Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երախաները կրթելու մարտահրաւէրը ներկայիս

Երախաները կրթելու մարտահրաւէրը ներկայիս

Երախաները կրթելու մարտահրաւէրը ներկայիս

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ուշ ժամուն, ճաշարանատէրը ճաշարանը փակելու վրայ է, բայց երկու կիներ ու երախայ մը ներս կը մտնեն ու ճաշ կ’ապսպրեն։ Շատ յոգնած ըլլալով, ճաշարանատէրը կը մտածէ անոնց ըսել թէ ճաշարանը փակ է, բայց կ’որոշէ անոնց սպասարկել։ Մինչ երկու կիները կը խօսակցին ու կ’ուտեն, երախան ճաշարանին մէջ կը վազվռտէ, բլիթներ գետին նետելով ու զանոնք կոխկռտելով։ Փոխանակ երախան զսպելու, մայրը կը ժպտի։ Երբ յաճախորդները վերջապէս կը մեկնին, ուժասպառ ճաշարանատէրը կը ստիպուի ճաշատեղը մաքրել։

Այս պարագան ցոյց կու տայ, ինչպէս հաւանաբար գիտես, թէ շատ մը ընտանիքներ երախաները կրթելու մէջ անյաջող են։ Իսկ պատճառները այլազան են։ Կարգ մը ծնողներ թոյլ կու տան որ իրենց զաւակները իրենց ուզածը ընեն, խորհելով թէ երախաները անկաշկանդ պէտք է մեծնան։ Կամ՝ որովհետեւ ծնողները շատ զբաղած են, ժամանակ չեն տրամադրեր որ իրենց զաւակներուն մօտէն ուշադրութիւն ընծայեն ու հարկ եղած կրթութիւնը տան։ Կարգ մը ծնողներ կը խորհին որ իրենց զաւկին ուսումը ամենակարեւոր բանն է, ուստի անոր անսահման ազատութիւն կու տան, այնքան ատեն որ դպրոցին մէջ լաւ նիշեր կ’առնէ եւ անուանի քոլէճ կ’ընդունուի։

Սակայն ոմանք կ’ըսեն թէ ծնողներուն եւ ընդհանուր ընկերութեան արժէքները պէտք է ճշդուին։ Անոնք կ’առարկեն թէ երախաները սկսած են ամէն տեսակ ոճիրի միջամուխ ըլլալ եւ դպրոցին մէջ բռնարարքները վերելք կ’արձանագրեն։ Ուստի միջնակարգ վարժարանի մը տնօրէնը Սէուլի մէջ, Քորէայի Հանրապետութիւն, շեշտեց թէ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի երախաներու անձնաւորութիւնը կերտելուն։ Ան ըսաւ. «Լաւ նկարագիր կերտելէ ետք, կը սկսիս գիտութիւն մատակարարել»։

Ծնողներէն շատեր, որոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակը քոլէճ մտնէ ու կեանքի մէջ յաջողութիւն գտնէ, այսպիսի զգուշացումներու ականջ չեն կախեր։ Եթէ ծնող մըն ես, ի՞նչպիսի անձ մը կ’ուզես որ զաւակդ ըլլայ։ Բարոյականութեան տէր ու պատասխանատուութիւն կրող չափահա՞ս մը։ Մէկը որ յարմարող, լաւատես եւ ուրիշներու հանդէպ նկատառո՞ւ է։ Եթէ այո՛, հաճիս նկատի առնել յաջորդ յօդուածը։