Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակենք

Մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակենք

Մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակենք

«Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ»։—Մատթէոս 20։26

1. Մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը ի՞նչ է։

ՎԱՂԵՄԻ եգիպտական Թեբես (ներկայիս Քառնաք) քաղաքին մօտ, շուրջ 500 քիլոմեթր Գահիրէի հարաւը, կը կանգնի Ամենհոթեփ Գ. Փարաւոնին արձանը, որ 18 մեթր բարձրութիւն ունի։ Երբ մէկը այդ հսկայ արձանին նայի, անպայման ինքզինք փոքր կը զգայ։ Կառավարիչին հանդէպ երկիւղ ներշնչելու նպատակով կանգնուած այս կոթողը, մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը կը յայտնէ, որ է՝ անհատը ինքզինք կարելի եղածին չափ հսկայ ու կարեւոր ցուցնէ, իսկ ուրիշներուն զգացնէ թէ աննշան են։

2. Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

2 Մեծութեան հանդէպ այս տեսակէտը հակադրէ Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցածին հետ։ Թէեւ իր հետեւորդներուն ‘Տէրն ու Վարդապետն’ էր, Յիսուս անոնց սորվեցուց որ մեծութիւնը յառաջ կու գայ ուրիշներու ծառայելէն։ Իր երկրային կեանքին վերջին օրը, Յիսուս իր սորվեցուցածին նշանակութիւնը ցոյց տուաւ՝ աշակերտներուն ոտքերը լուալով։ Ի՜նչ խոնարհ ծառայութիւն։ (Յովհաննու 13։4, 5, 14) Սպասարկել թէ սպասարկութիւն ընդունիլ. ո՞ր մէկը սիրտիդ աւելի կը խօսի։ Քրիստոսի օրինակը մէջդ խոնարհ ըլլալու փափաք կ’արթնցնէ՞։ Արդ նկատի առնենք մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը, զայն հակադրելով աշխարհի մէջ սովորական դարձած տեսակէտին հետ։

Մեծութեան Հանդէպ Աշխարհի Տեսակէտէն Խուսափեցէք

3. Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան փառատենչ անհատներուն ցաւալի վախճանը։

3 Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան, որ ցոյց կու տան թէ մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը կործանումի կ’առաջնորդէ։ Պահ մը խորհիր հեղինակաւոր Համանի մասին, որ Եսթերի ու Մուրթքէի օրերուն պարսկական պալատին մէջ կարկառուն անձ մըն էր։ Փառքի տենչալը Համանը նուաստացումի ու մահուան առաջնորդեց։ (Եսթերայ 3։5. 6։10-12. 7։9, 10) Ի՞նչ կրնանք ըսել ինքնահաւան Նաբուգոդոնոսորի մասին, որ իր իշխանութեան զենիթին՝ մոլեգնութեամբ զարնուեցաւ։ Հետեւեալ խօսքը կը յայտնէ մեծութեան հանդէպ անոր խեղաթիւրուած տեսակէտը. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ (Դանիէլ 4։30) Իսկ հպարտ Հերովդէս Ագրիպպաս Ա., իրեն տրուած անտեղի փառքը ընդունեց, փոխանակ Աստուած փառաւորելու։ Ան «որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ»։ (Գործք 12։21-23) Մեծութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը չհասկնալը, այս բոլոր մարդիկը նուաստացուցիչ կործանումի առաջնորդեց։

4. Ո՞վ կը գտնուի աշխարհի հպարտ հոգիին ետին։

4 Պատշաճ է որ փափաքինք մեր կեանքը այնպէս մը գործածել, որ մեզի պատիւ ու յարգանք բերէ։ Սակայն Բանսարկուն այս փափաքը կը շահագործէ՝ հպարտ հոգի մը քաջալերելով, որ իր փառասիրութեան արտացոլացումն է։ (Մատթէոս 4։8, 9) Բնաւ մի՛ մոռնար որ ան «այս աշխարհի աստուած»ն է, եւ վճռած է իր մտածումը յառաջացնել երկրագունդին վրայ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 2։2. Յայտնութիւն 12։9) Այսպիսի մտածելակերպի մը աղբիւրը գիտնալով, Քրիստոնեաները մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտէն կը խուսափին։

