Գտնել ամենէն օգտակար խրատը
Գտնել ամենէն օգտակար խրատը
ՅԱՋՈՂ կեանքը շատ փափաքելի է, եւ այս բարդ աշխարհին մէջ զայն ձեռք ձգելու համար, լաւ խրատը եւ անոր համաձայն գործելու տրամադրութիւնը անհրաժեշտ են։ Սակայն մարդիկ միշտ չեն ուզած օգտաշատ խրատին ուշադրութիւն ընծայել։ Շատեր կը դաւանին թէ մարդը ի՛ր նախընտրած կերպով պէտք է ապրի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ թէ Աստուծոյ գերիշխանութեան բուն թշնամին՝ Սատանան, մարդկային առաջին արարածներուն անկախութիւն առաջարկեց։ Ըստ Ծննդոց 3։5–ի, ան Եւայի ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ [բարիին ու չարին գիտութեան ծառէն] ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։
Անկէ ետք Ադամ ու Եւա կրցա՞ն յաջող կեանք մը վարել, առանց ահռելի հետեւանքներ կրելու, առաջնորդուելով միմիայն իրենց անձնական կարծիքներով։ Ո՛չ։ Այս քայլը առնելով, անոնք անմիջապէս յուսախաբութեան մատնուեցան։ Անոնք Աստուծոյ արդար տհաճութեան արժանացան եւ սկսան անկատար վիճակի մէջ անախորժ կեանք մը ապրիլ, որ մահով վերջ պիտի գտնէր։ (Ծննդոց 3։16-19, 23) Մահը բոլորիս կ’ազդէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12
Թէեւ Ադամի ու Եւայի ընտրութիւնը ողբալի հետեւանքներ ունեցաւ, սակայն շատեր տակաւին համոզուած չեն որ իմաստութիւն է մարդու Արարիչին խրատը կիրարկելը։ Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ինք «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է», եւ կրնայ մեզի օգնել որ ‘կատարեալ ըլլանք՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով, վստահաբար աւելի երջանիկ պիտի ըլլանք, իսկ ընտանեկան կեանքը կրնայ այս կէտը ապացուցանել։
Ամուսնութեան Մէջ Հաւատարմութիւն
Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ նպատակն էր որ ամուսնութիւնը մնայուն ըլլայ։ (Ծննդոց 2։22-24. Մատթէոս 19։6) Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ ամուսնութեան ‘անկողինը թող անարատ պահուի’, այսինքն՝ այս միութիւնը պէտք չէ ապականուի արտամուսնական սեռային յարաբերութիւններով։ (Եբրայեցիս 13։4, ԱՎ) Սակայն հաւանաբար գիտես որ ներկայիս բազմաթիւ ամուսնութիւններ այս չափանիշին գոհացում չեն տար։ Ոմանք աշխատավայրին մէջ իրենց կողակիցը չեղողներուն հետ սիրաբանելու սովորութիւնը ունին։ Ուրիշներ իրենց ընտանիքին կը ստեն, որպէսզի իրենց կողակիցէն զատ ուրիշ մէկու մը հետ ռոմանթիկ ժամանակ անցընեն։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց կողակիցը կը լքեն, որ աւելի երիտասարդ ընկերակիցի մը հետ ապրին, պատճառաբանելով թէ այսպիսով աւելի կայտառ ու երջանիկ կը զգան։
