Պատանինե՛ր, ձեր ապագան հիմակուընէ կը կերտէ՞ք
Պատանինե՛ր, ձեր ապագան հիմակուընէ կը կերտէ՞ք
«Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, . . . ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 29։11
1, 2. Պատանեկութեան տարիները ի՞նչ տարբեր կերպերով կը նկատուին։
ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒՆ մեծամասնութիւնը պատանեկութիւնը կը նկատէ հոյակապ ժամանակ մը։ Անոնք կը յիշեն թէ իրենց պատանեկութեան որքա՜ն կորով ու եռանդ ունէին։ Անոնք կարօտով ետ կը նային այն ժամանակին, երբ շա՜տ քիչ պատասխանատուութիւններ ունէին, զուարճանալու շատ առիթ ունէին, եւ իրենց դիմաց պատեհութիւնները բաց էին։
2 Իսկ դուք պատանիներդ, հարցերը հաւանաբար տարբեր կը դիտէք։ Կրնայ ըլլալ որ պատանեկութեան զգացական եւ ֆիզիքական փոփոխութիւններուն պատճառով խնդիրներու դիմաց կը գտնուիք։ Դպրոցին մէջ թերեւս շրջապատի զօրաւոր ճնշում կը դիմագրաւէք։ Հաւանաբար թմրեցուցիչի, խմիչքի ու անբարոյութեան դէմ դնելու համար վճռակամ քայլեր պէտք է առնէք։ Ձեզմէ շատեր չէզոքութեան կամ հաւատքի վերաբերեալ այլ հարցեր ալ կը դիմակալեն։ Այո, պատանեկութիւնը կրնայ դժուար ժամանակ մը ըլլալ։ Այսուհանդերձ անիկա պատեհութիւններու ժամանակ մըն է։ Հարցը այն է որ այս պատեհութիւնները ի՞նչպէս պիտի գործածէք։
Ձեր Պատանեկութիւնը Վայելեցէք
3. Սողոմոն ի՞նչ խրատ եւ ի՛նչ ազդարարութիւն տուաւ պատանիներուն։
3 Աւելի տարեցներ ձեզի պիտի ըսեն որ պատանեկութիւնը երկար չի տեւեր, եւ իրաւունք ունին։ Միայն քանի մը տարի ետք, արդէն ձեր պատանեկութիւնը ձեր ետին կը մնայ։ Ուստի վայելեցէ՛ք զայն, երբ անոր մէջ էք։ Սողոմոն թագաւորին խրատը այս էր, երբ գրեց. «Ո՛վ երիտասարդ, ուրախացի՛ր քու պատանեկութեանդ մէջ, ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող զուարթացնէ քեզ. քալէ՛ սիրտիդ ճամբաներէն, եւ աչքերուդ նայուածքին համեմատ»։ Սակայն Սողոմոն պատանիները զգուշացուց. «Հանէ՛ վիշտը քու սիրտէդ, ու հեռացո՛ւր չարութիւնը մարմինէդ»։ Ապա ըսաւ. «Պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը ունայնութիւն են»։—Ժողովողի 11։9, 10, ԱՎ
4, 5. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է որ պատանիները ապագայի համար հիմակուընէ պատրաստուին. բացատրեցէք։
4 Ըմբռնեցի՞ք Սողոմոնի խօսքերը։ Օրինակ, երեւակայեցէք պատանի մը, որ մեծ նուէր կը ստանայ, թերեւս՝ ժառանգ մը։ Ան ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան կրնայ այդ բոլորը վատնել իր հաճոյքին համար, Յիսուսի առակին անառակ որդիին նման։ (Ղուկաս 15։11-23) Բայց երբ դրամը վերջանայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ան վստա՛հաբար պիտի զղջայ որ այսքան անհոգ վարուեցաւ։ Միւս կողմէ, ենթադրենք որ ան այդ նուէրը գործածէ իր ապագան կերտելու համար, թերեւս անոր մեծամասնութիւնը իմաստուն կերպով ներդրելով։ Ի վերջոյ, երբ իր ներդրումը շահաբեր ըլլայ, կը կարծէ՞ք թէ պիտի զղջայ որ իր պատանեկութեան իր բոլոր դրամը չծախսեց իր հաճոյքին համար։ Անշուշտ ոչ։
