Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տարեցներուն հոգ տանիլը քրիստոնէական պատասխանատուութիւն է

Տարեցներուն հոգ տանիլը քրիստոնէական պատասխանատուութիւն է

Տարեցներուն հոգ տանիլը քրիստոնէական պատասխանատուութիւն է

«Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 46։4

1, 2. Մեր երկնաւոր Հօր հոգատարութիւնը ի՞նչպէս կը տարբերի մարդկային ծնողներուն հոգատարութենէն։

ԱՆՁՆԱՆՈՒԷՐ ծնողները իրենց զաւակները կը խնամեն մանկութենէն մինչեւ պատանեկութեան տարիները։ Նոյնիսկ երբ զաւակները չափահաս դառնան ու ընտանիք կազմեն, անոնց հայրն ու մայրը կը շարունակեն անոնց սիրալիր ուշադրութիւն ընծայել եւ թիկունք կանգնիլ։

2 Մարդիկ իրենց զաւակներուն համար ինչ որ կրնան ընել սահմանափակ է, բայց մեր երկնաւոր Հայրը միշտ կարող է իր հաւատարիմ ծառաներուն սիրալիր ուշադրութիւն ընծայել եւ թիկունք կանգնիլ։ Եհովա իր ընտրեալ ժողովուրդին ըսաւ. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ»։ (Եսայեայ 46։4) Այս խօսքը տարիքոտ Քրիստոնեաներուն համար որքա՜ն սրտապնդիչ է։ Եհովա իրեն հաւատարիմ մնացող անհատները չի՛ լքեր։ Ան կը խոստանայ անոնց հոգ տանիլ, զօրավիգ կանգնիլ եւ առաջնորդել իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան, նոյնիսկ խոր ծերութեան ատեն։—Սաղմոս 48։14

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Ի՞նչպէս կրնանք տարեցներուն հանդէպ Եհովայի սիրալիր հետաքրքրութիւնը ընդօրինակել։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Նկատի առնենք կերպեր, որոնցմով զաւակներ, ժողովքի տեսուչներ եւ այլ Քրիստոնեաներ կրնան մեր համաշխարհային եղբայրութեան տարեց անդամներուն կարիքները հոգալ։

Որպէս Զաւակներ Մեր Պատասխանատուութիւնը

4. Քրիստոնեայ զաւակները իրենց ծնողներուն հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

4 «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»։ (Եփեսացիս 6։2. Ելից 20։12) Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերուած այս պարզ բայց իմաստալից խօսքով, Պօղոս առաքեալ զաւակներուն յիշեցուց իրենց պատասխանատուութիւնը ծնողներուն հանդէպ։ Բայց այս խօսքը ի՞նչպէս կը կիրարկուի տարեցներուն հոգ տանելուն։ Նախաքրիստոնէական ժամանակներէն առնուած սրտաշէն օրինակ մը այս հարցումին կը պատասխանէ։

5. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յովսէփ իր որդիական պարտականութիւնները մոռցած չէր։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ մեր ծնողքը պատուել, եւ Յովսէփ այս ուղղութեամբ ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

5 Աւելի քան 20 տարի Յովսէփ հաղորդակցութիւն չունէր իր մեծատարիք հօր՝ Յակոբ նահապետին հետ։ Սակայն բացայայտ էր որ Յովսէփ Յակոբի հանդէպ իր որդիական սէրը չէր կորսնցուցած։ Իրականութեան մէջ, երբ իր եղբայրներուն իր իսկական ինքնութիւնը յայտնեց, Յովսէփ հարցուց. «Իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ (Ծննդոց 43։7, 27. 45։3) Այդ ժամանակ սովը կը տիրէր Քանանի երկրին մէջ։ Ուստի Յովսէփ իր հօր լուր ղրկեց, ըսելով. «Մի՛ ուշանար, ինծի իջիր եւ Գեսեմի երկրին մէջ բնակէ, որպէս զի իմ մօտ ըլլաս, . . . հոն քեզ պիտի սնուցանեմ»։ (Ծննդոց 45։9-11. 47։12) Այո, տարիքոտ ծնողները պատուելը կը պարփակէ զանոնք պաշտպանել ու անոնց նիւթապէս հոգ տանիլ, երբ ի վիճակի չեն իրենք զիրենք հոգալու։ (Ա. Թագաւորաց 22։1-4. Յովհաննու 19։25-27) Յովսէփ այս պատասխանատուութիւնը սիրով ընդունեց։

