Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել զաւակներդ կրթելու

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել զաւակներդ կրթելու

Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել զաւակներդ կրթելու

ԽՈԼՈՐՁԸ շատ գրաւիչ ծաղիկ մըն է, բայց զայն մշակելը դժուար է։ Յաջողելու համար, պէտք է հսկես ջերմաստիճանին, լոյսին եւ թաղարի չափին վրայ։ Անյարմար հողն ու պարարտանիւթը շատ կ’ազդեն խոլորձին, իսկ հիւանդութիւնն ու միջատները դիւրաւ անոր կը վնասեն։ Ուստի շատ սովորական է որ խոլորձ մշակողներուն առաջին փորձը ձախողի։

Երախաներ մեծցնելը շա՜տ աւելի դժուար ու բարդ է, եւ սուր ուշադրութիւն կը պահանջէ։ Ուստի սովորական է որ ծնողներ զաւակներ մեծցնելու առնչութեամբ շփոթութեան մատնուին։ Շատեր կը գիտակցին որ օգնութեան կարիք ունին, խոլորձ մշակողին նման, որ մասնագէտի խրատին պէտք ունի։ Բացայայտ է որ ամէն ծնող կը փափաքի լաւագոյն ուղղութիւնը ստանալ։ Այդ ուղղութիւնը ո՞ւր կարելի է գտնել։

Թէեւ Աստուածաշունչը երախաներ մեծցնելու մասին ձեռագիրք մը չէ, սակայն Ստեղծիչը ներշնչեց գրողները որ այս նիւթին շուրջ գործնական խրատներ պարփակեն։ Աստուածաշունչը կը շեշտէ փափաքելի յատկութիւններ զարգացնելը, որ ըստ ոմանց յաճախ կ’անտեսուի։ (Եփեսացիս 4։22-24) Այս ուղղութեամբ, սուրբ գրային խրատները մեծապէս կը նպաստեն հաւասարակշռուած կրթութեան։ Բազմաթիւ անհատներ արդէն օգտուած են այս խրատները կիրարկելով, առանց նկատելու անոնց ապրած ժամանակաշրջանը կամ մշակութային ենթահողը։ Ուստի սուրբ գրային խրատներուն հետեւիլը կրնայ քեզի օգնել որ յաջողութեամբ զաւակներդ կրթես։

Ծնողներուն Օրինակը Լաւագոյն Կրթութիւնն Է

«Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս»։—Հռովմայեցիս 2։21, 22

Սէուլի Կրթական Խորհուրդին ատենապետը ըսաւ. «Խօսքով ու գործով օրինակ հանդիսանալը՝ երախան կրթելու լաւագոյն կերպն է»։ Եթէ ծնողներ խօսքով ու վարքով լաւ օրինակ չհանդիսանան եւ իրենց զաւակին մասնայատուկ ցուցմունք տան, երախան անմիջապէս պիտի եզրակացնէ թէ անոնք կեղծաւոր են։ Ծնողքին խօսքերը ազդեցիկ պիտի չըլլան։ Օրինակ, եթէ ծնողքը կ’ուզեն իրենց զաւակին պարկեշտութիւն սորվեցնել, նախ իրե՛նք պարկեշտ պէտք է ըլլան։ Շատ սովորական է որ կարգ մը ծնողներ, երբ չեն ուզեր հեռաձայնին պատասխանել, իրենց զաւակէն կը խնդրեն որ հեռաձայնողին ըսէ. «Կը ներես, հայրս (կամ՝ մայրս) հոս չէ»։ Այսպիսի հրահանգ ստացող երախան նեղ կացութեան պիտի մատնուի ու շփոթի։ Ժամանակի ընթացքին, ան կը սկսի առանց քաշուելու ստել, երբ դժուար կացութիւն դիմագրաւէ։ Հետեւաբար, եթէ ծնողներ անկեղծօրէն կ’ուզեն որ իրենց զաւակը պարկեշտ անհատ մը ըլլայ, նախ իրե՛նք պարկեշտօրէն պէտք է խօսին ու վարուին։

