Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»

«Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»

«Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»

«Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։ Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։18, 19, ԱՎ

1, 2. (ա) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ նշանակում տուաւ։ (բ) Յիսուսի պատուէրներուն նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ օր մըն էր Իսրայէլի մէջ, Հ.Դ. 33–ին, եւ Յիսուսի աշակերտները Գալիլիայի մէկ լերան վրայ հաւաքուած էին։ Անոնց յարուցեալ Տէրը երկինք համբառնալու վրայ էր, բայց նախ՝ ըսելիք կարեւոր բան մը ունէր։ Յիսուս անոնց նշանակում մը պիտի տար։ Ի՞նչ էր այդ պարտականութիւնը։ Իր աշակերտները ի՞նչպէս ընդառաջեցին անոր։ Եւ այդ նշանակումը ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուի մեզի։

2 Յիսուսի ըսածը արձանագրուած է Մատթէոս 28։18-20–ի մէջ (ԱՎ). «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։ Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի։ Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ Յիսուս գործածեց «ամէն իշխանութիւն», «բոլոր ազգերը», «ամէն ինչ որ պատուիրեցի» եւ «ամէն օր» արտայայտութիւնները։ Այս չորս համապարփակ արտայայտութիւնները բովանդակող անոր պատուէրները կարգ մը կարեւոր հարցումներ կը յարուցանեն, որոնք կ’ամփոփուին սա բառերով՝ ինչո՞ւ, ո՞ւր, ի՞նչ եւ ե՞րբ։ Իւրաքանչիւր հարցում առանձին նկատի առնենք։ *

«Ամէ՛ն Իշխանութիւն Ինծի՛ Տրուեցաւ»

3. Ինչո՞ւ աշակերտելու պատուէրին պէտք է հնազանդինք։

3 Նախ, ինչո՞ւ աշակերտելու պատուէրին պէտք է հնազանդինք։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ։ Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը»։ «Ուրեմն» բառը կը մատնանշէ գլխաւոր պատճառ մը թէ ինչո՛ւ այս պատուէրին պէտք է հնազանդինք։ Պատճառը այն է, որ պատուէր տուող անհատը՝ Յիսուս «ամէն իշխանութիւն» ունի։ Անոր իշխանութիւնը որքա՞ն լայնապարփակ է։

4. (ա) Յիսուսի իշխանութիւնը որքա՞ն լայնապարփակ է։ (բ) Յիսուսի իշխանութեան ի տես, աշակերտելու պատուէրը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

4 Յիսուս իշխանութիւն ունի իր ժողովքին վրայ, եւ 1914–էն ի վեր հեղինակութիւն ունի Աստուծոյ նորահաստատ Թագաւորութեան վրայ։ (Կողոսացիս 1։13. Յայտնութիւն 11։15) Ան հրեշտակապետն է, եւ այս հանգամանքով իր իշխանութեան ներքեւ ունի հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներէ բաղկացած երկնային բանակ մը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Ա. Պետրոս 3։22. Յայտնութիւն 19։14-16) Իր Հայրը իրեն լիազօրութիւն տուած է որ խափանէ «ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն», որ արդար սկզբունքներուն կը հակառակին։ (Ա. Կորնթացիս 15։24-26. Եփեսացիս 1։20-23) Յիսուսի իշխանութիւնը ապրողներէն աւելին կը պարփակէ։ Ան նաեւ ‘Դատաւոր է ողջերուն եւ մեռելներուն’, եւ աստուածատուր զօրութիւն ունի ննջեցեալները յարուցանելու։ (Գործք 10։42, ԱՎ. Յովհաննու 5։26-28) Այսպիսի ընդարձակ հեղինակութիւն ստացած Անհատին տուած պատուէրը, վստահաբար խիստ կարեւոր պէտք է նկատուի։ Հետեւաբար, յարգալից ու սիրայօժար կերպով կը հնազանդինք Քրիստոսի պատուէրին. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»։

5. (ա) Պետրոս ի՞նչպէս Յիսուսի խօսքին հնազանդեցաւ։ (բ) Պետրոս Յիսուսի հրահանգներուն հնազանդելով ի՞նչ օրհնութիւն վայելեց։

