«Իրարու գորովալից եղէ՛ք»
«Իրարու գորովալից եղէ՛ք»
«Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։10
1, 2. Այժմու միսիոնար մը եւ Պօղոս առաքեալ իրենց եղբայրներուն հետ ի՞նչ յարաբերութիւն վայելեցին։
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ Արեւելքի մէջ իր միսիոնարական ծառայութեան 43 տարուան ընթացքին, Տոն իր ծառայած անհատներուն հանդէպ ջերմ զգացումներ արտայայտեց։ Մինչ մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր, իր նախկին աշակերտներէն ոմանք հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրելով իրեն այցելեցին, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու համար։ Տոնի գորովը անոնց սիրտին դպչած էր։
2 Տոնի օրինակը անզուգական չէ։ Առաջին դարուն Պօղոս առաքեալ իր ծառայած անհատներուն հանդէպ խոր խանդաղատանք արտայայտեց։ Ան անձնազոհ էր։ Զօրաւոր համոզումի տէր մարդ մը ըլլալով հանդերձ, ան մեղմաբարոյ ու հոգածու էր, «ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ»։ Ան Թեսաղոնիկէի ժողովքին գրեց. «Ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8) Հետագային, երբ Պօղոս իր Եփեսացի եղբայրներուն ըսաւ թէ անգամ մը եւս զինք պիտի չտեսնեն, ‘ամէնքն ալ սաստիկ լացին ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա համբուրեցին’։ (Գործք 20։25, 37) Բացորոշ է թէ Պօղոսի ու իր եղբայրներուն միջեւ եղած յարաբերութիւնը, նոյն հաւատքը ունենալէն աւելին կը պարփակէր։ Անոնք իրարու հանդէպ գորով ունէին։
Գորով եւ Սէր
3. Աստուածաշունչին մէջ գորով ու սէր յատկութիւնները ի՞նչպէս յարակից են։
3 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, գորովը, համակրանքը եւ կարեկցութիւնը սերտօրէն առնչուած են քրիստոնէական ազնուագոյն յատկութեան՝ սիրոյ հետ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8. Բ. Պետրոս 1։7) Գեղեցիկ ադամանդի երեսիկներուն նման, այս աստուածային բոլոր յատկութիւնները իրար կը հաւասարակշռեն ու կ’ամբողջացնեն։ Անոնք Քրիստոնեաները կը մօտեցնեն ո՛չ միայն իրարու, այլեւ՝ իրենց երկնաւոր Հօր։ Այս պատճառով Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց. «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ . . . Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։9, 10
4. «Գորով» բառը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։
4 «Գորով» թարգմանուած Յունարէն բառը որ Պօղոս գործածեց, կազմուած է երկու մասերէ. մէկը կը նշանակէ բարեկամութիւն, իսկ միւսը՝ գութ։ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը բացատրութեան համաձայն, անիկա կը նշանակէ թէ Քրիստոնեաները «պէտք է բնորոշուին այնպիսի նուիրումով, որ սիրառատ, սրտակից ու փոխադարձաբար աջակցող ընտանիքին յատկանիշն է»։ Քրիստոնեայ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հանդէպ այսպէս կը զգա՞ս։ Քրիստոնէական ժողովքէն ներս ջերմ մթնոլորտ,– ազգականական հոգի,– պէտք է տիրէ։ (Գաղատացիս 6։10) Ուստի Անթիլիաս թարգմանութիւնը Հռովմայեցիս 12։10–ի մէջ կ’ըսէ. «Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով»։ Իսկ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ Վերագրումներով թարգմանութեան մէջ կը կարդանք. «Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք՝ եղբայրական սիրով»։ Այո, Քրիստոնեաներուն միջեւ ցուցաբերուած սէրը, տրամաբանութենէն ու պարտականութենէն աւելին կը պարփակէ։ «Եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով», պէտք է ‘սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրենք’։—Ա. Պետրոս 1։22
