Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ փառք տուողները օրհնեալ են

Աստուծոյ փառք տուողները օրհնեալ են

Աստուծոյ փառք տուողները օրհնեալ են

‘Անոնք երկրպագութիւն պիտի ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր եւ քու անուանդ փառք պիտի տան’։—ՍԱՂՄՈՍ 86։9

1. Ինչո՞ւ անկենդան ստեղծագործութենէն շատ աւելի կրնանք Աստուած փառաւորել։

ԵՀՈՎԱ իր բոլոր ստեղծագործութեան կողմէ փառաբանուելու արժանի է։ Մինչ իր անկենդան ստեղծագործութիւնը լռելեայն կը փառաւորէ զինք, մարդը կարողութիւն ունի տրամաբանելու, ըմբռնելու, գնահատելու եւ պաշտելու։ Ուստի մեզի՛ սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ցնծութեա՛մբ գոչեցէք Աստուծոյ, դուք բոլորդ՝ երկրի բնակիչներ։ Սաղմո՛ս երգեցէք անոր անունին փառքին, փառաւո՛ր ըրէք անոր գովաբանութիւնը»։—Սաղմոս 66։1, 2, ԱՎ

2. Որո՞նք Աստուծոյ անունին փառք տալու պատուէրին ընդառաջած են, եւ ինչո՞ւ։

2 Մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը մերժէ Աստուած ընդունիլ կամ զինք փառաւորել։ Սակայն 235 երկիրներու մէջ, աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ կ’ապացուցանեն թէ իրենք Աստուծոյ «աներեւոյթ յատկանիշները» կը տեսնեն իր ստեղծած բաներուն ընդմէջէն, եւ թէ ‘լսած են’ ստեղծագործութեան լռելեայն վկայութիւնը։ (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս. Սաղմոս 19։2, 3) Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, անոնք նաեւ Եհովան ճանչցած ու սիրած են։ Սաղմոս 86։9, 10–ը նախագուշակած էր. «Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։ Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես»։

3. «Մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչպէս ‘ցորեկ ու գիշեր կը ծառայէ’։

3 Յայտնութիւն 7։9, 15–ը նմանապէս կը նկարագրէ երկրպագուներու «մեծ բազմութիւն մը», որոնք Աստուծոյ «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ», ո՛չ թէ քանի որ իր ծառաներէն անդադար փառաբանութիւն կը պահանջէ, այլ քանի որ իր երկրպագուները աշխարհածաւալ կազմակերպութիւն մըն են։ Երբ կարգ մը երկիրներու մէջ գիշեր է, երկրագունդին միւս կողմը Աստուծոյ ծառաները վկայութեամբ կը զբաղին։ Ուստի կրնայ ըսուիլ թէ Եհովայի փառք բերողներուն վրայ արեւը բնաւ մայր չի մտներ։ Շուտով «ամէն շունչ ունեցող» Եհովան պիտի փառաբանէ։ (Սաղմոս 150։6) Սակայն մինչ այդ, անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել Աստուած փառաւորելու համար։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կրնանք դիմագրաւել։ Իսկ Աստուծոյ փառք տուողներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն։ Պատասխաններու համար, Աստուածաշունչէն նկատի առնենք Իսրայէլի Գադ տոհմին վերաբերեալ դէպք մը։

Վաղեմի Մարտահրաւէր մը

4. Գադի տոհմը ի՞նչ մարտահրաւէր դիմագրաւեց։

4 Խոստացեալ Երկիր չմտած, Իսրայէլի Գադ տոհմը խնդրեց Յորդանանի արեւելքը գտնուող արօտաւէտ շրջանը հաստատուիլ։ (Թուոց 32։1-5) Հոն ապրիլը լուրջ դժուարութիւններու դուռ պիտի բանար։ Յորդանանի արեւմուտքը հաստատուած տոհմերը պիտի պաշտպանուէին Յորդանանի հովիտին միջոցով, որ բնական արգելք մըն էր զինուորական ներխուժումին։ (Յեսուայ 3։13-17) Սակայն Յորդանանի արեւելքը գտնուող շրջանին մասին, The Historical Geography of the Holy Land (Սրբազան Երկրին Պատմական Աշխարհագրութիւնը) խորագրով իր գիրքին մէջ, Ճորճ Էտէմ Սմիթ կ’ըսէ. «Ընդարձակ արաբական բարձրաւանդակի շրջանները տափարակ են, առանց որեւէ բնական արգելքի։ Հետեւաբար անոնք միշտ ենթարկուեցան անօթի թափառաշրջիկներու ներխուժումին, որոնք ամէն տարի կ’արշաւէին՝ արօտավայրեր ձեռք ձգելու համար»։

