Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մէկ բերնով» Աստուած փառաւորեցէք

«Մէկ բերնով» Աստուած փառաւորեցէք

«Մէկ բերնով» Աստուած փառաւորեցէք

‘Մէկ բերնով փառաւորեցէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը’։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։6

1. Պօղոս հաւատակիցներուն ի՞նչ կէտ յստակացուց տարբեր տեսակէտներ ձեռք առնելու վերաբերեալ։

ԲՈԼՈՐ Քրիստոնեաները նոյն ընտրութիւնները չեն ըներ, ո՛չ ալ նոյն նախընտրութիւնները ունին։ Այսուհանդերձ բոլոր Քրիստոնեաները կեանքի տանող ճամբային մէջ ուս–ուսի պէտք է քալեն։ Ասիկա կարելի՞ է։ Այո՛, եթէ աննշան տարբերութիւնները մեծ հարցերու չվերածենք։ Պօղոս առաքեալ այս կարեւոր կէտը յստակացուց առաջին դարու հաւատակիցներուն։ Ի՞նչպէս։ Եւ իր ներշնչեալ խրատը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել ներկայիս։

Քրիստոնէական Միութեան Կարեւորութիւնը

2. Պօղոս ի՞նչպէս միութեան կարիքը շեշտեց։

2 Պօղոս գիտէր որ քրիստոնէական միութիւնը կենսական է, եւ ընտիր խրատ տուաւ՝ Քրիստոնեաներուն օգնելու որ սիրով իրարու հանդուրժեն։ (Եփեսացիս 4։1-3. Կողոսացիս 3։12-14) Ասկէ զատ, աւելի քան 20 տարի բազմաթիւ ժողովքներ հաստատելէ ու այցելելէ ետք, ան գիտէր որ միութիւն պահպանելը դժուար կրնար ըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 1։11-13. Գաղատացիս 2։11-14) Ուստի ան Հռովմի մէջ բնակող հաւատակիցները յորդորեց. «Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ . . . մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը»։ (Հռովմայեցիս 15։5, 6) Ներկայիս մենք ալ «մէկ բերնով» պէտք է փառաւորենք Եհովա Աստուած, որպէս իր միացեալ ժողովուրդը։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ կ’ընենք։

3, 4. (ա) Հռովմի մէջ Քրիստոնեաները ի՞նչ տարբեր ենթահողեր ունէին։ (բ) Հռովմի մէջ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնային «մէկ բերնով» Եհովայի ծառայել։

3 Հռովմի Քրիստոնեաներէն շատեր Պօղոսի բարեկամներն էին։ (Հռովմայեցիս 16։3-16) Թէեւ իրարմէ տարբեր ենթահողեր ունէին, սակայն Պօղոս իր բոլոր եղբայրները ընդունեց իբր «Աստուծոյ սիրելիներ»ը։ Ան գրեց. «Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի»։ Յստակ է որ Հռովմէացիները շատ մը կերպերով օրինակելի էին։ (Հռովմայեցիս 1։7, 8. 15։14) Միեւնոյն ատեն, ժողովքին կարգ մը անդամները որոշ հարցերու շուրջ իրարմէ տարբեր տեսակէտներ ունէին։ Քանի որ ներկայիս Քրիստոնեաները այլազան ենթահողերէ ու մշակոյթներէ կու գան, տարբերութիւնները ի՛նչպէս ձեռք առնելու մասին Պօղոսի ներշնչեալ խրատը ուսումնասիրելը կրնայ անոնց օգնել որ «մէկ բերնով» խօսին։

