Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ապրող Աստուծոյ ուղղութիւնը ընդունիր

Ապրող Աստուծոյ ուղղութիւնը ընդունիր

Ապրող Աստուծոյ ուղղութիւնը ընդունիր

«Կենդանի Աստուծոյ [դարձէք], որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները»։—ԳՈՐԾՔ 14։14

1, 2. Ինչո՞ւ տեղին է որ Եհովան ընդունինք որպէս «ապրող Աստուած»։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ ու Բառնաբաս Լիւստրայի մէջ մարդ մը բուժելէ ետք, Պօղոս հաւաստիացուց դիտողները. «Մե՛նք ալ մարդիկ ենք՝ կիրքերու ենթակայ ձեզի նման, ու կ’աւետարանենք ձեզի՝ որպէսզի այդ ունայն բաներէն դառնաք ապրող Աստուծոյ, որ ստեղծեց երկինքը, երկիրը, ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները»։—Գործք 14։14, ԱՎ

2 Որքա՜ն ճշմարիտ է որ Եհովա անկենդան կուռք մը չէ, այլ՝ «ապրող Աստուած»ն է։ (Երեմեայ 10։10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9, 10) Ողջ ըլլալէ զատ, Եհովա մեր կեանքի Սկզբնաղբիւրն է։ «Ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։ (Գործք 17։25) Ան կ’ուզէ որ ներկայ ու ապագայ կեանքը վայելենք։ Պօղոս աւելցուց թէ Աստուած «ինքզինք չթողուց առանց վկայութեան, բարիք ընելով, անձրեւ տալով մեզի երկինքէն, նաեւ պտղաբեր եղանակներ, ու մեր սիրտերը լեցնելով կերակուրներով եւ ուրախութեամբ»։—Գործք 14։16, ԱՎ

3. Ինչո՞ւ կրնանք Աստուծոյ հայթայթած ուղղութեան վստահիլ։

3 Մեր կեանքին հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը կը մղէ մեզ որ իր ուղղութեան վստահինք։ (Սաղմոս 147։8. Մատթէոս 5։45) Ոմանք տարբեր կերպով կը հակազդեն, եթէ Աստուածաշունչին մէջ գտնեն ցուցմունք մը որ չեն հասկնար կամ կաշկանդիչ կը թուի։ Սակայն Եհովայի ուղղութեան վստահիլը իմաստուն ընթացքն է։ Լուսաբանենք. Իսրայելացի մը նոյնիսկ եթէ չհասկնար դիակի մը չդպչելու օրէնքը, անոր հնազանդելով կ’օգտուէր։ Նախ, իր հնազանդութիւնը զինք ապրող Աստուծոյ պիտի մօտեցնէր. երկրորդ, իրեն պիտի օգնէր հիւանդութիւններէ խուսափելու։—Ղեւտացւոց 5։2. 11։24

4, 5. (ա) Քրիստոնէական դարաշրջանէն առաջ, Եհովա արիւնին վերաբերեալ ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ։ (բ) Ի՞նչպէս գիտենք թէ արիւնին վերաբերեալ Աստուծոյ ուղղութիւնը նաեւ Քրիստոնեաներուն համար է։

4 Նոյնն է պարագան արիւնին վերաբերեալ Աստուծոյ տուած ուղղութեան։ Ան Նոյի ըսաւ որ մարդիկ արիւն պէտք չէր ուտէին։ Ապա Օրէնքին մէջ, Աստուած յայտնեց թէ արիւնին միակ ընդունելի գործածութիւնը զոհասեղանին վրայ էր՝ մեղքի թողութեան համար։ Այս ցուցմունքներով, Աստուած արիւնին գերագոյն գործածութեան հիմը կը դնէր,– Յիսուսի փրկանքին միջոցով կեանք փրկել։ (Եբրայեցիս 9։14) Այո, Աստուծոյ ուղղութիւնը հաշուի կ’առնէր մեր կեանքն ու բարօրութիւնը։ ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի ուսումնական Էտէմ Քլարք, Ծննդոց 9։4–ը քննարկելով՝ գրեց. «Արեւելեան Քրիստոնեաները տակաւին բծախնդրաբար կը հնազանդին [Նոյի տրուած] այս պատուէրին . . . Օրէնքին ներքեւ արիւն ուտելը արգիլուած էր, քանի որ Օրէնքը մատնանշեց այն արիւնը որ աշխարհի մեղքին համար պիտի թափուէր. իսկ Աւետարանին ներքեւ զայն ուտելը արգիլուեցաւ, քանի որ միշտ պիտի ներկայացնէ այն արիւնը որ մեղքերու թողութեան համար թափուեցաւ»։

