Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տարեցները՝ մեր քրիստոնէական եղբայրութեան թանկագին անդամներ են

Տարեցները՝ մեր քրիստոնէական եղբայրութեան թանկագին անդամներ են

Տարեցները՝ մեր քրիստոնէական եղբայրութեան թանկագին անդամներ են

«Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները . . . պիտի ծաղկին, ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան»։—ՍԱՂՄՈՍ 92։13, 14

1. Շատեր տարեցներուն ի՞նչ աչքով կը նային։

ԵՀՈՎԱ իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները կը սիրէ, ի ներառեալ տարիքաւորները։ Սակայն տեղեկագրի մը համաձայն, կ’ենթադրուի որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն տարի շուրջ կէս միլիոն տարեցներ կը լքուին կամ գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուին։ Աշխարհի չորս ծագերէն եկած նմանօրինակ տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ տարեցներու հանդէպ գէշ վերաբերմունքը աշխարհածաւալ խնդիր մըն է։ Կազմակերպութիւն մը ասոր բուն պատճառը մատնանշելով կ’ըսէ. «Շատեր այն կեցուածքը որդեգրած են . . . թէ տարեցները այլեւս օգտակարութիւն մը չունին, արդիւնաբեր չեն եւ չափազանց ուրիշներէն կախեալ են»։

2. (ա) Եհովա իր հաւատարիմ տարեց ծառաները ի՞նչպէս կը նկատէ։ (բ) Սաղմոս 92։12-15–ի մէջ ի՞նչ սրտապնդիչ նկարագրութիւն կը գտնենք։

2 Եհովա Աստուած իր հաւատարիմ տարեց ծառաները կ’արժեւորէ։ Ան «մեր ներսի մարդ»ուն՝ մեր հոգեւոր վիճակին՝ վրայ կը կեդրոնանայ, եւ ո՛չ թէ մեր ֆիզիքական սահմանափակումներուն վրայ։ (Բ. Կորնթացիս 4։16) Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, հետեւեալ սրտապնդիչ երաշխիքը կը գտնենք. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։ Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին, ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ ու կանանչ պիտի մնան, որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է»։ (Սաղմոս 92։12-15) Այս համարները նկատի առնելը ցոյց պիտի տայ այն մարզերը, ուր տարեցները կրնան արժէքաւոր նպաստ բերել քրիստոնէական եղբայրութեան։

«Ծերութեան Ատեն Ալ Պտուղ Պիտի Տան»

3. (ա) Արդարները ինչո՞ւ արմաւենիներու նմանցուած են։ (բ) Տարեցները ի՞նչպէս կրնան ‘ալեւորութեան մէջ պտուղ արտադրել’։

3 Սաղմոսերգուն արդարները կը նմանցնէ արմաւենիներու, որոնք ‘մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ տնկուած են’։ Անոնք «ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան»։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Ալեւորութեան մէջ ալ պտուղ պիտի արտադրեն»։ (ԱՎ) Ասիկա իսկապէս քաջալերական գաղափար մը չէ՞։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն վայելուչ եւ ուղղաբերձ արմաւենիները սովորական տեսարան մըն էին։ Զարդական արժէքէն զատ, արմաւենիները կ’արժեւորուէին իրենց բարեբերութեան համար. ոմանք աւելի քան հարիւր տարի կը շարունակեն պտուղ տալ։ * Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ հաստատօրէն տնկուած մնալով, դուն ալ կրնաս շարունակել ‘բարի գործերով պտղաբերիլ’։—Կողոսացիս 1։10

4, 5. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ կարեւոր պտուղ պէտք է արտադրեն։ (բ) Տարեցներու սուրբ գրային օրինակներ տուէք, որոնք ‘շրթունքի պտուղը’ արտադրեցին։

4 Եհովա Քրիստոնեաներէն կ’ակնկալէ որ արտադրեն ‘շրթունքի պտուղ’,– զինք ու իր նպատակները փառաբանող խօսքեր։ (Եբրայեցիս 13։15) Տարեց մը ըլլալով, ասիկա քեզի կը կիրարկուի՞։ Վստահաբար այո։

