Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եկեղեցիի մը պէ՞տք է պատկանիս

Եկեղեցիի մը պէ՞տք է պատկանիս

Եկեղեցիի մը պէ՞տք է պատկանիս

‘ԱՍՏՈՒԾՈՅ հաւատալու համար, պէտք չունիմ եկեղեցիի մը պատկանելու կամ կանոնաւորաբար եկեղեցի երթալու’։ Շատեր այս կեցուածքը ունին եկեղեցիի մը կամ որեւէ կրօնական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու նկատմամբ։ Իրականութեան մէջ, ոմանք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ աւելի մօտիկ կը զգան երբ բնութեան մէջ պտըտին, քան՝ երբ կրօնական արարողութեան ներկայ գտնուին։ Ներկայիս սովորական գաղափար մըն է, թէ Աստուծոյ հաւատալու համար նախապայման չէ կրօնական խումբի մը կամ յարանուանութեան մը հետ ընկերակցիլ։

Սակայն ուրիշներ անկեղծօրէն տարբեր կերպով կը խորհին։ Անոնք կը պնդեն թէ եկեղեցի երթալը եւ անոր մէկ անդամը ըլլալը անհրաժեշտ են, նոյնիսկ՝ կենսական, որպէսզի Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենանք։ Հետեւաբար կրօնական անդամակցութեան անհրաժեշտ ըլլալը կամ չըլլալը, պարզապէս վիճակագրական կամ ակադեմական նիւթ մը չէ։ Իսկ քանի որ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը խնդրոյ առարկայ է, տրամաբանական է որ այս հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը ուզենք գիտնալ։ Արդ, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

Անցեալին Աստուած Մարդոց Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցաւ

Գրեթէ 4,400 տարի առաջ, կործանարար ջրհեղեղ մը ամբողջ երկրագունդը հարուածեց։ Այս դէպքը դիւրաւ չէր կրնար մոռցուիլ, եւ համայն աշխարհի մէջ ժողովուրդները իրենց վաղեմի պատմութեան մէջ անոր մասին պատմուածքներ ունին։ Թէեւ տարբեր մանրամասնութիւններ կը բովանդակեն, սակայն այս պատմուածքները հասարակաց շատ բան ունին, ի ներառեալ այն իրողութիւնը թէ միայն քանի մը մարդիկ եւ կարգ մը անասուններ վերապրեցան։

Ջրհեղեղէն վերապրողները պարզապէս բախտաւոր անհատնե՞ր էին, որոնք պատահաբար ազատեցան այդ կործանումէն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ պարագան այս չէր։ Յատկանշական է որ Աստուած իւրաքանչիւր անհատի չիմացուց թէ Ջրհեղեղը գալու վրայ է։ Ան Նոյի իմացուց, որ իր կարգին իր ժամանակակիցները զգուշացուց մօտալուտ Ջրհեղեղէն։—Ծննդոց 6։13-16. Բ. Պետրոս 2։5

Վերապրումը կախեալ էր այդ սերտօրէն միացած խմբակին մէկ մասը ըլլալէն եւ Նոյի տրուած աստուածային ուղղութիւնը ընդունելէն։ Նոյնիսկ տապանին մէջի անասունները Ջրհեղեղէն վերապրեցան, քանի որ այս խումբին հետ էին։ Մանրակրկիտ հրահանգներ տրուեցան Նոյի, որ անասնական կեանքի պահպանման համար յարմար կարգադրութիւններ ընէր։—Ծննդոց 6։17–7։8

Դարեր ետք, Նոյի զարմը՝ Սէմի կողմէ, ստրուկ դարձաւ Եգիպտոսի մէջ։ Սակայն Աստուծոյ նպատակն էր զանոնք ազատագրել ու այն երկիրը բերել, որ իրենց նախահօր՝ Աբրահամի խոստացած էր։ Անգամ մը եւս, այս հարցը իւրաքանչիւր անհատի չյայտնուեցաւ, այլ նա՛խ յայտնուեցաւ անոնց ընտրեալ առաջնորդներուն՝ Մովսէսի ու Ահարոնի։ (Ելից 3։7-10. 4։27-31) Այս նախկին ստրուկները որպէս խումբ Եգիպտոսէն ազատագրուելէ ետք, Սինա լերան ստորոտը Աստուծոյ Օրէնքը ստացան եւ Իսրայէլ ազգը կազմուեցաւ։—Ելից 19։1-6

Իւրաքանչիւր Իսրայելացի կրցաւ ազատագրուիլ, միայն քանի որ Աստուծոյ հաստատած խումբին հետ ընկերակցած էր եւ այս խումբին նշանակուած առաջնորդներուն տուած ուղղութեան հետեւած էր։ Նոյնիսկ կարգ մը Եգիպտացիներու թոյլ տրուեցաւ որ ընկերակցին այս խումբին հետ, որ բացայայտօրէն Աստուծոյ հաւանութիւնը ունէր։ Երբ Իսրայելացիները Եգիպտոսէն դուրս ելան, այս անհատները անոնց հետ գացին, Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու հեռանկարով։—Ելից 12։37, 38

Ապա առաջին դարուն, Յիսուս իր քարոզչութիւնը սկսաւ, իրեն աշակերտներ հաւաքելով։ Ան վարուեցաւ անոնց հետ որպէս խումբ, թէեւ սիրալիր ուշադրութիւն ընծայեց իւրաքանչիւր անհատի, անոնց կարիքներուն համաձայն։ Յիսուս 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց»։ (Ղուկաս 22։28, 29) Հետագային, Աստուծոյ սուրբ հոգին աշակերտներուն վրայ իջաւ, երբ անոնք միասին հաւաքուած էին։—Գործք 2։1-4

Այս օրինակները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ անցեալին Աստուած միշտ իր ծառաներուն հետ վարուած է իբր կազմակերպուած խումբ։ Այն սակաւաթիւ անհատները, որոնց հետ Աստուած անձամբ գործառնութիւն ունեցաւ, ինչպէս՝ Նոյ, Մովսէս, Յիսուս եւ ուրիշներ, իրականութեան մէջ գործածուեցան հաղորդակցելու համար սերտօրէն միացած խումբի մը հետ։ Ո՛չ մէկ պատճառ կայ խորհելու թէ Աստուած ներկայիս իր ծառաներուն հետ տարբեր կերպով կը վարուի։ Անշուշտ ասիկա ուրիշ հարցում մը կը յարուցանէ. Որեւէ կրօնական խումբի հետ ընկերակցիլը բաւարա՞ր է։ Այս կենսական հարցումը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Նկար՝ էջ 4]

Աստուած շատոնց իր ծառաներուն հետ վարուած է որպէս կազմակերպուած խումբ