Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞ր կրօնքը պէտք է ընտրես

Ո՞ր կրօնքը պէտք է ընտրես

Ո՞ր կրօնքը պէտք է ընտրես

‘ՏԱՐԲԵՐ կրօնքները պարզապէս դէպի նոյն տեղը առաջնորդող ճամբաներ են։ Ի վերջոյ, միայն մէկ Աստուած կայ, այնպէս չէ՞’։ Շատեր այս գաղափարը կը բաժնեն։ Անոնք կը խորհին որ թէեւ կրօնքի մը անդամակցիլը կարեւոր է, սակայն կարեւոր չէ թէ անհատը ո՛ր կրօնքը կ’ընտրէ։

Առաջին ակնարկով, այս պատճառաբանութիւնը կրնայ շիտակ թուիլ, քանի որ իրապէս միայն մէ՛կ Աստուած կայ, Ամենակալը։ (Եսայեայ 44։6. Յովհաննու 17։3. Ա. Կորնթացիս 8։5, 6) Սակայն չենք կրնար անտեսել բացայայտ տարբերութիւնները,– նոյնիսկ հակասութիւնները,– ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայել դաւանող բազմաթիւ կրօնական խումբերուն միջեւ։ Անոնք իրարմէ մեծապէս կը տարբերին իրենց սովորութիւններով, հաւատալիքներով, ուսուցումներով ու պահանջներով։ Տարբերութիւնները ա՛յնքան մեծ են, որ որոշ կրօնքի մը կամ խումբի մը պատկանող անհատները դժուարութիւն կ’ունենան հասկնալու կամ ընդունելու ի՛նչ որ միւսները կը սորվեցնեն կամ կը հաւատան։

Միւս կողմէ, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։24) Աստուած ճշմարտութիւնով պաշտելը թոյլ կու տա՞յ որ Աստուծոյ ինքնութեան, իր նպատակներուն, եւ զինք պաշտելու կերպին նկատմամբ հակասական գաղափարներ գոյանան։ Տրամաբանակա՞ն է հաւատալ որ Ամենակալ Աստուծոյ համար կարեւոր չէ թէ զինք ի՛նչպէս կը պաշտենք։

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները՝ Անցեալին ու Ներկայիս

Առաջին դարու Քրիստոնեաները երբեմն կարգ մը հարցերու շուրջ տարբեր տեսակէտներ ունէին։ Օրինակ, Կորնթոսի մէջ եղողներուն մասին խօսելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։ Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ ‘Ես Պօղոսեան եմ’ ու միւսը՝ թէ ‘Ես Ապօղոսեան եմ’ եւ ուրիշը՝ թէ ‘Ես՝ Կեփասեան’, ու միւսը՝ թէ ‘Ես՝ Քրիստոսեան’»։—Ա. Կորնթացիս 1։11, 12

Պօղոս այս տարբերութիւնները աննշա՞ն նկատեց։ Իւրաքանչիւր անհատ պարզապէս փրկութեան տանող իր անձնակա՞ն կերպին կը հետեւէր։ Բնա՛ւ երբեք։ Պօղոս յորդորեց. «Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք»։—Ա. Կորնթացիս 1։10

Անշուշտ հաւատքի միութիւնը բռնադատութեամբ չ’իրագործուիր։ Անիկա կ’իրագործուի միայն երբ անհատներ ուշադրութեամբ հարցերը քննեն, նոյն եզրակացութիւններուն յանգին ու զանոնք ընդունին։ Հետեւաբար Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ մեր սորվածը կիրարկելու անկեղծ փափաքը անհրաժեշտ են, Պօղոսի նշած միութիւնը վայելելու համար։ Այս միութիւնը գոյութիւն ունի՞։ Ինչպէս տեսանք, Աստուած շատոնց իր ծառաներուն հետ վարուած է որպէս խումբ։ Ներկայիս այս խումբը կարելի՞ է բնորոշել։

Շիտակ Ընկերակցութեան Օգուտները

Սաղմոսերգու Դաւիթ անգամ մը հարցուց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ»։ Վստահաբար ասիկա միտք գրգռող հարցում մըն է։ Դաւիթ ինք պատասխանը տուաւ. «Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն»։ (Սաղմոս 15։1, 2) Աստուածաշունչի ճշգրիտ հասկացողութիւնը անհատին պիտի օգնէ այս աստուածային պահանջներուն գոհացում տուող կրօնքը բնորոշելու։ Ապա, այդ խումբին միանալով, անհատը շինիչ ընկերակցութիւն պիտի վայլէ անոնց հետ, որոնք Աստուած կը պաշտեն միութեամբ, «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։

Եհովայի Վկաները ապացուցանած են թէ նոյնիսկ մերօրեայ պառակտուած աշխարհին մէջ, կարելի է հաւատքի ու գործի միութիւն իրագործել։ Անոնց մէջ կը գտնուին բազմաթիւ կրօնքներու ու ազգատոհմային խմբակներու նախկին անդամներ։ Կարգ մը Վկաներ նախապէս երեւութապաշտ կամ անաստուած էին։ Իսկ ուրիշներ կրօնքով բոլորովին հետաքրքրուած չէին։ Այսպիսի անհատներ այժմ կը վայելեն կրօնական միութիւն մը, որ անզուգական է ներկայ աշխարհին մէջ։

