Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ատուած՝ առանց պատճառի

Ատուած՝ առանց պատճառի

Ատուած՝ առանց պատճառի

«Զուր տեղը զիս ատեցին»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15։25

1, 2. (ա) Ոմանք ինչո՞ւ շփոթութեան կը մատնուին երբ Քրիստոնեաներուն դէմ խօսուի, բայց այսպիսի խօսքեր ինչո՞ւ պէտք չէ զարմացնեն մեզ։ (բ) Այս յօդուածին մէջ «ատել» բառին ո՞ր նշանակութիւնը նկատի պիտի առնենք։ (Տես ստորանիշը։)

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ կը ջանան Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Ասոր շնորհիւ անոնք լաւ համբաւ կը վայելեն շատ մը երկիրներու մէջ։ Սակայն երբեմն անոնք սխալ ներկայացուած են։ Օրինակ, Սէնթ Փիթէրզպըրկի մէջ, Ռուսաստան, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը մտաբերեց. «Եհովայի Վկաները մեզի ներկայացուած էին որպէս գաղտնի աղանդ մը, որուն անդամները թաքնաբար երախաներ կը մորթեն ու անձնասպան կ’ըլլան»։ Բայց միջազգային համաժողովի մը առիթով Եհովայի Վկաներուն հետ աշխատելէ ետք, այս պաշտօնեան ըսաւ. «Այժմ կը տեսնեմ սովորական, ժպտադէմ անհատներ . . . Անոնք խաղաղասէր ու հանդարտ են, եւ իրար շա՜տ կը սիրեն»։ Ան աւելցուց. «Իրապէս չեմ հասկնար թէ մարդիկ ինչո՛ւ անոնց մասին սուտեր կը խօսին»։—Ա. Պետրոս 3։16

2 Իբր չարագործ ամբաստանուելով Աստուծոյ ծառաները հաճոյք չեն զգար, բայց չեն զարմանար որ մարդիկ իրենց դէմ կը խօսին։ Յիսուս իր հետեւորդները նախապէս զգուշացուց. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց . . . որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’»։ * (Յովհաննու 15։18-20, 25. Սաղմոս 35։19. 69։4) Ան իր աշակերտներուն ըսած էր. «Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը»։ (Մատթէոս 10։25) Քրիստոնեաները կը հասկնան թէ այսպիսի վարկաբեկումի մը տոկալը մաս կը կազմէ այն «տանջանքի ցից»ին, որ ընդունեցին երբ Քրիստոսի հետեւորդները եղան։—Մատթէոս 16։24, ՆԱ

3. Ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ տարողութեամբ հալածուած են։

3 Ճշմարիտ երկրպագուներու հալածանքին պատմութիւնը երկար է, սկսելով «արդար Աբէլ»էն։ (Մատթէոս 23։34, 35) Անիկա հազուադէպ չէ եղած։ Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդները «ամենուն ատելի պիտի ըլլան» իր անունին համար։ (Մատթէոս 10։22) Ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ Աստուծոյ բոլոր ծառաները,– ի ներառեալ իւրաքանչիւրս,– պէտք է ակնկալեն հալածանք կրել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Ինչո՞ւ։

Անարդարանալի Ատելութեան Աղբիւրը

4. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս երեւան կը հանէ ամբողջ անարդարանալի ատելութեան աղբիւրը։

