Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Թուոց գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ելլելէ ետք, Իսրայելացիները իբր ազգ կազմակերպուեցան։ Անկէ քիչ ետք, անոնք կրնային Խոստացեալ Երկիրը մտնել, բայց չմտան։ Փոխարէն, անոնք ստիպուեցան թափառիլ գրեթէ չորս տասնամեակ «մեծ ու ահաւոր» անապատի մէջ։ (Բ. Օրինաց 8։15, ԱՎ) Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչի Թուոց գիրքին պատմական արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ։ Անիկա մեր միտքին մէջ պէտք է դրոշմէ Եհովա Աստուծոյ հնազանդելու ու իր ներկայացուցիչները յարգելու կարեւորութիւնը։

Մովսէսի կողմէ գրուած՝ անապատին եւ Մովաբի դաշտերուն մէջ, Թուոց գիրքը կը ծածկէ 38 տարի ու 9 ամիս,– Հ.Դ.Ա. 1512–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 1473։ (Թուոց 1։1. Բ. Օրինաց 1։3) Անոր անունը ծագում առած է Իսրայելացիներու երկու մարդահամարներէն. երկրորդը տեղի ունեցաւ առաջինէն շուրջ 38 տարի ետք։ (Գլուխ 1-4, 26) Պատմութիւնը երեք մասերու բաժնուած է։ Առաջին մասը կը պատմէ Սինա լերան քով տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Երկրորդ մասը կը ծածկէ անապատին մէջ Իսրայէլի թափառումի ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերը։ Իսկ վերջին մասը նկատի կ’առնէ ինչ որ տեղի ունեցաւ Մովաբի դաշտերուն մէջ։ Մինչ այս արձանագրութիւնը կը կարդաս, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս միջադէպերը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնեն։ Այս գիրքին մէջ սկզբունքներ կա՞ն, որոնք կրնան ներկայիս ինծի օգտել’։

ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՔՈՎ

(Թուոց 1։1–10։10)

Երկու մարդահամարներուն առաջինը տեղի կ’ունենայ, մինչ Իսրայելացիները տակաւին Սինա լերան ստորոտը կը գտնուին։ Ղեւտացիներէն զատ, 20 տարեկանէն վեր բոլոր արուներուն համրանքը՝ 603,550 է։ Բացայայտ է որ մարդահամարը կը կատարուի զինուորական նպատակներու համար։ Բոլոր ժողովուրդը, ի ներառեալ կիները, երախաներն ու Ղեւտացիները, հաւանաբար աւելի քան երեք միլիոն է։

Մարդահամարէն ետք, Իսրայելացիները կը ստանան հրահանգներ չուելու կերպին մասին, մանրամասնութիւններ՝ Ղեւտացիներուն պարտականութիւններուն եւ խորանի ծառայութեան վերաբերեալ, պատուէրներ՝ մաքրանոցի նկատմամբ, եւ օրէնքներ՝ նախանձի պարագաներուն եւ Ուխտաւորներու ըրած ուխտերուն առնչութեամբ։ 7–րդ գլուխը կը պատմէ թէ ինչպէս տոհմապետները ընծաներ կու տան երբ զոհասեղանը կը սրբուի, իսկ 9–րդ գլուխը կը քննարկէ Պասեքի տօնակատարութիւնը։ Ժողովուրդը նաեւ ցուցմունքներ կը ստանայ բանակելու եւ տեղափոխուելու մասին։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

2։1, 2—«Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին [«եռատոհմ բաժանումին», ՆԱ] քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն»։ Ի՞նչ էին այս «նշան»ները։ Աստուածաշունչը այս նշաններուն մասին նկարագրութիւն մը չի տար։ Սակայն անոնք սրբազան խորհրդանշեր չնկատուեցան, ո՛չ ալ անոնց կրօնական նշանակութիւն տրուեցաւ։ Նշանները գործածուեցան գործնական նպատակի մը համար,– անհատին օգնել որ բանակավայրին մէջ իրեն նշանակուած տեղը գտնէ։