5. Յակոբ Գադեանները քաջալերեց որ յարձակման ներքեւ ի՞նչպէս հակազդեն։

5 Գադի տոհմը ի՞նչպէս գլուխ պիտի ելլէր այս խիստ ճնշումին հետ։ Դարեր առաջ, իրենց նախահայրը Յակոբ իր մահուան անկողնին վրայ նախագուշակած էր. «Գադի վրայ գունդ մը պիտի յարձակի, բայց վերջապէս ի՛նք պիտի յարձակի»։ (Ծննդոց 49։19, ԱՎ) Առաջին ակնարկով, այս խօսքը կրնայ վհատեցուցիչ թուիլ։ Սակայն իրականութեան մէջ, անիկա Գադեաններուն հրահանգ մըն էր որ հակայարձակում կատարէին։ Յակոբ զիրենք հաւաստիացուց որ եթէ այսպէս ընէին, ներխուժողները ամօթահար պիտի նահանջէին ու Գադեանները զանոնք պիտի հետապնդէին։

Մեր Պաշտամունքին Դիմագրաւած Խնդիրները

6, 7. Ներկայիս Քրիստոնեաներուն պարագան ի՞նչպէս նման է Գադի տոհմին պարագային։

6 Գադ տոհմին նման, ներկայիս Քրիստոնեաները Սատանայի դրութեան ճնշումներուն եւ բեռներուն ենթարկուած են. չկայ հրաշալի պաշտպանութիւն մը որ մեզ կը խնայէ անոնց դէմ պայքարելէ։ (Յոբայ 1։10-12) Մեզմէ շատեր դպրոց յաճախելու, ապրուստ ճարելու եւ զաւակներ մեծցնելու ճնշումներուն պէտք է տոկան։ Պէտք չէ անտեսել անձնական կամ ներքին ճնշումները։ Ոմանք կը տոկան «մարմնի խայթոց»ի մը, ինչպէս՝ լուրջ անկարողութեան կամ հիւանդութեան մը։ (Բ. Կորնթացիս 12։7-10) Ուրիշներ իրենք զիրենք անարժէք զգալով կը տառապին։ Ծերութեան ‘թշուառ օրերը’ կրնան տարիքոտ Քրիստոնեաներուն արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի չծառայեն իրենց նախկին կորովով։—Ժողովողի 12։1

7 Պօղոս առաքեալ նաեւ կը յիշեցնէ մեզի թէ «մեր պատերազմը . . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» է։ (Եփեսացիս 6։12) Մենք յարատեւ ենթարկուած ենք «այս աշխարհի հոգի»ին, այն ըմբոստութեան եւ անբարոյութեան հոգին որ Սատանան ու իր դեւերը կը յառաջացնեն։ (Ա. Կորնթացիս 2։12. Եփեսացիս 2։2, 3) Աստուածավախ Ղովտի նման, թերեւս ընկճուած ենք մեր շուրջ գտնուող մարդոց ըսած ու ըրած անբարոյ բաներէն։ (Բ. Պետրոս 2։7) Նաեւ կ’ենթարկուինք Սատանայի ուղղակի յարձակումին։ Սատանան կը պատերազմի օծեալ մնացորդին հետ, ‘որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահեն ու Յիսուսին վկայութիւնը ունին’։ (Յայտնութիւն 12։17) Սատանան Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն վրայ ալ կը յարձակի, արգիլում եւ հալածանք պատճառելով։—Յովհաննու 10։16

Ձեռնթա՞փ Ըլլալ թէ Հակադարձել

8. Սատանայի յարձակումներուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք, եւ ինչո՞ւ։

8 Սատանայի յարձակումներուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ Վաղեմի Գադի տոհմին նման, հոգեւորապէս զօրաւոր պէտք է ըլլանք ու Աստուծոյ ուղղութիւններուն համաձայն հակադարձենք։ Ցաւօք սիրտի, ոմանք կեանքի ճնշումներուն ներքեւ սկսած են տեղի տալ, իրենց հոգեւոր պատասխանատուութիւնները անտեսելով։ (Մատթէոս 13։20-22) Վկայ մը, իր ժողովքի ժողովներուն ներկայ եղողներուն թիւին նուազումին պատճառը տալով՝ ըսաւ. «Եղբայրները իրապէս յոգնած են։ Բոլորն ալ չափազանց ճնշուած են»։ Ճիշդ է որ մարդիկ ներկայիս յոգնած ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Ուստի դիւրին է Աստուծոյ պաշտամունքը նկատել յաւելեալ ճնշում մը, ծանր պարտաւորութիւն մը։ Բայց ասիկա շիտա՞կ տեսակէտ մըն է։

