«Օտարներուն ձայն»էն զգուշացիր
«Օտարներուն ձայն»էն զգուշացիր
«Օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10։5
1, 2. (ա) Մարիամ ի՞նչպէս կը հակազդէ երբ Յիսուս իր անունը կը յիշէ, եւ այս դրուագը Յիսուսի ո՞ր խօսքը կը լուսաբանէ։ (բ) Ի՞նչ բան մեզ կարող կը դարձնէ որ Յիսուսի մօտիկ մնանք։
ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ Յիսուս իր դատարկ գերեզմանին մօտ կայնող կինը կը դիտէ։ Ան լաւ կը ճանչնայ զայն։ Անիկա Մարիամ Մագդաղենացին է։ Գրեթէ երկու տարի առաջ, ան զինք դիւահարութենէ բժշկած էր։ Անկէ ի վեր, Մարիամ իրեն ու իր առաքեալներուն ընկերակցած էր, իրենց առօրեայ կարիքները հոգալով։ (Ղուկաս 8։1-3) Սակայն այսօր Մարիամ վշտագին կու լայ, քանի որ Յիսուսի մահուան ականատես եղած էր, եւ այժմ նոյնիսկ անոր դիակը անհետացած է։ Ուստի Յիսուս անոր կը հարցնէ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Կարծելով թէ պարտիզպանն է, ան կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։ Ապա Յիսուս կ’ըսէ. «Մա՛րիամ»։ Անմիջապէս զատորոշելով անոր խօսելակերպը, ան ուրախութեամբ կը բացագանչէ. «Վարդապետ», ու զինք կ’ողջունէ։—Յովհաննու 20։11-18
2 Այս դրուագը յուզիչ կերպով կը լուսաբանէ Յիսուսի մէկ խօսքը։ Ինքզինք հովիւի մը նմանցնելով, իսկ իր հետեւորդները՝ ոչխարներու, ան կ’ըսէ թէ հովիւը իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ անոնք իր ձայնը կը ճանչնան։ (Յովհաննու 10։3, 4, 14, 27, 28) Արդարեւ ինչպէս ոչխար մը իր հովիւին ձայնը կը զատորոշէ, նոյնպէս Մարիամ ճանչցաւ իր Հովիւին՝ Քրիստոսի ձայնը։ Նոյնն է պարագան ներկայիս Յիսուսի հետեւորդներուն։ (Յովհաննու 10։16) Ճիշդ ինչպէս իր զատորոշող ականջով կրնայ ոչխարը իր հովիւին մօտ մնալ, նոյնպէս մեր հոգեւոր խորատեսութեամբ կրնանք սերտօրէն հետեւիլ մեր Բարի Հովիւին՝ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն։—Յովհաննու 13։15. Ա. Յովհաննու 2։6. 5։20
3. Յիսուսի փարախի առակը ի՞նչ կարգ մը հարցումներ կը յարուցանէ։
3 Սակայն այս առակը նաեւ ցոյց կու տայ թէ ոչխարը կրնայ բնորոշել ո՛չ միայն իր բարեկամները, այլեւ՝ իր թշնամիները։ Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ մենք նենգամիտ հակառակորդներ ունինք։ Որո՞նք են։ Ի՞նչպէս կը գործեն։ Ի՞նչպէս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։ Գիտնալու համար, տեսնենք թէ Յիսուս փարախի առակին մէջ ուրիշ ի՛նչ բաներ կ’ըսէ։
«Ան որ Դռնէն Չի Մտներ»
4. Ըստ հովիւի առակին, ոչխարները որո՞ւ կը հետեւին եւ որո՞ւ չեն հետեւիր։
4 Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։ (Յովհաննու 10։2-5) Նկատէ թէ Յիսուս «ձայն» բառը երեք անգամ կը գործածէ։ Ան երկու անգամ կը խօսի հովիւի ձայնին մասին, ապա կ’ակնարկէ «օտարներուն ձայն»ին։ Յիսուս ի՞նչ տեսակ օտարի կ’ակնարկէ։
5. Ինչո՞ւ Յովհաննու 10–րդ գլուխին մէջ յիշուած օտարը չենք հիւրասիրեր։
