Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրոջ Օրէնքին մէջ» հաճոյք կը գտնե՞ս

«Տէրոջ Օրէնքին մէջ» հաճոյք կը գտնե՞ս

«Տէրոջ Օրէնքին մէջ» հաճոյք կը գտնե՞ս

«Երանելի է այն մարդը . . . [որուն] հաճոյքը Տէրոջ Օրէնքին մէջ է»։—ՍԱՂՄՈՍ 1։1, 2, ԱՎ

1. Որպէս Եհովայի ծառաներ ինչո՞ւ երջանիկ ենք։

ՈՐՊԷՍ իր հաւատարիմ ծառաները, Եհովա մեզի զօրավիգ կը կանգնի ու կ’օրհնէ մեզ։ Ճիշդ է որ բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք, սակայն իսկական երջանկութիւն ալ կը վայելենք։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ «երանելի Աստուծոյ» կը ծառայենք, եւ իր սուրբ հոգին մեր սիրտերը ուրախութեամբ կը լեցնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11. Գաղատացիս 5։22) Ուրախութիւնը իսկական երջանկութեան վիճակն է, որ յառաջ կու գայ բարի բան մը ակնկալելէն կամ ստանալէն։ Եւ մեր երկնաւոր Հայրը վստահաբար բարի պարգեւներ կու տայ մեզի։ (Յակոբու 1։17) Ուստի զարմանալի չէ որ երջանիկ ենք։

2. Ո՞ր սաղմոսները պիտի քննարկենք։

2 Երջանկութիւնը աչքառու դարձուած է Սաղմոսաց գիրքին մէջ, ինչպէս՝ առաջին եւ երկրորդ սաղմոսներուն մէջ։ Յիսուս Քրիստոսի առաջին հետեւորդները երկրորդ սաղմոսը վերագրեցին Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին։ (Գործք 4։25, 26) Առաջին սաղմոսը յօրինողը իր ներշնչեալ տաղերգութիւնը կը սկսի սա բառերով. «Երանելի է այն մարդը՝ որ ամբարիշտներուն խորհուրդին համաձայն չ’ընթանար»։ (Սաղմոս 1։1, ԱՎ) Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, տեսնենք թէ առաջին ու երկրորդ սաղմոսները ի՛նչպէս հրճուելու պատճառ կու տան մեզի։

Երջանկութեան Գաղտնիքը

3. Սաղմոս 1։1–ի համաձայն, ի՞նչ պատճառներով բարեպաշտ անհատը երջանիկ է։

3 Առաջին սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ բարեպաշտ անհատը ինչո՛ւ երջանիկ է։ Այս երջանկութեան կարգ մը պատճառները թուելով, սաղմոսերգուն կը տաղերգէ. «Երանելի է այն մարդը՝ որ ամբարիշտներուն խորհուրդին համաձայն չ’ընթանար, ու մեղաւորներուն ճամբային մէջ չի կենար, եւ ծաղրողներուն աթոռին վրայ չի նստիր»։—Սաղմոս 1։1, ԱՎ

4. Զաքարիա ու Եղիսաբէթ ի՞նչ օրինակելի ընթացքի մը հետամուտ եղան։

4 Իրապէս երջանիկ ըլլալու համար, Եհովայի արդար պահանջներուն պէտք է համակերպինք։ Զաքարիա ու Եղիսաբէթ, որոնք Յովհաննէս Մկրտիչի ծնողքը ըլլալու ուրախ առանձնաշնորհումը ունեցան, «Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին»։ (Ղուկաս 1։5, 6) Կրնանք երջանիկ ըլլալ եթէ նոյն ընթացքին հետամուտ ըլլանք ու հաստատօրէն մերժենք ‘ամբարիշտներուն խորհուրդին համաձայն ընթանալ’ կամ անոնց անբարեպաշտ խրատներով առաջնորդուիլ։

5. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ‘մեղաւորներուն ճամբայէն’ խուսափինք։