9. Քրիստոսի լուծը շալկելը ի՞նչպէս կը հանգստացնէ։

9 Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ ամբոխին, որ նոյնպէս կեանքի ճնշումներուն ներքեւ կքած էր. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Յիսուս թելադրե՞ց որ հանգստութիւնը յառաջ պիտի գար՝ Աստուծոյ մատուցուած ծառայութիւնը նուազեցնելով։ Ընդհակառակը, Յիսուս ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ Լուծը փայտեայ կամ մետաղեայ գործիք մըն է, որ մարդու կամ անասունի թոյլ կու տայ ծանր բեռ կրելու։ Ուստի ինչո՞ւ մէկը պիտի ուզէր այսպիսի լուծ մը շալկել։ Արդէն «բեռնաւորուած» չե՞նք։ Այո՛, բայց Յունարէն բնագիրը նաեւ կրնայ նշել. «Լուծս ինծի հետ կրեցէք»։ Պահ մը խորհիր. Յիսուս կ’առաջարկէ մեզի օգնել որ մեր բեռը կրենք։ Ստիպուած չենք զայն կրելու մե՛ր զօրութեամբ։—Մատթէոս 9։36. 11։28, 29. Բ. Կորնթացիս 4։7

10. Աստուծոյ փառք տալու մեր ջանքերը ի՞նչ արդիւնք կու տան։

10 Երբ կը կրենք Յիսուսի մեզի տուած լուծը որպէս իր աշակերտները, Սատանայի դէմ կը պայքարինք։ Յակոբու 4։7–ն կը խոստանայ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ Ասիկա ընելը դիւրին չէ։ Աստուծոյ ծառայելը բաւական ջանք կը պարփակէ։ (Ղուկաս 13։24) Բայց Աստուածաշունչը սա խոստումը կու տայ Սաղմոս 126։5–ի մէջ. «Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, ցնծութիւնով պիտի հնձեն»։ Այո, մենք ապերախտ Աստուած մը չենք պաշտեր։ Ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն», եւ կ’օրհնէ զինք փառաւորողները։—Եբրայեցիս 11։6

Աստուած Փառաւորենք Իբր Թագաւորութեան Քարոզիչներ

11. Դաշտի ծառայութիւնը ի՞նչպէս Սատանայի յարձակումներուն դէմ իբր պաշտպանութիւն կը ծառայէ։

11 Յիսուս պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։ Քարոզչութիւնը Աստուծոյ «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելու գլխաւոր կերպն է։ (Մատթէոս 28։19. Եբրայեցիս 13։15) ‘Խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը մեր ոտքերուն ամրացնելը’, մեր ‘սպառազինութեան’՝ Սատանայի յարձակումներուն դէմ մեր պաշտպանութեան՝ կենսական մէկ մասն է։ (Եփեսացիս 6։11-15) Դաշտի ծառայութեան մէջ Աստուած փառաբանելը ընտիր կերպ մըն է մեր հաւատքը սնուցանելու։ (Բ. Կորնթացիս 4։13) Անիկա կ’օգնէ որ բացասական գաղափարները մեր միտքէն վանենք։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը թոյլ կու տայ որ հաւատակիցներուն հետ շինիչ ընկերակցութիւն վայելենք։

12, 13. Դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը ի՞նչպէս կրնայ ընտանիքին օգտել. բացատրեցէք։

12 Քարոզչութիւնը կրնայ նաեւ ընտանեկան օգտակար գործունէութիւն մը ըլլալ։ Անշուշտ երախաները հաւասարակշռուած զբօսանքի կարիք ունին։ Սակայն դաշտի ծառայութեան մէջ ընտանիքին անցուցած ժամանակը կրնայ ձանձրացուցիչ չըլլալ։ Ծնողներ կրնան զայն աւելի հաճոյալի դարձնել, իրենց զաւակները մարզելով որ ծառայութեան մէջ ազդու ըլլան։ Արդարեւ երախաները կ’ուրախանան իրենց ըրած լաւ բաներով։ Անոնց սահմանափակումներուն գիտակցելով, ծնողները հաւասարակշռութիւն ցուցաբերելով կրնան անոնց օգնել որ ծառայութեան մէջ հաճոյք գտնեն։—Ծննդոց 33։13, 14

