«Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը»
«Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը»
«Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6։11, ԱՎ
1, 2. Նկարագրէ հոգեւոր զրահը, որ Քրիստոնեաները պէտք է հագնին։
ՀՌՈՎՄ իր զօրութեան զենիթին կը գտնուէր՝ Հ.Դ. առաջին դարուն։ Հռովմէական լեգէոններուն ոյժով, այս քաղաքը տիրապետեց այն ժամանակ ծանօթ աշխարհի մեծ մասին։ Պատմաբան մը այս բանակը նկարագրեց որպէս «պատմութեան մէջ ամենէն յաջող զինուորական կազմակերպութիւնը»։ Հռովմի արհեստավարժ բանակը կազմուած էր լաւ–կրթուած զինուորներէ, որոնք խիստ մարզումի ենթարկուած էին, բայց անոնց զրահն ալ դեր ունեցաւ իրենց յաջող պատերազմներուն մէջ։ Պօղոս առաքեալ Հռովմէացի զինուորի մը զրահը իբր օրինակ գործածելով բացատրեց Քրիստոնեաներուն հարկ եղած հոգեւոր սպառազինութիւնը, որպէսզի Բանսարկուին դէմ յաջողապէս պատերազմին։
2 Եփեսացիս 6։14-17–ի մէջ այս հոգեւոր զրահը նկարագրելով, Պօղոս գրեց. «Կայնեցէ՛ք ձեր տեղը՝ ձեր մէջքը գօտեպնդած ճշմարտութեամբ եւ հագած արդարութեան զրահը, ու ձեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցուցած խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը։ Բոլորին վրայ՝ առէ՛ք հաւատքին վահանը, որով պիտի կարենաք մարել Չարին բոլոր հրավառ նետերը. եւ առէ՛ք փրկութեան սաղաւարտն ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է»։ Պօղոսի նկարագրած զրահը բառացիօրէն կը պաշտպանէր Հռովմէացի զինուորը։ Իսկ անոր կրած սուրը, իր գլխաւոր զէնքն էր անհատական կռիւի համար։
3. Ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոսի հրահանգներուն պէտք է հնազանդինք եւ իր օրինակին հետեւինք։
3 Զէնքերէն ու մարզումէն զատ, հռովմէական բանակին յաջողութիւնը կախեալ էր զինուորներուն հնազանդութենէն իրենց հրամանատարին։ Նմանապէս Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի պէտք է հնազանդին, որ Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած է իբր ‘ազգերուն հրամանատարը’։ (Եսայեայ 55։4) Ան նաեւ «եկեղեցիին գլուխն է»։ (Եփեսացիս 5։23) Յիսուս մեր հոգեւոր պատերազմին առնչութեամբ հրահանգներ կու տայ եւ հոգեւոր զրահը հագնելու կերպին նկատմամբ կատարեալ օրինակ կը հանդիսանայ։ (Ա. Պետրոս 2։21) Որովհետեւ քրիստոսանման անձնաւորութիւնը եւ մեր հոգեւոր զրահը հասարակաց շատ բաներ ունին, Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը խրատեն որ Քրիստոսի միտքով ‘զինուինք’։ (Ա. Պետրոս 4։1) Հետեւաբար, մինչ մեր հոգեւոր զրահին իւրաքանչիւր մասը կը վերլուծենք, անոր կարեւորութիւնն ու ազդուութիւնը ապացուցանելու համար՝ Յիսուսի օրինակը պիտի գործածենք։
Պաշտպանել՝ Մէջքը, Կուրծքը եւ Ոտքերը
4. Զինուորին զրահին մէջ գօտին ի՞նչ դեր կը խաղար, եւ ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։
4 Ճշմարտութեամբ գօտեպնդուած մէջք։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, զինուորները 5-15 սանթիմեթր լայնք ունեցող կաշիէ գօտի կը կապէին։ Զինուորին գօտին մէջքը կը պաշտպանէր եւ սուրը կը կրէր։ Երբ զինուորը կռիւի պատրաստուէր, իր գօտին ամուր կը կապէր։ Պօղոս զինուորին գօտին գործածեց, ցոյց տալու համար թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ո՛ր տարողութեամբ մեր կեանքին պէտք է ազդէ։ Զայն պինդ կապած պէտք է ըլլանք, որպէսզի ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ ապրինք ու միշտ զայն պաշտպանենք։ (Սաղմոս 43։3. Ա. Պետրոս 3։15) Ասիկա իրագործելու համար, Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն պէտք է ուսումնասիրենք եւ անոր բովանդակութեան վրայ խոկանք։ Աստուծոյ օրէնքը Յիսուսի ‘ներսիդին’ էր։ (Սաղմոս 40։8) Ուստի ան կրնար հակառակորդներուն հարցումներուն պատասխանել, անգիր՝ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերելով։—Մատթէոս 19։3-6. 22։23-32
