Քաղցրութեան հետամուտ ըլլանք թշնամալից աշխարհի մը մէջ
Քաղցրութեան հետամուտ ըլլանք թշնամալից աշխարհի մը մէջ
«Մարդէն ակնկալուածը իր կարեկցութիւնն է»։—ԱՌԱԿԱՑ 19։22, ԱՎ
1. Քաղցրութիւն ցուցաբերելը ինչո՞ւ դժուար կրնայ ըլլալ։
ԴՈՒՔ ձեզ քաղցր կը սեպէ՞ք։ Եթէ այո, մերօրեայ աշխարհին մէջ ապրիլը կրնայ հեշտ չըլլալ։ Քաղցրութիւնը Աստուածաշունչին մէջ բնորոշուած է որպէս «հոգիին պտուղ»ներէն մէկը, բայց ինչո՞ւ զայն ցուցաբերելը ա՛յսքան դժուար է նոյնիսկ այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ։ (Գաղատացիս 5։22) Ինչպէս նախորդ յօդուածը նշեց, պատասխանը մասամբ կրնանք գտնել Յովհաննէս առաքեալի խօսքին մէջ. անազնիւ հոգեղէն անձ մը՝ Բանսարկու Սատանան բոլոր աշխարհի կը տիրապետէ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Յիսուս Քրիստոս Սատանան բնորոշեց իբր «այս աշխարհին իշխանը»։ (Յովհաննու 14։30) Ուստի այս աշխարհը իր ըմբոստ իշխանին նման ըլլալու հակամէտ է, որուն վերաբերմունքը կատաղութեամբ յատկանշուած է։—Եփեսացիս 2։2
2. Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կրնան մեր քաղցրութիւն ցուցաբերելուն ազդել։
2 Մեր կեանքը բացասականօրէն կ’ազդուի, երբ ուրիշներ մեզի հետ անազնիւ կերպով վարուին։ Ոխակալ դրացիներ, չարակամ օտարականներ, նոյնիսկ երբեմն անխոհեմութեամբ վարուող բարեկամներ ու ընտանիքի անդամներ, կրնան անազնիւ գտնուիլ։ Կոշտ, հայհոյող եւ իրարու վրայ պոռացող մարդոց հետ շփման մէջ գալու ճնշումը, յաճախ վհատութիւն կը պատճառէ։ Ուրիշներու անազնուութիւնը կրնայ մեր մէջ ատելութիւն զարգացնել, եւ թերեւս մտածենք փոխադարձել անազնիւ գտնուելով։ Այս կեցուածքը կրնայ հոգեւոր կամ առողջապահական խնդիրներ յարուցանել։—Հռովմայեցիս 12։17
3. Մարդիկ ի՞նչ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն, որոնք քաղցր ըլլալու իրենց կամեցողութիւնը փորձի կ’ենթարկեն։
3 Աշխարհի ընկճող վիճակներն ալ մեր քաղցրութիւն ցուցաբերելը կը դժուարացնեն։ Օրինակ, առհասարակ մարդկութիւնը լարուած վիճակ մը ունի, ահաբեկչական սպառնալիքներուն եւ արարքներուն, ինչպէս նաեւ ազգային խումբերու կողմէ կենսաբանական կամ կորիզային զէնքերու հաւանական գործածութեան պատճառով։ Ասկէ զատ, միլիոնաւորներ աղքատութենէ կը տառապին, ունենալով չնչին ուտելիք, պատսպարան, հագուելիք ու բժշկական խնամք։ Քաղցրութեան հետամուտ ըլլալը մարտահրաւէր կը դառնայ, երբ վիճակը անյոյս թուի։—Ժողովողի 7։7
4. Ոմանք ո՞ր սխալ եզրակացութեան կրնան յանգիլ, երբ քաղցրութիւն ցուցաբերելու մասին մտածեն։
4 Անհատ մը դիւրաւ կրնայ եզրակացնել թէ քաղցրութիւն ցուցաբերելը նախապատուութիւն մը չէ եւ նոյնիսկ տկարութեան նշան մըն է։ Ան կրնայ շահագործուած զգալ, մանաւանդ երբ ուրիշներ իր զգացումները անտեսեն։ (Սաղմոս 73։2-9) Սակայն Աստուածաշունչը մեզի պատշաճ ուղղութիւն կու տայ՝ ըսելով. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։ (Առակաց 15։1) Հեզութիւնը եւ քաղցրութիւնը հոգիին պտուղներէն են, որոնք սերտօրէն յարակից են եւ ազդու են, երբ դժուար պարագաներ ձեռք կ’առնուին։