5 Այս ուսումնականը հաւանաբար կ’ակնարկէր բուն աւետարանին կամ բարի լուրին, որուն առանցքը կը կազմէ Յիսուս։ Անիկա կը պարփակէ այն իրողութիւնը թէ Աստուած իր Որդին ղրկեց՝ մեզի համար մեռնելու, իր արիւնը թափելու որ յաւիտենական կեանք ունենանք։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 5։8, 9) Մեկնաբանութիւնը նաեւ պարփակեց հետագայ պատուէրը թէ Քրիստոսի հետեւորդները արիւնէն ետ կենան։

6. Արիւնին վերաբերեալ ի՞նչ ցուցմունքներ տրուեցան Քրիստոնեաներուն, եւ ինչո՛ւ։

6 Գիտես որ Աստուած հարիւրաւոր կանոններ Իսրայելացիներուն տուաւ։ Յիսուսի մահէն ետք, իր աշակերտները այդ բոլոր օրէնքները պահելու պարտաւորուած չէին։ (Հռովմայեցիս 7։4, 6. Կողոսացիս 2։13, 14, 17. Եբրայեցիս 8։6, 13) Սակայն ժամանակ մը ետք, գլխաւոր պարտաւորութեան մը՝ արուներու թլփատութեան շուրջ հարց ծագեցաւ։ Քրիստոսի արիւնէն օգտուիլ փափաքող ոչ–Հրեաները պէ՞տք էր թլփատուէին, ցոյց տալով թէ տակաւին Օրէնքին ներքեւ են։ Հ.Դ. 49–ին, քրիստոնէական կառավարիչ մարմինը այս հարցը ձեռք առաւ։ (Գործք Առաքելոց, գլուխ 15) Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, առաքեալներն ու երէցները եզրակացուցին թէ ստիպողական թլփատութիւնը Օրէնքին հետ մէկտեղ վերջ գտած էր։ Այսուհանդերձ կարգ մը աստուածային պահանջներ տակաւին ի զօրու էին Քրիստոնեաներուն համար։ Ժողովքներուն յղուած նամակի մը մէջ, կառավարիչ մարմինը գրեց. «Յարմար թուեցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ՝ աւելի ծանրութիւն չդնել ձեր վրայ, սա՛ հարկաւոր բաներէն զատ.– ետ կենալ կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ։ Գոհ կ’ըլլաք եթէ հեռու մնաք ատոնցմէ»։—Գործք 15։28, 29, ԱՎ

7. Քրիստոնեաներուն համար որքա՞ն կարեւոր է որ ‘արիւնէ ետ կենան’։

7 Բացորոշ է թէ կառավարիչ մարմինը նկատեց ‘արիւնէ ետ կենալը’ նոյնքան բարոյապէս կենսական, որքան սեռային անբարոյութենէ կամ կռապաշտութենէ ետ կենալը։ Ասիկա կ’ապացուցանէ թէ արիւնին վերաբերեալ արգելումը լուրջ բան մըն է։ Անզեղջօրէն կռապաշտութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն գործող Քրիստոնեաները չեն կրնար ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգել’. ‘անոնց բաժինը պիտի ըլլայ երկրորդ մահը’։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8. 22։15) Նկատէ հակադրութիւնը. կենսարիւնին սրբութեան վերաբերեալ Աստուծոյ ուղղութիւնը արհամարհելը կրնայ յաւիտենական մահ նշանակել։ Իսկ Յիսուսի զոհագործութիւնը յարգելը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ նախկին Քրիստոնեաները արիւնին վերաբերեալ Աստուծոյ ուղղութիւնը լուրջի առին։