5. Բացատրէ թէ փորձութեան ժամանակներուն, աստուածաշնչական խրատը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել։
5 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան թոյլ տալով որ մեզ առաջնորդէ, անիկա կրնայ մեզ պաշտպանել սխալ կերպով տրամաբանելէ եւ մեզ կարող դարձնել իմաստուն որոշումներ կայացնելու։ Փորձութեան ժամանակներուն, Եսայեայ 30։20, 21
Աստուածաշունչի ուղեգծերը շիտակը ընելու մեր վճռակամութիւնը պիտի ամրացնեն։ Իրականութեան մէջ, մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովան պիտի տեսնենք եւ մեր ետեւէն խօսք մը պիտի լսենք, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։—6. Մեր այլաբանական սիրտը ինչո՞ւ պաշտպանութեան կարիք ունի, իսկ արդարութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ազդուօրէն պաշտպանել զայն։
6 Արդարութեան լանջազրահը։ Զինուորին լանջազրահը կենսական գործարան մը՝ սիրտը կը պաշտպանէր։ Մեր այլաբանական սիրտը,– մեր ներսի մարդը,– մասնայատուկ պաշտպանութեան կարիք ունի, քանի որ սխալը ընելու հակամէտ է։ (Ծննդոց 8։21) Հետեւաբար Եհովայի արդար չափանիշները պէտք է սորվինք ու սիրենք։ (Սաղմոս 119։97, 105) Արդարութեան հանդէպ մեր սէրը կը մղէ մեզ որ աշխարհային մտածումը մերժենք, որ Եհովայի յստակ ուղեգծերը կ’անտեսէ կամ կը տկարացնէ։ Ասկէ զատ, երբ շիտակը սիրենք ու սխալը ատենք, չենք հետեւիր ընթացքի մը որ կրնայ մեր կեանքը կործանել։ (Սաղմոս 119։99-101. Ամովսայ 5։15) Այս մարզին մէջ Յիսուս օրինակ կը հանդիսանայ, քանի որ իր մասին Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր»։—Եբրայեցիս 1։9 *
7. Հռովմէացի զինուորը ինչո՞ւ տոկուն կօշիկի պէտք ունէր, եւ ասիկա ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։
7 Խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը իբր կօշիկ հագած ոտքեր։ Հռովմէացի զինուորները տոկուն կօշիկներ կամ սանտալներ կը հագնէին, քանի որ արշաւի մը ընթացքին ամէն օր յաճախ 30 քիլոմեթր կը քալէին, իրենց վրայ ունենալով շուրջ 30 քիլոկրամ սպառազինութիւն։ Պօղոս տեղին ըլլալով կօշիկը գործածեց, Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընողներուն քարոզելու մեր պատրաստակամութիւնը ներկայացնելու համար։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ մարդիկ ի՞նչպէս պիտի ճանչնան Եհովան, եթէ քարոզելու յօժար չըլլանք։—Հռովմայեցիս 10։13-15
8. Ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի օրինակը իբր բարի լուրի քարոզիչ։
8 Յիսուսի կեանքին մէջ ամենակարեւոր գործունէութիւնը ի՞նչ էր։ Ան Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին ըսաւ. «Աշխարհ եկած [եմ], որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ Յիսուս քարոզեց ամէն անհատի որ կ’ուզէր իրեն ականջ տալ, եւ իր ծառայութենէն ա՛յնքան հաճոյք առաւ որ զայն դասեց իր ֆիզիքական կարիքներէն առաջ։ (Յովհաննու 4։5-34. 18։37) Յիսուսի նման անձկալից ըլլալով բարի լուրը ծանուցանելու, զայն ուրիշներու հետ բաժնելու բազմաթիւ պատեհութիւններ պիտի փնտռենք։ Ասկէ զատ, մեր ծառայութեամբ կլանուած ըլլալը կ’օգնէ որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։—Գործք 18։5
Վահանը, Սաղաւարտը եւ Սուրը
