Եհովա ‘նեղութեան ժամանակներուն մեր ապաւէնն է’
Եհովա ‘նեղութեան ժամանակներուն մեր ապաւէնն է’
«Արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է»։—ՍԱՂՄՈՍ 37։39
1, 2. (ա) Յիսուս իր աշակերտներուն համար ի՞նչ աղօթեց։ (բ) Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը իր ժողովուրդին վերաբերեալ։
ԵՀՈՎԱ ամենակալ է։ Ան իր հաւատարիմ երկրպագուները իր ուզած կերպով պաշտպանելու զօրութիւն ունի։ Ան նոյնիսկ կրնայ իր ժողովուրդը աշխարհէն անջատել եւ զանոնք ապահով ու խաղաղ միջավայր մը զետեղել։ Սակայն Յիսուս իր աշակերտներուն նկատմամբ իր երկնաւոր Հօր աղօթեց, ըսելով. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես»։—Յովհաննու 17։15
2 Եհովա ընտրած է մեզ ‘աշխարհէն չզատել’։ Իր կամքն է որ մենք այս աշխարհի բնակիչներուն հետ ապրինք, իր յոյսի ու մխիթարութեան պատգամը ուրիշներուն ծանուցանելու համար։ (Հռովմայեցիս 10։13-15) Բայց ինչպէս Յիսուս իր աղօթքին մէջ ակնարկեց, այս աշխարհին մէջ ապրելով «չար»ին յարձակումներուն կ’ենթարկուինք։ Անհնազանդ մարդկութիւնը եւ չար ոգիները շատ ցաւ ու տառապանք կը պատճառեն, եւ Քրիստոնեաները նեղութեան ենթակայ են։—Ա. Պետրոս 5։9
3. Նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուները պէտք է դիմագրաւեն ո՞ր իրողութիւնը, բայց Աստուծոյ Խօսքին մէջ ի՞նչ մխիթարական խօսքեր կը գտնենք։
3 Այսպիսի փորձութիւններու ներքեւ բնական է վհատութեան պահեր ունենալ։ (Առակաց 24։10) Աստուածաշունչը կը խօսի բազմաթիւ տառապեալ հաւատարիմներու մասին։ «Արդարին նեղութիւնները շատ են», կ’ըսէ սաղմոսերգուն, «բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։19) Այո, նոյնիսկ «արդարին» գէշ բաներ կը պատահին։ Սաղմոսերգու Դաւիթի նման, երբեմն կրնանք ‘տկարանալ ու խիստ ճնշուիլ’։ (Սաղմոս 38։8) Այսուհանդերձ քաջալերական է գիտնալ թէ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։—Սաղմոս 34։18. 94։19
4, 5. (ա) Առակաց 18։10–ի համաձայն, Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունենալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Աստուծոյ օգնութիւնը ստանալու համար, ի՞նչ մասնայատուկ քայլեր կրնանք առնել։
4 Յիսուսի աղօթքին համաձայն, Եհովա արդարեւ կը հսկէ մեր վրայ։ Ան ‘նեղութեան ժամանակ մեր ապաւէնն է’։ (Սաղմոս 37։39) Առակաց գիրքը նման լեզու մը գործածելով կ’ըսէ. «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։ (Առակաց 18։10) Այս համարը իր արարածներուն հանդէպ Եհովայի գորովալից հոգածութեան մասին հիմնական ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ. Աստուած կը պաշտպանէ յատկապէս զինք փնտռող արդարները, որպէս թէ ամուր աշտարակի մը կը դիմենք ապաստանարան ունենալու համար։
5 Երբ նեղացուցիչ խնդիրներ դիմագրաւենք, ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանուելու համար Եհովայի դիմել։ Նկատի առնենք երեք կենսական քայլեր, որով կրնանք Եհովայի օգնութիւնը ստանալ։ Նախ՝ մեր երկնաւոր Հօր պէտք է աղօթենք։ Երկրորդ՝ իր սուրբ հոգիին հետ ներդաշնակ պէտք է գործենք։ Իսկ երրորդ՝ Եհովայի կարգադրութեան պէտք է ենթարկուինք, հաւատակից Քրիստոնեաներուն ընկերակցութիւնը փնտռելով, որոնք կրնան մեր տառապանքը մեղմացնել։
Աղօթքին Զօրութիւնը
6. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն աղօթքը։