4 Աստուծոյ Խօսքը կը յայտնէ թէ սկիզբէն իսկ անտեսանելի սադրիչ մը կար։ Նկատի առ առաջին հաւատքի տէր մարդուն՝ Աբէլի վայրագ մահը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անոր ատելավառ եղբայրը՝ Կայէն «Չարէն [Բանսարկու Սատանայէն] էր»։ (Ա. Յովհաննու 3։12, ԱՎ) Կայէն Սատանայի տրամադրութիւնը որդեգրեց, եւ Բանսարկուն զինք գործածեց իր ամբարիշտ նպատակները իրագործելու համար։ Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կը յայտնէ Սատանայի կատաղի յարձակումները Յոբի ու Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ (Յոբայ 1։12. 2։6, 7. Յովհաննու 8։37, 44. 13։27) Յայտնութիւն գիրքը Յիսուսի հետեւորդները հալածողին ինքնութեան շուրջ մեզ մութի մէջ չի ձգեր, ըսելով. «Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք»։ (Յայտնութիւն 2։10) Այո, Սատանան է Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ եղած ամբողջ անարդարանալի ատելութեան աղբիւրը։

5. Սատանան ինչո՞ւ կ’ատէ ճշմարիտ երկրպագուները։

5 Սատանան ինչո՞ւ կ’ատէ ճշմարիտ երկրպագուները։ Շատ մեծ սնապարծութիւն ցոյց տուող դաւադրութեամբ, Սատանան ասպարէզ կարդաց «յաւիտենական թագաւորին»՝ Եհովա Աստուծոյ դէմ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. 3։6) Ան կը պնդէ թէ Իր արարածներուն վրայ Աստուծոյ իշխանութիւնը անտեղիօրէն կաշկանդիչ է, եւ թէ ոչ ոք Եհովայի կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով, այլ՝ միայն անձնասէր շահերէ մղուած։ Սատանան կը դաւանի թէ եթէ իրեն թոյլատրուի մարդիկը փորձութեան ենթարկել, կրնայ բոլորը Աստուծոյ ծառայութենէն հեռացնել։ (Ծննդոց 3։1-6. Յոբայ 1։6-12. 2։1-7) Չարախօսելով թէ Եհովա հարստահարող, ստախօս ու ձախող է, Սատանան կը ջանայ մրցակից գերիշխան մը ըլլալ։ Ուստի, պաշտուելու իր տենչանքը կը հրահրէ իր զայրոյթը Աստուծոյ ծառաներուն դէմ։—Մատթէոս 4։8, 9

6. (ա) Եհովայի գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՞նչպէս անհատապէս պարփակուած ենք։ (բ) Այս հարցը հասկնալը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք։ (Տես շրջանակը, էջ 10։)

6 Կը նկատե՞ս թէ այս հարցը ի՛նչպէս կեանքիդ կ’ազդէ։ Եհովայի ծառայ մը ըլլալով, հաւանաբար նշմարած ես որ մինչ Աստուծոյ կամքը կատարելը լուրջ ջանք կը պահանջէ, քաղուած օգուտները շա՜տ են։ Սակայն ի՞նչ պիտի ընես, եթէ պարագաներդ դժուար կամ տաժանելի դարձնեն որ Եհովայի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն շարունակես համակերպիլ։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ թուի որ ո՛չ մէկ օգուտ կը քաղես։ Պիտի եզրակացնե՞ս թէ Եհովայի ծառայութիւնը շարունակելը չ’արժեր։ Թէ ոչ Եհովայի հանդէպ սէրը ու իր սքանչելի յատկութիւններուն հանդէպ խոր գնահատութիւնը քեզ պիտի մղեն որ շարունակես իր բոլոր ուղիներուն մէջ քալել։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Սատանայի թոյլ տալով որ մեր վրայ որոշ նեղութիւն բերէ, Եհովա իւրաքանչիւրիս պատեհութիւն տուած է որ Սատանայի մարտահրաւէրին անձնապէս պատասխանենք։—Առակաց 27։11

«Երբ կը Նախատեն Ձեզ»

