Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

«Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 19։1

1, 2. (ա) Մարդիկ ինչո՞ւ չեն կրնար Աստուծոյ փառքը ուղղակի տեսնել։ (բ) 24 երէցները ի՞նչպէս Աստուծոյ փառք կու տան։

«ԴՈՒՆ իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ (Ելից 33։20) Եհովա այս զգուշացումը տուաւ Մովսէսի։ Տկար մարմին ունենալով, մարդիկ չեն կրնար Աստուծոյ փառքը ուղղակի տեսնել։ Սակայն տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ Եհովան իր փառաւոր գահին վրայ նստած։—Յայտնութիւն 4։1-3

2 Մարդոց հակառակը, հաւատարիմ հոգեղէն արարածները կրնան Եհովայի երեսը տեսնել։ Անոնց մէջ կան Յովհաննէսի երկնային տեսիլքին մէջի «քսանըչորս երէցներ»ը որ կը ներկայացնեն 144,000–ը։ (Յայտնութիւն 4։4. 14։1-3) Անոնք ի՞նչպէս կը հակազդեն Աստուծոյ փառքը տեսնելով։ Յայտնութիւն 4։10–ի համաձայն, անոնք կ’ըսեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։

Ինչո՛ւ «Անարդարանալի»

3, 4. (ա) Աստուծոյ հաւատալը ինչո՞ւ անգիտական չէ։ (բ) Կարգ մը պարագաներու, ոմանք ինչո՞ւ Աստուծոյ չեն հաւատար։

3 Կը մղուի՞ս Աստուծոյ փառք տալու։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը Աստուծոյ փառք չի տար, նոյնիսկ ոմանք կը մերժեն անոր գոյութիւնը։ Օրինակ, աստղագէտ մը գրեց. «Արդեօք Աստուա՞ծ էր որ միջամտեց եւ տիեզերքը մէջտեղ բերաւ մեր օգտին համար։ . . . Բերկրալի հեռանկար մը։ Դժբախտաբար, կը խորհիմ որ ասիկա խաբէական բան մըն է։ . . . Աստուծոյ միջամտութիւնը գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ»։

4 Գիտական հետազօտութիւնը սահմանափակ է. անիկա կը կատարուի միայն այն բաներուն հիման վրայ, որ մարդիկ կրնան տեսնել կամ ուսումնասիրել։ Այլապէս անիկա վարկած կամ ենթադրութիւն է։ Որովհետեւ «Աստուած Հոգի է», կարելի չէ զինք գիտական մանրակրկիտ քննութեան ենթարկել։ (Յովհաննու 4։24) Ուստի յոխորտանք է սեպել Աստուծոյ հաւատալը անգիտական բան մը։ Քէմպրիճ Համալսարանէն գիտնական Վինսէնթ Ուիկլըզուրթհ դիտել տուաւ թէ գիտական մեթոտը ինքնին «կրօնական մերձեցում» մըն է։ Ի՞նչպէս։ «Անիկա հիմնուած է անխախտ հաւատքի վրայ, թէ բներեւոյթները կրնան ‘ֆիզիքական օրէնքներով’ բացատրուիլ»։ Արդ, երբ անհատ մը մերժէ Աստուծոյ հաւատալ, ան պարզապէս որոշ հաւատք մը այլ հաւատքով չի՞ փոխարիներ։ Կարգ մը պարագաներու, Աստուծոյ չհաւատալը կը թուի ճշմարտութիւնը ընդունելու դիտումնաւոր մերժում ըլլալ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ամբարիշտը իր դէմքին խրոխտութեան համար Աստուած չի փնտռեր. իր բոլոր մտածումներուն մէջ բնա՛ւ Աստուած չկայ»։—Սաղմոս 10։4, ԱՎ