5. Իրագործումը, ճանաչումը եւ հարստութիւնը, մնայուն գոհունակութիւն կ’երաշխաւորե՞ն. բացատրէ։

5 Բանսարկուին քաջալերած մէկ գաղափարն է թէ աշխարհին մէջ անուանի ըլլալը, մարդոց կողմէ պատուուիլը եւ գրպանը ուռած ըլլալը, ինքնաբերաբար երջանիկ կեանք կ’ապահովեն։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Իրագործումը, ճանաչումը եւ հարստութիւնը, գոհունակութեամբ լեցուն կեանք կ’երաշխաւորե՞ն։ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ որ այս մտածումով չմոլորինք։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ես ամէն աշխատութիւն եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է»։ (Ժողովողի 4։4) Շատեր, որոնք իրենց կեանքը տրամադրած են աշխարհին մէջ կարկառուն տեղ մը հասնելու, կրնան այդ ներշնչեալ աստուածաշնչական խրատին ճշմարիտ ըլլալուն վկայել։ Օրինակ, անհատ մը որ մարդը լուսին տանող տիեզերանաւը ծրագրելու, շինելու ու փորձարկելու մէջ բաժին բերաւ, դիտել տուաւ. «Ծանր աշխատեցայ եւ ասպարէզիս մէջ շատ հմուտ դարձայ։ Սակայն անիկա ինծի մնայուն երջանկութիւն ու միտքի խաղաղութիւն ապահովելու մէջ անօգուտ կամ անարժէք էր»։ * Մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը, ըլլայ անիկա առեւտրական, մարզական կամ ժամանցի մարզին մէջ, մնայուն գոհունակութիւն չ’երաշխաւորեր։

Մեծութիւնը եւ Սէրէ Մղուած Ծառայութիւնը

6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յակոբոս ու Յովհաննէս մեծութեան հանդէպ սխալ տեսակէտ ունէին։

6 Յիսուսի կեանքին մէջ միջադէպ մը կը յայտնէ թէ իսկական մեծութիւնը ի՛նչ է։ Յիսուս եւ իր աշակերտները Հ.Դ. 33–ի Պասեքին համար Երուսաղէմ կը ճամբորդէին։ Ճամբուն վրայ, Յիսուսի երկու զարմիկները՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս, մեծութեան հանդէպ սխալ տեսակէտ ցուցաբերեցին։ Իրենց մօր միջոցով, Յիսուսէ հետեւեալը խնդրեցին. ‘Ըսէ՛, որ քու թագաւորութեանդ մէջ՝ մենք բազմինք, մէկը՝ աջ կողմդ, եւ միւսը՝ ձախ կողմդ’։ (Մատթէոս 20։21) Հրեաներուն համար, աջ կամ ձախ կողմը նստիլը մեծ պատիւ կը համարուէր։ (Գ. Թագաւորաց 2։19) Յակոբոս ու Յովհաննէս փառասիրաբար փորձեցին ամենէն կարկառուն դիրքերը գրաւել։ Անոնք ուզեցին այս հեղինակաւոր դիրքերը խլել։ Յիսուս անոնց միտքէն անցածը գիտէր եւ առիթը օգտագործեց մեծութեան հանդէպ անոնց սխալ տեսակէտը սրբագրելու համար։

7. Յիսուս ի՞նչ բան նշեց թէ ճշմարիտ քրիստոնէական մեծութեան կ’առաջնորդէ։

7 Յիսուս գիտէր թէ այս հպարտ աշխարհին մէջ, մեծ նկատուած անհատը այն է որ ուրիշները կը ղեկավարէ ու անոնց կը հրամայէ եւ անմիջապէս իր ամէն ուզածը ձեռք կը ձգէ։ Բայց Յիսուսի հետեւորդներուն մէջ, մեծութեան չափանիշը՝ խոնարհ ծառայութիւնն էր։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։—Մատթէոս 20։26, 27

8. Ի՞նչ կը նշանակէ սպասաւոր ըլլալ, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել։