6. Յովսէփ իր հօր հանդէպ ի՞նչպէս իսկական սէր ապացուցանեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։

6 Եհովայի օրհնութեամբ, Յովսէփ Եգիպտոսի ամենահարուստ ու ամենէն հեղինակաւոր անհատներէն մէկը եղած էր։ (Ծննդոց 41։40) Բայց ան ինքզինք չափազանց կարեւոր կամ չափազանց զբաղած չնկատելով, իր 130 տարեկան հայրը պատուեց։ Երբ իմացաւ որ Յակոբ (կամ Իսրայէլ) կը մօտենար, «Յովսէփ իր կառքը պատրաստեց ու իր հայրը Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսեմ ելաւ եւ երբ անոր դէմը ելաւ, անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու երկար ատեն անոր պարանոցին վրայ լացաւ»։ (Ծննդոց 46։28, 29) Այս կերպով դիմաւորելը, յարգանք ցուցաբերելու ձեւակերպութիւն մը չէր։ Յովսէփ շատ կը սիրէր իր տարիքոտ հայրը եւ իր սէրը դրսեւորելէ չէր քաշուեր։ Եթէ տարեց ծնողներ ունինք, անոնց հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւններ ընելու մէջ նմանապէս առատաձե՞ռն ենք։

7. Յակոբ ինչո՞ւ փափաքեցաւ Քանանի մէջ թաղուիլ։

7 Եհովայի հանդէպ Յակոբի նուիրումը զօրաւոր մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը։ (Եբրայեցիս 11։21) Աստուծոյ խոստումներուն հաւատալով, Յակոբ խնդրեց որ Քանանի մէջ թաղուի։ Յովսէփ իր հայրը պատուեց այս խնդրանքը կատարելով, հակառակ պարփակուած մեծ ծախսին ու ջանքին։—Ծննդոց 47։29-31. 50։7-14

8. (ա) Տարիքոտ ծնողներուն հոգ տանելու մեր գլխաւոր շարժառիթը ի՞նչ է։ (բ) Լիաժամ ծառայ մը ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի իր տարիքոտ ծնողքին հոգ տանի։ (Տես շրջագիծը, էջ 15։)

8 Ի՞նչ բան մղեց Յովսէփը որ իր հօր հոգ տանի։ Թէեւ սէրը եւ իրեն կեանք տուողին ու զինք խնամողին պարտական ըլլալը ազդակներ էին, սակայն կասկած չկայ որ Յովսէփ նաեւ Եհովան հաճեցնելու խոր փափաք ունէր։ Մենք ալ այս փափաքը պէտք է ունենանք։ Պօղոս գրեց. «Եթէ այրի մը ունի զաւակներ կամ թոռներ, անոնք թող սորվին նախ իրենց տան մէջ բարեպաշտութիւն ցոյց տալ, ու փոխարէնը հատուցանել իրենց ծնողներուն. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4, ԱՎ) Արդարեւ Եհովայի հանդէպ սէրն ու յարգալից վախը մեզ պիտի մղեն որ տարիքոտ ծնողներուն հոգ տանինք, ի՛նչ որ ալ ըլլան պարփակուած դժուարութիւնները։ *

Երէցները Ի՛նչպէս կը Ցուցաբերեն Իրենց Հետաքրքրութիւնը

9. Եհովա ո՞վ նշանակած է հօտը հովուելու համար, ի ներառեալ տարիքոտ Քրիստոնեաները։

9 Իր երկար կեանքին վերջաւորութեան, Յակոբ Եհովայի ակնարկեց որպէս «այն Աստուածը, որ ծնած ատենէս մինչեւ հիմա զիս կերակրեց [«հովուեց», ՆԱ]»։ (Ծննդոց 48։15) Ներկայիս, Եհովա իր երկրային ծառաները կը հովուէ Քրիստոնեայ տեսուչներուն կամ երէցներուն միջոցով, իր Որդիին՝ «Հովուապետ» Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ։ (Ա. Պետրոս 5։2-4) Տեսուչները ի՞նչպէս կրնան Եհովան ընդօրինակել, մինչ հօտին տարեց անդամներուն հոգ կը տանին։