13 Ասկէ զատ, միասնաբար Աստուած փառաբանող ընտանիքը սերտ կապեր կը հաստատէ։ Նկատի առ հինգ զաւակներ ունեցող քրոջ մը պարագան, որուն ամուսինը լքեց զինք։ Ան ստիպուեցաւ աշխատիլ որ իր զաւակներուն ապրուստը ճարէ։ Արդեօք ան ա՛յնքան ջախջախուած զգա՞ց որ իր զաւակներուն հոգեւոր շահերը անտեսեց։ Ան կը մտաբերէ. «Փութաջանութեամբ Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւնները ուսումնասիրեցի եւ ջանացի կարդացածս կիրարկել։ Զաւակներս կանոնաւորաբար ժողովներուն եւ դռնէ–դուռ ծառայութեան տարի։ Ջանքերս ի՞նչ արդիւնք տուին։ Բոլոր հինգ զաւակներս մկրտուած են»։ Ծառայութեան մէջ լրիւ մասնակցութիւն բերելը նոյնպէս կրնայ քեզի օգնել որ զաւակներդ մեծցնես «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։4

14. (ա) Պատանիները ի՞նչպէս կրնան դպրոցին մէջ Աստուած փառաւորել։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ պատանիներուն օգնել որ ‘աւետարանը ամօթ չսեպեն’։

14 Պատանինե՛ր, եթէ կ’ապրիք երկրի մը մէջ ուր օրէնքը կ’արտօնէ, դպրոցին մէջ վկայելով Աստուած կը փառաւորէ՞ք, թէ ոչ թոյլ կու տաք որ մարդու վախը ձեզ ետ պահէ։ (Առակաց 29։25) Բորթօ Ռիքոյէն 13 տարեկան Վկայ մը կը գրէ. «Երբեք չեմ ամչնար դպրոցին մէջ քարոզելու, քանի որ գիտեմ որ ասիկա ճշմարտութիւնն է։ Դասարանին մէջ միշտ ձեռքս կը բարձրացնեմ ու Աստուածաշունչէն սորվածս կը պատմեմ։ Եթէ ազատ ժամ ունենամ, դպրոցին գրադարանը կ’երթամ ու կը կարդամ Պատանիներ գիրքը»։ * Եհովա այս քրոջ ջանքերը օրհնա՞ծ է։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն դասընկերներս ինծի հարցումներ կը հարցնեն եւ նոյնիսկ այս գիրքէն օրինակ մը կ’ուզեն»։ Եթէ այս ուղղութեամբ կը քաշուէիր, թերեւս ժրաջան անձնական ուսումնասիրութեամբ պէտք է քննես թէ «ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Երբ համոզուիս թէ սորվածդ ճշմարտութիւնն է, երբեք ‘ամօթ պիտի չսեպես աւետարանը’։—Հռովմայեցիս 1։16

Ծառայութեան ‘Բաց Դուռ’ մը

15, 16. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ո՞ր ‘մեծ ու արդիւնաւոր դռնէն’ ներս մտած են, եւ ի՞նչ օրհնութիւններ քաղած են։

15 Պօղոս առաքեալ գրեց թէ իրեն «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բացուած էր։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Պարագաներդ կը թոյլատրե՞ն որ յաւելեալ գործունէութիւն մը ստանձնես։ Օրինակ, կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլը կը պահանջէ ամիսը 70 կամ 50 ժամ քարոզչութեան տրամադրել։ Բնական է որ հաւատակից Քրիստոնեաները կը գնահատեն ռահվիրաները իրենց հաւատարիմ ծառայութեան համար։ Բայց ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնելը պատճառ չէ որ անոնք իրենց եղբայրներէն ու քոյրերէն գերակայ ըլլան։ Ընդհակառակը, անոնք Յիսուսի քաջալերած կեցուածքը կ’որդեգրեն. «Մենք անպէտ ծառաներ ենք. ըրինք ինչ որ պարտական էինք ընել»։—Ղուկաս 17։10, ԱՎ