5. Կեանքի ո՞ր կարգ մը մարզերուն մէջ քաղցրութեան կարիք կայ։
5 Որովհետեւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղները ցուցաբերելը Քրիստոնեաներուն համար շատ կարեւոր է, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք քաղցրութիւն ցոյց տալ։ Կարելի՞ է թշնամալից աշխարհի մը մէջ քաղցրութեան հետամուտ ըլլալ։ Եթէ այո, ի՞նչ կերպերով կրնանք ապացուցանել թէ թոյլ չենք տար որ Սատանայի ազդեցութիւնը խեղդէ մեր քաղցրութիւնը, մանաւանդ ճնշիչ պարագաներու ներքեւ։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք քաղցրութեան հետամուտ ըլլալ ընտանիքին մէջ, գործատեղին, դպրոցը, մեր դրացիներուն հետ, մեր ծառայութեան մէջ եւ հաւատակիցներուն հետ։
Քաղցրութիւն՝ Ընտանիքին Մէջ
6. Ընտանիքին մէջ քաղցրութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կը դրսեւորուի։
6 Եհովայի օրհնութիւնը եւ առաջնորդութիւնը ունենալու համար, հոգիին պտուղը կենսական է եւ լիովին պէտք է մշակուի։ (Եփեսացիս 4։32) Այժմ քննարկենք ընտանիքի անդամներուն ցուցաբերելիք քաղցրութեան մասնայատուկ կարիքը։ Ամէնօրեայ գործառնութեանց մէջ, ամուսինը եւ կինը թէ՛ իրարու եւ թէ զաւակներուն հանդէպ քաղցր ու հոգածու պէտք է ըլլան։ (Եփեսացիս 5։28-33. 6։1, 2) Այս քաղցրութիւնը պէտք է դրսեւորուի ա՛յն կերպով որ ընտանիքի անդամները իրարու հետ կը խօսակցին, երախաները իրենց ծնողները կը պատուեն ու կը յարգեն, եւ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ կը վարուին։ Գովելու մէջ արագ եղէք, իսկ դատապարտելու մէջ՝ դանդաղ։
7, 8. (ա) Ընտանիքին մէջ իսկական քաղցրութիւն ցուցաբերելու համար, ի՞նչպիսի վարքէ պէտք է խուսափինք։ (բ) Լաւ հաղորդակցութիւնը ի՞նչպէս ընտանեկան կապը կը զօրացնէ։ (գ) Ձեր ընտանիքին մէջ ի՞նչպէս կրնաք քաղցրութիւն ցուցաբերել։
7 Մեր ընտանիքի անդամներուն հետ քաղցրութեամբ վարուիլը կը պարփակէ Պօղոս առաքեալի սա խրատին անսալ. «Մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն»։ Ամէն օր Քրիստոնեայ ընտանիքի անդամները իրարու հետ պէտք է հաղորդակցին յարգալից կերպով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ լաւ հաղորդակցութիւնը զօրաւոր ու առողջ ընտանիքներուն կենսարիւնն է։ Երբ տարակարծութիւններ ծագին, ջանացէք խնդիրը լուծել քան՝ վէճը շահիլ։ Ուրախ ընտանիքի անդամները անկեղծօրէն կը ջանան իրարու հանդէպ քաղցրութիւն ու նկատառութիւն ցուցաբերել։—Կողոսացիս 3։8, 12-14