«Աստուծմէ Սորված Էք Մէկզմէկ Սիրել»
5, 6. (ա) Եհովա ի՞նչպէս միջազգային համաժողովները գործածած է, իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար քրիստոնէական գորովի մասին։ (բ) Ժամանակի ընթացքին եղբայրներուն միջեւ կապը ի՞նչպէս ա՛լ աւելի կը զօրանայ։
5 Թէպէտ այս աշխարհին մէջ «շատերուն սէրը» կը պաղի, բայց Եհովա իր այժմու ժողովուրդին կը սորվեցնէ «մէկզմէկ սիրել»։ (Մատթէոս 24։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Եհովայի Վկաներու միջազգային համաժողովները այս մարզումին համար յատկանշական պատեհութիւններ կը հայթայթեն։ Այս համաժողովներուն տեղացի Վկաներ կը ծանօթանան հեռաւոր երկիրներէ եկած եղբայրներու, իսկ շատեր օտար պատուիրակներ իրենց տունը կ’ընդունին։ Վերջերս տեղի ունեցած համաժողովի մը մէջ, ոմանք եկած էին այն երկիրներէն, ուր մարդիկ իրենց զգացումները արտայայտելու նկատմամբ վերապահ են։ Իջեւան ապահովելու ծառայող Քրիստոնեայ մը կը պատմէ. «Սկիզբը այս պատուիրակները շատ ջղագրգիռ ու երկչոտ էին։ Բայց միայն վեց օր ետք, երբ հրաժեշտի ժամանակը հասաւ, անոնք ու իրենց հիւրընկալները իրար կ’ողջագուրէին ու արցունք կը թափէին։ Անոնք քրիստոնէական այնպիսի սէր մը վայելեցին, որ բնաւ պիտի չմոռնան»։ Մեր եղբայրները հիւրասիրելը, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը, կրնայ թէ՛ հիւրերուն եւ թէ հիւրընկալներուն լաւագոյն յատկութիւնները երեւան հանել։—Հռովմայեցիս 12։13
6 Ճիշդ է որ համաժողովներուն պատահած փորձառութիւնները խայտալի են, բայց աւելի մտերիմ յարաբերութիւն կը զարգանայ, երբ Քրիստոնեաները որոշ ժամանակ միասնաբար Եհովայի ծառայեն։ Մեր եղբայրներուն քաջածանօթ ըլլալով, կրնանք լիովին Սաղմոս 15։3-5. Առակաց 19։22) Մարք՝ որ Արեւելեան Ափրիկէի մէջ իբր միսիոնար ծառայեց, ըսաւ. «Մեր եղբայրներուն հետ ուս–ուսի ծառայելը, անբեկանելի կապ կը ստեղծէ»։
գնահատել անոնց բարեմասնութիւնները,– իրենց ճշմարտախօսութիւնը, վստահելիութիւնը, հաւատարմութիւնը, քաղցրութիւնը, առատաձեռնութիւնը, նկատառութիւնը, կարեկցութիւնը եւ անձնուրացութիւնը։ (7. Ժողովքին մէջ քրիստոնէական կորով վայելելու համար, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։
7 Ժողովքին մէջ այս կապը ձեռք ձգելու եւ պահպանելու համար, անոր անդամները իրարու պէտք է մօտենան։ Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելով, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր կապը կ’ամրացնենք։ Ժողովին ներկայ գտնուելով, անոր մասնակցելով, եւ անկէ առաջ ու ետք եղբայրներուն ընկերակցելով, իրար կը քաջալերենք ու «սիրոյ եւ բարեգործութեան» կը մղենք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Միացեալ Նահանգներու մէջ երէց մը կը պատմէ. «Կաթոգին կը մտաբերեմ թէ երբ մանուկ էի, ընտանիքս սովորաբար վերջին ընտանիքը կ’ըլլար որ Թագաւորութեան Սրահը կը ձգէր, քանի որ կ’ուզէր բարեկամական ու իմաստալից խօսակցութիւնները երկար ժամանակ վայելել»։