10. Նիւթական գետնի վրայ տարիքոտ Քրիստոնեաներուն օգնելու համար ի՞նչ կատարուած է։ (Տես շրջագիծը, էջ 17։)

10 Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն քիչ ետք, առաքեալները նշանակեցին «եօթը հոգի . . . Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն», որպէսզի վերահսկեն Քրիստոնեայ կարօտեալ որբեւայրիներուն ‘ամէն օրուան ուտելիքի մատակարարութեան’ վրայ։ (Գործք 6։1-6) Հետագային, Պօղոս տեսուչ Տիմոթէոսի հրահանգեց որ օրինակելի տարեց որբեւայրիները արժանի սեպէր նիւթական օգնութիւն ստանալու։ (Ա. Տիմոթէոս 5։3, 9, 10) Նմանապէս ներկայիս ժողովքի տեսուչները տարիքոտ Քրիստոնեաներուն համար սիրայօժար կերպով գործնական աջակցութեան կարգադրութիւններ կ’ընեն, երբոր հարկ կայ։ Սակայն հաւատարիմ տարեցներուն հոգ տանիլը աւելին կը պարփակէ։

11. Յիսուս փոքր նուիրատուութիւն ընող չքաւոր այրիին մասին ի՞նչ ըսաւ։

11 Իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս տաճարին մէջ նստելով «կը նայէր թէ բազմութիւնը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս դրամ կը ձգէ»։ Անհատ մը իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ»։ Յիսուս իր աշակերտները կանչելով իրեն՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ այս աղքատ այրին՝ գանձանակը դրամ ձգողներուն բոլորէն աւելի ձգեց. որովհետեւ բոլորը իրենց առատութենէն ձգեցին, բայց ան՝ իր կարօտութենէն՝ ձգեց իր ամբողջ ունեցածը, իր ամբողջ ապրուստը»։ (Մարկոս 12։41-44, ԱՎ) Թէեւ այրիին նուիրատուութիւնը դրամական չնչին արժէք ունէր, բայց Յիսուս գիտէր որ իր երկնաւոր Հայրը մեծապէս կ’արժեւորէ այսպիսի անձնուիրութիւն։ Աղքատ այրիին տարիքը ի՛նչ որ ալ էր, Յիսուս անոր ըրածը չանտեսեց։

12. Երէցները ի՞նչպէս կրնան իրենց գնահատութիւնը ցոյց տալ տարիքոտ Քրիստոնեաներու ըրածներուն հանդէպ։

12 Յիսուսի նման, Քրիստոնեայ տեսուչները չեն անտեսեր ինչ որ տարեցները կ’ընեն ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար։ Երէցները պատճառ ունին տարիքոտները գովելու՝ ծառայութեան ու ժողովներուն իրենց մասնակցութեան, ժողովքին մէջ իրենց դրական ազդեցութեան, եւ իրենց համբերութեան համար։ Անկեղծօրէն ըսուած քաջալերական խօսքը կրնայ տարեցներուն օգնել որ իրենց սրբազան ծառայութեան վրայ ‘պարծենան’, եւ խուսափին վհատեցուցիչ բաղդատութիւններ ընելէ ուրիշ Քրիստոնեաներու ըրածներուն կամ իրենց անցեալի իրագործումներուն հետ։—Գաղատացիս 6։4

13. Երէցները ի՞նչ կերպերով կրնան տարեցներուն տաղանդներէն ու փորձառութենէն օգտուիլ։

13 Երէցները կ’անդրադառնան տարեց Քրիստոնեաներուն բերած թանկարժէք նպաստին, անոնց փորձառութենէն ու տաղանդներէն օգտուելով։ Օրինակելի տարեցներ երբեմն կարելի է գործածել ցուցադրութիւններու կամ հարցազրոյցներու մէջ։ Երէց մը կ’ըսէ. «Ներկաները ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն, երբ ճշմարտութեան մէջ զաւակներ մեծցուցած տարեց եղբօր կամ քրոջ մը հետ հարցազրոյց վարեմ»։ Ուրիշ ժողովքի մը երէցները կը տեղեկագրեն թէ 71 տարեկան ռահվիրայ քոյր մը Թագաւորութեան հրատարակիչներու օգնած է որ դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլան։ Ան նաեւ կը քաջալերէ զանոնք որ «հիմնական բաներ»ը ընեն, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը եւ օրուան համարը կարդալ ապա խոկալ։