9. Մեծ վահանը ի՞նչ կերպով Հռովմէացի զինուորը կը պաշտպանէր։
9 Հաւատքին վահանը։ «Վահան» թարգմանուած Յունարէն բառը կ’ակնարկէ մեծ վահանի, որ մարմնին մեծ մասը կը ծածկէ։ Անիկա Եփեսացիս 6։16–ի մէջ նշուած «հրավառ նետեր»էն պաշտպանուելու կը ծառայէր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, զինուորները խոռոչաւոր եղէգէ շինուած նետեր կը գործածէին, որոնք երկաթեայ պզտիկ ընդունարաններ ունէին, որոնց մէջ կարելի էր վառող նաւթ լեցնել։ Ուսումնական մը այս նետերը կը նկարագրէ որպէս «վաղեմի պատերազմներուն մէջ գործածուող ամենավտանգաւոր զէնքերէն մէկը»։ Եթէ զինուորը մեծ վահան չկրէր, այս բոցավառ նետերով կրնար ծանրօրէն վիրաւորուիլ կամ նոյնիսկ սպաննուիլ։
10, 11. (ա) Սատանայի ո՞ր «հրավառ նետեր»ը կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։ (բ) Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ հաւաքին կարեւորութիւնը փորձութեան ժամանակ։
10 Սատանան մեր հաւատքը տկարացնելու համար, ի՞նչ «հրավառ նետեր» կը գործածէ։ Ան կրնայ տան, գործատեղին կամ դպրոցին մէջ հալածանք կամ հակառակութիւն յառաջացնել։ Հետզհետէ աւելի նիւթական բաներ ձեռք ձգելու փափաքը եւ անբարոյութեան հրապոյրը ոմանց հոգեւորականութիւնը քանդած են։ Մենք մեզ այս սպառնալիքներէն պաշտպանելու համար, ‘բոլորին վրայ պէտք է առնենք հաւատքին վահանը’։ Հաւատքը կը հաստատուի Եհովայի մասին սորվելով, աղօթքի միջոցով կանոնաւորաբար իրեն հետ հաղորդակցելով, եւ զատորոշելով թէ ի՛նչպէս մեզ կը պաշտպանէ ու կ’օրհնէ։—Յեսուայ 23։14. Ղուկաս 17։5. Հռովմայեցիս 10։17
11 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ճակատագրական Մատթէոս 26։42, 53, 54. Յովհաննու 6։38) Նոյնիսկ երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ մեծապէս կը տառապէր, Յիսուս իր Հօր ըսաւ. «Ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ (Մատթէոս 26։39) Յիսուս ուղղամտութիւն պահելու եւ իր Հայրը ուրախացնելու կարեւորութիւնը բնա՛ւ չմոռցաւ։ (Առակաց 27։11) Եհովայի հանդէպ համանման վստահութիւն ունենալով, քննադատութեան կամ հակառակութեան թոյլ պիտի չտանք որ մեր հաւատքը տկարացնէ։ Փոխարէն, մեր հաւատքը պիտի զօրանայ եթէ Աստուծոյ ապաւինինք, զինք սիրենք ու իր պատուիրանները պահենք։ (Սաղմոս 19։7-11. Ա. Յովհաննու 5։3) Նիւթական վարձատրութիւնը եւ վայրկենական տռփական հաճոյքը ոչինչ են այն օրհնութիւններուն դիմաց, որ Եհովա վերապահած է զինք սիրողներուն։—Առակաց 10։22
պահերուն զօրաւոր հաւատք ունենալուն կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ Ան իր Հօր որոշումներուն ամբողջովին վստահեցաւ ու Աստուծոյ կամքը ուրախութեամբ կատարեց։ (12. Մեր այլաբանական սաղաւարտը ի՞նչ կարեւոր մաս կը պաշտպանէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կենսական է։
12 Փրկութեան սաղաւարտը։ Սաղաւարտը կը պաշտպանէր զինուորին գլուխը եւ ուղեղը,– իմացականութեան կեդրոնը։ Մեր քրիստոնէական յոյսը նմանցուած է սաղաւարտի մը, քանի որ մեր միտքը կը պաշտպանէ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Թէեւ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեամբ մեր միտքը նորոգած ենք, սակայն տակաւին տկար, անկատար մարդիկ ենք։ Մեր միտքը դիւրաւ կրնայ ապականիլ։ Իրերու այս դրութեան նպատակակէտերը կրնան մեզ զբաղեցնել կամ նոյնիսկ մեր աստուածատուր յոյսը փոխարինել։ (Հռովմայեցիս 7։18. 12։2) Բանսարկուն ի զուր փորձեց Յիսուսը իր նպատակակէտէն շեղեցնել, անոր հրամցնելով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ (Մատթէոս 4։8) Բայց Յիսուս անմիջապէս մերժեց այդ առաջարկը, իսկ Պօղոս իր մասին ըսաւ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։—Եբրայեցիս 12։2
13. Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել մեր առջեւ դրուած յոյսին վստահիլ։
13 Յիսուսի ունեցած վստահութիւնը ինքնաբերաբար ձեռք չի ձգուիր։ Եթէ մեր միտքը իրերու այս դրութեան երազներով ու նպատակակէտերով լեցնենք, փոխանակ մեր ապագայ յոյսին վրայ կեդրոնանալու, Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը պիտի տկարանայ։ Ժամանակի ընթացքին, նոյնիսկ կրնանք մեր յոյսը ամբողջովին կորսնցնել։ Միւս կողմէ, եթէ կանոնաւորաբար Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խոկանք, մեր առջեւ դրուած յոյսով պիտի շարունակենք ուրախանալ։—14, 15. (ա) Ի՞նչ է մեր այլաբանական սուրը, եւ ի՞նչպէս կը գործածուի։ (բ) Օրինակով մը ցոյց տուր թէ հոգիին սուրը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ փորձութեան դէմ դնենք։
14 Հոգիին սուրը։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խօսքը կամ պատգամը, երկսայրի սուրի նման է, որ կրնայ կրօնական ստութիւնները քանդել եւ պարկեշտաբարոյ անհատներու օգնել որ հոգեւոր ազատութիւն գտնեն։ (Յովհաննու 8։32. Եբրայեցիս 4։12) Այս հոգեւոր սուրը կրնայ նաեւ մեզ պաշտպանել, երբ փորձութիւններու ենթարկուինք կամ երբ հաւատուրացներ ջանան մեր հաւատքը կործանել։ (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) Որքա՜ն շնորհապարտ ենք որ ‘բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ մեզ կը պատրաստէ ամէն բարի գործի համար’։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
15 Երբ Սատանան անապատին մէջ զինք փորձեց, Յիսուս ազդուօրէն հոգիին սուրը գործածեց, սխալ պատճառաբանութիւնը եւ խորամանկ փորձութիւնները խափանելու համար։ Սատանայի իւրաքանչիւր փորձութեան ան պատասխանեց. «Գրուած է»։ (Մատթէոս 4։1-11) Սպանիայի մէջ ապրող Տէյվիտ անունով Եհովայի Վկայ մը, նոյնպէս նկատեց թէ Սուրբ Գրութիւնները իրեն օգնեցին փորձութիւնը յաղթահարելու։ Երբ ան 19 տարեկան էր, մաքրութեան ընկերութեան մէջ պաշտօնակից, գրաւիչ երիտասարդուհի մը առաջարկեց «միասնաբար հաճոյալի ժամանակ անցընել»։ Տէյվիտ անոր առաջարկը մերժեց եւ իր վերակացուէն խնդրեց որ իրեն ուրիշ տեղ նշանակէ, որպէսզի նոյն պարագան չկրկնուի։ Տէյվիտ ըսաւ. «Յովսէփին օրինակը մտաբերեցի։ Ան անբարոյութիւնը մերժեց եւ անմիջապէս վայրէն հեռացաւ։ Ես ալ նոյնը ըրի»։—Ծննդոց 39։10-12
16. Ինչո՞ւ մարզումի կարիք ունինք, որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’։
16 Յիսուս հոգիին սուրը նաեւ գործածեց ուրիշներուն օգնելու որ Սատանայի ձեռքէն պրծին։ Ան ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։ (Յովհաննու 7։16) Յիսուսի ճարտար ուսուցումը ընդօրինակելու համար, մենք մարզումի կարիք ունինք։ Հռովմէացի զինուորներուն մասին, Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս գրեց. «Իւրաքանչիւր զինուոր ամէն օր ժրաջանօրէն կը մարզուէր որպէս թէ պատերազմի մէջ էր, եւ այս պատճառով անոնք կռիւներուն առթած յոգնութեան շատ դիւրաւ կը տոկային»։ Մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ, Աստուածաշունչը պէտք է գործածենք։ Ասկէ զատ, պէտք է ‘ջանանք մեր անձը ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուորներ ըլլալով, որ պիտի չամչնան ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Իսկ որքա՜ն գոհունակ կը զգանք, երբ հետաքրքրուած անհատի մը անկեղծ հարցումին պատասխանելու համար Սուրբ Գրութիւնները գործածենք։
Ամէն Ատեն Աղօթէ
17, 18. (ա) Սատանայի դէմ դնելու մէջ աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։ (բ) Օրինակով մը ցոյց տուր աղօթքին արժէքը։
17 Հոգեւոր ամբողջ զրահը նկատի առնելէ ետք, Պօղոս յաւելեալ կարեւոր խրատ մը կու տայ։ Մինչ Սատանայի կը դիմադրեն, Քրիստոնեաները ‘ամէն տեսակ աղօթք եւ աղերսանք’ պէտք է մատուցանեն։ Ո՞րքան յաճախ։ «Ամէն ատեն աղօթեցէ՛ք Հոգիով», գրեց Պօղոս։ (Եփեսացիս 6։18, ԱՎ) Երբ փորձութիւն կամ վհատութիւն դիմագրաւենք, աղօթքը կրնայ մեզ մեծապէս ամրացնել։ (Մատթէոս 26։41) Յիսուս «սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։—Եբրայեցիս 5։7
18 Միլակրոս, որ երկարատեւ հիւանդութենէ տառապող իր ամուսինը աւելի քան 15 տարի խնամած է, կ’ըսէ. «Երբ վհատիմ, աղօթքով Եհովայի կը դիմեմ։ Ո՛չ ոք կրնայ իրմէ աւելի օգնական ըլլալ ինծի։ Ճիշդ է որ պահեր կան, երբ կը զգամ թէ այլեւս չեմ կրնար տանիլ։ Բայց Եհովայի աղօթելէ ետք, շատ յաճախ ոյժս կը վերանորոգուի եւ տրամադրութիւնս կը բարելաւուի»։
19, 20. Սատանայի դէմ մեր մղած մարտէն յաղթական դուրս գալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
19 Բանսարկուն գիտէ որ իր ժամանակը կարճ է, եւ մեզ նուաճելու իր ջանքերը կը կրկնապատկէ։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Այս հզօր թշնամիին պէտք է դիմադրենք եւ ‘պատերազմինք հաւատքին բարի պատերազմը’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12) Ասիկա բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւն կը պահանջէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Նաեւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան կարիք ունինք, ուստի անոր համար պէտք է աղօթենք։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—Ղուկաս 11։13
20 Բացորոշ է թէ էական է որ Եհովայի հայթայթած ամբողջ զրահը առնենք մեր վրայ։ Այս հոգեւոր զրահը հագնիլը կը պահանջէ որ աստուածային յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ հաւատք եւ արդարութիւն։ Անիկա նաեւ կը պահանջէ որ ճշմարտութիւնը սիրենք, որպէս թէ անով գօտեպնդուած ըլլանք, ամէն առիթով բարի լուրը տարածելու պատրաստ ըլլանք, եւ մեր աչքերը սեւեռած պահենք մեր առջեւ դրուած յոյսին վրայ։ Պէտք է սորվինք հոգիին սուրը հմտօրէն գործածել։ Աստուծոյ ամբողջ զրահը հագնելով, չար ոգիներուն հետ մեր ունեցած գօտեմարտէն կրնանք յաղթական դուրս գալ, եւ արդարեւ կրնանք Եհովայի սուրբ անունին փառք բերել։—Հռովմայեցիս 8։37-39
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Եսայիի մարգարէութեան մէջ, Եհովայի մասին կ’ըսուի թէ «արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ»։ Ուստի ան կը պահանջէ որ ժողովքի տեսուչները իրաւունք մատակարարեն ու արդարութեամբ վարուին։—Եսայեայ 59։14, 15, 17
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Հոգեւոր զրահ հագնելու մէջ լաւագոյն օրինակը ո՞վ կը հանդիսանայ, եւ ինչո՞ւ իր օրինակը ուշադրութեամբ նկատի պէտք է առնենք։
• Մեր միտքը եւ այլաբանական սիրտը ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանել։
• Ի՞նչպէս կրնանք հոգիին սուրը գործածելու մէջ հմուտ դառնալ։
• Ինչո՞ւ ամէն ատեն պէտք է աղօթենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 15]
Փութաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը կրնայ մեզ մղել որ ամէն առիթով բարի լուրը ծանուցանենք
[Նկարներ՝ էջ 16]
Մեր ստոյգ յոյսը մեզի կ’օգնէ փորձութիւններ դիմագրաւելու