Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութիւնը՝ ներկայիս իրականութիւն մըն է

Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութիւնը՝ ներկայիս իրականութիւն մըն է

Աստուծոյ Թագաւորութեան կառավարութիւնը՝ ներկայիս իրականութիւն մըն է

«Ի՞նչպէս կարելի է որ բազմաթիւ երկիրներ միախոհ ըլլան, երբ բոլորովին տարբեր մշակոյթներ ու զարգացման տարբեր մակարդակներ ունին։ Ըսուած է թէ միայն այլ մոլորակէ կատարուած յարձակում մը պիտի միացնէ մարդկային ցեղը»։—The Age, աւստրալիական լրագիր

ՈՒՐԻՇ մոլորակէ յարձակո՞ւմ։ Թէեւ չենք գիտեր թէ ասիկա երկրագունդի բոլոր ազգերը պիտի միացնէ թէ ոչ, սակայն Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը խօսին մօտահաս տագնապի մը մասին, որ պատճառ պիտի ըլլայ որ ազգերը ձեռք ձեռքի տան։ Իսկ տագնապին ետին եղողը արդարեւ արտերկրային ոյժեր պիտի ըլլան։

Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը մարգարէաբար խօսեցաւ այս համաշխարհային կացութեան մասին։ Աստուածային ներշնչման ներքեւ ան գրեց. «Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ, ըսելով. ‘Կոտրե՛նք անոնց կապերը, ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը’»։ (Սաղմոս 2։2, 3. Գործք 4։25, 26) Նկատէ թէ երկրի կառավարիչները պիտի համախմբուին Եհովայի՝ տիեզերքի Ստեղծիչին ու իր օծեալին, կամ իր նշանակած թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի դէմ։ Ասիկա ի՞նչպէս տեղի պիտի ունենայ։

Ըստ Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան եւ կատարուած մարգարէութիւններուն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին երկինքի մէջ հաստատուեցաւ, Յիսուս Քրիստոսը իբր թագաւոր ունենալով։ * Այդ ժամանակ, աշխարհի ազգերը հասարակաց մէկ միտք ունէին։ Փոխանակ Աստուծոյ նորահաստատ Թագաւորութեան գերիշխանութեան ենթարկուելու, անոնք իշխանութեան համար մասնակցեցան Մեծ Պատերազմին, կամ Ա. Աշխարհամարտին։

Եհովա Աստուած մարդկային կառավարիչներուն այս հակազդեցութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։ «Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։ Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք»։ Ապա, Եհովա իր Որդիին՝ Թագաւորութեան օծեալ թագաւորին պիտի ըսէ. «Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։ Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։—Սաղմոս 2։4, 5, 8, 9

Հակառակող ազգերուն այս վերջնական կործանումը երկաթէ գաւազանով տեղի պիտի ունենայ Արմագեդոնին։ Աստուածաշունչին վերջին գիրքը՝ Յայտնութիւնը այս դէպքը կը նկարագրէ որպէս «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը, որուն համար «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը կը համախմբուին։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Դիւային ազդեցութեան ներքեւ, երկրի ազգերը ի վերջոյ պիտի միանան մէկ նպատակով,– Ամենակալ Աստուծոյ դէմ պատերազմելու։

Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ պատերազմելու նպատակով մարդոց համախմբուելուն ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ։ Ծիծաղելին այն է թէ անոնց «միութիւնը» անհատական օգուտներ պիտի չբերէ։ Փոխարէն, անոնց արարքը պիտի առաջնորդէ մարդկութեան երկար ատենէ սպասած խաղաղութեան։ Ի՞նչպէս։ Այդ վերջնական պատերազմին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աշխարհի «բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Ո՛չ թէ մարդկային կազմակերպութիւն մը, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ այն կառավարութիւնը, որ մարդկութեան փափաքած համաշխարհային խաղաղութիւնը պիտի իրագործէ։

Թագաւորութեան Կառավարութեան Գլխաւոր Ղեկավարը

Ասիկա այն Թագաւորութիւնն է, որուն համար բազմաթիւ անկեղծ անհատներ աղօթած են, ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Փոխանակ սիրտի վերացական վիճակ ըլլալու, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական կառավարութիւն մըն է, որ 1914–ին երկինքի մէջ հաստատուելէ ի վեր սքանչելի բաներ կ’իրագործէ։ Նկատի առնենք կարգ մը բանալի ազդակներ, որոնք կ’ապացուցանեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայիս իրականութիւն մըն է եւ լիովին գործի լծուած է։