‘Սիրտդ Լայնցնելու’ Կարիք Ունի՞ս
8. (ա) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Կորնթացիները յորդորեց որ իրենց ‘սիրտը լայնցնեն’։ (բ) Ժողովքին մէջ գորովը յառաջացնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
8 Այսպիսի գորով լիովին ցուցաբերելու համար, անհրաժեշտ է որ ‘մեր սիրտը լայնցնենք’։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի ժողովքին գրեց. ‘Մեր սիրտը լայնցած է։ Դուք մեր մէջ նեղը ինկած չէք’։ Ուստի Պօղոս զիրենք յորդորեց որ իրենց ‘սիրտը լայնցնեն’։ (Բ. Կորնթացիս 6։11-13, ԱՎ) Դուն ալ կրնա՞ս գորովդ ‘լայնցնել’։ Մի՛ սպասեր որ ուրիշները նախաքայլը առնեն։ Հռովմէացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գորովալից ըլլալու կարիքը նշելէ ետք, սա խրատը տուաւ. «Պատուելու մէջ՝ զիրա՛ր գերադասեցէք»։ (Հռովմայեցիս 12։10, ԱՎ) Ուրիշները պատուելու համար, ժողովներուն կրնաս նախաքայլը առնել անոնց բարեւ տալու։ Կրնաս նաեւ զանոնք հրաւիրել որ միասնաբար դաշտի ծառայութեան մասնակցիք կամ ժողովի մը նիւթերը նախապատրաստէք։ Ասիկա ընելը ճամբան կը հարթէ որ գորովը աճի։
9. Ոմանք ի՞նչ քայլեր առած են, հաւատակից Քրիստոնեաներու հետ աւելի սերտ բարեկամներ ըլլալու համար։ (Տեղական օրինակներ պարփակէ։)
9 Ժողովքին մէջ ընտանիքներն ու անհատները կրնան իրենց ‘սիրտը լայնցնել’, իրարու այցելելով, թերեւս միասին պարզ ճաշ ուտելով, եւ օգտակար գործունէութիւններու մասնակցելով։ (Ղուկաս 10։42. 14։12-14) Ատեն–ատեն Յակոբ փոքր խումբերու համար զբօսախնճոյք կը կազմակերպէ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն տարիքի անհատներ ներկայ կ’ըլլան, ինչպէս նաեւ՝ միածնողներ։ Ամէն ոք ուրախ յիշատակներով տուն կը վերադառնայ, եւ անոնք իրարու աւելի մօտիկ կը զգան»։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, պէտք է ջանանք ո՛չ միայն հաւատակիցներ ըլլալ, այլեւ՝ իսկական բարեկամներ։—Գ. Յովհաննու 1։14, 15
10. Ի՞նչ կրնանք ընել երբ յարաբերութիւնները լարուած ըլլան։
10 Սակայն երբեմն անկատարութիւնները կը դժուարացնեն բարեկամութիւն ու գորով մշակելը։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Նախ, կրնանք աղօթել որ մեր եղբայրներուն հետ լաւ յարաբերութիւն վայելենք։ Աստուծոյ կամքն է որ իր ծառաները համերաշխութեան մէջ ըլլան, եւ ան այս անկեղծ աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ (Ա. Յովհաննու 4։20, 21. 5։14, 15) Մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ քայլեր ալ պէտք է առնենք։ Արեւելեան Ափրիկէի մէջ Ռիք անունով ճամբորդող տեսուչ մը կը մտաբերէ եղբայր մը, որուն կոշտ անձնաւորութիւնը պատճառ եղաւ որ իրենց երկուքին ջուրը նոյն առուով չերթայ։ «Փոխանակ այս եղբօրմէն խուսափելու, վճռեցի զինք մօտէն ճանչնալ», կը բացատրէ Ռիք։ «Մէջտեղ ելաւ որ այս եղբօր հայրը խստապահանջ դաստիարակ մըն էր։ Երբ ըմբռնեցի եղբօր մղած ծանր պայքարը որ այս ենթահողը յաղթահարէ եւ նկատեցի անոր յառաջդիմութեան տարողութիւնը, հիացայ անոր վրայ։ Վերջապէս լաւ բարեկամներ դարձանք»։—Ա. Պետրոս 4։8
Սի՛րտդ Բաց
11. (ա) Ժողովքին մէջ գորովը աճելու համար, ի՞նչ բանի կարիք կայ։ (բ) Մեր զգացումները ուրիշներու արտայայտելէ ետ կենալը, ինչո՞ւ կրնայ հոգեւորապէս վնասակար ըլլալ։
11 Ներկայիս շատեր իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին ոեւէ մէկու հետ սերտ բարեկամութիւն չեն մշակեր։ Որքա՜ն ցաւալի։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ պարագան տարբեր է։ Հարազատ եղբայրսիրութիւնը քաղաքավար խօսակցութիւն եւ բարեկիրթ նիստուկաց չէ. ո՛չ ալ բուռն զգացումներ ցուցադրել է։ Փոխարէն, պէտք է ուզենք մեր սիրտը բանալ, ինչպէս Պօղոս իր սիրտը բացաւ Կորնթացիներուն, եւ մեր հաւատակիցներուն ցոյց տալ թէ իրապէս հետաքրքրուած ենք իրենց բարօրութեամբ։ Թէպէտ ամէն ոք բնոյթով ընկերային կամ խօսուն չէ, բայց չափազանց վերապահ ըլլալը կրնայ վնասակար ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ»։—Առակաց 18։1
12. Ժողովքին մէջ սերտ յարաբերութիւններու համար ինչո՞ւ լաւ հաղորդակցութիւնը էական է։
12 Իսկական բարեկամութեան համար անկեղծ հաղորդակցութիւնը հիմնական է։ (Յովհաննու 15։15) Բոլորս պէտք ունինք բարեկամներու, որոնց կրնանք մեր ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները արտայայտել։ Ասկէ զատ, իրար ո՛րքան աւելի ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի դիւրաւ մէկը միւսին կարիքները կը հոգայ։ Այս կերպով իրարու շահը փնտռելով, գորովը կը յառաջացնենք ու Յիսուսի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը կը տեսնենք. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35. Փիլիպպեցիս 2։1-4
13. Ի՞նչ կրնանք ընել ցոյց տալու համար թէ մեր եղբայրներուն հանդէպ իսկական գորով ունինք։
13 Որպէսզի մեր գորովը մեծապէս օգտակար ըլլայ, պէտք է արտայայտենք զայն։ (Առակաց 27։5) Երբ մեր գորովը իրական է, հաւանաբար մեր դէմքը կը յայտնէ զայն, եւ ասիկա կրնայ ուրիշներու սիրտը մղել որ ընդառաջէ։ «Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ», կ’ըսէ Աստուածաշունչի մէկ առակը։ (Առակաց 15։30) Ազնիւ արարքներն ալ գորովը կը յառաջացնեն։ Թէեւ ո՛չ ոք կրնայ իսկական գորով գնել, սակայն սրտանց տրուած նուէրը կրնայ շատ իմաստալից ըլլալ։ Բացիկը, նամակը եւ «յարմարութեամբ ըսուած խօսքը», կրնան խոր գորով յայտնել։ (Առակաց 25։11. 27։9) Անգամ մը որ ուրիշներու հետ բարեկամութիւն հաստատեցինք, զայն պէտք է պահպանենք, շարունակ անձնուրաց գորով ցուցաբերելով։ Մանաւանդ նեղութեան ժամանակներուն, պիտի ուզենք մեր բարեկամներուն օգնութեան փութալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ճշմարիտ բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է»։—Առակաց 17։17, ՆԱ
14. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անհատ մը մեր ակնկալածին չափ մօտիկութիւն ցոյց չտայ։
14 Իրականութեան մէջ, չենք կրնար ակնկալել որ ժողովքի բոլոր անդամներուն մօտիկ ըլլանք։ Բնական է որ ոմանց աւելի մօտիկ պիտի զգանք, քան ուրիշներու։ Ուստի եթէ անհատ մը ակնկալածիդ չափ մօտիկութիւն ցոյց չտայ, շուտով մի՛ եզրակացներ թէ որոշ թերութիւն մը կայ քու կողմէդ կամ անոր կողմէ։ Եւ մի՛ փորձեր ճնշում բանեցնել որ ան սերտ բարեկամ դառնայ։ Եթէ անհատին թոյլ տուած չափով բարեկամութիւն ցոյց տաս, ճամբան կը հարթես աւելի մօտիկ յարաբերութիւն մշակելու հետագային։
‘Քեզ Հաւներ Եմ’
15. Գովասանքի խօսք ըսելը կամ չըսելը, ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ուրիշներու վրայ։
15 Յիսուս իր մկրտութեան ատեն որքա՜ն հրճուած ըլլալու էր, երբ երկնքէն սա խօսքը լսեց. «[Քեզ] հաւներ եմ»։ (Մարկոս 1։11) Հաճութիւն յայտնող այս խօսքը վստահաբար խորացուց Յիսուսի համոզումը, թէ իր Հայրը իրեն հանդէպ գորով ունէր։ (Յովհաննու 5։20) Ցաւալի է որ ոմանք իրենց յարգած ու սիրած անհատներէն երբեք գովասանքի խօսք չեն լսեր։ «Ինծի նման բազմաթիւ դեռատիներ իրենց քրիստոնէական հաւատալիքները բաժնող ընտանիքի անդամներ չունին», կը նշէ Էն։ «Տան մէջ միայն քննադատութիւն կը լսենք։ Ասիկա մեզ շատ կը տխրեցնէ»։ Սակայն, երբ ժողովքին մէկ անդամը ըլլան, անոնք աջակցող ու հոգածու հոգեւոր ընտանիքի ջերմութիւնը կը զգան,– ընտանիք մը՝ որ կը բաղկանայ նոյն հաւատքը բաժնող հայրերէ ու մայրերէ, եղբայրներէ ու քոյրերէ։—Մարկոս 10։29, 30. Գաղատացիս 6։10
16. Ուրիշներուն հանդէպ քննադատական կեցուածք ցուցաբերելը ինչո՞ւ օգտակար չէ։
16 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ծնողներ, տարեցներ եւ ուսուցիչներ քիչ անգամ սրտանց կը գովեն դեռատիները, խորհելով թէ գովաբանութիւնը կրնայ զիրենք ինքնագոհ կամ հպարտ դարձնել։ Այս մտածելակերպը կրնայ նոյնիսկ Քրիստոնեայ ընտանիքներու եւ ժողովքին ազդել։ Դասախօսութեան մը կամ տարուած ջանքի մը համար, չափահասը թերեւս կ’ըսէ. «Գէշ չէր։ Կրնաս աւելի լաւը ընել»։ Կամ այլ կերպով, անոնք դեռատիին կը յայտնեն իրենց տհաճութիւնը։ Շատեր կը հաւատան թէ ասիկա ընելով դեռատիները կը մղեն որ իրենց լման հնարաւորութիւնները գործածեն։ Բայց այս մօտեցումը յաճախ հակառակ ազդեցութիւնը կ’ունենայ, քանի որ դեռատիները կրնան ձեռնթափ ըլլալ կամ զգալ թէ չեն կրնար պահանջուածը կատարել։
17. Ինչո՞ւ ուրիշները գովելու պատեհութիւններ պէտք է փնտռենք։
17 Սակայն գովասանքը պէտք չէ տրուի Եփեսացիս 4։24, ԱՎ
միայն որպէս մուտք՝ խրատ ներկայացնելու։ Անկեղծ գովասանքը գորով կը յառաջացնէ ընտանիքին ու ժողովքին մէջ, դեռատիները քաջալերելով որ փորձառու եղբայրներէն ու քոյրերէն խրատ խնդրեն։ Ուստի, փոխանակ մշակոյթին թոյլ տալու որ որոշէ թէ ի՛նչպէս վարուելու ենք ուրիշներուն հետ, թող ‘հագնինք նո՛ր մարդը, որ ստեղծուած է արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն’։ Գովէ ինչպէս Եհովա կը գովէ։—18. (ա) Դեռատինե՛ր, չափահասներուն մատուցած խրատը ի՞նչպէս պէտք է նկատէք։ (բ) Չափահասները ինչո՞ւ զգուշութեամբ խրատ կը մատուցանեն։
18 Միւս կողմէ, դեռատինե՛ր, մի՛ եզրակացնէք թէ եթէ չափահասները ձեզ սրբագրեն կամ խրատեն, ասիկա կը նշանակէ թէ ձեզ չեն սիրեր։ (Ժողովողի 7։9) Ընդհակառակը։ Անոնք ձեզմով հետաքրքրուած են եւ ձեզի հանդէպ խոր գորով ունին. այլապէս, ինչո՞ւ ջանք պիտի թափէին որ հարցին շուրջ խօսին։ Գիտնալով բառերուն ունեցած ազդեցութիւնը, չափահասները եւ յատկապէս ժողովքի երէցները, խրատ տալէ առաջ յաճախ շատ ժամանակ կը տրամադրեն մտածելու եւ աղօթելու, քանի որ կ’ուզեն միայն բարիք ընել։—Ա. Պետրոս 5։5
«Տէրը Բազմագութ ու Ողորմած Է»
19. Յուսախաբ անհատները ինչո՞ւ կրնան օգնութեան համար Եհովայի դիմել։
19 Ոմանք անախորժ փորձառութիւններ ունենալով խորհած են որ գորով ցուցաբերելը միայն յաւելեալ յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ։ Անոնցմէ քաջութիւն ու զօրաւոր հաւատք կը պահանջուի, որ իրենց սիրտը անգամ մը եւս բանան ուրիշներու։ Բայց անոնք երբեք պէտք չէ մոռնան թէ Եհովա «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ Ան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք։ (Գործք 17։27. Յակոբու 4։8) Ան նաեւ կը հասկնայ մեր վախը որ վիրաւորուինք, եւ կը խոստանայ մեզի աջակցիլ ու օգնել։ Սաղմոսերգու Դաւիթ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրը մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, ու հոգիով ճմլուածները կը փրկէ»։—Սաղմոս 34։18, ԱՎ
20, 21. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ կրնանք Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն վայելել։ (բ) Եհովայի հետ մտերիմ ըլլալու համար ի՞նչ պահանջուած է։
20 Եհովայի հետ սերտ բարեկամութիւնը, մեր մշակած ամենակարեւոր յարաբերութիւնն է։ Բայց ասիկա իրապէս կարելի՞ է։ Այո՛։ Աստուածաշունչը կը խօսի արդար տղամարդոց ու կիներու մասին, որոնք մեր երկնաւոր Հօր շա՜տ մօտիկ զգացին։ Անոնց ջերմ արտայայտութիւնները գրուեցան, մեզ հաւաստիացնելու համար թէ մենք ալ կրնանք Եհովայի մօտենալ։—Սաղմոս 23, 34, 139. Յովհաննու 16։27. Հռովմայեցիս 15։4
21 Ամէն ոք կրնայ գոհացնել Եհովայի հետ մտերմութիւն վայելելու պահանջները։ «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ», հարցուց Դաւիթ։ «Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն»։ (Սաղմոս 15։1, 2. 25։14) Երբ տեսնենք թէ Աստուծոյ ծառայելը լաւ արդիւնք կու տայ եւ մեզ իր առաջնորդութեան ու պաշտպանութեան կ’արժանացնէ, պիտի գիտակցինք թէ «Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։—Յակոբու 5։11
22. Եհովա կը փափաքի որ իր ժողովուրդը ի՞նչպիսի յարաբերութիւն վայելէ։
22 Որքա՜ն օրհնեալ ենք որ Եհովայի փափաքն է անկատար մարդոց հետ անձնական յարաբերութիւն ունենալ։ Ուստի իրարու հանդէպ գորով պէտք չէ՞ ցոյց տանք։ Եհովայի օգնութեամբ, իւրաքանչիւրս կրնանք մեր քրիստոնէական եղբայրութիւնը յատկորոշող գորովին նպաստել եւ զայն վայելել։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, երկրագունդին վրայ ամէն անհատ յաւիտեան այս գորովը պիտի բաժնէ։
Կրնա՞ս բացատրել
• Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչպիսի մթնոլորտ պէտք է տիրէ։
• Իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք ժողովքին մէջ ցուցաբերուած գորովին նպաստել։
• Անկեղծ գովասանքը ի՞նչպէս քրիստոնէական գորովը կը յառաջացնէ։
• Եհովայի գորովը ի՞նչպէս մեզի կ’աջակցի ու մեզ կը կազդուրէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 27]
Քրիստոնեաներուն միջեւ ցուցաբերուած սէրը, պարտականութենէն աւելին կը պարփակէ
[Նկարներ՝ էջ 29]
Կրնա՞ս գորովդ ‘լայնցնել’
[Նկար՝ էջ 30]
Քննադատո՞ղ թէ քաջալերող անհատ մըն ես