Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»

«Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»

«Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»

«Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք . . . սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19, 20, ԱՎ

1. Փիլիպպոս աշակերտին ու Եթովպիացիին միջեւ ի՞նչ խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ։

ՄԱՐԴԸ Եթովպիայէն մինչեւ Երուսաղէմ եկած էր։ Հոն ան պաշտած էր իր սիրած Աստուածը՝ Եհովան։ Բացայայտ է թէ ան նաեւ կը սիրէր Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։ Մինչ իր կառքով բնագաւառ կը վերադառնար, ան Եսայի մարգարէին գրութիւնները կը կարդար, երբ Քրիստոսի մէկ աշակերտը՝ Փիլիպպոս իրեն հանդիպեցաւ։ Փիլիպպոս Եթովպիացիին հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Մարդը պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Փիլիպպոս սկսաւ Սուրբ Գրութիւններու այս անկեղծ աշակերտին օգնել որ Քրիստոսի աշակերտ դառնայ։—Գործք 8։26-39

2. (ա) Եթովպիացիին պատասխանը ի՞նչ կերպով իմաստալից էր։ (բ) Քրիստոսի աշակերտելու յանձնարարութեան վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Եթովպիացիին պատասխանը ուշադրութեան արժանի է։ Ան ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Այո, ան առաջնորդի մը կարիք ունէր։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ Յիսուսի որոշ մէկ հրահանգին կարեւորութիւնը, որ պարփակեց աշակերտելու յանձնարարութեան մէջ։ Ո՞ր հրահանգը։ Պատասխանը առնելու համար, շարունակենք նկատի առնել Մատթէոս 28–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։ Նախորդ յօդուածը կեդրոնացաւ ինչո՞ւ եւ ո՞ւր հարցումներուն վրայ։ Այժմ նկատի պիտի առնենք Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրին վերաբերեալ երկու այլ հարցումներ՝ ի՞նչ եւ ե՞րբ։

«Սորվեցուցէ՛ք Անոնց Պահել Ամէն Ինչ որ Պատուիրեցի»

3. (ա) Անհատ մը ի՞նչպէս Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ կը դառնայ։ (բ) Աշակերտելը ի՞նչ բան սորվեցնել կը պարփակէ։

3 Ի՞նչ պէտք է սորվեցնենք, ուրիշներուն օգնելու որ Քրիստոսի աշակերտներ դառնան։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»։ (Մատթէոս 28։19, 20, ԱՎ) Ուստի Քրիստոսի պատուիրած բաները պէտք է սորվեցնենք։ * Սակայն ի՞նչ կարելի է ընել որպէսզի Յիսուսի պատուիրանները սորված անհատը, ո՛չ միայն աշակերտ ըլլայ, այլ նաեւ՝ մնա՛յ աշակերտ։ Բանալի ազդակ մը կրնանք գտնել Յիսուսի ուշադիր կերպով ընտրած բառերուն մէջ։ Նկատէ թէ ան պարզապէս չըսաւ. ‘Սորվեցուցէ՛ք անոնց ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի’։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի»։ (Մատթէոս 19։17) Ասկէ ի՞նչ կը հասկնանք։

4. (ա) Պատուիրան մը պահել ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք անհատի մը սորվեցնել որ Քրիստոսի պատուիրանները պահէ։

4 Պատուիրան մը պահել կը նշանակէ՝ զայն կատարել, գործադրել, եւ յարգել։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք անհատի մը սորվեցնել Քրիստոսի պատուիրած բաները պահել կամ գործադրել։ Նկատի առ թէ ինքնաշարժ վարել ուսուցանողը ի՛նչպէս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ երթեւեկի կանոնները պահել։ Ան նախ անոնց երթեւեկի կանոնները կը սորվեցնէ դասարանին մէջ։ Իսկ անոնց սորվեցնելու համար ի՛նչպէս այդ կանոնները պահել, ան աշակերտները պէտք է առաջնորդէ, մինչ ինքնաշարժը կը վարեն ու կը ջանան իրենց սորվածները կիրարկել։ Նմանապէս, երբ մարդոց հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, Քրիստոսի պատուիրանները անոնց կը սորվեցնենք։ Սակայն աշակերտները նաեւ պէտք է առաջնորդենք, մինչ կը ջանան Քրիստոսի հրահանգները գործադրել իրենց առօրեայ կեանքին եւ ծառայութեան մէջ։ (Յովհաննու 14։15. Ա. Յովհաննու 2։3) Ուստի Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրը լրիւ կատարելը կը պահանջէ որ ըլլանք թէ՛ ուսուցիչներ եւ թէ առաջնորդներ։ Այս կերպով կը հետեւինք Յիսուսի ու Եհովայի օրինակին։—Սաղմոս 48։14. Յայտնութիւն 7։17