5 Ձեր պատանեկութեան տարիները Աստուծմէ պարգեւ նկատեցէք, ինչ որ արդարեւ է պարագան։ Ի՞նչպէս պիտի գործածէք զանոնք։ Այդ ամբողջ կորովը եւ եռանդը կրնաք վատնել ինքնահաճութեան համար, մէկ զուարճութենէն միւսին երթալով, ապագայի մասին առանց մտածելու։ Բայց եթէ այդպէս վարուիք, ձեր պարագային «պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը» իրապէս «ունայնութիւն» պիտի ըլլայ։ Որքա՜ն աւելի նախընտրելի է
ձեր պատանեկութիւնը օգտագործել, ապագայի համար հիմակուընէ պատրաստուելու համար։6. (ա) Սողոմոնի ո՞ր խրատը առաջնորդութիւն կու տայ պատանիներուն։ (բ) Եհովա պատանիներուն համար ի՞նչ կ’ուզէ ընել, իսկ պատանի մը ի՞նչպէս կրնայ ասկէ օգտուիլ։
6 Սողոմոն սկզբունք մը նշեց որ կրնայ օգնել ձեզի որ ձեր պատանեկութենէն լաւագոյնս օգտուիք։ Ան ըսաւ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ (Ժողովողի 12։1) Ահա՛ւասիկ յաջողութեան բանալին. Եհովայի մտիկ ընել եւ իր կամքը կատարել։ Եհովա վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսաւ թէ ի՛նչ կ’ուզէր ընել իրենց համար. «Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, . . . ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու»։ (Երեմեայ 29։11) Եհովա կ’ուզէ ձեզի ալ «ապագայ մը եւ յոյս մը» տալ։ Եթէ ձեր արարքներուն, խորհուրդներուն եւ որոշումներուն մէջ զինք յիշէք, այդ ապագան եւ յոյսը պիտի իրականանայ։—Յայտնութիւն 7։16, 17. 21։3, 4
«Աստուծոյ Մօտեցէ՛ք»
7, 8. Պատանի մը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ մօտենալ։
7 Յակոբոս մեզ քաջալերեց որ Եհովան յիշենք, երբ յորդորեց. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Եհովա Ստեղծիչն է, երկնաւոր Գերիշխանը, ամէն պաշտամունքի ու փառաբանութեան արժանի եղողը։ (Յայտնութիւն 4։10) Այսուհանդերձ եթէ իրեն մօտենանք, ինք մեզի պիտի մօտենայ։ Այսպիսի սիրալիր հետաքրքրութիւն մը ձեր սիրտը չի՞ ջերմացներ։—Մատթէոս 22։37
8 Եհովայի կը մօտենանք մի քանի կերպերով։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Յարատեւեցէ՛ք աղօթքի մէջ, եւ արթո՛ւն կեցէք անոր մէջ՝ շնորհակալութեամբ»։ (Կողոսացիս 4։2, ԱՎ) Ուրիշ խօսքով, աղօթելու սովորութիւնը մշակեցէք։ Ձեր հայրը կամ ժողովքին մէջ հաւատակից Քրիստոնեայ մը աղօթելէ ետք, պարզապէս ‘Ամէն’ ըսելով մի՛ գոհանաք։ Բնաւ ձեր սիրտը Եհովայի առջեւ թափա՞ծ էք, անոր ըսելով թէ ինչ կը խորհիք, ինչ բանէ կը վախնաք, ինչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք։ Բնաւ իրեն ըսա՞ծ էք այնպիսի բաներ, որոնց մասին ուրիշի մը հետ չէք կրնար խօսիլ։ Պարկեշտ ու սրտագին աղօթքները խաղաղութեան զգացում կու տան։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Անոնք կ’օգնեն որ Եհովայի մօտենանք եւ զգանք որ ինք մեզի կը մօտենայ։
9. Պատանի մը ի՞նչպէս Եհովայի մտիկ կ’ընէ։
