«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը». ի՞նչպէս
«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը». ի՞նչպէս
«ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ գիտես Յիսուսի սրտաշէն խօսքը, թէ ‘հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը’։ Բայց ի տես մարդոց ըրած բաներուն՝ թէ՛ իրարու եւ թէ երկրին, հեզերուն ի՞նչ պիտի մնայ որ ժառանգեն»։—Մատթէոս 5։5. Սաղմոս 37։11
Միրիամ անունով Եհովայի Վկայ մը այս հարցումը գործածեց, Աստուածաշունչի մասին խօսակցութիւն մը սկսելու համար։ Անհատը իր կարծիքը տալով պատասխանեց թէ քանի որ Յիսո՛ւս այս խոստումը տուաւ, ուրեմն երկիրը ժառանգ կոչուելու արժանի պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ՝ աւերակ կամ անբնակելի։
Ատիկա վստահաբար լաւատեսական պատասխան մըն էր։ Բայց այսպիսի դրական տեսակէտ մը ունենալու պատճառ ունի՞նք։ Արդարեւ ունի՛նք, որովհետեւ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ այդ խոստումը պիտի կատարուի։ Իրականութեան մէջ, այդ խոստումին կատարումը սերտօրէն առնչուած է մարդկութեան ու երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին հետ։ Իսկ մենք վստահ ենք որ Աստուած իր նպատակը կ’իրագործէ։ (Եսայեայ 55։11) Արդ, մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ի՞նչ էր եւ ի՞նչպէս պիտի կատարուի։
Երկրի Նկատմամբ Աստուծոյ Յաւերժական Նպատակը
Եհովա Աստուած երկիրը ստեղծեց մասնայատուկ նպատակի մը համար։ «Սա՛ կը յայտարարէ երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը՝ որ երկիրը ձեւակերպեց, զայն շինեց ու հաստատեց. զայն զուր տեղը չստեղծեց, հապա բնակութեան համար ձեւակերպեց։ ‘Ե՛ս եմ Տէրը, ուրիշ մը չկայ’»։ (Եսայեայ 45։18, ԱՎ) Ուստի երկիրը յատկապէս ստեղծուեցաւ մարդկային բնակութեան համար։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ նպատակն է որ երկիրը մարդկութեան յաւերժական բնակարանը ըլլայ։ «Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։—Սաղմոս 104։5. 119։90
Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը նաեւ կը բացայայտուի մարդկային առաջին զոյգին տուած իր յանձնարարութեամբ։ Եհովա Ադամի ու Եւայի ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Աստուծոյ կողմէ Ադամի ու Եւայի յանձնուած երկիրը, յաւիտենական բնակարան պիտի ըլլար իրենց եւ իրենց զարմին։ Դարեր ետք, սաղմոսերգուն նշեց. «Երկինքը Տէրո՛ջ երկինքն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»։—Սաղմոս 115։16, ԱՎ
Այս սքանչելի հեռանկարը իրականանալու համար, Ադամ ու Եւա, ինչպէս նաեւ անոնց զարմը, պէտք էր ընդունէին Եհովա Աստուած՝ Ստեղծիչն ու Կենսատուն՝ որպէս իրենց Գերիշխանը եւ անոր հնազանդելու Ծննդոց 2։16, 17) Ադամ ու Եւա այդ պարզ ու յստակ հրամանին պէտք էր հնազանդէին, որպէսզի կարենային շարունակել Եդեմի պարտէզին մէջ ապրիլ։ Ասիկա ընելով, անոնք իրենց երախտապարտութիւնը պիտի ցուցաբերէին՝ երկնաւոր Հօր իրենց ի նպաստ ըրած բոլոր բաներուն համար։
յօժար ըլլային։ Եհովա այս կէտը յստակօրէն նշեց, երբ մարդուն սա հրամանը տուաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Երբ Ադամ ու Եւա կամովին Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, իրականութեան մէջ, իրենց ունեցած բոլոր բաները հայթայթողը մերժեցին։ (Ծննդոց 3։6) Ուստի անոնք իրենց գեղեցիկ դրախտային տունը կորսնցուցին, ո՛չ միայն իրենց համար, այլեւ՝ իրենց զարմին համար։ (Հռովմայեցիս 5։12) Առաջին զոյգին անհնազանդութիւնը, երկիրը ստեղծելու նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը խափանե՞ց։
Աստուած Չի Փոխուիր
Իր Մաղաքիա մարգարէին միջոցով, Աստուած յայտարարեց. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր»։ (Մաղաքեայ 3։6) Այս համարը մեկնաբանելով, Աստուածաշունչի Ֆրանսացի ուսումնական Լ. Ֆիեոն նշեց թէ այս խօսքը սերտօրէն առնչուած է աստուածային խոստումներուն կատարման հետ։ Ֆիեոն գրեց. «Եհովա կրնար իր ըմբոստ ժողովուրդը բնաջնջել, բայց իր խոստումներուն վերաբերեալ անփոփոխելի ըլլալով, ի՛նչ պարագայ ալ ըլլայ՝ իր ըրած խոստումները պիտի յարգէ»։ Աստուծոյ խոստումները, ըլլան անհատի մը, ազգի մը կամ բոլոր մարդկութեան, պիտի չմոռցուին, այլ՝ իր որոշած ժամանակին պիտի կատարուին։ «Ան յաւիտեան կը յիշէ իր ուխտը, իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար սերունդ»։—Սաղմոս 105։8, ԱՎ