5. Մեր Աստուածաշունչի աշակերտը ինչո՞ւ կրնայ վարանիլ Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրին հնազանդելու։

5 Ուրիշներուն սորվեցնելը որ Յիսուսի պատուիրանները պահեն, կը պարփակէ անոնց օգնել որ աշակերտելու պատուէրին հնազանդին։ Մեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանց համար, ասիկա կրնայ դժուար բան մը ըլլալ։ Նոյնիսկ եթէ անոնք նախապէս Քրիստոնեայ Աշխարհի մէկ եկեղեցիին մէջ գործունեայ անդամներ էին, անհաւանական է որ անոնց կրօնական ուսուցիչները իրենց սորվեցուցած ըլլան որ երթան ու աշակերտեն։ Կարգ մը եկեղեցական առաջնորդներ պարզօրէն կը խոստովանին թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները ամբողջովին չեն յաջողած իրենց հօտին սորվեցնել որ աւետարանեն։ Ամէն տեսակ մարդիկ աշակերտելու Յիսուսի պատուէրին մասին խօսելով, Աստուածաշունչի ուսումնական Ճոն Ռ. Ու. Սթաթ նշեց. «Այս պատուէրին նշանակութեան մեր չհնազանդիլը, աւետարանչութեան մարզին մէջ աւետարանչական Քրիստոնեաներուն մեծագոյն տկարութիւնն է ներկայիս»։ Ան աւելցուց. «Հակամէտ ենք մեր պատգամը հեռուէն ծանուցանելու։ Երբեմն կը նմանինք անոնց որ ծովեզերքը ապահով տեղէ խրատներ կը տեղացնեն խեղդուող անհատներու վրայ։ Ծով չենք նետուիր զանոնք ազատելու համար։ Կը վախնանք որ թրջուինք»։

6. (ա) Երբ Աստուածաշունչի աշակերտի մը կ’օգնենք, ի՞նչպէս կրնանք Փիլիպպոսի օրինակին հետեւիլ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք մեր հետաքրքրութիւնը ցոյց տալ, երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը սկսի քարոզչութեան մասնակցիլ։

6 Եթէ անհատը որուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, նախապէս կը պատկանէր կրօնքի մը, որուն անդամները ‘կը վախնան թրջուելէ’, իրեն համար ջուր իջնելու վախը յաղթահարելը եւ Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրին հնազանդիլը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ան օգնութեան կարիք ունի։ Ուստի համբերութեամբ անոր տանք իր հասկացողութիւնը խորացնող եւ զինք գործի լծող ցուցմունքներ ու առաջնորդութիւն, ճիշդ ինչպէս որ Փիլիպպոսի ուսուցումները Եթովպիացին լուսաւորեցին եւ մղեցին որ մկրտուի։ (Յովհաննու 16։13. Գործք 8։35-38) Ասկէ զատ, մեր փափաքը որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն սորվեցնենք աշակերտելու պատուէրը պահել, մեզ կը մղէ որ անոնց կողքին ըլլանք զիրենք առաջնորդելու համար, երբ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ իրենց առաջին քայլերը առնեն։—Ժողովողի 4։9, 10. Ղուկաս 6։40

«Ամէն Ինչ որ Պատուիրեցի»

7. Ուրիշներուն սորվեցնել «պահել ամէն ինչ որ պատուիրեց» Յիսուս, կը պարփակէ ո՞ր պատուիրանները սորվեցնել։