9 Եհովայի մօտենալու այլ կերպ մը կը տեսնենք սա ներշնչեալ խօսքին մէջ. «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս»։ (Առակաց 19։20) Այո, եթէ Եհովայի մտիկ ընէք ու իրեն հնազանդիք, հիմակուընէ ձեր ապագան կերտած կ’ըլլաք։ Ի՞նչպէս կրնաք ցոյց տալ թէ Եհովայի մտիկ կ’ընէք։ Անկասկած կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ կ’ըլլաք ու յայտագրին կը հետեւիք։ Նաեւ ձեր ‘հայրն ու մայրը կը պատուէք’, Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուելով։ (Եփեսացիս 6։1, 2. Եբրայեցիս 10։24, 25) Ասիկա գովելի է։ Բայց ասկէ զատ, ‘ժամանակը ծախու կ’առնէ՞ք’ ժողովներուն պատրաստուելու, Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու եւ պրպտում ընելու համար։ Ձեր կարդացածը կիրարկելու ջանք կը թափէ՞ք, որպէսզի «իմաստուն» անհատի մը պէս քալէք։ (Եփեսացիս 5։15-17. Սաղմոս 1։1-3) Ասիկա ընելով Եհովայի կը մօտենաք։
10, 11. Պատանիները ի՞նչ հոյակապ օգուտներ կը ստանան երբ մտիկ կ’ընեն Եհովայի։
10 Առակաց գիրքին բացման խօսքերուն մէջ, ներշնչեալ գրողը կը բացատրէ գիրքին նպատակը. «Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար, իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար, այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝ միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար»։ (Առակաց 1։1-4) Ուստի մինչ Առակացին՝ ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի մնացեալ մասին՝ խօսքերը կը կարդաք ու կը կիրարկէք, արդարութիւն եւ ուղղութիւն պիտի մշակէք, իսկ Եհովա ուրախ պիտի ըլլայ տեսնելով որ իրեն կը մօտենաք։ (Սաղմոս 15։1-5) Որքա՛ն շատ դատողութիւն, խորագիտութիւն, գիտութիւն ու մտախոհութիւն մշակէք, ա՛յդքան լաւ պիտի ըլլան ձեր որոշումները։
11 Անտրամաբանակա՞ն է ակնկալել որ պատանի մը այս կերպով իմաստութեամբ վարուի։ Ո՛չ, քանի որ բազմաթիւ պատանի Քրիստոնեաներ այդպէս կ’ընեն։ Որպէս արդիւնք, Ա. Տիմոթէոս 4։12) Անոնց ծնողները հպարտ են իրենցմով, իսկ Եհովա կ’ըսէ որ անոնք իր սիրտը կ’ուրախացնեն։ (Առակաց 27։11) Թէեւ անոնք անչափահաս են, բայց կրնան վստահ ըլլալ որ հետեւեալ ներշնչեալ խօսքերը իրենց կը կիրարկուին. «Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ»։—Սաղմոս 37։37
ուրիշներ կը յարգեն զիրենք եւ ‘անոնց երիտասարդութիւնը չեն անարգեր’։ (Լաւ Ընտրութիւններ Ըրէք
12. Պատանիներու ըրած կարեւոր ընտրութիւններէն մէկը ի՞նչ է, եւ այդ ընտրութիւնը ինչո՞ւ երկարատեւ հետեւանքներ ունի։
12 Պատանեկութիւնը ընտրութիւններ ընելու ժամանակ մըն է, որոնցմէ ոմանք մնայուն հետեւանքներ ունին։ Հիմա ձեր ըրած ընտրութիւններէն ոմանք երկար տարիներ ձեզի պիտի ազդեն։ Իմաստուն ընտրութիւնները կը նպաստեն ուրախ ու յաջող կեանքի մը։ Անխոհեմ ընտրութիւնները կրնան ամբողջ կեանք մը փճացնել։ Նկատի առէք ասոր ճշմարիտ ըլլալը, ձեր ընելիք երկու ընտրութիւններու պարագային։ Առաջին՝ որո՞նց հետ կ’ընտրէք ընկերակցիլ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Ներշնչեալ առակը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ ընթացողը իմաստուն կ’ըլլայ, իսկ անմիտներուն բարեկամացողը չարիքի կը հանդիպի»։ (Առակաց 13։20, ԱՎ) Ուրիշ խօսքով, վերջ ի վերջոյ մեր ընկերակցած անհատներուն կը նմանինք՝ իմաստուն կամ յիմար։ Ո՞ր մէկը կը նախընտրէք ըլլալ։