5 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ տարեցներու օրինակներ, որոնք խիզախօրէն Եհովայի անունին ու նպատակներուն մասին վկայեցին։ Մովսէս արդէն «եօթանասուն» տարեկանը անց էր, երբ Եհովա իրեն յանձնարարութիւն տուաւ որ իր մարգարէն ու ներկայացուցիչը ըլլայ։ (Սաղմոս 90։10. Ելից 4։10-17) Յառաջացած տարիքը արգելք չհանդիսացաւ որ Դանիէլ մարգարէն Եհովայի գերիշխանութեան նկատմամբ անվախօրէն վկայութիւն տայ։ Հաւանաբար Դանիէլ 90–ական տարիքին մէջ էր, երբ Բաղտասար զինք կանչեց պատին վրայի խորհրդաւոր գրութիւնը մեկնաբանելու համար։ (Դանիէլ, գլուխ 5) Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ տարեց Յովհաննէս առաքեալի մասին։ Իր երկարատեւ ծառայութեան վերջաւորութեան, ան Պատմոս կղզիին մէջ բանտարկուեցաւ «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Շատ հաւանաբար կը յիշես Աստուածաշունչի բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց յառաջացած տարիքին արտադրեցին ‘շրթունքի պտուղը’։—Ա. Թագաւորաց 8։1, 10. 12։2. Գ. Թագաւորաց 14։4, 5. Ղուկաս 1։7, 67-79. 2։22-32

6. Եհովա ի՞նչպէս «ծերերը» գործածած է որ այս վերջին օրերուն մարգարէանան։

6 Եբրայեցի Յովէլ մարգարէին խօսքերը մէջբերելով, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «‘Վերջին օրերը’, կ’ըսէ Աստուած, ‘իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ [ի ներառեալ «ծերերը»] . . . եւ [անոնք] պիտի մարգարէանան’»։ (Գործք 2։17, 18. Յովելեայ 2։28) Հետեւաբար այս վերջին օրերուն, Եհովա օծեալ դասակարգին եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն տարեց անդամները գործածած է, իր նպատակները ծանուցանելու համար։ (Յովհաննու 10։16) Անոնցմէ ոմանք տասնամեակներէ ի վեր հաւատարմօրէն Թագաւորութեան պտուղը կ’արտադրեն։

7. Բացատրեցէք թէ տարեցներ ի՛նչպէս կը շարունակեն Թագաւորութեան պտուղը արտադրել, հակառակ ֆիզիքական սահմանափակումներուն։

7 Նկատի առէք Սոնիան, որ 1941–ին Թագաւորութեան լիաժամ հրատարակիչ եղաւ։ Երկարատեւ հիւանդութենէ մը տառապելով հանդերձ, ան իր տան մէջ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։ «Բարի լուրը քարոզելը կեանքիս անբաժան մէկ մասն է», բացատրեց Սոնիան։ «Իրականութեան մէջ, անիկա կեանքս է։ Չեմ ուզեր կենալ»։ Վերջերս Սոնիան ու իր քոյրը՝ Օլիվ, Աստուածաշունչի յոյսի պատգամը բաժնեցին մահացու հիւանդութեամբ բռնուած Ժանէթին հետ, որուն հանդիպեցան հիւանդանոցի մը սպասման սենեակին մէջ։ Ժանէթի մայրը, որ թունդ Կաթողիկէ էր, իր աղջկան հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր հետաքրքրութենէն ա՛յնքան տպաւորուեցաւ որ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան առաջարկը ընդունեց, եւ այժմ հոյակապ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Կրնա՞ս նոյնանման պատեհութիւններ օգտագործել Թագաւորութեան պտուղը արտադրելու համար։

8. Տարիքոտ Քաղէբ ի՞նչպէս Եհովայի հանդէպ իր վստահութիւնը ցուցաբերեց, եւ տարեց Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան զինք ընդօրինակել։

