Դեղագիր՝ երկար ու երջանիկ կեանքի համար
Դեղագիր՝ երկար ու երջանիկ կեանքի համար
ԱՌԱԾ մը կ’ըսէ. «Ամէն ոք կ’ուզէ մեծնալ, բայց ո՛չ ոք կ’ուզէ ծերանալ»։ Հանգստեան կոչուելու տարիքին մօտեցող անհատներէն շատեր կ’ակնկալեն աւելի ժամանակ ու նուազ պատասխանատուութիւններ ունենալ։ Սակայն անոնք կը վախնան աննպատակ ու անօգուտ կեանք մը վարելէ։ Անոնք նաեւ կը վախնան մեկուսացումէն, ապերջանկութենէն եւ վատթարացող առողջութենէն։
Ուստի ի՞նչ է երջանիկ կեանքին գաղտնիքը։ Լաւ բարեկամներ եւ սիրալիր ընտանիք ունենալը ուրախութիւն կը բերէ թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն։ Բայց տարեցի մը կեանքը ճոխացնելու համար ուրիշներուն ըրած բաները ա՛յնքան կարեւոր չեն, որքան ուրիշներուն համար տարեցին ըրած բաները։
423 տարեց ամոլներու մասին կատարուած երկարատեւ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ թէ «ուրիշներուն ի նպաստ բաներ ընելը կրնայ մեր կեանքը երկարել»։ Ստեֆանի Պրաուն, որ ուսումնասիրութիւնը վարեց, կը բացատրէ. «Այս յայտնաբերումները կը թելադրեն թէ իրապէս մեզի օգտակար է ի՛նչ որ ուրիշներու կու տանք եւ ո՛չ թէ՝ ինչ որ ուրիշներէ կը ստանանք»։ Այս տալը կրնայ պարփակել՝ առտնին պարտականութիւններուն մէջ օգնել, երախաներուն հոգ տանիլ, գնում ընել, փոխադրամիջոց հայթայթել, կամ իր սիրտը պարպելու կարիք ունեցողի մը ականջ տալ։
Շուրջ 2,000 տարի առաջ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Երկար ու երջանիկ կեանք ունենալը կախեալ չէ դրամատան մէջ մեծ հաշիւ ունենալէ կամ ծերութիւնը ուշացնող դարմաններու ու սննդականոններու հետեւելէ։ Անիկա կախեալ է գործունեայ մնալէ եւ ուրիշներու կեանքը ճոխացնելու համար մեր ժամանակը, կորովն ու ոյժը տալէ։
Այսուհանդերձ, տալը ինքնին բաւարար չէ որ ծերութենէ, հիւանդութենէ եւ մահէ ազատինք։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ այս բաները պիտի չքացնէ։ Անոր իշխանութեան ներքեւ, հիւանդութիւն պիտի չըլլայ եւ նոյնիսկ «մահ պիտի չըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4. Եսայեայ 33։24) Իրականութեան մէջ, հնազանդ մարդիկ դրախտային երկրի մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։ (Ղուկաս 23։43) Եհովայի Վկաները ուրախ են որ կրնան ուրիշներուն տալ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած այս դեղագիրը՝ երկար ու երջանիկ կեանքի համար։