8 Աստուածաշունչին մէջ «սպասաւոր» թարգմանուած Յունարէն բառը կ’ակնարկէ մէկու մը, որ ժրաջանօրէն ու յարատեւաբար կը ջանայ ուրիշներուն ծառայութիւն մատուցանել։ Յիսուս իր աշակերտներուն կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէր. ուրիշներուն բան մը ընել հրամայելը անհատը մեծ չի դարձներ, իսկ սէրէ մղուած ուրիշներուն ծառայելը՝ անհատը մեծ կը դարձնէ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ի՞նչպէս պիտի հակազդէի եթէ Յակոբոսը կամ Յովհաննէսը ըլլայի։ Պիտի ըմբռնէի՞ թէ իսկական մեծութիւնը յառաջ կու գայ սէրէ մղուած ծառայութենէն’։—Ա. Կորնթացիս 13։3

9. Յիսուս ուրիշներու հետ իր գործառնութիւններուն մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

9 Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ թէ աշխարհային մեծութեան չափանիշը քրիստոսանման մեծութեան չափանիշէն կը տարբերի։ Ան իր ծառայած անհատներուն վրայ ինքզինք չբարձրացուց, ո՛չ ալ պատճառ եղաւ որ անոնք իրենք զիրենք նուաստացած զգան։ Ամէն տեսակ անհատներ՝ տղամարդիկ, կիներ, երախաներ, հարուստներ, աղքատներ, հեղինակաւոր մարդիկ, եւ ճանչցուած մեղաւորներ, իր ներկայութեան հանգիստ զգացին։ (Մարկոս 10։13-16. Ղուկաս 7։37-50) Յաճախ մարդիկ տկարութիւն ունեցողներուն հետ անհամբերութեամբ կը վարուին։ Յիսուս տարբեր էր։ Թէեւ իր աշակերտները երբեմն անխոհեմ ու վիճասէր էին, սակայն ան համբերութեամբ անոնց սորվեցուց, ցոյց տալով թէ ինք իրապէս խոնարհ ու քաղցրաբարոյ էր։—Զաքարեայ 9։9. Մատթէոս 11։29. Ղուկաս 22։24-27

10. Յիսուսի ամբողջ կեանքի ընթացքը ի՞նչպէս յատկորոշուած էր անձնուրաց ծառայութեամբ։

10 Աստուծոյ այս գլխաւոր Որդիին անձնուէր օրինակը ցոյց տուաւ թէ մեծութիւնը իրապէս ի՛նչ կը նշանակէ։ Յիսուս երկիր չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա ուրիշներուն ծառայելու, «կերպ կերպ ցաւեր» բժշկելով եւ մարդիկը դեւերու իշխանութենէն ազատագրելով։ Թէեւ ան կը յոգնէր եւ հանգիստի պէտք կ’ունենար, սակայն ուրիշներու կարիքները միշտ իր կարիքներէն առաջ կը դասէր, ջանալով զանոնք մխիթարել։ (Մարկոս 1։32-34. 6։30-34. Յովհաննու 11։11, 17, 33) Իր սէրը մղեց զինք ուրիշներու հոգեւորապէս օգնելու, հարիւրաւոր քիլոմեթրներ փոշոտ ճամբաներ կտրելով, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար։ (Մարկոս 1։38, 39) Անտարակոյս Յիսուս ուրիշներու ծառայելը լուրջի առաւ։

Քրիստոսի Խոնարհութիւնը Ընդօրինակէ

11. Ժողովքին մէջ նշանակուած տեսուչները ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենան։

11 1800–ական թուականներուն վերջաւորութեան, շեշտ դրուեցաւ Քրիստոնեայ տեսուչներու մշակելիք պատշաճ հոգիին վրայ, երբ տղամարդիկ ընտրուեցան ճամբորդող ներկայացուցիչներ ըլլալու, Աստուծոյ ժողովուրդին կարիքները հոգալու համար։ Սիօնի Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1894 թիւին համաձայն, այդ տղամարդիկը պէտք էր ըլլային «հեզ, որոնք պիտի չպարծենային . . . , խոնարհամիտ անհատներ, որոնք ո՛չ թէ իրենց անձը պիտի քարոզէին, այլ՝ Քրիստոսը, ո՛չ թէ իրենց գիտութիւնը պիտի փոխանցէին, այլ՝ իր Խօսքը, ինչպէս որ պարզ ու զօրեղ է»։ Բացորոշ է թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները երբեք պէտք չէ փնտռեն պատասխանատուութիւն, իրենց փառասիրութիւնը գոհացնելու, կարկառուն դիրք ու հեղինակութիւն ձեռք ձգելու, կամ ուրիշները ղեկավարելու համար։ Խոնարհ տեսուչը չի մոռնար որ իր պատասխանատուութիւնները «աղէկ գործ» են, եւ ո՛չ թէ բարձր դիրք մը՝ իր անձին փառք բերելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2) Բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները իրենց լաւագոյնը պէտք է ընեն ուրիշներու խոնարհաբար ծառայելու եւ սրբազան ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելու, ընտիր օրինակ հանդիսանալով։—Ա. Կորնթացիս 9։19. Գաղատացիս 5։13. Բ. Տիմոթէոս 4։5

12. Ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտողները իրենք իրենց ի՞նչ հարցումներ կրնան հարցնել։

12 Առանձնաշնորհումներու ձգտող ոեւէ եղբայր ինքնիրեն պէտք է հարց տայ. ‘Ուրիշներուն ծառայելու պատեհութիւններ կը փնտռե՞մ, թէ ոչ՝ ուրիշներուն կողմէ ծառայուելու հակում ունիմ։ Պատրա՞ստ եմ օգտակար պարտականութիւններ կատարելու, որ ուրիշներ չեն նշմարեր’։ Օրինակ, երիտասարդ մը թերեւս կը փափաքի քրիստոնէական ժողովքին մէջ դասախօսութիւններ տալ, բայց կը վարանի տարեցներուն օգնելու։ Ան կրնայ ժողովքին պատասխանատու տղամարդոց ընկերակցութենէն հաճոյք առնել, սակայն քարոզչութեան մասնակցելու տատամսիլ։ Այսպիսի երիտասարդ մը լաւ կ’ընէ իր անձին հարց տալով. ‘Գլխաւորաբար կը կեդրոնանա՞մ Աստուծոյ ծառայութեան այն երեսակներուն վրայ, որ ճանաչում ու գովասանք կը բերեն։ Արդեօք կը ջանա՞մ կարկառուն դառնալ’։ Ան որ անձնական փառք կը փնտռէ, վստահաբար Յիսուսի օրինակին չի հետեւիր։—Յովհաննու 5։41

13. (ա) Տեսուչի մը խոնարհութեան օրինակը ի՞նչպէս կրնայ ուրիշներուն ազդել։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Քրիստոնեային համար խոնարհութիւնը ընտրողական չէ։

13 Ջանալով Քրիստոսի խոնարհութիւնը ընդօրինակել, ուրիշներու ծառայելու կը մղուինք։ Նկատի առ գօտիի տեսուչի մը օրինակը, որ Եհովայի Վկաներուն մասնաճիւղի գրասենեակ մը կ’այցելէր։ Խճողուած յայտագիր ու ծանր պատասխանատուութիւններ ունենալով հանդերձ, այս տեսուչը կանգ առաւ ու օգնեց երիտասարդ եղբօր մը, որ կը փորձէր գրականութիւններու կարի մեքենան ճշդել։ Եղբայրը կը պատմէ. «Աչքերուս չհաւատացի։ Ան ինծի ըսաւ որ այսպիսի մեքենայի մը վրայ աշխատեցաւ, երբ երիտասարդ տարիքին Պէթէլի մէջ ծառայեց, եւ մտաբերեց թէ որքա՜ն դժուար էր շիտակ չափերը սահմանելը։ Ան ինծի հետ այդ մեքենային վրայ բաւական ժամանակ աշխատեցաւ, հակառակ անոր որ ընելիք բազմաթիւ կարեւոր բաներ ունէր։ Ասիկա խորապէս տպաւորեց զիս»։ Այս եղբայրը, այժմ տեսուչ՝ Եհովայի Վկաներուն մասնաճիւղի գրասենեակի մը մէջ, տակաւին կը յիշէ այդ խոնարհ արարքը։ Թող երբեք չխորհինք թէ ա՛յնքան վեհ ու կարեւոր ենք որ չենք կրնար խոնարհ գործեր կամ աննշան պարտականութիւններ ընել։ Փոխարէն, «խոնարհութիւն» պէտք է հագնինք։ Ասիկա ընտրողական բան մը չէ, այլ՝ «նոր» անձնաւորութեան մաս կը կազմէ, որ Քրիստոնեան պէտք է հագնի։—Փիլիպպեցիս 2։3. Կողոսացիս 3։10, 12. Հռովմայեցիս 12։16