8 Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ խիզախօրէն յարատեւելով ի հեճուկս ծերութեան սահմանափակումներուն, տարեց Քրիստոնեաները կը հետեւին հաւատարիմ Իսրայելացի Քաղէբի քայլերուն, որ անապատին մէջ քառասուն տարի Մովսէսի ընկերակցեցաւ։ Քաղէբ 79 տարեկան էր, երբ Յորդանան գետը կտրելով Խոստացեալ Երկիրը մտաւ։ Շուրջ վեց տարի Իսրայէլի յաղթական բանակին կողքին պատերազմելէ ետք, ան կրնար իր իրագործումներով բաւականանալ։ Բայց ան քաջաբար խնդրեց որ Յուդայի լեռնային շրջանին մէջ «մեծ պարսպապատ քաղաքներ»ը գրաւելու դժուար նշանակումը իրեն տրուի, ուր կը բնակին հսկայ Ենակիմները։ Եհովայի օգնութեամբ Քաղէբ ‘զանոնք վռնտեց, ինչպէս Տէրը ըսաւ’։ (Յեսուայ 14։9-14. 15։13, 14) Վստահ եղիր որ Եհովա քեզի հետ է ինչպէս Քաղէբի հետ էր, մինչ ծերութեան մէջ կը շարունակես Թագաւորութեան պտուղը արտադրել։ Իսկ եթէ հաւատարիմ մնաս, ան իր խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ տեղ պիտի շնորհէ քեզի։—Եսայեայ 40։29-31. Բ. Պետրոս 3։13

«Պարարտ ու Կանանչ Պիտի Մնան»

9, 10. Տարեց Քրիստոնեաները ի՞նչպէս հաւատքի մէջ առողջ կը մնան ու իրենց հոգեւոր կորովը կը պահեն։ (Տես շրջագիծը, էջ 11։)

9 Եհովայի տարեց ծառաներուն պտղաբեր ըլլալը ուշադրութեան յանձնելով, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։ Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ ու կանանչ պիտի մնան»։—Սաղմոս 92։12, 14

10 Ի՞նչպէս կրնաս հոգեւոր կորովդ պահել, հակառակ ծերութեան։ Արմաւենիներու մշտատեւ գեղեցկութեան գաղտնիքը կը կայանայ թարմ ջուր հաստատօրէն ստանալուն մէջ։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ջուրերէն կրնաս սնունդ ստանալ, ուսումնասիրելով Աստուծոյ Խօսքը եւ ընկերակցելով իր կազմակերպութեան հետ։ (Սաղմոս 1։1-3. Երեմեայ 17։7, 8) Հոգեւոր կենսունակութեամբդ կրնաս հաւատակիցներուդ թանկագին օգնութիւն մատուցանել։ Նկատի առ թէ ի՛նչպէս տարիքոտ Յովիադա քահանայապետին պարագան կը հաստատէ այս կէտը։

11, 12. (ա) Յովիադա Յուդայի թագաւորութեան պատմութեան մէջ ի՞նչ կենսական դեր մը խաղցաւ։ (բ) Յովիադա իր ազդեցութիւնը ի՞նչպէս գործածեց ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։

11 Հաւանաբար Յովիադայի տարիքը հարիւրէ աւելի էր, երբ փառատենչ Գոթողիա թագուհին Յուդայի իշխանութեան գլուխը անցաւ, իր իսկ թոռները սպաննելով։ Մեծատարիք Յովիադան ի՞նչ կրնար ընել։ Ան ու իր կինը տաճարին մէջ շուրջ վեց տարի պահեցին Յովասը, միակ վերապրող գահաժառանգը։ Յետոյ, Յովիադա եօթը տարեկան Յովասը անակնկալօրէն թագաւոր յայտարարեց եւ Գոթողիան սպաննել տուաւ։—Բ. Մնացորդաց 22։10-12. 23։1-3, 15, 21

12 Թագաւորին խնամակալը ըլլալով, Յովիադա իր ազդեցութիւնը գործածեց ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։ Ան «իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան»։ Յովիադայի հրամանով ժողովուրդը Բահաղ չաստուծոյ տունը կործանեցին, անոր զոհասեղաններն ու կուռքերը կտոր–կտոր ըրին ու քուրմը սպաննեցին։ Դարձեալ Յովիադայի առաջնորդութեան ներքեւ Յովաս տաճարին ծառայութիւնները վերահաստատեց եւ անոր անհրաժեշտ նորոգութիւնները կատարեց։ «Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր»։ (Բ. Մնացորդաց 23։11, 16-19. 24։11-14. Դ. Թագաւորաց 12։2) Երբ Յովիադա 130 տարեկանին մահացաւ, թագաւորներուն հետ թաղուելու բացառիկ պատիւը տրուեցաւ անոր, քանի որ «Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր»։—Բ. Մնացորդաց 24։15, 16