8 Քաղցրութիւնը դրական է եւ մեզ կը մղէ որ ուզենք ուրիշներուն բարիք ընել։ Ուստի սրտանց կը ջանանք ընտանեկան շրջանակէն ներս ձեռնտու, փափկանկատ եւ օգտալից ըլլալ։ Ընտանիքին մէջ քաղցրութիւնը լաւ անդրադարձ կ’ունենայ, երբ անոր նպաստէ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական ջանքը։ Որպէս արդիւնք, անոնք ո՛չ միայն Աստուծոյ օրհնութիւնը պիտի ունենան, այլ նաեւ քաղցրութեան Աստուածը՝ Եհովան պիտի պատուեն ժողովքին ու համայնքին մէջ։—Ա. Պետրոս 2։12
Քաղցրութիւն՝ Գործատեղիին Մէջ
9, 10. Բացատրեցէք կարգ մը խնդիրներ որ գործատեղիին մէջ կրնան ծագիլ, եւ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կարելի է զանոնք ազնուօրէն ձեռք առնել։
9 Քրիստոնեայի մը համար գործի առօրեայ յայտագիրը կրնայ գործակիցներուն հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելու մարտահրաւէր մը ներկայացնել։ Գործակիցներուն միջեւ եղած մրցակցութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ խաբեբայ կամ խորամանկ պաշտօնեայ մը ուրիշ պաշտօնեայի մը գործը վտանգէ, գործատիրոջ մօտ անոր համբաւին վնաս հասցնելով։ (Ժողովողի 4։4) Այս պարագային քաղցրութիւն ցուցաբերելը դիւրին չէ։ Այսուհանդերձ, մտաբերելով թէ քաղցրութեամբ վարուիլը սովորաբար շիտակ բանն է, Եհովայի ծառան պէտք է ջանայ կարելի եղածին չափ շահիլ անոնց, որոնց հետ լեզու գտնելը դժուար է։ Հոգածու կեցուածք ցոյց տալը կրնայ այս ուղղութեամբ օգնել։ Թերեւս կրնաք ձեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը ցուցաբերել, եթէ գործակիցը կամ իր ընտանիքին մէկ անդամը հիւանդ է։ Նոյնիսկ անհատին որպիսութիւնը հարցնելը կրնայ անոր վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Այո, որչափ կարելի է Քրիստոնեաներուն՝ համերաշխութիւն ու խաղաղութիւն պէտք է ջանան յառաջացնել։ Երբեմն, հոգածութիւն ու հետաքրքրութիւն յայտնող քաղցր խօսք մը կրնայ վիճակը բարելաւել։
10 Կարգ մը պարագաներու, թերեւս գործատէր մը իր տեսակէտները պարտադրէ իր գործաւորներուն եւ բոլորէն պահանջէ որ մասնակցին ազգայնական կամ հակա–սուրբ գրային բնոյթ ունեցող տօնակատարութեան մը։ Երբ Քրիստոնեային խղճմտանքը թոյլ չտայ որ մասնակցի, ասիկա կրնայ բախումի առաջնորդել։ Այդ պահուն խոհեմութիւն չէ մանրամասնօրէն Ա. Պետրոս 2։21-23) Թերեւս կրնաք ազնուօրէն բացատրել թէ անձամբ ի՛նչ պատճառներով չէք ուզեր մասնակցիլ։ Հեգնական խօսքերուն մի՛ հակադարձէք։ Լաւ կ’ըլլայ որ Քրիստոնեան Հռովմայեցիս 12։18–ի ընտիր խրատին անսայ. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։
բացատրել թէ գործատիրոջ փափաքներուն համակերպիլը որքա՜ն սխալ է։ Ի վերջոյ, Քրիստոնեային հաւատալիքները չբաժնող անհատներուն համար, տեղի ունեցածը շիտակ կը թուի։ (Քաղցրութիւն՝ Դպրոցին Մէջ
11. Դեռատիները դպրոցակիցներուն հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելու մէջ ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։