Մեծութեան Հանդէպ Քրիստոսի Տեսակէտը Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել

14. Աստուծոյ ու մարդոց հետ մեր յարաբերութեան մասին խոկալը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեծութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտը մշակենք։

14 Ի՞նչպէս կրնանք մեծութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտը ունենալ։ Կերպերէն մէկն է՝ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ խոկալ։ Իր մեծափառութիւնը, զօրութիւնն ու իմաստութիւնը զինք կը բարձրացնեն աննշան մարդոց ծիրէն շա՜տ վեր։ (Եսայեայ 40։22) Մարդոց հետ մեր յարաբերութեան մասին խոկալն ալ մեզի կ’օգնէ խոնարհամտութիւն մշակելու։ Օրինակ, թերեւս կարգ մը մարզերու մէջ ուրիշները կը գերազանցենք, բայց անոնք թերեւս մեզ կը գերազանցեն կեանքի երեսակներու մէջ, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, կամ կրնայ ըլլալ որ մեր Քրիստոնեայ եղբայրները մեր չունեցած կարգ մը յատկութիւնները ունին։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ աչքին թանկագին եղող անհատներէն շատեր կը զգուշանան կարկառուն ըլլալէ, քանի որ հեզ ու խոնարհ են։—Առակաց 3։34. Յակոբու 4։6

15. Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ոչ ոք ուրիշներէն գերադաս զգալու պատճառ ունի։

15 Իրենց հաւատքին համար տառապող Եհովայի Վկաներու փորձառութիւնները այս կէտը կը լուսաբանեն։ Շատ յաճախ, աշխարհի կողմէ հասարակ նկատուած անհատներն են որ բուռն փորձութիւններու ներքեւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահպանած են։ Այսպիսի օրինակներու մասին խոկալը կրնայ մեզի օգնել խոնարհ մնալու եւ մեզի սորվեցնել որ ‘մեր մասին աւելի բարձր համարում չունենանք՝ քան ինչ որ պէտք է մտածենք’։—Հռովմայեցիս 12։3, ԱՎ *

16. Ժողովքին բոլոր անդամները Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ի՞նչպէս կրնան մեծութիւն մշակել։

16 Բոլոր Քրիստոնեաները, երիտասարդ թէ տարեց, պէտք է ջանան մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակել։ Ժողովքին մէջ, կատարելիք զանազան պարտականութիւններ կան։ Բնաւ մի՛ ընդվզիր, երբ քեզմէ խնդրուի որ աննշան թուող բաներ ընես։ (Ա. Թագաւորաց 25։41. Դ. Թագաւորաց 3։11) Ծնողնե՛ր, ձեր փոքր ու դեռատի զաւակները կը քաջալերէ՞ք որ ուրախութեամբ կատարեն որեւէ նշանակում որ իրենց կը տրուի Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Անոնք կը տեսնե՞ն որ դուք աննշան պարտականութիւններ կը կատարէք։ Եղբայր մը որ այժմ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայէ, վառ կերպով կը մտաբերէ իր ծնողքին օրինակը։ Ան ըսաւ. «Թագաւորութեան Սրահը կամ համաժողովի վայրը մաքրելու իրենց կերպէն կը հասկնայի թէ զայն կարեւոր բան մը կը նկատէին։ Անոնք յաճախ կամաւորաբար կը կատարէին ժողովքին կամ եղբայրութեան օգտին համար եղող պարտականութիւններ, ո՛րքան ալ այդ պարտականութիւնները անարգ թուէին։ Այս կեցուածքը ինծի օգնած է որ սիրայօժար ընդունիմ որեւէ գործի նշանակում Պէթէլի մէջ»։