13. Տարեց Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս կրնան ‘Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ընել’։

13 Թերեւս վատ առողջութիւնը կամ այլ պարագաներ կը սահմանափակեն ինչ որ կրնաս ընել ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային կրնաս ‘Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ընել’։ Կրնաս Եհովայի հոգեւոր տան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել, ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուելով ու մասնակցելով եւ դաշտի ծառայութեան մէջ բաժին բերելով՝ երբոր կարելի է։ Աստուածաշունչի խրատները սիրայօժար ընդունիլդ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ու ժողովքին հաւատարմօրէն թիկունք կանգնիլդ, քրիստոնէական եղբայրութեան վրայ զօրացուցիչ ազդեցութիւն պիտի ունենան։ (Մատթէոս 24։45-47) Նաեւ կրնաս հաւատակիցներդ մղել «սիրոյ եւ բարեգործութեան»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25. Փիլիմոն 8, 9) Ուրիշներուն օրհնութիւն մը պիտի ըլլաս, եթէ Պօղոս առաքեալի սա խրատին համաձայն գործես. «Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ։ Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող»։—Տիտոս 2։2-4, ԱՎ

14. Երկար տարիներ ծառայող Քրիստոնեայ տեսուչները ի՞նչ կրնան ընել ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։

14 Երկար տարիներ որպէս ժողովքի երէց ծառայա՞ծ ես։ «Երկար տարիներու ընթացքին ձեր ամբարած իմաստութիւնը անձնուրացաբար գործածեցէք», կը խրատէ երկար տարիներ ծառայող երէց մը։ «Կարգ մը պատասխանատուութիւններ ուրիշներու յանձնեցէք, եւ ձեր փորձառութիւնը բաժնեցէք յօժարակամ հոգի ունեցողներուն հետ։ . . . Ուրիշներուն կարողութիւնները զատորոշեցէք։ Զանոնք մշակեցէք ու զարգացուցէք։ Ապագայի համար պատրաստութիւններ տեսէք»։ (Բ. Օրինաց 3։27, 28) Թագաւորութեան յարաճուն գործով անկեղծ հետաքրքրուիլդ, մեր քրիստոնէական եղբայրութեան անդամներուն բազմաթիւ օգուտներ պիտի բերէ։

«Պատմեն թէ Տէրը Ուղիղ Է»

15. Տարեց Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘կը պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է’։

15 Աստուծոյ տարեց ծառաները ‘Տէրոջ ուղիղ ըլլալը պատմելու’ իրենց պատասխանատուութիւնը ուրախութեամբ կը կրեն։ Եթէ տարիքոտ Քրիստոնեայ մըն ես, խօսքերդ ու գործերդ կրնան ուրիշներուն ցոյց տալ թէ Եհովան ‘Վէմդ է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով’։ (Սաղմոս 92։15) Արմաւենին իր Ստեղծիչին գերադրական յատկութիւններուն մասին լռելեայն կը վկայէ։ Բայց Եհովա քեզի տուած է առանձնաշնորհում, որ իր մասին վկայես անոնց որ ճշմարիտ պաշտամունքը ընդունած են։ (Բ. Օրինաց 32։7. Սաղմոս 71։17, 18. Յովելեայ 1։2, 3) Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

16. Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ ‘Տէրոջ ուղիղ ըլլալը պատմելու’ կարեւորութիւնը։

16 Երբ Իսրայելացի առաջնորդը Յեսու «ծերացած ու տարիքը առած էր», ան «կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները», եւ անոնց յիշեցուց Աստուծոյ ուղիղ գործառնութիւնները։ Ան ըսաւ. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։ (Յեսուայ 23։1, 2, 14) Որոշ ատեն մը, այս խօսքերը ժողովուրդին հաւատարիմ մնալու վճռակամութիւնը զօրացուցին։ Սակայն Յեսուի մահէն ետք, «ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։ Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին»։—Դատաւորաց 2։8-11