Վստահ ենք որ Եհովա երկրի նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը չէ փոխած, քանի որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, կրկին անգամ յիշուած է երկիրը հնազանդ մարդկութեան տալու աստուածային նպատակը։ (Սաղմոս 25։13. 37։9, 22, 29, 34) Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւնները Եհովայի օրհնածները կը նկարագրեն որպէս ապահովութեամբ բնակողներ, իւրաքանչիւրը նստած «իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ», առանց «վախցնող» մը ըլլալու։ (Միքիայ 4։4. Եզեկիէլ 34։28) Եհովայի կողմէ ընտրուածները «տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն»։ Անոնք նոյնիսկ դաշտի գազաններուն հետ խաղաղութիւն պիտի վայելեն։—Եսայեայ 11։6-9. 65։21, 25
Աստուածաշունչը ուրիշ կերպով ալ Աստուծոյ խոստումին կ’ակնարկէ։ Սողոմոն թագաւորին իշխանութեան ընթացքին, Իսրայէլ ազգը խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն վայելեց։ «Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր»։ (Գ. Թագաւորաց 4։25) Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս «Սողոմոնէն մեծ» է, իսկ անոր իշխանութեան մասին խօսելով, սաղմոսերգուն մարգարէաբար յայտարարեց. «Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ»։ Այդ ժամանակ, «ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ»։—Ղուկաս 11։31. Սաղմոս 72։7, 16
Իր խօսքին տէրը ըլլալով, Եհովա Աստուած հոգ պիտի տանի որ խոստացուած ժառանգութիւնը ո՛չ միայն մատչելի ըլլայ, այլեւ՝ վերստին ստանայ իր լման շքեղութիւնը։ Յայտնութիւն 21։4–ի մէջ, Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ խոստացուած նոր աշխարհին մէջ, Աստուած մարդոց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Խոստացուածը իսկական դրախտ մըն է։—Ղուկաս 23։43
Խոստացուած Ժառանգը Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել
Երկիրը դրախտի վերածելը տեղի պիտի ունենայ երկինքէն իշխող կառավարութեան մը միջոցով,– Թագաւորութիւն՝ որուն թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է։ (Մատթէոս 6։9, 10) Նախ, այս Թագաւորութիւնը ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ (Յայտնութիւն 11։18. Դանիէլ 2։44) Ապա, «Խաղաղութեան Իշխանը»՝ Յիսուս Քրիստոս սա մարգարէական խօսքը պիտի կատարէ. «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։ (Եսայեայ 9։6, 7) Այս Թագաւորութեան ներքեւ, միլիոնաւոր մարդիկ, ի ներառեալ յարութիւն առնողները, երկիրը ժառանգելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։—Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15
Մատթէոս 5։5) Ի՞նչ կը նշանակէ հեզ ըլլալ։ Բառարանները ընդհանրապէս «հեզ» բառը կը սահմանեն որպէս մեղմ, քաղցր, հլու, հանդարտ եւ խոնարհամիտ։ Բայց գործածուած Յունարէն բառը աւելի խոր իմաստ ունի։ Ուիլիըմ Պարգլէի New Testament Wordbook կը նշէ թէ այս բառին մէջ «մեղմութիւն» կայ, «սակայն մեղմութեան ետին պողպատի զօրութիւնը կայ»։ Անիկա մտավիճակ մը ցոյց կու տայ, որ կարող կը դարձնէ անհատը վնասուածքի տոկալու, առանց ընդվզելու կամ փոխվրէժի մասին խորհելու, քանի որ Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունի, եւ այս յարաբերութիւնը իրեն համար զօրութեան աղբիւր է։—Եսայեայ 12։2. Փիլիպպեցիս 4։13
Որո՞նք այդ հոյակապ ժառանգութիւնը պիտի վայելեն։ Նկատի առ Յիսուսի խօսքը. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Հեզ անհատը խոնարհաբար Աստուծոյ չափանիշները կ’ընդունի իր կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ. ան երբեք չի պնդեր որ իր տեսակէտներուն կամ ուրիշներու կարծիքներուն համաձայն վարուի։ Ան նաեւ ուսուցանուելու ընդունակ է եւ կ’ուզէ Եհովայէ սորվիլ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «[Եհովա] իրաւունքի մէջ ընթանալ պիտի տայ հեզերուն. իր ճամբան պիտի սորվեցնէ հեզերուն»։—Սաղմոս 25։9, ԱՎ. Առակաց 3։5, 6
Այն «հեզեր»էն մէկը պիտի ըլլա՞ս, որոնք երկիրը պիտի ժառանգեն։ Երբ Եհովայի Խօսքը փութաջանօրէն ուսումնասիրելով Զինք ճանչնաս ու իր կամքը գիտնաս, եւ սորվածդ գործադրես, դուն ալ կրնաս ակնկալել երկրային դրախտը ժառանգել ու անոր մէջ յաւիտեան ապրիլ։—Յովհաննու 17։3
[Նկար՝ էջ 5]
Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը կը բացայայտուի՝ Ադամի ու Եւայի տուած իր յանձնարարութեամբ
[Նկար՝ էջ 6]
Սողոմոնի իշխանութեան ներքեւ եղած խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, խոստացուած ժառանգութեան նախանմոյշն էր
[Նկարներուն աղբիւրները]
Sheep and background hill։ Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.; Arabian oryx։ Hai-Bar, Yotvata, Israel; farmer plowing։ Garo Nalbandian
[Նկար՝ էջ 7]
Մօտալուտ արդար նոր աշխարհին մէջ պիտի ըլլա՞ս