16 Ռահվիրայութիւնը կը պահանջէ ինքնակրթութիւն, անձնական կազմակերպում եւ զոհողութիւններ ընելու կամեցողութիւն։ Բայց օրհնութիւնները շա՜տ են։ «Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը շիտակ բացատրելու կարող ըլլալը իսկական օրհնութիւն մըն է», կ’ըսէ Թամիքա անունով երիտասարդուհի ռահվիրայ մը։ «Երբ ռահվիրայութիւն ընէք, Աստուածաշունչը շատ աւելի կը գործածէք։ Այժմ երբ դռնէ դուռ կ’երթամ, կրնամ համարներ մտաբերել, որոնք իւրաքանչիւր տանտիրոջ յարմար են»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Միքա անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Մարդոց կեանքին վրայ ճշմարտութեան ունեցած ազդեցութիւնը տեսնելը սքանչելի այլ օրհնութիւն մըն է»։ Մէթիու անունով պատանի մըն ալ կը խօսի «անհատի մը ճշմարտութեան գալուն ականատես ըլլալու» ուրախութեան մասին։ «Ուրիշ ոչ մէկ ուրախութիւն կրնայ ասոր տեղը առնել»։

17. Քրիստոնեայ մը ռահվիրայութեան նկատմամբ իր բացասական զգացումները ի՞նչպէս յաղթահարեց։

17 Ռահվիրայութեան ձեռնարկելու մասին կը խորհի՞ս։ Թերեւս կը փափաքիս ռահվիրայ ըլլալ, բայց անատակ կը զգաս։ «Ռահվիրայութեան նկատմամբ բացասական զգացումներ ունէի», կը խոստովանի Քէնիաթէ անունով դեռատի քոյր մը։ «Ինքզինքս ատակ չէի զգար։ Բացումներ պատրաստելու կամ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանելու կերպը չէի գիտեր»։ Սակայն երէցները հասուն ռահվիրայ քոյր մը նշանակեցին որ իրեն հետ աշխատի։ Քէնիաթէ կը մտաբերէ. «Անոր հետ ծառայելը հաճոյալի էր։ Ուստի փափաքեցայ ռահվիրայութիւն ընել»։ Որոշ քաջալերութիւն ու մարզում ստանալով, հաւանաբար դուն ալ փափաքիս ռահվիրայութեան ձեռնարկել։

18. Միսիոնարները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։

18 Ռահվիրայութիւնը ճամբան կը հարթէ ծառայութեան այլ առանձնաշնորհումներու։ Օրինակ, կարգ մը ամոլներ կրնան միսիոնարական մարզումի որակեալ ըլլալ եւ ուղարկուիլ օտար երկիր մը՝ քարոզելու համար։ Միսիոնարները նոր երկրի մը պէտք է յարմարին. թերեւս նոր լեզու, նոր մշակոյթ եւ նոր ճաշեր։ Բայց օրհնութիւնները այս անպատեհութիւնները շուքի մէջ կը ձգեն։ Մեքսիկայի մէջ փորձառու միսիոնար՝ Միլտրէտ կ’ըսէ. «Միսիոնար ըլլալու որոշումիս համար երբեք չեմ զղջացած։ Անիկա փափաքս էր, երբ տակաւին աղջնակ մըն էի»։ Ան ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած է։ «Բնագաւառիս մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատելը դժուար էր։ Իսկ հոս, առիթով մը ունեցած եմ չորս աշակերտներ, որոնք միեւնոյն ատեն սկսած են դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ»։

19, 20. Պէթէլի ծառայութիւնը, միջազգային ծառայութիւնը եւ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը ի՞նչպէս շատերու օրհնութիւններ բերած են։

19 Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակներուն մէջ ծառայող պէթէլականներն ալ ճոխ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Գերմանիայի մէջ ծառայող Սվէն անունով երիտասարդ եղբայր մը, Պէթէլի մէջ իր կատարած աշխատանքին մասին կ’ըսէ. «Կը զգամ որ մնայուն արժէք ունեցող բան մը կ’ընեմ։ Կրնայի հմտութիւններս աշխարհին մէջ գործածել։ Բայց ասիկա պիտի նմանէր սնանկանալու վրայ եղող դրամատան մը մէջ դրամ պահելուն»։ Ճիշդ է որ առանց վճարումի ծառայելը զոհողութիւն կը պարփակէ։ Բայց Սվէն կ’ըսէ. «Երբ տուն երթաս, գիտես թէ այդ օրը ի՛նչ որ ըրիր, Եհովայի համար էր։ Եւ ասիկա քեզի հոյակապ զգացում մը կու տայ»։