11 Դեռատիները կրնան իսկական դժուարութիւն գտնել իրենց դասընկերներուն քաղցրութիւն ցուցաբերելու։ Յաճախ պատանիները կը տենչան դասակիցներուն կողմէ ընդունելի ըլլալ։ Կարգ մը տղաքներ յարձակողական կերպով կը վարուին ու նոյնիսկ կռիւ կը հրահրեն, որպէսզի միւս աշակերտներուն հիացմունքին արժանանան։ (Մատթէոս 20։25) Ոմանք կը սիրեն ուրիշները տպաւորել իրենց հմտութիւններով դասերուն, մարզանքի կամ այլ գործունէութեանց մէջ։ Իրենց քաջագործութիւնները ցուցադրելով, անոնք յաճախ դասակիցներուն եւ այլ աշակերտներուն հանդէպ անազնիւ կը գտնուին, կարծելով թէ իրենց տաղանդը ինքնին զիրենք գերակայ կը դարձնէ։ Դեռատի Քրիստոնեան պէտք է զգուշանայ զանոնք ընդօրինակելէ։ (Մատթէոս 20։26, 27) Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը . . . չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ Ուստի Քրիստոնեան պարտաւոր է ո՛չ թէ անազնիւ վերաբերմունք ունեցող անհատներուն գէշ օրինակին հետեւելու, այլ՝ դպրոցակիցներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ սուրբ գրային խրատին կառչելու։—Ա. Կորնթացիս 13։4
12. (ա) Դեռատիները ինչո՞ւ կրնան դժուարութիւն գտնել որ իրենց ուսուցիչներուն հետ քաղցրութեամբ վարուին։ (բ) Դեռատիները որմէ՞ օգնութիւն կրնան խնդրել, երբ անազնիւ ըլլալու ճնշումին ներքեւ գտնուին։
12 Դեռատիները իրենց ուսուցիչներուն հետ ալ քաղցրութեամբ պէտք է վարուին։ Աշակերտներէն շատեր իրենց ուսուցիչները զայրացնելէն հաճոյք կ’առնեն։ Անոնք իրենք զիրենք սրամիտ կը նկատեն, երբ ուսուցիչները չեն յարգեր, դպրոցին կանոնները ոտնակոխող գործունէութիւններու միջամուխ ըլլալով։ Անոնք կրնան ուրիշները վախցնել որ իրենց միանան։ Երբ դեռատի Քրիստոնեայ մը մերժէ համագործակցիլ, ան կրնայ ծաղրանքի առարկայ կամ գէշ վերաբերմունքի զոհ դառնալ։ Դպրոցական տարեշրջանին այսպիսի պարագաներ դիմագրաւելը փորձի կ’ենթարկէ քաղցրութիւն ցուցաբերելու Քրիստոնեային վճռակամութիւնը։ Սակայն մի՛ մոռնաք թէ որքա՜ն կարեւոր է Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալ։ Վստահ եղէք որ կեանքի այս դժուար պահերուն, ան իր հոգիին միջոցով ձեզի թիկունք պիտի կանգնի։—Սաղմոս 37։28
Քաղցրութիւն՝ Դրացիներուն Հանդէպ
13-15. Ի՞նչ բան կրնայ դրացիի մը հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելուն արգելք հանդիսանալ, եւ այս դժուարութիւնը ի՞նչպէս կարելի է յաղթահարել։
13 Ապրիք տան մը, յարկաբաժնի մը, սայլատան մը մէջ թէ այլուր, կրնաք դրացիներուն հանդէպ քաղցրութիւն եւ անոնց բարօրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու կերպեր փնտռել։ Բայց ասիկա միշտ դիւրին չէ։