Կը փափաքի՞ս որ զաւակդ յարգանքով խօսի։ Ուրեմն լաւ օրինակ հանդիսացիր։ Զաւակդ շուտով քեզ պիտի ընդօրինակէ։ Սանկ–սիք, որ չորս զաւակներ ունի, կ’ըսէ. «Ես ու կինս որոշեցինք կոպիտ լեզու չգործածել։ Իրարու հանդէպ յարգանք ցուցաբերեցինք եւ մեր ձայնը չբարձրացուցինք, նոյնիսկ երբ նեղուած կամ բարկացած էինք։ Լաւ օրինակը շատ աւելի ազդու էր քան՝ բերանացի ցուցմունքը։ Ուրախ ենք որ մեր զաւակները ուրիշներու հետ յարգալից ու քաղաքավար կերպով կը խօսին»։ Գաղատացիս 6։8–ի մէջ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ Ծնողներ որոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակները բարոյական բարձր չափանիշներ ունենան, նախ իրե՛նք այս չափանիշներուն համաձայն պէտք է ապրին։

Հաղորդակցութեան Գիծերը Բաց Պահէ

«[Աստուծոյ պատուիրանները] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։—Բ. Օրինաց 6։7

Յապաժամ աշխատելու հոսանքը հետզհետէ կը զօրանայ։ Երբ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը աշխարհիկ գործով կը զբաղին, զաւակները կը տուժեն։ Իրենց զաւակներուն հետ ծնողներուն անցուցած ժամանակը երթալով կը նուազի։ Երբ գործէն տուն վերադառնան, ծնողները ստիպուած են առտնին գործերով զբաղիլ, ուստի յոգնած կամ ուժասպառ կ’ըլլան։ Այսպիսի պայմաններու ներքեւ, ի՞նչպէս կրնաս զաւակներուդ հետ լաւ հաղորդակցութիւն պահպանել։ Խօսակցելու առիթներ կրնան յարուցուիլ, եթէ դուն եւ զաւակներդ միասնաբար առտնին գործերը կատարէք։ Ընտանիքի մը հայրը նոյնիսկ հեռատեսիլէն ձերբազատուեցաւ, գլխաւորաբար՝ զաւակներուն հետ խօսակցելու աւելի ժամանակ ունենալու համար։ Ան դիտել տուաւ. «Սկիզբը երախաները ձանձրացան, բայց երբ սկսայ անոնց հետ նկատի առնել հանելուկներ եւ հետաքրքրական գիրքեր, սկսան այս փոփոխութեան հետ հաշտուիլ»։

Կարեւոր է որ երախաները փոքր տարիքէն վարժուին իրենց ծնողներուն հետ հաղորդակցիլ։ Այլապէս, երբ պատանեկութեան շրջանին խնդիրներ դիմագրաւեն, անոնք իրենց ծնողները բարեկամներ պիտի չնկատեն, որոնց կրնան իրենց սիրտը բանալ։ Ի՞նչպէս կրնաս անոնց օգնել որ իրենց սիրտը պարպեն։ Առակաց 20։5–ը կ’ըսէ. «Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ»։ Տեսակէտ պարզող հարցումներ գործածելով, ինչպէս՝ «Ի՞նչ կը խորհիս», ծնողներ կրնան իրենց զաւակները քաջալերել որ իրենց մտածումներն ու զգացումները արտայայտեն։

Ի՞նչ պիտի ընես եթէ զաւակդ լուրջ սխալ մը գործէ։ Ասիկա անոր հանդէպ ազնիւ նկատառութիւն ցուցաբերելու ժամանակն է։ Մինչ զաւակիդ մտիկ կ’ընես, զգացումներդ հակակշռի տակ առ։ Հայր մը հետեւեալը կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս այս պարագան ձեռք կ’առնէ. «Երբ երախաները սխալներ գործեն, կը ջանամ չգերհակազդել։ Կը նստիմ եւ անոնց ըսածները մտիկ կ’ընեմ։ Կը փորձեմ կացութիւնը հասկնալ։ Երբ բարկութիւնս զսպելու դժուարութիւն ունենամ, քիչ մը կը սպասեմ եւ ինքզինքս կը հանդարտեցնեմ»։ Եթէ զգացումներդ հակակշռի տակ առնես ու մտիկ ընես, տուած սրբագրութիւնդ աւելի դիւրաւ պիտի ընդունուի։