Նախ եւ առաջ, անիկա գահակալուած թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ զօրաւոր ու ատակ գործադիր մարմին ունի։ Հ.Դ. 33–ին, Եհովա Աստուած Յիսուս Քրիստոսը նշանակեց իբր քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։ (Եփեսացիս 1։22) Անկէ ի վեր Յիսուս իր գլխաւորութիւնը ի գործ կը դնէ, իր վարչական կարողութիւնը ցոյց տալով։ Օրինակ, առաջին դարուն երբ մեծ սով մը Հրէաստանը պիտի հարուածէր, քրիստոնէական ժողովքը անմիջապէս իր անդամներուն օգնութեան փութաց։ Նպաստ հայթայթելու կարգադրութիւն եղաւ, եւ Բառնաբաս ու Սօղոս Անտիոքէն ղրկուեցան որ օգնութիւն հասցնեն։—Գործք 11։27-30

Այժմ կրնանք ասկէ աւելին ակնկալել Յիսուս Քրիստոսէ, Թագաւորութեան կառավարութիւնը գործի վրայ ըլլալով։ Երբ հարուածեն աղէտներ,– երկրաշարժ, սով, հեղեղ, ոլորամրրիկ, փոթորիկ կամ հրաբխային ժայթքում,– Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական ժողովքը անմիջապէս կը փութայ աղէտեալ գօտիին մէջ բնակող հաւատակիցներուն եւ ուրիշներու օգնութեան։ Օրինակ, երբ Յունուար ու Փետրուար 2001–ին կործանարար երկրաշարժներ Էլ Սալվատորը հարուածեցին, երկրին ամէն կողմերը կազմակերպուեցան նպաստ հայթայթելու կարգադրութիւններ, իսկ Գանատայէն, Կուաթեմալայէն ու Միացեալ Նահանգներէն Եհովայի Վկաներու խումբեր ձեռք տուին։ Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, անոնք երեք ժողովասրահներ ու աւելի քան 500 տուներ վերաշինեցին։

Աստուծոյ Թագաւորութեան Հպատակները

1914–ին հաստատուելէ ի վեր, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը աշխարհի չորս ծագերէն իր հպատակները կը հաւաքէ ու կը կազմակերպէ։ Ասիկա Եսայիի կողմէ արձանագրուած յատկանշական մարգարէութեան մը կատարումն է. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը [իր բարձրացուած ճշմարիտ պաշտամունքը] լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, . . . բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր»։ Մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ «շատ ժողովուրդներ» այդ լեռը պիտի ելլեն ու Եհովայի հրահանգներն ու օրէնքները պիտի ընդունին։—Եսայեայ 2։2, 3

Այս գործունէութիւնը, արդի ժամանակներու ամենէն յատկանշական շարժումը յառաջ բերած է,– միջազգային եղբայրութիւն մը որ աւելի քան 6,000,000 Քրիստոնեաներէ կը բաղկանայ, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Եհովայի Վկաներու միջազգային համաժողովներուն, դիտորդներ յաճախ կ’ապշին տեսնելով մեծ ամբոխներուն ցուցաբերած սէրը, խաղաղութիւնն ու միութիւնը, յաղթահարելով ազգայնական, մշակութային ու լեզուական խոչընդոտները։ (Գործք 10։34, 35) Չե՞ս համաձայնիր թէ հարիւրաւոր էթնիք խումբեր խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ իրարու քով հաւաքելու կարող ըլլալու համար, կառավարութիւն մը պէտք է ազդու, կայուն ե՛ւ իրական ըլլայ։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Կրթութիւնը

Ամէն կառավարութիւն չափանիշներ ունի եւ անոր հպատակներէն կ’ակնկալուի որ անոնց գոհացում տան, իսկ ոեւէ անհատ որ կը փափաքի այդ կառավարութեան ներքեւ ապրիլ, այդ չափանիշներուն պէտք է գոհացում տայ։ Նմանապէս, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չափանիշներ ունի եւ մէկը անոր հպատակը ըլլալու համար, պէտք է անոնց գոհացում տայ։ Սակայն, որպէսզի շատ տարբեր ենթահողեր ունեցող բազմաթիւ անհատներ կարենան նոյն չափանիշները ընդունիլ եւ անոնց համաձայն ապրիլ, վստահաբար մեծ ձեռնարկի մը կարիք կայ։ Ահաւասիկ ուրիշ ազդակ մը որ կը վկայէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրականութիւն մըն է,– անոր կրթութեան ազդու յայտագիրը, որ կը հասնի ու կը փոխակերպէ թէ՛ միտքը եւ թէ սիրտը։