7. Բանսարկուն ի՞նչ ռազմավարութիւն կը գործածէ, փորձելով մեզ Եհովայէ հեռացնել։

7 Այժմ աւելի մօտէն նկատի առնենք այս հարցին մէջ իր տեսակէտը փաստելու համար Սատանայի գործածած հնարքներէն մէկը,– սուտէ հիւսուած նախատինքը։ Յիսուս Սատանան կոչեց «սուտին հայրը»։ (Յովհաննու 8։44, ԱՎ) Նկարագրական անունը Բանսարկու, զինք կը բնորոշէ որպէս մեծագոյն «Զրպարտիչ»ը, որ կը զրպարտէ Աստուած, Իր բարի խօսքն ու սուրբ անունը։ Բանսարկուն Եհովայի գերիշխանութեան ասպարէզ կարդալու համար կը գործածէ յետին միտքով ակնարկութիւններ, սուտ ամբաստանութիւններ եւ բացայայտ սուտեր, եւ նոյն ռազմավարութիւնը կը կիրարկէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները զրպարտելու համար։ Այս Վկաներուն վրայ նախատինք կուտակելով, ան կրնայ խիստ փորձութեան մը տոկալը դժուարացնել։

8. Սատանան ի՞նչպէս Յոբի վրայ նախատինք բերաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Յոբի, որուն անունը կը նշանակէ «Թշնամութեան Թիրախ»։ Յոբի ապրուստը, զաւակներն ու առողջութիւնը կորսնցնելէ զատ, Սատանան այն տպաւորութիւնը տուաւ թէ Յոբ Աստուծոյ կողմէ կը պատժուէր իբր մեղաւոր։ Յոբ իր վայելած մեծ յարգանքը կորսնցուց եւ նոյնիսկ իր ազգականներուն ու սերտ բարեկամներուն կողմէ անարգուեցաւ։ (Յոբայ 19։13-19. 29։1, 2, 7-11) Ասկէ զատ, կեղծ մխիթարիչներու միջոցով Սատանան ջանաց ‘Յոբը ճզմել խօսքերով’, նախ՝ չարամտութեամբ ակնարկելով թէ ան լուրջ մեղք մը գործած ըլլալու է, ապա՝ ուղղակիօրէն զինք դատապարտելով իբր յանցագործ։ (Յոբայ 4։6-9. 19։2, ԱՎ. 22։5-10) Ասիկա որքա՜ն վհատեցուցած ըլլալու էր Յոբը։

9. Յիսուս ի՞նչպէս իբր մեղաւոր ներկայացուեցաւ։

9 Եհովայի գերիշխանութեան մեծագոյն ջատագովը ըլլալով, Աստուծոյ Որդին Սատանայի թշնամութեան գլխաւոր թիրախը դարձաւ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Սատանան ջանաց զինք հոգեւորապէս այլանդակել, ինչպէս Յոբի ըրաւ, Յիսուսը ներկայացնելով իբր մեղաւոր։ (Եսայեայ 53։2-4. Յովհաննու 9։24) Մարդիկ զինք գինեսէր ու շատակեր կոչեցին, եւ ըսին թէ ‘դեւ կայ անոր ներսը’։ (Մատթէոս 11։18, 19. Յովհաննու 7։20. 8։48. 10։20) Ան սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ հայհոյութեան յանցանքով։ (Մատթէոս 9։2, 3. 26։63-66. Յովհաննու 10։33-36) Ասիկա Յիսուսը վշտացուց, քանի որ իր Հօր վրայ նախատինք կը բերէր։ (Ղուկաս 22։41-44) Վերջապէս, Յիսուս ցցահարուեցաւ իբր անիծեալ ոճրագործ։ (Մատթէոս 27։38-44) Կատարեալ ուղղամտութիւն պահելով, Յիսուս տոկաց «մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն»։—Եբրայեցիս 12։2, 3