Սիրոյ Վրայ Հիմնուած Կրթութիւնը Էական Է

«Դո՛ւք, հայրե՛ր, մի՛ բարկացնէք ձեր զաւակները, հապա մեծցուցէ՛ք զանոնք Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով»։—Եփեսացիս 6։4, ԱՎ

Լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար, սիրալիր կրթութիւն տալու կերպդ կարեւոր է։ Ի՞նչպէս ծնողներ կրնան ‘իրենց զաւակները բարկացնել’։ Եթէ տրուած կրթութիւնը յանցանքին լրջութեան համապատասխան չըլլայ կամ եթէ անիկա չափազանց քննադատական կերպով տրուի, երախաները պիտի ընդվզին։ Կրթութիւնը միշտ սիրով պէտք է տրուի։ (Առակաց 13։24) Զաւակներուդ հետ պատճառաբանելով, անոնք պիտի անդրադառնան թէ սէրէ մղուած կը կրթես զիրենք։—Առակաց 22։15. 29։19

Միւս կողմէ, լաւ է որ երախաները սխալ վարքի անփափաքելի հետեւանքները զգան։ Օրինակ, եթէ երախան մէկու մը հանդէպ սխալ գործէ, կրնաս պնդել որ ներողութիւն խնդրէ։ Երբ ան ընտանիքին մէկ կանոնը բեկանէ, կրնաս զինք զրկել որոշ առանձնաշնորհումներէ, որպէսզի շեշտես կանոններ պահելու կարեւորութիւնը։

Յանձնարարելի է որ կրթութիւնը յարմար ժամանակին մատակարարուի։ Ժողովողի 8։11–ը կը նշէ. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է»։ Նմանապէս, երախաներէն շատեր պիտի փորձեն ստուգել թէ յանցանք գործելէ ետք արդեօք կրնա՛ն պատժուելէ խուսափիլ։ Ուստի, երբ ազդարարես թէ որոշ յանցագործութեան պիտի յաջորդէ պատիժ, խօսքիդ տէրը եղիր։

Օգտակար Զբօսանքը Արժէք Ունի

«Ամէն բանի ատենը կայ . . . ծիծաղելու ժամանակ . . . ու կաքաւելու ժամանակ»։—Ժողովողի 3։1, 4

Հանգիստի ժամանակը եւ օգտակար ու հաւասարակշռուած զբօսանքը, երախային միտքին ու մարմնին աճման համար էական են։ Երբ ծնողներն ու երախաները միասնաբար զբօսնին, ընտանեկան կապերը կ’ամրապնդուին եւ երախաները ապահովութեան զգացում կ’ունենան։ Ընտանիքին անդամները ի՞նչ տեսակ ժամանցներ միասնաբար կրնան վայելել։ Եթէ քիչ մը մտածես, ընելիք շատ մը հաճելի բաներ կրնաս գտնել։ Օրինակ՝ մարզանքը, ինչպէս՝ հեծելանիւ քշել, թենիս եւ վոլիպոլ խաղալ։ Երեւակայէ այն հաճելի պահերը, երբ ընտանիքին անդամները միասնաբար երաժշտական գործիքներ կը նուագեն։ Իսկ բնութեան գեղեցկութիւնը վայելելու նպատակով մօտակայ վայրեր երթալով, լաւ յիշատակներ ձեռք կը ձգուին։

Այսպիսի առիթներով, ծնողքը կրնան իրենց զաւակներուն մէջ զբօսանքի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կերտել։ Երեք մանչ ունեցող Քրիստոնեայ հայր մը ըսաւ. «Կը ջանամ զաւակներուս զբօսանքին մասնակցիլ։ Օրինակ, երբ համակարգչային խաղեր խաղան, անոնց կը հարցնեմ այդ խաղերուն մասին։ Երբ խանդավառօրէն սկսին բացատրել, առիթը կ’օգտագործեմ վնասակար ժամանցի վտանգներուն մասին խօսելու։ Նկատած եմ որ անոնք կը մերժեն անպատշաճ ժամանցները»։ Այո, ընտանեկան ժամանցներէն հաճոյք առնող երախաները նուազ հակում ունին զբաղելու բռնութիւն, անբարոյութիւն ու թմրամոլութիւն ցուցադրող հեռատեսիլի յայտագիրներով, տեսաերիզներով, շարժապատկերներով եւ Համացանցի խաղերով։