5 Եթէ ամբարիշտներուն խորհուրդը կը մերժենք, ‘մեղաւորներուն ճամբային մէջ պիտի չկենանք’։ Իրականութեան մէջ, բառացիօրէն պիտի չգտնուինք հոն՝ ուր անոնք յաճախ կը գտնուին,– անբարոյ ժամանցի կամ վատահամբաւ վայրերը։ Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ փորձուինք մեղաւորներուն հակա–սուրբ գրային վարքին հետեւիլ։ Աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրենք, որպէսզի Պօղոս առաքեալի խօսքին համաձայն գործենք. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ»։ (Բ. Կորնթացիս 6։14) Եթէ Աստուծոյ կ’ապաւինինք եւ «սրտով մաքուր» ենք, մեղաւորներուն կեցուածքն ու կենցաղը պիտի մերժենք եւ պիտի ունենանք մաքուր շարժառիթներ ու ցանկութիւններ եւ «անկեղծ հաւատք»։—Մատթէոս 5։8. Ա. Տիմոթէոս 1։5

6. Ծաղրողներէն ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք։

6 Եհովան հաճեցնելու համար, վստահաբար ‘ծաղրողներուն աթոռին վրայ պէտք չէ նստինք’։ Ոմանք աստուածպաշտութիւնը կը ծաղրեն, բայց այս «վերջին օրերուն», հաւատուրաց Քրիստոնեաները յաճախ շատ անարգականօրէն կը ծաղրեն։ Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցները ազդարարեց. «Սիրելինե՛ր, . . . նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։ (Բ. Պետրոս 3։1-4) Եթէ ‘ծաղրողներուն աթոռին վրայ երբեք չնստինք’, անոնց վրայ գալիք աղէտէն պիտի խուսափինք։—Առակաց 1։22-27

7. Սաղմոս 1։1–ի խօսքերուն ինչո՞ւ պէտք է անսանք։

7 Եթէ առաջին սաղմոսին բացման խօսքերուն չանսանք, Սուրբ Գրութիւնները սերտելով մեր ձեռք ձգած հոգեւորականութիւնը կրնանք կորսնցնել։ Իրականութեան մէջ, մեր վիճակը կրնայ վատթարանալ։ Ամբարիշտներուն խորհուրդին հետեւիլը կրնայ մեր անկման առաջին քայլը ըլլալ։ Ապա, թերեւս անոնց հետ կանոնաւորաբար ընկերակցինք։ Ժամանակ մը ետք, կրնանք անհաւատ ու հաւատուրաց ծաղրողներ դառնալ։ Ակնյայտ է որ ամբարիշտներուն բարեկամութիւնը կը քաջալերէ անբարեպաշտ հոգի մը մեր մէջ, եւ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կրնայ կործանել։ (Ա. Կորնթացիս 15։33. Յակոբու 4։4) Երբեք չենք ուզեր որ ասիկա պատահի մեզի։

8. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր միտքը հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացնենք։

8 Աղօթքը մեզի պիտի օգնէ որ մեր միտքը հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած պահենք եւ ամբարիշտներուն ընկերակցութենէն խուսափինք։ Պօղոս գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ Առաքեալը քաջալերեց որ մտածենք այնպիսի բաներու մասին, որոնք ճշմարիտ, պատկառելի, արդար, անկեղծ, սիրալիր, բարի համբաւով, առաքինութեամբ եւ գովելի են։ (Փիլիպպեցիս 4։6-8) Թող որ Պօղոսի խրատին հետ ներդաշնակ գործենք եւ երբեք ամբարիշտներուն մակարդակին չիջնանք։

9. Թէեւ ամբարիշտ սովորութիւններէ կը խուսափինք, սակայն ի՞նչպէս կը ջանանք ամէն տեսակ մարդոց օգնել։

9 Թէեւ ամբարիշտ սովորութիւնները կը մերժենք, սակայն նրբանկատ վկայութիւն կու տանք մարդոց, ճիշդ ինչպէս Պօղոս առաքեալ «արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով» խօսեցաւ Հռովմէացի կուսակալ Փելիքսի։ (Գործք 24։24, 25. Կողոսացիս 4։6) Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք ամէն տեսակ մարդոց եւ անոնց հետ ազնուօրէն կը վարուինք։ Վստահ ենք որ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» եղողները հաւատացեալներ պիտի ըլլան ու Աստուծոյ օրէնքին մէջ հաճոյք պիտի գտնեն։—Գործք 13։48

Ան Եհովայի Օրէնքին Մէջ Հաճոյք կը Գտնէ

10. Անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին, ի՞նչ բան պիտի նպաստէ մնայուն տպաւորութիւն ձգելու մեր միտքին ու սիրտին վրայ։