14. Երէցներու մարմին մը ի՞նչպէս տարեց տեսուչի մը հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերեց։

14 Երէցները նաեւ կ’արժեւորեն տարեց տեսուչներուն բերած նպաստը։ Հոսէ, որ 70–ական տարիքի մէջ է եւ տասնամեակներէ ի վեր իբր երէց ծառայած է, վերջերս մեծ վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ։ Որովհետեւ երկա՛ր ժամանակ ապաքինման կարիք պիտի ունենար, ան մտածեց հրաժարիլ իր առանձնաշնորհումէն որպէս վերակացու տեսուչ։ «Միւս երէցներուն հակազդեցութիւնը զիս անակնկալի բերաւ», կ’ըսէ Հոսէ։ «Փոխանակ առաջարկս ընդունելու, անոնք հարցուցին թէ ի՛նչ գործնական օգնութեան պէտք ունիմ, որպէսզի շարունակեմ պատասխանատուութիւններուս հոգ տանիլ»։ Երիտասարդ երէցի մը աջակցութեամբ, Հոսէ ուրախութեամբ շարունակեց ծառայել որպէս վերակացու տեսուչ, եւ ասիկա ժողովքին համար օրհնութիւն մը եղաւ։ Երէց մը կ’ըսէ. «Եղբայրները մեծապէս կը գնահատեն Հոսէի գործունէութիւնը որպէս երէց։ Անոնք զինք կը սիրեն ու կը յարգեն իր փորձառութեան ու հաւատքի օրինակին համար։ Ան մեր ժողովքը կը ճոխացնէ»։

Իրարու Հոգ Տանինք

15. Բոլոր Քրիստոնեաները ինչո՞ւ իրենց մէջ գտնուող տարեցներուն բարօրութեամբ պէտք է հետաքրքրուին։

15 Միայն տարիքոտ ծնողներ ունեցող զաւակները եւ նշանակուած ծառաները չեն որ տարեցներով պէտք է հետաքրքրուին։ Քրիստոնէական ժողովքը մարդկային մարմնին հետ համեմատելով, Պօղոս գրեց. «Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ, որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։24, 25) Այլ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «[Մարմնի] անդամները իրարու հանդէպ նոյն հոգածութիւնը ունենան»։ (Անթիլիաս) Որպէսզի քրիստոնէական ժողովքը համերաշխօրէն գործէ, իւրաքանչիւր անդամ պէտք է հետաքրքրուի իր հաւատակիցներուն բարօրութեամբ, մէջը ըլլալով տարեցները։—Գաղատացիս 6։2

16. Քրիստոնէական ժողովներուն ի՞նչպէս կրնանք տարեցներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։

16 Քրիստոնէական ժողովները տարեցներուն հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերելու ընտիր պատեհութիւն կը ներկայացնեն։ (Փիլիպպեցիս 2։4. Եբրայեցիս 10։24, 25) Այս առիթներուն տարեցներուն հետ խօսակցելու համար ժամանակ կը յատկացնե՞նք։ Թէեւ անոնց որպիսութիւնը հարցնելը կրնայ պատշաճ ըլլալ, սակայն կրնա՞նք անոնց ‘հոգեւոր շնորհք մը հաղորդել’, թերեւս պատմելով շինիչ փորձառութիւն մը կամ սուրբ գրային կէտ մը։ Տարեցներէն ոմանց ֆիզիքական սահմանափակումներուն ի տես, մեր կողմէ ազնուութիւն է նախաքայլը առնել ու անոնց քով երթալ։ Եթէ տարեցը լսելու դժուարութիւն ունի, լաւ կ’ըլլայ որ կամաց ու յստակ խօսինք։ Իսկ իսկական «փոխադարձ քաջալերութիւն» ըլլալու համար, տարեցին ըսածները ուշի–ուշով պէտք է մտիկ ընենք։—Հռովմայեցիս 1։11, 12, ՆԱ

17. Ի՞նչպէս կրնանք տան մէջ արգելափակուած տարեց Քրիստոնեաներուն հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը ցոյց տալ։