8 Նախկին Քրիստոնեաները արիւնին վերաբերեալ Աստուծոյ ուղղութիւնը ի՞նչպէս հասկցան եւ անոր հետեւեցան։ Մտաբերէ Քլարքի մեկնաբանութիւնը. «Աւետարանին ներքեւ զայն ուտելը արգիլուեցաւ, քանի որ միշտ պիտի ներկայացնէ այն արիւնը որ մեղքերու թողութեան համար թափուեցաւ»։ Պատմութիւնը կը հաստատէ թէ նախկին Քրիստոնեաները այս հարցը լուրջի առին։ Տերտուղիանոս գրեց. «Նկատի առէք անոնք որ կրկէսի մէջ ելոյթի մը ընթացքին, անյագ ծարաւով ամբարիշտ ոճրագործներու հոսող արիւնը կ’առնեն . . . եւ զայն կը տանին իրենց լուսնոտութիւնը բուժելու համար»։ Մինչ հեթանոսները արիւն կ’ուտէին, Տերտուղիանոս ըսաւ թէ Քրիստոնեաները «նոյնիսկ անասուններու արիւնը [իրենց] ճաշերուն մէջ չէին դներ . . . Քրիստոնեաներու դատավարութեան ընթացքին, արիւնով լեցուն երշիկներ կը հրամցնէք անոնց։ Անշուշտ համոզուած էք որ [անիկա] օրինաւոր չէ իրենց համար»։ Այո, հակառակ մահուան սպառնալիքներուն, Քրիստոնեաները արիւն չէին ուտեր։ Աստուծոյ ուղղութիւնը իրենց համար չափազանց կարեւոր էր։

9. Արիւնէ ետ կենալը ի՞նչ ընդգրկեց, արիւնը ինքնին չուտելէ զատ։

9 Ոմանք կրնան խորհիլ որ կառավարիչ մարմինը պարզապէս ըսել ուզեց որ Քրիստոնեաները պէտք չէր ուտէին կամ խմէին արիւնը ինքնին, եւ ո՛չ ալ ուտէին արիւնը–չթափուած միս կամ արիւնով խառնուած ճաշ։ Ճիշդ է որ Նոյի տրուած Աստուծոյ պատուէրին առաջին նշանակութիւնը այդ էր, եւ առաքելական վճիռը Քրիստոնեաներուն ըսաւ որ ‘զգուշանան խեղդուածէ’, արիւնը–չթափուած միսէ։ (Ծննդոց 9։3, 4. Գործք 21։25) Սակայն նախկին Քրիստոնեաները գիտէին թէ աւելին պարփակուած էր։ Երբեմն արիւնը կը խմուէր բժշկական պատճառներով։ Տերտուղիանոս նշեց թէ կարգ մը հեթանոսներ իրենց լուսնոտութիւնը բուժելու նպատակով, թարմ արիւն կը խմէին։ Հաւանաբար արիւնը տարբեր գործածութիւններ ալ ունէր, հիւանդութիւններ դարմանելու կամ ենթադրաբար՝ առողջութիւնը բարւոքելու համար։ Ուստի Քրիստոնեաներուն համար, արիւնէն ետ կենալը ընդգրկեց զայն չգործածել ‘բժշկական’ պատճառներով։ Անոնք այս կեցուածքը պահպանեցին, նոյնիսկ եթէ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկէր։

Արիւնը Իբր Դարման

10. Բժշկութիւնը ի՞նչ կարգ մը կերպերով արիւնը կը գործածէ, եւ ի՞նչ հարցում կը յարուցուի։