14 Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ ձեր դրացիները ձեզ կը կանխադատեն, ձեր ցեղին, ազգութեան կամ կրօնքին պատճառով։ Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ անոնք երբեմն կոշտութեամբ կը վարուին կամ բոլորովին ձեզ կ’անտեսեն։ Եհովայի ծառայ մը ըլլալով, կարելի Ա. Պետրոս 2։12
եղածին չափ քաղցրութիւն ցուցաբերելը օգտաշատ պիտի ըլլայ։ Ուրիշներէ ձեր տարբեր ըլլալը ցցուն ու թարմացուցիչ պիտի ըլլայ, եւ ասիկա քաղցրութեան տիպարին՝ Եհովայի փառաբանութիւն պիտի բերէ։ Չէք գիտեր թէ ե՛րբ դրացիին կեցուածքը կրնայ փոխուիլ, ձեր քաղցրութեան շնորհիւ։ Ան նոյնիսկ կրնայ Եհովան փառաբանող մը դառնալ։—15 Քաղցրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ցուցաբերուիլ։ Կերպերէն մէկն է՝ ընտանիքի անդամներուն վարքը, մինչ բոլորը հոգիին պտուղը կը ցուցաբերեն։ Ասիկա կրնայ դրացիներուն ուշադրութիւնը գրաւել։ Ատեն–ատեն կրնաք ձեր դրացիին բարիք մը ընել։ Մտաբերեցէք որ քաղցրութիւնը կը նշանակէ՝ ուրիշներու բարօրութեան հանդէպ գործօն հետաքրքրութիւն ցոյց տալ։—Ա. Պետրոս 3։8-12
Քաղցրութիւն՝ Մեր Ծառայութեան Մէջ
16, 17. (ա) Քաղցրութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է մեր հանրային ծառայութեան մէջ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք քաղցրութիւն ցուցաբերել դաշտի ծառայութեան զանազան երեսակներուն մէջ։
16 Քաղցրութիւնը պէտք է յատկանշէ մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը, մինչ լրջօրէն կը ջանանք մարդոց հասնիլ՝ իրենց տան մէջ, գործատեղին եւ հանրային վայրերու մէջ։ Պէտք չէ մոռնանք թէ Եհովան կը ներկայացնենք, որ միշտ քաղցր է։—Ելից 34։6
17 Ի՞նչպէս կրնաք ծառայութեան մէջ քաղցրութիւն ցոյց տալ։ Օրինակ, փողոցի վկայութեան ընթացքին կրնաք մարդոց հետ ձեր խօսակցութիւնը հակիրճ պահել եւ նկատառու ըլլալ։ Իսկ մայթերուն վրայ շատ երթալ–գալ ըլլալով, ուշադիր եղէք որ անցորդներուն արգելք չհանդիսանաք։ Երբ առեւտրական շրջանի մէջ կը վկայէք, քաղցրութիւն ցոյց տուէք հակիրճ խօսելով, քանի որ պաշտօնեաները կ’ուզեն յաճախորդներուն հանդէպ անհոգ չգտնուիլ։
18. Խորատեսութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ մեր ծառայութեան մէջ քաղցրութիւն ցուցաբերենք։
18 Տունէ տուն ծառայութեան մէջ խոհականութիւն գործածեցէք։ Ձեր խօսակցութիւնը մի՛ երկարէք, մանաւանդ եթէ օդը լաւ չէ։ Կրնա՞ք զատորոշել թէ անհատը սկսաւ անհամբեր դառնալ կամ նոյնիսկ զայրանալ։ Եթէ ձեր շրջանին մէջ Եհովայի Վկաները շատ յաճախ կ’այցելեն, մասնայատուկ նկատառութիւն ցուցաբերեցէք, միշտ քաղցր ու հաճելի ըլլալով։ (Առակաց 17։14) Երբ տանտէրը մերժէ մտիկ ընել, իր տուած պատճառը վաւերական նկատեցէք։ Մի՛ մոռնաք որ ձեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկը, շատ հաւանաբար մօտ ապագային այդ տունը պիտի այցելէ։ Եթէ կոպիտ անհատի մը հանդիպիք, մասնայատուկ ջանք թափեցէք քաղցրութիւն ցուցաբերելու։ Ձեր ձայնը մի՛ բարձրացնէք, ո՛չ ալ ձեր երեսը թթուեցուցէք, այլ՝ հանդարտօրէն խօսեցէք։ Քաղցր Քրիստոնեան չ’ուզեր տանտիրոջ հետ բանակռուիլ։ (Մատթէոս 10։11-14) Թերեւս օրին մէկը այդ անհատը բարի լուրին ականջ տայ։