6 Կարգ մը մասնագէտ բժիշկներ աղօթքը կը յանձնարարեն իբր ընկճուածութեան ու ճնշուածութեան դարմանում։ Թէեւ աղօթքանման մտածումի հանդարտ պահը կրնայ ճնշուածութիւնը թեթեւցնել, սակայն նոյն արդիւնքը կու տան բնութեան որոշ ձայները կամ կռնակի մարձումը։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները աղօթքին արժէքը չեն նսեմացներ, զայն պարզապէս լաւ զգալու դարման նկատելով։ Աղօթքը կը նկատենք Ստեղծիչին հետ յարգալից հաղորդակցութիւն։ Աղօթքը կապ ունի Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումին ու վստահութեան հետ։ Այո, աղօթքը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։
7. Ի՞նչ կը նշանակէ վստահութեամբ աղօթել, եւ այսպիսի աղօթքներ ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի որ նեղութեան դիմանանք։
7 Մեր աղօթքները Եհովայի հանդէպ վստահութիւն պէտք է դրսեւորեն։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Եհովա՝ Գերագոյն Էակը, միակ ճշմարիտ ու ամենակալ Աստուածը, մասնայատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայէ իր երկրպագուներուն մատուցած ջերմեռանդ աղօթքներուն։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ մեր սիրալիր Աստուածը մեզի կը լսէ, երբ մեր մտահոգութիւններն ու խնդիրները իրեն հետ բաժնենք։—Փիլիպպեցիս 4։6
8. Հաւատարիմ Քրիստոնեաները Եհովայի աղօթելու ատեն ինչո՞ւ երբեք պէտք չէ ամչնան կամ անարժէք զգան։
8 Հաւատարիմ Քրիստոնեաները Եհովայի աղօթելու ատեն երբեք պէտք չէ ամչնան, անարժէք զգան կամ անվստահ ըլլան։ Ճիշդ է որ երբ յուսախաբ կամ խնդիրներով ճնշուած ըլլանք, միշտ տրամադրութիւն չենք ունենար աղօթքով Եհովայի մօտենալու։ Այս պարագաներուն լաւ կ’ըլլայ որ մտաբերենք թէ Եհովա ‘իր դժբախտներուն կը գթայ’ եւ «կը մխիթարէ սրտաբեկները»։ (Եսայեայ 49։13, ԱՎ. Բ. Կորնթացիս 7։6, Անթիլիաս) Յատկապէս տառապանքի ու նեղութեան ժամանակներուն է որ վստահութեամբ մեր երկնաւոր Հօր պէտք է դիմենք իբր մեր ամրոցը։
9. Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալու մէջ հաւատքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
Եբրայեցիս 11։6) Հաւատքը Աստուծոյ գոյութեան հաւատալէն աւելին կը պարփակէ։ Իսկական հաւատքը կը պարփակէ իրեն հանդէպ մեր հնազանդութիւնը վարձատրելու Աստուծոյ կարողութեան ու փափաքին հանդէպ զօրաւոր համոզում։ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին»։ (Ա. Պետրոս 3։12) Միշտ գիտակցիլը թէ Եհովա սիրալիրօրէն մեզ կը հոգայ, մեր աղօթքներուն մասնայատուկ իմաստ կու տայ։
9 Աղօթքի առանձնաշնորհումէն լիովին օգտուելու համար, իսկական հաւատք պէտք է ունենանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (10. Եթէ կ’ուզենք Եհովայի հոգեւոր օգնութիւնը ստանալ, մեր աղօթքները ի՞նչպէս պէտք է ըլլան։
10 Եհովա մեր աղօթքները կը լսէ, երբ անոնք կատարեալ սիրտով մատուցանենք։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Բոլոր սրտով աղաղակեցի, ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի»։ (Սաղմոս 119։145) Շատ մը կրօնքներու մէջ մատուցուած արարողական աղօթքներուն հակառակը, մեր աղօթքները մակերեսային կամ կիսաբերան չեն։ «Բոլոր սրտով» Եհովայի աղօթելով, մեր բառերը իմաստ ու նպատակ կը հաղորդեն։ Այսպիսի ջերմեռանդ աղօթքներէ ետք, մեր ‘հոգը Տէրոջ վրայ’ ձգելէն յառաջ եկած հանգստութիւնը կը սկսինք վայելել։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կը խոստանայ. ‘Ան մեզ պիտի խնամէ’։—Սաղմոս 55։22. Ա. Պետրոս 5։6, 7
