Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փնտռել՝ լաւ կառավարութիւն մը

Փնտռել՝ լաւ կառավարութիւն մը

Փնտռել՝ լաւ կառավարութիւն մը

«Երկիրներ հետզհետէ աւելի իրարմէ կախեալ կը դառնան, եւ ասիկա շարք մը աշխարհածաւալ խնդիրներու դուռ բացած է, զորս իւրաքանչիւր երկիր այլեւս առանձին կարող չէ լուծելու։ Միայն համաշխարհային համագործակցութեամբ է որ կրնանք մարդկութեան դիմագրաւած հետզհետէ աւելցող վտանգներուն ու դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել»։—Կուլամ Ումար, Փաքիստանցի քաղաքական վերլուծող

ՆԵՐԿԱՅ աշխարհը հակասութիւններով զեղուն է։ Նիւթապէս հարուստ շրջանի մէջ, շատեր հազիւ իրենց ապրուստը կը ճարեն։ Համակարգիչ գործածող այժմու սերունդը ցարդ ամենէն ուսեալ ու գիտուն սերունդն է, այսուհանդերձ բազմաթիւ անհատներ կայուն գործ մը գտնելու դժուարութիւն ունին։ Թէեւ կը թուի թէ մարդիկ որեւէ ժամանակէ աւելի ազատութիւն ունին, սակայն վախը, անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը միլիոնաւորներ կը պատեն։ Թերեւս հրապուրիչ պատեհութիւններ մատչելի են, բայց ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ տարածուած փտածութիւնն ու անօրէնութիւնը շատերը կը վհատեցնեն։

Մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրները ա՛յնքան շատ են, որ ազգ մը կամ նոյնիսկ խումբ մը ազգեր չեն կրնար զանոնք ձեռք առնել։ Հետեւաբար դիտորդներէն շատեր եզրակացուցած են թէ համաշխարհային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը իրականացնելու համար, բոլոր ազգերը պէտք է միանան մէկ կառավարութեան ներքեւ։ Օրինակ, Ալպըրթ Այնշթայն շատոնց այս գաղափարը ջատագովեց։ 1946–ին, ան յայտարարեց. «Հաստատօրէն համոզուած եմ որ աշխարհի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ խաղաղ ու ապահով կեանք մը ապրիլ։ . . . Մարդկութեան փափաքած խաղաղութիւնը կրնայ իրագործուիլ միայն համաշխարհային կառավարութիւն մը գոյացնելով»։

Հինգ տասնամեակներ ետք, այս կենսական կարիքին տակաւին գոհացում չէ տրուած։ 21–րդ դարու մարտահրաւէրները թուելով, Le Monde ֆրանսական լրագիրը կը նշէ. «Անհրաժեշտ է հաստատել դատական, վարչական ու սահմանադրական հիմերը միջազգային կառավարութեան մը, որ կրնայ անմիջապէս միջամտել, երբ աշխարհի որեւէ մասին մէջ էթնիք ջարդեր ըլլան։ Անհրաժեշտ է նաեւ ընդունիլ այն գաղափարը թէ այսուհետեւ երկրագունդը մէկ երկիր է»։ Ո՞վ կամ ի՞նչ բան ասիկա իրագործելու զօրութիւնն ու կարողութիւնը ունի, երաշխաւորելով թէ մարդկութիւնը խաղաղ ապագայ մը պիտի վայելէ։

Լուծումը Միացեալ Ազգե՞րն Է

Շատեր համաշխարհային խաղաղութեան համար իրենց յոյսը Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան վրայ դրած են։ ՄԱԿ–ը կառավարութի՞ւն մըն է, որ կրնայ աշխարհին իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերել։ Անկասկած ոգեւորիչ ու խոստմնալից քաղաքական ճարտասանութիւնը անպակաս է։ Օրինակ, 2000–ի ‘Հազարամեայի Յայտարարութեան’ մէջ, Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Համագումարը հետեւեալ լուրջ որոշումը կայացուց. «Որեւէ ջանք պիտի չխնայենք մեր ժողովուրդները ազատագրելու պատերազմի պատուհասէն, երկիրներու մէջ թէ միջեւ, որ անցեալ տասնամեակին աւելի քան 5 միլիոն կեանք խլեց»։ Այսպիսի յայտարարութիւններու շնորհիւ շատեր հիացմունքով ՄԱԿ–ը գովաբանած են, իսկ Նորվեկեան Նոպէլի Յանձնախումբը ՄԱԿ–ի շնորհեց 2001–ի Նոպէլի Խաղաղութեան Մրցանակը ու նշեց թէ «աշխարհածաւալ խաղաղութիւն ու համագործակցութիւն իրագործելու միակ մատչելի միջոցը՝ Միացեալ Ազգերն է»։

Այսուհանդերձ, 1945–ին հաստատուած Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը փաստա՞ծ է կառավարութիւն մը ըլլալ, որ կրնայ իսկական ու մնայուն համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։ Ո՛չ, քանի որ անոր անդամներուն անձնական շահերը եւ ազգայնական տենչերը ի դերեւ հանած են իր ջանքերը։ Լրագրի մը խմբագրին խօսքերով, հանրութեան տպաւորութիւնը այն է թէ ՄԱԿ–ը պարզապէս «ծանրաչափ մըն է որ համաշխարհային տեսակէտներ ցոյց կու տայ» եւ թէ «անոր օրակարգը այնպիսի հարցերով լեցուն է, որոնց շուրջ տարիներէ ի վեր բանավէճեր կ’ըլլան, առանց լուծում մը գտնելու»։ Դարձեալ հարց կու տանք. աշխարհի ազգերը օրին մէկը իրապէս պիտի միանա՞ն։

Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ այս միութիւնը շուտով պիտի իրականանայ։ Ասիկա ի՞նչպէս տեղի պիտի ունենայ։ Եւ ո՞ր կառավարութիւնը պիտի իրագործէ զայն։ Պատասխանը կը գտնես յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Նկար՝ էջ 3]

Այնշթայն համաշխարհային կառավարութեան գաղափարը ջատագովեց

[Նկարին աղբիւրը]

Einstein։ U.S. National Archives photo