17. Եհովա արդի ժամանակներուն իր ժողովուրդին հետ ի՞նչպէս վարուած է։

17 Այժմու քրիստոնէական ժողովքին ուղղամտութիւնը, Աստուծոյ տարեց ծառաներուն բերանացի վկայութենէն կախեալ չէ։ Այսուհանդերձ, Եհովայի ու իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կ’ամրապնդուի, երբ այս վերջին օրերուն իր ժողովուրդին ի նպաստ իր կատարած «մեծ գործերը» տեսնողներուն վկայութիւնը լսենք։ (Դատաւորաց 2։7. Բ. Պետրոս 1։16-19) Եթէ երկար տարիներէ ի վեր կ’ընկերակցիս Եհովայի կազմակերպութեան հետ, թերեւս մտաբերես այն ժամանակը, երբ շրջանիդ կամ երկրիդ մէջ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները սակաւաթիւ էին, կամ՝ քարոզչութեան դէմ դառն հակառակութիւն կար։ Ժամանակի ընթացքին, տեսար թէ Եհովա ի՛նչպէս կարգ մը խոչընդոտներ վերցուց եւ Թագաւորութեան աճումը ‘արագացուց’։ (Եսայեայ 54։17. 60։22, ՆԱ) Նկատեցիր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն յստակացումը եւ ականատես եղար Աստուծոյ կազմակերպութեան տեսանելի մասին աստիճանական բարելաւման։ (Առակաց 4։18. Եսայեայ 60։17) Կը ջանա՞ս ուրիշները կերտել, անոնց հետ բաժնելով Եհովայի ուղիղ գործառնութեանց վերաբերեալ փորձառութիւնդ։ Ասիկա ի՜նչ դրական ու զօրացուցիչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ քրիստոնէական եղբայրութեան վրայ։

18. (ա) Լուսաբանեցէք ‘Տէրոջ ուղիղ ըլլալը պատմելուն’ երկարատեւ ազդեցութիւնը։ (բ) Անձամբ ի՞նչպէս շօշափած էք Եհովայի ուղիղ ըլլալը։

18 Ի՞նչ ըսել այն առիթներուն մասին, երբ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնն ու առաջնորդութիւնը վայելեցիր անձնական կեանքիդ մէջ։ (Սաղմոս 37։25. Մատթէոս 6։33. Ա. Պետրոս 5։7) Մարթա անունով տարիքոտ քոյր մը յաճախ ուրիշները կը քաջալերէր՝ ըսելով. «Ի՛նչ որ ալ պատահի, Եհովան մի՛ լքեր։ Ան քեզի զօրավիգ պիտի կանգնի»։ Այս խրատը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Թոլմինայի վրայ, Մարթայի Աստուածաշունչի մէկ աշակերտը որ մկրտուեցաւ 1960–ական թուականներուն սկիզբը։ Թոլմինա կը մտաբերէ. «Երբ ամուսինս մահացաւ, շատ վհատեցայ, բայց այս խօսքը օգնեց որ վճռեմ մէկ ժողով իսկ չփախցնել։ Եւ իրապէս Եհովա զիս զօրացուց որ շարունակեմ»։ Տարիներու ընթացքին, Թոլմինա նոյն խրատը տուած է իր Աստուածաշունչի աշակերտներէն շատերուն։ Արդարեւ քաջալերութիւն մատուցանելով եւ Եհովայի ուղիղ գործառնութիւնները պատմելով, կրնաս հաւատակիցներուդ հաւատքը մեծապէս կերտել։

Եհովա Մեծապէս կ’Արժեւորէ Հաւատարիմ Տարեցները

19, 20. (ա) Եհովա իր տարեց ծառաներուն գործունէութիւնները ի՞նչպէս կը նկատէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