10. Արդի ժամանակներուն, օծեալ մնացորդը ի՞նչպէս Սատանայի թիրախը դարձած է։

10 Արդի ժամանակներուն, Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն մնացորդը նոյնպէս Բանսարկուի թշնամութեան թիրախը դարձած է։ Սատանան նկարագրուած է որպէս Քրիստոսի «եղբայրներուն դէմ չար խօսողը . . . որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր»։ (Յայտնութիւն 12։9, 10) Երկինքէն վռնտուելէ ու երկրի շրջակայքը արգելափակուելէ ի վեր, Սատանան իր ջանքերը աւելցուցած է, որպէսզի Քրիստոսի եղբայրները ներկայացնէ իբր արհամարհելի վտարանդիներ։ (Ա. Կորնթացիս 4։13) Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք վտանգաւոր աղանդ կոչուած են, ինչպէս առաջին դարու Քրիստոնեաները կոչուեցան։ (Գործք 24։5, 14. 28։22) Ինչպէս յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ, անոնք սուտ պրոպականդի միջոցով զրպարտուած են։ Այսուհանդերձ, «փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով», Քրիստոսի օծեալ եղբայրները, «ուրիշ ոչխարներ»ու աջակցութեամբ, խոնարհաբար ջանացած են ‘Աստուծոյ պատուիրանքները պահել ու Յիսուսի վկայել’։—Բ. Կորնթացիս 6։8. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 12։17

11, 12. (ա) Քրիստոնեաներուն կրած կարգ մը նախատինքներուն պատճառը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ (բ) Քրիստոնեան ի՞նչ կերպերով անիրաւօրէն կրնայ տառապիլ իր հաւատքին համար։

11 Անշուշտ Աստուծոյ ծառային կրած բոլոր նախատինքները «արդարութեան համար» չեն։ (Մատթէոս 5։10) Կարգ մը խնդիրներու պատճառը կրնայ մեր անկատարութիւնները ըլլալ։ Գովեստի արժանի բան չունինք եթէ ‘մեղք գործելով ծեծուինք ու համբերենք’։ Սակայն, երբ Քրիստոնեան ‘բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կրէ, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է’։ (Ա. Պետրոս 2։19, 20) Ասիկա ի՞նչ պայմաններու ներքեւ կրնայ պատահիլ։

12 Ոմանք քանի որ մերժած են յուղարկաւորութեան անաստուածաշնչական սովորութիւններու մասնակցիլ, իրենց հետ անարգական կերպով վարուած են։ (Բ. Օրինաց 14։1) Վկայ պատանիներ անողոք հայհոյանքի թիրախ դարձած են, քանի որ Եհովայի բարոյական չափանիշներուն կը կառչին։ (Ա. Պետրոս 4։4) Կարգ մը Քրիստոնեայ ծնողներ սխալ կերպով պիտակուած են իբր «անհոգ» կամ «անգութ», քանի որ իրենց զաւակներուն համար անարիւն բժշկական դարմանում փնտռած են։ (Գործք 15։29) Քրիստոնեաներ իրենց ազգականներուն ու դրացիներուն կողմէ մերժուած են, պարզապէս քանի որ Եհովայի ծառաներ դարձած են։ (Մատթէոս 10։34-37) Այս բոլոր անհատները մարգարէներուն ու Յիսուսի նման անիրաւօրէն կը տառապին։—Մատթէոս 5։11, 12. Յակոբու 5։10. Ա. Պետրոս 2։21

Նախատինքին Տոկանք

13. Երբ խիստ նախատուինք, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահելու։

13 Երբ մեր հաւատքին համար խիստ նախատուինք, թերեւս Երեմիա մարգարէին նման վհատինք եւ զգանք թէ չենք կրնար Աստուծոյ ծառայութեան մէջ շարունակել։ (Երեմեայ 20։7-9) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահելու։ Ջանա՛ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ Ան փորձութեան ներքեւ հաւատարիմ եղողները կը նկատէ յաղթականներ, ո՛չ թէ զոհեր։ (Հռովմայեցիս 8։37) Փորձէ մտապատկերել անոնք որ Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնած են, հակառակ իրենց վրայ Բանսարկուին բերած բոլոր անարգանքներուն,– ինչպէս՝ Աբէլ, Յոբ, Յիսուսի մայրը Մարիամ, եւ վաղեմի այլ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, ինչպէս նաեւ՝ արդի ժամանակներու մեր ծառայակիցները։ (Եբրայեցիս 11։35-37. 12։1) Անոնց ուղղամիտ ընթացքին վրայ խոկա՛։ Այս հաւատարիմներու մեծ բազմութիւնը մեզ կը հրաւիրէ որ իրենց նման աշխարհին յաղթենք մեր հաւատքով։—Ա. Յովհաննու 5։4