Աստուծոյ Հոգին Մեր Օգնականն Է
11. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով Եհովա կը պատասխանէ մեզի, երբ շարունակենք իր օգնութիւնը ‘խնդրել’։
11 Եհովա ո՛չ միայն աղօթքի Լսողն է, այլ նաեւ՝ Պատասխանողը։ (Սաղմոս 65։2) Դաւիթ գրեց. «Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես»։ (Սաղմոս 86։7) Հետեւաբար Յիսուս իր աշակերտները քաջալերեց որ շարունակեն Եհովայի օգնութիւնը ‘խնդրել’, քանի որ «Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։9-13) Այո, Աստուծոյ գործօն ոյժը իր ժողովուրդին համար իբր օգնական կամ մխիթարիչ կը գործէ։—Յովհաննու 14։16
12. Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել, երբ խնդիրները ջախջախիչ թուին։
12 Նոյնիսկ երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, Աստուծոյ հոգին կրնայ «զօրութեան գերազանցութիւնը» մեզի տալ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ԱՎ) Պօղոս առաքեալ, որ բազմաթիւ ճնշիչ պարագաներու տոկաց, վստահօրէն ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Նմանապէս ներկայիս բազմաթիւ Քրիստոնեաներ նկատած են իրենց հոգեւոր ու զգացական զօրութեան վերանորոգուիլը, առ ի պատասխան իրենց պաղատանքներուն։ Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը ստանալէ ետք, յաճախ մեր նեղացուցիչ խնդիրները շատ ջախջախիչ չեն թուիր։ Այս աստուածատուր զօրութեան շնորհիւ, առաքեալին նման կրնանք ըսել. «Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք»։—Բ. Կորնթացիս 4։8, 9
13, 14. (ա) Եհովա ի՞նչպէս մեր ամրոցը եղած է իր գրաւոր Խօսքին միջոցով։ (բ) Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը ի՞նչպէս քեզի օգնած է։
13 Սուրբ հոգին նաեւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ներշնչած ու պահպանած է մեր օգտին համար։ Իր Խօսքին միջոցով Եհովա ի՞նչպէս նեղութեան ժամանակներուն մեր ամրոցը եղած է։ Կերպերէն մէկը՝ մեզ գործնական իմաստութեամբ եւ խորհելու կարողութեամբ օժտելով։ (Առակաց 3։21-24) Աստուածաշունչը մեր մտային կարողութիւնները կը մարզէ եւ մեր բանաւորութիւնը կը բարելաւէ։ (Հռովմայեցիս 12։1) Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալով, ուսումնասիրելով եւ կիրարկելով, կրնանք մեր ‘զգայարանքները վարժեցնել բարին ու չարը զանազանելու’։ (Եբրայեցիս 5։14) Հաւանաբար անձամբ նկատած ես թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս քեզի օգնած են իմաստուն որոշումներ կայացնելու, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւած ես։ Աստուածաշունչը մեզի սրամտութիւն կու տայ, որ մեզի կ’օգնէ նեղացուցիչ խնդիրներու գործնական լուծումներ գտնելու։—Առակաց 1։4
14 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը հայթայթէ զօրութեան այլ աղբիւր մը. փրկութեան յոյսը։ (Հռովմայեցիս 15։4) Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ գէշ բաները առյաւէտ պիտի չշարունակեն պատահիլ։ Մեր քաշած բոլոր նեղութիւնները ժամանակաւոր են։ (Բ. Կորնթացիս 4։16-18) Ունինք ‘յաւիտենական կեանքի յոյսը, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ’։ (Տիտոս 1։2) Այդ յոյսով ուրախանալով եւ մեր աչքերը սեւեռած պահելով Եհովայի խոստացած պայծառ ապագային վրայ, կրնանք նեղութեան տոկալ։—Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։3
