Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Զօրացէ՛ք Տէրոջմով»

«Զօրացէ՛ք Տէրոջմով»

«Զօրացէ՛ք Տէրոջմով»

«Զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6։10

1. (ա) Շուրջ 3,000 տարի առաջ, ի՞նչ արտակարգ կռիւ տեղի ունեցաւ։ (բ) Դաւիթ ի՞նչպէս յաղթեց։

ՇՈՒՐՋ 3,000 տարի առաջ, երկու մարտիկներ ռազմադաշտին մէջ դէմ–դիմաց եկան։ Տարիքով փոքրը՝ Դաւիթ անունով հովիւ մըն էր։ Իսկ դիմացինը՝ Գողիաթ, արտասովոր զօրութեամբ ու հասակով մարդ մըն էր։ Անոր զրահը շուրջ 57 քիլոկրամ կը կշռէր, եւ ան խոշոր նիզակ ու մեծ սուր կը կրէր։ Դաւիթ միայն պարսատիկով սպառազինուած էր։ Փղշտացի հսկայ Գողիաթը նախատինք սեպեց որ իրեն դէմ ելլող Իսրայելացին տղեկ մըն է։ (Ա. Թագաւորաց 17։42-44) Թէ՛ Փղշտացի եւ թէ Իսրայելացի զինուորները հաւանաբար եզրակացուցին թէ Գողիաթի յաղթանակը ստոյգ է։ Բայց զօրաւորները միշտ չեն յաղթեր։ (Ժողովողի 9։11) Եհովայի զօրութեամբ կռուելով, Դաւիթ յաղթեց։ Ան ըսաւ. «Պատերազմը Տէրոջն է»։ Եւ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ թէ «Դաւիթ պարսատիկով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց»։—Ա. Թագաւորաց 17։47, 50

2. Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի կռիւի կը մասնակցին։

2 Քրիստոնեաները բառացի պատերազմներու չեն մասնակցիր։ Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալով հանդերձ, անոնք հոգեւոր պատերազմ կը մղեն շատ հզօր հակառակորդներու դէմ։ (Հռովմայեցիս 12։18) Եփեսացիներուն գրած իր նամակին վերջին գլուխին մէջ, Պօղոս կռիւ մը նկարագրեց, որուն մէջ ամէն Քրիստոնեայ պարփակուած է։ Ան գրեց. «Մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։—Եփեսացիս 6։12, ԱՎ

3. Եփեսացիս 6։10–ի համաձայն, մեր յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար ի՞նչ բանի կարիք ունինք։

3 Այդ «չար ոգիներ»ը Սատանան ու դեւերն են, որոնք կ’ուզեն Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կործանել։ Որովհետեւ անոնք մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր են, մեր պարագան կը նմանի Դաւիթի պարագային, եւ չենք կրնար յաջողիլ առանց Աստուծմէ զօրութիւն ստանալու։ Արդարեւ Պօղոս մեզ կը յորդորէ որ ‘զօրանանք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը’։ (Եփեսացիս 6։10) Այս խրատը տալէ ետք, առաքեալը կը նկարագրէ հոգեւոր հայթայթումներ ու քրիստոնէական յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ յաղթական ըլլանք։—Եփեսացիս 6։11-17

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ երկու գլխաւոր կէտեր նկատի պիտի առնենք։

4 Այժմ վերլուծենք Սուրբ Գրութիւններուն ըսածը մեր թշնամիին զօրեղութեան ու ռազմավարութեան մասին։ Ապա նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ կերպով կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։ Եհովայի հրահանգներուն հետեւելով, վստահաբար կրնանք մեր թշնամիները պարտութեան մատնել։

Գօտեմարտ Չար Ոգիներուն Հետ

5. Եփեսացիս 6։12–ի մէջ «գօտեմարտ» բառին գործածութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ Սատանայի ռազմավարութիւնը ըմբռնենք։

5 Պօղոս կը բացատրէ թէ «մեր գօտեմարտը . . . երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» է։ Անշուշտ գլխաւոր չար ոգին Սատանան է՝ ‘դեւերուն իշխանը’։ (Մատթէոս 12։24-26) Աստուածաշունչը մեր կռիւը կը նկարագրէ իբր «գօտեմարտ», կամ ձեռք–ձեռքի փաթթուելով կռիւ։ Վաղեմի Յունաստանի մէջ գօտեմարտի մրցումներուն, իւրաքանչիւր գօտեմարտիկ կը ջանար դիմացինին հաւասարակշռութիւնը խախտել, զայն զգետնելու համար։ Նոյնպէս Բանսարկուն կ’ուզէ որ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնենք։ Ան այս ուղղութեամբ ի՞նչ մեթոտներ կը գործածէ։

6. Սուրբ Գրութիւններէն ցոյց տուր թէ Բանսարկուն ի՛նչ կերպերով կը փորձէ մեր հաւատքը տկարացնել։

6 Բանսարկուն կրնայ օձի, մռնչող առիւծի կամ նոյնիսկ լուսաւոր հրեշտակի նման գործել։ (Բ. Կորնթացիս 11։3, 14. Ա. Պետրոս 5։8) Ան կրնայ մարդկային գործակալներ գործածել, մեզ հալածելու կամ վհատեցնելու համար։ (Յայտնութիւն 2։10) Ամբողջ աշխարհը իր իշխանութեան ներքեւ ըլլալով, Սատանան կրնայ անոր ցանկութիւններն ու հրապոյրները շահագործել, մեզ ծուղակը ձգելու համար։ (Բ. Տիմոթէոս 2։26. Ա. Յովհաննու 2։16. 5։19) Ան կրնայ աշխարհային կամ հաւատուրաց մտածում գործածել, մեզ մոլորեցնելու համար, ինչպէս Եւան խաբեց։—Ա. Տիմոթէոս 2։14

7. Դեւերը ի՞նչ սահմանափակումներ ունին, իսկ մենք ի՞նչ առաւելութիւններ կը վայելենք։

7 Թէպէտ Սատանայի ու իր դեւերուն զէնքերն ու զօրութիւնը կրնան ջախջախիչ թուիլ, բայց անոնք որոշ սահմանափակումներ ունին։ Այս չար ոգիները չեն կրնար մեզ ստիպել որ մեր երկնաւոր Հօր տհաճեցնող չար բաներ ընենք։ Մենք բարոյական ազատ գործակալներ ենք, եւ կրնանք մեր մտածումներն ու արարքները հակակշռի տակ առնել։ Ասկէ զատ, մենք առանձին չենք կռուիր։ Ինչպէս Եղիսէի ժամանակ, նոյնպէս այսօր. «Մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ (Դ. Թագաւորաց 6։16) Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ եթէ Աստուծոյ հնազանդինք ու Բանսարկուին հակառակ կենանք, ան մեզմէ պիտի փախչի։—Յակոբու 4։7

Սատանայի Ծրագիրներուն Քաջատեղեակ Եղիր

8, 9. Սատանան Յոբի վրայ ի՞նչ փորձութիւններ բերաւ, անոր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար, իսկ ներկայիս ի՞նչ հոգեւոր վտանգներ կը դիմագրաւենք։

8 Սատանայի դիտաւորութիւնները գիտենք, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները անոր հիմնական ռազմավարութիւնը կը յայտնեն։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Բանսարկուն արդար Յոբին դէմ գործածեց տնտեսական դժուարութիւններ, սիրելիներու մահը, ընտանեկան հակառակութիւն, ֆիզիքական չարչարանք եւ սուտ բարեկամներու կողմէ անհիմն քննադատութիւն։ Յոբ վհատեցաւ եւ զգաց թէ Աստուած զինք լքած էր։ (Յոբայ 10։1, 2) Ներկայիս նոյնիսկ եթէ Սատանան այս խնդիրները ուղղակի չպատճառէ, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ այսպիսի դժուարութիւններ կը կրեն, եւ Բանսարկուն կրնայ զանոնք շահագործել։

9 Այս վերջին ժամանակին հոգեւոր վտանգները բազմացած են։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր նիւթական հետապնդումները տեղ չեն ձգեր հոգեւոր նպատակակէտերուն։ Հաղորդամիջոցները յարատեւաբար կը ներկայացնեն անօրէն սեռը որպէս երջանկութեան աղբիւր մը, քան՝ սրտատանջութեան։ Իսկ մարդոց մեծամասնութիւնը դարձած է «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այս մտածելակերպը կրնայ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութեան սպառնալ, եթէ ‘չպայքարինք հաւատքին համար’։—Յուդա 3, ԱՎ

10-12. (ա) Յիսուս սերմնացանին առակին մէջ ի՞նչ ազդարարութիւն մը տուաւ։ (բ) Օրինակով մը բացատրէ թէ հոգեւոր արժէքները ի՛նչպէս կրնան խեղդուիլ։

10 Սատանայի ամենէն յաջող հնարքներէն մէկն է՝ մղել մեզ որ աշխարհով ու անոր նիւթապաշտական հետապնդումներով կլանուինք։ Սերմնացանին առակին մէջ, Յիսուս զգուշացուց որ կարգ մը պարագաներուն, «այս աշխարհի հոգերն ու հարստութեան խաբէութիւնը կը խեղդեն [Թագաւորութեան] խօսքը»։—Մատթէոս 13։18, 22, ԱՎ

11 Արեւադարձային անտառներու մէջ կարելի է գտնել խեղդիչ թզենին։ Ան դանդաղօրէն կ’աճի, հիւրընկալ ծառին կոճղը շրջապատելով։ Այս պատատաբոյսին հետզհետէ զօրացող արմատները աստիճանաբար ծառը կը փաթթեն։ Ի վերջոյ անիկա ծառը լոյսէ կը զրկէ եւ իր արմատները հողէն կը սպառեն սնուցիչներուն մեծ մասը։ Ուստի հիւրընկալ ծառը կը մեռնի։

12 Նոյն կերպով, այս դրութեան հոգերը եւ հարստութիւն ու հանգստաւէտ կենցաղ հետապնդելը, կրնան մեր ժամանակն ու կորովը հետզհետէ աւելի խլել։ Մեր ուշադրութիւնը աշխարհի բաներուն շեղելով, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը դիւրաւ կրնանք անտեսել, իսկ քրիստոնէական ժողովներէն բացակայիլը սովորութիւն կը դարձնենք, մենք մեզ հոգեւոր սնունդէն զրկելով։ Նիւթապաշտական նպատակակէտերը հոգեւոր գործունէութիւններուն տեղը կ’առնեն, եւ վերջապէս Սատանայի համար դիւրին որս մը կ’ըլլանք։

Հաստատուն Կայնինք

13, 14. Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք, երբ Սատանան մեր վրայ յարձակի։

13 Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց որ ‘Սատանային հնարքներուն դէմ դնեն’։ (Եփեսացիս 6։11) Անշուշտ մենք չենք կրնար Բանսարկուն ու իր դեւերը նուաճել։ Աստուած այդ պարտականութիւնը Յիսուս Քրիստոսի նշանակած է։ (Յայտնութիւն 20։1, 2) Սակայն մինչեւ որ Սատանան մէջտեղէն վերցուի, պէտք է հաստատուն կայնինք, որպէսզի անոր յարձակումները մեզ չճզմեն։

14 Պետրոս առաքեալ ալ Սատանայի դիմադրելու կարիքը շեշտեց։ Ան գրեց. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9) Իրականութեան մէջ, մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն աջակցութիւնը էական է, որպէսզի կարենանք հաստատուն կայնիլ, երբ Բանսարկուն մռնչող առիւծի պէս յարձակի։

15, 16. Աստուածաշունչէն օրինակ մը տուր, ապացուցանելու համար թէ հաւատակիցներուն աջակցութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ հաստատուն կայնինք։

15 Ափրիկեան արօտադաշտին մէջ, երբ մօտակայ առիւծ մը մռնչէ, այծքաղները լման արագութեամբ կը վազեն, մինչեւ որ վտանգի գօտիէն հեռանան։ Սակայն փիղերը փոխադարձ աջակցութեան օրինակ կը հանդիսանան։ Elephants—Gentle Giants of Africa and Asia (Փիղերը՝ Ափրիկէի ու Ասիայի Սիրուն Հսկաները) խորագրով գիրքը կը բացատրէ. «Փիղերը սովորաբար կը գործածեն պաշտպանութեան սա միջոցը. չափահաս փիղերը իրենց մարմիններով շրջանակ կը կազմեն, մինչ իրենց դէմքը սպառնալիքին կողմը ուղղուած է, եւ ձագերը կը պաշտպանուին շրջանակէն ներս մնալով»։ Զօրութեան եւ աջակցութեան այս յայտնաբերումը դիմագրաւելով, առիւծները հազուադէպօրէն կը յարձակին, նոյնիսկ անչափահաս փիղերու վրայ։

16 Երբ Սատանան ու իր դեւերը մեզի սպառնան, մենք ալ միասին պէտք է մնանք, զօրաւոր հաւատք ունեցող մեր եղբայրներուն կողքին։ Պօղոս ընդունեց որ հաւատակից Քրիստոնեաներէն ոմանք «զօրացուցիչ սատար» եղան իրեն, երբ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր։ (Կողոսացիս 4։10, 11, ՆԱ) «Զօրացուցիչ սատար» թարգմանուած Յունարէն բառը, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ միայն մէկ անգամ կ’երեւի։ Վայնի բառարանին համաձայն, Expository Dictionary of New Testament Words, «այս բառին բայի ձեւը կ’ակնարկէ բորբոքում մեղմացնող դեղերուն»։ Ամոքիչ քսուքի նման, Եհովայի հասուն երկրպագուներուն աջակցութիւնը կրնայ զգացական կամ ֆիզիքական տառապանքին պատճառած ցաւը մեղմացնել։

17. Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնանք։

17 Ներկայիս հաւատակից Քրիստոնեաներուն տուած քաջալերութիւնը կրնայ Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայելու մեր վճռակամութիւնը զօրացնել։ Յատկապէս Քրիստոնեայ երէցները կը փափաքին հոգեւոր օգնութիւն հայթայթել։ (Յակոբու 5։13-15) Իսկ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ ուսումնասիրելը եւ քրիստոնէական ժողովներուն ու համաժողովներուն ներկայ գտնուիլը, մեր հաւատարմութիւնը կ’ամրացնեն։ Եւ Աստուծոյ հետ մեր սերտ յարաբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Արդարեւ, թէ՛ ուտենք, թէ՛ խմենք եւ թէ ի՛նչ որ ընենք, ամէնը ընենք Աստուծոյ փառքին համար։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Բնական է որ Եհովան հաճեցնող ընթացքի մը մէջ յարատեւելու համար, աղօթքով իրեն ապաւինիլը էական է։—Սաղմոս 37։5

18. Ինչո՞ւ պէտք չէ հեղգանանք, նոյնիսկ եթէ նեղացուցիչ պարագաներ մեր զօրութիւնը հատցնեն։

18 Երբեմն Սատանան կը յարձակի, երբ չենք զգար թէ հոգեւորապէս զօրաւոր ենք։ Առիւծը տկարացած անասունին վրայ կը խոյանայ։ Ընտանեկան խնդիրները, տնտեսական դժուարութիւնները կամ հիւանդութիւնը, կրնան մեր հոգեւոր զօրութիւնը հատցնել։ Բայց չհրաժարինք Աստուած հաճեցնող բաները ընելէ, քանի որ Պօղոս ըսաւ. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։10. Գաղատացիս 6։9. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։13) Ան ըսել ուզեց թէ եթէ Եհովայէ ոյժ խնդրենք, ան մեզ հարկ եղած զօրութեամբ կ’օժտէ։ Գողիաթի դէմ Դաւիթի տարած յաղթանակը ցոյց կու տայ թէ Աստուած իր ժողովուրդը կրնայ զօրացնել եւ կը զօրացնէ։ Եհովայի այժմու Վկաները կրնան վկայել թէ տագնապալից ժամանակներուն, Աստուած զիրենք ուժովցուցած է։—Դանիէլ 10։19

19. Օրինակ մը տուր, ցոյց տալու համար թէ Եհովա ի՛նչպէս կրնայ իր ծառաները զօրացնել։

19 Ամոլ մը գրեց թէ ի՛նչպէս Աստուած իրենց նեցուկ կանգնեցաւ. «Երկար տարիներ միասնաբար Եհովայի ծառայած ենք եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելած ենք, ինչպէս նաեւ հոյակապ անձերու ծանօթացած ենք։ Եհովա նաեւ մեզ մարզած ու զօրացուցած է, որ դժուարութիւններու տոկանք։ Յոբի նման, միշտ չէինք հասկնար թէ ինչո՛ւ կարգ մը բաներ կը պատահէին, բայց գիտէինք որ Եհովա միշտ պատրաստ էր մեզի օգնելու»։

20. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ թէ Եհովա միշտ իր ժողովուրդին թիկունք կը կանգնի։

20 Եհովայի ձեռքը կարճ չէ, որ չկարենայ իր հաւատարիմ ժողովուրդին աջակցիլ ու զանոնք զօրացնել։ (Եսայեայ 59։1) Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Տէրը նեցուկ կ’ըլլայ բոլոր ինկածներուն, ու բոլոր կքածները կը կանգնեցնէ»։ (Սաղմոս 145։14, ԱՎ) Արդարեւ մեր երկնաւոր Հայրը «ամէն օր մեր տեղը կը կրէ մեր բեռը» եւ կը հայթայթէ ի՛նչ որ իրապէս պէտք ունինք։—Սաղմոս 68։19, ՆԱ

«Աստուծոյ Ամբողջ Զրահ»ին Կարիք Ունինք

21. Պօղոս ի՞նչպէս շեշտեց հոգեւոր զրահի կարիքը։

21 Նկատի առինք Սատանայի կարգ մը մեթոտները եւ անոր յարձակումներուն դիմաց հաստատուն կայնելու կարիքը։ Այժմ նկատի պիտի առնենք ուրիշ կենսական օժանդակութիւն մը, մեր հաւատքը պաշտպանելու համար։ Եփեսացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ երկու անգամ ակնարկեց էական ազդակի մը, որպէսզի Սատանայի հնարքներուն դիմադրենք ու չար ոգիներուն դէմ յաջողապէս գօտեմարտինք։ Պօղոս գրեց. «Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն։ . . . Առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը, ու ամէն բան կատարելէ ետք՝ հաստատուն կայնիլ»։—Եփեսացիս 6։11, 13, 14, ԱՎ

22, 23. (ա) Մեր հոգեւոր զրահը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

22 Այո, «Աստուծոյ ամբողջ զրահը» պէտք է հագնինք։ Երբ Պօղոս Եփեսացիներուն գրեց իր նամակը, Հռովմէացի զինուորի մը հսկողութեան ներքեւ էր, որ թերեւս երբեմն կը սպառազինուէր։ Սակայն աստուածային ներշնչումով առաքեալը մղուեցաւ հոգեւոր զրահը քննարկելու, որուն մեծապէս կարիք ունի Եհովայի իւրաքանչիւր ծառայ։

23 Այս աստուածատուր զրահը կը պարփակէ յատկութիւններ, որոնք Քրիստոնեան պէտք է ունենայ, եւ հոգեւոր կարգադրութիւններ, որոնք Եհովա ըրած է։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք հոգեւոր զրահին իւրաքանչիւր մասը։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ գիտակցելու թէ ո՛ր տարողութեամբ զինուած ենք մեր հոգեւոր պատերազմին համար։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ Յիսուս Քրիստոսի հոյակապ օրինակը ի՛նչպէս կ’օգնէ մեզի որ յաջողապէս դիմադրենք Բանսարկուին։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ կռիւ ունին։

• Սատանայի ռազմավարութեան կարգ մը երեսակները նկարագրէ։

• Հաւատակիցներուն աջակցութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզ զօրացնել։

• Որո՞ւ զօրութեան պէտք է ապաւինինք, եւ ինչո՛ւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 9]

Քրիստոնեաներուն ‘գօտեմարտը չար ոգիներուն հետ է’

[Նկար՝ էջ 10]

Այս դրութեան հոգերը կրնան Թագաւորութեան խօսքը խեղդել

[Նկար՝ էջ 11]

Հաւատակից Քրիստոնեաները կրնան «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ

[Նկար՝ էջ 12]

Աղօթքով Աստուծմէ զօրութիւն կը խնդրե՞ս