5 Իր երկրային ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս իր աշակերտներուն ուշագրաւ կերպով սորվեցուց թէ իր հեղինակութիւնը ընդունիլը եւ իր պատուէրներուն հնազանդիլը օրհնութիւններ կը բերեն։ Անգամ մը ան ըսաւ Պետրոսի՝ որ ձկնորս էր. «Յառա՛ջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը, եւ նետեցէ՛ք ձեր ուռկանները՝ ձուկ որսալու»։ Պետրոս վստահ էր որ ձուկ չկար, ուստի Յիսուսի ըսաւ. «Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը աշխատեցանք ու ոչինչ որսացինք»։ Սակայն Պետրոս խոնարհաբար աւելցուց. «Բայց կը նետեմ ուռկանը՝ քու խօսքիդ համար»։ Քրիստոսի հրահանգին հնազանդելէ ետք, Պետրոս «մեծ քանակութեամբ ձուկ» բռնեց։ Շփոթութեամբ լեցուած՝ Պետրոս «ինկաւ Յիսուսի ծունկերուն ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, հեռացի՛ր իմ քովէս, քանի որ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ’»։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդո՛ց որսորդ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 5։1-10, ԱՎ. Մատթէոս 4։18) Այս դէպքէն ի՞նչ կը սորվինք։

6. (ա) Ինչպէս հրաշալի ձկնորսութեան արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, Յիսուս ինչպիսի՞ հնազանդութիւն կը պահանջէ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

6 Յիսուս Պետրոսի, Անդրէասի եւ այլ առաքեալներու տուաւ ‘մարդոց որսորդ ըլլալու’ նշանակումը, մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնելէ ետք, եւ ո՛չ թէ առաջ։ (Մարկոս 1։16, 17) Բացայայտ է որ Յիսուս կոյր հնազանդութիւն չպահանջեց։ Ան այդ մարդոց համոզիչ պատճառ տուաւ թէ ինչո՛ւ պէտք էր հնազանդէին իրեն։ Ճիշդ ինչպէս որ իրենց ուռկանները նետելու Յիսուսի հրահանգին հնազանդիլը ջախջախիչ արդիւնքներ տուաւ, նոյնպէս ‘մարդիկ որսալու’ Յիսուսի պատուէրին հնազանդիլը մեծ օրհնութիւններ պիտի բերէր։ Կատարեալ հաւատքով առաքեալները ընդառաջեցին։ Արձանագրութիւնը կ’եզրափակէ. «Նաւերը ցամաք հանելով՝ թողուցին ամէն ինչ եւ հետեւեցան անոր»։ (Ղուկաս 5։11, ԱՎ) Ներկայիս, Յիսուսը ընդօրինակելով ուրիշները կը քաջալերենք որ աշակերտելու գործին մասնակցին։ Մարդոցմէ չենք պահանջեր որ պարզապէս մեր ըսածը ընեն, այլ՝ անոնց համոզիչ պատճառներ կու տանք որ Քրիստոսի պատուէրին հնազանդին։

Համոզիչ Պատճառներ եւ Պատշաճ Շարժառիթներ

7, 8. (ա) Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու սուրբ գրային ի՞նչ կարգ մը պատճառներ կան։ (բ) Յատկապէս ո՞ր համարը քեզ կը մղէ որ շարունակես քարոզել։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

7 Որովհետեւ կ’ընդունինք Քրիստոսի իշխանութիւնը, Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ բաժին կը բերենք։ Այս գործը ընելու սուրբ գրային ի՞նչ յաւելեալ պատճառներ կրնանք տալ այն անհատներուն, որ կ’ուզենք բարի գործեր ընելու մղել։ Նկատի առ զանազան երկիրներու մէջ գտնուող կարգ մը հաւատարիմ Վկաներու դիտողութիւնները, եւ նկատէ թէ ի՛նչպէս նշուած համարները թիկունք կը կանգնին անոնց խօսքերուն։