10 Երջանիկ մարդուն մասին խօսելով, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Անոր հաճոյքը Տէրոջ Օրէնքին մէջ է, եւ ցերեկ ու գիշեր անոր Օրէնքին մասին կը խորհրդածէ [«մեղմաձայն կը կարդայ», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 1։2, ԱՎ) Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, ‘Տէրոջ օրէնքին մէջ հաճոյք’ կը գտնենք։ Երբ կարելի ըլլայ, անձնական ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան ընթացքին, կրնանք «մեղմաձայն» կարդալ։ Սուրբ Գրութիւններէն որեւէ հատուած այս կերպով կարդալը պիտի նպաստէ մնայուն տպաւորութիւն ձգելու մեր միտքին ու սիրտին վրայ։

11. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը «ցերեկ ու գիշեր» պէտք է կարդանք։

11 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ քաջալերած է որ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք։ (Մատթէոս 24։45) Որովհետեւ խորապէս կը փափաքինք մարդկութեան ուղղուած Եհովայի պատգամին քաջածանօթ ըլլալ, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչը «ցերեկ ու գիշեր» կարդանք,– այո, նոյնիսկ երբ որեւէ պատճառով մեր քունը փախչի։ Պետրոս մեզ յորդորեց. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն»։ (Ա. Պետրոս 2։1, 2) Սաղմոսերգուին նման, ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալը եւ գիշերը Աստուծոյ Խօսքին ու նպատակներուն վրայ խոկալը հաճոյք կը պատճառե՞ն քեզի։—Սաղմոս 63։6

12. Եթէ Եհովայի օրէնքին մէջ հաճոյք կը գտնենք, ի՞նչ պիտի ընենք։

12 Մեր յաւիտենական երջանկութիւնը կախեալ է Աստուծոյ օրէնքին մէջ հաճոյք գտնելէն։ Անիկա կատարեալ ու արդար է, եւ զայն պահելուն վարձատրութիւնը մեծ է։ (Սաղմոս 19։7-11) Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ (Յակոբու 1։25) Եթէ Եհովայի օրէնքին մէջ իրապէս հաճոյք կը գտնենք, պիտի չուզենք օր մը անցնի, առանց հոգեւոր նիւթեր նկատի առնելու։ Արդարեւ պիտի մղուինք «Աստուծոյ խորունկ բաները» փնտռելու եւ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պահելու։—Ա. Կորնթացիս 2։10-13. Մատթէոս 6։33

Ան Ծառի Պէս կ’Ըլլայ

13-15. Ի՞նչ առումով կրնանք յորդահոս ջրաղբիւրի քով տնկուած ծառի պէս ըլլալ։

13 Ուղիղ անհատին մասին իր նկարագրութիւնը շարունակելով, սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Անիկա ջուրի առուներուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին՝ իր պտուղը կու տայ. անոր տերեւը պիտի չթառամի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։3, ԱՎ) Բոլոր անկատար մարդոց նման, մենք որ Եհովայի կը ծառայենք, կեանքի մէջ նեղութիւններ կը քաշենք։ (Յոբայ 14։1) Կրնանք հալածանք կրել եւ հաւատքի այլ փորձութիւններ դիմագրաւել։ (Մատթէոս 5։10-12) Սակայն Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք այս փորձերուն տոկալ, ինչպէս առողջ ծառ մը փոթորիկի դիմաց հաստատ կը մնայ։

14 Մշտահոս ջրաղբիւրի քով տնկուած ծառը, տաք օդին կամ երաշտի ժամանակ չի չորնար։ Եթէ աստուածավախ անհատներ ենք, մեր զօրութիւնը կու գայ անսպառ Սկզբնաղբիւրէ մը՝ Եհովա Աստուծմէ։ Պօղոս օգնութեան համար Աստուծոյ դիմեց եւ կրցաւ ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Երբ Եհովայի սուրբ հոգին մեզ առաջնորդէ եւ հոգեւորապէս կազդուրէ, չենք թառամիր, անպտուղ կամ հոգեւորապէս մեռած դառնալով։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ պտղաբեր ենք, ինչպէս նաեւ իր հոգիին պտուղը կը ցուցաբերենք։—Երեմեայ 17։7, 8. Գաղատացիս 5։22, 23