Ժողովքը՝ Աստուծոյ Սիրոյն Մէկ Դրսեւորումը
15. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան իրարու օրհնութիւն մը ըլլալ։
15 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ մեր վայելած ընկերակցութիւնը, Եհովայի կողմէ այլ կարգադրութիւն մըն է որ կրնայ մեզի օգնել նեղութեան ժամանակներուն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ, ու եղբայրը տագնապի ատեն օգնելու համար ծնած է»։ (Առակաց 17։17, ԱՎ) Աստուծոյ Խօսքը ժողովքի բոլոր անդամները կը քաջալերէ որ իրար պատուեն ու սիրեն։ (Հռովմայեցիս 12։10) «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Կորնթացիս 10։24) Այս մտավիճակը ունենալը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներու կարիքներուն վրայ կեդրոնանանք, փոխանակ՝ մեր փորձութիւններուն վրայ։ Ուրիշներու օգտակար դառնալով, ո՛չ միայն անոնց կ’օգնենք, այլ նաեւ՝ որոշ չափով երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն կը վայելենք, որ մեր բեռները աւելի տանելի կը դարձնէ։—Գործք 20։35
16. Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՞նչպէս կրնայ ուրիշները քաջալերել։
16 Հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկն ու կիները կրնան ուրիշները զօրացնելու մէջ կարեւոր դեր մը խաղալ, իրենք զիրենք դիւրամերձ ու մատչելի դարձնելով։ (Բ. Կորնթացիս 6։11-13) Ժողովքը իրապէս կ’օրհնուի, երբ բոլորն ալ ժամանակ տրամադրեն դեռատիները գովելու, նորահաւատները կերտելու եւ յուսալքուածները քաջալերելու։ (Հռովմայեցիս 15։7) Եղբայրասիրութիւնը նաեւ պիտի օգնէ մեզի որ իրարու հանդէպ կասկածամտութիւն չունենանք։ Արագօրէն պէտք չէ եզրակացնենք թէ անձնական դժուարութիւնները հոգեւոր տկարութեան նշան մըն են։ Պօղոս տեղին ըլլալով Քրիստոնեաները յորդորեց որ ‘վատասիրտները մխիթարեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս ) Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ հաւատարիմ Քրիստոնեաները կը տառապին։— 5։14Գործք 14։14
17. Քրիստոնէական եղբայրութեան կապը ամրացնելու ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք։
17 Քրիստոնէական ժողովները իրար մխիթարելու եւ քաջալերելու հոյակապ պատեհութիւն կը ներկայացնեն։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Այս սիրալիր փոխադարձ ազդեցութիւնը ժողովքային հանդիպումներուն սահմանափակուած չէ։ Աստուծոյ ժողովուրդը նաեւ անպաշտօն առիթներով շինիչ ընկերակցութեան պատեհութիւններ կը փնտռէ։ Երբ նեղացուցիչ կացութիւններ ծագին, շուտով իրարու պիտի օգնենք, քանի որ արդէն բարեկամական զօրաւոր կապեր հաստատած ենք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. ‘Պառակտում չկայ մարմինին մէջ, հապա անդամները խնամք կը տանին իրարու։ Եթէ մէկ անդամը չարչարուի, բոլոր անդամները կը չարչարուին անոր հետ, ու եթէ մէկ անդամը պատուուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ’։—Ա. Կորնթացիս 12։25, 26, ԱՎ
18. Երբ վհատինք, ո՞ր հակումէն պէտք է խուսափինք։