5. Աստուծոյ չհաւատալը ինչո՞ւ անարդարանալի է։

5 Սակայն Աստուծոյ հաւատալը կոյր հաւատք չէ, քանի որ Աստուծոյ գոյութիւնը հաստատող բազմաթիւ ապացոյցներ կան։ (Եբրայեցիս 11։1) Աստղագէտ Ալան Սանտաճ ըսաւ. «Անհաւանական կը գտնեմ այն գաղափարը թէ [տիեզերքի] կարգ ու կանոնը քաոսէ ծագում առած է։ Կազմակերպող աղբիւր մը պէտք է ըլլայ։ Թէեւ ինծի համար Աստուած խորհուրդ մըն է, բայց անիկա գոյութեան հրաշքին բացատրութիւնն է»։ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն ըսաւ թէ Աստուծոյ «անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի [անհաւատները] անարդարանալի ըլլան»։ (Հռովմայեցիս 1։20, ԱՎ) «Աշխարհի արարչութենէն ի վեր»,– յատկապէս մտացի մարդոց ստեղծագործութենէն ի վեր, որոնք կրնան Աստուծոյ գոյութիւնը ըմբռնել,– բացայայտ եղած է թէ անհուն զօրութիւն ունեցող Ստեղծիչ մը, պաշտուելու արժանի Աստուած մը կայ։ Ուստի անարդարանալի են անոնք որ Աստուծոյ փառքին չեն գիտակցիր։ Բայց ստեղծագործութիւնը ի՞նչ ապացոյցներ կը հայթայթէ։

Տիեզերքը Աստուծոյ Փառքը կը Պատմէ

6, 7. (ա) Երկինքը ի՞նչպէս Աստուծոյ փառքը կը պատմէ։ (բ) Ի՞նչ նպատակով երկինքը ‘լարեր’ ղրկած է։

6 Սաղմոս 19։1–ը կը պատասխանէ՝ ըսելով. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ Դաւիթ ըմբռնեց թէ երկինքի մէջ փայլող աստղերն ու մոլորակները, փառաւոր Աստուծոյ մը գոյութեան անհերքելի ապացոյց կը հայթայթեն։ Ան կը շարունակէ. «Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը»։ (Սաղմոս 19։2) Օրէ օր եւ գիշերէ գիշեր, երկինքը Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ ստեղծագործական զօրութիւնը կը ցուցնէ, որպէս թէ Աստուած փառաբանող խօսքեր արտայայտելով։

7 Սակայն այս վկայութիւնը լսելը խորատեսութիւն կը պահանջէ։ «Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր. անոնց ձայնը չի լսուիր»։ Այսուհանդերձ երկինքի լռելեայն վկայութիւնը զօրաւոր է։ «Ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը [«լարը դուրս ելաւ», ԱՎ, ստորանիշ] ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը»։ (Սաղմոս 19։3, 4) Երկինքը կարծես ‘լարեր’ ղրկած է, վստահ ըլլալու համար որ իր լռելեայն վկայութիւնը երկրագունդին բոլոր անկիւնները կը հասնի։

8, 9. Արեւին մասին յատկանշական իրողութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

8 Ապա Դաւիթ կը նկարագրէ Եհովայի ստեղծագործութեան այլ սքանչելիք մը. «Անոնց [տեսանելի երկինքին] մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց. անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է, հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։ Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր»։—Սաղմոս 19։4-6

9 Միւս աստղերուն հետ բաղդատած, արեւը միջակ չափով աստղ մըն է։ Այսուհանդերձ անիկա ուշագրաւ աստղ մըն է, որուն շուրջ թաւալող մոլորակները շատ փոքր կը թուին։ Աղբիւր մը կ’ըսէ թէ անոր զանգուածը երկրագունդի զանգուածէն շուրջ 330,000 անգամ աւելի է։ Արեւը կը ներկայացնէ մեր արեգակնային դրութեան զանգուածին 99,9 առ հարիւրը։ Անոր ձգողական ոյժը թոյլ կու տայ որ երկրագունդը թաւալի 150 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, առանց աւելի հեռանալու կամ մօտենալու։ Արեւին արձակած ուժանիւթին միայն չնչին մէկ մասը կը հասնի մեր մոլորակը, բայց այդքանը բաւարար է կեանքը գոյատեւելու համար։

10. (ա) Արեւը ի՞նչպէս իր «վրան»ը կը մտնէ ու անկէ դուրս կու գայ։ (բ) Անիկա ի՞նչպէս «հզօր մարդու» պէս կը վազէ։