8 Ռոյ՝ 1951–ին մկրտուած. «Երբ կեանքս Եհովայի նուիրեցի, խոստացայ միշտ իրեն ծառայել։ Կ’ուզեմ խոստումս յարգել»։ (Սաղմոս 50։14. Մատթէոս 5։37) Հետըր՝ 1962–ին մկրտուած. «Երբ մտածեմ թէ Եհովա ինծի համար ի՜նչ բաներ ըրած է, կ’ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել՝ հաւատարմօրէն իրեն ծառայելով»։ (Սաղմոս 9։1, 9-11. Կողոսացիս 3։15) Հաննէլոր՝ 1954–ին մկրտուած. «Ամէն անգամ որ ծառայութեան մասնակցինք, հրեշտակները մեզի թիկունք կը կանգնին։ Ասիկա ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է»։ (Գործք 10։30-33. Յայտնութիւն 14։6, 7) Անըր՝ 1969–ին մկրտուած. «Երբ Եհովայի դատաստանին ժամանակը գայ, չեմ ուզեր որ շրջանիս մէջ ոեւէ մէկը կարենայ Եհովան եւ իր Վկաները ամբաստանել անհոգութեան յանցանքով ու ըսել. ‘Ես երբեք ազդարարութիւն չստացայ’»։ (Եզեկիէլ 2։5. 3։17-19. Հռովմայեցիս 10։16, 18) Գլոտիօ՝ 1974–ին մկրտուած. «Երբ կը քարոզենք, մենք ‘Աստուծոյ առջեւ’ եւ ‘Քրիստոսի միացած’ ենք։ Այո, մինչ ծառայութեան մէջ ենք, մեր լաւագոյն Բարեկամներուն ընկերակցութիւնը կը վայելենք»։—Բ. Կորնթացիս 2։17 *

9. (ա) Արտակարգ ձկնորսութեան արձանագրութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Քրիստոսի հնազանդելու պատշաճ շարժառիթին մասին։ (բ) Ներկայիս Աստուծոյ ու Քրիստոսի հնազանդելու պատշաճ շարժառիթը ի՞նչ է, եւ ինչո՛ւ։

9 Արտակարգ ձկնորսութեան արձանագրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ թէ կարեւոր է Քրիստոսի հնազանդելու պատշաճ շարժառիթը ունենալ, որ է՝ սէր։ Երբ Պետրոս ըսաւ. «Հեռացի՛ր իմ քովէս, քանի որ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ», Յիսուս չհեռացաւ, ո՛չ ալ Պետրոսը դատապարտեց մեղքի մը համար։ (Ղուկաս 5։8, ԱՎ) Յիսուս նոյնիսկ Պետրոսը չքննադատեց, իրմէ խնդրելուն համար որ հեռանայ։ Այլ, Յիսուս ազնուօրէն պատասխանեց. «Մի՛ վախնար»։ Վատառողջ վախը Քրիստոսի հնազանդելու սխալ շարժառիթ պիտի ըլլար։ Փոխարէն, Յիսուս Պետրոսի ըսաւ թէ ինք ու իր ընկերակիցները պիտանի պիտի ըլլային իբր մարդոց որսորդներ։ Ներկայիս, մենք ալ չենք գործածեր վախը կամ նման բացասական զգացումներ, ինչպէս՝ յանցանքը եւ ամօթը, ուրիշները բռնադատելու որ Քրիստոսի հնազանդին։ Միայն Աստուծոյ ու Քրիստոսի սիրոյն վրայ հիմնուած բոլորանուէր հնազանդութիւնը Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։—Մատթէոս 22։37

«Աշակերտեցէ՛ք Բոլոր Ազգերը»

10. (ա) Յիսուսի աշակերտելու պատուէրին մէջ ո՞ր կէտը իր աշակերտներուն մեծ մարտահրաւէր մը ներկայացուց։ (բ) Աշակերտները ի՞նչպէս Յիսուսի պատուէրին ընդառաջեցին։

10 Քրիստոսի պատուէրին առնչութեամբ յարուցուած երկրորդ հարցումն է՝ այս աշակերտելու գործը ո՞ւր պէտք է կատարուի։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը»։ Յիսուսի քարոզչութիւնը սկսելէն առաջ, արգելք չկար որ հեթանոսներ Իսրայէլ գային՝ Եհովայի ծառայելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 8։41-43) Յիսուս գլխաւորաբար Հրեաներուն քարոզեց, բայց այժմ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ բոլոր ազգերուն երթան։ Իրականութեան մէջ, նախապէս իր աշակերտներուն ձկնորսութեան շրջանը՝ կամ քարոզչութեան թաղամասը՝ «լճակ» մըն էր,– Հրեաները,– բայց շուտով անիկա պիտի պարփակէր մարդկութեան ամբողջ «ծովը»։ Թէեւ այս փոփոխութիւնը աշակերտներուն մարտահրաւէր մը ներկայացուց, սակայն անոնք իսկոյն հնազանդեցան Յիսուսի հրահանգին։ Յիսուսի մահէն 30 տարի չանցած, Պօղոս առաքեալ կրցաւ գրել թէ բարի լուրը քարոզուեցաւ ո՛չ միայն Հրեաներուն, այլ նաեւ «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»։—Կողոսացիս 1։23