7 Մենք նոր աշակերտներուն միայն աշակերտել չենք սորվեցներ։ Յիսուս հրահանգեց որ ուրիշներուն սորվեցնենք «պահել ամէն ինչ որ պատուիրեց»։ Վստահաբար ասիկա կը պարփակէ երկու մեծագոյն պատուիրանները,– Աստուած սիրել ու դրացին սիրել։ (Մատթէոս 22։37-39) Ի՞նչպէս կրնանք նոր աշակերտի մը սորվեցնել որ այս պատուիրանները պահէ։

8. Բացատրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է նոր աշակերտի մը սորվեցնել սէր ցոյց տալու պատուէրը։

8 Դարձեալ նկատի առ ինքնաշարժ վարել սորվողին օրինակը։ Մինչ աշակերտը ինքնաշարժը կը վարէ իր ուսուցիչին հետ, ան ո՛չ միայն ուսուցիչին մտիկ ընելով կը սորվի, այլ նաեւ՝ միւս շարժավարները դիտելով։ Օրինակ, ուսուցիչը կրնայ ուշադրութեան յանձնել շարժավար մը, որ ազնուօրէն ուրիշի թոյլ կու տայ որ իրմէ առաջ անցնի. կամ՝ շարժավար մը որ քաղաքավարօրէն իր ինքնաշարժին լոյսերը կը մեղմացնէ, դիմացի շարժավարներուն նեղութիւն չտալու համար. կամ՝ շարժավար մը որ սիրայօժարօրէն կ’օգնէ մէկու մը, որուն ինքնաշարժը աւրուած է։ Այս օրինակները աշակերտին կը սորվեցնեն արժէքաւոր դասեր, որոնք կրնայ գործադրել երբ շարժավարէ։ Նմանապէս, դէպի կեանք տանող ճամբուն մէջ քալող նոր աշակերտ մը, ո՛չ միայն իր ուսուցիչէն կը սորվի, այլ նաեւ՝ ժողովքին մէջ իր տեսած ընտիր օրինակներէն։—Մատթէոս 7։13, 14

9. Նոր աշակերտ մը ի՞նչպէս կը սորվի սէր ցոյց տալու պատուէրը պահելուն նշանակութիւնը։

9 Օրինակ, Աստուածաշունչի աշակերտ մը կրնայ նկատել միածնող մը, որ մեծ ջանք կը թափէ Թագաւորութեան Սրահ գալու իր փոքր զաւակներուն հետ։ Ան կրնայ տեսնել վհատած քոյր մը որ հաւատարմօրէն ժողովներու կու գայ, հակառակ ընկճուածութեան դէմ իր մղած պայքարին, տարեց որբեւայրի մը՝ որ իր ինքնաշարժով ուրիշ տարեցներ իւրաքանչիւր ժողովի կը բերէ, կամ դեռատի մը՝ որ Թագաւորութեան Սրահի մաքրութեան կը մասնակցի։ Աստուածաշունչի աշակերտը կրնայ նկատել ժողովքի երէց մը, որ հաւատարմօրէն դաշտի ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ, հակառակ իր ժողովքային բազմաթիւ պատասխանատուութիւններուն։ Ան կրնայ ծանօթանալ անկարող ու տունէն դուրս չելլող Վկայի մը, որ իրեն այցելող բոլոր անհատներուն հոգեւոր քաջալերութեան աղբիւր մըն է։ Աշակերտը կրնայ նկատել ամոլ մը, որ իրենց կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ կը մտցնեն, որպէսզի իրենց տարիքոտ ծնողները խնամեն։ Այսպիսի քաղցր, օգնական ու վստահելի Քրիստոնեաներ տեսնելով, նոր աշակերտը օրինակով կը սորվի թէ Աստուած ու ընկերը, մանաւանդ հաւատակիցները սիրելու Քրիստոսի պատուէրին հնազանդիլը ի՛նչ կը նշանակէ։ (Առակաց 24։32. Յովհաննու 13։35. Գաղատացիս 6։10. Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8. Ա. Պետրոս 5։2, 3) Այս կերպով քրիստոնէական ժողովքին իւրաքանչիւր անդամ ուսուցիչ եւ առաջնորդ կրնայ ըլլալ, եւ պէտք է ըլլայ։—Մատթէոս 5։16