10 Սաղմոսերգուն արեւին մասին այլաբանական լեզուով կը խօսի, զայն նկարագրելով իբր «հզօր մարդ» մը, որ օրուան ընթացքին մէկ հորիզոնէն միւսին կը վազէ, եւ գիշերը կը հանգչի «վրան»ի մը մէջ։ Երբ այդ հզօր աստղը մայր կը մտնէ, երկրի վրայ դիտողի մը կը թուի թէ անիկա «վրան» կը մտնէ հանգչելու համար։ Առաւօտուն, անիկա յանկարծ դուրս կու գայ, «իր առագաստէն ելած փեսայի պէս» շողալով։ Հովիւ մը ըլլալով, Դաւիթ գիտէր գիշերուան ցուրտ օդը։ (Ծննդոց 31։40) Ան մտաբերեց թէ ի՛նչպէս արեւին ճառագայթները արագօրէն զինք եւ շրջապատը կը տաքցնէին։ Բացայայտ է որ արեւը արեւելքէն արեւմուտք ‘ճամբորդելով’ ուժասպառ չէր եղած, հապա «հզօր մարդու» պէս պատրաստ էր ճամբորդութիւնը կրկնելու։

Ահարկու Աստղերն ու Հոյախումբերը

11, 12. (ա) Ինչո՞ւ ուշագրաւ բան մըն է որ Աստուածաշունչը կը համեմատէ աստղերը ծովեզերքը եղող աւազին հետ։ (բ) Տիեզերքը ո՞րքան ընդարձակ կրնայ ըլլալ։

11 Առանց աստղադիտակի, Դաւիթ կրնար միայն քանի մը հազար աստղ տեսնել։ Սակայն վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, արդի աստղադիտակներուն միջոցով տեսնուած աստղերուն թիւն է՝ 70,000 եռիլիոն (7–էն ետք 22 զէռօ)։ Եհովա նշեց թէ անհամար աստղեր կան, երբ անոնց թիւը առնչեց «ծովեզերքը եղող աւազին» հետ։—Ծննդոց 22։17

12 Երկար ատեն, աստղագէտներ տեսած էին «անորոշ ու աղօտ երեւոյթ ունեցող լուսաւոր պզտիկ շրջաններ»։ Գիտնականներ ենթադրեցին թէ այս «պարուրաձեւ միգամածները» մեր Ծիր Կաթին հոյախումբին մէկ մասն էին։ 1924–ին, յայտնաբերուեցաւ թէ ամենամօտ միգամածը՝ Անտրոմետա, ինքնին հոյախումբ մըն է, որ շուրջ երկու միլիոն լուսատարի հեռաւորութիւն ունի։ Այժմ գիտնականները կ’ենթադրեն որ միլիառաւոր հոյախումբեր կան, իւրաքանչիւրը բովանդակելով հազարաւոր ու նոյնիսկ միլիառաւոր աստղեր։ Իսկ Եհովա «աստղերուն թիւը կը համրէ, անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ»։—Սաղմոս 147։4

13. (ա) Համաստեղութիւններուն մասին ի՞նչ բան արտակարգ է։ (բ) Ի՞նչպէս բացայայտ է թէ գիտնականները «երկնքի կանոնները» չեն գիտեր։

13 Եհովա Յոբի հարցուց. «Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել. կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել»։ (Յոբայ 38։31) Համաստեղութիւնը աստղերու խումբ մըն է, որ յատուկ ձեւ մը կը ներկայացնէ։ Թէեւ աստղերը կրնան իրարմէ շա՜տ հեռու ըլլալ, սակայն երկրէն դիտուած՝ անոնց յարաբերական դիրքերը անփոփոխ կը մնան։ Քանի որ իրենց դիրքերը չափազանց ճշգրիտ են, աստղերը «օգտակար ուղեցոյցներ են նաւագնացութեան մէջ, աստղերը բնորոշելու համար, եւ աստղանաւորդներուն՝ որ տիեզերանաւին ուղղութիւն տան»։ (The Encyclopedia Americana) Այսուհանդերձ ո՛չ ոք լիովին կը հասկնայ համաստեղութիւնը միացած պահող «կապերը»։ Այո, գիտնականները տակաւին չեն կրնար պատասխանել Յոբայ 38։33–ի հարցումին. «Երկնքի կանոնները գիտե՞ս»։