11. Ի. դարու սկիզբէն մինչեւ օրս, ‘ձկնորսութեան շրջանը’ ի՞նչպէս ընդարձակուած է։

11 Վերջերս, քարոզչութեան թաղամասը նման կերպով ընդարձակուած է։ Ի. դարու սկիզբը, ‘ձկնորսութեան շրջանը’ մի քանի երկիրներ կը պարփակէր։ Սակայն այդ ատենուան Քրիստոսի հետեւորդները առաջին դարու Քրիստոնեաներու օրինակին հետեւելով, փութաջանօրէն իրենց քարոզչութեան թաղամասը ընդարձակեցին։ (Հռովմայեցիս 15։20) 1930–ական թուականներուն սկիզբը, անոնք շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ կ’աշակերտէին։ Ներկայիս, մեր ‘ձկնորսութեան շրջանը’ կը պարփակէ 235 երկիրներ։—Մարկոս 13։10

«Բոլոր Լեզուներէն»

12. Զաքարեայ 8։23–ի մէջ գտնուող մարգարէութիւնը ո՞ր մարտահրաւէրը աչքառու կը դարձնէ։

12 Բոլոր ազգերուն մէջ աշակերտելը մարտահրաւէր մըն է ո՛չ միայն աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ լեզուականօրէն։ Զաքարիա մարգարէին միջոցով, Եհովա նախագուշակեց. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Այս մարգարէութեան մեծ կատարման մէջ, «Հրեայ եղող մարդ»ը կը ներկայացնէ օծեալ Քրիստոնեաներուն մնացորդը, իսկ «տասը մարդ»ը՝ «մեծ բազմութիւնը»։ * (Յայտնութիւն 7։9, 10. Գաղատացիս 6։16) Քրիստոսի աշակերտներէն բաղկացած այս մեծ բազմութիւնը շատ ազգերու մէջ պիտի գտնուէին, եւ ինչպէս Զաքարիա նշեց, բազմաթիւ լեզուներ պիտի խօսէին։ Աստուծոյ ժողովուրդին այժմու պատմութիւնը կը լուսաբանէ՞ աշակերտելու այս երեսակը։ Այո՛։

13. (ա) Աստուծոյ այժմու ժողովուրդին մէջ լեզուական ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է։ (բ) Հաւատարիմ ծառայ դասակարգը ի՞նչ ըրած է՝ տարբեր լեզուներով հոգեւոր սնունդի յարաճուն կարիքը լեցնելու համար։ (Պարփակէ «Գրականութիւններ՝ Կոյրերուն Համար» շրջանակը։)

13 1950–ին, համայն աշխարհի մէջ, ամէն 5 Եհովայի Վկաներէն շուրջ 3–ին մայրենի լեզուն Անգլերէն էր։ 1980–ին, այդ համեմատութիւնը եղաւ ամէն 5–էն շուրջ 2, իսկ ներկայիս՝ ամէն 5–էն 1։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս ընդառաջած է այս լեզուական փոփոխութեան։ Հոգեւոր սնունդը աւելի շատ լեզուներով հայթայթելով։ (Մատթէոս 24։45) Օրինակ, 1950–ին մեր գրականութիւնները 90 լեզուներով կը հրատարակուէին, բայց ներկայիս՝ շուրջ 400 լեզուներով։ Տարբեր լեզուներ խօսող մարդոց հանդէպ ցուցաբերուած այս յաւելեալ հետաքրքրութիւնը արդիւնք տուա՞ծ է։ Այո՛։ Ամէն շաբաթ «բոլոր լեզուներէն» միջին հաշուով շուրջ 5,000 հոգի Քրիստոսի աշակերտ կը դառնան։ (Յայտնութիւն 7։9) Եւ յաւելումը կը շարունակուի։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, «ուռկանները» մեծ քանակութեամբ ձուկ կը բռնեն։—Ղուկաս 5։6. Յովհաննու 21։6