10 Արիւնին բժշկական գործածութիւնը ներկայիս սովորական դարձած է։ Անցեալին ամբողջ արիւնը կը ներարկուէր. անիկա նուիրատուէն կ’առնուէր, կը պահուէր, ապա կը տրուէր հիւանդի մը՝ թերեւս պատերազմի մէջ վիրաւորուած։ Ժամանակի ընթացքին, հետազօտողները սորվեցան արիւնին գլխաւոր բաղկացուցիչները իրարմէ անջատել։ Բաղկացուցիչներու ներարկումը գործածելով, բժիշկները կրցան նուիրուած արիւնը յաւելեալ հիւանդներու տալ, թերեւս վիրաւորի մը՝ ջրարիւն, իսկ ուրիշի մը՝ կարմիր գնդիկներ։ Հետազօտութիւնները շարունակուելով ի յայտ եկաւ թէ բաղկացուցիչէ մը, ինչպէս ջրարիւնէ, կարելի է կոտորակներ հանել, որոնք կրնան բազմաթիւ հիւանդներու տրուիլ։ Այս առնչութեամբ տակաւին ջանքեր կը թափուին, եւ կոտորակներուն վերաբերեալ նոր գործածութիւններ կը տեղեկագրուին։ Քրիստոնեան ի՞նչպէս պէտք է հակազդէ։ Ան հաստատօրէն վճռած է արեան ներարկումը մերժել, բայց իր բժիշկը զինք կը յորդորէ որ արիւնի գլխաւոր բաղկացուցիչ մը ընդունի, թերեւս՝ մթերուած կարմիր գնդիկներ։ Կամ՝ դարմանումին մաս կը կազմէ բաղկացուցիչէ մը հանուած փոքր կոտորակ մը գործածել։ Աստուծոյ ծառան ի՞նչպէս կրնայ այսպիսի հարցերու նկատմամբ որոշումներ կայացնել, ի մտի ունենալով որ արիւնը սուրբ է եւ թէ Քրիստոսի արիւնը արդարեւ փրկարար է։

11. Վկաները երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրած են արիւնին բաղադրութեան առնչութեամբ ո՞ր կեցուածքը, որ բժշկական գետնի վրայ ճշգրիտ է։

11 Տասնամեակներ առաջ, Եհովայի Վկաները իրենց կեցուածքը բացայայտ դարձուցին։ Օրինակ, անոնք յօդուած մը հայթայթեցին The Journal of the American Medical Association–ի (27 Նոյեմբեր 1981. վերատպուեցաւ՝ Արիւնը Ի՞նչպէս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը գրքոյկին մէջ, էջ 27-29)։ * Այդ յօդուածը կը բովանդակէր մէջբերումներ՝ Ծննդոց, Ղեւտացւոց եւ Գործք Առաքելոց գիրքերէն։ Անիկա ըսաւ. «Թէեւ այս համարները բժշկական արտայայտութիւններով չեն ըսուած, սակայն Վկաները կ’ըմբռնեն որ անոնք կ’արգիլեն ամբողջ արիւն, մթերուած կարմիր գնդիկներ, ջրարիւն, ճերմակ գնդիկներ ու թիթեղիկներ ներարկելը»։ Emergency Care 2001–ի դասագիրքը, «Արիւնին Բաղադրութիւնը» վերնագրին ներքեւ, նշեց. «Արիւնը կը բաղկանայ մի քանի բաղկացուցիչներէ՝ ջրարիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ եւ թիթեղիկներ»։ Ուստի բժշկական իրողութիւններուն հետ ներդաշնակ, Վկաները կը մերժեն ամբողջ արիւնի եւ անոր չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն որեւէ մէկու ներարկումը։

12. (ա) Արիւնին գլխաւոր բաղկացուցիչներէն հանուած կոտորակներու առնչութեամբ ի՞նչ կեցուածք ներկայացուած է։ (բ) Ասոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ո՞ւր կարելի է գտնել։