14. Լոյսին բաժնուիլը ի՞նչ կերպով խորհուրդ մըն է։

14 Գիտնականները չեն կրնար Յոբի ուղղուած ուրիշ հարցումի մը պատասխանել. «Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի»։ (Յոբայ 38։24) Հեղինակ մը ասիկա կոչեց «արդի գիտական խոր հարցում մը»։ Միւս կողմէ, կարգ մը Յոյն փիլիսոփաներ կը խորհէին թէ լոյսը մարդկային աչքէն ծագում կ’առնէր։ Արդի ժամանակներուն, գիտնականներ խորհած են որ լոյսը փոքրիկ մասնիկներէ կը բաղկանայ։ Ուրիշներ խորհած են որ անիկա կը փոխադրուի ալիքներով։ Ներկայիս գիտնականները կը հաւատան որ լոյսը կը վարուի թէ՛ ալիքի եւ թէ մասնիկի նման։ Սակայն, լոյսին բնոյթը եւ ի՛նչպէս ‘բաժնուիլը’ տակաւին լիովին չեն գիտցուած։

15. Դաւիթի նման, ի՞նչ պէտք է զգանք երբ երկինքի մասին խորհրդածենք։

15 Այս բոլոր բաներուն մասին խորհրդածելով, կը մղուինք սաղմոսերգու Դաւիթին նման զգալու, որ ըսաւ. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։—Սաղմոս 8։3, 4

Երկիրն ու Անոր Արարածները Եհովան կը Փառաւորեն

16, 17. «Անդունդներ»ուն մէջ գտնուող արարածները ի՞նչպէս կը փառաբանեն Եհովան։

16 Սաղմոս 148–ն կը թուէ այլ կերպեր, որոնցմով ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ։ 7–րդ համարը կ’ըսէ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ»։ Այո, «անդունդներ»ը լեցուն են Աստուծոյ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը ցցուն ընող սքանչելիքներով։ Կապոյտ կէտ ձուկին կշիռը միջին հաշուով 120 թոն է,– շուրջ 30 փիղի ծանրութիւն։ Անոր սիրտը աւելի քան 450 քիլոկրամ կը կշռէ եւ շուրջ 6,400 քիլոկրամ արեան շրջանառութիւնը կը պահէ։ Այս խոշոր կէտերը ջուրին մէջ դանդաղ ու անճարա՞կ են։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնք մեծ արագութեամբ «ովկիանոսներուն մէջ կը ճամբորդեն», կ’ըսէ European Cetacean Bycatch Campaign–ի մէկ տեղեկագրութիւնը։ Արբանեակի միջոցով կատարուած հետախուզումը ցոյց տուաւ թէ «կապոյտ կէտ ձուկ մը 10 ամսուան մէջ աւելի քան 16,000 քիլոմեթր ճամբորդեց»։

17 Դլփինը սովորաբար կը սուզուի մինչեւ 45 մեթր, իսկ արձանագրուած մեծագոյն խորասուզումը 547 մեթր է։ Այս ստնաւորը ի՞նչպէս կրնայ այսպիսի խորասուզումէ վերապրիլ։ Անոր սրտազարկը կը դանդաղի խորասուզումի ընթացքին, եւ արիւնը գլխաւորաբար կ’ուղղուի դէպի սիրտը, թոքերը եւ ուղեղը։ Նաեւ, անոր մկանները կը պարունակեն քիմիական տարր մը որ թթուածինը կ’ամբարէ։ Ծովափիղը եւ ճարպակէտը կրնան շատ աւելի խորունկ սուզուիլ։ Discover պարբերաթերթը կ’ըսէ. «Փոխանակ ճնշումին դէմ դնելու, անոնք թոյլ կու տան որ ճնշումը իրենց թոքերը բոլորովին գոցէ»։ Անոնք իրենց հարկ եղած թթուածինին մեծ մասը կ’ամբարեն իրենց մկաններուն մէջ։ Բացորոշ է թէ այս արարածները ամենակալ Աստուծոյ իմաստութեան տեսանելի ապացոյց են։