17. Խոնարհ կիներ ի՞նչ կերպերով կրնան ժողովքին համար օրհնութիւն մը ըլլալ։

17 Ուրիշներուն շահերը մեր անձնական շահերէն առաջ դնելու մէջ ունինք հոյակապ օրինակ մը՝ Եսթերը, որ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն Պարսկական Կայսրութեան թագուհին եղաւ։ Թէեւ ան կ’ապրէր պալատի մէջ, սակայն յօժար էր իր կեանքը վտանգելու Աստուծոյ ժողովուրդին սիրոյն, Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործելով։ (Եսթերայ 1։5, 6. 4։14-16) Առանց նկատի առնելու իրենց տնտեսական պայմանները, ներկայիս Քրիստոնեայ կիները կրնան Եսթերի կեցուածքը ցուցաբերել, յուսալքուածները քաջալերելով, հիւանդներուն այցելելով, քարոզչութեան մասնակցելով, եւ երէցներուն հետ համագործակցելով։ Այսպիսի քոյրեր ժողովքին համար ի՜նչ օրհնութիւն են։

Քրիստոսանման Մեծութեան Օրհնութիւնները

18. Քրիստոսանման մեծութիւն ցուցաբերելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

18 Երբ մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը պահպանես, բազմաթիւ օգուտներ կը քաղես։ Անձնուրացօրէն ուրիշներուն ծառայելը կ’ուրախացնէ թէ՛ քեզ եւ թէ զիրենք։ (Գործք 20։35) Մինչ եղբայրներուդ համար յօժարափոյթ կ’աշխատիս, անոնց սիրելի կը դառնաս։ (Գործք 20։37) Աւելի կարեւորը, Եհովա հաւատակից Քրիստոնեաներու բարօրութեան ի նպաստ ըրածներդ կը նկատէ փառաբանութեան հաճելի զոհ։—Փիլիպպեցիս 2։17

19. Մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտին նկատմամբ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Իւրաքանչիւրս մեր սիրտը պէտք է քննենք ու հարց տանք. ‘Մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակելու մասին միայն պիտի խօսի՞մ, թէ ոչ լուրջ աշխատանք պիտի տանիմ’։ Ինքնահաւան անհատներուն հանդէպ Եհովայի զգացումները բացայայտ են։ (Առակաց 16։5. Ա. Պետրոս 5։5) Թող մեր արարքները ցոյց տան թէ մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը ցուցաբերելով կ’ուրախանանք, ըլլայ քրիստոնէական ժողովքին, մեր ընտանեկան կեանքին, կամ մարդոց հետ մեր առօրեայ գործառնութեանց մէջ,– ամէն բան Աստուծոյ փառքին ու փառաբանութեան համար ընելով։—Ա. Կորնթացիս 10։31

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1982 (Անգլերէն), էջ 3-6, «Յաջողութիւն Փնտռեցի»։

^ պարբ. 15 Օրինակներու համար, տես՝ Եհովայի Վկաներու 1992–ի Տարեգիրք, էջ 181-182, եւ Դիտարան 1 Յունուար 1994, էջ 28-31։

Կրնա՞ս բացատրել

• Մեծութեան հանդէպ աշխարհի տեսակէտը ինչո՞ւ պէտք է մերժենք։

• Յիսուս մեծութիւնը ի՞նչպէս արժեւորեց։

• Տեսուչները ի՞նչպէս կրնան Քրիստոսի խոնարհութիւնը ընդօրինակել։

• Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մեծութեան հանդէպ Քրիստոսի տեսակէտը մշակենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 31]

Ո՞վ քրիստոսանման մեծութիւն ունի

Ան որ կ’ուզէ սպասաւորութիւն ընդունիլ թէ ան որ ծառայելու յօժար է։

Ան որ կը նախընտրէ լուսարձակի տակ ըլլալ թէ ան որ աննշան պարտականութիւններ կ’ընդունի։

Ան որ իր անձը կը բարձրացնէ թէ ան որ ուրիշները կը բարձրացնէ։

[Նկար՝ էջ 28]

Ամենհոթեփ Գ. Փարաւոնին հսկայ մէկ արձանը

[Նկար՝ էջ 29]

Գիտե՞ս ինչ բան Համանի անկման առաջնորդեց

[Նկարներ՝ էջ 30]

Ուրիշներուն ծառայելու պատեհութիւններ կը փնտռե՞ս