12 Այդ բժշկական յօդուածը շարունակեց. «Վկաներուն կրօնական հասկացողութիւնը բացարձակապէս չ’արգիլեր [կոտորակներու] գործածութիւնը, ինչպէս՝ բնասպիտ, ախտարգել կլոպուլիններ եւ հեմոֆիլիայի դեղեր. իւրաքանչիւր Վկայ անհատապէս կ’որոշէ ասոնք ընդունիլ կամ ոչ»։ 1981–էն ի վեր, բազմաթիւ կոտորակներ (չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն հանուած տարրեր) ձեռք ձգուած են՝ բժշկական գործածութեան համար։ Հետեւաբար, Դիտարան 15 Յունիս 2000 թիւը, էջ 29-31, այս նիւթին շուրջ օգտակար տեղեկութիւններ հայթայթեց՝ «Հարցումներ Ընթերցողներէն» յօդուածին մէջ։ Անիկա մանրամասնութիւններ եւ տրամաբանական պատճառաբանութիւններ տուաւ, որոնք՝ ինչպէս պիտի նկատես՝ կը համաձայնին 1981–ին ներկայացուած հիմնական գաղափարներուն հետ։

Խղճմտանքիդ Դերը

13, 14. (ա) Ի՞նչ է խղճմտանքը, եւ արիւնին նկատմամբ ի՞նչպէս դեր կը խաղայ։ (բ) Միս ուտելու նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւն Աստուած Իսրայէլի հայթայթեց, բայց հաւանաբար ի՞նչ հարցումներ ծագեցան։

13 Այսպիսի տեղեկութիւններ կը պահանջեն որ խղճմտանքը իր դերը խաղայ։ Ինչո՞ւ։ Քրիստոնեաները կը համաձայնին թէ Աստուծոյ ուղղութեան պէտք է հետեւին, բայց կարգ մը մարզերու մէջ խղճմտանքին օգնութեամբ անձնական որոշումներ պէտք է կայացուին։ Խղճմտանքը հարցեր՝ յաճախ բարոյական հարցեր՝ կշռադատելու ու որոշելու ներգոյ կարողութիւն է։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Սակայն գիտես որ խղճմտանքները իրարմէ կը տարբերին։ * Աստուածաշունչը կը յիշէ թէ ոմանք «տկար խղճմտանք» ունին, հասկցնելով թէ ուրիշներու խղճմտանքը զօրաւոր է։ (Ա. Կորնթացիս 8։12) Աստուծոյ կամքը ըմբռնելու, անոր մտածումը նկատի առնելու եւ որոշումներ կայացնելու ատեն զայն կիրարկելու նկատմամբ, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ տարբեր տարողութեամբ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Հրեաները եւ միս ուտելու հարցը կը լուսաբանէ այս կէտը։

14 Աստուածաշունչը յստակօրէն ըսաւ թէ Աստուծոյ հնազանդող անհատը արիւնը–չթափուած միս պիտի չուտէ։ Ասիկա ա՛յնքան կարեւոր էր որ նոյնիսկ ստիպողական վիճակի մէջ, երբ Իսրայելացի զինուորներ արիւնը–չթափուած միս կերան, լուրջ սխալ կամ մեղք գործողներ նկատուեցան։ (Բ. Օրինաց 12։15, 16. Ա. Թագաւորաց 14։31-35) Այսուհանդերձ, հաւանաբար հարցումներ ծագեցան։ Երբ Իսրայելացի մը ոչխար մորթէր, որքա՞ն արագ անոր արիւնը պէտք էր հոսեցնէր։ Անոր կոկորդը պէ՞տք էր ճեղքէր ու ետեւի ոտքերէն կախէր, արիւնը պարպելու համար։ Ո՞րքան ատեն։ Ի՞նչ պէտք էր ընէր հսկայ կովի մը պարագային։ Նոյնիսկ արիւնը հոսեցնելէ ետք, միսին մէջ թերեւս որոշ արիւն կը մնար։ Ան կրնա՞ր այս միսը ուտել։ Ո՞վ պիտի որոշէր։

15. Կարգ մը Հրեաներ միս ուտելու հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ունէին, բայց Աստուած ի՞նչ ցուցմունք տուաւ։