5։27—Շնացող կնոջ ‘զիստին փտիլը’ ի՞նչ կը նշանակէ։ Հոս «զիստ» արտայայտութիւնը գործածուած է ծննդական գործարաններուն ակնարկելու համար։ (Ծննդոց 46։26) Անոր ‘փտիլը’ կը նշէ այս գործարաններուն հիւծումը, յղութիւնը անկարելի դարձնելով։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

6։1-7. Ուխտաւորները որթատունկի արտադրութիւններէն ու բոլոր խմիչքներէն պէտք էր անջատուէին, ինչ որ ինքնամերժում կը պահանջէր։ Անոնք իրենց մազերը պէտք էր երկնցնէին, Եհովայի ենթարկուելու իբր նշան, ինչպէս կիները իրենց ամուսիններուն կամ հայրերուն պէտք էր հպատակէին։ Ուխտաւորները մաքուր պէտք էր մնային՝ որեւէ դիակէ հեռու կենալով, նոյնիսկ մօտիկ ազգականի մը դիակէն։ Ներկայիս լիաժամ ծառաները անձնազոհութեան հոգի կը ցուցաբերեն, ինքնամերժումով եւ Եհովայի ու իր կարգադրութեան ենթարկուելով։ Կարգ մը նշանակումներ կը պարփակեն հեռաւոր երկիր երթալ, ինչ որ կը դժուարացնէ կամ անկարելի կը դարձնէ բնագաւառ վերադառնալը՝ ընտանիքին մէկ անդամին յուղարկաւորութեան համար։

8։25, 26. Ղեւտացիներու ծառայութեան մէջ ատակ տղամարդիկ նշանակելու համար եւ անոնց տարիքը նկատի առնելով, տարեցներուն պատուէր տրուած էր որ պարտաւորիչ ծառայութենէն դադրէին։ Սակայն անոնք կրնային կամովին միւս Ղեւտացիներուն օգնել։ Թէեւ այսօր Թագաւորութիւնը ծանուցանողին հանգստեան կոչուիլ չկայ, սակայն այս օրէնքին սկզբունքը արժէքաւոր դաս մը կը սորվեցնէ։ Եթէ յառաջացած տարիքի բերմամբ Քրիստոնեայ մը չկարենայ որոշ պարտաւորութիւններ կատարել, ան կրնայ բաժին բերել ծառայութեան այն մարզին մէջ որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ է։

ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ՝ ՏԵՂԷ ՏԵՂ

(Թուոց 10։11–21։35)

Երբ խորանին վրայէն ամպը կը բարձրանայ, Իսրայելացիները կը սկսին չուել, եւ 38 տարի ու մէկ կամ երկու ամիս ետք կը հասնին Մովաբի դաշտերը։ Կրնաս օգտուիլ ստուգելով անոնց բռնած ճամբան, ինչպէս ցոյց կու տայ ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկին 9–րդ էջին վրայ գտնուող քարտէսը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կադէսի ճամբուն վրայ, Փառանի անապատին մէջ, տրտունջի առնուազն երեք պարագաներ տեղի կ’ունենան։ Առաջինին վերջ կը դրուի, երբ Եհովա կրակ կը ղրկէ ու ժողովուրդէն ոմանք կը սպառէ։ Ապա Իսրայելացիները լալով միս կը պահանջեն, եւ Եհովա լորամարգիներ կը ղրկէ։ Իսկ Մարիամ ու Ահարոն երբ Մովսէսի դէմ կը տրտնջան, Մարիամ ժամանակաւոր բորոտութեամբ կը պատժուի։

Երբ Կադէսի մէջ կը բանակին, Մովսէս 12 տղամարդիկ կը ղրկէ Խոստացեալ Երկիրը լրտեսելու։ Անոնք 40 օր ետք կը վերադառնան։ Տասը լրտեսներուն բացասական տեղեկագրութեան հաւատալով, ժողովուրդը կ’ուզէ Մովսէսը, Ահարոնը եւ հաւատարիմ լրտեսները՝ Յեսուն ու Քաղէբը քարկոծել։ Եհովա կը մտադրէ ժողովուրդը ժանտախտով զարնել, բայց Մովսէս կը բարեխօսէ, եւ Աստուած կը յայտարարէ թէ անոնք 40 տարի անապատին մէջ պիտի թափառին, մինչեւ որ բոլոր թուարկուածները մահանան։