5 Յիսուս չի խօսիր այն օտարներուն մասին, որ կը փափաքինք հիւրասիրել,– Աստուածաշունչի բնագրի լեզուին մէջ հիւրասիրութիւն կը նշանակէ՝ «օտարասիրութիւն»։ (Եբրայեցիս 13։2) Յիսուսի առակին մէջ, օտարը հրաւիրեալ մը չէ։ Ան «դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ»։ Ան «գող ու աւազակ է»։ (Յովհաննու 10։1) Աստուծոյ Խօսքին մէջ առաջին անգամ ո՞վ յիշուած է որ գող ու աւազակ եղաւ։ Բանսարկու Սատանան։ Ասոր ապացոյցը կը տեսնենք Ծննդոց գիրքին մէջ։
Երբ Օտարի մը Ձայնը Առաջին Անգամ Լսուեցաւ
6, 7. Ինչո՞ւ կարելի է Սատանան իրաւացիօրէն կոչել օտար ու գող։
6 Ծննդոց 3։1-5–ը կը նկարագրէ թէ ի՛նչպէս երկրագունդի վրայ օտարի մը ձայնը առաջին անգամ լսուեցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Սատանան առաջին կնոջ՝ Եւայի մօտեցաւ օձի մը միջոցով եւ անոր հետ մոլորեցուցիչ կերպով խօսեցաւ։ Ճիշդ է որ այս դրուագին մէջ Սատանան բառացիօրէն «օտար» չի կոչուիր։ Այսուհանդերձ իր արարքները ցոյց կու տան թէ շատ մը կերպերով կը նմանէր Յովհաննու 10–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած օտարին։ Նկատի առ կարգ մը նմանութիւններ։
7 Յիսուս կ’ըսէ թէ օտարը փարախին մէջ գտնուող իր զոհերուն անուղղակի կը մօտենայ։ Նմանապէս Սատանան իր զոհին անուղղակի մօտեցաւ, օձ մը գործածելով։ Այս խորամանկ մօտեցումը Սատանայի ինքնութիւնը քօղազերծեց որպէս նենգամիտ օտար մը։ Ասկէ զատ, առակին մէջ յիշուած օտարը ոչխարներուն իրաւացի տէրը կը կողոպտէ։ Իրականութեան մէջ, ան գողէ մը աւելի գէշ է, քանի որ կ’ուզէ նաեւ ‘սպաննել ու կորսնցնել’։ (Յովհաննու 10։10) Նմանապէս Սատանան գող էր։ Եւան խաբելով, ան Աստուծոյ հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը գողցաւ։ Ասկէ զատ, Սատանան մարդոց վրայ մահ բերաւ, մարդասպան մը դառնալով։
8. Սատանան ի՞նչպէս Եհովայի խօսքերն ու շարժառիթները խեղաթիւրեց։
8 Սատանայի անպարկեշտութիւնը ակներեւ էր, երբ Եհովայի խօսքերն ու շարժառիթները խեղաթիւրեց։ Ան Եւայի հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Սատանան ձեւացուց թէ ինք անակնկալի եկած էր,– կարծես թէ կ’ըսէր. ‘Աստուած ի՞նչպէս կրնայ ա՛յսքան անտրամաբանական ըլլալ’։ Ան աւելցուց. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին»։ Նկատէ անոր խօսքը. «Աստուած գիտէ»։ Կարծես թէ Սատանան ըսել կ’ուզէր. ‘Ես գիտեմ ինչ որ Աստուած գիտէ։ Գիտեմ անոր շարժառիթները, իսկ անոնք լաւ չեն’։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1, 5) Դժբախտաբար, Եւան ու Ադամը այս օտարին ձայնը չմերժեցին։ Փոխարէն, անոր ականջ տուին եւ վայ բերին իրենց ու իրենց զարմին վրայ։—Հռովմայեցիս 5։12, 14
9. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ ներկայիս օտարները իրենց ձայնը լսել տան։
9 Սատանան ներկայիս նման մեթոտներ կը գործածէ Աստուծոյ ժողովուրդը մոլորեցնելու համար։ (Յայտնութիւն 12։9) Ան «սուտին հայր»ն է եւ անոնք որ իրեն պէս կը ջանան Աստուծոյ ծառաները մոլորեցնել, իր որդիներն են։ (Յովհաննու 8։44, ԱՎ) Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր, որով այս օտարները ներկայիս լսել կու տան իրենց ձայնը։