4 Հռովմի մէջ թէ՛ Հրեայ եւ թէ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներ կային։ (Հռովմայեցիս 4։1. 11։13) Ըստ երեւոյթին Հրեայ Քրիստոնեաներէն ոմանք կը շարունակէին Մովսիսական Օրէնքի կարգ մը սովորութիւնները պահել, գիտնալով հանդերձ թէ անոնք փրկութեան համար էական չէին։ Միւս կողմէ, այլ Հրեայ Քրիստոնեաներ ընդունելով թէ Քրիստոսի զոհագործութիւնը զիրենք ազատագրած էր այն արգելքներէն, որ Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ կը պահէին, իրենց կարգ մը անձնական սովորութիւնները փոխեցին։ (Գաղատացիս 4։8-11) Այսուհանդերձ, ինչպէս Պօղոս նշեց, բոլորն ալ «Աստուծոյ սիրելիներ»ն էին։ Բոլորն ալ կրնային «մէկ բերնով» Աստուած փառաւորել, եթէ իրարու հանդէպ պատշաճ մտավիճակը պահպանէին։ Թերեւս մենք ալ կարգ մը հարցերու շուրջ իրարմէ տարբեր տեսակէտներ ունինք, հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ եթէ ուշի–ուշով նկատի առնենք թէ Պօղոս այս կարեւոր սկզբունքը ի՛նչպէս կը բացատրէ։—Հռովմայեցիս 15։4

«Մէկզմէկ Ընդունեցէք»

5, 6. Հռովմի ժողովքին մէջ ինչո՞ւ տարբեր տեսակէտներ կային։

5 Հռովմէացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս կը խօսի պարագայի մը մասին, որուն շուրջ տարակարծութիւններ կային։ Ան կը գրէ. «Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ’ուտէ»։ Ինչո՞ւ։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, խոզ ուտելը արգիլուած էր։ (Հռովմայեցիս 14։2. Ղեւտացւոց 11։7) Սակայն Յիսուսի մահէն ետք այդ Օրէնքը այլեւս պարտաւորիչ չէր։ (Եփեսացիս 2։15) Իսկ Յիսուսի մահէն երեք ու կէս տարի ետք, հրեշտակ մը Պետրոս առաքեալին ըսաւ թէ Աստուած որեւէ կերակուր պիղծ չի սեպեր։ (Գործք 11։7-12) Այս ազդակները ի մտի ունենալով, կարգ մը Հրեայ Քրիստոնեաներ թերեւս որոշեցին խոզ ուտել,– կամ այլ ուտելիք որ Օրէնքին մէջ արգիլուած էր։

6 Սակայն նախապէս անմաքուր նկատուած այդ կերակուրները ուտելու գաղափարն իսկ կրնար կարգ մը Հրեայ Քրիստոնեաներուն համար գարշելի ըլլալ։ Այս զգայուն անհատները թերեւս ներքնապէս ընդվզէին, տեսնելով Հրեայ հաւատակիցներ այսպիսի ուտելիքներ կ’ուտեն։ Ասկէ զատ, հեթանոսութենէ դարձած կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնց նախկին կրօնքը հաւանաբար ուտելիքի նկատմամբ արգելքներ չունէր, կրնային զարմանալ թէ ինչո՛ւ մէկը կերակուրի շուրջ խնդիր պիտի յարուցանէր։ Անշուշտ սխալ չէր որ մէկը որոշ ուտելիքներէ ետ կենար, այնքան ատեն որ չէր պնդեր թէ ասիկա փրկութեան համար անհրաժեշտ է։ Այսուհանդերձ տարբեր տեսակէտները դիւրաւ կրնային ժողովքին մէջ տարակարծութիւններ հրահրել։ Հռովմի Քրիստոնեաները ուշադիր պէտք էր ըլլային որ այս տարբերութիւնները զիրենք ետ չպահէին «մէկ բերնով» Աստուած փառաւորելէ։

7. Ամէն շաբաթ մասնայատուկ օր մը պահելու նկատմամբ ի՞նչ տարակարծութիւններ կային։

7 Պօղոս երկրորդ օրինակ մը կու տայ. «Մէկը կը նկատէ օր մը ուրիշէ մը գերադաս, միւսն ալ կը նկատէ բոլոր օրերը հաւասար»։ (Հռովմայեցիս 14։5ա, ԱՎ) Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, Շաբաթ օրը որեւէ գործ պէտք չէր գործուէր։ Այդ օրը նոյնիսկ ճամբորդելը շատ սահմանափակուած էր։ (Ելից 20։8-10. Մատթէոս 24։20. Գործք 1։12) Սակայն, երբ Օրէնքը խափանուեցաւ, այս արգելումները անվաւեր դարձան։ Այսուհանդերձ, կարգ մը Հրեայ Քրիստոնեաներու համար թերեւս նեղացուցիչ էր նախապէս սուրբ նկատուած օրը որեւէ գործ կամ երկար ճամբորդութիւն ընելը։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ դառնալէ ետք, թերեւս անոնք եօթներորդ օրը տրամադրած էին միմիայն հոգեւոր նպատակներու համար, թէեւ Աստուած Շաբաթի օրէնքը այլեւս ի զօրու չէր սեպեր։ Անոնց ըրածը սխա՞լ էր։ Ո՛չ, եթէ չէին պնդեր թէ Շաբաթ պահելը Աստուծմէ պահանջուած է։ Ուստի իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն խղճմտանքին հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերելով, Պօղոս գրեց. «Իւրաքանչիւրը լման համոզուած թող ըլլայ իր միտքին մէջ»։—Հռովմայեցիս 14։5բ, ԱՎ

8. Թէեւ Հռովմի Քրիստոնեաները ուրիշներու խղճմտանքին հանդէպ նկատառութիւն կրնային ցուցաբերել, սակայն ի՞նչ պէտք չէր ընէին։

8 Այսուհանդերձ, թէեւ Պօղոս ջերմօրէն իր եղբայրները քաջալերեց որ խղճմտանքի հարցերու առնչութեամբ պայքար մղողներուն հանդէպ համբերատար գտնուին, սակայն ան զօրաւոր կերպով դատապարտեց անոնք որ կը ջանային հաւատակիցները ստիպել որ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուին, որպէսզի փրկուին։ Օրինակ, շուրջ Հ.Դ. 61–ին, Պօղոս Եբրայեցիս գիրքը գրեց, որ Հրեայ Քրիստոնեաներուն յղուած զօրաւոր նամակ մըն էր։ Անիկա շատ յստակօրէն բացատրեց թէ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուիլը արժէք չունէր, քանի որ Քրիստոնեաները Յիսուսի փրկանքի զոհին վրայ հիմնուած գերակայ յոյս մը ունէին։—Գաղատացիս 5։1-12. Տիտոս 1։10, 11. Եբրայեցիս 10։1-17

9, 10. Քրիստոնեաները ի՞նչ բան ընելէ պէտք է ետ կենան. բացատրէ։

9 Ինչպէս տեսանք, Պօղոս կը պատճառաբանէ թէ տարբեր ընտրութիւններ ընելը միութեան չի սպառնար, այնքան ատեն որ քրիստոնէական սկզբունքները բացայայտօրէն չեն բեկանուիր։ Ուստի Պօղոս տկար խղճմտանք ունեցող Քրիստոնեաներուն կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես»։ Իսկ զօրաւորներուն (որոնց խղճմտանքը կը թոյլատրէ որ Օրէնքին կողմէ արգիլուած որոշ ուտելիքներ ուտեն կամ Շաբաթ օրը աշխարհիկ գործ գործեն) ան կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես»։ (Հռովմայեցիս 14։10) Ըստ Պօղոսի, տկար խղճմտանք ունեցող Քրիստոնեաները պէտք չէ դատապարտեն իրենց եղբայրները որ աւելի հանդուրժող են։ Միեւնոյն ատեն, զօրաւոր խղճմտանք ունեցող Քրիստոնեաները պէտք չէ անարգեն որոշ մարզերու մէջ տկար խղճմտանք ունեցող անհատները։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է յարգէ միւսին պատշաճ շարժառիթները եւ «իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ՝ քան ինչ որ պէտք է մտածէ»։—Հռովմայեցիս 12։3, ԱՎ, 18

10 Պօղոս հաւասարակշռուած տեսակէտը հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Ան որ կ’ուտէ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, վասն զի Աստուած զանիկա ընդուներ է»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար»։ Որովհետեւ թէ՛ զօրաւորները եւ թէ տկարները Աստուծոյ ու Քրիստոսի կողմէ ընդունելի են, մենք ալ լայնասիրտ կեցուածք պէտք է ունենանք եւ ‘մէկզմէկ ընդունինք’։ (Հռովմայեցիս 14։3. 15։7) Ո՞վ կրնայ իրաւացիօրէն չհամաձայնիլ ասոր։

Եղբայրասիրութիւնը Ներկայիս Միութիւն կը Յառաջացնէ

11. Պօղոսի օրերուն ի՞նչ անզուգական կացութիւն մը գոյութիւն ունէր։

11 Հռովմէացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս անզուգական կացութիւն մը ձեռք կ’առնէր։ Եհովա վերջերս ուխտ մը ջնջած եւ նոր ուխտ մը հաստատած էր, իսկ ոմանք յարմարելու դժուարութիւն ունէին։ Ներկայիս այդ նոյն կացութիւնը գոյութիւն չունի, բայց երբեմն նման հարցեր կրնան ծագիլ։

12, 13. Ներկայիս ի՞նչ կացութիւններու մէջ Քրիստոնեան կրնայ իր եղբայրներուն խղճմտանքին հանդէպ նկատառութիւն ցոյց տալ։

12 Օրինակ, Քրիստոնեայ կին մը թերեւս անցեալին կը պատկանէր կրօնքի մը որ պարզ հագուելակերպի ու երեւոյթի վրայ շեշտ կը դնէր։ Ճշմարտութիւնը ընդունելէ ետք, ան կրնայ դժուարաւ համոզուիլ թէ որոշ առիթներով համեստ ու գոյնզգոյն հագուստ հագուիլը կամ չափաւոր շպարում գործածելը արգիլուած չէ։ Որովհետեւ աստուածաշնչական սկզբունք մը պարփակուած չէ, պատշաճ չէ որ մէկը ջանայ այս Քրիստոնեայ կինը ստիպել որ իր խղճմտանքին հակառակ գործէ։ Միեւնոյն ատեն, ան կը գիտակցի որ պէտք չէ քննադատէ այն Քրիստոնեայ կիները, որոնց խիղճը կը թոյլատրէ որ այսպիսի բաներ ընեն։

13 Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Քրիստոնեայ տղամարդ մը թերեւս մեծցած է միջավայրի մը մէջ, ուր խմիչքի գործածութիւնը ընդունելի չէ։ Ճշմարտութեան ծանօթանալէ ետք, ան կը սորվի Աստուածաշունչի տեսակէտը, թէ գինին Աստուծոյ մէկ պարգեւն է եւ կարելի է զայն չափաւորութեամբ գործածել։ (Սաղմոս 104։15) Ան այս տեսակէտը կ’ընդունի, բայց իր ենթահողին պատճառով, կը նախընտրէ ոգելից ըմպելիներէն բոլորովին հեռու կենալ, առանց քննադատելու ան որ չափաւորութեամբ կը գործածէ զանոնք։ Արդ, ան Պօղոսի խօսքը կը կիրարկէ. «Իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք»։—Հռովմայեցիս 14։19

14. Քրիստոնեաները ո՞ր պարագաներուն կրնան Հռովմէացիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատին հոգին կիրարկել։

14 Երբեմն պարագաներ կը ծագին, որոնք կը պահանջեն Հռովմէացիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատին հոգին կիրարկել։ Քրիստոնէական ժողովքը բազմաթիւ անդամներէ կազմուած է, եւ անոնք իրարմէ տարբեր ճաշակներ ունին։ Ուստի անոնք կրնան տարբեր ընտրութիւններ ընել, ինչպէս՝ հագուելակերպի ու յարդարանքի նկատմամբ։ Անշուշտ Աստուածաշունչը յստակ սկզբունքներ կը նշէ, զորս բոլոր անկեղծ Քրիստոնեաները կը պահեն։ Մեզմէ ո՛չ մէկը տարօրինակ կամ անհամեստ կամ մեզ այս աշխարհի անփափաքելի տարրերուն հետ դասող հագուստ պէտք է հագնի կամ մազի յարդարանք ունենայ։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Քրիստոնեաները չեն մոռնար որ իրենք ամէն ատեն, նոյնիսկ երբ կը հանգստանան, Տիեզերքի Գերիշխանը ներկայացնող ծառաներ են։ (Եսայեայ 43։10. Յովհաննու 17։16. Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Սակայն բազմաթիւ մարզերու մէջ Քրիստոնեաները կրնան շատ մը ընդունելի ընտրութիւններ ընել։ *

Ուրիշները Գայթակղեցնելէ Խուսափեցէք

15. Քրիստոնեան ո՞ր պարագային կրնայ իր իրաւունքին վրայ չպնդել, իր եղբայրներուն օգտին համար։

15 Հռովմի Քրիստոնեաներուն տուած իր խրատին մէջ Պօղոս յաւելեալ կարեւոր սկզբունք մը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Երբեմն, լաւ մարզուած խղճմտանք ունեցող Քրիստոնեան կրնայ որոշել որոշ ընտրութիւն չընել, թէեւ անիկա ինքնին սխալ բան չէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը գիտակցի թէ իր բռնած ընթացքը կրնայ ուրիշներուն վնասել։ Այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պօղոս կ’ըսէ. «Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ»։ (Հռովմայեցիս 14։14, 20, 21) Ուստի «մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ»։ (Հռովմայեցիս 15։1, 2) Երբ հաւատակիցի մը խղճմտանքը կրնայ մեր ըրածով վիրաւորուիլ, եղբայրասիրութիւնը մեզ պիտի մղէ որ նկատառու ըլլանք ու մեր ընտրութիւնները սահմանափակենք։ Ասոր մէկ օրինակն է ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը։ Քրիստոնեային արտօնուած է չափաւոր կերպով խմիչք խմել, բայց եթէ ասիկա կրնայ իր ընկերը գայթակղեցնել, ան իր իրաւունքին վրայ պիտի չպնդէ։

16. Ի՞նչպէս կրնանք մեր թաղամասին մէջ եղողներուն հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերել։

16 Այս սկզբունքը նաեւ կը կիրարկուի քրիստոնէական ժողովքէն դուրս մեր գործառնութեանց։ Օրինակ, թերեւս կ’ապրինք շրջանի մը մէջ, ուր տիրող կրօնքը իր հետեւորդներուն կը սորվեցնէ թէ շաբթուան մէկ օրը հանգիստի օր նկատեն։ Այս պատճառով, որպէսզի մեր դրացիները չգայթակղեցնենք ու քարոզչութեան առջեւ խոչընդոտներ չդնենք, այդ օրը կարելի եղածին չափ պիտի խուսափինք բան մը ընելէ որ կրնայ մեր դրացիները ընդվզեցնել։ Ուրիշ օրինակ մը. հարուստ Քրիստոնեայ մը կը փոխադրուի աղքատ շրջան մը, ուր քարոզիչներու մեծ կարիք կայ։ Ան կրնայ իր նոր դրացիներուն հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերել, շատ պարզ հագուելով կամ համեստ կեանք մը վարելով։