Զաւակներուդ Օգնէ որ Լաւ Բարեկամութիւններ Մշակեն

«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ»։—Առակաց 13։20

Յաջողապէս չորս զաւակներ մեծցուցած Քրիստոնեայ հայր մը ըսաւ. «Ընկերներ ընտրելու հարցը չափազանց կարեւոր է։ Մէ՛կ գէշ ընկեր կրնայ բոլոր աշխատանքդ կործանել»։ Իր զաւակներուն օգնելու որ լաւ բարեկամներ ունենան, ան խոհեմօրէն այսպիսի հարցումներ կը հարցնէր. Ո՞վ է ամենամտերիմ բարեկամդ։ Ինչո՞ւ կը սիրես զայն։ Ի՞նչ բանի մէջ կ’ուզես զինք ընդօրինակել։ Ուրիշ ծնող մը իր զաւակներէն կը խնդրէ որ իրենց սերտ բարեկամները տուն հրաւիրեն։ Ապա զանոնք մօտէն կը նկատէ ու իր զաւակներուն յարմար ուղղութիւն կու տայ։

Նաեւ կարեւոր է երախաներուն սորվեցնել թէ կրնան բարեկամութիւն մշակել թէ՛ չափահասներու եւ թէ տարեկիցներու հետ։ Երեք մանչ ունեցող հայր մը՝ Պամ–սան կ’ըսէ. «Զաւակներուս կ’օգնեմ ըմբռնելու թէ պայման չէ որ բարեկամները միայն տարեկիցներ ըլլան, ինչպէս ցոյց կու տայ Դաւիթի ու Յովնաթանի օրինակը Աստուածաշունչին մէջ։ Իրականութեան մէջ, ամէն տարիքի Քրիստոնեաներ կը հրաւիրեմ որ զաւակներուս հետ ընկերակցին։ Որպէս արդիւնք, զաւակներս իրենց տարեկից չեղող բազմաթիւ անհատներու հետ կ’ընկերակցին»։ Օրինակելի չափահասներու հետ ընկերակցելով, երախաները շատ բաներ սորվելու առաւելութիւնը կ’ունենան։

Կրնա՛ս Յաջողապէս Զաւակներդ Կրթել

Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը համաձայն, բազմաթիւ ծնողներ ջանացած են իրենց զաւակներուն մէջ մշակել կարգ մը յատկութիւններ, ինչպէս՝ ժուժկալութիւն, ինքնակրթութիւն եւ պարկեշտութիւն, բայց քիչ յաջողութիւն գտած են։ Ինչո՞ւ։ Փորձագիտանքին մասնակցող մայր մը ըսաւ. ‘Դժբախտաբար, մեր զաւակները պաշտպանելու միակ կերպն է, զանոնք սենեակի մը մէջ բանտարկել եւ երբեք թոյլ չտալ որ տունէն դուրս ելլեն’։ Ան ըսել կ’ուզէր թէ ներկայիս այն միջավայրը ուր երախաները կը մեծնան, առաջուընէ շատ աւելի գէշ է։ Ուստի կարելի՞ է յաջողապէս երախաները մեծցնել։

Եթէ փափաքէիր խոլորձ մը մշակել, բայց մտահոգուէիր որ անիկա կրնայ չորնալ, թերեւս ասիկա ձեռնարկելէ ետ կենայիր։ Եթէ խոլորձ մշակելու մասնագէտ մը գար եւ քեզի կարգ մը լաւ գաղափարներ տար ու վստահօրէն ըսէր. «Պիտի յաջողիս, եթէ այս կերպով ընես», որքա՜ն հանգիստ պիտի զգայիր։ Մարդկային բնոյթը հասկցող Գերագոյն Մասնագէտը՝ Եհովա, խրատներ կը հայթայթէ երախաներ մեծցնելու լաւագոյն մեթոտին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»։ (Առակաց 22։6) Երբ զաւակներդ Աստուածաշունչի խրատներուն համաձայն կրթես, հաւանաբար պիտի ուրախանաս տեսնելով որ անոնք պատասխանատու չափահասներ, ուրիշներուն հանդէպ նկատառու եւ բարոյասէր անհատներ եղան։ Այն ատեն անոնք պիտի սիրուին ո՛չ միայն մարդոց կողմէ, այլեւ Եհովայի՝ մեր երկնաւոր Հօր կողմէ։