Ներկայիս Օտարներուն Ձայնը Ի՛նչպէս կը Լսուի
10. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով օտարներուն ձայնը կը լսուի։
10 Խաբէական պատճառաբանութիւններ։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք»։ (Եբրայեցիս 13։9) Ի՞նչպիսի ուսմունքներ։ Որովհետեւ անոնք կրնան ‘մեզ տարուբերել’, ակնյայտ է թէ Պօղոս կ’ակնարկէ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը տկարացնող ուսուցումներու։ Որո՞նք այս օտարաձայն ուսուցումները կը տարածեն։ Պօղոս Քրիստոնեայ երէցներու ըսաւ. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։30) Արդարեւ այսօր, ինչպէս Պօղոսի օրերուն, նախապէս քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմող անհատներ, այժմ կը փորձեն ոչխարները մոլորեցնել՝ խօսելով «ծուռ բաներ»,– կէս–ճշմարտութիւններ ու բացայայտ սուտեր։ Ինչպէս Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ, անոնք «շինծու խօսքեր» կը գործածեն,– խօսքեր որ ճշմարտութեան կը նմանին բայց կեղծ դրամին պէս անարժէք են։—Բ. Պետրոս 2։3, ԱՎ
11. Բ. Պետրոս 2։1, 3–ի խօսքերը ի՞նչպէս կը քօղազերծեն հաւատուրացներուն մեթոտն ու նպատակը։
11 Պետրոս հաւատուրացներուն մեթոտները աւելի կը քօղազերծէ, ըսելով թէ անոնք «գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ»։ (Բ. Պետրոս 2։1, 3) Ճիշդ ինչպէս Յիսուսի փարախի առակին մէջի գողը «դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ», հաւատուրացներն ալ մեզի կը մօտենան գաղտագողի կերպերով։ (Գաղատացիս 2։4. Յուդա 4) Ի՞նչ է անոնց նպատակը։ Պետրոս կ’աւելցնէ. «Ձեզ պիտի շահագործեն»։ Արդարեւ, հաւատուրացները ի՛նչ կերպով ալ փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել, օտարներուն իսկական նպատակն է ‘գողնալ, սպաննել ու կորսնցնել’։ (Յովհաննու 10։10) Այսպիսի օտարներէ զգուշացի՛ր։
12. (ա) Մեր ընկերակիցները ի՞նչպէս կրնան օտարներուն ձայնը լսել տալ։ (բ) Սատանայի ռազմավարութեան ու այժմու օտարներուն ռազմավարութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
12 Վնասակար ընկերակիցներ։ Օտարներուն ձայնը կրնայ լսելի դառնալ մեր ընկերակիցներուն միջոցով։ Վնասակար ընկերակցութիւնները յատկապէս դեռատիները կը վտանգեն։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Մտաբերէ որ Սատանային թիրախը Եւան էր, որ տարիքով աւելի փոքր էր ու նուազ փորձառութիւն ունէր քան՝ Ադամը։ Ան զինք համոզեց որ Եհովա անտեղիօրէն իր ազատութիւնը կաշկանդած էր, մինչդեռ հակառակն էր շիտակը։ Եհովա իր մարդկային ստեղծագործութիւնը կը սիրէր եւ անոնց բարօրութեամբ հետաքրքրուած էր։ (Եսայեայ 48։17) Նմանապէս այսօր, օտարները կը ջանան ձեզ համոզել, ո՛վ պատանիներ, թէ ձեր Քրիստոնեայ ծնողները անտեղիօրէն ձեր ազատութիւնը կը կաշկանդեն։ Այսպիսի օտարներ ի՞նչպէս կրնան քեզի ազդել։ Քրիստոնեայ աղջիկ մը կը խոստովանի. «Որոշ ժամանակ մը հաւատքս տկարացաւ դասընկերներուս պատճառով։ Անոնք յարատեւաբար կ’ըսէին թէ կրօնքս կաշկանդիչ ու անտրամաբանական էր»։ Սակայն իրականութիւնը այն է թէ ծնողքդ քեզ կը սիրեն։ Ուստի երբ դպրոցակիցներ ջանան քեզ համոզել որ ծնողքիդ չվստահիս, Եւայի նման մի՛ մոլորիր։