14. Ջերմեռանդ աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ մեզ զօրացնել որ հաւատարիմ մնանք։

14 Եթէ ‘մեր ներսիդին մեր հոգերը շատնան’, կրնանք ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթել, եւ ան մեզ պիտի մխիթարէ ու զօրացնէ։ (Սաղմոս 50։15. 94։19) Փորձութեան դիմանալու համար ան մեզի հարկ եղած իմաստութիւնը պիտի տայ եւ մեզի պիտի օգնէ որ մեծ հարցին՝ Եհովայի գերիշխանութեան վրայ շարունակենք կեդրոնանալ, որ իր ծառաներուն դէմ հրահրուած անարդարանալի ատելութեան պատճառն է։ (Յակոբու 1։5) Եհովա նաեւ կրնայ մեզի շնորհել «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այս աստուածատուր անդորրութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ ծայրայեղ ճնշումի ներքեւ հանդարտ ու անսասան մնանք, կասկածի կամ վախի տեղի չտալով։ Իր հոգիին միջոցով, Եհովա կրնայ մեզի նեցուկ կանգնիլ, իր թոյլատրած որեւէ փորձութեան ներքեւ։—Ա. Կորնթացիս 10։13

15. Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ չդառնանանք, երբ տառապինք։

15 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ առանց պատճառի մեզ ատողներուն հանդէպ դառնութեամբ չլեցուինք։ Մտաբերէ որ մեր գլխաւոր թշնամիները Սատանան ու դեւերն են։ (Եփեսացիս 6։12) Մինչ կարգ մը մարդիկ գիտակցաբար ու կանխամտածութեամբ մեզ կը հալածեն, շատեր Աստուծոյ ժողովուրդին կը հակառակին տգիտութեան պատճառով կամ ուրիշներէ դրդուած ըլլալով։ (Դանիէլ 6։4-16. Ա. Տիմոթէոս 1։12, 13) Եհովա կ’ուզէ որ ‘բոլոր մարդիկ փրկուելու ու ճշմարտութիւնը ճանչնալու’ պատեհութիւնը ունենան։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Արդարեւ նախկին հակառակորդներէն ոմանք ներկայիս մեր Քրիստոնեայ եղբայրներն են, քանի որ մեր անմեղադրելի վարքը նկատած են։ (Ա. Պետրոս 2։12) Ասկէ զատ, կրնանք Յակոբի որդիին՝ Յովսէփի օրինակէն դաս մը քաղել։ Թէեւ իր խորթ եղբայրներուն պատճառով շատ տառապեցաւ, սակայն Յովսէփ անոնց հանդէպ ատելութիւն չսնուցանեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ըմբռնեց թէ Եհովա կը միջամտէր, Իր կամքը կատարելու համար։ (Ծննդոց 45։4-8) Եհովա նոյնպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր կրած որեւէ անիրաւ տառապանք իր անունին փառք բերէ։—Ա. Պետրոս 4։16

16, 17. Քարոզչութեան արգելք հանդիսանալու հակառակորդներուն ջանքերը ինչո՞ւ մեզ պէտք չէ մտահոգեն։