17 Ի՞նչ ընենք եթէ կարգ մը տարեցներ չեն կրնար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Յակոբու 1։27–ն ցոյց կու տայ թէ մեր պարտականութիւնն է «որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը»։ Իսկ տարեցները որքա՜ն կը գնահատեն մեր այցելութիւնները։ Հռովմի մէջ շուրջ Հ.Դ. 65–ին, «ծերացած» Պօղոս բանտարկուած ու առանձին էր։ Ան տենչաց իր գործակիցը՝ Տիմոթէոսը տեսնել, ուստի գրեց. «Ջանա՛ շուտով ինծի գալ»։ (Փիլիմոն 9. Բ. Տիմոթէոս 1։3, 4. 4։9) Թէեւ բառացի բանտարկեալներ չեն, սակայն տարեցներէն ոմանք տան մէջ արգելափակուած են առողջապահական խնդիրներու պատճառով։ Իրականութեան մէջ, անոնք կ’ըսեն. ‘Հաճեցէք ջանալ շուտով մեզի այցելել’։ Այս խնդրանքին կ’ընդառաջե՞նք։

18. Տարեցներուն այցելելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

18 Երբեք մի՛ թերագնահատէք տարեց հոգեւոր եղբօր կամ քրոջ մը այցելելու օգտաշատ ազդեցութիւնները։ Երբ Ոնեսիփորոս անունով Քրիստոնեայ մը Հռովմի մէջ էր, ան փութաջանութեամբ փնտռեց Պօղոսը, գտաւ զինք, ապա ‘շատ անգամ զինք հանգստացուց’։ (Բ. Տիմոթէոս 1։16, 17) «Ինծմէ պզտիկ եղողներուն հետ ժամանակ անցընելը շատ կը սիրեմ», կ’ըսէ տարիքոտ քոյր մը։ «Ամենէն սիրած բանս այն է, որ անոնք ինծի հետ կը վարուին որպէս թէ իրենց ընտանիքին մէկ անդամն եմ։ Ասիկա զիս շա՜տ կը քաջալերէ»։ Ուրիշ տարեց քոյր մը կ’ըսէ. «Իրապէս կը գնահատեմ, երբ մէկը ինծի բացիկ մը ղրկէ, մի քանի վայրկեան հեռաձայնով հետս խօսի, կամ ինծի կարճ այցելութիւն մը տայ։ Ասիկա զիս կը թարմացնէ»։

Եհովա կը Վարձատրէ Հոգածու Անհատները

19. Տարեցներուն հոգ տանիլը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

19 Տարեցներուն հոգ տանիլը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Տարիքոտներուն հետ ընկերակցիլը եւ անոնց գիտութենէն ու փորձառութենէն օգտուիլը ինքնին առանձնաշնորհում մըն է։ Հոգատարները կը վայելեն տալէն յառաջ եկող աւելի մեծ ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց սուրբ գրային պատասխանատուութիւնը կատարելէն յառաջ եկող ներքին խաղաղութիւնը եւ իրագործման զգացումը։ (Գործք 20։35) Ասկէ զատ, տարեցներուն հոգ տանողները պէտք չունին վախնալու որ իրենց ծերութեան ատեն պիտի լքուին։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի»։—Առակաց 11։25

20, 21. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ տարեցներուն հոգ տանողները, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

20 Եհովա կը վարձատրէ աստուածավախ զաւակները, տեսուչները եւ այլ հոգածու Քրիստոնեաները, քանի որ տարեց հաւատակիցներուն կարիքները անձնուրացաբար կը հոգան։ Այս կեցուածքը ներդաշնակ է սա առակին հետ. «Չքաւորին ողորմողը՝ Տէրոջ փոխ կու տայ, եւ ի՛նք անոր պիտի հատուցանէ»։ (Առակաց 19։17, ԱՎ) Եթէ սէրէ մղուած՝ չքաւորներուն ու աղքատներուն ողորմինք, Աստուած այս տալը կը նկատէ փոխատուութիւն եւ մեզի կը հատուցանէ օրհնութիւններով։ Ան նաեւ մեզի կը հատուցանէ մեր տարեց հաւատակիցներուն հանդէպ մեր ցուցաբերած սիրալիր հոգատարութեան համար, որոնցմէ շատեր ‘աշխարհի աչքին աղքատներ են, բայց հաւատքով՝ հարուստ’։—Յակոբու 2։5