Եհովա յաւելեալ կանոններ կու տայ։ Կորխ եւ ուրիշներ Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ կ’ապստամբին, բայց ապստամբները կրակով կը բնաջնջուին կամ երկրին կողմէ կը կլլուին։ Յաջորդ օրը, ամբողջ համայնքը կը մրմռայ Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ։ Եհովա պատուհաս կը ղրկէ ու ժողովուրդէն 14,700 հոգի կը մեռնի։ Աստուած Ահարոնի գաւազանը ծաղկեցնելով ցոյց կու տայ թէ ո՛վ ընտրած է իբր քահանայապետ։ Ապա Եհովա յաւելեալ օրէնքներ կու տայ, որոնք կապ ունին Ղեւտացիներու պարտաւորութիւններուն եւ ժողովուրդին մաքրութեան հետ։ Կարմիր երինջին մոխիրին գործածութիւնը կը նախապատկերացնէ Յիսուսի զոհին միջոցով կատարուած մաքրութիւնը։—Եբրայեցիս 9։13, 14

Իսրայէլի որդիները Կադէս կը վերադառնան, ուր Մարիամ կը մահանայ։ Համայնքը դարձեալ կը գանգատի Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ։ Ինչո՞ւ։ Ջուր չկայ։ Որովհետեւ Եհովայի անունը չեն սրբացներ երբ հրաշալիօրէն ջուր կը հայթայթեն, Մովսէս ու Ահարոն Խոստացեալ Երկիրը մտնելու պատեհութիւնը կը կորսնցնեն։ Իսրայէլ Կադէսէն կը մեկնի, եւ Ահարոն Հովր լերան վրայ կը մեռնի։ Մինչ Եդովմի շուրջը կը դառնան, Իսրայելացիները կը յոգնին եւ Աստուծոյ ու Մովսէսի դէմ կը խօսին։ Եհովա թունաւոր օձեր կը ղրկէ՝ զանոնք պատժելու համար։ Մովսէս դարձեալ կը բարեխօսէ, եւ Աստուած անոր կը հրամայէ պղինձէ օձ մը շինել եւ զայն ձողի մը վրայ դնել, որպէսզի ո՛վ որ խածնուի եւ անոր նայի՝ բուժուի։ Օձը կը նախապատկերացնէ Յիսուս Քրիստոսի ցցահարումը՝ մեր յաւիտենական օգտին համար։ (Յովհաննու 3։14, 15) Իսրայէլ Ամօրհացի թագաւորներուն՝ Սեհոնի ու Ովգի կը յաղթէ, եւ անոնց երկիրներուն կը տիրանայ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

12։1Մարիամ ու Ահարոն ինչո՞ւ Մովսէսի դէմ գանգատեցան։ Անոնց գանգատին բուն պատճառը ըստ երեւոյթին Մարիամի փափաքն էր, որ աւելի հեղինակութիւն ունենայ։ Երբ Մովսէսի կինը՝ Սեպփօրա իրեն միացաւ անապատին մէջ, թերեւս Մարիամ վախցաւ որ այլեւս չնկատուի առաջնորդող տիկին բանակավայրին մէջ։—Ելից 18։1-5

12։9-11—Ինչո՞ւ միայն Մարիամ բորոտութեամբ պատժուեցաւ։ Շատ հաւանաբար, ինքն էր որ գանգատը հրահրեց եւ Ահարոնը համոզեց որ իրեն միանայ։ Ահարոն շիտակ կեցուածք ցուցաբերեց, իր սխալը խոստովանելով։