13, 14. (ա) Մարդոց հետ ուղղակի շփում ունենալէ զատ, ընկերակցութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Պատանիները ո՞ր սխալէն պէտք է խուսափին։
13 Երբ ընկերակցութիւն կ’ըսուի, հաւանաբար կը մտածէք մարդոց ընկերակցութեան մասին։ Ասիկա ճիշդ է, բայց աւելին պարփակուած է։ Ընկերակցութիւն կ’ունենաք, երբ հեռատեսիլի յայտագիր մը դիտէք, երաժշտութիւն մը ունկնդրէք, վէպ մը կարդաք, շարժապատկեր մը դիտելու երթաք կամ Համացանցի որոշ կայքեր այցելէք։ Եթէ այդ ընկերակցութեան նպատակն է վայրագ եւ անբարոյ հակումները գոհացնել, կամ թմրամոլութիւնը, գինովութիւնը կամ Աստուածաշունչի սկզբունքներու հակառակ եղող որեւէ բան քաջալերել, դուք ընկերացած կ’ըլլաք «անզգամ»ին հետ, որ այնպէս կը վարուի որպէս թէ Եհովա գոյութիւն չունի։—Սաղմոս 14։1
14 Թերեւս խորհիք որ քանի որ քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախէք ու ժողովքին հետ կ’աշխատիք, բաւարար զօրաւոր էք որ չվնասուիք վայրագ շարժապատկեր դիտելով Ա. Կորնթացիս 15։33) Ցաւալի է որ խոստմնալից պատանի Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց աղէկ բարքը աւրեցին անխոհեմ ընկերակցութեամբ։ Ուստի վճռեցէք մերժել այսպիսի ընկերակցութիւններ։ Այդպէս ընելով, Պօղոսի խրատին հետեւած կ’ըլլաք. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է»։—Հռովմայեցիս 12։2, ԱՎ
կամ երաժշտութիւն ունկնդրելով որ հաճելի եղանակ ունի, բայց որուն բառերը հարցական են։ Թերեւս խորհիք որ Համացանցին վրայ պոռնկագրական կայքի մը վրայ արագ ակնարկ մը նետելը կրնայ գէշ հետեւանքներ չունենալ։ Պօղոս առաքեալ ձեզի կ’ըսէ որ կը սխալիք։ Ան կը նշէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (15. Պատանիներուն ընելիք երկրորդ ընտրութիւնը ի՞նչ է, եւ այս ուղղութեամբ ի՞նչ ճնշումներ կը դրուին անոնց վրայ։
15 Ահաւասիկ ձեր դիմագրաւած երկրորդ ընտրութիւնը։ Պիտի գայ ժամանակ մը, երբ պիտի որոշէք թէ ի՛նչ կ’ուզէք ընել դպրոցը աւարտելէ ետք։ Եթէ կ’ապրիք երկրի մը մէջ, ուր գործի ասպարէզը սահմանափակ է, թերեւս մղուիք լաւագոյն գործը ընտրելու։ Եթէ բարգաւաճ երկրի մը մէջ կ’ապրիք, շատ ընտրութիւններ կրնաք ունենալ, եւ անոնցմէ ոմանք հրապուրիչ են։ Ձեր ուսուցիչները կամ ծնողները լաւ շարժառիթով թերեւս ձեզ քաջալերեն որ նիւթական ապահովութիւն կամ նոյնիսկ հարստութիւն հրամցնող ասպարէզ մը հետապնդէք։ Սակայն այդ ասպարէզին համար մարզուիլը կրնայ շատ սահմանափակել Եհովայի ծառայելու համար ձեր տրամադրելիք ժամանակը։
16, 17. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս համարներ կրնան օգնել անչափահասի մը որ գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենայ։
16 Որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ, մի՛ մոռնաք Աստուածաշունչին դիմել։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ աշխատինք ապրուստ ճարելու համար, ցոյց տալով որ մեր կարիքները հոգալու պատասխանատուութիւնը ունինք։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10-12) Բայց ուրիշ բաներ ալ խնդրոյ առարկայ են։ Ձեզ կը քաջալերենք որ հետեւեալ համարները կարդաք եւ խորհիք թէ անոնք ի՛նչպէս կ’օգնեն անչափահասի մը որ ասպարէզ ընտրելու մէջ հաւասարակշռուած ըլլայ. Առակաց 30։8, 9. Ժողովողի 7։11, 12. Մատթէոս 6։33. Ա. Կորնթացիս 7։31. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10։ Այս համարները կարդալէ ետք, հարցին շուրջ Եհովայի տեսակէտը կ’ըմբռնէ՞ք։