15 Երեւակայէ նախանձախնդիր Հրեայ մը որ այսպիսի հարցեր կը դիմագրաւէր։ Թերեւս ան խորհէր որ ամենէն ապահով բանը այն է որ շուկայէն միս չգնէ, ինչպէս որ այլ Հրեայ մը պիտի մերժէր միս ուտել եթէ կասկածէր որ անիկա նախապէս կուռքի մը մատուցուած է։ Հաւանաբար կարգ մը Հրեաներ միս կ’ուտէին, միայն՝ արիւնը հոսեցնելու որոշ արարողութիւններ կատարելէ ետք։ * (Մատթէոս 23։23, 24) Ի՞նչ կը խորհիս այս այլազան հակազդեցութիւններուն նկատմամբ։ Ասկէ զատ, քանի որ Աստուած այսպիսի հակազդեցութիւններ չպահանջեց, աւելի պատշաճ պիտի չը՞լլար որ Հրեաները շարք մը հարցումներ ղրկէին ռաբունական խորհուրդի մը, որպէսզի իւրաքանչիւր հարցումի համար որոշում ստանային։ Թէեւ Հրէականութեան մէջ այդ սովորութիւնը զարգացաւ, սակայն ուրախ ենք որ Եհովա ճշմարիտ երկրպագուներուն ցուցմունք չտուաւ որ այդ կերպով արիւնին առնչութեամբ որոշումներ փնտռեն։ Աստուած մաքուր անասուններ մորթելու եւ անոնց արիւնը հոսեցնելու վերաբերեալ հիմնական ուղղութիւն հայթայթեց, բայց յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտուաւ։—Յովհաննու 8։32

16. Արիւնին մէկ բաղկացուցիչէն հանուած փոքր կոտորակ մը ընդունելու նկատմամբ, Քրիստոնեաները ինչո՞ւ տարբեր տեսակէտներ կրնան ունենալ։

16 Ինչպէս 11 եւ 12–րդ պարբերութիւններուն մէջ նշեցինք, Եհովայի Վկաները կը մերժեն ամբողջ արիւնի եւ անոր չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներու՝ ջրարիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ եւ թիթեղիկներ՝ ներարկումը։ Ի՞նչ կրնանք ըսել գլխաւոր բաղկացուցիչէ հանուած փոքր կոտորակներու մասին, ինչպէս՝ շիճուկներ, որոնք հիւանդութեան դէմ պայքարող կամ օձաթոյն չէզոքացնող հակամարմիններ կը պարունակեն։ Ոմանք եզրակացուցած են թէ այս փոքր կոտորակները այլեւս արիւն չեն նկատուիր, ուստի ‘արիւնէ ետ կեցէք’ պատուէրը անոնց չի կիրարկուիր։ (Գործք 15։29. 21։25) Ասիկա իրենց պատասխանատուութիւնն է։ Ուրիշներու խղճմտանքը զիրենք կը մղէ որ մերժեն ամէն բան որ (անասունի կամ մարդու) արիւնէն կը քաղուի, նոյնիսկ՝ գլխաւոր բաղկացուցիչի մէկ փոքր կոտորակը։ * Իսկ ուրիշներ կ’ընդունին ջրարիւնէ հանուած փրոթէին մը, հիւանդութեան դէմ պայքարելու կամ օձաթոյնը չէզոքացնելու համար, բայց կը մերժեն միւս փոքր կոտորակները։ Ասկէ զատ, գլխաւոր բաղկացուցիչէ հանուած կարգ մը նիւթեր, քանի որ բաղկացուցիչին գրեթէ նոյն պաշտօնը կը կատարեն եւ մարմնին մէջ կենսապահ դեր կը խաղան, շատ մը Քրիստոնեաներ զանոնք առարկելի կը գտնեն։

17. (ա) Երբ արիւնէն հանուած կոտորակներուն վերաբերեալ հարցեր դիմագրաւենք, մեր խղճմտանքը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։ (բ) Այս հարցին շուրջ որոշումներ կայացնելը ինչո՞ւ շատ լուրջ է։