13. Դաւիթ ո՞ր խոհեմ ընթացքը բռնեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։
13 Վնասակար ընկերակցութիւններու նկատմամբ, սաղմոսերգու Դաւիթ կ’ըսէ. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ»։ (Սաղմոս 26։4) Դարձեալ, օտարներուն հիմնական յատկանիշը կը նկատե՞ս։ Անոնք կեղծաւոր են, ճիշդ ինչպէս որ Սատանան իր ինքնութիւնը թաքցուց՝ օձ մը գործածելով։ Այս օրերուն կարգ մը անբարոյ անհատներ իրենց ինքնութիւնը եւ իսկական դիտաւորութիւնները կը թաքցնեն՝ Համացանցը գործածելով։ Ցանցազրոյցի սենեակներուն մէջ, չար չափահասներ կրնան նոյնիսկ իրենք զիրենք իբր պատանի ներկայացնել, որպէսզի ծուղակին մէջ իյնաս։ Ո՛վ դեռատիներ, չափազանց զգոյշ եղէք որ հոգեւորապէս չվնասուիք։—Սաղմոս 119։101. Առակաց 22։3
14. Երբեմն լրատուամիջոցները ի՞նչպէս օտարներուն ձայնը հաղորդած են։
14 Սուտ ամբաստանութիւններ։ Թէեւ Եհովայի Վկաներուն մասին կարգ մը տեղեկագրութիւններ առարկայական են, սակայն երբեմն հաղորդամիջոցները կ’օգտագործուին օտարներուն նախապաշարուած ձայնը սփռելու համար։ Օրինակ, երկրի մը մէջ տեղեկագրութիւն մը սուտ կերպով նշեց թէ Վկաները Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Հիթլերի վարչաձեւին զօրավիգ կանգնեցան։ Ուրիշ երկրի մը մէջ, տեղեկագրութիւն մը Վկաները ամբաստանեց եկեղեցիներու ստացուածքները կործանելու յանցանքով։ Այլ երկիրներու մէջ լրատուամիջոցները յայտարարած են թէ Վկաները կը մերժեն իրենց զաւակներուն բժշկական դարմանում տալ եւ դիտումնաւոր կերպով աչք կը գոցեն իրենց հաւատակիցներուն լուրջ մեղքերուն վրայ։ (Մատթէոս 10։22) Այսուհանդերձ, մեզ անձամբ ճանչցող անկեղծ անհատները կը գիտակցին թէ այս ամբաստանութիւնները սուտ են։
15. Լրատուամիջոցներու կողմէ ներկայացուած բոլոր տեղեկութիւններուն հաւատալը ինչո՞ւ խոհեմութիւն չէ։
15 Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ այսպիսի օտարներու ձայնին միջոցով տարածուած ամբաստանութիւններ լսենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ Առակաց 14։15–ի խրատին անսանք. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Հաղորդամիջոցներու սփռած բոլոր բաները շիտակ նկատելը խոհեմութիւն չէ։ Թէեւ աշխարհիկ աղբիւրներէ եկած բոլոր տեղեկութիւնները անվստահելի չենք սեպեր, սակայն կը գիտակցինք որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։—Ա. Յովհաննու 5։19
«Հոգիները Փորձեցէք»
16. (ա) Բառացի ոչխարներուն վերաբերմունքը ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ Յիսուսի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը։ (բ) Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընենք։
