենց ընտանեկան կեանքը բարելաւել եւ նիւթական հարստութեան նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ։ Աւելի կարեւորը, Եհովայի Վկաները մարդոց կ’օգնեն որ Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն վայելեն։Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզողները իրենց ապրած ընկերութեան մէջ իրենց նպաստը կը բերեն։ Ասկէ զատ, անոնք մարդոց կ’օգնեն որ իրենց վստահութիւնը դնեն կառավարութեան մը վրայ, որ իրական է եւ մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ Աստուած սիրողներուն։ Իրենց չէզոքութեան որպէս արդիւնք, այս Քրիստոնեաները ազատօրէն կը հայթայթեն լաւագոյն գործնական օգնութիւնը։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 5]
Քաղաքականութենէն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան քարոզիչ
Երբ տղեկ էր, Աթիլա ազատագրութեան աստուածաբանութիւնը սորվեցաւ իր շրջանի քահանաներէն, Պէլէմի մէջ, Պրազիլ։ Կեղեքումէն մարդկութեան վերջապէս ազատագրուելուն մասին սորվիլը ուրախացուց զինք, եւ մարտիկներու խումբի մը միացաւ, ուր սորվեցաւ բողոքի եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան արշաւներ կազմակերպել։
Բայց Աթիլա նաեւ խումբի երախաներուն հաճոյքով կը սորվեցնէր իրեն տրուած գիրքէ մը՝ Մեծ Ուսուցիչին Մտիկ Ընել։ * Անոր մէջ կը խօսուէր լաւ վարքի եւ հեղինակութիւնը յարգելու մասին։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Աթիլա ինքզինքին հարց տայ թէ ազատագրութեան աստուածաբանութիւնը ջատագովողները ինչո՛ւ չեն հետեւիր Յիսուսի բարոյական բարձր չափանիշներուն եւ ոմանք ինչո՛ւ հեղինակութիւն ձեռք ձգելէ ետք կը մոռնան հարստահարուածները։ Ան այդ խումբէն քաշուեցաւ։ Հետագային Եհովայի Վկաները իր դուռը զարկին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսեցան իրեն։ Ան շուտով սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ սորվիլ մարդկութեան կեղեքումին իրական լուծումին մասին։
Գրեթէ այդ ատեն, Աթիլա հաւատքի ու քաղաքականութեան շուրջ Կաթողիկէ դասախօսաշարի մը ներկայ գտնուեցաւ։ «Ասոնք նոյն մետաղադրամին երկու երեսներն են», բացատրեցին դասախօսները։ Ան Թագաւորութեան Սրահին մէջ ալ ժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Ի՜նչ տարբերութիւն։ Հոն ծխող, խմող կամ աղտոտ կատակներ ընողներ չկային։ Ան որոշեց անոնց միանալ քարոզչութեան մէջ, եւ շատ չանցած մկրտուեցաւ։ Այժմ ան կրնայ տեսնել թէ ազատագրութեան աստուածաբանութիւնը ինչո՛ւ իրական լուծումը չէ աղքատներուն խնդիրներուն համար։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
[Նկարներ՝ էջ 4]
Քրիստոնեայ քարոզիչներուն չէզոքութիւնը զիրենք ետ չի պահեր ուրիշներուն օգնելէ