Քաղցրութիւն՝ Ժողովներուն Մէջ
19, 20. Ժողովքին մէջ ինչո՞ւ քաղցրութիւնը անհրաժեշտ է, եւ ի՞նչպէս կրնայ ցուցաբերուիլ։
19 Հաւատակիցներուն հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելը երբեք նուազ կարեւոր բան մը չէ։ (Եբրայեցիս 13։1) Համաշխարհային եղբայրութեան մէկ մասը կազմելով, իրարու հետ մեր գործառնութեանց մէջ քաղցրութիւնը անհրաժեշտ է։
20 Եթէ ձեր ժողովքը Թագաւորութեան Սրահը ուրիշ ժողովքի կամ ժողովքներու հետ կը բաժնէ, կարեւոր է որ միւս ժողովքներու անդամներուն հանդէպ քաղցր գտնուիք, անոնց հետ յարգալից կերպով վարուելով։ Երբ ժողովի ժամերուն, մաքրութեան, նորոգութեան կամ նման կարիքներու համար կարգադրութիւններ պիտի ըլլան, մրցակցութիւնը համագործակցութեան չի նպաստեր։ Քաղցր ու նկատառու եղէք, թէեւ տարակարծութիւններ կրնան ըլլալ։ Այս կերպով քաղցրութիւնը պիտի յաղթէ, եւ Եհովա իրապէս պիտի օրհնէ ուրիշներու բարօրութեան հանդէպ ձեր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։
Շարունակեցէք Քաղցրութիւն Ցուցաբերել
21, 22. Կողոսացիս 3։12–ի համաձայն, պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։
21 Քաղցրութիւնը համապարփակ յատկութիւն մըն է, որ մեր կեանքին իւրաքանչիւր երեսակին կ’ազդէ։ Ուստի զայն մեր քրիստոնէական անձնաւորութեան հիմնական մէկ մասը պէտք է ընենք։ Ուրիշներուն հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելը սովորութիւն պէտք է դառնայ։
22 Թող որ բոլորս ամէն օր ուրիշներու հետ քաղցրութեամբ վարուինք, եւ այսպէս անհատապէս կիրարկենք Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։—Կողոսացիս 3։12
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչ բան Քրիստոնեայի մը համար քաղցրութիւն ցուցաբերելը կը դժուարացնէ։
• Ընտանիքին մէջ քաղցրութիւն ցուցաբերել ինչո՞ւ կարեւոր է։
• Ի՞նչ բաներ կը դժուարացնեն քաղցրութիւն ցուցաբերելը դպրոցին ու գործատեղիին մէջ եւ դրացիներուն հանդէպ։
• Բացատրեցէք թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս կրնան քաղցրութիւն ցուցաբերել իրենց հանրային ծառայութեան մէջ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ ցուցաբերուած քաղցրութիւնը, միութիւն եւ համագործակցութիւն կը յառաջացնէ
[Նկար՝ էջ 13]
Կրնաք քաղցրութիւն ցուցաբերել, երբ գործակից մը կամ անոր ընտանիքին մէկ անդամը հիւանդանայ
[Նկար՝ էջ 14]
Եհովա թիկունք կը կանգնի անոնց որ հակառակ ծաղրանքին, հաւատարմաբար քաղցրութիւն կը ցուցաբերեն
[Նկար՝ էջ 15]
Կարիք ունեցող դրացիին օգնելը, քաղցրութեան արարք մըն է