Այսուհանդերձ, ամէն գնով մենք մեզ հաճեցնելը մնայուն երջանկութիւն չ’ապահովեր։ Ռոնալտ կրնայ այս կէտը հաստատել։ Համոզուելով որ իր կեանքը կրնար բարելաւել, ան իր կինը լքեց եւ նոր ընտանիք մը կազմեց այն կնոջ հետ, որ գաղտնաբար կը սիրէր վեց տարիէ ի վեր ու անկէ արդէն երկու զաւակներ ունէր։ Սակայն իր ամուսնութեան վերջ դնելէն ժամանակ մը ետք, այդ կինը զինք լքեց։ Ռոնալտ վերջապէս ստիպուեցաւ իր ծնողքին հետ ապրիլ։ Ան իր վիճակը նկարագրեց որպէս «նուաստացուցիչ»։ Ասիկա միայն մէկ օրինակ է։ Անձնասէր ցանկութիւններէ դրդուած այսպիսի վերաբերմունք մը, ամուսնալուծումներու ու ընտանիքներու քայքայման աննախընթաց հոսանքի մը նպաստած է, անհամար չափահասներու ու երախաներու տառապանք պատճառելով։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչի խրատին անսալը իսկական երջանկութեան կ’առաջնորդէ։ Ռոպէրթոյի պարագան այս էր։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչի խրատին շնորհիւ, կինս չկորսնցուցի։ Մեր կողակիցը չեղող անհատի մը հետ փորձութեան մէջ իյնալով իսկական երջանկութիւն չենք ունենար, նոյնիսկ եթէ ան գրաւիչ թուի։ Աստուածաշունչի կրթութիւնը ինծի օգնած է կողակիցս արժեւորելու, որ երկար տարիներ իմ կողքիս եղած է»։ Ռոպէրթոյի կեանքին մէջ կարեւոր դեր խաղցաւ աստուածաշնչական սա խրատը. «Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի»։ (Մաղաքեայ 2։15) Ուրիշ ի՞նչ մարզերու մէջ կրնանք աստուածային խրատէն օգտուիլ։
Մեր Զաւակներուն Կրթութիւնը
Տասնեակ տարիներ առաջ, ժողովրդական գաղափար մըն էր թէ ծնողները շատ արգելքներ պէտք չէ դնեն, երբ իրենց զաւակները կը կրթեն։ Տրամաբանական թուեցաւ թոյլ տալ երախաներուն որ մտածելակերպի ու վարքի նկատմամբ անձնական որոշումներ կայացնեն։ Ասոր նպատակն էր՝ անոնց զարգացումը չկասեցնել։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, նոյնիսկ կրճատուած կրթական յայտագիրներ դրուեցան, որոնց մէջ՝ այլ բաներու կողքին, աշակերտները կրնային որոշել դասերուն ներկայ գտնուիլ կամ ոչ, կամ՝ թէ որքա՞ն զբօսանք կամ ուսում կ’ուզեմ ստանալ։ Այս տեսակ դպրոցի մը հետեւած քաղաքականութիւնն էր՝ «երախաներուն թոյլ տալ որ իրենց բոլոր զգացումները արտայայտեն, առանց չափահասի մը քննադատութեան
եւ միջամտութեան»։ Ներկայիս, մարդկային վարքի մասնագէտ խրատատուներ տակաւին չեն ընդունիր թէ որոշ պատիժ մատակարարելը օգտակար է, նոյնիսկ երբ ծնողներ անհրաժեշտ նկատեն սիրալիր կրթութիւն տալը։Հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Բազմաթիւ անհատներ կը հաւատան թէ մանուկները կրթելու թոյլատու մեթոտները երախաներուն չափազանց ազատութիւն շնորհած են, եւ ասիկա պատճառ եղած է որ ոճիրն ու թմրամոլութիւնը վերելք արձանագրեն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած փորձագիտանք մը երեւան հանեց որ անոր մասնակցողներուն շուրջ 70 տոկոսը կը խորհի թէ երախաներն ու պատանիները հարկ եղած ծնողական ուղղութիւնը չեն ստանար։ Երբ կը փորձեն բացատրել դեռատիներու կատարած սպանութիւնները եւ ահռելի այլ ոճիրները դպրոցներուն մէջ, շատեր կը մեղադրեն «ծնողական թոյլ կրթութիւնը»։ Այո, ամէն պարագայի, ծնողներն ու երախաները կը քաղեն մանուկները սխալ կերպով կրթելու դառն հետեւանքները։