«Մինչեւ Աշխարհի Վախճանը»

10. (ա) Ո՞րքան ժամանակ պիտի շարունակենք աշակերտել։ (բ) Նշանակումներ կատարելու առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

10 Մինչեւ ե՞րբ պէտք է շարունակենք աշակերտել։ «Մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ (Մատթէոս 28։20, ԱՎ) Յիսուսի յանձնարարութեան այս երեսակը պիտի կարենա՞նք կատարել։ Որպէս համաշխարհային ժողովք, վճռած ենք ասիկա ընել։ Անցեալ տարիներուն, ուրախութեամբ մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները տրամադրեցինք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» եղողները գտնելու համար։ (Գործք 13։48) Ներկայիս, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ամէն օր միջին հաշուով 3 միլիոն ժամ կը յատկացնեն Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին համար։ Ասիկա կ’ընենք, քանի որ Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք։ Ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս՝ գործադրել է զիս ղրկողին կամքը, եւ աւարտել անոր գործը»։ (Յովհաննու 4։34, ԱՎ) Մեր անկեղծ փափաքն ալ այս է։ (Յովհաննու 20։21) Կ’ուզենք մեզի վստահուած գործը սկսելէն աւելին ընել. կ’ուզենք զայն աւարտել։—Մատթէոս 24։13. Յովհաննու 17։4

11. Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանց ի՞նչ պատահած է, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարց պէտք է տանք։

11 Սակայն ցաւօք սրտի, մեր հաւատակիցներէն ոմանք հոգեւորապէս տկարացած են, եւ հետեւաբար Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրը կատարելու մէջ դանդաղած են կամ՝ դադրած են։ Կրնա՞նք ձեւով մը անոնց օգնել որ վերսկսին ժողովքին հետ ընկերակցիլ եւ աշակերտելու գործին մասնակցիլ։ (Հռովմայեցիս 15։1. Եբրայեցիս 12։12) Այն կերպը, որով Յիսուս իր առաքեալներուն օգնեց երբ ժամանակաւորապէս տկարացած էին, ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կրնանք ընել ներկայիս։

Հետաքրքրութիւն Ցուցաբերէ

12. (ա) Յիսուսի մահէն քիչ առաջ, իր առաքեալները ի՞նչ ըրին։ (բ) Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ, հակառակ անոնց դրսեւորած լուրջ տկարութիւններուն։

12 Երկրի վրայ Յիսուսի ծառայութեան վերջաւորութեան, երբ իր մահը մօտալուտ էր, առաքեալները «թողուցին զանիկա ու փախան»։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, անոնք ‘ցիրուցան եղան՝ ամէն մէկը իր տեղը’։ (Մարկոս 14։50. Յովհաննու 16։32) Յիսուս հոգեւորապէս տկարացած իր ընկերակիցներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ Իր յարութենէն քիչ ետք, Յիսուս իր հետեւորդներէն ոմանց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։ (Մատթէոս 28։10) Թէեւ առաքեալները լուրջ տկարութիւններ դրսեւորած էին, սակայն Յիսուս շարունակեց զիրենք «իմ եղբայրներս» կոչել։ (Մատթէոս 12։49) Ան անոնց հանդէպ իր վստահութիւնը չէր կորսնցուցած։ Այս կերպով Յիսուս ողորմած ու ներող էր, ճիշդ ինչպէս Եհովան ողորմած ու ներող է։ (Դ. Թագաւորաց 13։23) Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

13. Ի՞նչպէս պէտք է նկատենք հոգեւորապէս տկարացած անհատները։

13 Խոր հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերենք անոնց հանդէպ, որ ծառայութեան մէջ դանդաղած են կամ այլեւս չեն մասնակցիր։ Տակաւին կը յիշենք այս հաւատակիցներուն անցեալին կատարած սիրոյ գործերը,– ոմանք՝ թերեւս տասնամեակներ շարունակ։ (Եբրայեցիս 6։10) Անոնց ընկերակցութիւնը իրապէս կը կարօտնանք։ (Ղուկաս 15։4-7. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։17) Ուստի ի՞նչպէս կրնանք անոնց հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը արտայայտել։