16 Սակայն ի՞նչպէս կրնանք ստոյգ գիտնալ թէ գործառնութիւն կ’ունենանք բարեկամի մը հետ եւ ոչ թէ թշնամիի մը հետ։ Յիսուս կ’ըսէ թէ ոչխարները հովիւին կը հետեւին, քանի որ «անոր ձայնը կը ճանչնան»։ (Յովհաննու 10։4) Այո, հովիւին ձա՛յնը եւ ո՛չ թէ արտաքին երեւոյթը կը մղէ ոչխարները իրեն հետեւելու։ Աստուածաշունչի երկիրներուն մասին խօսող գիրք մը կը յիշէ թէ անգամ մը այցելու մը պնդեց թէ ոչխարները իրենց հովիւը կը ճանչնան իր հագուստէն, եւ ո՛չ թէ ձայնէն։ Ձայնին դերը ապացուցանելու համար, հովիւ մը իր հագուստը այցելուին տուաւ եւ անորը ինք հագաւ։ Այցելուն ոչխարները կանչեց, բայց անոնք չընդառաջեցին։ Երբ հովիւը զիրենք կանչեց, անոնք անմիջապէս իրեն քով եկան։ Արդ, անհատ մը կրնայ հովիւի երեւոյթ ունենալ, բայց ոչխարներուն համար ասիկա չի փաստեր թէ ան իսկական հովիւ է։ Անոնք իր ձայնը կը ստուգեն, հովիւին ձայնին հետ համեմատելով։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ նոյնը ընենք,– ‘հոգիները փորձենք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են’։ (Ա. Յովհաննու 4։1. Բ. Տիմոթէոս 1։13) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։
17. (ա) Ի՞նչպէս Եհովայի ձայնին քաջածանօթ կ’ըլլանք։ (բ) Եհովայի գիտութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ի՞նչ ընելու։
17 Հասկնալի է որ Եհովայի ձայնը կամ պատգամը աւելի լաւ ճանչնալով, կրնանք աւելի զատորոշել օտարին ձայնը։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք այս գիտութիւնը մշակել։ Անիկա կ’ըսէ. «Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) Մեր ետեւէն եկած այդ «խօսք»ը Աստուծոյ Խօսքէն կու գայ։ Ամէն անգամ որ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք, մեր Մեծ Հովիւին՝ Եհովայի ձայնը կը լսենք։ (Սաղմոս 23։1) Ուստի Աստուածաշունչը ո՛րքան աւելի ուսումնասիրենք, ա՛յնքան աւելի քաջածանօթ կ’ըլլանք Աստուծոյ ձայնին։ Իր կարգին այս սերտ գիտութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ օտարներուն ձայնը իսկոյն զատորոշենք։—Գաղատացիս 1։8
18. (ա) Եհովայի ձայնը ճանչնալը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Մատթէոս 17։5–ի համաձայն, Յիսուսի ձայնին ինչո՞ւ պէտք է հնազանդինք։
18 Լսելէ զատ, Եհովայի ձայնը ճանչնալը կը պարփակէ անոր հնազանդիլ։ Դարձեալ նկատի առ Եսայեայ 30։21–ը։ Աստուծոյ Խօսքը կը յայտարարէ. «Ասիկա է ճամբան»։ Այո, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ Եհովայի ուղղութիւնները կը լսենք։ Ապա ան կը պատուիրէ. «Ասկէ քալեցէք»։ Եհովա կ’ուզէ որ մեր լսածը գործադրենք։ Ուստի մեր սորվածը կիրարկելով, ցոյց կու տանք թէ Եհովայի ձայնը ո՛չ միայն լսեցինք, այլ նաեւ՝ մտիկ ըրինք։ (Բ. Օրինաց 28։1) Եհովայի ձայնին հնազանդիլը նաեւ կը նշանակէ Յիսուսի ձայնին հնազանդիլ, քանի որ Եհովա ինք ասիկա պահանջած է։ (Մատթէոս 17։5) Յիսուս՝ Բարի Հովիւը ի՞նչ կ’ըսէ որ ընենք։ Ան մեզի կը սորվեցնէ որ աշակերտենք եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վստահինք։ (Մատթէոս 24։45. 28։18-20) Անոր ձայնին հնազանդիլը մեզի յաւիտենական կեանք պիտի նշանակէ։—Գործք 3։23
«Անկէ կը Փախչին»
19. Օտարներուն ձայնին ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։
19 Արդ, օտարներուն ձայնին ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ Ոչխարներուն հակազդած կերպով։ Յիսուս կ’ըսէ. «Օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին»։ (Յովհաննու 10։5) Մեր հակազդեցութիւնը երկու երեսակ ունի։ Նախ՝ ‘օտարի ետեւէն չենք երթար’։ Այո, վճռակամօրէն կը մերժենք օտարը։ Իրականութեան մէջ, աստուածաշնչական Յունարէնով այս համարը կը գործածէ մերժում արտայայտելու ամենէն զօրաւոր կերպը։ (Մատթէոս 24։35. Եբրայեցիս 13։5) Երկրորդ, ‘անկէ կը փախչինք’, կամ կը հեռանանք։ Ասիկա միակ շիտակ կերպն է հակազդելու անոնց, որոնց ուսուցումները Բարի Հովիւին ձայնին հետ ներդաշնակ չեն։
20. Ի՞նչպէս պիտի հակազդենք երբ դիմագրաւենք (ա) խաբեբայ հաւատուրացներ, (բ) վնասակար ընկերակիցներ, (գ) նախապաշարուած լրատուական տեղեկագրութիւններ։
20 Հետեւաբար, երբ հաւատուրաց գաղափարներ արտայայտող անհատներու հանդիպինք, կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքին ըսածը ընել. «Ուշադի՛ր եղէք անոնց՝ որ կը գոյացնեն բաժանումներ եւ գայթակղութիւններ, հակառակ ձեր սորված ուսուցումին, ու հեռացէ՛ք անոնցմէ»։ (Հռովմայեցիս 16։17, ԱՎ. Տիտոս 3։10) Նոյնպէս, վնասակար ընկերակիցներու վտանգները դիմագրաւող Քրիստոնեայ դեռատիները կ’ուզեն երիտասարդ Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խրատը գործադրել. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր»։ Իսկ երբ հաղորդամիջոցները սուտ ամբաստանութիւններ տարածեն, պիտի մտաբերենք Տիմոթէոսի տրուած Պօղոսի սա խրատը. «[Օտարներուն ձայնը մտիկ ընողները] առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին։ Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22. 4։3-5) Օտարներուն ձայնը ո՛րքան ալ հաճելի թուի, պիտի հեռանանք ամէն բանէ որ կրնայ մեր հաւատքը քանդել։—Սաղմոս 26։5. Առակաց 7։5, 21. Յայտնութիւն 18։2, 4
21. Օտարներուն ձայնը մերժողներուն ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ։
21 Օտարներուն ձայնը մերժելով, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները Ղուկաս 12։32–ի մէջ արձանագրուած Բարի Հովիւին խօսքին կ’ընդառաջեն, ուր Յիսուս իրենց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Նմանապէս «ուրիշ ոչխարներ»ը անձկագին կը սպասեն Յիսուսի սա խօսքը լսել. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։ (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։34) Ի՜նչ սրտաշէն վարձատրութիւն մը կը սպասէ մեզի, եթէ «օտարներուն ձայն»ը մերժենք։
Կը յիշե՞ս
• Յիսուսի փարախի առակին մէջ յիշուած օտարին նկարագրութիւնը ի՞նչպէս Սատանային կը յարմարի։
• Ներկայիս օտարներուն ձայնը ի՞նչպէս կը լսուի։
• Օտարներուն ձայնը ի՞նչպէս կրնանք զատորոշել։
• Օտարներուն ձայնին ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Օտարը ոչխարներուն ուղղակի չի մօտենար
[Նկար՝ էջ 29]
Մարիամ Քրիստոսը ճանչցաւ
[Նկար՝ էջ 30]
Օտարներուն ձայնին ի՞նչպէս կը հակազդենք