16 Անտեղիօրէն պէտք չէ մտահոգուինք, եթէ ժամանակ մը այնպէս թուի որ հակառակորդները կը յաջողին բարի լուրի յառաջդիմութեան արգելք հանդիսանալ։ Եհովա այժմ ազգերը կը շարժէ աշխարհածաւալ վկայութեան միջոցով, եւ ցանկալի բաները կը հաւաքուին։ (Անգեայ 2։7) Բարի Հովիւը՝ Քրիստոս Յիսուս ըսաւ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ . . . եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք»։ (Յովհաննու 10։27-29) Սուրբ հրեշտակներն ալ մեծ հոգեւոր հունձքին մէջ բաժին կը բերեն։ (Մատթէոս 13։39, 41. Յայտնութիւն 14։6, 7) Հետեւաբար հակառակորդներուն ո՛չ մէկ ըսածը կամ ըրածը կրնայ Աստուծոյ նպատակը ի դերեւ հանել։—Եսայեայ 54։17. Գործք 5։38, 39

17 Հակառակորդներուն ջանքերը յաճախ հակառակ արդիւնք կու տան։ Ափրիկեան համայնքի մը մէջ, Եհովայի Վկաներուն մասին բազմաթիւ ահռելի սուտեր տարածուած էին, ի ներառեալ թէ անոնք սատանայապաշտ են։ Այս պատճառով, ամէն անգամ որ Վկաները կ’այցելէին, Կրէյս իր տան ետեւի կողմը կը վազէր ու կը պահուըտէր մինչեւ անոնց մեկնիլը։ Օր մը իր եկեղեցիին հովիւը մեր մէկ գրականութիւնը ցոյց տալով ըսաւ բոլոր ներկաներուն որ զայն չկարդան, քանի որ անիկա կրնար պատճառ ըլլալ որ իրենց հաւատքը լքեն։ Ասիկա Կրէյսի հետաքրքրութիւնը արթնցուց։ Հետագային երբ Վկաները այցելեցին, ան փոխանակ պահուըտելու, անոնց հետ խօսակցեցաւ ու այդ գրականութիւնը ստացաւ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, եւ 1996–ին ան մկրտուեցաւ։ Այժմ Կրէյս կը ջանայ ուրիշներ գտնել, որոնք Եհովայի Վկաներուն մասին սխալ տեղեկութիւն ստացած են։

Հիմա՛ Հաւատքդ Ամրացուր

18. Խիստ փորձութիւններ չծագած, ինչո՞ւ մեր հաւատքը պէտք է զօրացնենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

18 Որովհետեւ Սատանան կրնայ որեւէ ատեն անարդարանալի ատելութիւն հրահրել, կենսական է որ հիմա՛ մեր հաւատքը ամրացնենք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Եհովայի ժողովուրդը հալածանքի ենթարկած երկրէ մը ղրկուած մէկ տեղեկագրութիւնը նշեց. «Մէկ բան շատ բացայայտ դարձած է. անոնք որ հոգեւոր լաւ սովորութիւններ եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ խոր գնահատութիւն ունին, փորձութեան ժամանակ դիւրաւ հաստատ կը կենան։ Բայց անոնք որ ‘նպաստաւոր ժամանակին’ ժողովներէ կը բացակային, դաշտի ծառայութեան մէջ անկանոն են եւ պզտիկ հարցերու մէջ զիջումներ կ’ընեն, ընդհանրապէս կ’իյնան, երբ ‘կրակոտ’ փորձութեան ենթարկուին»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Եթէ հարկ կայ որ կարգ մը մարզերու մէջ բարեփոխումներ ընես, անյապաղ ջանա՛ զանոնք ընել։—Սաղմոս 119։60

19. Անարդարանալի ատելութեան ներքեւ Աստուծոյ ծառաներուն ուղղամտութիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ։