14. Յիսուսը ընդօրինակելով ի՞նչպէս կրնանք տկար անհատի մը օգնել։

14 Յիսուս վհատած առաքեալներուն ըսաւ որ Գալիլիա երթան եւ հոն զինք պիտի տեսնեն։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս զանոնք մասնայատուկ ժողովի մը հրաւիրեց։ (Մատթէոս 28։10) Նմանապէս այսօր, հոգեւորապէս տկար եղողները կը քաջալերենք,– թերեւս կրկին անգամ,– որ քրիստոնէական ժողովքի ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Առաքեալներուն պարագային, հրաւէրը արդիւնաբեր եղաւ, քանի որ «տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր»։ (Մատթէոս 28։16) Որքա՜ն կ’ուրախանանք, երբ տկար անհատներ նոյնպէս ընդառաջեն մեր ջերմ հրաւէրներուն եւ վերսկսին քրիստոնէական ժողովներու յաճախել։—Ղուկաս 15։6

15. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, մեր պաշտամունքի վայրը եկող տկար անհատներուն բարի գալուստ մաղթելով։

15 Ի՞նչպէս պիտի վարուինք, երբ տկար Քրիստոնեայ մը Թագաւորութեան Սրահ գայ։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ իր առաքեալները, որոնց հաւատքը ժամանակաւորապէս տկարացած էր, ժողովի որոշուած վայրը եկան։ «Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց»։ (Մատթէոս 28։18) Ան անտարբեր չգտնուեցաւ, այլ անոնց մօտեցաւ։ Առաքեալները որքա՜ն հանգստացած զգալու էին, երբ Յիսուս այս նախաքայլը առաւ։ Թող որ մենք ալ նախաքայլը առնենք եւ ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթենք հոգեւորապէս տկար եղողներուն, որոնք ջանք կը թափեն քրիստոնէական ժողովքին վերադառնալու։

16. (ա) Իր հետեւորդներուն հետ Յիսուսի վարուելակերպէն ի՞նչ կը սորվինք։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք տկար եղողներուն հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը արտացոլացնել։ (Տես ստորանիշը։)

16 Յիսուս ուրիշ ի՞նչ ըրաւ։ Նախ, ան ծանուցում մը ըրաւ. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ»։ Երկրորդ, ան նշանակում մը տուաւ. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»։ Երրորդ, ան խոստացաւ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»։ Բայց նկատեցի՞ր թէ Յիսուս ի՛նչ բան չըրաւ։ Ան աշակերտները չյանդիմանեց իրենց թերացումներուն եւ կասկածներուն համար։ (Մատթէոս 28։17) Անոր մօտեցումը ազդո՞ւ էր։ Այո՛։ Շատ չանցած, առաքեալները անգամ մը եւս սկսան ‘սորվեցնել ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզել’։ (Գործք 5։42) Տկար անհատները ի՛նչպէս նկատելու եւ անոնց հետ ի՛նչպէս վարուելու Յիսուսի օրինակին հետեւելով, կրնանք մեր ժողովքին մէջ համանման սրտաշէն արդիւնքներ տեսնել։ *Գործք 20։35

«Ամէն Օր Ես Ձեզի Հետ Եմ»

17, 18. Յիսուսի խօսքը՝ «ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»՝ կը բովանդակէ ի՞նչ ամրապնդիչ գաղափարներ։

17 Յիսուսի յանձնարարութեան վերջին խօսքը՝ «ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»՝ կը բովանդակէ ամրապնդիչ գաղափար մը բոլոր անոնց, որ կը ջանան Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրը կատարել։ Թշնամիներ մեր Թագաւորութեան քարոզչութեան դէմ ի՛նչ հակառակութիւն ալ հրահրեն եւ մեզի դէմ ի՛նչ զրպարտութիւններ ալ ընեն, վախնալու պատճառ չունինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս՝ մեր Առաջնորդը, որ ‘ամէն իշխանութիւն ունի երկինքի մէջ ու երկրի վրայ’, մեզի հետ է՝ մեզի զօրավիգ կանգնելու համար։