20 Կարգ մը եղբայրներ միջազգային ծառայութեան օրհնութիւնը վայելած են, օտար երկիրներու մէջ մասնաճիւղերու շինարարութեան մասնակցելով։ Ութը օտար շրջաններու մէջ ծառայած ամոլ մը գրեց. «Այստեղի եղբայրները հոյակապ են։ Հրաժեշտ տալը մեզ սրտաբեկ պիտի դարձնէ. ասիկա ութերորդ ‘սրտաբեկութիւնն’ է։ Ի՜նչ հիանալի փորձառութիւն մը ունեցանք»։ Կայ նաեւ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը։ Անիկա որակեալ ամուրի եղբայրներուն հոգեւոր մարզում կը հայթայթէ։ Շրջանաւարտ մը գրեց. «Յարմար բառեր չեմ գտներ շնորհակալութիւնս արտայայտելու այս հոյակապ դպրոցին համար։ Ո՞ր կազմակերպութիւնը այսքան ջանք կը թափէ մարզում տալու համար»։

21. Բոլոր Քրիստոնեաները Աստուծոյ մատուցած իրենց ծառայութեան մէջ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։

21 Այո, գործունէութեան բազմաթիւ դռներ բաց են։ Ճիշդ է որ մեր մեծամասնութիւնը Պէթէլի կամ օտար երկրի մը մէջ ծառայելու կարող չէ։ Յիսուս ինք նշեց որ Քրիստոնեաները տարբեր քանակներով «պտուղ» պիտի տային, տարբեր պարագաներու պատճառով։ (Մատթէոս 13։23) Ուստի որպէս Քրիստոնեաներ, մեր կացութենէն լաւագոյնս օգտուելու մարտահրաւէրը ունինք. Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր պարագաներուն ներած չափով լման մասնակցութիւն բերել։ Ասիկա ընելով Եհովայի փառք կու տանք ու վստահաբար իր հաճութիւնը կը վայելենք։ Նկատի առ խնամատան մը մէջ գտնուող Էթէլ անունով տարեց քոյրը։ Ան կանոնաւորաբար կը վկայէ հոն բնակողներուն եւ հեռաձայնով վկայելու մէջ ալ բաժին կը բերէ։ Հակառակ իր սահմանափակումներուն, ան բոլորանուէր ծառայութիւն կը մատուցանէ։—Մատթէոս 22։37

22. (ա) Յաւելեալ ի՞նչ կերպերով կրնանք Աստուած փառաւորել։ (բ) Մեզի ի՞նչ հոյակապ ժամանակ կը սպասէ։

22 Սակայն յիշէ որ քարոզչութիւնը Եհովայի փառք բերելու կերպերէն միայն մէկն է։ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք, օրինակելի վարք ու երեւոյթ ունենալով աշխատավայրին մէջ, դպրոցը եւ տան մէջ։ (Առակաց 27։11) Առակաց 28։20–ը կը խոստանայ. «Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ»։ Ուստի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ պէտք է ‘առատութիւնով սերմանենք’, գիտնալով որ ճոխ օրհնութիւններ պիտի հնձենք։ (Բ. Կորնթացիս 9։6) Ասիկա ընելով առանձնաշնորհում պիտի ունենանք ողջ ըլլալու այն հոյակապ ժամանակը, երբ «ամէն շունչ ունեցող» Եհովայի փառք պիտի տայ, որուն մեծապէս արժանի է։—Սաղմոս 150։6

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գիրքը հրատարակուած է Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս «ցորեկ ու գիշեր» Եհովայի կը ծառայէ։

• Գադի տոհմը ի՞նչ մարտահրաւէր դիմագրաւեց, եւ ասիկա այժմու Քրիստոնեաներուն ի՞նչ կը սորվեցնէ։

• Դաշտի ծառայութիւնը ի՞նչպէս իբր պաշտպանութիւն կը ծառայէ Սատանայի յարձակումներուն դէմ։

• Ոմանք ո՞ր ‘բաց դռնէն’ ներս մտած են, եւ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Ինչպէս Գադեանները ներխուժող գունդերուն դէմ պատերազմեցան, Քրիստոնեաները Սատանայի յարձակումներուն դէմ պէտք է պայքարին

[Նկար՝ էջ 27]

Դաշտի ծառայութեան մէջ շինիչ ընկերակցութիւն կը վայելենք

[Նկարներ՝ էջ 28]

Ռահվիրայութիւնը ճամբան կը հարթէ ծառայութեան այլ առանձնաշնորհումներու, ինչպէս՝

1. Միջազգային ծառայութիւն

2. Պէթէլի ծառայութիւն

3. Միսիոնարական ծառայութիւն