Այս միութեան հիմը Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչն է։ Անշուշտ Եհովայի Վկաները կը գիտակցին թէ չեն կրնար ուրիշները ստիպել որ որոշ ընթացքի հետեւին։ Բայց անոնք առանձնաշնորհում կը սեպեն ուրիշները քաջալերել որ Աստուածաշունչէն սորվին, որպէսզի պաշտամունքի վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնը հաստատեն այդ անխախտ հիմին վրայ։ Այս կերպով, աւելի մեծ թիւով անհատներ կրնան վայելել այն օգուտները որ Աստուած «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտելէն յառաջ կու գան։

Այսօր վնասակար ազդեցութիւններու եւ հրապոյրներու զոհ դառնալու վտանգը մեծ է։ Շիտակ ընկերակցութիւնը ընտրելը կարեւոր է։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ «իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» եւ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33) Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն հետ ընկերակցիլը պաշտպանութիւն է։ Ուստի Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ի՜նչ օրհնութիւն է, երբ իսկական բարեկամներ, հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր, սիրալիրօրէն իրարու կ’աջակցին, Աստուծոյ առջեւ իրենց պատասխանատուութիւնները կատարելու համար։

Օթմար կը հաստատէ այս տեսակէտը։ Ան Գերմանիայի մէջ Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ էր, բայց դադրեցաւ եկեղեցի երթալէ։ Ան կը բացատրէ. «Ամէն անգամ որ եկեղեցի կ’երթայի, կը մտնէի ու դուրս կ’ելլէի՝ նոյն պարապութեան զգացումը ունենալով»։ Այսուհանդերձ ան Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը չկորսնցուց։ Ապա ան Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալով համոզուեցաւ թէ անոնք Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաներն են, եւ անոնց հետ ընկերակցելու կարիքը տեսաւ։ Այժմ ան կ’ըսէ. «Համաշխարհային կազմակերպութեան մը մէջ գործունեայ ըլլալով, միտքի ու սիրտի խաղաղութիւն կը վայելեմ։ Աստիճանաբար օգնութիւն կը ստանամ որ Աստուածաշունչի մասին աւելի ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեմ։ Ասիկա շա՜տ կ’արժեւորեմ»։

Հրաւէր՝ Ճշմարտութիւնը Փնտռողներուն

Համախորհ անհատները խմբովին աշխատելով կրնան գործ մը աւելի ազդուօրէն կատարել, քան՝ անոնք որ իրարմէ անկախ կ’աշխատին։ Օրինակ, Յիսուս հրաժեշտի ժամանակ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս պարտականութիւնը ի՞նչպէս կրնար կատարուիլ առանց առաջնորդութեան կամ կազմակերպումի։ Անհատ մը կրնա՞ր այս սուրբ գրային պատուէրին հնազանդիլ, փորձելով Աստուծոյ ծառայել առանձին։

Անցեալ տարի, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ բաշխեցին 91,933,280 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գիրքեր ու գրքոյկներ, եւ՝ 697,603,247 պարբերաթերթեր, Աստուծոյ Խօսքին պատգամը հասցնելով 235 երկիրներու մէջ գտնուող հարիւր միլիոնաւոր մարդոց։ Ասիկա ուշագրաւ ապացոյց մըն է թէ միացած, լաւ կազմակերպուած խմբային ջանքը շատ աւելին կ’իրագործէ, քան՝ անհատական ջանքը։

Աստուածաշնչական գրականութիւններ բաշխելէ զատ, Եհովայի Վկաները սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, մարդոց օգնելու որ Աստուծոյ պահանջած բաներուն մասին խորունկ հասկացողութիւն ձեռք ձգեն։ Անցեալ տարի, ամէն շաբաթ միջին հաշուով 5,726,509 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։ Այս սուրբ գրային ուսուցումը միլիոնաւորներու օգնած է հաստատ հիմ դնելու, որուն համաձայն կրնան պաշտամունքի հարցերու վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնը ընել։ Կը հրաւիրենք քեզ որ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած աստուածային պահանջներուն մասին սորվիս։ Ապա կրնաս անձնական ընտրութիւնդ ընել։—Եփեսացիս 4։13. Փիլիպպեցիս 1։9. Ա. Տիմոթէոս 6։20. Բ. Պետրոս 3։18

Եթէ կ’ուզես Աստուած հաճեցնել, կրօնքի մը միանալը կենսական է, բայց ո՛չ որեւէ կրօնական խումբի կամ յարանուանութեան։ Կրօնքը պէտք է ընտրես Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան հիման վրայ, եւ ո՛չ թէ անփաստ վարդապետութիւններու կամ ուրիշներու թելադրանքին համաձայն։ (Առակաց 16։25) Իմացիր թէ ի՛նչ բաներ կը զատորոշեն ճշմարիտ կրօնքը։ Զանոնք հաւատալիքներուդ հետ բաղդատէ եւ ըստ այնմ ընտրէ։—Բ. Օրինաց 30։19

[Նկարներ՝ էջ 7]

Պառակտուած աշխարհի մը մէջ Եհովայի Վկաները միութիւն կը վայելեն