17. Ինչո՞ւ տրամաբանական է որ ուրիշները նկատի առնենք, երբ ընտրութիւններ ընենք։

17 Տրամաբանակա՞ն է ‘զօրաւորներէն’ ակնկալել որ այսպիսի ճշդումներ ընեն։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. մինչ մայրուղիին վրայ ինքնաշարժ կը քշենք, հեռուէն կը տեսնենք երախաներ, որոնք վտանգաւոր կերպով ճամբային եզերքը կը գտնուին։ Կը շարունակե՞նք արագ քշել, պարզապէս քանի որ ըստ օրէնքին իրաւունք ունինք ասիկա ընելու։ Ո՛չ. ինքնաշարժը կը դանդաղեցնենք, երախաներուն վտանգ չպատճառելու համար։ Երբեմն մեր հաւատակիցներուն կամ ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան մէջ տեղի տալու կամեցողութեան հարկ կայ։ Թերեւս կատարեալ իրաւունքով կ’ընենք բան մը, եւ Աստուածաշունչի ո՛չ մէկ սկզբունք կը բեկանենք։ Այսուհանդերձ, եթէ հաւանականութիւն կայ որ ուրիշները ընդվզեցնենք կամ տկար խղճմտանք ունեցողներուն վնասենք, քրիստոնէական սէրը պիտի մղէ մեզ որ զգուշութեամբ վարուինք։ (Հռովմայեցիս 14։13, 15) Միութիւնը պահպանելը եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջացնելը շատ աւելի կարեւոր են, քան՝ մեր անձնական իրաւունքները գործադրելը։

18, 19. (ա) Ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալով, ի՞նչպէս Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք։ (բ) Բոլորս ի՞նչ բանի վերաբերեալ կատարեալ միութեամբ կը գործենք, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Այս կերպով վարուելով, լաւագոյն օրինակին հետեւած կ’ըլլանք։ Պօղոս կ’ըսէ. «Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ, հապա ինչպէս գրուած է՝ ‘Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան’»։ Յիսուս յօժար էր իր կեանքը մեզի համար զոհելու։ Վստահաբար պիտի ուզենք մեր կարգ մը իրաւունքները զոհել, եթէ ասիկա «տկարներուն» պիտի օգնէ որ մեզի հետ Աստուած փառաւորեն։ Արդարեւ, տկար խղճմտանք ունեցող Քրիստոնեաներուն հանդէպ հանդուրժող տրամադրութիւն ցուցաբերելը,– կամ մեր ընտրութիւնները ինքնայօժար սահմանափակելը ու մեր իրաւունքներուն վրայ չպնդելը,– «Քրիստոս Յիսուսի ունեցած մտավիճակը» ցոյց կու տայ։—Հռովմայեցիս 15։1-5, ՆԱ

19 Թէեւ աստուածաշնչական սկզբունքներ չպարփակող հարցերու շուրջ մեր տեսակէտները կրնան որոշ չափով տարբերիլ, սակայն պաշտամունքի վերաբերեալ հարցերու մէջ կատարեալ միութեամբ կը գործենք։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Օրինակ, ճշմարիտ պաշտամունքի հակառակորդներուն հանդէպ մեր հակազդեցութիւնը կ’ապացուցանէ այս միութիւնը։ Աստուծոյ Խօսքը զանոնք կը կոչէ օտարներ, եւ մեզ կը յորդորէ որ «օտարներուն ձայն»էն զգոյշ ըլլանք։ (Յովհաննու 10։5) Ի՞նչպէս կրնանք այս օտարները բնորոշել։ Անոնց հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Անչափահաս զաւակները հագուելակերպի նկատմամբ իրենց ծնողքէն ցուցմունքներ կը ստանան։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Անձնական հարցերու շուրջ տարբեր տեսակէտներ ունենալը ինչո՞ւ միութիւնը չի վտանգեր։

• Քրիստոնեաներ ըլլալով, ինչո՞ւ իրարու հանդէպ սիրալիր նկատառութիւն պէտք է ցուցաբերենք։

• Ներկայիս ի՞նչ կերպերով կրնանք միութեան մասին Պօղոսի խրատը կիրարկել, եւ ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ ասիկա ընելու։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Միութեան մասին Պօղոսի խրատը ժողովքին համար կենսական էր

[Նկար՝ էջ 24]

Տարբեր ենթահողեր ունենալով հանդերձ, Քրիստոնեաները միացած են

[Նկար՝ էջ 26]

Այս շարժավարը հիմա ի՞նչ պէտք է ընէ