17 Աշխարհիկ գործը բնաւ պէտք չէ այնքան կարեւոր դառնայ որ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը շուքի մէջ ձգէ։ Եթէ երկրորդական ուսումով կրնաք որակելի ըլլալ յարմար գործի մը, լա՛ւ է։ Եթէ երկրորդականէն ետք յաւելեալ մարզումի կարիք ունիք, այս մասին ձեր ծնողքին հետ խօսեցէք։ Սակայն բնաւ մի՛ անտեսէք «աւելի կարեւոր բաները», հոգեւոր բաները։ (Փիլիպպեցիս 1։9, 10, ՆԱ) Երեմիայի դպիրին՝ Բարուքի սխալը մի՛ գործէք։ Ան իր ծառայութեան առանձնաշնորհումին հանդէպ իր գնահատութիւնը կորսնցուց եւ սկսաւ ‘իրեն համար մեծ բաներ փնտռել’։ (Երեմեայ 45։5) Ան պահ մը մոռցաւ թէ այս աշխարհի «մեծ բաներ»էն ո՛չ մէկը կրնայ զինք մօտեցնել Եհովայի կամ իրեն օգնել որ Երուսաղէմի կործանումէն վերապրի։ Նոյն բանը կրնայ ըսուիլ նաեւ մեզի։
Հոգեւոր Բաները Գնահատեցէք
18, 19. (ա) Ձեր դրացիներէն շատեր ի՞նչ բանէ կը տառապին, եւ անոնց հանդէպ ի՞նչպէս պէտք է զգաք։ (բ) Ինչո՞ւ շատեր հոգեւոր անօթութիւն չեն զգար։
18 Հաղորդամիջոցներուն մէջ սովահար երկիրներու երախաներուն պատկերները տեսա՞ծ էք։ Եթէ այո, վստահաբար ձեր սիրտը գթաց անոնց վրայ։ Ձեր սիրտը նոյն կերպով կը խղճա՞յ ձեր շուրջը գտնուող մարդոց վրայ։ Ինչո՞ւ պէտք է խղճայ։ Որովհետեւ անոնցմէ շատեր ալ սովաբեկ են։ Անոնք Ամովսի կողմէ մարգարէացուած սովէն կը տառապին. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը»։—Ամովսայ 8։11
19 Ճիշդ է որ այս հոգեւոր սովէն տառապողներէն Ա. Կորնթացիս 1։20, 21. 3։19
շատեր գիտակից չեն իրենց հոգեւոր պէտքին։ Շատեր հոգեւոր անօթութիւն չեն զգար։ Ոմանք նոյնիսկ կը խորհին որ լաւ սնուցանուած են, քանի որ աշխարհի անարժէք «իմաստութեամբ» կը կերակրուին, որ կը պարփակէ նիւթապաշտութիւն, գիտական ենթադրութիւն, բարոյականութեան մասին կարծիքներ եւ նման բաներ։ Ոմանք կը կարծեն որ արդի «իմաստութիւնը» Աստուածաշունչի ուսուցումները ժամանակավրէպ կը դարձնէ։ Բայց ‘աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած’։ Աշխարհի իմաստութիւնը ձեզի չ’օգներ Աստուծոյ մօտենալու։ Անիկա ինքնին «Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։—20. Ինչո՞ւ տրամաբանական չէ փափաքիլ Եհովան չպաշտողները ընդօրինակել։
20 Երբ անօթի երախաներուն պատկերները կը տեսնէք, բնաւ կը փափաքի՞ք անոնց նման ըլլալ։ Անշուշտ ոչ։ Այսուհանդերձ Քրիստոնեայ ընտանիքներու պատկանող կարգ մը պատանիներ, իրենց շուրջը գտնուող հոգեւորապէս սովաբեկ անհատներուն նմանելու ցանկութիւն ցոյց տուած են։ Այս պատանիները հաւանաբար կը խորհին որ աշխարհային պատանիները հոգ չունին ու կեանքը կը վայելեն։ Անոնք կը մոռնան որ այդ պատանիները Եհովայէ օտարացած են։ (Եփեսացիս 4։17, 18) Անոնք կը մոռնան նաեւ հոգեւոր սովի վատ ազդեցութիւնները, ինչպէս՝ անփափաքելի յղութիւններ եւ անբարոյութեան, ծխելու, գինովութեան եւ թմրեցուցիչի ֆիզիքական ու զգացական վնասները։ Հոգեւոր սովը ըմբոստ հոգի, անյայտ յուսահատութիւն եւ շուարուն վիճակ կը յառաջացնէ։