Թագաւորութեան կառավարութիւնը այս դժուար պարտականութիւնը ի՞նչպէս կը կատարէ։ Տունէ տուն քարոզելու եւ Աստուծոյ Խօսքը անհատապէս սորվեցնելու առաքելական մեթոտով։ (Գործք 5։42. 20։20) Կրթութեան այս մեթոտը ո՞րքան ազդու է։ Ժագ Ճոնսըն անունով Կաթողիկէ վարդապետ մը, գանատական շաբաթաթերթի մը մէջ գրեց թէ ի՛նչպէս ջանաց կին մը տարհամոզել որ Եհովայի Վկաներուն հետ չուսումնասիրէ։ «Ամչցած՝ անդրադարձայ որ ի զուր կը մաքառիմ», ըսաւ ան։ «Սկսայ ըմբռնել որ քանի մը ամսուան ընթացքին այս Եհովայի Վկայ կիները իմաստալից յարաբերութիւններ մշակած էին ֆիզիքապէս անկարող այս երիտասարդ մօր հետ՝ իրեն օգնելով, իրեն հետ բարեկամանալով ու սրտագին կապեր հաստատելով։ Ան շուտով անոնց կրօնքին մէջ գործունեայ անդամ մը դարձաւ, եւ չկրցայ որեւէ կերպով արգելք հանդիսանալ»։ Ճիշդ ինչպէս Եհովայի Վկաներու ուսուցանած աստուածաշնչական պատգամը եւ անոնց քրիստոնէական վարքը այս նախկին Կաթողիկէ մօր սիրտին դպան, նոյնպէս կը դպչին համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու սիրտին։

Այս կրթութիւնը՝ Թագաւորութեան կրթութիւնը՝ կը կեդրոնանայ Աստուածաշունչին վրայ, անոր արժէքները եւ բարոյական չափանիշները վեր բռնելով։ Անիկա մարդոց կը սորվեցնէ իրար սիրել ու պատուել, ի՛նչ որ ալ ըլլայ իրենց ենթահողը։ (Յովհաննու 13։34, 35) Անիկա նաեւ կ’օգնէ մարդոց որ սա յորդորին անսան. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2, ԱՎ) Իրենց նախկին կենցաղը լքելով եւ ուրախութեամբ Թագաւորութեան կառավարութեան օրէնքներուն ու սկզբունքներուն ենթարկուելով, միլիոնաւորներ գտած են խաղաղութիւն ու երջանկութիւն, ինչպէս նաեւ ապագայի նկատմամբ պայծառ հեռանկարներ։—Կողոսացիս 3։9-11

Այս համաշխարհային միութեան յատկապէս կը նպաստէ այս Դիտարան պարբերաթերթը։ Թարգմանութեան համակարգ մեթոտներու եւ բազմալեզու համակարգիչներու շնորհիւ, Դիտարան–ի գլխաւոր յօդուածները միաժամանակ կը հրատարակուին 135 լեզուներով, եւ համայն աշխարհի մէջ անոր ընթերցողներուն աւելի քան 95 տոկոսը կրնայ միաժամանակ զայն ուսումնասիրել մայրենի լեզուով։

Մորմոն հեղինակ մը ցուցակագրեց իր եկեղեցիէն դուրս արձանագրուած բացառիկ միսիոնարական յաջողութիւնները։ Ան սեպեց Եհովայի Վկաներուն հրատարակած Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը լաւագոյն աւետարանիչ պարբերաթերթերը։ Ան ըսաւ. «Ո՛չ ոք կրնայ Դիտարանը կամ Զարթի՛րը ամբաստանել ինքնագոհութիւն քաջալերելու յանցանքով. ընդհակառակը, անոնք արթնութիւնը կ’արծարծեն, ինչ որ այլ կրօնական գրականութիւններու մէջ հազուագիւտ է։ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը իրողութիւններու վրայ հիմնուած, լաւ հետազօտուած ու իրատես բովանդակութեամբ կը թարմացնեն»։

Շատ ապացոյցներ կան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրականութիւն մըն է եւ լիովին գործի լծուած է։ Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ եւ աշխուժօրէն «արքայութեան այս աւետարանը» կը բաժնեն իրենց դրացիներուն հետ, զիրենք հրաւիրելով որ անոր հպատակները դառնան։ (Մատթէոս 24։14) Այս հեռանկարը սիրտիդ կը խօսի՞։ Կրնաս օրհնութիւններ վայելել՝ ընկերակցելով անոնց հետ, որ Թագաւորութեան չափանիշները կը սորվին ու անոնց համաձայն կ’ապրին։ Ասկէ աւելի, կրնաս Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ ապրելու հեռանկարը ունենալ, ուր «արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ, գլուխ 10, «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ», էջ 90-97, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 5]

1914–ին ազգերը համաշխարհային պատերազմի մը միջամուխ եղան

[Նկարներ՝ էջ 6]

Կամաւոր նպաստը քրիստոնէական գործնական սէրը կ’ապացուցանէ

[Նկար՝ էջ 7]

Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները կրթութեան նոյն յայտագրէն կ’օգտուին