21 Աստուծոյ հատուցումը ի՜նչ ճոխ է։ Անիկա կը պարփակէ յաւիտենական կեանք։ Եհովայի ծառաներուն մեծամասնութիւնը պիտի վայելէ անվերջ կեանք դրախտային երկրի մէջ, ուր ժառանգուած մեղքին ազդեցութիւնները պիտի ոչնչացուին եւ հաւատարիմ տարեցները իրենց երիտասարդական կորովը պիտի վերագտնեն։ (Յայտնութիւն 21։3-5) Մինչ այդ օրհնեալ ժամանակին կը սպասենք, շարունակե՛նք տարեցներուն հոգ տանելու մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնը կատարել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Տարիքոտ ծնողներուն ի՛նչպէս հոգ տանելու մասին գործնական թելադրութիւններ գտնելու համար, տես՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը, գլուխ 15, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչ են ձեր պատասխանները

• Զաւակները ի՞նչպէս կրնան տարիքոտ ծնողները պատուել։

• Երէցները ի՞նչպէս գնահատութիւն կը ցուցաբերեն հօտին տարեց անդամներուն հանդէպ։

• Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՞նչ կրնայ ընել տարեցներուն հանդէպ իր անկեղծ հետաքրքրութիւնը ցոյց տալու համար։

• Տարիքոտ Քրիստոնեաներուն հոգ տանիլը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 15]

Երբ իր ծնողքը օգնութեան կարիք ունեցան

1999–ին, Լիպերիայի մէջ Ֆիլիփ կը ծառայէր որպէս կամաւոր շինարար, երբ լուր ստացաւ որ իր հայրը ծանր հիւանդ է։ Համոզուած ըլլալով թէ իր մայրը առանձին պիտի չկարենար գլուխ ելլել այս պարագային հետ, ան որոշեց տուն վերադառնալ, իր հօր բժշկական կարիքները հոգալու համար։

«Տուն վերադառնալը դիւրին չէր», կը մտաբերէ Ֆիլիփ, «բայց զգացի թէ գլխաւոր պարտաւորութիւնս ծնողքիս հանդէպ էր»։ Յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին, ան իր ծնողքը աւելի յարմար տուն մը փոխադրեց, եւ հաւատակից Քրիստոնեաներու օգնութեամբ տունը իր հօր մասնայատուկ կարիքներուն յարմարցուց։

Այժմ Ֆիլիփի մայրը ի վիճակի է իր ամուսինին լուրջ առողջապահական խնդիրներուն հոգ տանելու։ Վերջերս Ֆիլիփ ընդունեց Մակեդոնիայի մէջ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ որպէս կամաւոր աշխատելու հրաւէրը։

[Շրջանակ՝ էջ 17]

Անոնք իր կարիքները չեն անտեսած

Աւստրալիայի մէջ, 85 տարեկան Ատա անունով Քրիստոնեայ քոյր մը, երբ վատառողջութեան պատճառով տունէն դուրս ելլելու անկարող դարձաւ, ժողովքին երէցները կազմակերպեցին խումբ մը հաւատակիցներ որ անոր օգնեն։ Այս եղբայրներն ու քոյրերը ուրախութեամբ կատարեցին հետեւեալին նման պարտականութիւններ՝ մաքրութիւն, լուացք, ճաշ եփել եւ գնում ընել։

Այս օգնութեան կարգադրութեան վրայ շուրջ տասը տարի անցաւ։ Մինչեւ օրս, աւելի քան 30 Եհովայի Վկաներ Ատայի հոգ տանելու մէջ իրենց բաժինը բերած են։ Անոնք կը շարունակեն իրեն այցելել, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններէն իրեն ընթերցել, ժողովքի անդամներուն հոգեւոր յառաջդիմութեան մասին զինք տեղեակ պահել եւ կանոնաւորաբար իրեն հետ աղօթել։

Քրիստոնեայ երէց մը ըսաւ. «Ատայի հոգ տանողները առանձնաշնորհում կը նկատեն անոր օգնելը։ Ատայի տասնամեակներ տեւող հաւատարիմ ծառայութիւնը շատերը ներշնչած է, եւ անոնք չեն կրնար երեւակայել թէ անոր կարիքները կ’անտեսեն»։

[Նկար՝ էջ 14]

Տարիքոտ ծնողներուն հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւններ ընելու մէջ առատաձե՞ռն ենք

[Նկարներ՝ էջ 16]

Ժողովքին բոլոր անդամները կրնան տարեց հաւատակիցներուն հանդէպ իրենց սէրը ցուցաբերել