15 «Պէս» թարգմանուած Եբրայերէն բառով, սաղմոսերգուն նմանութիւն կը գործածէ։ Ան երկու բաներ իրարու հետ կը համեմատէ, որոնք իրարմէ տարբեր են՝ բայց մասնայատուկ յատկութիւն մը կը բաժնեն։ Մարդիկ ծառերէն տարբեր են, սակայն յորդահոս ջրաղբիւրի քով տնկուած բերրի ծառը, ըստ երեւոյթին սաղմոսերգուին յիշեցուց ‘Տէրոջ օրէնքին մէջ հաճոյք’ գտնողներուն հոգեւոր բարգաւաճութիւնը։ Եթէ Աստուծոյ օրէնքին մէջ հաճոյք կը գտնենք, մեր օրերը կրնան ծառի օրերուն պէս ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, կրնանք յաւիտեան ապրիլ։—Յովհաննու 17։3

16. Ինչո՞ւ եւ ի՛նչպէս ‘ինչ բան որ ընենք՝ կը յաջողի’։

16 Մինչ ուղիղ ընթացքի հետամուտ կ’ըլլանք, Եհովա կ’օգնէ մեզի որ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու ճնշումին տոկանք։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ուրախ եւ պտղաբեր ենք։ (Մատթէոս 13։23. Ղուկաս 8։15) ‘Ինչ բան որ ընենք՝ պիտի յաջողի’, քանի որ մեր գլխաւոր նպատակակէտն է՝ Եհովայի կամքը կատարել։ Որովհետեւ իր նպատակները միշտ կը յաջողին եւ իր պատուիրաններուն մէջ հաճոյք կը գտնենք, հոգեւորապէս կ’ուռճանանք։ (Ծննդոց 39։23. Յեսուայ 1։7, 8. Եսայեայ 55։11) Այս է պարագան, նոյնիսկ երբ ձախորդութեան հանդիպինք։—Սաղմոս 112։1-3. Գ. Յովհաննու 2

Ամբարիշտները Բարգաւաճ կը Թուին

17, 18. (ա) Սաղմոսերգուն ամբարիշտները ի՞նչ բանի կը նմանցնէ։ (բ) Նոյնիսկ եթէ ամբարիշտները նիւթապէս բարգաւաճին, անոնք ինչո՞ւ մնայուն ապահովութիւն չունին։

17 Ամբարիշտներուն վիճակը որքա՜ն կը տարբերի արդարներուն վիճակէն։ Ամբարիշտները թերեւս ժամանակ մը նիւթական գետնի վրայ բարգաւաճին, բայց ոչ՝ հոգեւորապէս։ Ասիկա ակներեւ է սաղմոսերգուին յաջորդ խօսքերէն. «Այսպէս չեն ամբարիշտները, հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը տարտղնէ։ Հետեւաբար ամբարիշտները պիտի չկարենան կանգուն մնալ դատաստանին օրը, ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն համայնքին մէջ»։ (Սաղմոս 1։4, 5, ԱՎ) Նկատէ թէ սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Այսպէս չեն ամբարիշտները»։ Ան ըսել կ’ուզէ թէ անոնք բարեպաշտ մարդոց պէս չեն, որոնք պտղաբեր ու երկարակեաց ծառերու հետ համեմատուեցան։

18 Նոյնիսկ եթէ ամբարիշտները նիւթապէս բարգաւաճին, անոնք մնայուն ապահովութիւն չունին։ (Սաղմոս 37։16. 73։3, 12) Անոնք կը նմանին անմիտ հարուստին, որ Յիսուս յիշեց առակի մը մէջ, երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ ժառանգութիւն պարփակող հարցի մը մէջ դատէ։ Յիսուս իր շուրջը եղողներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Յիսուս այս կէտը լուսաբանեց, ըսելով թէ հարուստ մարդու մը արտերը այնքան առատ բերքեր տուին, որ ան ծրագրեց իր ամբարները քանդել ու աւելի մեծերը կառուցանել, հոն ժողվելու համար իր բոլոր բարիքները։ Ան նաեւ ծրագրեց ուտել, խմել եւ զուարճանալ։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. «Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան»։ Իր կէտը շեշտելու համար, Յիսուս աւելցուց. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։—Ղուկաս 12։13-21

19, 20. (ա) Նկարագրէ կամնելու գործընթացը։ (բ) Ամբարիշտները ինչո՞ւ թեփի նմանցուած են։