Կրնա՞ս Վարձահատոյց Ծառայութեան մը Մէջ Բաժին Բերել

14. Ի՞նչպէս կրնանք մեր թաղամասին մէջ գտնուող օտարախօսներուն օգնել։ (Պարփակէ «Համրերու Լեզուն եւ Աշակերտելը» շրջանակը։)

14 Արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ, գաղթականներու ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ ‘բոլոր լեզուներէն’ մարդիկ աշակերտելը։ (Յայտնութիւն 14։6) Ի՞նչպէս կրնանք մեր թաղամասին մէջ գտնուող օտարախօս անհատներուն օգնել։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Այլաբանօրէն խօսելով, կրնանք ձկնորսութեան յարմար գործիքը գործածել։ Այսպիսիներուն ներկայացուր իրենց լեզուով գրականութիւն մը։ Եթէ կարելի է, կարգադրէ որ իրենց լեզուն խօսող Վկայ մը իրենց այցելէ։ (Գործք 22։2) Այս կարգադրութիւնները ընելը ներկայիս աւելի դիւրին է, քանի որ Վկաներէն շատեր օտար լեզու մը սորված են, օտարականներու օգնելու որ Քրիստոսի աշակերտ ըլլան։ Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ այս կերպով օգնելը վարձահատոյց փորձառութիւն մըն է։

15, 16. (ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ օտարախօս անհատներուն օգնելը վարձահատոյց է։ (բ) Օտարախօս դաշտի մէջ ծառայելու վերաբերեալ ո՞ր հարցումները կրնանք նկատի առնել։

15 Նկատի առ Հոլանտայի մէջ պատահած երկու փորձառութիւններ, ուր Թագաւորութեան բարի լուրը 34 լեզուներով կը քարոզուի։ Վկայ ամոլ մը փափաքեցաւ լեհախօս գաղթականներ աշակերտել։ Անոնց գտած ընդառաջումը ա՛յնքան դրական էր որ ամուսինը իր աշխարհիկ գործին ժամերը նուազեցուց, որպէսզի կարենայ շաբաթը յաւելեալ օր մը տրամադրել՝ հետաքրքրուած անհատներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Շատ չանցած, այս ամոլը ամէն շաբաթ աւելի քան 20 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէր։ Անոնք ըսին. «Մեր ծառայութիւնը մեզ շատ կ’ուրախացնէ»։ Աշակերտողները յատկապէս կ’ուրախանան, երբ մայրենի լեզուով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները լսող անհատները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն։ Օրինակ, Վիեթնամերէն լեզուով վարուած ժողովի մը ընթացքին, տարեց մարդ մը ոտքի կանգնեցաւ եւ խօսելու արտօնութիւն խնդրեց։ Արտասուալից աչքերով, ան Վկաներուն ըսաւ. «Շնորհակալ եմ որ դժուար լեզուս սորվելու համար ջանքեր կը թափէք։ Շա՛տ երախտապարտ եմ որ յառաջացած տարիքիս մէջ Աստուածաշունչէն շատ մը սքանչելի բաներ կը սորվիմ»։

16 Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ օտարախօս ժողովքներու մէջ ծառայողները կը զգան որ մեծապէս վարձատրուած են։ Բրիտանիայէն ամոլ մը ըսաւ. «Օտարախօս դաշտին մէջ ծառայելը, մեր 40 տարուան Թագաւորութեան ծառայութեան ընթացքին մեր ունեցած ամենէն ոգեւորիչ փորձառութիւններէն մէկն է»։ Կրնա՞ս պարագաներդ յարմարցնել, որպէսզի այս ոգեւորիչ ծառայութեան մէջ բաժին բերես։ Եթէ տակաւին դպրոց կը յաճախես, կրնա՞ս օտար լեզու մը սորվիլ, առ ի պատրաստութիւն այս ծառայութեան։ Ասիկա ընելը կրնայ ճամբան հարթել օրհնութիւններով լեցուն եւ վարձահատոյց ապրելակերպի մը։ (Առակաց 10։22) Ինչո՞ւ այս նիւթին շուրջ չխօսիս ծնողքիդ հետ։