18. Ծովուն ջուրը ի՞նչպէս Եհովայի իմաստութիւնը ցոյց կու տայ։

18 Նոյնիսկ ծովուն ջուրը Եհովայի իմաստութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Scientific American կ’ըսէ. «Ովկիանոսի մակերեսէն մինչեւ 100 մեթր խորութիւն, ջուրի իւրաքանչիւր կաթիլ կը պարունակէ հազարաւոր մանրադիտական բոյսեր, որոնք ազատօրէն կը ծփան»։ Այս «անտեսանելի անտառը» մեր օդը կը մաքրէ, ածխաթթուէն միլիառաւոր թոներ սպառելով։ Անիկա կ’արտադրէ մեր շնչած թթուածինին աւելի քան կէսը։

19. Կրակը եւ ձիւնը ի՞նչպէս Եհովայի կամքը կը կատարեն։

19 Սաղմոս 148։8–ն կ’ըսէ. «Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով»։ Այո, Եհովա նաեւ կը գործածէ բնութեան անկենդան ոյժերը իր կամքը կատարելու համար։ Նկատի առ՝ կրակը։ Անցեալ տասնամեակներուն, անտառներու հրդեհները կը նկատուէին միայն կործանիչ։ Այժմ հետազօտիչներ կը խորհին որ հրդեհը կենսոլորտային կարեւոր դեր մը կը խաղայ, հին կամ կիսամեռ ծառերը բնաջնջելով, բազմաթիւ հունտերու ծլարձակումը յառաջացնելով, սնուցիչները վերօգտագործելով, եւ անշէջ կրակի վտանգը նուազեցնելով։ Ձիւնն ալ կենսական է, քանի որ գետինը կը ջրէ ու արգասաբեր կը դարձնէ, գետերը ջուրով կը լեցնէ, եւ բոյսերն ու անասունները սառեցուցիչ ջերմաստիճաններէն կը պաշտպանէ։

20. Լեռներն ու ծառերը ի՞նչպէս մարդկութեան կ’օգտեն։

20 Սաղմոս 148։9–ն կ’ըսէ. «Լեռներ ու բոլոր բլուրներ, պտղատու ծառեր ու եղեւիններ»։ Վեհաշուք լեռները Եհովայի մեծ զօրութեան կը վկայեն։ (Սաղմոս 65։6) Բայց անոնք նաեւ գործնական նպատակի մը կը ծառայեն։ Աշխարհագրութեան Հաստատութիւնը Պեռնի մէջ, Զուիցերիա, իր մէկ տեղեկագրին մէջ կ’ըսէ. «Աշխարհի բոլոր գլխաւոր գետերուն սկզբնաղբիւրները կը գտնուին լեռներուն մէջ։ Մարդկութեան աւելի քան կէսը կ’օգտուի լեռներուն մէջ կուտակուող զուլալ ջուրէն։ . . . Այս ‘ջուրի աշտարակները’ մարդկութեան բարօրութեան համար շատ կենսական են»։ Նոյնիսկ սովորական ծառը իր Արարիչին փառք կը բերէ։ Միացեալ Ազգերուն Կենսոլորտի Յայտագրին մէկ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ թէ ծառերը «բոլոր երկիրներուն մէջ մարդոց բարօրութեան համար կարեւոր են։ . . . Բազմաթիւ ծառեր տնտեսական մեծ արժէք ունին որպէս կարգ մը արտադրութիւններու սկզբնաղբիւրներ, ինչպէս՝ ատաղձ, պտուղ, կաղին, ռետին եւ խէժ։ Համայն աշխարհի մէջ, 2 միլիառ մարդիկ եփելու եւ վառելանիւթի համար կը գործածեն փայտը»։

21. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս սովորական տերեւ մը կ’ապացուցանէ իր ծրագրուած ըլլալը։