21. Ի՞նչպէս կրնանք զգուշանալ Եհովան չպաշտողներուն սխալ տեսակէտները որդեգրելէ։
21 Արդ, երբ դպրոցին մէջ Եհովան չպաշտող անհատներով շրջապատուած էք, թոյլ մի՛ տաք որ անոնց տեսակէտները ձեզ նուաճեն։ (Բ. Կորնթացիս 4։18) Ոմանք հոգեւոր բաներու շուրջ արհամարհանքով պիտի խօսին։ Ասկէ զատ, հաղորդամիջոցները խորամանկ պրոպականդ պիտի ընեն, այն գաղափարը տալով որ անբարոյութիւն գործելը, գինովնալը կամ աղտոտ լեզու գործածելը բնական է։ Այդ ազդեցութեան դէմ պայքարեցէք։ Շարունակեցէք կանոնաւորաբար ընկերակցիլ այն անհատներուն հետ, որոնք «հաւատք ու մաքուր խղճմտանք» ունին։ Ամէն ատեն «աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19. Ա. Կորնթացիս 15։58) Թագաւորութեան Սրահին ու դաշտի ծառայութեան մէջ զբաղած մնացէք։ Ձեր դպրոցական շրջանին, ժամանակ առ ժամանակ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցեցէք։ Երբ այս կերպով ձեր հոգեւոր հայեցակէտը զօրացնէք, ձեր հաւասարակշռութիւնը պիտի չկորսնցնէք։—Բ. Տիմոթէոս 4։5
22, 23. (ա) Պատանի Քրիստոնեան ինչո՞ւ յաճախ այնպիսի ընտրութիւններ կ’ընէ որ ուրիշներ չեն հասկնար։ (բ) Պատանիներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ ի՞նչ ընեն։
22 Հարցերու հանդէպ հոգեւոր տեսակէտ ունենալը հաւանաբար այնպիսի որոշումներու պիտի առաջնորդէ ձեզ, որ ուրիշները պիտի չգնահատեն։ Օրինակ, Քրիստոնեայ պատանի մը տաղանդաւոր երաժիշտ մըն էր եւ իր դասարանին մէջ բարձրագոյն նիշերը կը բերէր։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ան իր հօրը հետ աշխատեցաւ պատուհաններու ապակին մաքրելու գործին մէջ, որպէսզի կարենայ հետամուտ ըլլալ իր ընտրած ասպարէզին որպէս լիաժամ աւետարանիչ կամ ռահվիրայ։ Իր ուսուցիչները բնաւ չհասկցան իր ընտրութեան պատճառները, բայց եթէ դուք Եհովայի մօտեցած էք, վստահ ենք որ կը հասկնաք։
23 Մինչ նկատի կ’առնէք թէ ձեր պատանեկութեան անգին միջոցները ի՛նչպէս կրնաք գործածել, ‘ապագային համար դուք ձեզի լաւ հիմ դրէք իբր պահեստ՝ որպէսզի բռնէք յաւիտենական կեանքը’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19, ԱՎ) Վճռեցէք ‘ձեր Ստեղծիչը յիշել’ ձեր պատանեկութեան, եւ ձեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Ասիկա միակ կերպն է յաջող ապագայ մը ունենալու, ապագայ մը որ վերջ պիտի չունենայ։
Ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաք
• Ի՞նչ ներշնչեալ խրատ կ’օգնէ պատանիներուն որ իրենց ապագան հիմակուընէ ծրագրեն։
• Ի՞նչ կարգ մը կերպերով պատանին կրնայ ‘Աստուծոյ մօտենալ’։
• Պատանիին կայացուցած ո՞ր որոշումները իր ապագային կ’ազդեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Թոյլ պիտի տա՞ք որ ձեր անձնական հետապնդումները ձեր ամբողջ կորովն ու եռանդը խլեն
[Նկար՝ էջ 25]
Իմաստուն Քրիստոնեայ պատանիները իրենց հոգեւոր հայեցակէտը պայծառ կը պահեն