18 Յիսուսի խոստումը՝ «ամէն օր ես ձեզի հետ եմ»՝ նաեւ մեծ մխիթարութեան աղբիւր մըն է։ Մինչ կը ջանանք Քրիստոսի աշակերտելու պատուէրը կատարել, ո՛չ միայն ուրախ օրեր կ’ունենանք, այլ նաեւ՝ տխուր օրեր։ (Բ. Մնացորդաց 6։29) Մեզմէ ոմանք վշտալից ժամանակներ կ’անցընեն, շատ սիրելիի մը մահուան համար սգալով։ (Ծննդոց 23։2. Յովհաննու 11։33-36) Ուրիշներ ծերութեան դժուարութիւնները կը դիմագրաւեն, մինչ առողջութիւնը եւ կորովը կը հատնին։ (Ժողովողի 12։1-6) Տակաւին ուրիշներ ընկճուածութենէ կը տառապին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Իսկ մեզմէ շատեր տնտեսական խիստ պայմաններու ներքեւ են։ Այսուհանդերձ, հակառակ այս դժուարութիւններուն, մեր ծառայութեան մէջ կը յաջողինք, քանի որ Յիսուս «ամէն օր» մեզի հետ է, ի ներառեալ մեր կեանքի ամենէն մռայլ օրերը։—Մատթէոս 11։28-30

19. (ա) Յիսուսի աշակերտելու յանձնարարութիւնը ի՞նչ ցուցմունքներ կը բովանդակէ։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ Քրիստոսի յանձնարարութիւնը կատարելու։

19 Ինչպէս տեսանք այս ու նախորդ յօդուածին մէջ, Յիսուսի աշակերտելու յանձնարարութիւնը համապարփակ է։ Յիսուս մեզի ըսաւ թէ ինչո՛ւ եւ ո՛ւր իր պատուէրը պէտք է կատարենք։ Ան նաեւ մեզի ըսաւ թէ ի՛նչ ու մինչեւ ե՛րբ պէտք է սորվեցնենք։ Ճիշդ է որ այս մեծ յանձնարարութիւնը կատարելը մարտահրաւէր մըն է։ Բայց քանի որ Քրիստոսի հեղինակութիւնը մեզի նեցուկ կը կանգնի ու ան մեր կողքին է, կրնա՛նք զայն կատարել, այդպէս չէ՞։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ թէ Յիսուս ըսաւ. «Մկրտեցէ՛ք զանոնք . . . սորվեցուցէ՛ք անոնց», եւ ո՛չ թէ՝ ‘մկրտեցէ՛ք զանոնք եւ սորվեցուցէ՛ք անոնց’։ Հետեւաբար, մկրտելու ու սորվեցնելու պատուէրը «չի նշանակեր թէ անոնք . . . երկու յաջորդական քայլեր են»։ Փոխարէն, «սորվեցնելը շարունակական գործընթաց է, որ մասամբ մկրտութենէն առաջ կը սկսի . . . եւ մասամբ մկրտութենէն ետք կը շարունակուի»։

^ պարբ. 16 Տկար եղողները ի՛նչպէս նկատելու եւ անոնց ի՛նչպէս օգնելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Դիտարան 1 Փետրուար 2003, էջ 24-26։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս ուրիշներուն կը սորվեցնենք որ Յիսուսի պատուիրածը պահեն։

• Նոր աշակերտ մը ժողովքին անդամներէն ի՞նչ դասեր կրնայ սորվիլ։

• Ի՞նչպէս կրնանք օգնել հոգեւորապէս տկարացած անհատներուն։

• Յիսուսի խոստումէն՝ «ամէն օր ես ձեզի հետ եմ», ի՞նչ զօրութիւն ու մխիթարութիւն կը քաղենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 27]

Թէ՛ ուսուցիչներ եւ թէ առաջնորդներ պէտք է ըլլանք

[Նկարներ՝ էջ 29]

Նոր աշակերտը ուրիշներու օրինակէն արժէքաւոր դասեր կը սորվի