21 Ծառին կազմուածքը կ’ապացուցանէ իմաստուն ստեղծիչի մը գոյութիւնը։ Նկատի առ սովորական տերեւ մը։ Արտաքին մասը մոմանման խաւ ունի, որ տերեւին խոնաւութիւնը կը պահէ։ Այդ խաւին ճիշդ տակը շարք մը բջիջներ կան, որոնք կանաչահատներ (քլորոփլասթներ) ունին։ Անոնք բուսականաչ (քլորոֆիլ) կը պարունակեն, որ լուսային ուժանիւթ կը ծծէ։ Լուսակազմութիւն կոչուած գործընթացով, տերեւները «ուտելիքի գործարաններ» կը դառնան։ Ծառին արմատներուն ծծած ջուրը տերեւներուն կը փոխադրուի գերակատար «ջրմուղային դրութեան» մը միջոցով։ Տերեւին տակը հազարաւոր մանրիկ «փականներ» (շնչածակեր) կան, որոնք կը բացուին ու կը գոցուին, ածխաթթուն ներս առնելով։ Լոյսին հայթայթած ուժանիւթով, ջուրը եւ ածխաթթուն կը միանան ու բնածխաջրատ կ’արտադրեն։ Այժմ բոյսը կրնայ սնուցանուիլ իր իսկ պատրաստած ուտելիքով։ Այո, այս «գործարանը» անաղմուկ ու գեղեցիկ է։ Ապականութիւն պատճառելու տեղ, անիկա թթուածին կ’արձակէ իբր երկրորդական արտադրութիւն։

22, 23. (ա) Կարգ մը թռչուններ ու ցամաքային կենդանիներ ի՞նչ աչքառու կարողութիւններ ունին։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

22 Սաղմոս 148։10–ը կ’ըսէ. «Գազաններ ու բոլոր անասուններ, սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ»։ Ցամաքային կենդանիներէն ու թռչող արարածներէն շատեր ապշեցուցիչ կարողութիւններ կը ցուցաբերեն։ Ձկնկուլը կրնայ շատ երկար հեռաւորութիւններ թռչիլ (առիթով մը՝ 40,000 քիլոմեթր, միայն 90 օրուան մէջ)։ Սեւագլուխ երգակը Հիւսիսային Ամերիկայէն դէպի Հարաւային Ամերիկա կը ճամբորդէ, աւելի քան 80 ժամ անդադար թռչելով։ Ուղտը ջուր կ’ամբարէ, ո՛չ թէ իր սապատին մէջ ինչպէս կը կարծուէր, այլ՝ իր մարսողական համակարգին մէջ, ինչ որ թոյլ կու տայ որ երկար ժամանակ քալէ առանց ջրազուրկ դառնալու։ Արդ, զարմանալի չէ որ ճարտարագէտներ ուշի–ուշով անասնական աշխարհը կը դիտեն, երբ մեքենաներ եւ նոր նիւթեր կը ծրագրեն։ Հեղինակ Կալ Գլիր կ’ըսէ. «Եթէ կ’ուզէք լաւ բանող գործիք մը շինել, . . . որ իր շրջապատին վնաս չի հասցներ, շատ հաւանական է որ բնութեան մէջ ընտիր օրինակ մը գտնէք»։

23 Արդարեւ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ։ Աստղազարդ երկինքը, բոյսերը եւ անասունները, իւրաքանչիւրը իր կերպով Ստեղծիչին փառք կը բերէ։ Բայց ի՞նչ ըսենք մարդկային արարածներուն մասին։ Բնութեան նման, ի՞նչպէս կրնանք Աստուած փառաբանել։

Կը յիշէ՞ք

• Աստուծոյ գոյութիւնը ուրացող անհատները ինչո՞ւ անարդարանալի են։

• Աստղերն ու մոլորակները ի՞նչպէս Աստուած կը փառաւորեն։

• Ծովային ու ցամաքային կենդանիները ի՞նչպէս սիրալիր Ստեղծիչի մը գոյութիւնը կ’ապացուցանեն։

• Բնութեան անկենդան ոյժերը ի՞նչպէս Եհովայի կամքը կը կատարեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Գիտնականները կ’ենթադրեն որ տեսնուած աստղերուն թիւն է՝ 70,000 եռիլիոն

[Նկարին աղբիւրը]

Frank Zullo

[Նկար՝ էջ 22]

Դլփին

[Նկար՝ էջ 23]

Ձիւնի փաթիլ

[Նկարին աղբիւրը]

snowcrystals.net

[Նկար՝ էջ 23]

Փոքր ձկնկուլ