21։14, 15—Հոս յիշուած գիրքը ի՞նչ էր։ Սուրբ Գրութիւնները կը յիշեն զանազան գիրքեր, որ Աստուածաշունչը գրողները իբր աղբիւր գործածեցին։ (Յեսուայ 10։12, 13. Գ. Թագաւորաց 11։41. 14։19, 29) «Տէրոջը պատերազմներուն գիրքը» այսպիսի գիրք մըն էր։ Անիկա կը բովանդակէր Եհովայի ժողովուրդին պատերազմներուն պատմական արձանագրութիւնը։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

11։27-29. Մովսէս հոյակապ օրինակ կը հայթայթէ թէ ի՛նչպէս պէտք է հակազդենք, երբ ուրիշներ Եհովայի ծառայութեան մէջ առանձնաշնորհումներ ստանան։ Փոխանակ նախանձելու եւ իր անձին փառք փնտռելու, Մովսէս ուրախացաւ երբ Ելդադ ու Մովդադ սկսան մարգարէութիւն ընել։

12։2, 9, 10. 16։1-3, 12-14, 31-35, 41, 46-50. Եհովա կ’ակնկալէ որ իր երկրպագուները աստուածատուր հեղինակութեան հանդէպ յարգանք ցուցաբերեն։

14։24. Աշխարհային ճնշումով յանցանք չգործելու համար, պէտք է զարգացնենք «ուրիշ միտք [«հոգի», ԱՎ]», կամ մտավիճակ։ Անիկա աշխարհի հոգիէն տարբեր պէտք է ըլլայ։

15։37-41. Իսրայելացիներուն հագուստներուն քղանցքներուն վրայ անզուգական ծոպերուն նպատակն էր իրենց յիշեցնել թէ զատուած ժողովուրդ մըն էին՝ Աստուած պաշտելու եւ իր պատուիրաններուն հնազանդելու համար։ Մենք ալ պէտք չէ՞ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրինք ու աշխարհէն մեր տարբեր ըլլալը աչքառու դարձնենք։

ՄՈՎԱԲԻ ԴԱՇՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

(Թուոց 22։1–36։13)

Մինչ Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ կը բանակին, Մովաբացիները անոնցմէ կ’ահաբեկին։ Ուստի Մովաբի թագաւորը Բաղակ կը վարձէ Բաղաամը, որպէսզի Իսրայելացիները անիծէ։ Բայց Եհովա Բաղաամը կը ստիպէ որ զանոնք օրհնէ։ Ապա Մովաբացի ու Մադիանացի կիները կը հրապուրեն Իսրայելացի տղամարդիկը որ անբարոյութեան ու կռապաշտութեան միջամուխ ըլլան։ Եհովա 24,000 յանցագործներ կը բնաջնջէ։ Պատուհասը վերջ կը գտնէ, երբ Փենէհէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի դէմ որեւէ մրցակցութեան չի հանդուրժեր։

Երկրորդ մարդահամարը երեւան կը հանէ թէ Յեսուէն ու Քաղէբէն զատ, առաջին մարդահամարին մէջ պարփակուած ոչ մէկ տղամարդ ողջ է։ Յեսու Մովսէսի յաջորդը կը նշանակուի։ Իսրայելացիները զանազան ընծաներ մատուցանելու եւ ուխտեր ընելու առնչութեամբ հրահանգներ կը ստանան։ Իսրայելացիները նաեւ Մադիանացիներէն վրէժ կ’առնեն։ Ռուբէն, Գադ ու Մանասէի կէս տոհմը Յորդանան գետին արեւելքը կը հաստատուին։ Իսրայէլ Յորդանան գետը կտրելու ու երկիրը սեփականացնելու հրահանգներ կը ստանայ։ Երկրին սահմանները մանրամասնօրէն կ’որոշուին։ Ժառանգութիւնը վիճակ նետելով պիտի բաժնուի։ Ղեւտացիներուն 48 քաղաք կը նշանակուի, եւ անոնցմէ վեցը իբր ապաստանի քաղաքներ պիտի ծառայեն։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