19 Սատանայական ատելութեան պատուհասին ներքեւ ճշմարիտ երկրպագուներուն ուղղամտութիւնը, կենդանի վկայութիւն մըն է Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի, արժանաւոր ու արդար ըլլալուն։ Անոնց հաւատարմութիւնը Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնէ։ Թէեւ մարդիկ կրնան անոնց վրայ նախատինք կուտակել, սակայն ան՝ որուն փառաւորութիւնը երկրէն ու երկինքէն վեր է, ‘ամօթ չի սեպեր անոնց Աստուածը կոչուիլ’։ Արդարեւ այս բոլոր հաւատարիմներուն մասին պատշաճօրէն կրնայ ըսուիլ. «[Անոնց] արժանի չէր աշխարհը»։—Եբրայեցիս 11։16, 38

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «ատել» բառը քանի մը իմաստներ ունի։ Կարգ մը համարներու մէջ, անիկա պարզապէս կը նշանակէ նուազ սիրել։ (Բ. Օրինաց 21։15, 16) «Ատել» նաեւ կը նշանակէ խորապէս չախորժիլ, բայց առանց ձգտելու խնդրոյ առարկային վնաս հասցնել, այլ՝ ջանալով անկէ խուսափիլ, զզուանք զգալու պատճառով։ Սակայն «ատել» բառը կրնայ նաեւ բուռն թշնամութիւն նշել, երկարատեւ չարակամութիւն՝ որուն յաճախ կ’ընկերակցի նենգամտութիւն։ Այս յօդուածին մէջ այս տեսակ ատելութեան մասին է որ կը խօսուի։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ճշմարիտ երկրպագուներուն դէմ հրահրուած անարդարանալի ատելութեան պատճառը ի՞նչ է։

• Սատանան ի՞նչպէս նախատինքը գործածեց, Յոբի ու Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։

• Եհովա մեզ ի՞նչպէս կը զօրացնէ, սատանայական ատելութեան դէմ հաստատ կենալու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 10]

Անոնք իսկական հարցը զատորոշեցին

Ուքրանիայի մէջ, ուր Թագաւորութեան քարոզչութիւնը աւելի քան 50 տարի արգիլուած էր, Եհովայի Վկայ մը դիտել տուաւ. «Եհովայի Վկաներու կացութիւնը կախեալ չէր մարդոց կեցուածքէն։ . . . Բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն մեծամասնութիւնը պարզապէս իրենց պաշտօնը կը կատարէին։ Երբ կառավարութիւնը փոխուեցաւ, պաշտօնեաները իրենց հաւատարմութիւնը փոխեցին, բայց մենք նոյնը մնացինք։ Գիտէինք որ Աստուածաշունչը յայտնած էր մեր նեղութիւններուն իսկական աղբիւրը։

«Մենք մեզ չնկատեցինք կեղեքիչ մարդոց անմեղ զոհեր։ Ինչ որ մեզի օգնեց տոկալու հետեւեալն էր. Եդեմի պարտէզին մէջ յարուցուած հարցը՝ Աստուծոյ իշխելու իրաւունքին հարցը յստակօրէն ըմբռնած էինք։ . . . Դիրք բռնեցինք հարցի մը կողքին, որ ո՛չ միայն մարդոց անձնական շահերուն հետ առնչուած է, այլ նաեւ՝ տիեզերքի Գերիշխանին շահերուն։ Պարփակուած իսկական հարցերուն շուրջ շատ վեհ հասկացողութիւն ունէինք։ Ասիկա մեզ զօրացուց եւ կարող դարձուց որ մեր ուղղամտութիւնը պահենք նոյնիսկ ամենէն ծայրայեղ պարագաներուն ներքեւ»։

[Նկար]

Վիքթոր Փոփովիչ, 1970–ին ձերբակալուեցաւ

[Նկար՝ էջ 7]

Յիսուսի կրած նախատինքին ետին ո՞վ կար

[Նկարներ՝ էջ 9]

Յոբ, Մարիամ եւ Աստուծոյ այժմու ծառաները, ինչպէս՝ Սթէնլի Ճոնզ, Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնեցին