Ֆիզիքապէս յոգնած բայց ո՛չ՝ հոգեւորապէս
Ֆիզիքապէս յոգնած բայց ո՛չ՝ հոգեւորապէս
‘Եհովա, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, . . . յոգնածին ոյժ կու տայ ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն կը հասցնէ’։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։28, 29
1, 2. (ա) Մաքուր պաշտամունքը ի գործ դնել ուզող բոլոր անհատներուն ի՞նչ հրապուրիչ հրաւէր տրուած է։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ մեր հոգեւորականութիւնը վտանգել։
ՅԻՍՈՒՍԻ աշակերտները ըլլալով, քաջածանօթ ենք իր հրապուրիչ հրաւէրին. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ . . . Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28-30) Քրիստոնեաները նաեւ կը վայելեն «Տէրոջ ներկայութենէն» եկած «կազդուրումի ատեններ»։ (Գործք 3։20, ԱՎ) Վստահաբար անձամբ վայելած ես Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելուն, ապագայի նկատմամբ պայծառ յոյս մը ունենալուն, եւ կեանքիդ մէջ Եհովայի սկզբունքները կիրարկելուն թարմացուցիչ ազդեցութիւնները։
2 Սակայն Եհովայի երկրպագուներէն ոմանք զգացական յոգնածութեան պահեր կ’ունենան։ Կարգ մը պարագաներուն, վհատութեան այս պահերը կարճ են։ Իսկ ատեններ յոգնածութիւնը կրնայ երկար ժամանակ յարատեւել։ Ժամանակի ընթացքին, ոմանք կրնան խորհիլ թէ քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները բեռ մը դարձած են, փոխանակ՝ թարմացուցիչ լուծ մը, ինչպէս Յիսուս խոստացաւ։ Այսպիսի բացասական զգացումներ կրնան Եհովայի հետ Քրիստոնեային յարաբերութիւնը վտանգել։
3. Յիսուս ինչո՞ւ Յովհաննու 14։1–ի մէջ արձանագրուած խրատը տուաւ։
3 Իր ձերբակալութենէն ու սպաննուելէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։ (Յովհաննու 14։1) Յիսուս այս խօսքը ըսաւ, քանի որ առաքեալները ողբերգական դէպքեր դիմագրաւելու վրայ էին։ Ասոնց պիտի յաջորդէր հալածանքի ալիք մը։ Յիսուս գիտէր որ իր առաքեալները չափազանց վհատութեան պատճառով կրնային գայթակղիլ։ (Յովհաննու 16։1) Չզսպուած տխրութիւնը կրնար պատճառ ըլլալ որ առաքեալները հոգեւորապէս տկարանային ու Եհովայի հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցնէին։ Նոյնն է պարագան այժմու Քրիստոնեաներուն։ Երկարատեւ վհատութիւնը շատ տառապանք կրնայ պատճառել, եւ մեր սիրտերը կրնան ընկճուիլ։ (Երեմեայ 8։18) Մեր ներքին անձը կրնայ տկարանալ։ Այս ճնշումին ներքեւ կրնանք զգացականօրէն ու հոգեւորապէս անդամալուծուիլ, նոյնիսկ Եհովան պաշտելու մեր փափաքը կորսնցնել։
4. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մեր այլաբանական սիրտը յոգնածութենէ ետ պահենք։
4 Արդարեւ Աստուածաշունչի խրատը տեղին է. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։ (Առակաց 4։23) Աստուածաշունչը գործնական խրատ կը հայթայթէ, որ մեզի կ’օգնէ մեր այլաբանական սիրտը պաշտպանելու վհատութեան ու հոգեւոր յոգնածութեան դէմ։ Սակայն նախ՝ մեր յոգնածութեան պատճառը պէտք է բնորոշենք։
Քրիստոնէութիւնը Ճնշիչ Չէ
5. Քրիստոնեայ աշակերտ մը ըլլալու նկատմամբ ի՞նչ երեւութական հակասութիւն կայ։
5 Ճիշդ է որ Քրիստոնեայ մը ըլլալը ջանադրութիւն կը պահանջէ։ (Ղուկաս 13։24) Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ. «Ով որ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։ (Ղուկաս 14։27) Երեւութապէս այս խօսքերը կրնան հակասել Յիսուսի հաստատումին թէ իր բեռը թեթեւ ու թարմացուցիչ է, բայց իրականութեան մէջ հակասութիւն չկայ։
6, 7. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ մեր պաշտամունքի կերպը յոգնածութիւն չի պատճառեր։
Ժողովողի 3։13, 22) Ասկէ զատ, Աստուծոյ բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրելու մեր պայքարը շուքի մէջ կը մնայ, երբ համեմատուի մեր ձեռք ձգած օգուտներուն հետ։ (Առակաց 2։10-20) Նոյնիսկ երբ հալածուինք, Աստուծոյ Թագաւորութեան համար տառապիլը պատիւ կը համարենք։—Ա. Պետրոս 4։14
6 Թէեւ ջանադրութիւնը եւ ծանր աշխատանքը ֆիզիքապէս յոգնեցուցիչ են, սակայն կրնան գոհունակութիւն պատճառել ու թարմացուցիչ ըլլալ, երբ լաւ նպատակի ծառայեն, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի հոյակապ ճշմարտութիւնները մեր դրացիներուն հետ բաժնել։ (7 Յիսուսի բեռը արդարեւ թարմացուցիչ է, յատկապէս երբ զայն համեմատենք սուտ կրօնքի լուծին տակ մնացողներուն հոգեւոր խաւարին հետ։ Աստուած մեզի հանդէպ գթալիր սէր ունի եւ մեր վրայ անտրամաբանական պահանջներ չի դներ։ Եհովայի «պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը, ինչպէս Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ուրուագծուած է, ճնշիչ չէ։ Բացայայտ է որ մեր պաշտամունքի կերպը յոգնածութիւն եւ վհատութիւն չի պատճառեր։
«Ամէն Ծանրութիւն Մեր Վրայէն Մէկդի Ձգենք»
8. Հոգեւոր յոգնածութեան պատճառը յաճախ ի՞նչ է։
8 Իրերու այս ապականած դրութեան մեր վրայ դրած յաւելեալ բեռը յաճախ կը պատճառէ մեր հոգեւոր յոգնածութիւնը։ Որովհետեւ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», շրջապատուած ենք բացասական ուժերով, որոնք կրնան մեզ մաշեցնել եւ մեր քրիստոնէական հաւասարակշռութիւնը խախտել։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Անհրաժեշտ չեղող բաներ կրնան մեր քրիստոնէական սովորամոլութիւնը բարդացնել ու խանգարել։ Այս յաւելեալ բեռները կրնան մեզ կքել եւ նոյնիսկ ջախջախել։ Տեղին ըլլալով Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ «ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք»։—Եբրայեցիս 12։1-3
9. Նիւթական հետապնդումները ի՞նչպէս կրնան մեզ ընկճել։
9 Օրինակ, աշխարհի կեդրոնացումը կարկառուն դիրքի, դրամի, զբօսանքի, հաճոյքի համար ճամբորդելու եւ նիւթական այլ հետապնդումներու վրայ, կրնայ մեր մտածումին ազդել։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնք հարստութեան հետամուտ եղան, իրենց կեանքը չափազանց բարդացուցին։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10
10. Յիսուսի տուած սերմնացանին առակէն ի՞նչ կը սորվինք հարստութեան մասին։
10 Երբ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ յոգնած ու վհատած զգանք, կրնա՞յ ըլլալ որ պատճառը այն է թէ նիւթական բաներ հետապնդելը մեր հոգեւորականութիւնը կը խեղդէ։ Այս կարելիութիւնը շատ հաւանական է, ինչպէս Յիսուսի տուած սերմնացանին առակը ցոյց կու տայ։ Յիսուս «աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ»ը նմանցուց փուշերու, որոնք ‘կը մտնեն ու կը խեղդեն’ մեր սիրտին մէջ ցանուած Աստուծոյ խօսքին սերմը։ (Մարկոս 4։18, 19) Ուստի Աստուածաշունչը կը խրատէ մեզ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։—Եբրայեցիս 13։5
11. Ի՞նչպէս կրնանք մեզ ծանրաբեռնող բաներէն ձերբազատուիլ։
11 Երբեմն մեր կեանքը կը բարդացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բաներ հետապնդելը, այլ՝ ի՛նչ որ կ’ընենք մեր ունեցած բաներով։ Ոմանք զգացական յոգնածութիւն ունեցած են՝ առողջապահական լուրջ խնդիրներու, սիրելիի մը կորուստին, կամ այլ վհատեցուցիչ խնդիրներու պատճառով։ Անոնք ատեն–ատեն ճշդում ընելու կարիք տեսած են։ Ամոլ մը որոշեց իրենց կարգ մը նախասիրութիւններէն եւ ոչ–էական ծրագիրներէն ձերբազատուիլ։ Անոնք իրենց ունեցած բաները աչքէ անցուցին եւ այս ծրագիրներուն հետ կապ ունեցող բոլոր իրերը ծրարեցին ու մէկ կողմ դրին։ Պարբերաբար, բոլորս կրնանք օգտուիլ մեր սովորութիւններն ու ստացուածքները աչքէ անցընելով, ամէն անհարկի ծանրութիւն մէկ կողմ դնելով, որպէսզի չյոգնինք ու չթուլնանք։
Բանաւորութիւնը եւ Համեստութիւնը Էական Են
12. Մեր սխալներուն մասին ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք։
12 Մեր գործած սխալները, նոյնիսկ պզտիկ հարցերու մէջ, կրնան աստիճանաբար մեր կեանքը բարդացնել։ Դաւիթի խօսքը որքա՜ն ճշմարիտ է. «Անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան»։ (Սաղմոս 38։4) Կարգ մը գործնական փոփոխութիւններ մտցնելը, յաճախ ծանր բեռներէ մեզ պիտի հանգստացնէ։
13. Բանաւորութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ մեր ծառայութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։
13 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ «իմաստութիւն ու խոհեմութիւն» մշակենք։ (Առակաց 3։21, 22) «Վերին իմաստութիւնը . . . բանաւոր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Ոմանք իրենք զիրենք ճնշումի տակ զգացած են, ընելով ինչ որ ուրիշներ կ’ընեն քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։4, 5) Ճիշդ է որ հաւատակից Քրիստոնեաներուն լաւ օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել որ ամբողջ սիրտով Եհովայի ծառայենք, բայց գործնական իմաստութիւնը եւ բանաւորութիւնը մեզի պիտի օգնեն որ մեր պարագաներուն համաձայն իրատես նպատակակէտեր դնենք։
14, 15. Ի՞նչպէս կրնանք գործնական իմաստութիւն ցուցաբերել, մեր ֆիզիքական ու զգացական կարիքներուն հոգ տանելով։
14 Նոյնիսկ աննշան կարեւորութիւն ունեցող մարզերու մէջ բանաւոր ըլլալը կրնայ յոգնածութեան արգելք հանդիսանալ։ Օրինակ, ֆիզիքական լաւ առողջութեան նպաստող հաւասարակշռուած սովորութիւններ կը մշակե՞նք։ Նկատի առ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ ծառայող ամոլի մը օրինակը։ Անոնք յոգնածութեան առաջքը առնելու մէջ գործնական իմաստութեան արժէքը տեսած են։ Կինը կ’ըսէ. «Մեր ընելիք բաները որքան ալ շատ ըլլան, կը ջանանք ամէն գիշեր գրեթէ նոյն ժամուն անկողին մտնել։ Նաեւ կանոնաւորաբար մարզանք կ’ընենք։ Ասիկա մեզի իրապէս օգնած է։ Մեր սահմանափակումներուն քաջատեղեակ ենք, եւ անոնց համաձայն
կը գործենք։ Կը փորձենք մեր անձը չբաղդատել անոնց հետ, որոնց կենսուժը անսպառ կը թուի»։ Արդեօք կանոնաւորաբար օգտակար ճաշեր կ’ուտե՞նք եւ բաւարար հանգիստ կ’ընե՞նք։ Մեր առողջութեան չափաւոր կերպով հոգ տանիլը ընդհանրապէս կրնայ զգացական ու հոգեւոր յոգնածութիւնը նուազեցնել։15 Մեզմէ ոմանք անզուգական կարիքներ ունին։ Օրինակ, լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող Քրիստոնեայ քոյր մը դժուար նշանակումներու մէջ ծառայած է։ Ան առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունի, ի ներառեալ՝ քաղցկեղ։ Ի՞նչ բան իրեն կ’օգնէ որ ճնշիչ պարագաներու դիմանայ։ Ան կ’ըսէ. «Առանձնութեան ու բոլորովին հանդարտ պահեր ունենալը ինծի համար կարեւոր է։ Որքա՛ն աւելի զգամ որ ճնշուածութիւնն ու յոգնածութիւնը կ’աւելնան, ա՛յնքան աւելի հարկ կ’ըլլայ որ առանձնութեան հանդարտ պահեր ունենամ, երբ կրնամ կարդալ ու հանգստանալ»։ Գործնական իմաստութիւնը եւ խորհելու կարողութիւնը մեզի կ’օգնեն որ մեր անհատական կարիքները զատորոշենք ու գոհացնենք, հոգեւոր յոգնածութենէ խուսափելով։
Եհովա Աստուած Մեզ կ’Աշխուժացնէ
16, 17. (ա) Մեր հոգեւոր առողջութեան հոգ տանիլը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ (բ) Ի՞նչ պէտք է պարփակենք մեր առօրեայ սովորամոլութեան մէջ։
16 Անշուշտ մեր հոգեւոր առողջութեան հոգ տանիլը շատ կարեւոր է։ Երբ Եհովա Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունինք, կրնանք ֆիզիքապէս յոգնիլ, բայց զինք պաշտելէ երբեք պիտի չձանձրանանք։ Եհովան է «յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։ (Եսայեայ 40։28, 29) Պօղոս առաքեալ, որ անձամբ այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը նկատեց, գրեց. «Չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի»։—Բ. Կորնթացիս 4։16
17 Նկատէ «օրէ օր» արտայայտութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ Եհովայի կարգադրութիւններէն ամէն օր օգտուիլ։ Միսիոնարուհի մը որ 43 տարի հաւատարմօրէն ծառայեց, ֆիզիքական յոգնածութեան ու վհատութեան պահեր դիմագրաւեց, բայց չթուլցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Սովորութիւն դարձուցի ամէն առաւօտ կանուխ արթննալ, որպէսզի որեւէ գործ ընելէ առաջ, կարենամ Եհովայի աղօթելու եւ իր Խօսքը կարդալու ժամանակ ունենալ։ Այս առօրեայ սովորութիւնը ինծի օգնած է որ մինչեւ օրս տոկամ»։ Արդարեւ կրնանք Եհովայի կազդուրիչ զօրութեան ապաւինիլ, եթէ կանոնաւորաբար՝ «օրէ օր» իրեն աղօթենք ու իր վեհ յատկութիւններուն եւ խոստումներուն վրայ խոկանք։
18. Աստուածաշունչը ի՞նչ մխիթարութիւն կը հայթայթէ այն հաւատարիմներուն, որոնք տարեց կամ հիւանդ են։
18 Ասիկա յատկապէս օգտալից է յառաջացած տարիքի ու վատառողջութեան պատճառով վհատած անհատներուն։ Այսպիսիներ կրնան վհատիլ, ո՛չ թէ քանի որ իրենք զիրենք ուրիշներուն հետ կը բաղդատեն, այլ՝ քանի որ իրենց ներկայ իրագործումները կը բաղդատեն անցեալի իրագործումներուն հետ։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա տարեցները կը պատուէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի»։ (Առակաց 16։31) Եհովա մեր սահմանափակումները գիտէ եւ մեծապէս կ’արժեւորէ մեր մատուցած սրտագին պաշտամունքը, հակառակ մեր տկարութիւններուն։ Իսկ մեր կատարած բարի գործերը Աստուծոյ յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած են։ Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը հաւաստիացնեն. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Բոլորս որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր մէջ կան անհատներ, որոնք տասնամեակներ Եհովայի հաւատարիմ մնացած են։
Մի՛ Հեղգանար
19. Բարիք ընելու մէջ յարատեւելը ի՞նչպէս կ’օգտէ մեզի։
19 Շատեր կը հաւատան թէ կանոնաւորաբար ֆիզիքական ծանր գործունէութիւններ ընելը կրնայ յոգնածութիւնը նուազեցնել։ Նմանապէս, կանոնաւորաբար հոգեւոր գործունէութիւններ ընելը կրնայ զգացական կամ հոգեւոր յոգնածութիւնը թեթեւցնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ Ուստի՝ քանի որ Գաղատացիս 6։9, 10) Նկատէ «բարիք գործել» եւ «բարիք ընել» արտայայտութիւնները։ Ասոնք ցոյց կու տան որ մեր կողմէ ընելիք բաներ կան։ Ուրիշներուն բարիք ընելը արդարեւ կրնայ մեզ ետ պահել Եհովայի ծառայութեան մէջ յոգնելէ։
ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (20. Վհատութեան դէմ պայքարելու համար, որո՞նց ընկերակցութենէն պէտք է խուսափինք։
20 Ընդհակառակը, Աստուծոյ օրէնքները արհամարհող մարդոց հետ ընկերակցիլը եւ գործունէութիւններ ունենալը կրնայ յոգնեցուցիչ բեռ դառնալ։ Աստուածաշունչը մեզ կ’ազդարարէ. «Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է»։ (Առակաց 27։3) Վհատութեան ու յոգնածութեան դէմ պայքարելու համար, յոռետես եւ խծբծասէր ու քննադատամոլ անհատներու ընկերակցութենէն պէտք է խուսափինք։
21. Քրիստոնէական ժողովներուն ի՞նչպէս կրնանք ուրիշները քաջալերել։
21 Քրիստոնէական ժողովներուն միջոցով Եհովա մեզի հոգեւոր ուժանիւթ կը հայթայթէ։ Հոն՝ թարմացուցիչ ցուցմունքներով եւ ընկերակցութեամբ իրար քաջալերելու հոյակապ պատեհութիւն ունինք։ (Եբրայեցիս 10։25) Ժողովքի բոլոր անդամները պէտք է ջանան շինիչ ըլլալ, երբ ժողովներու ընթացքին մեկնաբանեն կամ բեմէն բաժին մը ներկայացնեն։ Որպէս ուսուցիչ առաջնորդութիւն առնողները յատկապէս պատասխանատու են ուրիշները քաջալերելու։ (Եսայեայ 32։1, 2) Նոյնիսկ երբ յորդորելու կամ յանդիմանելու կարիք ծագի, խրատին տրուած կերպը թարմացուցիչ պէտք է ըլլայ։ (Գաղատացիս 6։1, 2) Ուրիշներու հանդէպ մեր սէրը արդարեւ պիտի օգնէ մեզի որ առանց յոգնելու Եհովայի ծառայենք։—Սաղմոս 133։1. Յովհաննու 13։35
22. Անկատար մարդկային բնոյթ ունենալով հանդերձ, ինչո՞ւ կրնանք համարձակ ըլլալ։
22 Այս վերջին ժամանակին մէջ Եհովան պաշտելը գործ կը պարփակէ։ Եւ Քրիստոնեաները մտային յոգնածութեան, զգացական ցաւին եւ ճնշիչ պարագաներուն ազդեցութիւններուն ենթակայ են։ Մեր անկատար մարդկային բնոյթը դիւրաբեկ է, կաւեղէնի նման։ Այսուհանդերձ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Այո, ֆիզիքապէս պիտի յոգնինք, բայց հոգեւորապէս երբեք չյոգնինք ու չհեղգանանք։ Թող «համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է’»։—Եբրայեցիս 13։6
Համառօտ վերաքաղ
• Ի՞նչ կարգ մը դժուարակիր ծանրութիւններէ կրնանք ձերբազատուիլ։
• Ի՞նչպէս կրնանք մեր հաւատակից Քրիստոնեաներուն ‘բարիք ընել’։
• Եհովա ի՞նչպէս կը կազդուրէ մեզ երբ յոգնած կամ վհատած զգանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 17]
Յիսուս գիտէր որ երկարատեւ վհատութիւնը կրնար առաքեալները նեղութեան մատնել
[Նկար՝ էջ 18]
Ոմանք որոշ նախասիրութիւններէ եւ ոչ–էական ծրագիրներէ ձերբազատուած են
[Նկար՝ էջ 20]
Հակառակ մեր սահմանափակումներուն, Եհովա մեր սրտագին պաշտամունքը մեծապէս կ’արժեւորէ