17 Այսպիսի որոշումներ կայացնելու ատեն, խղճմտանքի մասին Աստուածաշունչին ըսածները ի մտի ունենալը օգտալից է։ Առաջին քայլն է Աստուծոյ Խօսքին ըսածը սորվիլ եւ ջանալ խղճմտանքդ անոր համաձայն կաղապարել։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ ուղղութեան հետ ներդաշնակ որոշում կայացնես, փոխանակ ուրիշ մէկէ խնդրելու որ ի՛նք որոշէ։ (Սաղմոս 25։4, 5) Իսկ արիւնէն հանուած կոտորակները ընդունելու առնչութեամբ, ոմանք խորհած են. ‘Քանի որ խիղճի հարց է, ուրեմն տարբերութիւն չ’ըներ’։ Ասիկա սխալ պատճառաբանութիւն է։ Եթէ բան մը խիղճի հարց է, չի նշանակեր թէ անիկա անկարեւոր է։ Անիկա կրնայ շատ լուրջ ըլլալ։ Պատճառներէն մէկը այն է թէ անիկա կրնայ ազդել անհատներու, որոնց խղճմտանքը մեր խղճմտանքէն տարբեր է։ Այս կէտը Պօղոս յստակացուց երբ խրատ տուաւ այն միսին վերաբերեալ, որ թերեւս կուռքի մը մատուցանուելէ ետք շուկային մէջ կը ծախուէր։ Քրիստոնեան ուշադիր պէտք է ըլլայ որ ‘տկար խղճմտանքները չվիրաւորէ’։ Եթէ ուրիշները գայթակղեցնէ, ան կրնայ ‘իր եղբայրը կորսնցնել, որուն համար Քրիստոս մեռաւ’ եւ Քրիստոսի դէմ մեղանչել։ Արդ, թէեւ արիւնէն հանուած փոքր կոտորակներուն վերաբերեալ հարցերը անձնական որոշումի ձգուած են, սակայն այս որոշումները շատ լուրջի պէտք է առնենք։—Ա. Կորնթացիս 8։8, 11-13. 10։25-31

18. Երբ արիւնին վերաբերեալ որոշումներ պիտի կայացնէ, Քրիստոնեան ի՞նչպէս կրնայ իր խղճմտանքը անզգայ դարձնելէ խուսափիլ։

18 Յարակից երեսակ մը կ’ենթագծէ արիւնին վերաբերեալ կայացուած որոշումներուն լրջութիւնը,– անոնց ազդեցութիւնը քու վրադ։ Եթէ արիւնէն հանուած փոքր կոտորակ մը ընդունիլը պիտի խանգարէ Աստուածաշունչով մարզուած խիղճդ, զայն պէտք չէ անտեսես։ Ո՛չ ալ խիղճիդ ձայնը պէտք է լռեցնես, պարզապէս քանի որ անհատ մը քեզի կ’ըսէ. «Ասիկա առնելը սխալ չէ. շատեր կ’առնեն զայն»։ Մի՛ մոռնար որ ներկայիս միլիոնաւորներ իրենց խղճմտանքը կ’անտեսեն, եւ անիկա անզգայ կը դառնայ, թոյլատրելով անոնց որ ստեն կամ այլ սխալ բաներ ընեն առանց խղճահարուելու։ Վստահաբար Քրիստոնեաները կ’ուզեն այդ վերաբերմունքէն խուսափիլ։—Բ. Թագաւորաց 24։10. Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2

19. Երբ արիւնին վերաբերեալ բժշկական հարցերու շուրջ որոշումներ պիտի կայացնենք, ի՞նչ բան գլխաւորաբար ի մտի պէտք է ունենանք։