Աստուածաշունչը այս առնչութեամբ ի՞նչ կ’ըսէ։ Աստուածաշնչական խրատը այն է թէ ծնողական հեղինակութիւնը սիրով ե՛ւ հաստատամտութեամբ պէտք է ի գործ դրուի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ»։ (Առակաց 22։15) Անշուշտ ծնողական կրթութիւնը պարագաներուն յարմար պէտք է ըլլայ, եւ ամէն պատիժ պէտք է տրուի հեզութեամբ, ժուժկալութեամբ ու նկատառութեամբ։ Այսպիսով անիկա սիրոյ նշան մըն է։ Սիրալիր եւ ոչ թէ անգութ կերպով ծնողական հեղինակութիւնը գործադրելը, յաջողութեան մեծապէս կը նպաստէ։
Այս խրատը կիրարկելը դրական արդիւնքներ յառաջ կը բերէ։ Մեքսիկայի մէջ, վերջերս ամուսնացած 30 տարեկան Արթուրոն կ’ըսէ. «Հայրս ինծի եւ եղբայրներուս բացայայտ դարձուց թէ ընտանիքին մէջ հեղինակութիւնը իր եւ մօրս ձեռքն էր։ Անոնք բնաւ ետ չկեցան մեզ պատժելէ, եւ միշտ մեզի հետ խօսակցելու ժամանակ ունէին։ Այժմ չափահաս մըն եմ ու կ’արժեւորեմ կայուն կեանքս, որ մեծաւ մասամբ ստացած լաւ ուղղութեանս արդիւնքն է»։
Ամենէն Օգտակար Խրատը Օգտագործէ
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը մարդկութեան մատչելի եղող ամենէն օգտակար խրատը կը պարունակէ։ Անոր ուղղութիւնը ընտանեկան կեանքին սահմանափակուած չէ։ Անիկա բազմաթիւ կերպերով մեզ կը զինէ, քանի որ մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս վարուիլ աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը չ’ընդունիր որ իմաստութեան գերագոյն Աղբիւր մը իրենց կեանքը պէտք է ղեկավարէ, իրենց օգտին համար։
Մարդկութեան Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած սաղմոսերգու Դաւիթի միջոցով սա երաշխիքը տուաւ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 32։8) Կրնա՞ս երեւակայել. Արարիչին աչքը մեր վրայ ըլլայ, մեզ վտանգներէն ազատելու համար։ Սակայն իւրաքանչիւրս մենք մեզի սա հարցումը պէտք է հարցնենք. ‘Խոնարհութեամբ պիտի ընդունի՞մ Եհովայի պաշտպանիչ ուղղութիւնը’։ Իր Խօսքը սիրալիրօրէն մեզի կ’ըսէ. «Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, ու քու խելքիդ մի՛ ապաւինիր. զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ»։—Առակաց 3։5, 6, ԱՎ
Եհովան ճանչնալը ջանք ու յարատեւութիւն կը պահանջէ, սակայն Աստուածաշունչին միջոցով անիկա բոլոր մարդկութեան մատչելի է։ Եհովայի յանձնարարած ապրելակերպը «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ Անիկա իրապէս մեծ շահավաճառութիւն մըն է, պարփակուած օգուտներուն ի տես։—Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։6
Եթէ Աստուածաշունչի մատուցած խորատեսութիւնը եւ անոր համաձայն ապրելէն յառաջ եկած օրհնութիւնները քեզ կը հրապուրեն, Աստուծոյ Խօսքը կարդալուն ու անոր վրայ խոկալուն նախապատուութիւն տուր։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ որ ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւես։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսին մասին տեղեակ պիտի ըլլաս, ուր բոլորն ալ Եհովայէ պիտի սորվին ու անոնց խաղաղութիւնը մեծ պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 54։13
[Նկար՝ էջ 3]
Աստուածաշունչի խրատը կրնայ ամուսնական կապը ամրացնել
[Նկարներ՝ էջ 4]
Աստուածաշունչի խրատը ընտիր ուղղութեան հիմը կը կազմէ, եւ զուարճութեան արգելք չի հանդիսանար