22։20-22—Եհովայի բարկութիւնը ինչո՞ւ բորբոքեցաւ Բաղաամի դէմ։ Եհովա Բաղաամ մարգարէին ըսած էր որ Իսրայելացիները չանիծէ։ (Թուոց 22։12) Սակայն մարգարէն Բաղակի մարդոց հետ գնաց, լիովին մտադրած որ Իսրայէլը անիծէ։ Բաղաամ ուզեց Մովաբացի թագաւորը հաճեցնել եւ իրմէ վարձատրութիւն ստանալ։ (Բ. Պետրոս 2։15, 16. Յուդա 11) Նոյնիսկ երբ ստիպուեցաւ Իսրայէլը օրհնել, Բաղաամ թագաւորին հաճութիւնը փնտռեց, թելադրելով որ Բահաղ պաշտող կիները հրապուրեն Իսրայելացի տղամարդիկը։ (Թուոց 31։15, 16) Արդ, Բաղաամի դէմ Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ, անոր անխիղճ ագահութեան պատճառով։

30։6-8—Քրիստոնեայ ամուսին մը կրնա՞յ իր կնոջ ուխտերը անվաւեր դարձնել։ Ուխտերու նկատմամբ, Եհովա այժմ իր երկրպագուներուն հետ անհատապէս կը վարուի։ Օրինակ, Եհովայի նուիրուիլը անհատական ուխտ մըն է։ (Գաղատացիս 6։5) Ամուսին մը այս ուխտը անվաւեր դարձնելու կամ ջնջելու հեղինակութիւն չունի։ Սակայն կին մը պէտք չէ այնպիսի ուխտեր ընէ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կամ իր ամուսինին հանդէպ իր պարտականութիւններուն կը հակասեն։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

25։11. Փենէհէս Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութեան ի՜նչ հոյակապ օրինակ մըն է։ Ժողովքը մաքուր պահելու փափաքը մեզ պէտք չէ՞ մղէ որ գործուած անբարոյութեան մասին Քրիստոնեայ երէցները տեղեակ պահենք։

35։9-29. Այն իրողութիւնը թէ սխալմամբ անձ մը սպաննողը ստիպուած էր իր տունը ձգելու եւ որոշ ժամանակ մը ապաստանի քաղաքը մնալու, մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքը սուրբ է եւ թէ զայն պէտք է յարգենք։

35։33. Անմեղ մարդոց թափուած արիւնով պղծուած երկրին կրնայ քաւութիւն ըլլալ միայն զայն թափողներուն արիւնով։ Որքա՜ն պատշաճ է որ Եհովա ամբարիշտները պիտի կործանէ, երկրագունդը դրախտի վերածելէ առաջ։—Առակաց 2։21, 22. Դանիէլ 2։44

Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է

Եհովայի ու իր ժողովուրդին մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ նշանակուած անհատներուն հանդէպ յարգանք պէտք է ցուցաբերենք։ Թուոց գիրքը այս իրողութիւնը մեծապէս կը շեշտէ։ Ի՜նչ կարեւոր դաս մը, որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն պահպանենք։

Թուոց գիրքին մէջ յիշուած միջադէպերը ցոյց կու տան թէ իրենց հոգեւորականութիւնը անտեսող անհատները որքա՜ն դիւրաւ կրնան իյնալ յանցագործութեան մէջ, ինչպէս՝ տրտունջք, անբարոյութիւն եւ կռապաշտութիւն։ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, Ծառայութեան Ժողովի տեղական կարիքներու բաժնին համար, կարելի է օգտագործել Աստուածաշունչի այս գիրքին կարգ մը օրինակներն ու դասերը։ Արդարեւ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։—Եբրայեցիս 4։12

[Նկար՝ էջ 19]

Խորանին վրայ հրաշալի ամպով, Եհովա առաջնորդեց Իսրայելացիներուն բանակիլն ու չուելը

[Նկար՝ էջ 20]

Եհովա մեր հնազանդութեան արժանի է, եւ ան կ’ակնկալէ որ իր ներկայացուցիչները յարգենք