Մեր Մեթոտները Փոփոխենք

17. Ի՞նչպէս կրնանք մեր ժողովքի թաղամասին մէջ աւելի մեծ թիւով մարդոց բարի լուրը հասցնել։

17 Հասկնալի է որ պարագաները շատերուս չեն թոյլատրեր որ մեր «ուռկանները» օտարախօս թաղամասերու մէջ նետենք։ Սակայն կրնանք ջանալ ժողովքի թաղամասին մէջ աւելի մեծ թիւով մարդոց բարի լուրը հասցնել։ Ի՞նչպէս։ Փոփոխելով ո՛չ թէ մեր պատգամը, այլ՝ մեր մեթոտները։ Բազմաթիւ շրջաններու մէջ, հետզհետէ աւելցող թիւով անհատներ կ’ապրին չափազանց ապահովուած յարկաբաժիններու մէջ։ Շատեր տունը չեն գտնուիր, երբ տունէ տուն կը ծառայենք։ Ուստի հարկ կայ որ մեր «ուռկանները» նետենք տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ։ Այս կերպով Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ Ան ջանաց մարդոց հետ խօսիլ տարբեր վայրերու մէջ։—Մատթէոս 9։9. Ղուկաս 19։1-10. Յովհաննու 4։6-15

18. Զանազան վայրերու մէջ վկայելը ի՞նչպէս ազդու եղած է։ (Պարփակէ «Առեւտրական Թաղամասերու Մէջ Աշակերտել» շրջանակը։)

18 Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, աշակերտելու կարեւոր մեթոտ մըն է վկայել՝ ո՛ւր որ մարդիկ կը գտնուին։ Փորձառու աշակերտողներ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն տարբեր վայրերու մէջ վկայելու վրայ։ Տունէ տուն քարոզչութեան մասնակցելէ զատ, ներկայիս հրատարակիչներ կը վկայեն օդակայաններու, գրասենեակներու, խանութներու, կառատուներու, օթոպիւսի կայարաններու, զբօսայգիներու մէջ, փողոցը, ծովեզերքը եւ այլուր։ Հաուայիի մէջ վերջերս մկրտուած Վկաներէն շատեր, առաջին անգամ վկայութիւն ստացան այսպիսի վայրերու մէջ։ Այլազան մեթոտներ գործածելը կ’օգնէ մեզի որ Յիսուսի աշակերտելու պատուէրը լիովին կատարենք։—Ա. Կորնթացիս 9։22, 23

19. Յիսուսի մեզի տուած յանձնարարութեան ո՞ր երեսակները պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

19 Յիսուսի տուած աշակերտելու նշանակումը նշեց ո՛չ միայն այդ գործը ինչո՛ւ եւ ո՛ւր պէտք է ընենք, այլ նաեւ՝ ի՛նչ եւ մինչեւ ե՛րբ պէտք է քարոզենք։ Յիսուսի մեզի տուած յանձնարարութեան այս երկու երեսակները նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք առաջին երկու հարցումները, իսկ վերջին երկու հարցումները՝ յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 8 Քարոզելու յաւելեալ պատճառներ կը գտնուին հետեւեալ համարներուն մէջ՝ Առակաց 10։5. Ամովսայ 3։8. Մատթէոս 24։42. Մարկոս 12։17. Հռովմայեցիս 1։14, 15։

^ պարբ. 12 Այս մարգարէութեան կատարումներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Դիտարան 15 Մայիս 2001, էջ 12, եւ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ., էջ 408, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշե՞ս

• Ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ շարժառիթով Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին կը մասնակցինք։

• Ներկայիս Եհովայի ծառաները ի՞նչ տարողութեամբ կատարած են բոլոր ազգերէն անհատներ աշակերտելու Յիսուսի յանձնարարութիւնը։

• Ի՞նչպէս կրնանք ‘ձկնորսութեան այլազան մեթոտներ’ գործածել, եւ ինչո՛ւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 21]

