«Կ’ուզենք ‘այո՛’ ըսել»
«Կ’ուզենք ‘այո՛’ ըսել»
ՆԻԿԵՐԻԱՅԻ մէջ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակը մօտերս նամակ մը ստացաւ, որ մասամբ հետեւեալը կ’ըսէ.
«Մեր տղան՝ Էնտըրսըն մահացաւ 14 տարեկանին։ Իր մահէն առաջ, ան երկու վառեակ կը բուծանէր։ Ան կ’ուզէր զանոնք ծախել եւ դրամը մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկել, համաշխարհային քարոզչութեան իբր նուիրատուութիւն։ Բայց զանոնք ծախելէ առաջ, ան մահացաւ։
«Անոր փափաքին ի տես, մենք՝ ծնողքը, վառեակները բուծանեցինք եւ զանոնք ծախեցինք։ Դրամը ձեզի կ’ուղարկենք իբր Էնտըրսընի նուիրատուութիւնը։ Եհովայի խոստումին շնորհիւ, վստահ ենք որ շուտով,– շատ մօտ ատենէն,– Էնտըրսընը դարձեալ պիտի տեսնենք։ Երբ մեզի հարցնէ թէ իր սիրտին փափաքը կատարեցի՞նք, կ’ուզենք ‘Այո՛’ ըսել։ Արդարեւ անձկագին կը սպասենք տեսնել ո՛չ միայն Էնտըրսընը, այլ նաեւ ‘վկաներու բազմութիւն’ մը, որոնք պիտի յարուցանուին»։—Եբրայեցիս 12։1. Յովհաննու 5։28, 29
Ինչպէս վերոյիշեալ նամակը յստակօրէն ցոյց կու տայ, յարութեան հաւատալը ճշմարիտ Քրիստոնեաները կազդուրող յոյս մըն է։ Միլիոնաւոր ընտանիքներ որքա՜ն պիտի ուրախանան, երբ Էնտըրսընի ընտանիքին նման դիմաւորեն իրենց սիրելիները, որ թշնամի մահը խլած է։—Ա. Կորնթացիս 15։24-26
Աստուծոյ Խօսքը յարութեան այս մխիթարիչ յոյսը կը ներկայացնէ, որպէս այն բազմաթիւ սքանչելի բաներէն մէկը, որոնք շուտով պիտի իրականանան արդար նոր աշխարհին մէջ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այդ ժամանակ մարդոց համար Աստուծոյ ընելիք բաներուն մասին խօսելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4