19 Դիտարան 15 Յունիս 2000, էջ 29-31, «Հարցումներ Ընթերցողներէն» յօդուածը եզրափակութեան մէջ ըսաւ. «Քանի որ կարծիքները եւ խղճամիտ որոշումները կրնան տարբերիլ, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հարցը էական չէ։ Ո՛չ. ասիկա լուրջ հարց է»։ Անիկա յատկապէս լուրջ է, քանի որ «ապրող Աստուծոյ» հետ քու յարաբերութիւնդ խնդրոյ առարկայ է։ Այդ յարաբերութիւնը միակն է որ կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել, հիմնուած՝ Յիսուսի թափուած արիւնին փրկարար զօրութեան վրայ։ Արիւնին հանդէպ խոր յարգանք մշակէ, քանի որ Աստուած անոր միջոցով կեանքեր կը փրկէ։ Պօղոս տեղին ըլլալով գրեց. «Ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ։ Իսկ հիմա՝ Քրիստոս Յիսուսով՝ դուք որ ժամանակին հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսի արիւնով»։Եփեսացիս 2։12, 13, ԱՎ

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 13 Առիթով մը Պօղոս եւ ուրիշ չորս Քրիստոնեաներ տաճար գացին, իրենք զիրենք ծիսականօրէն մաքրելու համար։ Այն ատեն Օրէնքը ի զօրու չէր, բայց Պօղոս Երուսաղէմի երէցներուն խրատին անսաց։ (Գործք 21։23-25) Այսուհանդերձ կարգ մը Քրիստոնեաներ կրնային խորհիլ որ իրենք ո՛չ կ’ուզեն տաճար մտնել, ո՛չ ալ այսպիսի արարողութիւն մը կատարել։ Այդ օրերուն խղճմտանքները իրարմէ կը տարբերէին, եւ ներկայիս պարագան նոյնն է։

^ պարբ. 15 Encyclopaedia Judaica կ’ուրուագծէ «բարդ ու մանրակրկիտ» կանոններ՝ ծիսականօրէն մաքուր միս պատրաստելու համար։ Անիկա կը յիշէ թէ միսը քանի՛ վայրկեան ջուրին մէջ պէտք է մնայ, անոր արիւնը տախտակի մը վրայ ի՛նչպէս հոսեցնել, անոր վրայ ի՛նչպիսի աղ դնել, ապա քանի՛ անգամ զայն պաղ ջուրով լուալ։

^ պարբ. 16 Հետզհետէ կ’աւելնան այն դեղերը, որոնց գլխաւոր կամ գործօն բաղադրատարրը արիւնէ քաղուած չէ։ Բայց կարգ մը պարագաներու, անոնք կը պարունակեն արիւնէն հանուած կոտորակ մը, ինչպէս՝ բնասպիտ։—Տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1994 (Անգլերէն), «Հարցումներ Ընթերցողներէն»։

Կրնա՞ս մտաբերել

• Արիւնին առնչութեամբ Աստուած ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ Նոյի, Իսրայելացիներուն եւ Քրիստոնեաներուն։

• Արիւնին նկատմամբ Եհովայի Վկաները ի՞նչ բան բացարձակապէս կը մերժեն։

• Արիւնին գլխաւոր մէկ բաղկացուցիչէն հանուած փոքր կոտորակներ ընդունիլը, ի՞նչ առումով անհատին խիղճին ձգուած է, բայց ասիկա ի՞նչ չի նշանակեր։

• Երբ որոշումներ պիտի կայացնենք, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը ինչո՞ւ գլխաւորաբար ի մտի պէտք է ունենանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 16]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԱՐԻՒՆԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

ԱՄԲՈՂՋ ԱՐԻՒՆ

ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ

Կարմիր գնդիկներ

Ճերմակ գնդիկներ

Թիթեղիկներ

Ջրարիւն

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՊԻՏԻ ՈՐՈՇԷ

Կարմիր գնդիկներէն հանուած կոտորակներ

Ճերմակ գնդիկներէն հանուած կոտորակներ

Թիթեղիկներէն հանուած կոտորակներ

Ջրարիւնէն հանուած կոտորակներ

[Նկար՝ էջ 14]

Կառավարիչ մարմինը եզրակացուց թէ Քրիստոնեաները պէտք է ‘արիւնէ ետ կենան’

[Նկար՝ էջ 17]

Եթէ արիւնէն հանուած կոտորակի մը նկատմամբ որոշում պիտի կայացնես, խիղճդ մի՛ անտեսեր