Համրերու լեզուն եւ աշակերտելը

Աշխարհի չորս կողմը հազարաւոր Վկաներ, ի ներառեալ բազմաթիւ նախանձախնդիր դեռատիներ, համրերու լեզուն սորված են, որպէսզի անոնց օգնեն որ Քրիստոսի աշակերտներ դառնան։ Որպէս արդիւնք, միայն Պրազիլի մէջ, վերջերս մէկ տարուան մէջ 63 խուլ անհատներ մկրտուեցան, եւ ներկայիս 35 խուլ Վկաներ կը ծառայեն իբր լիաժամ աւետարանիչներ։ Համայն աշխարհի մէջ, համրերու լեզուով աւելի քան 1,200 ժողովքներ ու խումբեր կան։ Ռուսաստանի մէջ համրերու լեզուով միակ շրջանը, աշխարհի մեծագոյն շրջանն է տարածութեամբ, պարփակելով ամբողջ Ռուսաստանը։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 22]

Գրականութիւններ՝ կոյրերուն համար

Ալպերթ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող Քրիստոնեայ երէց եւ լիաժամ քարոզիչ մըն է։ Ան կոյր է։ Պրայլ լեզուով սուրբ գրային գրականութիւններ գործածելը կ’օգնէ իրեն որ աւելի ազդու ըլլայ թէ՛ իր ծառայութեան եւ թէ իբր ծառայութեան տեսուչ իր գործունէութեանց մէջ։ Ան իր ժողովքային նշանակումը ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէ։

Վերակացու տեսուչը՝ Ճէյմս կ’ըսէ. «Մեր ժողովքին մէջ Ալպերթէն աւելի ազդու ծառայութեան տեսուչ չենք ունեցած»։ Ալպերթ, Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 5,000 կոյրերէն մէկն է, որոնք տարիներու ընթացքին Անգլերէն ու Սպաներէն Պրայլ լեզուով սուրբ գրային գրականութիւններ ստացած են։ Իրականութեան մէջ, 1912–էն ի վեր, հաւատարիմ ծառայ դասակարգը Պրայլ լեզուով աւելի քան հարիւր գրականութիւն հրատարակած է։ Ներկայիս Եհովայի Վկաներու տպարանները յառաջացած մեթոտներ գործածելով, ամէն տարի Պրայլ լեզուով միլիոնաւոր էջեր կ’արտադրեն՝ աւելի քան տասը լեզուներով, եւ ասոնք կը բաշխուին աւելի քան 70 երկիրներու մէջ։ Գիտե՞ս մէկը որ կրնայ կոյրերուն համար պատրաստուած սուրբ գրային գրականութիւններէն օգտուիլ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 24]

Առեւտրական թաղամասերու մէջ աշակերտել

Հաուայիի մէջ, մինչ Վկայ մը առեւտրական թաղամասին մէջ գրասենեակները կ’այցելէր, ան փոխադրութեան ընկերութեան մը տնօրէնին հանդիպեցաւ։ Թէեւ ան զբաղած էր, սակայն համաձայնեցաւ շաբաթը 30 վայրկեան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել իր գրասենեակին մէջ։ Ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, ան իր պաշտօնեաներէն կը խնդրէ որ հեռաձայնները իրեն չփոխանցեն, ապա իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ուսումնասիրութեան վրայ։ Հաուայիի մէջ ուրիշ Վկայ մը, շաբաթը անգամ մը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ հնակարկատի մը հետ՝ իր խանութին մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը տեղի կ’ունենայ հաշուասեղանին քով։ Երբ յաճախորդ մը ներս մտնէ, Վկան մէկ կողմ կը քաշուի։ Երբ յաճախորդը մեկնի, անոնք ուսումնասիրութիւնը կը շարունակեն։

Կարելի եղաւ թէ՛ տնօրէնին եւ թէ հնակարկատին հանդիպիլ, քանի որ Վկաները նախաձեռնութիւնը առին իրենց «ուռկանները» նետելու տարբեր վայրերու մէջ։ Ժողովքիդ թաղամասին մէջ կա՞ն վայրեր, ուր կրնաս հանդիպիլ այն մարդոց, որ յաճախ տուն չեն գտնուիր։

[Նկար՝ էջ 24]

Կրնա՞ս օտարախօս դաշտի մէջ ծառայել