19 Ամբարիշտները ‘Աստուծոյ չեն հարստանար’։ Ուստի անոնք թեփէն՝ ցորենի հատիկներուն բարակ կեղեւէն աւելի ապահով ու կայուն չեն։ Վաղեմի ժամանակներուն, ցորենը հնձելէ ետք, զայն կը տանէին կալը,– ընդհանրապէս բարձր ու տափարակ տեղ մը։ Հոն, կամնասայլերով ծղօտը կը փշրուէր ու հատիկը թեփէն կը զատուէր։ Ապա, թիով ամբողջ խառնուրդը կը վերցուէր եւ հոսանքի դիմաց օդը կը նետուէր։ (Եսայեայ 30։24) Հատիկները կալին մէջ կ’իյնային, մինչ հովը մէկ կողմ կը տանէր յարդը ու կը հեռացնէր թեփը։ (Հռութայ 3։2) Խիճեր եւ նման բաներ դուրս ձգելու համար՝ ցորենը մաղելէ ետք, անիկա ամբարումի կամ աղացումի պատրաստ կ’ըլլար։ (Ղուկաս 22։31) Իսկ թեփը անհետացած կ’ըլլար։

20 Ճիշդ ինչպէս որ ցորենի հատիկները գետին ինկան ու պահուեցան, մինչ թեփը անհետացաւ, նոյնպէս արդարները պիտի մնան ու ամբարիշտները պիտի չքանան։ Վստահաբար ուրախ ենք որ այսպիսի չարագործներ շուտով պիտի անէանան յաւիտեան։ Երբ անոնք գոյութիւն ունենալէ դադրին, Եհովայի օրէնքին մէջ հաճոյք գտնողները մեծապէս պիտի օրհնուին։ Արդարեւ հնազանդ մարդիկը վերջապէս Աստուծոյ յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի ստանան։—Մատթէոս 25։34-46. Հռովմայեցիս 6։23

Արդարներուն Օրհնեալ Ճամբան’

21. Ի՞նչպէս Եհովա ‘կը ճանչնայ արդարները’։

21 Առաջին սաղմոսը կ’եզրափակէ սա խօսքով. «Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի»։ (Սաղմոս 1։6) Աստուած ի՞նչպէս ‘կը ճանչնայ արդարները’։ Եթէ պարկեշտ ընթացքի հետամուտ կ’ըլլանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր երկնաւոր Հայրը մեր բարեպաշտ կենցաղը կը նկատէ եւ մեզ իր ընդունելի ծառաները կը սեպէ։ Ուստի մեր բոլոր մտահոգութիւնները կրնանք անոր վրայ ձգել՝ եւ ասիկա պէտք է ընենք, համոզուած ըլլալով որ ան իրապէս կը հոգայ մեզ։—Եզեկիէլ 34։11. Ա. Պետրոս 5։6, 7

22, 23. Ամբարիշտներուն եւ արդարներուն ի՞նչ պիտի պատահի։

22 «Արդարներուն ճամբան» յաւիտեան պիտի մնայ, բայց անսրբագրելի ամբարիշտները պիտի կորսուին՝ Եհովայի աննպաստ դատավճիռին պատճառով։ Եւ անոնց «ճամբան», կամ կենցաղը, իրենց հետ վերջ պիտի գտնէ։ Լման վստահութիւն ունինք թէ Դաւիթի սա խօսքերը պիտի կատարուին. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։10, 11, 29

23 Ի՜նչ երջանկութիւն պիտի վայելենք, եթէ առանձնաշնորհում ունենանք ապրելու դրախտային երկրին վրայ, երբ ամբարիշտները այլեւս գոյութիւն չունենան։ Այդ ատեն հեզերն ու արդարները իսկական խաղաղութիւն պիտի վայելեն, քանի որ «Տէրոջ Օրէնքին մէջ» միշտ հաճոյք պիտի գտնեն։ Սակայն անկէ առաջ, Եհովայի «հրամանը» պէտք է գործադրուի։ (Սաղմոս 2։7ա) Յաջորդ յօդուածը կը բացատրէ թէ այդ հրամանը ի՛նչ է եւ ի՛նչ պիտի նշանակէ մեզի ու ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Բարեպաշտ անհատը ինչո՞ւ երջանիկ է։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովայի օրէնքին մէջ հաճոյք կը գտնենք։

• Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ջրարբի ծառի մը պէս ըլլալ։

• Արդարներուն ճամբան ի՞նչպէս կը տարբերի ամբարիշտներուն ճամբայէն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Աղօթքը մեզի պիտի օգնէ որ ամբարիշտներուն հետ ընկերակցելէ խուսափինք

[Նկար՝ էջ 10]

Արդարը ինչո՞ւ ծառի մը պէս է