18 Երբեմն վհատած զգալով չենք ուզեր հաւատակից Քրիստոնեաներուն հետ ընկերակցիլ։ Այսպիսի զգացումներու դէմ պէտք է պայքարինք, որպէսզի մեր հաւատակիցներուն մատուցած մխիթարութենէն ու աջակցութենէն չզրկուինք։ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ. «Զատուող մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ»։ (Առակաց 18։1) Մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզի հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած հոգատարութեան մէկ արտայայտութիւնն են։ Եթէ այս սիրալիր կարգադրութիւնը ընդունինք, նեղութեան ժամանակներուն հանգստութիւն պիտի գտնենք։
Դրական Կեցուածք մը Պահպանէ
19, 20. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն բացասական խորհուրդները մերժելու։
19 Երբ վհատինք ու տխրինք, բացասական խորհուրդներ դիւրաւ կը սնուցանենք։ Օրինակ, ոմանք երբ ձախորդութեան մատնուին, կը սկսին իրենց հոգեւորականութեան վրայ կասկածիլ, եզրակացնելով թէ իրենց նեղութիւնը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ տհաճութիւնը։ Սակայն մտաբերէ թէ Եհովա ոեւէ մէկը «չար բաներով» չի փորձեր։ (Յակոբու 1։13) Աստուած «իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ողբք 3։33) Ընդհակառակը, Եհովա խորապէս կը տխրի երբ իր ծառաները տառապին։—Եսայեայ 63։8, 9. Զաքարեայ 2։8
20 Եհովա «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։ (Բ. Կորնթացիս 1։3) Ան մեզ կը հոգայ եւ յարմար ժամանակին մեզ պիտի բարձրացնէ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Միշտ գիտակցիլը թէ մեզի հանդէպ Աստուած խանդաղատանք ունի, պիտի օգնէ մեզի որ դրական կեցուածք մը պահպանենք, նոյնիսկ ուրախանանք։ Յակոբոս գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք»։ (Յակոբու 1։2) Ինչո՞ւ։ Ան կը պատասխանէ. «Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ»։—Յակոբու 1։12
21. Մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները ինչ որ ալ ըլլան, Աստուած ի՞նչ երաշխիք կու տայ անոնց որ իրեն հաւատարիմ կը մնան։
21 Ինչպէս Յիսուս մեզ զգուշացուց, աշխարհին մէջ նեղութիւն պիտի ունենանք։ (Յովհաննու 16։33) Բայց Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ ‘տառապանքը, կամ նեղութիւնը, կամ հալածանքը, կամ սովը, կամ մերկութիւնը, կամ վտանգը’ մեզ պիտի չզատեն Աստուծոյ եւ իր Որդիին սէրէն։ (Հռովմայեցիս 8։35, 39) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ մեր քաշած որեւէ նեղութիւն ժամանակաւոր է։ Այդ միջոցին, մինչ մարդկային տառապանքին վախճանին կը սպասենք, մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովա մեր վրայ կը հսկէ։ Եթէ պաշտպանութեան համար իրեն դիմենք, ան «տնանկին ալ պատսպարան պիտի ըլլայ, պատսպարան՝ տագնապի ժամանակները»։—Սաղմոս 9։9, ԱՎ
Ի՞նչ սորվեցանք
• Քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ակնկալեն, մինչ այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ կ’ապրին։
• Մեր ջերմեռանդ աղօթքները ի՞նչպէս կրնան մեզ զօրացնել երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք։
• Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս օգնական մըն է։
• Իրարու օգնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 12]
Եհովան պէտք է փնտռենք որպէս թէ զօրաւոր ամրոցի մը կը դիմենք
[Նկարներ՝ էջ 14]
Հոգեւորապէս հասուն եղողները ամէն պատեհութիւն կը գործածեն ուրիշները գովելու եւ քաջալերելու