Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթքներդ կրնա՞ն կացութեան մը փոխուելուն նպաստել

Աղօթքներդ կրնա՞ն կացութեան մը փոխուելուն նպաստել

Աղօթքներդ կրնա՞ն կացութեան մը փոխուելուն նպաստել

ՄԵԶՄԷ ո՞վ չէ դիմագրաւած լուրջ կացութիւն մը, որ չէ կրցած հակակշռի տակ առնել։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Պօղոս առաքեալ գիտէր որ աղօթքը կրնայ այսպիսի տագնապի արդիւնքը փոփոխութեան ենթարկել։

Երբ Պօղոս Հռովմի մէջ անարդարօրէն բանտարկուած էր, իր հաւատակիցներէն խնդրեց որ իրեն համար աղօթեն, եւ աւելցուց. «Մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ»։ (Եբրայեցիս 13։18, 19) Ուրիշ առիթով, Պօղոս վստահութիւն յայտնեց թէ Աստուած պիտի պատասխանէր իր բանտէն կանուխ արձակուելու վերաբերեալ մատուցուած աղօթքներուն։ (Փիլիմոն 22) Շատ չանցած Պօղոս ազատ արձակուեցաւ եւ իր միսիոնարական գործը վերստին ստանձնեց։

Բայց աղօթքը իրապէս կրնա՞յ քու խնդիրներուդ արդիւնքը փոխել։ Հաւանաբար կրնայ։ Սակայն մի՛ մոռնար որ աղօթքը լոկ կրօնական ծէս մը չէ։ Անիկա մեր սիրալիր ու հզօր երկնաւոր Հօր հետ իսկական հաղորդակցութիւն է։ Մեր աղօթքները շատ մասնայատուկ պէտք է ըլլան, ապա համբերութեամբ սպասենք Եհովայի պատասխանին։

Աստուած թերեւս ուղղակիօրէն չպատասխանէ իւրաքանչիւր աղօթքի, ո՛չ ալ՝ միշտ մեր ակնկալած կերպով կամ ժամանակին։ Օրինակ, Պօղոս կրկին անգամ աղօթեց իր «մարմնի խայթոց»ին մասին։ Աստուած Պօղոսի խնդիրը չլուծեց, ի՛նչ որ ալ ըլլար անիկա, բայց զինք մխիթարեց սա ամրապնդիչ խօսքերով. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։—Բ. Կորնթացիս 12։7-9

Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ թէ նոյնիսկ եթէ Աստուած որոշ խնդիր մը չվերցնէ, ան կրնայ ‘ելք մը տալ, որպէսզի կարենանք կրել’։ (Ա. Կորնթացիս 10։13, ԱՎ) Մօտ ատենէն Աստուած մարդկութեան բոլոր տառապանքներուն վերջ պիտի դնէ։ Մինչ այդ, «աղօթքի լսող»ին դիմելը կրնայ կացութեան մը փոխուելուն նպաստել։—Սաղմոս 65։2