19 Ապերախտութեամբ յատկանշուած ներկայ աշխարհը, տարեցներով քիչ կը հետաքրքրուի։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2) Երբ անոնք յիշուին, յաճախ պատճառը կ’ըլլայ անոնց նախկին իրագործումները,– ինչ որ էին եւ ո՛չ թէ ինչ որ են։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Անշուշտ Եհովա Աստուած կը յիշէ անցեալի հաւատարիմ գործերդ։ Բայց ան քեզ կ’արժեւորէ նաեւ իր ծառայութեան մէջ հիմա ըրած բաներուդ համար։ Այո, ան հաւատարիմ տարեցները կը նկատէ արդիւնաբեր, հոգեւորապէս առողջ ու կայտառ Քրիստոնեաներ,– իր զօրութեան կենդանի վկայութիւն մը։—Փիլիպպեցիս 4։13

20 Մեր քրիստոնէական եղբայրութեան տարեց անդամներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը կը բաժնե՞ս։ Եթէ այո, պիտի մղուիս անոնց հանդէպ սէրդ ցոյց տալու։ (Ա. Յովհաննու 3։18) Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ անոնց կարիքները հոգալով սէր ցուցաբերելու կարգ մը գործնական կերպեր։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Արմաւի ողկոյզը կրնայ շուրջ հազար արմաւէ բաղկանալ եւ գրեթէ 8 քիլոկրամ կշռել։ Հեղինակ մը կ’ենթադրէ որ «իւրաքանչիւր պտղաբեր արմաւենի իր կեանքի տեւողութեան կրնայ երկու կամ երեք թոն արմաւ արտադրել»։

Ի՞նչ են ձեր պատասխանները

• Տարեցները ի՞նչպէս ‘պտուղ կ’արտադրեն’։

• Տարիքոտ Քրիստոնեաներուն հոգեւոր կենսունակութիւնը ինչո՞ւ արժէքաւոր օգնութիւն մըն է։

• Տարեցները ի՞նչպէս կրնան ‘Տէրոջ ուղիղ ըլլալը պատմել’։

• Եհովա ինչո՞ւ իր տարիքոտ ծառաները մեծապէս կ’արժեւորէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 11]

Անոնք ի՛նչպէս առողջ հաւատք պահած են

Ի՞նչ բան տարիքոտ Քրիստոնեաներուն օգնած է որ առողջ հաւատք պահեն ու իրենց հոգեւոր կորովը չկորսնցնեն։ Անոնցմէ ոմանք հետեւեալը ըսած են.

«Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան մասին խօսող համարները ընթերցելը շատ կարեւոր է։ Գրեթէ ամէն գիշեր, 23 եւ 91–րդ սաղմոսները անգիր կ’ըսեմ»։—Օլիվ, մկրտուած՝ 1930–ին։

«Որոշած եմ իւրաքանչիւր մկրտութեան դասախօսութեան ներկայ գտնուիլ եւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել, որպէս թէ անիկա ի՛մ մկրտութիւնս է։ Նուիրումս միտքիս մէջ թարմ պահելը կարեւոր քայլ մը եղած է որ հաւատարիմ մնամ»։—Հէրի, մկրտուած՝ 1946–ին։

«Ամէն օր աղօթելը կենսական է,– միշտ խնդրելով Եհովայի օգնութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը, ‘զայն ճանչնալով մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ’»։ (Առակաց 3։5, 6)—Անթոնիօ, մկրտուած՝ 1951–ին։

«Երկար տարիներ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայող անհատներուն փորձառութիւնները մտիկ ընելը, իրեն հաւատարիմ մնալու վճռակամութիւնս կը նորոգէ»։—Ճոան, մկրտուած՝ 1954–ին։

«Կարեւոր է մեր անձին վրայ շատ համարում չունենալ։ Ի՛նչ որ ունինք Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ է։ Այս հայեցակէտը ունենալը կ’օգնէ որ շարունակենք շիտակ ուղղութեամբ նայիլ ստանալու համար հարկ եղած հոգեւոր սնունդը, որպէսզի մինչեւ վերջ տոկանք»։—Արլին, մկրտուած՝ 1954–ին։

[Նկար՝ էջ 9]

Տարեցները Թագաւորութեան թանկարժէք պտուղ կ’արտադրեն

[Նկար՝ էջ 12]

Տարեցներուն հոգեւոր կենսունակութիւնը արժէքաւոր օգնութիւն մըն է